«Լիբանան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Հետ է շրջվում 5503174 խմբագրումը, որի հեղինակն է՝ Hajoxutyun (քննարկում) մասնակիցը
Հետ է շրջվում 5503173 խմբագրումը, որի հեղինակն է՝ Hajoxutyun (քննարկում) մասնակիցը
Տող 3. Տող 3.


Անուանումը տրուած է այդ լեռները տարուան ընթացքին մեծ մասամբ ձիւնածածկ ըլլալուն, կամ կրաքարային ժայռերու գոյնին պատճառով<ref>{{cite book|author = Հ. Ղ. Գրգեարյան, Ն. Մ. Հարությունյան|title = Աշխարհագրական անունների բառարան|publisher = «Լույս»|location = Երևան|year = 1987|page = }}</ref>։
Անուանումը տրուած է այդ լեռները տարուան ընթացքին մեծ մասամբ ձիւնածածկ ըլլալուն, կամ կրաքարային ժայռերու գոյնին պատճառով<ref>{{cite book|author = Հ. Ղ. Գրգեարյան, Ն. Մ. Հարությունյան|title = Աշխարհագրական անունների բառարան|publisher = «Լույս»|location = Երևան|year = 1987|page = }}</ref>։

==Պատմութիւն ==
Լիբանան արաբական փոքր երկիր մըն է [[Միջերկրական Ծով (արեւմտահայերէն)|Միջերկրական ծով]]ու արեւելեան ափին: Մարդիկ հոն ապրած են հնագոյն ժամանակներէն: Հնաբանները երկրին տարածքին յայտնաբերած են կարգ մը ժողովուրդներու մշակոյթներու հետքեր: Վաճառաշահ հարուստ քաղաքներով ու զարգացած գիւղատնտեսութեամբ այս երկրամասը, որ նախապէս կը կոչուէր [[Փիւնիկէ]], շատ հին պատմութիւն ունի: Տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին զայն գրաւած են եգիպտացիներն ու խեթերը, բաբելացիներն ու պարսիկները, ասորեստանցիներն ու հռոմէացիները, եւրոպացի խաչակիրներն ու թուրքերը:
[[Պատկեր:BaalbekBacchusTemple.jpg|մինի|ձախից|Պաալպէքի Տաճարը]]
Լիբանանի մէջ կը գտնուի ճարտարապետութեան հնագոյն յուշարձաններէն մէկը՝ Պաալպէք կամ Հելիոպոլիս հին բնակավայրը, որ գոյություն ունեցած է Ք.ա. դարեր առաջ: Տակաւին կը պահպանուին հռոմէացիներու կառուցած տաճարային վիթխարի համալիրի աւերակները, որոնք մինչեւ այսօր այցելուներու հիացմունքին կ'արժանանան:
[[Պատկեր:Flag of Lebanon during French Mandate (1920-1943).svg|մինի|աջից|Լիբանանեան դրօշը՝ Ֆրանսական գերիշխանութեան շրջանին (1920-1943)]]
Մինչեւ [[Համաշխարհային Ա. պատերազմ]], Լիբանան Օսմանեան կայսրութեան նահանգներէն մէկն էր: Պատերազմէն ետք, Ազգերու լիկայի մանտատով զայն կը կառավարէ [[Ֆրանսա]]ն:22 Նոյեմբեր, 1943-ին Լիբանան կը հռչակուի անկախ հանրապետութիւն, բայց ֆրանսական զօրքերը հոնկէ կը հեռանան 1946-ին:
[[Պատկեր:Riad as-Solh, Bechara El Khoury, Georges Catroux.gif|մինի|ձախից|Ռիատ ալ Սոլհ վարչապետ, Պըշարա Խուրի՝ Նախագահ եւ Ժորժ Քաթրօ (Ֆրանսա Լիբանանի անկախութիւնը ընդունելէ ետք) ]]
1970-ական թուականներուն այդ փոքրիկ բարգաւաճ երկիրը նոր փորձութեան կ'ենթարկուի. Լիբանանի տարածքին [[Իսրայէլ]]ի հետ հակամարտող Պաղեստինի ազատագրական կազմակերպութեան առկայութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ Իսրայէլ բազմիցս յարձակի Լիբանանի վրայ, իսկ 1982-ին նոյնիսկ կը գրաւէ անոր ամբողջ հարաւն ու մայրաքաղաք Պէյրութի արեւմտեան մասը: Այդ պայմաններուն մէջ Լիբանանի մէջ կը բռնկի քաղաքացիական պատերազմը, որ մեծ վնաս կը պատճառէ երկրին:
Լիբանանի հիմնական բնակիչները արաբներն են, կ'ապրին նաեւ հայեր, քիւրտեր, յոյներ, թուրքեր եւ պարսիկներ:


