«Ամանոր, Կաղանդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 7. Տող 7.

== Սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ ==
== Սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ ==
Ժամանակը կը փոխէ ժողովուրդներու կենցաղը եւ սովորութիւնները: Օրինակ` այսօր ամանորեայ սեղանը կը պատրաստուի շքեղութւն խորհրդանշելու համար, իսկ ահա հին Հայաստանի մէջ կ'արգիլուէր սեղանին վրայ մսեղէն դնել,որովհետեւ Նաւասարդը ոչ թէ ուտիս, այլ պաս օր էր: Աւանդական ուտեստեղէնները կը պատրաստումէին ընդեղէնէ` լուբիա( որու պատիճը կը խորհրդանշէր ընտանիքին ամրութիւնը, իսկ հատիկը` ընտանիքին սաղմը), ոսպ, չիր, ընկոյզ եւ այլն: Սեղանին զարդը կը համարուէր Տարի հացը, որու մէջ պատրաստելու ընթացքին կը դրուէր գուշակութեան դրամը` տովլաթը: Հացը կը բաժնուէր 12 հաւասար մասերու, եւ ընտանիքին այն անդամին, որու բաժին կ'իյնար տովլաթը, Նոր տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւններ կը սպասէր:
Ժամանակը կը փոխէ ժողովուրդներու կենցաղը եւ սովորութիւնները: Օրինակ` այսօր ամանորեայ սեղանը կը պատրաստուի շքեղութիւն խորհրդանշելու համար, իսկ ահա հին Հայաստանի մէջ կ'արգիլուէր սեղանին վրայ մսեղէն դնել, որովհետեւ Նաւասարդը ոչ թէ ուտիս, այլ պաս օր էր: Աւանդական ուտեստեղէնները կը պատրաստուէին ընդեղէնէ` լուբիա( որու պատիճը կը խորհրդանշէր ընտանիքին ամրութիւնը, իսկ հատիկը` ընտանիքին սաղմը), ոսպ, չիր, ընկոյզ եւ այլն: Սեղանին զարդը կը համարուէր Տարի հացը, որու մէջ պատրաստելու ընթացքին կը դրուէր գուշակութեան դրամը` տովլաթը: Հացը կը բաժնուէր 12 հաւասար մասերու, եւ ընտանիքին այն անդամին, որու բաժին կ'իյնար տովլաթը, Նոր տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւններ կը սպասէր:

Առաջին ապակեայ խաղալիքները պատրաստուած են Տյիւրինգիոյ մէջ (Սաքսոնիա) Ժզ. դարուն, սակայն անոնց արտադրութիւնը սկսած է Ժթ. դարու կէսերուն Սաքսոնիոյ մէջ։ Վարպետ-ապակեգործները խաղալիքները կը պատրաստէին, իսկ անոնց աշակերտները թուղթէ զանգակներ, սրտիկներ եւ այլ պատկերներ կը կտրատէին, զորս կը ներկէին վառ գոյներով։

Տող 13. Տող 13.
Առաջին վկայությունները տoնածառ զարդարելու աւանդոյթի մասին եղած են Ժէ. դարու սկիզբը Էլզասի մէջ (նախապէս [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] մաս կը կազմէր, իսկ այժմ՝ [[Ֆրանսա]]յի)։ Զարդարման համար օգտագործած են գունաւոր թուղթերէ պատրաստուած վարդեր, խնձորներ, բլիթներ, շաքարի հատիկներ եւ այլն<ref>[https://style.news.am/arm/news/18836/hetaqrqir-paster-amanori-masin.html Հետաքրքական փաստեր՝ Նոր տարուան մասին]</ref>։

Առաջին անգամ ելեկտրական ծաղկաշղթանե օգտագործուած են [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ]]ու Սպիտակ Տան մէջ 1895-ին։
Առաջին անգամ ելեկտրական ծաղկաշղթաներ օգտագործուած են [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ]]ու Սպիտակ Տան մէջ 1895-ին։

