«Լէօ Թոլսթոյ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 16. Տող 16.


Բացի Վոլքոնսքիներէն, Լեւ Թոլսթոյը բարեկամական կապեր ունէր նաեւ այլ ազնուական ընտանիքներու հետ, ինչպէս Կորչաքովները, Թրուպեցքիները եւ այլք։
Բացի Վոլքոնսքիներէն, Լեւ Թոլսթոյը բարեկամական կապեր ունէր նաեւ այլ ազնուական ընտանիքներու հետ, ինչպէս Կորչաքովները, Թրուպեցքիները եւ այլք։

=== Մանկութիւն ===
[[Պատկեր:VolkonskayaMN.jpg|200px|thumb|left|Մ․ Վոլքոնսքաիայի ուրուապատկերը՝ գրողի մօր միակ նկարը, 1810-ական թուականներ]]
[[Պատկեր:Nicolay Ilyich Tolstoy.jpg|200px|right|thumb|Նիքոլայ Իլէիչ Թոլսթոյ՝ գրողի հայրը, 1820-ական թուականներ]]
Լեւ Թոլսթոյ ծնած է 1828 թուականի [[Օգոստոս 28]]-ին, Թուլսքի նահանգի Քրափիվէնյըն գաւառը, մայրական ժառանգական կալուածքին մէջ՝ Եասնաիա Փոլիանա։ Ընտանիքի չորրորդ զաւակն էր։ 1830 թուականին, երբ տակաւին երկու տարեկան ալ չէր դարձած, մայրը մահացաւ՝ դստեր ծնունդէն կէս տարի ետք, այսպէս կոչուած՝ «հետծննդեան տենդէն»<ref group="Ն">«Պատերազմ և խաղաղություն» վեպում համապատասխան հանգամանքներում մահանում է Լիզա Բոլկոնսկայան՝ Անդրեյ Բոլկոնսկու կինը, իսկ «Աննա Կարենինա» վեպում գլխավոր հերոսուհին երազում ձայն է լսում, որը կանխագուշակում էր մահ ծննդաբերության ժամանակ։</ref>։

Որբացած երեխաներու դաստիարակութիւնը իր վրայ վերցուց հեռաւոր բարեկամուհին՝ Թ. Երկոլսքաիան։ 1837 թուականին ընտանիքը տեղափոխոււեցաւ [[Մոսկուա]]՝ հաստատուելով Փլիւշչիխա, քանի որ աւագ որդին կը պատրաստուէր համալսարան ընդունուիլ։ Շուտով յանկարծամահ եղաւ հայրը՝ Նիքոլայ Իլէիչը՝ անկատար թողնելով գործերը (նեռարեալ ՝ ընտանեկան ունեցուածքի հետ կապուած որոշ դատական խնդիրներ), եւ երեք կրտսեր երեխաները կրկին հաստատուեցան Եասնաիա Փոլիանա՝ Երկոլսքաիայի եւ հօրաքրոջ՝ երեխաներու խնամակալ նշանակուած կոմսուհի Ա․ Օսթըն Սաքընի հսկողութեամբ։ Այստեղ Լեւ Նիքոլայեւիչը մնաց մինչեւ 1840 թուական, երբ մահացաւ կոմսուհի Օսթըն Սաքընը, եւ երեխաները տեղափոխուեցան Քազան՝ իրենց նոր խնամակալի՝ հօր զարմուհիի՝ Պ. Ի. Եուշքովայի մօտ։

Կազանի մէջ Եուշքովներու տունը կը համարուէր ամենաուրախ տուներէն մէկը. ընտանիքին բոլոր անդամները բարձր կը գնահատէին արտաքին փայլը։ «Իմ բարի հօրաքոյրը,- կը պատմէր Թոլսթոյ,- պայծառ եւ պարկեշտ էակ, միշտ կ՝ըսէր, որ ոչ մէկ բան չի փափաքիր ինծի համար առաւելապէս, որքան այնքան, որ ես ամուսնանամ կնոջ մը հետ»<ref name="ЭСБЕ" />։