==Պետական կառոյցը ==
==Պետական կառոյցը ==

08:25, 19 Նոյեմբեր 2017-ի տարբերակ

Անուանում

Պետութեան անուանումը յառաջացած է լեռնաշղթային անունէն․ արաբերէն՝ Ժապալ Լուպնան, լատիներէն՝ Libanus mons, հին յունարէն՝ Լիբանոս։ Ըստ այլ բնագիրներու, այս անուանումները կը յառաջանան սեմական լեզուներէն (ասորերէն՝ Լաբնանա, եբրայերէն՝ Լ֊Բանոն) «սպիտակ լեռ»։

Անուանումը տրուած է այդ լեռները տարուան ընթացքին մեծ մասամբ ձիւնածածկ ըլլալուն, կամ կրաքարային ժայռերու գոյնին պատճառով[1]։

Պատմութիւն

Լիբանան արաբական փոքր երկիր մըն է Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին: Մարդիկ հոն ապրած են հնագոյն ժամանակներէն: Հնաբանները երկրին տարածքին յայտնաբերած են կարգ մը ժողովուրդներու մշակոյթներու հետքեր: Վաճառաշահ հարուստ քաղաքներով ու զարգացած գիւղատնտեսութեամբ այս երկրամասը, որ նախապէս կը կոչուէր Փիւնիկէ, շատ հին պատմութիւն ունի: Տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին զայն գրաւած են եգիպտացիներն ու խեթերը, բաբելացիներն ու պարսիկները, ասորեստանցիներն ու հռոմէացիները, եւրոպացի խաչակիրներն ու թուրքերը:

Պաալպէքի Տաճարը

Լիբանանի մէջ կը գտնուի ճարտարապետութեան հնագոյն յուշարձաններէն մէկը՝ Պաալպէք կամ Հելիոպոլիս հին բնակավայրը, որ գոյություն ունեցած է Ք.ա. դարեր առաջ: Տակաւին կը պահպանուին հռոմէացիներու կառուցած տաճարային վիթխարի համալիրի աւերակները, որոնք մինչեւ այսօր այցելուներու հիացմունքին կ'արժանանան:

Լիբանանեան դրօշը՝ Ֆրանսական գերիշխանութեան շրջանին (1920-1943)

Մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմ, Լիբանան Օսմանեան կայսրութեան նահանգներէն մէկն էր: Պատերազմէն ետք, Ազգերու լիկայի մանտատով զայն կը կառավարէ Ֆրանսան:22 Նոյեմբեր, 1943-ին Լիբանան կը հռչակուի անկախ հանրապետութիւն, բայց ֆրանսական զօրքերը հոնկէ կը հեռանան 1946-ին:

Ռիատ ալ Սոլհ վարչապետ, Պըշարա Խուրի՝ Նախագահ եւ Ժորժ Քաթրօ (Ֆրանսա Լիբանանի անկախութիւնը ընդունելէ ետք)