Հին Հռոմի Ամանորը կը սկսէր Մարտին։ Ք.ա. 46-ին Հուլիոս Կեսար տարուան սկիզբը փոխած է 1 Յունուարի։ Անկէ ետք անոր անունով կոչուող Հուլեան օրացոյցը տարածուած է ողջ Եւրոպայի մէջ։
Հին Հռոմի Ամանորը կը սկսէր Մարտին։ Ք.ա. 46-ին Հուլիոս Կեսար տարուան սկիզբը փոխած է 1 Յունուարի։ Անկէ ետք անոր անունով կոչուող Հուլեան օրացոյցը տարածուած է ողջ Եւրոպայի մէջ։

08:04, 8 Յունուար 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մեջ ունեցած է երեք Նոր տարի` Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր անուններով:

Նոր Տարին ժամանակագրական կարգով

Շատ հին ժամանակներուն հայերը նոր տարին նշած են 21 Մարտին` գարնանային գիշերահաւասարի օրը, որ նաեւ բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշն էր: Բոլոր գաւառներուն մէջ Կաղանդը կը նշուէր մեծ տօնախմբութեամբ, տաճարներուն մէջ տօնական ծէսեր կը կատարուէին, որոնք կ'ուղեկցէին աստուածներուն զոհեր մատուցելով: Հայոց երկրորդ նոր տարին կը նշուէր 1 Նաւասարդին, (այսինքն` 11 Օգոստոսին)` այն օրը, երբ հայոց հիմնադիր Հայկ Նահապետը յաղթեց Տիտանեան Բելին: Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ նոր տարուան սկիզբ կը համարէին, ուստի այս բազմազանութիւնը երկիրներու տնտեսական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւններուն մէջ կը յառաջացնէր որոշ դժուարութիւններ: Ժը. դարուն Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը տոմարագիտական նոր մշակում մը կ'ընէ, որու համաձայն հայերը Ամանորը կը սկսին նշել 1 Յունուարին[1]:

Սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ

Ժամանակը կը փոխէ ժողովուրդներու կենցաղը եւ սովորութիւնները: Օրինակ` այսօր ամանորեայ սեղանը կը պատրաստուի շքեղութիւն խորհրդանշելու համար, իսկ ահա հին Հայաստանի մէջ կ'արգիլուէր սեղանին վրայ մսեղէն դնել, որովհետեւ Նաւասարդը ոչ թէ ուտիս, այլ պաս օր էր: Աւանդական ուտեստեղէնները կը պատրաստուէին ընդեղէնէ` լուբիա( որու պատիճը կը խորհրդանշէր ընտանիքին ամրութիւնը, իսկ հատիկը` ընտանիքին սաղմը), ոսպ, չիր, ընկոյզ եւ այլն: Սեղանին զարդը կը համարուէր Տարի հացը, որու մէջ պատրաստելու ընթացքին կը դրուէր գուշակութեան դրամը` տովլաթը: Հացը կը բաժնուէր 12 հաւասար մասերու, եւ ընտանիքին այն անդամին, որու բաժին կ'իյնար տովլաթը, Նոր տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւններ կը սպասէր:

Առաջին ապակեայ խաղալիքները պատրաստուած են Տյիւրինգիոյ մէջ (Սաքսոնիա) Ժզ. դարուն, սակայն անոնց արտադրութիւնը սկսած է Ժթ. դարու կէսերուն Սաքսոնիոյ մէջ։ Վարպետ-ապակեգործները խաղալիքները կը պատրաստէին, իսկ անոնց աշակերտները թուղթէ զանգակներ, սրտիկներ եւ այլ պատկերներ կը կտրատէին, զորս կը ներկէին վառ գոյներով։

Առաջին վկայությունները տoնածառ զարդարելու աւանդոյթի մասին եղած են Ժէ. դարու սկիզբը Էլզասի մէջ (նախապէս Գերմանիոյ մաս կը կազմէր, իսկ այժմ՝ Ֆրանսայի)։ Զարդարման համար օգտագործած են գունաւոր թուղթերէ պատրաստուած վարդեր, խնձորներ, բլիթներ, շաքարի հատիկներ եւ այլն[2]։

Առաջին անգամ ելեկտրական ծաղկաշղթաներ օգտագործուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ Տան մէջ 1895-ին։

Հին Հռոմի Ամանորը կը սկսէր Մարտին։ Ք.ա. 46-ին Հուլիոս Կեսար տարուան սկիզբը փոխած է 1 Յունուարի։ Անկէ ետք անոր անունով կոչուող Հուլեան օրացոյցը տարածուած է ողջ Եւրոպայի մէջ։

Ֆրանսայի մէջ մինչեւ 755 տարեմուտը կը համարուէր 25 Դեկտեմբերը, յետոյ դարձած է 1 Մարտի։ Ժբ. դարուն տարուան սկիզբը համարուած է Զատիկը, եւ 1564-ին Քարլոս Թ.-ի հրամանով տարեմուտը նշուած է 1 Յունուարին։

Քուպայի մէջ Ամանորը կը կոչուի Թագաւորներու օր։

Յունաստանի Ամանորի գիշերը ընտանիքին մեծը նուռ կը ջարդէ տան պատերէն մէկուն վրայ։

Իսկ Իտալիոյ Ամանորի գիշերը տունէն դուրս կը հանեն հին իրերը։ Իտալացիները կը հաւատան, որ որքան շատ հին իրեր նետեն, այնքան աւելի մեծ հարստութիւն եւ յաջողութիւն կը սպասուի գալիք տարուան ընթացքին։

Ամերիկացիները կը կազմակերպեն ջրային շքերթներ՝ ծաղկազարդ նաւակներով: Անգլիացիները՝ շատ մեծ կարեւորութիւն կու տան, թէ այդ օրը ով առաջին անգամ իրենց տունը կը մտնէ. եթէ եկողը շիկահեր է, լաւ նշան է, եթէ թխամազ՝ ոչ այնքան: Չինացիներն այդ գիշեր չեն քնանար՝ ակնկալուող յաջողութիւնը դիմաւորելու համար[3]:

Կաղանդ Պապուկը

Մեր նախնիները նոյնպես ունեցած են ձմեռնային հրաշագործ մը, զոր կ'անուանէին Մեծ պապուկ կամ Կաղանդ պապա: Անիկա ըստ աւանդութեան կ'առնչուէր կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի անուան հետ, որ կը յայտնուէր գաւազանով եւ ոչխարի մորթով պատրաստուած վերարկուով:

Ներկայի Կաղանդ Պապուկը

Պատկեր:Stickers-pere-noel.jpg

Կաղանդ Պապուկը Ամանորի կարեւորագոյն խորհրդանիշն է:Աշխարհի տարբեր երկիրներ ունին իրենց Կաղանդ Պապուկը: Օրինակ՝ ֆինլանտայի մէջ զայն կ'անուանեն Եոլլուպոկի, Ամերիկայի մէջ` Սանթա Քլոս, ՈւՔրանիոյ մէջ` Սուրբ Նիքոլա: Կաղանդ պապոկին կ'օգնէ իր թոռնուհին` Ձիւնանուշը եւ օգնականները, որոնք երեխաներուն նուէրներ կը բաժնեն:

Կաղանդ պապուկի կերպարը նմանեցուցած են բիւզանդական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Ս. Նիկողայոսի (270–345) վարքին, որ աւանդութեան համաձայն, շատ բարի էր, կ'օգնէր չունեւորներուն: Յայտնի է, օրինակ խեղճ ընտանիքի մը երեք աղջիկներուն օգնելու պատմութիւնը` անոնց պատուհանէն աննկատ ոսկիի կապոցիկներ ներս ձգելով:

Կաղանդ պապուկի արեւելասլաւոնական դիցաբանության մեջ ձմեռնային սառնամանիքներու տիրակալն է` կապոյտ կամ կարմիր վերարկուով, երկար ու սպիտակ մօրուքով եւ գավազանով: Սկիզբը Կաղանդ պապուկէն վախցած են ու պաշտած. ձմեռային արեւադարձի եւ գարնան գիշերահաւասարի օրերուն դուռ ու լուսամուտ լայն բացած են, որ ան անարգել տուն մտնէ, անոր նուէր տուած են, սիրաշահած, յատուկ ուտելիք տրամադրածլ, որպէսզի խնայէ ցանքերը եւ չոչնցացնէ: Կաղանդ պապուկի կերպարը ժամանակի ընթացքին փոխուած է, վերածուած է նուիրատուի եւ մանուկներուն ցանկալի հիւրին:

Նորօրեայ տօնածառը

Մարթին լուտերի տօնածառը

Մերօրեայ տօնածառը կը կապեն գերմանացի Մարթին Լուտերի անուան հետ: Ըստ աւանդութեան ան գիշեր մը յոգնած տուն վերադառնալու ատեն Լուտեր կը նստի ճամբեզրին` քիչ մը հանգստանալու: Ճամբան զարդարուած էր եղեւիններով, որոնց ճիւղերուն արանքէն կը կայծկլտային փայլուն աստղերը: Տպաւորուած անոնց գեղեցկութեամբ` Լուտեր իր տան մէջ կը զարդարէ առաջին եղեւինը:

Առաջին հրապարակային տօնածառը տեղադրուած է Ֆրանսայի մէջ, 1840-ին, Անգլիոյ մէջ՝ 1841-ին, Ռուսաստանի մէջ՝ Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ՝ 1852-ին: 1916-ին Ռուսական եկեղեցւոյ Սինոտը արգիլուած է Ծննդեան տօնին տօնածառ զարդարելը՝ զայն համարելով գերմանական սովորոյթ: 1926-ին տօնածառ զարդարելը ընդհանրապէս կ'արգիլուի՝ իբրեւ «կրօնական մնացուկ»: Աւանդութիւնը կը վերականգնի 1936-ի Ամանորին: 2008-ին Ռիօ տը Ժեներոյի մէջ` Լագուա լիճնի վրայ, կը տեղադրուի 85 մ. բարձրութեամբ եւ 530 թոն կշռող լողացող տօնածառ մը, իսկ Մեխիկոյի 2009-ի տօնածառը ունցեցած է 110,35 մ.՝ 40-յարկանի շէնքի բարձրութիւն (2 տօնածառերն ալ գրանցուած են «Կինեսի» գիրքին մէջ): Հայաստանի գլխաւոր տօնածառը տեղադրուած է Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ 2010-ին, որ ունէր բրգաձեւ գեղեցիկ տեսք եւ 35 մ. բարձրութիւն:

Տօնածառը հայ իրականութեան մէջ

Հայ իրականութեան մէջ տօնածառը, այդպէս, չէ եղած, սակայն հին ատեն հայերը ունեցած են ծառերու պաշտամունք եւ տոնածառը փոխարինած են ձիթենիի ճիւղերով:Անոնցմէ ամէնէն հաստը Նոր տարուա գիշերը խրած են մեծ հացի մէջ եւ զարդարած ընկուզեղէնով, ցորենի հասկերով, լուբիայով, զանազան միրգերով, յատկապէս՝ խնձորներով, որոնք պտղաբերութիւն կը խորհրդանշէին, նաեւ չարխափաններով ու մարդակերպ կամ կենդանակերպ թխուածքներով: Տանտէրը Կաղանդի ծառը կը տանէր եկեղեցի եւ քահանային օրհնութիւնը ստանալէ ետք տուն կը վերադարձնէր:

Ծանօթագրութիւններ