Լեւ Նիքոլայեւիչը կը փափաքէր փայլիլ հասարակութեան մէջ, բայց զինք կը խանգարէին բնածին ամչկոտութիւնն ու անհրապոյր արտաքինը։ Մեր կենցաղի կարեւորագոյն գաղափարներուն՝ կեանքի, մահուան, Աստուծոյ, սիրոյ, յաւերժութեան մասին, ինչպէս ինքը՝ Թոլսթոյ կը բնորոշէր, որ «տարաբնոյթ խոհերը իրենց կնիքն կը դրոշմէին կեանքի այդ շրջանին իր բնաւորութեան վրայ»։ «Յարութիւն» վէպին, «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» վիպակներուն մէջ նկարագրուած՝ Իրթենեւի եւ Նեխլիւտովի՝ ինքնակատարելագործման տենչերը վերցուած են գրողին՝ այդ ժամանակուան սեփական ճգնաւորական փորձառութիւններէն։ Այդ բոլորը, կը գրէ քննադատ Սեմիոն Վենկերովը, պատճառ դարձաւ, որ Թոլսթոյի մօտ ձեւաւորուի, «Պատանեկութիւն» վիպակով իր իսկ արտասանած խօսքերով գրուած, «զգացմունքներու թարմութիւնը եւ միտքի պայծառութիւնը ոչնչացնողը՝ մնայուն եւ անփոփոխ բարոյական վերլուծութեան սովորութիւնն է»<ref name="ЭСБЕ" />։



== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

11:38, 6 Նոյեմբեր 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ


Լեւ Նիքոլայ Թոլսթոյ[Ն 1] (ռուս.՝ Лев Никола́евич Толсто́й, 16 Օգոստոս 1828 - 7 Նոյեմբեր 1910), ռուս եւ համաշխարհային խոշորագոյն գրողներէն ու մտածողներէն մէկը, 1854-1855 թուականներու Սեւասթոփոլի, Ղրիմի թերակղզի (անգլ.՝ Sevastopol - The Crimean Peninsula) պաշտպանութեան մասնակից։ Լուսաւորական, հրապարակախօս, կրօնական մտածող, որուն հեղինակաւոր կարծիքը առաջացուցած է կրօնաբարոյական նոր հոսանք՝ թոլսթոյականութիւն։ Կայսերական Գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից-անդամ (1873), «պելեթրիսէիքայի» «belletrist» (այսինքն՝ գեղարուեստական արձակ գրականութիւն - Ֆրանս.՝ ՝ Belles-lettres . անգլ.՝belletrist) պատուաւոր ակադեմիկոս (1900)[1]։

Դեռ կենդանութեան օրերուն, որպէս ռուս գրականութեան գագաթ ճանչցուած գրող[2], Լեւ Թոլսթոյի արուեստը նշանաւորուեցաւ ռուսական եւ համաշխարհային ռէալիզմի (այսինքն՝ իրապաշտութիւն, անգլ.՝ realism) զարգացման նոր փուլը՝ իւրայատուկ կամուրջ դառնալով 19-րդ դարուն դասական վէպի եւ 20-րդ դարուն գրականութեան աւանդոյթներուն միջեւ։ Լեւ Թոլսթոյը հսկայական ազդեցութիւն ունեցաւ եւրոպական հումանիզմի եղափոխութեան (այսինքն Եւրոպական մարդկայնապաշտութեան բարեշրջութիւնը, աճումը - անգլ.՝European Humanism Evolution) , ինչպէս նաեւ՝ համաշխարհային գրականութեան ռէալիստական (այսինքն՝ իրապաշտական) աւանդոյթներուն զարգացման վրայ։ Լեւ Թոլսթոյի ստեղծագործութիւնները բազմիցս շարժանկարի վերածուելով ցուցադրուած են եւ բեմականացուած են ԽՍՀՄ-ի եւ արտասահմանի մէջ, իրեն թատրերգութիւնները (անգլ.՝ plays) բեմադրուած են աշխարհի բեմերուն վրայ[2]։


Առաւել յայտնի են Թոլսթոյի այնպիսի ստեղծագործութիւններ, ինչպիսիք են՝ «Պատերազմ Եւ Խաղաղութիւն» «War and Peace» , «Աննա Քարենինա» «Anna Karenina», «Յարութիւն» վէպերը, «Մանկութիւն» «Childhood», «Պատանեկութիւն» «Boyhood», «Երիտասարդութիւն» «Youth» [Ն 2]ինքնակենսագրական եռագրութիւնը[3][2] (այսինքն՝ եռամաս թատերախաղ - անգլ.՝ Trilogy), «Քազաքներ» «The Cossacks», «Իւան Իլյիչի մահը» «The Death of Ivan Ilyich», «Քրեյցերեան Սոնաթ» «The Kreutzer Sonata», «Հաճի Մուրատ» «Hadji Murad» վիպակները, «Սեւասթոփոլեան Պատմութիւններ» «Sevastopol Sketches» ակնարկներու շարքը, «Կենդանի Դիակ» եւ «Խաւարի Իշխանութիւն» թատերախաղերը (անգլ.՝ drama), «Խոստովանութիւն» «A Confession», եւ «Ո՞րն Է Իմ Հաւատքը» ինքնակենսագրական կրօնափիլիսոփայական ստեղծագործութիւնները եւայլն։