1970-ական թուականներուն այդ փոքրիկ բարգաւաճ երկիրը նոր փորձութեան կ'ենթարկուի. Լիբանանի տարածքին Իսրայէլի հետ հակամարտող Պաղեստինի ազատագրական կազմակերպութեան առկայութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ Իսրայէլ բազմիցս յարձակի Լիբանանի վրայ, իսկ 1982-ին նոյնիսկ կը գրաւէ անոր ամբողջ հարաւն ու մայրաքաղաք Պէյրութի արեւմտեան մասը: Այդ պայմաններուն մէջ Լիբանանի մէջ կը բռնկի քաղաքացիական պատերազմը, որ մեծ վնաս կը պատճառէ երկրին: Լիբանանի հիմնական բնակիչները արաբներն են, կ'ապրին նաեւ հայեր, քիւրտեր, յոյներ, թուրքեր եւ պարսիկներ:

Պետական կառոյցը

Լիբանանի Խորհրդարանը

Լիբանան խորհրդարանական հանրապետութիւն է։ Պետութեան ղեկավարը նախագահն է։ Նախագահը կ'ընտրուի խորհրդարանին կողմէ (առաջին փուլի ձայներու երկու երրորդը, իսկ երկրորդ փուլի՝ պարզ մեծամասնութեամբ) 6 տարի ժամանակաշրջանով։ Իր հերթին, նախագահը կը նշանակէ վարչապետը՝ խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ խորհրդակցելէ ետք։ Խորհրդարանի պատգամաւորները՝ թիւով 128 հոգի, որոնք կ'ընտրուին չորս տարին անգամ մը շրջանային ընտրութիւններով, ուր ընտրուող անդամներու թիւը կ'որոշուի ըստ շրջանի մեծութեան եւ բնակչութեան քանակին։

Հանրապետութեան ժողովրդավարական քաղաքական համակարգը եւ խօսքի ու հաւատքի սահմանադրականօրէն ձեւակերպուած ազատութիւնները լայն ճանապարհ կը հարթեն քաղաքական կուսակցութիւններու առջեւ։

Քաղաքական կուսակցութիւններ

Երկրին մէջ կը գործեն աւելի քան 30 կուսակցութիւններ եւ քաղաքական խմբաւորումներ, անոնցմէ են՝ (Հնչակեան, Ռամկավար-ազատական եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւն) կուսակցութիւնները, «Համայնավար» (1924), «Քաումի» (1932), «Արաբ երիտասարդներ» (1932),«Առաջադիմական ժողովրդավարական» (1949), «Լիբանանի Փաղանգաւոր» (1936),«Պաաս» (1940),« Մայրիի Պաշտպաններ», «Ազգային Պլոք», «Ազգային Ազատական» (հիմնուած՝ 1958-ին),«Մուրապիթուն», «Լիբանանեան Ուժեր», «Ամալ», «Հըզպալլա», «Ազատ Ազգային Հոսանք», «Մուսթաքպալ Հոսանք», «Մարատա Հոսանք» եւ «Ուաըտ» կուսակցութիւնները եւ ուրիշներ։

Աշխարհագրութիւն

Լիբանանի խորհրդանիշ՝ Մայրիի ծառը

Լիբանանը լեռնային երկիր է։ Հարաւ-արեւմուտքէն հիւսիս-արեւելք կ'երկարին Լիբանանի լեռները մինչեւ 3083 մ. (Քուրնըթ ալ-Սաուտա լեռ) բարձրութեամբ։ Առափնեայ մասը 1.5-15 քմ լայնքով հարթավայր է։ Ափերը ցածրադիր են, թոյլ կտրտուած ծոցերով, ափագիծը՝ 200 քմ.։ Տարածուած են աւազաբլուրները եւ ժայռոտ հրուանդանները, որոնք կը յառաջացնեն բնական նաւահանգիստներ (Պէյրութ, Թրիփոլի, Սուր): Լիբանանի եւ Անդրլիբանանի (երկրի սահմաններուն մէջ կը գտնուին միայն արեւմտեան լանջերով) լեռներու միջեւ կ'երկարի Պեքաա միջլեռնային հովիտը (8-14 քմ. լայնքով, 750-900 մ. բարձրութեամբ):

