«Գէորգ Կառվարենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անուն ազգանուն = Գէորգ Կառվարենց | բնագիր ԱԱՀ = | պատկեր = |...»:
 
ՉNo edit summary
Տող 28. Տող 28.
| ստորագրութիւն =
| ստորագրութիւն =
}}
}}
== Կենսագրութիւն ==
''' Գէորգ Կառվարենց ''', Արապաճեան (1892-1946).- ծնած է Պոլսոյ մէջ (թուրքիա) եւ նախնական կրթութիւնը ստացած՝ իզմիրի վիենն. Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի ամերիկեան գոլէճին մէջ՝ որուն ընթացքը աւարտած է 1908-ին:
''' Գէորգ Կառվարենց ''', Արապաճեան (1892-1946).- ծնած է Պոլսոյ մէջ (թուրքիա) եւ նախնական կրթութիւնը ստացած՝ իզմիրի վիենն. Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի ամերիկեան գոլէճին մէջ՝ որուն ընթացքը աւարտած է 1908-ին:



19:31, 7 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Գէորգ Կառվարենց , Արապաճեան (1892-1946).- ծնած է Պոլսոյ մէջ (թուրքիա) եւ նախնական կրթութիւնը ստացած՝ իզմիրի վիենն. Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի ամերիկեան գոլէճին մէջ՝ որուն ընթացքը աւարտած է 1908-ին:

Մինչեւ առաջին աշխարհամարտ (1914) ուսուցչական պաշտօն կը վարէ էնկիւրիի հայկական վարժարաններուն, ապա Սկիւտարի Սեմերճեան նախակրթականին մէջ: Պատերազմի տարինեուն կ՛ենթարկուի բանտի եւ աքսորի դառնութիւններուն, ու զինադադարէն ետք մաս կը կազմէ «Ճակատամարտ»ի անգլերէն բաժնի խըմբագրութեան:

Իզմիրի աղէտէն ետք, 1922ին կ՛անցնի Յունաստան, ուր մինչեւ 1943 ուցուցչական պաշտօն կը ստաձնէ զանազան քաղաքներու մէջ:

Երկրորդ աշխարհամարտին անստոյգ օրերուն կ՛նցնի Աւսրիա, ապա Միլանօ (Իտալիա)՝ ուր սրտի կաթուածի հետեւանքով յանկարծամահ եղաւ 1946ի սեպտեմբերին: - Մարմինը ամփոփուած է Ս. Ղազարի գերեզմանատան մէջ: սունեւմէկ տարի

Բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը հրատարակած է 1913ին՝ «Ծովեր» անունին տակ: 1921ին՝ «Գերեզմանի Ծաղիկներ», ու 1931ին՝ «Տաւիղ Եւոլեան» հատորները: Մահէն երեսունեւմէկ տարի ետք, իր զաւկին՝ յայտնի երաժշտագէտ-երգահան Ժորժ Կառվարենցի նախաձնեռնութեամբ հրատարակուեցան (1977) իր անտիպները, «Բանաստեղծութիւն» անունին տակ:

Քերթողական իր էջերը երաժշտակ եւ հնչական բծախնդրութիւններով կը յատկանշուին: Երաժշտական ձիրքերով օժտուած արուեստագէտ մըն էր նաե՛ւ ինք: Ձայնական ներդաշնակութեան շեշտուած փոյթով՝ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կշռոյթին, չափին ու յանգին հաւատարիմ մնացած է աւելի, քան հաղորդակնութեան պահանջներուն եւ իմաստի պայծառութեան:

1930ական թուականներուն՝ Աթենքի մէջ՝ Անտոն Կազէլի, Գաբրիէլ Լազեանի եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանի հետ խմբագրած է «Արեւագալ» գրական պարբերաթերթը: