«Մարին Լութեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անուն ազգանուն = Մարին Լութեր | բնագիր ԱԱՀ = | պատկեր = Lucas_Cran...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

17:41, 31 Մայիս 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Մարին Լութեր (գերմ.՝ Martin Luther, 1 Նոյեմբեր 1483, Էյսլեպեն- 8 Փետրուար 1546, Էյսլեպեն), գերմանացի աստուածաբան, վանական եւ եկեղեցիի բարեփոխիչ: Ան հիմնադրած է Բողոքականութիւնը: Յայտնի է միայն հաւատքով արդարացման վարդապետութեամբ եւ յայտնութեան Քրիստոսակեդրոն ընկալմամբ: Լութեր յայտնի 95 թեզիսներ (1517 թ. Հոկտեմբեր) նշանաւորուած է Ռեֆորմացիայի սկզբնաւորումը:

Ան առաջինն էր, որ Աստուածաշուն մատեանը լատիներենէ թարգմանեց գերմաներենի: Լութեր կը պնթէր, որ Սուրբ գիրքը հանրութեան գիրք է եւ այն պիտի կարդան բոլորը: Յեղափողութեան պատճառը դարձաւ Հռոմէն ժամանած սակսոնական կաթողիկէ քահանայ Յովհաննէս Տեցելի վաճառած ինդուլցենցիաները, որ Հռոմի պապ Լեւոն 10-րդի հրամանով եկած էր Գերմանիայի Վիտենբերգ քաղաք՝ հաւաքելու գումարներ Սուրբ Պետրոս Եկղեցիի շինարարութեան համար: Թերեւս 1512 թուականին Օգօստինական վանական եւ աստուածաբանութեան պրոֆեսոր Մարին Լութեր հանդես եկաւ պաշտոնական կաթողիկութեամբ տեսակետներով, որուն հիմնական երկու գաղափարներն էին:

  1. Եկեղեցին իրաւունք չունի իրեն վերագրելու աւելի մեծ պատմական ծառայութիւններ:
  2. Եկեղեցին իրաւոգնք չունի գանգուածային կերպով կազմակերպելու մեղքերու թողութիւն:


Գաղափարաքաղաքական հայացքները

Ըստ Մարին Լութերի՝ հոգեւոր փրկութիւնը հնարաւոր է միայն հաւատքի միջոցով, քանի ոչ ոք կաթողիկէ եկեղեցիի կարիքը չունի, եւ անկախ սոցիալական ծագումէն ու գրուած դիրքէն՝ բոլորը անառարկելիորէն պէտք է ենթարկուին Աստուծոյ: Մարդկանցից ոչ ոք առավելութիւն չունի ոչ մէկու նկատմամբ, սոցիալական բոլոր խաւերը, այդ կը թուի եւ հոգեւորականութիւնը հաւասար են: դա իրաւահաւասարութեան սկզբունքի վաղբուրժուական առաջին ձեւակերպումներէն մէկն է:

Լութերի կարծիքով, քանի որ աշխարհի չարը կը տիրէ, ուստի Աստուած կ'իրականացնէ երկու տիպի կառավարել՝ հոգեւոր, որ կ'իրականացնէ քրիստոնեաներն ու ազնուաբարոյ մարդիկ՝ Քրիստոսի գլխաւորութեամբ, եւ աշխարհականները, որոնք կը զսպեն ոչ քրիստոնեաներուն ու չարերուն՝ ստիպելով, որ թէեւ հակառակ իրենց կամքի, սակայն պահպանեն արտաքին խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն: Անոնց (աշխարհիկ եւ հոգեւոր կառավարումներուն) բնորոշ են երկու թագաւորութիւն՝ աստուածային եւ աշխարհիկ: Անոնց իւրաքանչիւր ունի իրեն բնորոշ օրենքներն ու իրաւունքները, ընդ որում՝ առանց օրէնքի որեւէ կառավարում կարող չէ իրականացնել եւ որեւէ թագաւորութիւն կարող չէ առաջանալ: Աշխարհիկը հնարաւարութիւն կու տայ «տեսնել, ճանաչել, գնահատել, դատել, պատժել», մինչդեռ մնացած դեպքերուն դոմինանտը հոգեւոր կառավարում է: Հոգին աստուածային կառավման օբյեկտ է:

Լութերն իր ուսմունքի մեծ տեղ կը հատկացնէր աշխարհիկ իշխանութեան անկախութեանը պապականութիւնէն: Քահանաներու կոչումը Քրիստոնէական ուսմունքի կը տարածէ, իսկ անոնց դուրս հասարական քաղաքացիներ են՝ ենթակայ պետութեանը: Քանի դեռ ան կը ծառայէ, վեր է բոլորէն, մինչ այն պահը, երբ անոր կը փոխարինեն: Այդժաշ ան կը դառնայ գիւղացի կամ քաղաքացի:

Անոր հայացքները կարեւոր տեղ կ'զբաղեցնեն նաեւ աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութեան՝ միմեանց գործերուն չխառնուելու հարցը: Աշխարհիկ կառավարումն իրաւոպնք չունի խառնուելու հոգեւոր կառավարմանը, քանզի այստեղ իշխողը «Աստուծոյ խօսքն է»: Այս եպիսկոպոսներու, եւ ոչ թէ իշխաններբւ գործն է: Աւելին, աշխարհիկ կառավարման հարցերուն կարեւոր է համարուիլ բռնութեամբ չառաջնորդուելը, քանի որ

անիրաւութիւնը ամենէն առաջ պէտք է իրաւունքով յաղթահարել


Հնագոյն ձեւով՝ հոգեւոր ծառայութիւն իրականացնողը պէտք չէ ուժ գործադրէ: Նախ ան պէտք է կարավարէ որէնքով: Սակայն ինչպէս կը նկատուի Լութերը՝

որքան լաւ ու արդար լինեն օրենքները, անոնց յատուկ թերութիւն է. անոնք չեն տարածուիր բոլոր դէպքերու վրայ:


Ուստի կառավարման ժամանակ, լինի թէ՝ հոգեւոր, թէ՝ աշխարհիկ, օրէնքին պէտք է գումարել բանականութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ բանականութիւնը մշտապէս բարձր դասուի որէնքներէն եւ մնայ որպէս բարձրագոյն օրէնք եւ լաւագոյն օրենսդրութիւն: Լութերո գործունէութեան պատմական ու քաղաքական նշանակաթիւնն այն է, որ այն հզօր աշդակ հաղորդեց յանուն հասարակութեան քաղաքական ու տնտեսական նորացման շարժմանը:

Վիտտինբերգը

1508 թուականին Լութերին կ'ուղարկեն դասաւանդել Վիտտինբերգեան համալսարանը: Ան այնտեղ առաջին անգամ կը ծանռթանայ Աւրերիոս Օգոստինիոս Երանելիի աշխատանքներու հետ: Անոր աշակերտներու կը թուէր մասնաւորապէս Էրազմ Աբերուսը: Լութերը միաժամանակ եւ կը դասաւանդէ եւ կը սորվի, որպէսզի ստանայ աստուածաբանութեան տոքթորի կոչումը:

Աղբիւրներ

  • Կառլեն Միրումյան - Քաղաքական ուսամունքների պատմություն, Երևան, 2006

Ծանօթագրութիւններ

Կատեգորիա:1483 ծնունդներ Կատեգորիա:1546 մահեր Կատեգորիա:Գերմանացի աստվածաբաններ Կատեգորիա:Նոյեմբերի 10 ծնունդներ Կատեգորիա:Փետրվարի 18 մահեր