«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 33. Տող 33.
== Կենսագրութիւն ==
== Կենսագրութիւն ==


Բարսեղ Կանաչեան ծնած է [[1885]]-ին, [[Ռոտոսթօ]]։ Կօշկակարի մը զաւակ է։ Երեք տարեկանին կը մեկնի [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] եւ կը յաճախէ [[Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարան]]ը: 90-ական դէպքերուն կը գաղթէ [[Պուլկարիա]] եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ [[Վառնա]]յի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով [[Մեծիկեան]]ի եւ պարսկահայ ջութակահար՝ [[Նաթան բէկ Ամիրխանեան]]: Վառնայի մէջ կ՚աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւ գրագիր։ ։1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի [[Պուքրէշ]], ուր ան ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար՝ [[Ժորժ Պույուք]] մօտ:Նկատելով կանաչեանի ունակութիւնները, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել: Կ՚երգէ եկեղեցիներուն մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին:
Բարսեղ Կանաչեան ծնած է [[1885]]-ին, [[Ռոտոսթօ]]։ Կօշկակարի մը զաւակ է։ Երեք տարեկանին կը մեկնի [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] եւ կը յաճախէ [[Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարան]]ը: 90-ական դէպքերուն կը գաղթէ [[Պուլկարիա]] եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ [[Վառնա]]յի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով [[Մեծիկեան]]ի եւ պարսկահայ ջութակահար՝ [[Նաթան բէկ Ամիրխանեան]]: Վառնայի մէջ կ՚աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւ գրագիր։ 1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի [[Պուքրէշ]], ուր ան ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար՝ [[Ժորժ Պույուք]] մօտ:Նկատելով կանաչեանի ունակութիւնները, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել: Կ՚երգէ եկեղեցիներուն մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին:
Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու:
Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու:
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք,1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէն ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ'անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը1913-էն [[1915]] :
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէն ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ'անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը1913-էն [[1915]] :


== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==
== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==

15:10, 21 Մարտ 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Բարսեղ Կանաչեան (17 Ապրիլ 1885, Ռոտոսթօ - 21 Մայիս 1945, Պէյրութ), տաղանդաշատ խմբավար, յօրինող եւ երաժշտական-հասարակական գործիչ։

Կենսագրութիւն

Բարսեղ Կանաչեան ծնած է 1885-ին, Ռոտոսթօ։ Կօշկակարի մը զաւակ է։ Երեք տարեկանին կը մեկնի Պոլիս եւ կը յաճախէ Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարանը: 90-ական դէպքերուն կը գաղթէ Պուլկարիա եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ Վառնայի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով Մեծիկեանի եւ պարսկահայ ջութակահար՝ Նաթան բէկ Ամիրխանեան: Վառնայի մէջ կ՚աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւ գրագիր։ 1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի Պուքրէշ, ուր ան ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար՝ Ժորժ Պույուք մօտ:Նկատելով կանաչեանի ունակութիւնները, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել: Կ՚երգէ եկեղեցիներուն մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին: Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէն ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ'անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը1913-էն 1915 :

Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը

Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի Կոմիտաս վարդապետին եւ ներկայ կ՚ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ՚անդամակցի իբր «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ՚ընտրէ իբր սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ՚իջնէ 5-ի։ Ահա ասոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ Ա. Աշխարհամարտին կը զինուորագրուի եւ զինուորական նուագախումբին մէջ կը նուագէ մինչեւ որ կ՚աքսորուի Տիգրանակերտ, ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի Հալէպ, ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ,գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ՚անցնի Կիլիկիա, ուր եւս համերգներ կու տայ,ապա կ՚երթայ Պոլիս։

Կոմիտաս չկայ այլեւս։ Անոր հինգ սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «Կոմիտաս Սանուց Միութիւն»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը:Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով Համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն` «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար:

Կոմիտասի սաները կը ղրկուին Փարիզ իրենց ուսումը կատարելագործելու համար, որոնցմէ էր Կանաչեան, որ 1921-ին կը մեկնի Փարիզ, ուր կը հետեւի երաժշտական բարձրագոյն ուսմանփ հետեւելով Ռընէ Լը Նորմանի դասընթացքներուն։ Կանաչեան Փարիզէն կ՚անցնի Եգիպտոս, ուր համերգներ կու տայ: Հոն կը գրէ «Տալիլօ»ն: Երաժշտական գործունէութիւն ունեցած է նաեւ Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: 1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր 1936-ին կը կազմէ «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ։ Համերգային ելոյթներով կը շրջի Դամասկոս, Թրիփոլի, Զահլէ, Լաթաքիա, Ալեքսանտրէթ, Հալէպ եւայլն: Կանաչեան երկար տարիներ մանկավարժ,երգի ուսուցիչ ու խմբավար եղած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի մէջ։ Ան իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած է հայ երաժշտութեան, տարածելով կոմիտասեան սկզբունքները, իր արժանաւոր տեղը գտնելով երաժշտութեան գանձարանէն ներս:Ստեղծագործած է խմբերգեր ու մեներգեր: Կատարած է նաեւ ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու մշակումներ, յօրինած է մանկական երգեր ու դաշնամուրային գործեր:

Կանաչեանի Գործերը

Գրած է «Վարդերի Հետ» ինչպէս նաեւ մեղեդիներ,ինչպէս նաեւ խմբերգեր եւ նուագախմբային հատուածներ, որոնց թիւը կը հասնի 25-ի: Ունի մանկական երգերու շարք մըն ալ, որոնցմէ 20-ի չափ հրատարակուած են առանձին գրքոյկով: Ան արաբական ժողովրդական երգեր ալ դաշնաւորած է առաջին անգամ ըլլալով: «Աբեղան» օփերան կը համարուի անոր գլխաւոր ստեղծագործութիւններէն մին, Մատթէոս Զարիֆեանի «Խենթը» բանաստեղծութենէն ներշնչուած մեներգը, «Նանօր» վիպական - ողբերգական բնոյթի խմբերգային պատկերը, որ կը նկարագրէ դէպի Ս. Կարապետ ուխտագնացութիւնը: Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Կանաչեան սերտօրէն կապուած է ազգային երգարուեստին: Ան ընդհանրացումներ կատարած է օգտուելով գեղջկական եւ գուսանական երգերու տարբեր յատկանիշներէն ու արտայայտութեան միջոցներէն: Յատկապէս խմբերգերու պարագային օգտագործած է բազմաձայնութեան ոճական ուղղութիւնը:

Պէյրութի Մէջ

1936-ի վերջերը Պէյրութի մէջ Կանաչեանի աշակերտները կը կազմեն «Գուսան» երաժշտական միութիւնը[1], որ կ՚աջակցի Կանաչեանին վարչական գործերուն մէջ։ 1933-46 շրջանին Կանաչեան իր «Գուսան» երգչախումբով ամէն տարի կանոնաւոր կերպով տուած է մէկ կամ երկու մեծ համերգներ Պէյրութի մէջ, մէկ կամ երկու համերգներ Պէյրութի արուարձաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայաշատ կեդրոնները՝ Հալէպ, Պիթիաս, Սօուք Օլուգ, Դամասկոս, Թրիփոլի, Լաթաքիա եւ Զահլէ արժանանալով հայ եւ օտար հասարակութեան գնահատանքին։ Հայ եւ արաբ մամուլը բազմաթիւ սիւնակներ նուիրած է Կանաչեանի արուեստին եւ անոր միջոցաւ հայ ֆոլքլորին։ Կանաչեան նոյն ատեն երաժշտութեան ուսուցիչ եղած է Ս. Նշան Ազգ. վարժարանի եւ Հայ ճեմարանի մէջ։ Ունեցած է բազմաթիւ աշակերտներ՝ ջութակի, դաշնակի եւ հարմոնիի։

1945-ին կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը՝ աչքի ջիղերուն քայքայումին հետեւանքով։ Կը հաստատուի Պաղտատ, ուր կը մեռնի[2]:

Կանաչեանի անունով կը կոչուի Պէյրութի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը։

Ծանօթագրութիւններ

  1. Ամսուան Դէմքը
  2. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 175։

Կատեգորիա:1885 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:17 Ապրիլի ծնածներ Կատեգորիա:Ռոտոսթօ ծնածներ Կատեգորիա:1945 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:21 Մայիսի մահացածներ Կատեգորիա:Պէյրութ մահացածներ Կատեգորիա:Հայ երաժիշտներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ խմբավարներ (արւմտ․)