«Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Վիճակագրական Ծառայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (-{{Reflist}} +{{Ծանցանկ}})
No edit summary
Տող 1. Տող 1.
{{Արևելահայերեն|ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայություն}}
{{Արևելահայերեն|ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայություն}}
{{ԱՀ}}
{{ԱՀ}}
[[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի վիճակագրական համակարգը սկսած է գործել [[1921]] թուականին, երբ հիմնուած է Հայաստանի խորհրդային հանրապետութիւնը: Մինչեւ [[1990]] թուական Հայաստանի կեդրոնական վիճակագրութեան վարչութեան վիճակագրական աշխատաքը իրականացած է խորհրդային միութեան կեդրոնական վիճակագրութեան վարչութեան անմիջական ղեկավարութեան տակ, որ կը կրէ լիակատար պատասխանատուութիւն հանրապետութեան մէջ վիճակագրական աշխատանքներու կազմակերպման համար։ [[2000]] թուականին Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ հանրային շահին ուղղուած գործառոյթներ իրականացնող մարմինն է, որ իր խնդիրներու իրականացումը անկախ է Հայաստանի հանրապետութեան պետական եւ տեղեկատուական ինքնակառավարման մարմիններէն։ Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ-ն կ'իրականացնէ պետական վիճակագրական աշխատանքը եւ կը համակարգէ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին մէջ։ Ծառայութիւնը՝ որպէս պետական վիճակագրութիւն իրականացնող մարմին, կ'իրականացնէ սոցիալ-տնտեսական գործընթացներու, բնակչութեան եւ անոր կենսագործունէութեան ոլորտներուն վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներու հաւաքագրման, մշակման, կուտակման, ամփոփման, պահպանման, ինչպէս նաեւ վերլուծութեան, փոխանակման եւ վիճակագրական տեղեկատուութեան տրամադրման (հրապարակման) հետ կապուած աշխատանքներ։<ref name="ՀՀ ԱՎԾ - Պատմական ակնարկ">[http://armstat.am/am/?nid=20 ՀՀ ԱՎԾ - Պատմական ակնարկ]</ref>
[[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի վիճակագրական համակարգը սկսած է գործել [[1921]] թուականին, երբ հիմնուած է Հայաստանի խորհրդային հանրապետութիւնը: Մինչեւ [[1990]] թուական Հայաստանի կեդրոնական վիճակագրութեան վարչութեան վիճակագրական աշխատաքը իրականացած է խորհրդային միութեան կեդրոնական վիճակագրութեան վարչութեան անմիջական ղեկավարութեան տակ, որ կը կրէ լիակատար պատասխանատուութիւն հանրապետութեան մէջ վիճակագրական աշխատանքներու կազմակերպման համար։ [[2000]] թուականին Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ հանրային շահին ուղղուած գործառոյթներ իրականացնող մարմինն է, որ իր խնդիրներու իրականացումը անկախ է Հայաստանի հանրապետութեան պետական եւ տեղեկատուական ինքնակառավարման մարմիններէն։ Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ-ն կ'իրականացնէ պետական վիճակագրական աշխատանքը եւ կը համակարգէ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին մէջ։ Ծառայութիւնը՝ որպէս պետական վիճակագրութիւն իրականացնող մարմին, կ'իրականացնէ սոցիալ-տնտեսական գործընթացներու, բնակչութեան եւ անոր կենսագործունէութեան ոլորտներուն վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներու հաւաքագրման, մշակման, կուտակման, ամփոփման, պահպանման, ինչպէս նաեւ վերլուծութեան, փոխանակման եւ վիճակագրական տեղեկատուութեան տրամադրման (հրապարակման) հետ կապուած աշխատանքներ<ref name="ՀՀ ԱՎԾ - Պատմական ակնարկ">[http://armstat.am/am/?nid=20 ՀՀ ԱՎԾ - Պատմական ակնարկ]</ref>:


==Առաքելութիւնն ու նպատակները==
==Առաքելութիւնն ու նպատակները==

16:01, 12 Նոյեմբեր 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Հայաստանի վիճակագրական համակարգը սկսած է գործել 1921 թուականին, երբ հիմնուած է Հայաստանի խորհրդային հանրապետութիւնը: Մինչեւ 1990 թուական Հայաստանի կեդրոնական վիճակագրութեան վարչութեան վիճակագրական աշխատաքը իրականացած է խորհրդային միութեան կեդրոնական վիճակագրութեան վարչութեան անմիջական ղեկավարութեան տակ, որ կը կրէ լիակատար պատասխանատուութիւն հանրապետութեան մէջ վիճակագրական աշխատանքներու կազմակերպման համար։ 2000 թուականին Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ հանրային շահին ուղղուած գործառոյթներ իրականացնող մարմինն է, որ իր խնդիրներու իրականացումը անկախ է Հայաստանի հանրապետութեան պետական եւ տեղեկատուական ինքնակառավարման մարմիններէն։ Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ-ն կ'իրականացնէ պետական վիճակագրական աշխատանքը եւ կը համակարգէ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին մէջ։ Ծառայութիւնը՝ որպէս պետական վիճակագրութիւն իրականացնող մարմին, կ'իրականացնէ սոցիալ-տնտեսական գործընթացներու, բնակչութեան եւ անոր կենսագործունէութեան ոլորտներուն վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներու հաւաքագրման, մշակման, կուտակման, ամփոփման, պահպանման, ինչպէս նաեւ վերլուծութեան, փոխանակման եւ վիճակագրական տեղեկատուութեան տրամադրման (հրապարակման) հետ կապուած աշխատանքներ[1]:

Առաքելութիւնն ու նպատակները

Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ-ի հիմնական առաքելութիւնն է հաւաքագրել եւ հրապարակել վիճակագրական տուեալներ կառավարութեան եւ հասարակութեան օգտագործման համար։ Կարեւորագոյն նպատակներէն է սպառողներուն շուկայի պահանջարկին համապատասխան վիճակագրական արտադրանքի տրամադրումը։ Ծառայութեան հիմնական խնդիրներն են՝

  • տնտեսական եւ հասարակական գործընթացներու եւ անոնց արդիւնքներուն վերաբերեալ վիճակագրական տեղեկատուութեան համակարգի կազմակերպումը, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, իրաւաբանական անձերուն, հիմնարկներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպես նաեւ հանրութեան սահմանուած կարգով տեղեկատուութեամբ ապահովումը,
  • միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ ընդունուած չափանիշներուն համապատասխան վիճակագրութեան միասնական մեթոտաբանութեան ապահովումը,
  • վիճակագրական աշխատանքներու կազմակերպման համար անհրաժեշտ տեխնիկատնտեսական եւ ընկերային տեղեկատուութեան դասակարգիչներու վարումը,
  • վիճակագրական տեղեկատուութեան աղբիւր հանդիսացող փաստաթուղթերու ձեւերուն մշակման համակարգումը,
  • միջգերատեսչական տեղեկատուական աղբիւրներու համադրելիութեան նպատակով պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, ինչպէս նաեւ պետական վիճակագրական աշխատանքներու ծրագիրին մէջ նշուած կազմակերպութիւններուն՝ վիճակագրական տեղեկատուութեան սեփական հիմքեր ստեղծելու աջակցութիւնը,
  • պետական ամփոփ վիճակագրական տեղեկատուութեան մատչելիութեան ապահովումը,
  • մարդահամարներ։[2]

Կառուցուածք

Հայաստանի հանրապետութեան ԱՎԾ-ն կազմուած է նախագահէն եւ ծառայութեան աշխատակազմէն։ Ծառայութեան աշխատակազմի կառավարման բարձրագոյն մարմինը Հայաստանի հանրապետութեան վիճակագրութեան պետական խորհուրդն է, որ կ'իրականացնէ պետական վիճակագրութեան բնագավառում քաղաքականութեան մշակումը, երկարաժամկէտ միջոցառումներու նախագծումը, կարգաւորումը, կազմակերպումը, պետական վիճակագրական աշխատանքներու ծրագրի իրագործման նկատմամբ վերահսկողութեան իրականացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ պետական վիճակագրական աշխատանքներու ծրագրով նախատեսուած վարչական վիճակագրութեան համակարգումը։ Խորհուրդը՝

  1. կը հաստատէ պետական վիճակագրական աշխատանքներու եռամեայ ծրագիրի նախագիծը,
  2. կը հաստատէ պետական վիճակագրական աշխատանքներու տարեկան ծրագիրը Հայաստանի հանրապետութեան պետական ելեւմտացոյցի հաստատումէն ետք՝ մէկ ամսուայ ժամկէտի ընթացքին,
  3. կը վերահսկէ պետական վիճակագրական աշխատաքներու ծրագիրի կատարումը եւ կը հաստատէ տարեկան ծրագիրի կատարման հաշուետուութիւնը,
  4. կ'ընդունէ վիճակագրութեան բնագաւառի իրաւական օրէնքներ,
  5. կ'իրականացնէ այլ լիազօրութիւններ։

Ծառայութիւնը կը կառավարէ նախագահը։ Նախագահը ունի տեղակալ, որուն պաշտօնը կը նշանակուի խորհուրդին կողմէ՝ ծառայութեան նախագահի նեկայացմամբ։

Ծառայութեան նախագահ[3]

  • Ստեփան Մնացականեան

Նախագահի տեղակալ

  • Լեւոն Միրզոյեան

Նախագահի գլխաւոր խորհրդական

  • Ճուլիեթա Միրզոյեան

Գծային ստորաբաժանումներ

  1. տնային տնտեսութիւններու հետազօտութիւններու բաժին,
  2. ընկերայինն ոլորտի եւ բնապահպանութեան վիճակագրական բաժին,
  3. աշխատանքի վիճակագրութեան բաժին,
  4. մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժին,
  5. գիներու վիճակագրութեան եւ միջազգային համադրումներու բաժին,
  6. վիճակագրական աշխատանքներու մեթոտաբանութեան եւ դասակարգիչներու բաժին,
  7. եկամուտի վիճակագրութեան բաժին,
  8. արդիւնաբերութեան վիճակագրութեան բաժին,
  9. գիւղատնտեսութեան վիճակագրութեան բաժին,
  10. փոխադրութեան վիճակագրութեան բաժին,
  11. շինարարութեան վիճակագրութեան բաժին,
  12. առեւտուրի եւ այլ ծառայութիւններու բաժին,
  13. միջազգային վիճակագրական համագործակցութեան բաժին,
  14. ամփոփ վիճակագրութեան, եւ հրապարակումներու բաժին։[3]

Գործառնութեան ստորաբաժանումներ

  1. իրաւաբանական բաժին,
  2. տպագրակազմարարական եւ պատճենահանման աշխատանքներու բաժին
  3. վիճակագրական հաշուետուութիւններու հաշուառման եւ վերահսկման բաժին,
  4. հաշուապահական հաշուառման բաժին,
  5. ելեւմտացուցային ծրագրաւորման բաժին,
  6. տնտեսական բաժին,
  7. հատուկ բաժին,
  8. ընդհանուր բաժին։[3]

Յղումներ

Արտաքին յղումներ

Ծանօթագրութիւններ