«Երեւան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Արաբական Շրջան: վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: ք: → ք։
No edit summary
Տող 28. Տող 28.


Արգիշտին այստեղ կը բնակեցնէ 6600 հայ զինուորներ իրենց ընտանիքներով։ Մէկ դար անց Ռուսա Բ. արքան [[Հրազդան գետ (արեւմտահայերէն)|Հրազդան գետ]]ի ափին՝ Երեւանի հարաւային մասին մէջ, կը հիմնադրէ նոր բերդաքաղաք մը, որ Վանի թագաւորութեան Թէյշեբա աստուծոյ անունով կոչուեցաւ Թէյշեբաինի։ Այն նշանաւոր ռազմական կեդրոն էր տերութեան հիւսիսային հատուածին մէջ, ունէր միջնաբերդ, քաղաքային թաղամասեր։ Բերդէն հարաւ տնկուած էին խաղողի այգիներ։ Թէյշեբաինին սկիւթներու կողմէն [[Վանի թագաւորութիւն|Վանի թագաւորութեան]] կործանման տարիներուն՝ Ք.Ա. [[585]]-ին։
Արգիշտին այստեղ կը բնակեցնէ 6600 հայ զինուորներ իրենց ընտանիքներով։ Մէկ դար անց Ռուսա Բ. արքան [[Հրազդան գետ (արեւմտահայերէն)|Հրազդան գետ]]ի ափին՝ Երեւանի հարաւային մասին մէջ, կը հիմնադրէ նոր բերդաքաղաք մը, որ Վանի թագաւորութեան Թէյշեբա աստուծոյ անունով կոչուեցաւ Թէյշեբաինի։ Այն նշանաւոր ռազմական կեդրոն էր տերութեան հիւսիսային հատուածին մէջ, ունէր միջնաբերդ, քաղաքային թաղամասեր։ Բերդէն հարաւ տնկուած էին խաղողի այգիներ։ Թէյշեբաինին սկիւթներու կողմէն [[Վանի թագաւորութիւն|Վանի թագաւորութեան]] կործանման տարիներուն՝ Ք.Ա. [[585]]-ին։



=== Աքեմենեան Շրջան ===
=== Աքեմենեան Շրջան ===
Տող 48. Տող 47.


7-րդ դարուն [[Արաբներ (արեւմտահայերէն)|Արաբ]]ական թերակղզիին մէջ կը ստեղծուի Արաբական [[Խալիֆայութիւն|խալիֆայութիւն]]ը։ Այն կը հիմնուի արաբներու ընդունած նոր կրօնի՝ [[Իսլամ (արեւմտահայերէն)|իսլամ]]ի շնորհիւ, եւ շատ արագ կը դառնայ աշխարհի՝ մինչեւ այդ եղած պետութիւններէն ամենախոշորն ու զարգացածը։ [[658]] թուականին արաբները կը գրաւեն Երեւանը<ref>[http://armenianow.com/pdf/yerevan.pdf «Yerevan» ArmeniaNow.com, 2007, p. 7. Consulté le 21 mars 2008]</ref>։ Իսկ [[850]] թուականին Հայոց իշխան, ապագայ թագաւոր [[Աշոտ Բագրատունի (արեւմտահայերէն)|Աշոտ Բագրատունի]]ն կ՝ազատագրէ Երեւանը [[Դուին]]ի ամիրայի զօրքերէն եւ կը միացնէ իր կալուածներուն։ Այդ ժամանակ ալ կը կառուցուի Երեւանի նոր բերդը՝ [[Հրազդան Գետ (արեւմտահայերէն)|Հրազդան գետ]]ի ափին։ Երեւանը կը սկսի զարգանալ որպէս հայկական միջնադարեան քաղաք։
7-րդ դարուն [[Արաբներ (արեւմտահայերէն)|Արաբ]]ական թերակղզիին մէջ կը ստեղծուի Արաբական [[Խալիֆայութիւն|խալիֆայութիւն]]ը։ Այն կը հիմնուի արաբներու ընդունած նոր կրօնի՝ [[Իսլամ (արեւմտահայերէն)|իսլամ]]ի շնորհիւ, եւ շատ արագ կը դառնայ աշխարհի՝ մինչեւ այդ եղած պետութիւններէն ամենախոշորն ու զարգացածը։ [[658]] թուականին արաբները կը գրաւեն Երեւանը<ref>[http://armenianow.com/pdf/yerevan.pdf «Yerevan» ArmeniaNow.com, 2007, p. 7. Consulté le 21 mars 2008]</ref>։ Իսկ [[850]] թուականին Հայոց իշխան, ապագայ թագաւոր [[Աշոտ Բագրատունի (արեւմտահայերէն)|Աշոտ Բագրատունի]]ն կ՝ազատագրէ Երեւանը [[Դուին]]ի ամիրայի զօրքերէն եւ կը միացնէ իր կալուածներուն։ Այդ ժամանակ ալ կը կառուցուի Երեւանի նոր բերդը՝ [[Հրազդան Գետ (արեւմտահայերէն)|Հրազդան գետ]]ի ափին։ Երեւանը կը սկսի զարգանալ որպէս հայկական միջնադարեան քաղաք։

