«Հայկական Հարց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ ջնջված պատկեր
No edit summary
Տող 1. Տող 1.
{{ձուլել|Հայկական Հարց}}
{{Արեւելահայերեն|Հայկական հարց}}
{{Արեւելահայերեն|Հայկական հարց}}
{{ԱՀ}}
{{ԱՀ}}

14:42, 8 Նոյեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:Արեւելահայերեն Կաղապար:ԱՀ Հայկական հարցը, Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման, հայ ժողովուրդի ինքնորոշման եւ սեփական պետականութեան վերականգնումի, հայ ժողովուրդի համախմբումի եւ այդ նպատակներուն հասնելու համար հայ ժողովուրդի մղած ազգային-ազատագրական պայքարի անուանումը դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ: Ասպարէզ եկած է որպէս Արեւելեան հարցի բաղկացուցիչ մաս 1877-78-ի ռուս-թրքական պատերազմէն յետոյ:

Եզրոյթի ի յայտ գալը

Պեռլինի վեհաժողով

Հայկական վիլայէթները
Պեռլինի վեհաժողովը

Հայկական հարցը Արեւելեան հարցին կʼառնչուի Օսմանեան կայսրութեան հետ Ռուսական կայսրութեան փոխ- յարաբերութիւններու միջոցով: Արեւելեան եւ Հայկական հարցերը XIX դարուն ընթացքին եւ XX դարու առաջին տասնամեակներուն կը գտնուէին միջազգային քաղաքականութեան կիզակէտին վրայ: 1877-78-ի ռուս-թրքական պատերազմը ոտքի հանեց հայ ժողովուրդը, որ մեծ յոյսեր կապած էր ռուսական զէնքի յաղթանակին հետ, եւ որ տրամաբանականօրէն կը համընկնէր թրքական լուծէն հայ ժողովուրդի ազատագրութեան կենսական շահերուն: Պատերազմը աւարտեցաւ Ռուսիոյ յաղթանակով: 1878փետրուարի 19-ին Սան–Սթեֆանօ բնակավայրին մէջ կնքուեցաւ հաշտութեան նախնական պայմանագիր, որուն 16-րդ յօդուածով Օսմանեան կայսրութիւնը կը պարտաւորուէր բարեփոխումներ կատարելու հայաբնակ վայրերուն մէջ: 16-րդ յօդուածի առաւելութիւնը այն էր, որ Ռուսիաը կը ներկայանար իբրեւ հայ ժողովուրդի պաշտօնական հովանաւոր, իսկ Արեւմտեան Հայաստանի զգալի մասին միացումը Ռուսիոյ հայերուն ազգային համախմբութեան, տնտեսական եւ մշակութային զարգացման հնարաւորութիւն կու տար: Սակայն պայմանագիրը կնքուեցաւ միջազգային լարուած պայմաններու մէջ, եւ Ռուսիոյ հակադրուեցաւ անգլօ-աւստրիական ուժեղ դաշինքը: Մեծ Բրիտանիա չէր ուզեր Ռուսերուն յառաջխաղացքը, մանաւանդ անոնց միջերկրական «տաք ջուրեր» հասնիլը: 4 Յունիս 1878ին, գաղտնօրէն ստորագրուեցաւ Կիպրոսի դաշնագիրը Մեծ Բրիտանիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, եւ Կիպրոսը յանձնուեցաւ Մեծ Բրիտանիոյ: Փոխարէնը, Մեծ Բրիտանիան եւ Աւստրօ-Հունգարիան նախաձեռնեցին հրաւիրել միջազգային նոր համաժողով մը, որուն նպատակն էր խոչընդոտել Ռուսիոյ օգտուելու իր յաղթանակի պտուղներէն: Պեռլինի Վեհաժողովը (1878) հրաւիրելու նախօրեակին Մկրտիչ Խրիմեանի (Խրիմեան Հայրիկ) գլխաւորութեամբ Եւրոպա ուղարկուեցաւ հայ ազգային պատուիրակութիւնը՝ եւրոպական պետութիւններու կառավարութիւններու աջակցութիւնը հայցելու վեհաժողովի ի օգուտ հայերու որոշումներ ընդունելուն:

Չստանալով իրական երաշխիքներ՝ հայ ազգային պատուիրակութիւնը, այնուամենայնիւ մեկնեցաւ Պեռլին, սակայն անոր չթոյլատրուեցաւ նոյնիսկ մասնակցիլ վեհաժողովի նիստերուն: Պեռլինի վեհաժողովին, Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրի վերանայման հետեւանքով, արեւմտա-եւրոպական դիւանագիտութեան յաջողուեցաւ Ռուսիան զրկել հայկական գործերը տնօրինելու մենաշնորհէն: Սան Սթեֆանոյի եւ Պեռլինի պայմանագիրերու համապատասխանաբար 16-րդ եւ 61-րդ յօդուածներով սկզբնաւորուեցաւ Հայկական հարցի դիւանագիտական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ հասարա-քաղաքական կեանքին մէջ եւրոպական դիւանագիտութեան օգնութեամբ թրքական լուծը թօթափելու, հայերու անկախութիւնը եւ ինքնավարութիւնը ձեռք բերելու մտայնութիւնը եւ գործելակերպը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ անկէ ետք:

Պատմութիւն

Կոտորածներու առաջին փուլը

Սպաննուած հայերը Համիտեան կոտորածներու ընթացքին Էրզրում քաղաքին մէջ

Հայկական հարցի ստեղծումի եւ հայ ազատագրական պայքարի վերելքի շրջանին (XIX դարու վերջին քառորդ) աւելի խստացան սուլթանական կառավարութեան ճնշումները եւ հալածանքները, սկսան հայերու զանգուածային ջարդեր (Համիտեան կոտորածներ), որոնց զոհ գացին աւելի քան 300 հզ. [[հայ]եր]: Եւրոպական տէրութիւնները, որոնց համար Հայկական հարցը սոսկ միջոց մըն էր միջամտելու Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործերուն, փորձեցին ճնշում գործադրել անոր վրայ՝ նոր զիջումներ եւ շահոյթներ կորզելու համար: Սակայն հայկական ջարդերը մեծ արձագանգ գտան Եւրոպայի մէջ, եւրոպացի մարդասէր հասարակայնութիւնը կը պահանջէր բաւարարել հայերուն պահանջքները բարենորոգումներ անցընել Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: 1895մայիս 11-ին Անգլիոյ, ֆրանսիաի եւ Ռուսիոյ՝ Կոստանդնուպոլիսի դեսպանները մշակեցին եւ թրքական կառավարութեան ներկայացուցին հայկական նահանգներուն մէջ (Վանի, Էրզրումի, Պիթլիսի, Տիարպեքիրի, Սվասի, Խարբերդի վիլայէթները) բարենորոգումներ անցընելու ծրագիր մը: Սուլթանական կառավարութիւնը երկար ձգձգումներէն յետոյ ընդունեց մայիսեան բարենորոգումներու ծրագիրը, բայց այս անգամ եւս, օգտվելով մեծ տէրութիւններու միջեւ եղած հակասութիւններէն, չիրագործեց: Դեռ աւելին, կատաղի յարձակում սկսաւ հայերու դէմ՝ կազմակերպելով նոր զանգուածային ջարդեր Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերուն մէջ:

Երիտթուրքական յեղաշրջում

Հայ զոհերուն դիակները Ատանայի կոտորածի ժամանակ

1908-ի երիտթրքական յեղաշրջումով Հայկական հարցը թեւակոխեց զարգացման նոր փուլ: Հայ հասարա-քաղաքական որոշ գործիչներ Հայկական հարցի լուծումը կապեցին թուրք պետականութեան բարենորոգման հետ: Սակայն հայերուն վիճակը չբարելավուեցաւ, իսկ 1909ապրիլին երիտթուրքերն իրագործեցին Ատանայի կոտորածը, որուն զոհ գացին աւելի քան 30 հզ. հայեր:

1912-14-ին, երբ պալկանեան ժողովուրդներու ազգային-ազատագրական պայքարի հետեւանքով նոր հարուած մը հասցուեցաւ թուրք բռնատիրութեանը, Հայկական հարցը վերստին դարձաւ մեծ տէրութիւններու եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ բանակցութիւնների առարկայ: Արեւմտեան Հայաստանին մէջ բարենորոգումներ անցընելու հարցին շուրջ սկսաւ բարդ պայքար մը, որը շարունակուեցաւ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի (1914-1918) սկիզբը:

Առաջին համաշխարհային պատերազմ

Ներկայիս թյուրքալեզու տարածքներու քարտեզ

Պատերազմի մէջ մտնելով Գերմանիայի կողմը՝ Օսմանեան կայսրութեան կառավարող շրջանները յոյս ունէին իրականացնել Կովկասիէն Ռուսիան հեռացնելու, Մերձաւոր Արեւելքի, Կովկասի, Ռուսիոյ, Միջին Ասիոյ մուսուլմանները միաւորելով «մեծ Թուրան» ստեղծելու վաղեմի գաղափարը: Այդ նպատակին հասնելու ճանապարհին խոչընդոտ կը հանդիսանար ոչ միայն Ռուսիան, այլեւ հայ ժողովուրդը: Երիտթրքական կառավարութիւնը կը գտնուէր, որ ամէնէի առաջ պէտք է ոչնչացնել Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութեանը, որուն ռուսական կողմնորոշումը հանրայայտ էր:

Մեծ Եղեռն

Հայերու բռնի տեղահանումը դէպի Մեզիրէի բանտը թուրք զինուորներու կողմէն. Խարբերդ, Արեւմտեան Հայաստան, Օսմանեան կայսրութիւն, Ապրիլ, 1915:

Երիտթուրքերը, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միւս մասերուն ապրող հայերը ոչնչացնելու եւ այդ ձեւով Հայկական հարցը լուծելու նպատակով եւ օգտուելով պատերազմի ընձեռած հնարաւորութենէն, մերձ ճակատային շրջաններէն հայերը տեղահանելու անուան տակ կազմակերպեցին եւ իրականացուցին աւելի քան 1, 5 միլիոն հայերու տեղահանութիւնը եւ կոտորածը (Հայոց Ցեղասպանութիւն): Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիան զրկուեցան բնիկ՝ հայ բնակչութենէն:

Արեւմտեան Հայաստանի գրաւումը

Ռուսերու կողմէն գրաւուած տարածքները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ

Կովկասեան ճակատին յաջող գործողութիւններու շնորհիւ ռուսական զօրքերը հայկական կամաւորական ջոկատներուն հետ մինչեւ 1916-ը գրաւեցին Արեւմտեան Հայաստանի զգալի մասը: Գրաւուած տարածքներուն 1916-ի յունիսին Ռուսական կայսրութիւնը ստեղծեց «Պատերազմի իրաւունքով Թուրքիայէ գրաւած մարզերու զինուորական ժեներալ-նահանգապետութիւն մը»: Եթէ պատերազմի նախօրէին եւ սկզբնական շրջանին ցարիզմը կը ներկայանար իբրեւ Օսմանեան կայսրութիւնի մէջ ապրող քրիստոնեաներու, մասնաւորապէս՝ հայերու պաշտպան, կամաւորական ջոկատներ կը ստեղծէր, ապա այժմ կը ձգտէր Հայկական հարցը հանել ռուսական դիւանագիտութեան գործունեութեան ոլորտէն եւ զերոյի հաւասարցնել հայերու քաղաքական նշանակութիւնը: Պատերազմի իրաւունքով գրաւուած հայկական նահանգները պէտք է վերածուէին Ռուսիոյ սովորական ծայրամասային նահանգներու՝ գործնականին մէջ զրկուած բնիկ՝ հայ բնակչութենէն:

Ցարական իշխանութեան անկումը

Ռուսիոյ մէջ 1917Փետրուարեան յեղափոխութիւնէն յետոյ ստեղծուած Ժամանակաւոր կառավարութիւնը 1917ապրիլի 25-ի որոշումով իր իրաւասութեան տակ առաւ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած մասերուն կառավարումը: Տեղահանուած եւ աքսորուած հայերուն թոյլ տրուեցաւ վերադառնալ հայրենի տուները: 1917-ի մայիսէն ռուս-թրքական ճակատին վրայ ստեղծուեցաւ ոչ պաշտօնական զինադադարի իրադրութիւն: Ճակատին գտնուող ռուս զինուորներու համակած էր ճակատը լքելու եւ տուն վերադառնալու ձգտումը: Այդ տրամադրութիւնները առաւել զգալի դարձան 1917հոկտեմբերեան յեղաշրջումէն յետոյ: Կովկասեան ճակատը կը մերկանար, եւ բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծուէին թրքական արշաւանքին համար:

Մայիսեան հերոսամարտեր եւ Հայաստանի անկախացումը

Ռուսիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ անցած խորհրդային կառավարութիւնը 1917դեկտեմբերի 29-ին ընդունեց Դեկրետ «Թուրքահայաստանի մասին» փաստաթուղթը, որ կը ճանչնար հայ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, շատոնց կորսնցուցած պետականութեան վերականգնումը: Խորհրդային կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէր, որ կը պաշտպանէ «Արեւմտեան Հայաստանի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախութիւն»: Սակայն դեկրետը չիրագործուեցաւ. կնքելով Գերմանիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն հետ անջատ հաշտութեան պայմանագիր մը, Խորհրդային Ռուսիոյ կառավարութիւնը փաստօրէն հրաժարուեցաւ այդ դեկրետէն: Խախտելով 1917դեկտեմբերի 18-ին Երզնկայի մէջ կնքուած ռուս-թրքական զինադադարը՝ 1918-ի փետրուարին թրքական զօրքերը յարձակումի անցան ամբողջ ճակատով եւ դարձեալ նուաճեցին Արեւմտեան Հայաստանը: Իր նպատակներուն ծառայեցնելով Պրեստի հաշտութեան (1918) ընձեռած հնարաւորութիւնները՝ թրքական կառավարութիւնը շարունակեց ճնշում գործադրել Անդրկովկասի վրայ՝ պահանջելով անոր անջատուիլը Ռուսիայէ՝ յետագայ խնդիր ունենալով Անդրկովկասը բաժնել մասերու եւ հոն հաստատել իր գերիշխանութիւնը: 1918-ին վերսկսելով յարձակումը, մայիսի կիսուն թրքական զօրքերը գրաւեցին Ալեքսանդրապոլը՝ ստեղծելով Երեւանը գրաւելու իրական վտանգ մը: Հայ ժողովուրդը յայտնուեցաւ օրհասական վիճակի մէջ: Սակայն Սարդարապատի ճակատամարտին, Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին եւ Պաշ Ապարանի ճակատամարտին հայկական զօրքերը եւ աշխարհազօրը կեցուցին թշնամին եւ վերացուցին հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բնաջնջումին վտանգը: Միաժամանակ վերսկսուեցան բանակցութիւնները Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասեան սէյմի միջեւ: 1918մայիսի 26-ին հռչակուեցաւ Վրաստանի Հանրապետութեան, 27-ին՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան (Անդրկովկասի արեւելքը), մայիսի 28-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը: Իր ստեղծումի պահուն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը կը կազմէր 9 հզ. կմ2-էն փոքր ինչ աւելի, բնակչութիւնը 326 հզ.: Թուրքիոյ, բացի բուն Արեւմտեան Հայաստանէն, անցան նաեւ Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն, Շարուրը, Նախիջեւանի գաւառը, Ալեքսանդրապոլի եւ Էջմիածինի գաւառներուն զգալի մասը: Պատերազմին Թուրքիոյ պարտութենէն եւ Մուդրոսի զինադադարի (1918) կնքումէն յետոյ թրքական զօրքերը հեռացան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Կարսի մարզի տարածքէն, վերականգնուեցաւ 1914-ի սահմանը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը կազմեց 56 հզ. կմ2:

Սեւրի պայմանագիր

     Ըստ Սեւրի պայմանագրի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անցնող տարածքը      Ըստ Կարսի պայամանգրի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կորսնցուցած տարածքները      Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ սահմանները]] 1919-20-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը մեծ ջանքեր գործադրեց արեւմտեան տէրութիւններու աջակցությամբ Հայկական հարցը լուծելու համար, մէկ միասնական, անկախ պետութեան մէջ միաւորելու համար Հայաստանի արեւելեան եւ արեւմտեան մասերը: Հայկական հարցը քննարկուեցաւ Փարիզի հաշտութեան վեհաժողովի ժամանակ (1919-20), ուր որոշում ընդունուեցաւ ԱՄՆ-ին տրամադրել Հայաստանի մանդատը: Այդ որոշումը հաստատեց Ազգերի լիգան: Սակայն ԱՄՆ-ի Սենատը մերժեց նախագահ Վուտրօ Ուիլսոնի առաջարկը Հայաստանի մանդատը վերցնելու վերաբերեալ: 1920օգոստոսի 10-ին Անտանտը հաշտութիւն կնքեց պարտուած Թուրքիոյ հետ (Սեւրի հաշտութեան պայմանագիր), համաձայն որուն, Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութիւնը կը ճանչնար Հայաստանը իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն: ԱՄՆ-ի նախագահին կը յանձնարարուէր որոշել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը՝ Հայաստանի համար ելքով դէպի Սեւ ծով:

Հայաստանը՝ միայնակ

Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ անցած ազգայնամոլ կառավարութիւնը՝ Մուստաֆա Քեմալի գլխաւորութեամբ, չընդունեց Սեւրի պայմանագիրը: Խորհրդային կառավարութիւնը, ձգտելով Թուրքիոյ մէջ սկսած ազգայնամոլ շարժումը ուղղել Անտանտի դէմ, փորձեց իր միջնորդութեամբ կայունացնել վիճակը տարածաշրջանին մէջ: Սակայն խորհրդա-հայկական եւ խորհրդա-թրքական բանակցութիւնները բազմիցս ընդհատուեցան եւ ձգձգուեցան: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ժամանակ կը շահէր մինչեւ Սեւրի հաշտութեան կնքումը, իսկ թրքական կողմը չէր ուզեր հրաժարիլ արեւմտահայկական հողերէն: 1920-ի ամրանը Խորհրդային Ռուսիան Թուրքիոյ տրամադրեց ռազմական եւ դրամական զգալի օգնութիւն, որը ան օգտագործեց արեւմուտքի մէջ՝ Յունաստանի, արեւելքը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: 1920-ի սեպտեմբերին թրքական բանակը անցաւ յարձակումի: Անքարայի կառավարութիւնը, նորանոր հողեր զաւթելով, հայ ժողովուրդի արեւելեան հատուածը կոտորելով, կը ձգտէր զրկել հայերը սեփական պետութիւն վերստեղծելու հնարաւորութենէն: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կʼենթադրէր, որ Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան, ԱՄՆ-ը եւ Իտալիան, իրականացնելով Սեւրի հաշտութեան պայմանները, անմիջապէս հանդէս կու գան յօգուտ հայերու եւ հակահարուած կու տան Թուրքիոյ: Հայկական կառավարութիւնը դիմեց Ազգերու լիկաի՝ խնդրելով միջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ՝ համաձայն Սեւրի պայմանագիրին: Սակայն դիմումները արդիւնք չտուին: Թրքական զօրքերը շարունակեցին յարձակումը: Թուրքիոյ անհաշտ եւ ռազմատենչ դիրքորոշումը Հայաստանի նկատմամբ պայմանաւորուած էր ստեղծուած միջազգային բարենպաստ իրադրութեամբ, որմէ յաջողութեամբ օգտուեցաւ քեմալական կառավարութիւնը, ինչպէս եւ Անտանտի ու Խորհրդային Ռուսիոյ միջեւ ռազմական առճակատումով:

Կարսի եւ Մոսկուայի պայմանագրերը

Յեղափոխական քարոզչութեամբ բարոյալքուած, դրացիներու ոտնձգութիւններու դէմ անընդհատ պատերազմելու հետեւանքով տկարացած հայկական բանակը պարտուեցաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 1920դեկտեմբեր 2-ին ստորագրեց Ալեքսանտրափոլի պայմանագիրը, որով հանրապետութեան կը մնային միայն Երեւանի եւ Սեւանի շրջակայ տարածքները, հայկական կառավարութիւնը կը հրաժարէր Սեւրի պայմանագրէն, Թուրքիան իր հսկողութիւնը կը սահմանէր հաղորդակցութեան ճանապարհներու վրայ եւ այլն: Նոյն օրը, Խորհրդային Ռուսիոյ ճնշումով, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրաժարեցաւ իշխանութենէն: 1921մարտի 16-ին Մոսկուաի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուեցաւ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան մասին պայմանագիր, որ թալանչիական էր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Այդ պայմանագիրին համաձայն որոշուած էր Խորհրդային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը: Թուրքիոյ կʼանցնէին ոչ միայն ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը՝ Կարսի մարզին հետ, այլեւ Սուրմալուի գաւառը: Պայմանագրին մէջ մտաւ յատուկ յօդուած մը, որուն համաձայն Նախիջեւանի մարզին մէջ կը կազմուէր «ինքնավար տարածք մը՝ Ատրպէյճանի հովանաւորութեան ներքոյ, պայմանով, որ Ատրպէյճան սոյն հովանաւորութիւնը չի զիջեր երրորդ պետութեան մը»: Մոսկուայի պայմանագիրը խորապէս կը հակասէր հայ ժողովուրդի շահերուն: 1921հոկտեմբերի 13-ին Կարսի Ռուսիոյ Խորհրդային Ֆետերաթիւ Սոցիալիստական Հանրապետութեան մասնակցությամբ կնքուեցաւ պայմանագիր մէկ կողմէն Խորհրդային Հայաստանի, Խորհրդային Վրաստանի, Խորհրդային Ատրպէյճանի, միւս կողմէն՝ Թուրքիոյ միջեւ, որ աննշան տարբերութեամբ կը կրկնէր Մոսկուայի պայմանագիրը եւ ձեռնտու էր բոլորին, բացի Խորհրդային Հայաստանէն:

Լոզանի վեհաժողով

Անգլիոյ, Ֆրանսաի, ԱՄՆ-ի կառավարութիւնները կը փորձէին Հայկական հարցը ծառայեցնել իրենց ծրագրերուն եւ երբէք լրջօրեն չմտահոգուեցան հայ ժողովուրդին ճակատագիրով: 1920-ի նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն Լոնտոնի վեհաժողովին, իսկ 1921-ի յունուարին Փարիզի մէջ Անտանտի գլխաւոր նիստին Ֆրանսան հանդէս եկաւ Սեւրի պայմանագիրը վերանայելու պահանջքով: Մինչեւ Լոզանի վեհաժողովը (1922-23) Ֆրանսան, Մեծ Բրիտանիան եւ Իտալիան նահանջած էին Սեւրի հաշտութեան դրոյթները պաշտպանելու եւ Հայկական հարցը լուծելու դիրքերէն: 1921-ի Լոնտոնի վեհաժողովի որոշումներուն մէջ «Հայկական անկախ պետութիւն» արտայայտութիւնը փոխարինուեցաւ Թուրքիոյ տարածքի «Հայկական ազգային օճախ» ստեղծելու մասին վերացական ձեւակերպումով մը, ինչը Լոզանի վեհաժողովին ջնջուեցաւ այդ նոյն դիւանագէտներուն ձեռքով: Ազգերու լիկան նոյնպէս անկարող եղաւ կերպով մը թեթեւցնելու ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ տեղահանուած ժողովուրդին վիճակը:

Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

Հայկական հարցի անկապտելի մասը կը կազմէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: 1918-20-ին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մուսաւաթական կառավարութիւնը բազմիցս փորձեց զաւթել Լեռնային Ղարաբաղը, Նախիջեւանը եւ Զանգեզուրը: Սակայն Հայաստանի այդ շրջաններու բնակչութիւնը զէնքով պաշտպանեց իր հողը եւ իրաւունքները այդ ոտնձգութիւններէն: 1921յուլիսի 5-ին ՌԿ (բ) կ Կովկասեան բիւրոյի նիստին որոշուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղը տալ Ատրպէյճանին: Այդ ոչ սահմանադրական, կուսակցական, այսինքն՝ անիրաւական որոշումով բուն հայկական հողերը՝ հայ բնակչութեան հետ միասին, արհեստականօրէն զատուեցան Հայաստանէն, իսկ 1923-ի սահմանազատումի հետեւանքով մարզը զրկուեցաւ Խորհրդային Հայաստանին հետ ընդհանուր սահման ունենալէ եւ անջատուեցաւ «ատրպէյճանական» տարածքի բարակ շերտով մը:

Յետ պատերազմեան շրջան

Փոթստամի վեհաժողովին. ձախէն աջ՝ Մեծ Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի առաջնորդները:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի (1939-1945) աւարտին նկատելիօրէն զօրացաւ սփիւռքահայերու շարժումը՝ Թուրքիոյ անցած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը Խորհրդային Հայաստանին միացնելու համար: Սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները եւ գործիչները այդ պահանջով դիմեցին յաղթող տէրութիւններու ղեկավարներուն, ՄԱԿՍան Ֆրանցիսքօի վեհաժողովին (1945-ի ապրիլ), երեք դաշնակից տէրութիւններու ղեկավարներու Պեռլինի վեհաժողովին (1945-ի օգոստոս), արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի Լոնտոնի նստաշրջանին (1945-ի սեպտեմբեր), երեք տէրութիւններու արտաքին գործերու նախարարներու Մոսկուայի խորհրդակցութեանը (1945-ի դեկտեմբեր), ՄԱԿԳլխաւոր ասամպլէաի Լոնտոնի 1-ին նստաշրջանին (1946-ի յունվար) եւ այլն: 1945նոյեմբեր 29-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Զ դիմեց ԽՍՀՄ-ի, ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ ղեկավարներուն՝ պահանջելով Խորհրդային Հայաստանին միացնել Արեւմտեան Հայաստանը: 1945-ի մարտին խորհրդային կառավարութիւնը, ելլելով երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ ստեղծուած միջազգային նոր իրադրութենէն, յայտարարեց 1925-ի խորհրդա-թրքական պայմանագիրը չեղեալ յայտարարելու իր մտադրութեան մասին: 1945-ի յունիսին Մոսկվաի մէջ տեղի ունեցան խորհրդա-թրքական բանակցութիւններ՝ ԽՍՀՄ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու շուրջ, որ պայմանաւորուած էր խորհրդային կառավարութեան կողմէն իբրեւ ժամանակի ոգիին չհամապատասխանող եւ արմատական բարելաւումի կարիք ունեցող 1925-ի պայմանագիրը չեղեալ յայտարարելու հետ: Թրքական կողմը առաջարկեց կնքել դաշնակցային պայմանագիր: Ատոր խորհրդային կողմը պատասխանեց, որ դէմ չէ որոշակի պայմաններով այդպիսի պայմանագիր մը կնքելուն, մասնաւորապէս, եթէ Թուրքիան վերադարձնէ 1921-ին Խորհրդային Հայաստանէն խլուած Կարսը եւ Արտահանը: Սակայն դաշնակցային պայմանագիրը Թուրքիոյ հետ չկնքուեցաւ: Երեք դաշնակից տէրութիւններու (ԽՍՀՄ, ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա) ղեկավարներու 1945-ի Պեռլինի (Փոթստամի) վեհաժողովին, ի թիւս այլ հարցերու, լսուեցաւ նաեւ Հայկական հարցը:

1953մայիս 30-ին խորհրդային կառավարութիւնը, անտեսելով հայ ժողովուրդի ակնկալիքները եւ ձգտումները, Թուրքիոյ կառավարութեան յայտարարեց, որ

Յանուն բարի դրացիական յարաբերութիւններու պահպանումին եւ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդումին Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւնները հնարաւոր գտան հրաժարիլ Թուրքիոյ նկատմամբ ունեցած իրենց տարածքային պահանջներէն...:

Այդպիսով, խորհրդային կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ Խորհրդային Միութիւնը տարածքային ոչ մէկ պահանջք ունի Թուրքիայէ: ԽՍՀՄ-ի նմանօրինակ հակահայկական դիրքը հաստատուած է նաեւ յետագային՝ միջազգային շարք մը փաստաթուղթերու մէջ:

1960-ական թուականներ

Հայկական հարցը լուծելու, համաշխարհային համագործակցութեան կողմէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ տալու համար սփիւռքահայերու պայքարը առաւել գործուն դարձաւ 1960-ական թուականներու կէսէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակի նախօրէին: 1965-ին Մեծ Եղեռնի տարելիցը առաջին անգամ պաշտոնապէս նշուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Վերսկսաւ Հայկական հարցը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնախնդիրի ուսումնասիրութիւնը:

1960-80-ական թուականներ

Հայերու տարածուածութիւնը հայ ժողովուրդի հայրենիք Հայկական լեռնաշխարհի մէջ:

1960-80-ական թուականներուն նկատելիօրէն ուժեղացաւ համաշխարհային հասարակայնութեան հետաքրքրութիւնը Հայկական հարցին նկատմամբ, եւ զայն քննարկուեցաւ միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ, գիտական եւ հասարակական համաժողովներու ընթացքին, վեհաժողովներու ժամանակ եւ գիտաժողովներու ընթացքին: 1960-ական թուականներու վերջէն Հայկական հարցը դարձաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան եւ խտրականութեան կանխումի ենթայանձնաժողովի քննարկումի առարկայ: Հայկական հարցին յատուկ նուիրուեցաւ Փարիզի ժողովուրդներու մշտական ատեանի նիստը 1984-ի ապրիլին, եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համագումարը (ԱՄՆ, 1989-ի մայիս) եւ այլն, որոնց որոշումներուն մէջ նշուեցաւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ Թուրքիոյ իրագործած ցեղասպանութեան վնասներու փոխհատուցման անհրաժեշտութիւնը, սփիւռքահայերու իրենց հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքի ապահովումը: Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման եւ դատապարտման հարցին 1970-80-ական թուականներուն գործուն աջակցութիւն ցոյց տուին շարք մը երկիրներ (Յունաստան, Ֆրանսա, Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ այլն): ԱՄՆ-ի Սենաթին մէջ եւ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ բազմիցս քննարկուեցան Օսմանեան կայսրութիւնի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւեր, որոնք, սակայն, Թուրքիոյ ճնշումով մերժուեցան: Թուրքիան կը վարէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը չճանչնալու եւ մերժելու քաղաքականութիւն: 1983-էն Հայկական հարցը քննարկուած է Եւրոխորհրդարանին մէջ: 1987յունիսի 18-ին Եւրոխորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը «Հայկական հարցի քաղաքական լուծման մասին»: 1988նոյեմբերի 22-ին ՀԽՍՀ ԳԽ ընդունեց, Օրէնք օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու 1915 թուականի ցեղասպանութեան դատապարտումի մասին» փաստաթուղթը:

Հայերու տարածուածութիւնը աշխարհի մէջ

Ներկայիս

Ժամանակակից պայմաններու մէջ Հայկական հարցը կʼընկալուի որպէս ամբողջ աշխարհի հայութեան ձգտումը՝ վերականգնելու պատմական արդարութիւնը, ստեղծելու իրական պայմաններ հայ ազգի համախմբումի, սփիւռքահայերու ազգային ինքնութեան պահպանումի, Պատմական Հայաստանի միաւորման համար:

Յայտնի խօսքեր

Պեռլինի վեհաժողովէն յետոյ, ուր հայ ժողովուրդին յոյսերը չʼարդարացան, Գարեգին Սրուանձտեանը ըսած է.

Հայաստանի մէջ է բուն հայկական խնդիրը, եւ Պեռլինի մէջ կʼորոնենք զայն:


«Քանի դեռ Հայկական հարցը լուծուած չէ, այն շարունակ, ինչպէս դամոկլեան սուր, կը ճոճուի Թուրքիոյ գլխավերեւը, մինչեւ վերջապէս ասիական Թուրքիոյ համար կը դառնայ նոյնը, ինչ Յունական կամ Պուլկարական հարցն եղած է եւրոպական Թուրքիոյ համար»:

Եոհաննէս Լեփսիուս,գերմանացի հոգեւորական եւ հասարակական գործիչ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։

Կաղապար:Մեծ Եղեռն Կաղապար:Ցեղակրոնություն

Կատեգորիա:Հայկական հարց (արւմտ․)