«Լիթուանիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 129. Տող 129.
Լիթուանիան խորհրդարանային հանրապետութիւն է, նախագահականին բնորոշ գիծերով: Համաժողովրդականօրէն ընտրուած նախագահին իրաւասութեան ժամկէտը հինգ տարի է: Ներկայիս նախագահը 2009-ին ընտրուած եւ 2014-ին վերընտրուած Տարիա Կրիպաուսքայթէն է:<br />
Լիթուանիան խորհրդարանային հանրապետութիւն է, նախագահականին բնորոշ գիծերով: Համաժողովրդականօրէն ընտրուած նախագահին իրաւասութեան ժամկէտը հինգ տարի է: Ներկայիս նախագահը 2009-ին ընտրուած եւ 2014-ին վերընտրուած Տարիա Կրիպաուսքայթէն է:<br />


[[Պատկեր:2009 Respublikos prezidento inauguracija 13.jpg|մինի|ձախից|240px|<small>Տարիա Կրիպաուսքայթէն 2009-ին</small>]]<br />
[[Պատկեր:Dalia_Grybauskaitė_2010-03-11.jpg|մինի|ձախից|240px|<small>Տարիա Կրիպաուսքայթէն 2010-ին</small>]]<br />


Երկիրին խորհրդարանը կը համարուէ Սեյմասը՝ 141 տեղերով: Պատգամավորներէն 71-ը կը ընտրուէն մեծամասնական ցանկով, մնացած 70-ը՝ համամասնական-ցանկային համակարգով չորս տարի ժամկէտով:
Երկիրին խորհրդարանը կը համարուէ Սեյմասը՝ 141 տեղերով: Պատգամավորներէն 71-ը կը ընտրուէն մեծամասնական ցանկով, մնացած 70-ը՝ համամասնական-ցանկային համակարգով չորս տարի ժամկէտով:

07:59, 10 Ապրիլ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երկիր (արեւմտահայերէն)

13րդ դարեն յետոյ Լիթուանիոյ տարածքի փոփոխութիւնը

Լիթուանիա (լիթուաներէն` Lietuvos Respublika), պաշտօնապէս Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն` երկիր մըն է Արեւելեան Եւրոպային մէջ[1]:

Երկիրին մէջ կ'ապրի 3 մլն մարդ։ Կը գտնուէ Պալթեան Ծովուն ափը։ Սահմանակից է Լաթվիոյ, Պելառուսիոյ, Ռուսիոյ եւ Լեհաստանին: Տարածքը` 65.2 հզր. քմ²:

Լիթուանիոյ հիմնական բնակիչները լիթուանացիներն են։

Պատմութիւն

Առանձին տեղերում պալթեան ցեղերով բնակեցուած լինելով 1230-ականներուն Լիթուանիոյ հողերը միաւորուեցան Մինտաուկասին կողմէ, ով թագադրուեցաւ 1253 Յուլիս 6ին:[2] Անոր սպանութենէն ետք 1263-ին հեթանոսական Լիթուանիան թիրախ կը հանդիսանար թեւթոնական Ասպետներու եւ Լիվոնեան Օրտերի խաչակիրներու արշաւանքներուն համար: Չնայած անոնց տասնամեակներով ըրած ավերումները, Լիթուանիոյ Մեծ Դքսութիւնը արագ ընդլայնուեցաւ ներառելով նախկին սլավոնական Քիեւեան Ռուսիոյ իշխանապետութիւնը:

Թրաքայի ամրոցը

14րդ դարու կողմը Լիթուանիան Եւրոպայի խոշորագոյն երկիրը եղած է եւ կ'ընդգրկէր ներկայիս Պելարուսը, Ուքրաինան եւ Լեհաստանի ու Ռուսիոյ մասերը: Արեւմուտքի եւ արեւելքի միջեւ աշխարհաքաղաքական դիրքով կ'որոշուէր Լիթուանիոյ Դքսութեան բազմամշակութային եւ բազմադաւանանքային բնոյթը: Ղեկավար վերնախաւը կը ցուցաբերէր կրօնական հանդուրժողականութիւն եւ պաշտօնական փաստաթղթերուն համար սլավոնական լեզուն կը գործածուէր որպէս լատիներէնի օժանդակ լեզու:
1385-ին Մեծն Դուքս Եոկայլան լեհերուն կողմէ առաջարկուեցաւ դառնալ իրենց թագաւոր: Եոկայլան ձեռնամուխ եղաւ Լիթուանիոյ քրիստոնէացմանը եւ հիմնեցաւ Լեհաստանի եւ Լիթուանիւյ միասնական կառաւարումը: Ան կ'ենթադրէր, որ Եւրոպայի վերջին հեթանոսական տարածք Լիթուանիան պիտի դառնայ քրիստոնէական:
Երկու քաղաքացիական պատերազմներէն ետք Մեծն Վիթաւթասը 1392-ին դարձաւ Լիթուանիոյ Մեծն Դուքս: Անոր իշխանութեան տարիներուն Լիթուանիան հասաւ իր տարածքային նուաճումներու բարձրակէտին, սկսուեցաւ պետականութեան կեդրոնացումը եւ լիթուանական ազնուականութիւնը դարձաւ աւելի ու աւելի պետական քաղաքականութիւն վարող: Վորսքլայ գետի ճակատամարտին, 1399-ին Թոխթամիշի եւ Վիթաւթասի միացեալ ոյժերը ջախջախուեցան մոնկոլներու կողմէ: Լիթուանիոյ եւ Լեհաստանի բանակներու սերտ համագործակցութեան շնորհիւ 1410-ին հասան խոշոր յաղթանակի Թեւթոնական Ասպետներու նկատմամբ Կրիւնվալտի ճակատամարտին, որը Միջնադարի Եւրոպային մէջ խոշորագոյններէն մին եղած է: [3][4][5]

