«Ամանոր, Կաղանդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 12. Տող 12.
[[Պատկեր:Christmas ornaments.jpg|մինի|ձախից]]
[[Պատկեր:Christmas ornaments.jpg|մինի|ձախից]]
Առաջին վկայությունները տoնածառ զարդարելու աւանդոյթի մասին եղած են Ժէ. դարու սկիզբը Էլզասի մէջ (նախապէս [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] մաս կը կազմէր, իսկ այժմ՝ [[Ֆրանսա]]յի)։ Զարդարման համար օգտագործած են գունաւոր թուղթերէ պատրաստուած վարդեր, խնձորներ, բլիթներ, շաքարի հատիկներ եւ այլն<ref>[https://style.news.am/arm/news/18836/hetaqrqir-paster-amanori-masin.html Հետաքրքական փաստեր՝ Նոր տարուան մասին]</ref>։

Առաջին անգամ ելեկտրական ծաղկաշղթանե օգտագործուած են [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ]]ու Սպիտակ Տան մէջ 1895-ին։

Հին Հռոմի Ամանորը կը սկսէր Մարտին։ Ք.ա. 46-ին Հուլիոս Կեսար տարուան սկիզբը փոխած է 1 Յունուարի։ Անկէ ետք անոր անունով կոչուող Հուլեան օրացոյցը տարածուած է ողջ Եւրոպայի մէջ։

Ֆրանսայի մէջ մինչեւ 755 տարեմուտը կը համարուէր 25 Դեկտեմբերը, յետոյ դարձած է 1 Մարտի։ Ժբ. դարուն տարուան սկիզբը համարուած է Զատիկը, եւ 1564-ին Քարլոս Թ.-ի հրամանով տարեմուտը նշուած է 1 Յունուարին։

Քուպայի մէջ Ամանորը կը կոչուի Թագաւորներու օր։

[[Յունաստան]]ի Ամանորի գիշերը ընտանիքին մեծը նուռ կը ջարդէ տան պատերէն մէկուն վրայ։

Իսկ [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալիոյ]] Ամանորի գիշերը տունէն դուրս կը հանեն հին իրերը։ Իտալացիները կը հաւատան, որ որքան շատ հին իրեր նետեն, այնքան աւելի մեծ հարստութիւն եւ յաջողութիւն կը սպասուի գալիք տարուան ընթացքին։
[[Պատկեր:Christmas Tree Ornament with Car in Background, Nostalgic 01.JPG|մինի|աջից]]
[[Պատկեր:Christmas Tree Ornament with Car in Background, Nostalgic 01.JPG|մինի|աջից]]

07:24, 31 Դեկտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մեջ ունեցած է երեք Նոր տարի` Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր անուններով:

Նոր Տարին ժամանակագրական կարգով

Շատ հին ժամանակներուն հայերը նոր տարին նշած են 21 Մարտին` գարնանային գիշերահաւասարի օրը, որ նաեւ բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշն էր: Բոլոր գաւառներուն մէջ Կաղանդը կը նշուէր մեծ տօնախմբութեամբ, տաճարներուն մէջ տօնական ծէսեր կը կատարուէին, որոնք կ'ուղեկցէին աստուածներուն զոհեր մատուցելով: Հայոց երկրորդ նոր տարին կը նշուէր 1 Նաւասարդին,( այսինքն` 11 Օգոստոսին)` այն օրը, երբ հայոց հիմնադիր Հայկ Նահապետը կը յաղթեց Տիտանեան Բելին: Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ նոր տարուան սկիզբ կը համարէին, ուստի այս բազմազանութիւնը երկրներու տնտեսական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւններուն մէջ կը յառաջացնէր որոշ դժուարութիւններ: Ժը. դարուն Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը տոմարագիտական նոր մշակում մը կ'ընէ, որու համաձայն հայերը Ամանորը կը սկսին նշել 1 Յունուարին:

Սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ

Ժամանակը կը փոխէ ժողովուրդներու կենցաղը եւ սովորութիւնները: Օրինակ` այսօր ամանորեայ սեղանը կը պատրաստուի շքեղութւն խորհրդանշելու համար, իսկ ահա հին Հայաստանի մէջ կ'արգիլուէր սեղանին վրայ մսեղէն դնել,որովհետեւ Նաւասարդը ոչ թէ ուտիս, այլ պաս օր էր: Աւանդական ուտեստեղէնները կը պատրաստումէին ընդեղէնէ` լուբիա( որու պատիճը կը խորհրդանշէր ընտանիքին ամրութիւնը, իսկ հատիկը` ընտանիքին սաղմը), ոսպ, չիր, ընկոյզ եւ այլն: Սեղանին զարդը կը համարուէր Տարի հացը, որու մէջ պատրաստելու ընթացքին կը դրուէր գուշակութեան դրամը` տովլաթը: Հացը կը բաժնուէր 12 հաւասար մասերու, եւ ընտանիքին այն անդամին, որու բաժին կ'իյնար տովլաթը, Նոր տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւններ կը սպասէր:

Առաջին ապակեայ խաղալիքները պատրաստուած են Տյիւրինգիոյ մէջ (Սաքսոնիա) Ժզ. դարուն, սակայն անոնց արտադրութիւնը սկսած է Ժթ. դարու կէսերուն Սաքսոնիոյ մէջ։ Վարպետ-ապակեգործները խաղալիքները կը պատրաստէին, իսկ անոնց աշակերտները թուղթէ զանգակներ, սրտիկներ եւ այլ պատկերներ կը կտրատէին, զորս կը ներկէին վառ գոյներով։

Առաջին վկայությունները տoնածառ զարդարելու աւանդոյթի մասին եղած են Ժէ. դարու սկիզբը Էլզասի մէջ (նախապէս Գերմանիոյ մաս կը կազմէր, իսկ այժմ՝ Ֆրանսայի)։ Զարդարման համար օգտագործած են գունաւոր թուղթերէ պատրաստուած վարդեր, խնձորներ, բլիթներ, շաքարի հատիկներ եւ այլն[1]։

Առաջին անգամ ելեկտրական ծաղկաշղթանե օգտագործուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ Տան մէջ 1895-ին։

Հին Հռոմի Ամանորը կը սկսէր Մարտին։ Ք.ա. 46-ին Հուլիոս Կեսար տարուան սկիզբը փոխած է 1 Յունուարի։ Անկէ ետք անոր անունով կոչուող Հուլեան օրացոյցը տարածուած է ողջ Եւրոպայի մէջ։

Ֆրանսայի մէջ մինչեւ 755 տարեմուտը կը համարուէր 25 Դեկտեմբերը, յետոյ դարձած է 1 Մարտի։ Ժբ. դարուն տարուան սկիզբը համարուած է Զատիկը, եւ 1564-ին Քարլոս Թ.-ի հրամանով տարեմուտը նշուած է 1 Յունուարին։

Քուպայի մէջ Ամանորը կը կոչուի Թագաւորներու օր։

Յունաստանի Ամանորի գիշերը ընտանիքին մեծը նուռ կը ջարդէ տան պատերէն մէկուն վրայ։

Իսկ Իտալիոյ Ամանորի գիշերը տունէն դուրս կը հանեն հին իրերը։ Իտալացիները կը հաւատան, որ որքան շատ հին իրեր նետեն, այնքան աւելի մեծ հարստութիւն եւ յաջողութիւն կը սպասուի գալիք տարուան ընթացքին։

Կաղանդ Պապուկը

Մեր նախնիները նոյնպես ունեցած են ձմեռնային հրաշագործ մը, զոր կ'անուանէին Մեծ պապուկ կամ Կաղանդ պապա: Անիկա ըստ աւանդութեան կ'առնչուէր կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի անուան հետ, որ կը յայտնուէր գաւազանով եւ ոչխարի մորթով պատրաստուած վերարկուով:

Նորօրեայ տօնածառը

Մերօրեայ տօնածառը կը կապեն գերմանացի Մարթին Լուտերի անուան հետ: Ըստ աւանդութեան ան գիշեր մը յոգնած տուն վերադառնալու ատեն Լուտեր կը նստի ճամբեզրին` քիչ մը հանգստանալու: Ճամբան զարդարուած էր եղեւիններով, որոնց ճիւղերուն արանքէն կը կայծկլտային փայլուն աստղերը: Տպաւորուած անոնց գեղեցկութեամբ` Լուտեր իր տան մէջ կը զարդարէ առաջին եղեւինը:

Տօնածառը հայ իրականութեան մէջ

Հայ իրականութեան մէջ տօնածառը, այդպէս, չէ եղած, սակայն հին ատեն հայերը ունեցած են ծառերու պաշտամունք եւ տոնածառը փոխարինած են ձիթենիի ճիւղերով:Անոնցմէ ամէնէն հաստը Նոր տարուա գիշերը խրած են մեծ հացի մէջ եւ զարդարած ընկուզեղէնով, ցորենի հասկերով, լուբիայով, զանազան միրգերով, յատկապէս՝ խնձորներով, որոնք պտղաբերութիւն կը խորհրդանշէին, նաեւ չարխափաններով ու մարդակերպ կամ կենդանակերպ թխուածքներով: Տանտէրը Կաղանդի ծառը կը տանէր եկեղեցի եւ քահանային օրհնութիւնը ստանալէ ետք տուն կը վերադարձնէր:

Ծանօթագրութիւններ