Կենսագրութիւն

Ծագում

Ինչպէս կը նշեն յայտնի աղբիւրներ 1351 թուականէն՝ ան ծագում ունէր ազնուական ընտանիքէն։ Հօր կողմէն անոր նախնիներէն էր կոմս Պետրոս Անտրէի Թոլսթոյը, որ յայտնի է արքայազուն Ալեքսէյ Պետրոսի հետաքննութեան մէջ իր ունեցած դերով, որուն համար ալ ան նշանակուեցաւ «Գաղտնի գրասենեակ»ի ղեկավարը[4]։ Պետրոս Անտրէեւիչի թոռան՝ Իլիա Անտրէեւիչի նկարագրութիւնը տրուած է Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» ստեղծագործութեան մէջ, ուր կը մարմնաւորէ բարեհոգի կոմս Ռոսթովին։ Իլիա Անտրէեւիչի տղան՝ Նիքոլայ Անտրէեւիչ Թոլսթոյը (1794-1837) Լեւ Նիքոլաեւիչ Թոլսթոյին հայրն էր։ Լեւ Թոլսթոյի հայրը որոշ կենսագրական եւ բնաւորութեան գիծերով նմանութիւններ ունէր Նիքոլայի հօրը՝ Նիքոլայ Ռոստովին «Մանկութիւն» (Childhood) եւ «Պատանեկութիւն» (Boyhood) ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ փոքր մաս մըն ալ «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ։ Բայց իրական կեանքին մէջ ան տարբեր էր Նիքոլայ Ռոսթովէն ոչ միայն լաւ կրթութեամբ, այլ եւ համոզմունքներով, որոնք չէին թոյլատրեր ծառայել Նիքոլայ Առաջինին։ Ան մասնակցած է Ռուսաստանի կողմէն Նափոլէոնի դէմ կազմակերպուած Ռուսաստանի արտասահմանեան բանակի արշաւանքին, միեւնոյն ժամանակ մասնակցեր է նաեւ Լէյփզիկի «Ժողովուրդներու Պայքարին», կալանուելով ֆրանսացիներուն կողմէն, սակայն կրցած է փախուստի դիմել եւ հաշտութիւն կնքուելէն ետք պաշտօնաթող եղած է Փաւլոկրատեան գուսարական գունդին գնդապետի աստիճանով։ Անմիջապէս պաշտօնէն հեռանալէն ետք ստիպուած եղաւ անցնիլ ծառայողական աշխատանքի, որպէսզի հօր՝ Կազանի (Kazan -Volga region) նահանգապետին պարտքերուն պատճառով երկար ժամանակով չբանտարկուի, որ մահացած էր պաշտօնի չարաշահման համար կիրառուած հետաքննութեան ընթացքին։ Հօր բացասական կերպարը օգնեց, որ Նիքոլայ Իլյիչին ընտրէ իր կեանքի իտէալը․ անկախ անձնական կեանք՝ ընտանեկան երջանկութեամբ[5]։ Որպէսզի կարգի բերէ իր գործերը Նիքոլայ Իլյիչը (ինչպես Նիքոլայ Ռոստովը) ամուսնացաւ ո՛չ այնքան երիտասարդ իշխանուհի՝ Մարիա Նիքոլայեւնայի հետ, 1822 թուականին, եւ ան Վոլքոնսքիներու տոհմէն էր․ ամուսնութիւնը յաջողեցաւ։ Անոնք ունեցան հինգ երեխայ՝ Նիքոլայ (1823-1860), Սերգէյ (1826-1904), Տմիթրի (1827-1856), Լեւ եւ Մարիա (1830-1912)։

Լեւ Թոլսթոյի մօր մեծ հայրը եկատերինեան սպայ էր՝ Նիքոլայ Սերգէեւիչ Վոլքոնսքին, քանի մը նմանութիւններ ունէր դաժան ծերուկ Պոլքոնսքի իշխանին հետ «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» (War and Peace) ստեղծագործութեան մէջ[6]։ Լեւ Թոլսթոյի մայրը որոշ դրուագներուն նման է Իշխանուհի Մարիային՝ կրկին «Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն»-էն, որ հիանալի պատմասաց էր։

Բացի Վոլքոնսքիներէն, Լեւ Թոլսթոյը բարեկամական կապեր ունէր նաեւ այլ ազնուական ընտանիքներու հետ, ինչպէս Կորչաքովները, Թրուպեցքիները եւ այլք։

