«Լեւոն Շանթ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 142. Տող 142.
[[Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ բանասէրներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ բանասէրներ]]
[[Կատեգորիա:Արձակագիրներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ արձակագիրներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ արձակագիրներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Արեւմտահայ բանաստեղծներ]]
[[Կատեգորիա:Արեւմտահայ բանաստեղծներ]]

15:03, 5 Ապրիլ 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Լեւոն Շանթ (Լեւոն Նահաշպետեան-Սեղբոսեան) (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս - 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ), հայ Թատերագիր, Վիպագիր, Բանաստեղծ, ուսուցիչ, տնօրէն, եւ հասարակական գործիչ։ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան խորհդարանի անդամ եւ ապա խորհրդարանի փոխ նախագահ։ Հիմնադիր «Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան» եւ Պէյրութի Հայ (ապագային Նշան Փալանճեան) Ճեմարանին։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գլխաւոր մարմիններու անդամ։

Կենսագրութիւն

1869-1899 Պոլիս, Էջմիածին, Լայփցիկ, University of Jena|Ճենա, Միւնիխ

Լեւոն Շանթին նուիրուած ՀՀ նամականիշ

Ծնած է Պոլիս 1869-ին բուն անունով Լեւոն Նահաշպետեան ապա հօրը Սեղբոսի անունով կը կոչուի Սեղբոսեան։ Մանուկ տարիքին կը կորսնցնէ մայրը ապա հայրը։ Մինչեւ 13 տարեկան կը յաճախէ Սկիւտարի վարժարանը։ Իբր ուշիմ աշակերտ 1884-ին խումբ մը պատանիներու հետ (որոնցմէ էր Սողոմոն Սողոմոնեան-ապագային՝ Կոմիտաս Վարդապետ) կը մեկնի Էջմիածին յաճախելու Գէորգեան Ճեմարանը։ Եօթը տարի ուսանելէ ետք կ՛աւարտէ Ճեմարանը եւ կը վերադառնայ Պոլիս։ Տարեշրջան մը ուսուցչութիւն կ′ընէ, նաեւ Պոլսոյ «Հայրենիք»ին մէջ կը հրատարակէ «Մնաք Բարովի Իրիկունը» երգիծական վիպակը։ 1891-ին քսան Երկու տարեկան Լեւոնը Լեւոն Շանթ գրական ծածկանունով Պոլսոյ «Հայրենիք» Օրաթերթ»ի մէջ լոյս կ՛ընծայէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները։

1892–ին, կը մեկնի ուսանելոււ Գերմանիա։ Եօթը տարի կը հետեւի մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ յարակից ճիւղերու Լայպցիգի, Ճենայի եւ Միւնիխի համալսարանները։ Կը գրէ եւ կը հրատարակէ բանաստեղծութիւներ ու փոքր վէպեր («Դրսեցիները», «Վերժին»․․․)։ Ասոնք, ընդհանրապէս իրապաշտ ներշնչումով, խառնուած են վիպապաշտական եւ այլ տարրերու հետ։

Գէորգ Բաշինջաղեան,Կոմիտաս, Ղազարոս Աղայեան, Վրթանէս Փափազեան, Լեւոն Շանթ,Աւետիք Իսահակեան, Յովհաննէս Թումանեան

1899 - 1913 Թիֆլիս, Երեւան, Եւրոպա, Պոլիս

Կը դառնայ Կովկաս։ 1899–էն մինչեւ 1910 կը դասաւանդէ Թիֆլիսի Գայանեան Աղջկանց եւ Երեւանի Թեմական դպրոցներուն մէջ։ Կովկաս ապրած շրջանին սերտ յարաբերութիւններ կը ստեղծէ արեւելահայ գրողներու հետ եւ կը մասնակցի Յովհաննէս Թումանեանի «Վերնատուն» գրական խմբակի ժողովներուն եւ Ս. Լիսիցեանի եւ Թումանեանի հետ կը հրատարակեն «Լուսաբեր» դասագիրքերու շարքը։ Կը գրէ իր առաջին թատերակները ինչպէս՝ «Եսի Մարդը»։

1911-ի մէկ տարի Եւրոպա մնալէ ետք կը վերադառնայ Պոլիս ուր մինչեւ 1913 կը դասաւանդէ Կեդրոնական եւ Եսայեան վարժարաններուն մէջ։ Կը գրէ իր առաջին մեծ թատրերգութիւնը՝ «Հին Աստուածներ»ը։

