«Մատթէոս Զարիֆեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 15. Տող 15.
[[1921]]-ին լոյս կը տեսնէ քերթուածներու առաջին հատորը, իսկ [[1922]]–ին՝ երկրորդը։
[[1921]]-ին լոյս կը տեսնէ քերթուածներու առաջին հատորը, իսկ [[1922]]–ին՝ երկրորդը։


[[1924]] թուականին [[Կ. Պոլիս|Կ. Պոլսոյ]] մէջ կը մահանայ, 30 տարեկան հասակին։
[[1924]] թուականին [[Կ. Պոլիս|Կ. Պոլսոյ]] մէջ կը մահանայ<ref>ShantNews [https://www.shantnews.am/news/view/169925.html#.W7X5UyR0Dp0.facebook Բացումը պիտի կատարուի արեւմտահայ քերթող Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգուած դամբանին]</ref>, 30 տարեկան հասակին։


== Գործեր ==
== Գործեր ==

17:57, 4 Հոկտեմբեր 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ


Պատկեր:Զարիֆյան.jpeg
Մատթէոս Զարիֆեան

Մատթէոս Զառիֆեան (16 Յունուար 1894, Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս)[1] - 9 Ապրիլ 1924), հայ բանաստեղծ։

Ծնած է Պոլիս։ Կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է Սկիւտարի մէջ, որուն գեղածիծաղ ծովը եւ երկինքը ազդած են ինչպէս Պետրոս Դուրեանի նոյնպէս իր վրայ: Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպէրթ Գոլէճին եւ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1913-ին՝ «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով, որուն հետեւանքը, մասամբ մը, եղած են իր տեղափոխումները դպրոցէ դպրոց։

1913–ին՝ տակաւին պատանի, ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Ատանա, որպէս անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Հոս է որ, մարզական փորձերու ընթացքին, կը զգայ առաջին նշանները թոքախտին։ Կ'ընդհատէ ուսուցչական գործը։ Պահ մը կը մնայ Լիբանան` փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել առողջութիւնը։

Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի է արդէն[1]։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ` պատերազմէն ետք, սկսած «Ճակատամարտ» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ Ուստի իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է 1918-ի զինադադարէն ետք։ Իսկ առաջին գիրքը 1921-ին՝ «Տրտմութեան Եւ Խաղաղութեան Երգեր»ը։ Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։

Դուրեանի, Մեծարենցի եւ Տէրեանի այս բախտակիցը` սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը զանազանուի իրեն բնորոշ մի քանի գիծերով։

1921-ին լոյս կը տեսնէ քերթուածներու առաջին հատորը, իսկ 1922–ին՝ երկրորդը։

1924 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ կը մահանայ[2], 30 տարեկան հասակին։

Գործեր

Ծանօթագրութիւններ

Կատեգորիա:1894 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1924 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:16 Յունուարի ծնածներ Կատեգորիա:9 Ապրիլի մահացածներ Կատեգորիա:Պոլիս ծնածներ Կատեգորիա:Պոլիս մահացածներ Կատեգորիա:Թոքախտէ մահացածներ Կատեգորիա:Հայ բանաստեղծներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Արեւմտահայ բանաստեղծներ