Մանկութիւն

Մ․ Վոլքոնսքաիայի ուրուապատկերը՝ գրողի մօր միակ նկարը, 1810-ական թուականներ
Նիքոլայ Իլէիչ Թոլսթոյ՝ գրողի հայրը, 1820-ական թուականներ

Լեւ Թոլսթոյ ծնած է 1828 թուականի Օգոստոս 28-ին, Թուլսքի նահանգի Քրափիվէնյըն գաւառը, մայրական ժառանգական կալուածքին մէջ՝ Եասնաիա Փոլիանա։ Ընտանիքի չորրորդ զաւակն էր։ 1830 թուականին, երբ տակաւին երկու տարեկան ալ չէր դարձած, մայրը մահացաւ՝ դստեր ծնունդէն կէս տարի ետք, այսպէս կոչուած՝ «հետծննդեան տենդէն»[Ն 3]։

Որբացած երեխաներու դաստիարակութիւնը իր վրայ վերցուց հեռաւոր բարեկամուհին՝ Թ. Երկոլսքաիան։ 1837 թուականին ընտանիքը տեղափոխոււեցաւ Մոսկուա՝ հաստատուելով Փլիւշչիխա, քանի որ աւագ որդին կը պատրաստուէր համալսարան ընդունուիլ։ Շուտով յանկարծամահ եղաւ հայրը՝ Նիքոլայ Իլէիչը՝ անկատար թողնելով գործերը (նեռարեալ ՝ ընտանեկան ունեցուածքի հետ կապուած որոշ դատական խնդիրներ), եւ երեք կրտսեր երեխաները կրկին հաստատուեցան Եասնաիա Փոլիանա՝ Երկոլսքաիայի եւ հօրաքրոջ՝ երեխաներու խնամակալ նշանակուած կոմսուհի Ա․ Օսթըն Սաքընի հսկողութեամբ։ Այստեղ Լեւ Նիքոլայեւիչը մնաց մինչեւ 1840 թուական, երբ մահացաւ կոմսուհի Օսթըն Սաքընը, եւ երեխաները տեղափոխուեցան Քազան՝ իրենց նոր խնամակալի՝ հօր զարմուհիի՝ Պ. Ի. Եուշքովայի մօտ։

Կազանի մէջ Եուշքովներու տունը կը համարուէր ամենաուրախ տուներէն մէկը. ընտանիքին բոլոր անդամները բարձր կը գնահատէին արտաքին փայլը։ «Իմ բարի հօրաքոյրը,- կը պատմէր Թոլսթոյ,- պայծառ եւ պարկեշտ էակ, միշտ կ՝ըսէր, որ ոչ մէկ բան չի փափաքիր ինծի համար առաւելապէս, որքան այնքան, որ ես ամուսնանամ կնոջ մը հետ»[3]։

Լեւ Նիքոլայեւիչը կը փափաքէր փայլիլ հասարակութեան մէջ, բայց զինք կը խանգարէին բնածին ամչկոտութիւնն ու անհրապոյր արտաքինը։ Մեր կենցաղի կարեւորագոյն գաղափարներուն՝ կեանքի, մահուան, Աստուծոյ, սիրոյ, յաւերժութեան մասին, ինչպէս ինքը՝ Թոլսթոյ կը բնորոշէր, որ «տարաբնոյթ խոհերը իրենց կնիքն կը դրոշմէին կեանքի այդ շրջանին իր բնաւորութեան վրայ»։ «Յարութիւն» վէպին, «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» վիպակներուն մէջ նկարագրուած՝ Իրթենեւի եւ Նեխլիւտովի՝ ինքնակատարելագործման տենչերը վերցուած են գրողին՝ այդ ժամանակուան սեփական ճգնաւորական փորձառութիւններէն։ Այդ բոլորը, կը գրէ քննադատ Սեմիոն Վենկերովը, պատճառ դարձաւ, որ Թոլսթոյի մօտ ձեւաւորուի, «Պատանեկութիւն» վիպակով իր իսկ արտասանած խօսքերով գրուած, «զգացմունքներու թարմութիւնը եւ միտքի պայծառութիւնը ոչնչացնողը՝ մնայուն եւ անփոփոխ բարոյական վերլուծութեան սովորութիւնն է»[3]։


Ծանօթագրութիւններ


Կատեգորիա:Ռուս արձակագիրներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Մանկագիրներ այբբենական կարգով Կատեգորիա:1828 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:28 Օգոստոսի ծնածներ Կատեգորիա:Պոլիգլոտներ Կատեգորիա:1910 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:7 Նոյեմբերի մահացածներ
Մէջբերման սխալ՝ <ref> tags exist for a group named "Ն", but no corresponding <references group="Ն"/> tag was found