1913 - 1921 Եւրոպա,, Անկախ Հայաստան

Լեւոն Շանթ եւ Յովհաննէս Քաջազնունի

1913–ին, կրկին կ′անցնի Եւրոպա։ 1915-ին Եւրոպա ըլլալով կ՛ազատի Ապրիլեան Եղեռնէն։ 1919-ին կ՛ընտրուի Հայաստանի Ա Հանրապետութեան Խորհրդարանի անդամ եւ կ՛ըլայ փոխ ՟նախագահներէն մէկը։ Ապրիլ 1920-ին յատուկ պատուիրակութեամբ կը մեկնի Մոսկուա բանակցելու համար Ռուս Կոմունիստ իշխանութիւններուն հետ՝ ապարդիւն։ Այս շրջանին կը շարունակէ գրել, տալով «Կայսրը» եւ այլ թատերակներ։

1921-1929 Մարսէյլ, Աղեքսանդրիա, Գահիրէ

1921–ին Պարսկաստանի ճամբով կ՛անցնի Մարսէյ ուր կը հաստատուի մինչեւ 1925 վարելով ուսուցչական պաշտօններ։ 1926-ին Նիկոլ Աղբալեան զինք կը հրաւիրէ Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) դասաւանդելու համար Ազգային Պողոսեան վարժարանի մէջ որուն տնօրէնն էր Աղբալեան։ Մայիս 28 1928-ին Գահիրէյի մէջ խումբ մը մտաւորականերու հետ կը հիմնէ «Համազգային Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը»։

1929-1951 Պէյրութ

Նշան Փալանճեան Ճեմարան-Թիւ 1 շէնքը

1929-ին Նիկոլ Աղբալեանի հետ կ՛անցնի Պէյրութ ուր 3 Մարտ 1930-ին կը հիմնեն Հայ Ճեմարանը. Հետագային Հայ Ճեմարանը կը ստանայ Համազգայինի Նշան Փալանճեան անունը իր բարերարին յիշատակին։ Շանթ Ճեմարանի տնօրէն կը մնայ մինչեւ իր մահը՚ 1951-ին։

Այս շրջանին, Շանթ կու տայ իր վերջին գրական գործերը՝ ծաւալուն թատրերգութիւն մը եւ վէպ մը։ Աւելի առատ է իր արտադրութիւնը գրական մարզէն դուրս՝ ընկերա-քաղաքական կամ գրական-տեսական ուսումնասիրութիւններ, նաեւ մանկավարժական գործեր։ Ասոնց կարգին հայերէն լեզուի դասագիրքերու շարքերը՝ «Մանկական Աշխարհ» եւ «Հայրենի Աշխարհ»։

Գրականութիւն

Բանաստեղծութիւններ Եւ Վիպակներ

  • «Մնաք Բարովի Իրիկունը» հրատարակուած Առաջին անգամ 1891-ին
  • «Երազ Օրեր» հրատարակուած 1892-ին
  • «Լերան Աղջիկը» հրատարակուած 1892-ին
  • «Դրսեցիները» հրատարակուած 1894-ին
  • «Երգեր» հրատարակուած 1896-ին
  • «Վերժին» հրատարակուած 1896-ին
  • «Դարձը» հրատարակուած 1897-ին
  • «Դերասանուհին» հրատարակուած 1898-ին
  • «Կինը» հրատարակուած 1912-ին
  • «Հոգիները Ծարաւի» հրատարակուած 1945-ին

Թատերախաղեր

  • «Եսի Մարդը» հրատարակուած Առաջին անգամ 1901-ին
  • «Ուրիշի համար» հրատարակուած 1903-ին
  • «Ճամբուն վրայ» հրատարակուած 1904-ին
  • «Հին Աստուածներ» հրատարակուած 1912]]-ին
  • «Կայսրը» հրատարակուած 1916-ին
  • «Շղթայուածը» հրատարակուած 1918-ին
  • «Ինկած բերդի իշխանուհին» հրատարակուած 1918-ին
  • «Օշին Պայլ» հրատարակուած 1928-ին

