«Լիթուանիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ oգտվելով ԱՎԲ
Չ El-ßäbrega տեղափոխեց էջը «Լիթվա»-ից «Լիթուանիա»
(Տարբերութիւն չկայ)

11:43, 20 Ապրիլ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երկիր (արեւմտահայերէն)

13րդ դարեն յետոյ Լիթուանիոյ տարածքի փոփոխութիւնը

Լիթուանիա (լիթուաներէն` Lietuvos Respublika), պաշտօնապէս Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն` երկիր մըն է Արեւելեան Եւրոպային մէջ[1]:

Երկիրին մէջ կ'ապրի 3 մլն մարդ։ Կը գտնուէ Պալթեան Ծովուն ափը։ Սահմանակից է Լաթվիոյ, Պելառուսիոյ, Ռուսիոյ եւ Լեհաստանին: Տարածքը` 65.2 հզր. քմ²:

Լիթուանիոյ հիմնական բնակիչները լիթուանացիներն են։

Պատմութիւն

Թրաքայի ամրոցը

Առանձին տեղերում պալթեան ցեղերով բնակեցուած լինելով 1230-ականներուն Լիթուանիոյ հողերը միաւորուեցան Մինտաուկասին կողմէ, ով թագադրուեցաւ 1253 Յուլիս 6ին:[2] Անոր սպանութենէն ետք 1263-ին հեթանոսական Լիթուանիան թիրախ կը հանդիսանար թեւթոնական Ասպետներու եւ Լիվոնեան Օրտերի խաչակիրներու արշաւանքներուն համար: Չնայած անոնց տասնամեակներով ըրած ավերումները, Լիթուանիոյ Մեծ Դքսութիւնը արագ ընդլայնուեցաւ ներառելով նախկին սլավոնական Քիեւեան Ռուսիոյ իշխանապետութիւնը:

14րդ դարու կողմը Լիթուանիան Եւրոպայի խոշորագոյն երկիրը եղած է եւ կ'ընդգրկէր ներկայիս Պելարուսը, Ուքրաինան եւ Լեհաստանի ու Ռուսիոյ մասերը: Արեւմուտքի եւ արեւելքի միջեւ աշխարհաքաղաքական դիրքով կ'որոշուէր Լիթուանիոյ Դքսութեան բազմամշակութային եւ բազմադաւանանքային բնոյթը: Ղեկավար վերնախաւը կը ցուցաբերէր կրօնական հանդուրժողականութիւն եւ պաշտօնական փաստաթղթերուն համար սլավոնական լեզուն կը գործածուէր որպէս լատիներէնի օժանդակ լեզու:
1385-ին Մեծն Դուքս Եոկայլան լեհերուն կողմէ առաջարկուեցաւ դառնալ իրենց թագաւոր: Եոկայլան ձեռնամուխ եղաւ Լիթուանիոյ քրիստոնէացմանը եւ հիմնեցաւ Լեհաստանի եւ Լիթուանիւյ միասնական կառաւարումը: Ան կ'ենթադրէր, որ Եւրոպայի վերջին հեթանոսական տարածք Լիթուանիան պիտի դառնայ քրիստոնէական:
Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ միաւորումը ունեցաւ մեծ միջազգային հետեւանքներ: Իրենց հզօրութեան գագաթնակետը գտնուող երկու տերութիւններու միացումը բերեցաւ համաեայ թէ նօր քաղաքակրթութեան առաջացման: Միութիւնն ստեղծելու անմիջական պատճառը հանդիսացան Թեւտոնական Օրտենի սպառնալիքները: Կային նաեւ այլ պատճառներ. Լեհաստանը, որ հազիւ ուշքի եկած էր մոնկոլներու արշաւանքներէն եւ խուսափած էր Սեւ մահէն, ցանկասիրութեամբ կը նայէր դէպի Արեւելքի հեռաստանները: Լիթուանիան, ուր դեռեւս կը կառավարէին հեքանոս տիրակալները, անյանգիստ կը զգար հարեւան Մոսքուիոյ վերելքէն եւ կը ձգտէր մտնիլ քրիստոէական աշխարհ: Սա երկու երկիրները աջակցութիւն կը փնտռէին մէկ զմէկու, այնպէս որ Եատւիկայի եւ Եակայլօյի ամուսնութիւնը աւելի քան տեղին եղած էր[3]:

Երկու քաղաքացիական պատերազմներէն ետք Մեծն Վիթաւթասը 1392-ին դարձաւ Լիթուանիոյ Մեծն Դուքս: Անոր իշխանութեան տարիներուն Լիթուանիան հասաւ իր տարածքային նուաճումներու բարձրակէտին, սկսուեցաւ պետականութեան կեդրոնացումը եւ լիթուանական ազնուականութիւնը դարձաւ աւելի ու աւելի պետական քաղաքականութիւն վարող: Վորսքլայ գետի ճակատամարտին, 1399-ին Թոխթամիշի եւ Վիթաւթասի միացեալ ոյժերը ջախջախուեցան մոնկոլներու կողմէ: Լիթուանիոյ եւ Լեհաստանի բանակներու սերտ համագործակցութեան շնորհիւ 1410-ին հասան խոշոր յաղթանակի Թեւթոնական Ասպետներու նկատմամբ Կրիւնվալտի ճակատամարտին, որը Միջնադարի Եւրոպային մէջ խոշորագոյններէն մին եղած է:[4][5][6]

Հիւսիսային Պատերազմին (1655–1661) լիթուանիոյ տարածքը եւ տնտեսութիւնը աւերուեցաւ Շուէտի բանակին կողմէ: Անորը յաջորդեցաւ Մեծ Հիւսիսային Պատերազմը, որուն ընթացքին զոհերուն թիւը հասաւ երկիրին բնակչութեան 40%-ը:[7] Դուրսին ոյժերը, նամանաւանդ՝ Ռուսիան, դարձան Համագործակցութեան ներքին գործերու գերական: Ի վերջոյ, Համագործակցութիւնը մասնատուեցաւ Ռուսիոյ Կայսրութեան, Փրուսիոյ եւ Աւստրիոյ Հապսպուրկներու միջեւ 1772, 1792 եւ 1795 թուականներուն:
Լիթուանիոյ տարածքի մեծ մասը անցաւ Ռուսիոյ Կայսրութեան տիրապետութեանը: 1831-ի եւ 1863-ի անյաջող ապստամբութիւններէ ետք ցարական պաշտօնեաները սկսեցան ռուսականացման քաղաքականութիւն: Անոնք արգելեցին լիթուանական մամուլը, փակեցին մշակոյթի եւ կրթական հաստատութիւնները եւ Լիթուանիան դարձրեցին վարչական երկրամաս:

20րդ Եւ 21րդ Դարեր

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ժամանակ 1918 թուականի Փետրուար 16ին Լիթուանիոյ Խորհուրդը հռչակեցաւ Լիթուանիոյ անկախութիւնը եւ Լիթուանիոյ պետականութեան վերականգնումը: 1920 Հոկտեմբեր ամսուան Լեհաստանը գրաւեցաւ Լիթուանիոյ պատմական մայրաքաղաք Վիլնիւսը: Հետագայ 19 տարիներին երկիրին մայրաքաղաքը ժամանակաւորապէս դարձաւ Քաունասը: 1923-ին ձեռք բերուած Կլայփետայի երկրամասը 1939-ին Լիթուանիան զիջեցաւ Գերմանիոյ: Երկու պատերազմներու միջեւ եղած ժամանակը երկիրը կը կառավարէր 1926-ին իշխանութեան եկած Անթանաս Սմեթոնայի կուսակցութիւնը:
1939-ին Լեհաստան ներխուժած Խորհրդային Միութիւնը Վիլնիւսը վերադարցուց Լիթուանիան: Զաւթումէն հետեւեցան լիթուացիներու զանգուածային ձերբակալութիւնները եւ աքսորները, որոնց թիւը 34 000-ի հասած էր:
Տարի մը անց երկիրը զաւթեցաւ նազիսթական Գերմանիան եւ անմիջապէս սկսուեցաւ հրէաներու կոտորածը, 1941 Դեկտեմբերի 1ի դրութեամբ սպաննուեցան 190 000 հրէաներ: Սպաննուեցան նաեւ լիթուանացի մտաւորականներ, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ գնչուներ:

Պատերազմէն Ետք

Գերմանական զօրքերու պարտութենէն ետք Խորհրդային Միութիւնը 1944-ին նօրէն մուտք գործեցաւ Լիթուանիա: Փոթստամի Համաժողովը սահմաններու փոփոխութեան հետեւանքով նախկին գերմանական Մերմելլանտը պալթեան Քլայփետա նաւահանգիստին հետ միասին նօրէն վերադարձաւ Լիթուանիան: Գերմանացի բանակչութեան մեծ մասը հեռացաւ այդ տարածաշրջանէն:
1944-էն մինչեւ 1952 թուականները տեղի ունեցած փարթիզանական կռիւներու ընթացքին սպաննուեցան 30 հզր. կարգի դիմադրողներ: Ընդհանուր առումով Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի ընթացքին Լիթուանիոյ կորուստները կազմեցան 780 000 մարդ:[8]
1980-ականներու բարեփոխումները թոյլ տուէցան անկախութեան «Սայուտիսի» շարժման հիմնումը: 1990 Մարտի 11ին Լիթուանիան յայտարարեցաւ անկախութիուն, դառնալով ԽՍՀՄ-ին մէջ առաջինը: 1991 Փետրուար 4ին Իսլանտիան Լիթուանիոյ անկախութիւնը ճանչցած առաջին երկիրը եղաւ: Նոյն թուականի Սեպտեմբեր 17ին Լիթուանիոյ անկախութիւն ստացաւ պաշտօնական, երբ ան դարձաւ Միաւորուած Ազգերու անդամ:
2004 Մայիս 1-էն Լիթուանիան կը համարուէ Եւրամիութեան անդամ:

Լիթուանիոյ Վարչա-Տարածքային Բաժանում

Կաղապար:Լիթուանիոյ Տարածքային Բաժանումի Քարտէզ

Պետութեան Կառուցուածքը

Տալիա Կրիպաուսքայթէն 2010-ին

Լիթուանիան խորհրդարանային հանրապետութիւն է, նախագահականին բնորոշ գիծերով: Համաժողովրդականօրէն ընտրուած նախագահին իրաւասութեան ժամկէտը հինգ տարի է: Ներկայիս նախագահը 2009-ին ընտրուած եւ 2014-ին վերընտրուած Տարիա Կրիպաուսքայթէն է:

Երկիրին խորհրդարանը կը համարուէ Սեյմասը՝ 141 տեղերով: Պատգամավորներէն 71-ը կը ընտրուէն մեծամասնական ցանկով, մնացած 70-ը՝ համամասնական-ցանկային համակարգով չորս տարի ժամկէտով:

Հարեւան Երկիրները

Կաղապար:Հարեւան Երկիրներ

Ծանօթագրութիւններ

  1. «Composition of macro geographical (continental) regions, geographical sub-regions, and selected economic and other groupings»։ United Nations Statistics Division։ արտագրուած է՝ 9 November 2008 
  2. (Լիթուաներէն) Tomas Baranauskas. Lietuvos karalystei – 750. 2001.
  3. Նօրման Տէյվիս, Եւրոպա.Պատմութիւն [1] էջ 437 լիթուաներէն Վերցուած է 2016 Ապրիլ 10ին
  4. Lithuania: Stepping Westward https://books.google.com/?id
  5. The New Encyclopædia Britannica Հատոր 17 (1998) Էջ 545
  6. Ideology and national identity in post-communist foreign policies https://books.google.com/books?id Էջեր186–
  7. Անկախութիւն Տանող Ճամբան http://www.liw.lt/archive_vid.php?shid=1211283347&id=1211283055 https://web.archive.org/web/20110512014106/http://www.liw.lt/archive_vid.php?shid
  8. Department of State Bureau of Public Affairs http://www.state.gov/r/pa/ei/bgn/5379.htm