Հիւսիսային Պատերազմին (1655–1661) լիթուանիոյ տարածքը եւ տնտեսութիւնը աւերուեցաւ Շուէտի բանակին կողմէ: Անորը յաջորդեցաւ Մեծ Հիւսիսային Պատերազմը, որուն ընթացքին զոհերուն թիւը հասաւ երկիրին բնակչութեան 40%-ը:[6] Դուրսին ոյժերը, նամանաւանդ՝ Ռուսիան, դարձան Համագործակցութեան ներքին գործերու գերական: Ի վերջոյ, Համագործակցութիւնը մասնատուեցաւ Ռուսիոյ Կայսրութեան, Փրուսիոյ եւ Աւստրիոյ Հապսպուրկներու միջեւ 1772, 1792 եւ 1795 թուականներուն:
Լիթուանիոյ տարածքի մեծ մասը անցաւ Ռուսիոյ Կայսրութեան տիրապետութեանը: 1831-ի եւ 1863-ի անյաջող ապստամբութիւններէ ետք ցարական պաշտօնեաները սկսեցան ռուսականացման քաղաքականութիւն: Անոնք արգելեցին լիթուանական մամուլը, փակեցին մշակոյթի եւ կրթական հաստատութիւնները եւ Լիթուանիան դարձրեցին վարչական երկրամաս:

20րդ Եւ 21րդ Դարերը

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ժամանակ 1918 թուականի Փետրուար 16ին Լիթուանիոյ Խորհուրդը հռչակեցաւ Լիթուանիոյ անկախութիւնը եւ Լիթուանիոյ պետականութեան վերականգնումը: 1920 Հոկտեմբեր ամսուան Լեհաստանը գրաւեցաւ Լիթուանիոյ պատմական մայրաքաղաք Վիլնիւսը: Հետագայ 19 տարիներին երկիրին մայրաքաղաքը ժամանակաւորապէս դարձաւ Քաունասը: 1923-ին ձեռք բերուած Կլայփետայի երկրամասը 1939-ին Լիթուանիան զիջեցաւ Գերմանիոյ: Երկու պատերազմներու միջեւ եղած ժամանակը երկիրը կը կառավարէր 1926-ին իշխանութեան եկած Անթանաս Սմեթոնայի կուսակցութիւնը:
1939-ին Լեհաստան ներխուժած Խորհրդային Միութիւնը Վիլնիւսը վերադարցուց Լիթուանիան: Զաւթումէն հետեւեցան լիթուացիներու զանգուածային ձերբակալութիւնները եւ աքսորները, որոնց թիւը 34 000-ի հասած էր:
Տարի մը անց երկիրը զաւթեցաւ նազիսթական Գերմանիան եւ անմիջապէս սկսուեցաւ հրէաներու կոտորածը, 1941 Դեկտեմբերի 1ի դրութեամբ սպաննուեցան 190 000 հրէաներ: Սպաննուեցան նաեւ լիթուանացի մտաւորականներ, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ գնչուներ:

Պետութեան Կառուցուածքը

Լիթուանիան խորհրդարանային հանրապետութիւն է, նախագահականին բնորոշ գիծերով: Համաժողովրդականօրէն ընտրուած նախագահին իրաւասութեան ժամկէտը հինգ տարի է: Ներկայիս նախագահը 2009-ին ընտրուած եւ 2014-ին վերընտրուած Տարիա Կրիպաուսքայթէն է:

Տարիա Կրիպաուսքայթէն 2010-ին


Երկիրին խորհրդարանը կը համարուէ Սեյմասը՝ 141 տեղերով: Պատգամավորներէն 71-ը կը ընտրուէն մեծամասնական ցանկով, մնացած 70-ը՝ համամասնական-ցանկային համակարգով չորս տարի ժամկէտով:

Հարեւան Երկիրները

Կաղապար:Հարեւան Երկիրներ

Ծանօթագրութիւններ

  1. «Composition of macro geographical (continental) regions, geographical sub-regions, and selected economic and other groupings»։ United Nations Statistics Division։ արտագրուած է՝ 9 November 2008 
  2. (Լիթուաներէն) Tomas Baranauskas. Lietuvos karalystei – 750. 2001.
  3. Lithuania: Stepping Westward https://books.google.com/?id
  4. The New Encyclopædia Britannica Հատոր 17 (1998) Էջ 545
  5. Ideology and national identity in post-communist foreign policies https://books.google.com/books?id Էջեր186–
  6. Անկախութիւն Տանող Ճամբան http://www.liw.lt/archive_vid.php?shid=1211283347&id=1211283055 https://web.archive.org/web/20110512014106/http://www.liw.lt/archive_vid.php?shid