Գիտական Գործեր

  • Ընկերաբանական, Մանկավարժական, Բանահիւսական եւ հոգեբանական գործեր վեց հատորով
  • «Հայրենի Աշխարհ» Հայ լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու շարք մը
  • «Մանկական Աշխարհ» Հայ լեզուի դասագիրքերու շարք մը մանկապարտէզի յաջորդող առաջին հինգ տարիներու համար

1988-ին Լոս Անճըլըսի «Նոր Կեանք» հրատարակչատունը իր գեղարուեստական երկերը կը հրատարակէ 1600 էջէ աւելի երկու հատորով։

Գրական Հայեացքներ

Վիպակներ

Շանթ իրապաշտ գրող մը եղած է հակառակ Ռոմանթիկ (միջազգային) եւ Գեղապաշտ (Հայկական) շրջանի մէջ ապրած ըլլալուն։ Ան կը սիրէ կեանքի իրականութիւնը ներկայացնել որոշ գաղափարական ձգտումներով։ Իր վէպերուն մէջ կը տիրապետէ գեղեցիկը, վսեմը եւ արժէքաւորը։ Շանթի վէպերու հերոսները գիտուններ, մտաւորականներ, ուսանողներ եւ արուեստագէտներ են։ Կինը ներկայ է Շանթի վէպերուն մէջ իբրեւ ներշնչող գլխաւոր հերոս եւ ոչ իբր հաճոյքի առարկայ կամ պարզ ստորադաս էակ։ Այսպէս՝

«Մնաք բարովի իրիկունը» երկրէն մեկնող ուսանողի մը իր ծանօթ ընտանիքներուն մնաք բարով ըսելու գացող վիպակը երգիծական բնոյթ ունի։ «Երազ Օրեր»ու 17 տարեկան հերոսուհիին սիրահարութիւնն է իրեն դասաւանդող երիտասարդ ուսանողին։ «Լերան աղջիկը» Արագածի լանջերուն արձակուրդ անցնող ուսանողներու կեանքը եւ հովիւ աղջկան ներշնչած սէրը։ «Դրսեցիները» կը ներկայացնէ երիտասարդներ, որոնք կը պայքարին նախապաշարումներու եւ շահամոլութիւններու դէմ։ «Վերժին» կը ներկայացնէ հայ կինը որ կը փորձէ ուսուցչուհի ըլլալ հակառակ հանդիպած խոչնդոտներուն։ «Դարձը» երիտասարդ վարդապետի մը «դարձ»ը աշխարհիկ կեանք գեղեցիկ կնոջ մը հանդիպելէ ետք։ «Դերասանուհին» կը ներկայացնէ աղջիկ մը որ դերասանուհի կ՛ուզէ ըլլալ հակառակ իր սիրած տղուն արգելքին։ «Կինը» որուն հերոսուհին Ֆինլատացի կին մըն է սիրհարուած հայ նկարիչի մը։ «Հոգիները ծարաւի» ամուսնացած մարդու սէրը երիտասարդուհիի մը հանդէպ եւ իր կնոջ ազնիւ կեցուածքը։

Թատերախաղեր

Շանթ արեւմտահայ թատրոնի տիտաններէն մէկն է։ Իր ութը թատերական գործերը բեմ կը հանեն պայքարող մարդիկ ուր կը տեսնենք «Ես»ի եւ կամքի ընդհարումներ։ Շանթի հերոսները ձգտումներ ունին եւ կը պայքարին առհասարակ ընդունուած ընկերային սեղմումներու դէմ՝՝ օրինակ Վանահայրը կամ Օշին Պայլ։ Իր թատրերգութեան տեսակը խորհրդապաշտ է ուր կայ իտէալ եւ գաղափարական Թռիչք։ Այսպէս՝

«Հին Աստուածները» երիտասարդ աբեղայի մը սէրը կը ներկայացնէ Սեդա անունով աղջկայ մը հանդէպ որ կ՛ազատէ Սեւանայ լիճի ջուրերէն։ Սեդան Սեւանայ լճի վանքին հիմնադրութեան եւ ծախսերուն օգնող Իշխանուհիին եղբօր աղջիկն է որուն սիրահարուած էր վանահայրը։ Աբեղան կը փորձէ սակայն չի կրնար մոռնալ Սեդան ու անձնասպան կ՛ըլլայ նետուելով Սեւանի ջուրերուն մէջ։ Վանահայրը կը հեռանայ մեղքի վրայ հիմնուած կղզիէն։