Լիբանանի նկարը տիեզերքէն։ Ձնածածկոյթ կարելի է տեսնել երկրի արեւմտեան եւ արեւելեան լեռնաշղթաներու վրայ։

Կլիմայ

Կլիման մերձարեւադարձային է, չոր ամառով եւ խոնաւ ձմեռով։ Ծովափին Յունուարի միջին ջերմաստիճանը 13 ° է, Յուլիսինը՝ 28 °, տարեկան տեղումները՝ 750—1000 մ.մ., լեռներուն մէջ՝ 1000—3000 մ.մ. (լեռնագագաթներու ձիւնը կը պահպանուի Դեկտեմբերէն Մայիս), Պեքաայի հովիտին մէջ եւ ԱնդրԼիբանանի լեռներու արեւմտեան լանջերուն վրայ՝ 400—800 մ.մ.։

Ներքին Ջուրեր եւ Հողեր

Գետերը մեծ չեն, ամրան յաճախ կը չորնան։ Մեծ գետերը՝ Էլ-Լիթանին եւ էլ-Ասին, կ'օգտագործուին ոռոգման համար եւ հիտրօուժերու աղբիւրներ են։ Առափնեայ մասերուն մէջ եւ լեռներու ստորին լանջերուն տարածուած են նարնջագոյն, աւելի բարձր մասերուն մէջ՝ մոխրանարնջագոյն քարքարոտ հողերը։

Լիբանանահայ Համայնքը

Լիբանանահայութիւնը ամէնէն հին հայկական գաղութներէն մէկն է աշխարհի տարածքին: Ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդի մասնիկները շատ կարճ ժամանակահատուածի մը մը ընթացքին, Լիբանանի մէջ ստեղծած են ծաղկուն հայկական գաղթօճախ մը՝ բազմազան եւ բազմաբնոյթ ենթակառոյցներով` եկեղեցիներով, վանքերով, դպրոցներով, մամուլով, մշակութային, մարզական եւ բարեգործական միութիւնններով, աճեցնելով հայախօս ու հայրենասէր նոր սերունդներ: Հայերը` Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին եղբայրական վերաբերմունքին շնորհիւ կը յաջողին պահպանել հարուստ ազգային մշակոյթն ու արժէքները եւ լիիրաւ քաղաքացիներ ըլլալով` իրենց աշխատասիրութեան եւ տաղանդին շնորհիւ շօշափելի ներդրում կ'ունենան Լիբանանի զարգացման եւ բարգաւաճման գործին մէջ: Լիբանանահայութիւնը իր ուրույն դերակատարութեամբ եւ ներուժով կը հանդիսանայ երկու բարեկամ երկիրները` Հայաստանն ու Լիբանանը միացնող ամուր եւ յուսալի կամուրջը: Լիբանանահայ գաղութը մինչեւ 1970-ական թուականներու կէսերը շուրջ 250-300 հազար կը հաշուէր: Քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմին ու անոր հետեւանքով յառաջացած անապահովութեան ու տնտեսական տեւական ճգնաժամերուն հետեւանքով այդ թիւը կր նուազի, հասնելով շուրջ 140-150 հազարի:

Համայնքին քաղաքական կառոյցը

Լիբանան տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած է հայ երեք աւանդական կուսակցութիւններու կեդրոնատեղին, կամ անոնց կարեւորագոյն օղակներէն մէկը: Լիբանանի մէջ կը գտնուին բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հսկայ կառոյցներ, ինչպէս՝ «Համազգային» մշակութային միութիւնը, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.), Հայ մարզական միութիւնը (Հ.Մ.Մ.) եւ այլն:

Եկեղեցիները

Լիբանան հայ եկեղեցական մեծագոյն կեդրոններէն է: Հոն կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք-կաթողիկոսի (Կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ), Հայոց եւ Մերձաւոր Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահի նստավայրերը:

Կրթական, բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կապեր

Լիբանանահայ գաղութը աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ տարածաշրջանի բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կեանքէն ներս կազմելով Լիբանանի բազմերանգ հասարակութեան կարեւորագոյն մասը: Անոր կը նպաստեն գործող բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կազմակերպութիւնները (Հ.Բ.Ը.Մ., Համազգային, Լ.Օ.Խ., Թ.Մ.Մ., Հ.Մ.Ը.Մ., Հ.Մ.Մ., Հ.Ե.Ը. եւ այլն): Գաղութին մէջ կը գործեն մեծ թիւով հայկական վարժարաններ, որբանոցներ, ծերանոցներ, բժշկական եւ մշակութային կեդրոններ, հայրենակցական, արհեստակցական եւ մասնագիտական միութիւններ, յատկապէս՝ լիբանանահայ բժշկական միութիւնը, հայ արհեստավարժներու միութիւնը, գործարարներու միութիւնը, ընկերային ծառայողներու միութիւնը: Պէյրութի մէջ կը գտնուի Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը` Հայկազեան համալսարանը:

Պէյրութի Հայկազեան Համալսարան

Լիբանանահայ դպրոցները կ'առաջնորդուին պետական դպրոցական ծրագիրով`իրենց ուսումնական ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացնելով նաեւ հայագիտական առարկաներուն: Լիբանանահայ գաղութին դպրոցական ցանցը ներկայիս կը մնայ սփիւռքի ամէնէն կազմակերպուած ցանցերէն մէկը: Լիբանանահայ գաղութը մշտական կապ կը պահէ հայրենիքի հետ` կարճ կամ երկար ժամկէտներով անուանի արուեստագէտներ (բեմադրիչներ, դերասաններ, խմբավարներ, նկարիչներ, երգիչներ, պարուսոյցներ եւ պարախումբեր), մարզիկներ եւ մարզիչներ հրաւիրելով Հայաստանէն:

Լիբանանահայ մամուլ

Լիբանանահայ մանուլը ունի հարուստ աւանդոյթներ: Կը տպուին բազմաթիւ ամսագիրներ, եռամսեաներ, տարեգիրքեր, շաբաթաթերթեր եւ այլն, որոնց մէջ կ'առանձնանան երեքը` «Ազդակ» (Հ.Յ.Դ.), «Զարթօնք» (Ռ.Ա.Կ.) եւ «Արարատ» (Ս.Դ.Հ.Կ.) թերթերը: Կը գործեն նաեւ «Վանայ Ձայն» եւ «Ռատիօ Սեւան» ձայնասփիւռի կայանները: "Future" եւ "OTV" hեռատեսիլի կայաններէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պետական ձայնասփիւռի կայանէն ամէնօրեայ կէս ժամ տեւողութեամբ հաղորդումներ կը հեռարձակուին հայերէն լեզուով:

Արուեստի ցուցասրահներ

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» եւ «Նոյեան Տապան» ցուցասրահներուն մէջ յաճախակի կը կազմակերպուին արուեստի գործիչներու ցուցահանդէսներ [2]:

Պատկերասրահ

Աղբիւրներ

Կաղապար:Վիքիքաղվածք

Ծանօթագրութիւններ

  1. Հ. Ղ. Գրգեարյան, Ն. Մ. Հարությունյան (1987)։ Աշխարհագրական անունների բառարան։ Երևան: «Լույս» 
  2. http://lebanon.mfa.am/hy/community-overview/ Լիբանանահայ Համայնքը

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից Կատեգորիա:Լիբանան (արւմտ․) Կատեգորիա:Ասիա (արւմտ․)