«Շղթայուածը» կը ներկայացնէ Անի քաղաքի ազնուական եւ քաղքենի դասակարգերու կողմէ սկսած ապստամբութիւնը արաբական տիրապետութեան դէմ։ «Ինկած բերդի իշխանուհին» կիլիկեան հայ իշխանուհիին վրէժն է։ «Օշին Պայլ» կիլիկեան հայ իշխան մը որ իր սէրը կը զոհէ ամուսնանալով այրի թագուհիին հետ այսպէս ընդունելով գահին խնամակալքութիւնը (Պայլ)։ «Կայսրը» գրուած է Բիւզանդական կայսրութեան 10րդ դարուն ուր կան դաւեր կայսրուհիին կողմէ կայսրին հանդէպ եւ հայազգի Զօրավար Օհան Գուրգէնին։ Օհան կ՝ աքսորէ կայսրուհին կղզի մը եւ կը փորձէ ամուսնանալ հայ իշխանուհիի մը հետ։

Ուսուցիչ - Տնօրէնը

Լեւոն Շանթի կիսանդրին Նշան Փալանճեան Ճեմարանի Թիւ 1 շէնքի դիմաց

Իր ուսումնական կեանքի եւ գործունէթեան մէջ Շանթ մեզի կը ներկայանայ իբր ուսուցիչ, տնօրէն նոյն ատեն եւ իբր դաստիարակ եւ գիտուն։ Գիտնականի մօտեցումը չի հակազդեր դաստիարակի պաշտօնին այլ կը դառնայ հիմք ուսուցիչի եւ տնօրէնի դասաւանդումի աշխատանքին։ Ըստ իր աշակերտ Մուշեղ Իշխանին՝ ««Իր գլուխ գործոցը ոչ «Հին Աստուածներ»ն է ոչ ալ «Կայսրը» այլ իր իսկ անձնաւորութիւնը որ քար առ քար բարձրացած ստեղծում կը ներկայացնէր»»։ Շանթ կը սիրեր աշխատիլ անընդհատ՝ այս մէկը նկատելի է իր 40 տարուան ուսուցչական ասպարէզէն ներս իր բծախնդիր մօտեցումին դասաւանդած նիւթերուն հանդէպ։ Կը սիրեր ըսել՝ «Տղաքս աշխատեցէք, սուրբ է աշխատանքը։ Աշխատողը միայն մարդ կը դառնայ»։ Հայ Ճեմարանի (յետագային Նշան Փալանճեան) ուսուցչական կազմը, աշակերտները եւ նոյնպէս ծնողները կը յարգէին տնօրէնը այլ հասատատութեան հիմը ներկայացնող Շանթը. Տնօրէն մը որ չէր ճնշեր, որ գիտեր կազմակերպել, որ առանց իրեն կարծես դպրոցի գործերը կ՛ընդանային։

Աղբիւրներ

  1. Մինաս Թէօլէօլեան, «Դար մը Գրականութիւն», Ա. հատոր, Նիւ Եորք
  2. Մուշեղ Իշխան, «Արդի Հայ Գրականութիւն», Գ. հատոր, Պէյրութ, 1992
  3. Մուշեղ Իշխան, «Իմ Ուսուցիչներս», Պէյրութ, 1984
  4. Vartan Gregorian, «The road to home: my life and times», New York, 2003
  5. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, Հատոր 8, Երեւան
  6. Լեւոն Շանթ, Գեղարուեստական Գրութիւններ, Հատոր Ա - 1891 - 1914, Լոս ԱնՃելըս, 1988
  7. Լեւոն Շանթ, Գեղարուեստական Երկեր, Հատոր Բ -1896-1941, Լոս ԱնՃելըս, 1988

Արտաքին Յղումներ

Կատեգորիա:1869 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1951 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:6 Ապրիլի ծնածներ Կատեգորիա:Պոլիս ծնածներ Կատեգորիա:29 Նոյեմբերի մահացածներ Կատեգորիա:Պէյրութ մահացածներ Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ բանասէրներ Կատեգորիա:Հայ արձակագիրներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Արեւմտահայ բանաստեղծներ Կատեգորիա:Արեւմտահայ արձակագիրներ