=== Թրքական Ցեղերու Շրջան ===
[[Պատկեր:Die Gartenlaube (1861) b 101.jpg|մինի|[[Երեւանի բերդ]]]]
11-րդ դարուն Մերձաւոր Արեւելք կը թափանցեն թրքական զանազան ցեղեր՝ [[Սելճուքներ|սելճուքներ]]ը, [[Մոնկոլներ|մոնկոլներ]]ը, [[Թաթարներ (արեւմտահայերէն)|թաթարներ]]ը, աւելի ուշ՝ թուրքմենները եւ օղուզները։ [[Զաքարեաններ (արեւմտահայերէն)|Զաքարեան]] իշխանները Վրաց թագաւորութեան շնորհիւ ժամանակաւորապէս կ'ազատագրեն Արեւելեան [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանը]], բայց թրքական ցեղերը անջնջելի հետք կը ձգեն իրենց ետին. Հայաստանի խոշոր քաղաքները կ'ամայանան կամ կը կործանուին։

Թուրքմենական գարա-գոյունլու ցեղերը միաւորուած էին Ամիր-Սաատի իշխանութեան տակ։ Անոնք իրենց ցեղապետի անունով ետքը կոչուեցան սաատլուներ։ 14-րդ դարու վերջերուն անոնք հիմնեցին Երեւանի կուսակալութիւնը, որ Ամիր-Սաատի անունով հայերը կոչեցին Սաատի փոս կամ Սահաթափոս, իսկ օտարները՝ Չուխուր-Սաատ կամ Չուղուր-Սաատ<ref>Հ. Գ. Ժամկոչյան և ուրիշներ «Հայ ժողովրդի պատմությունը սկզբից մինչև XVIII դարի վերջը»</ref><ref>Վ. Ա. Պարսամյան «Հայ ժողովրդի պատմություն» (IX-XIX դդ.), հատոր 2-րդ</ref>։ Այս անունը գործածական եղած է [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|պարսկական]] ու թրքական մատենագրութեան մէջ՝ թարգմանուելով որպէս «Երջանիկ հովիտ»։ Գարա-գոյունլուներուն փոխարինելու եկան ագ-գոյունլու ցեղերը։ Բառացի անոնց անունները կը թարգմանուէին որպէս «սեւ եւ սպիտակ [[Ոչխար (Արեւմտհաերէն)|ոչխար]]»։


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

10:50, 15 Փետրուար 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք։ Կը Գտնուի Արարատեան դաշտին մէջ՝ Հրազդան գետի ափին՝ իր մէջ պարփակելով գետը։ Մշտական բնակչութեան քանակով, որ 2014 թուականի Յունուար մէկի դրութեամբ կը կազմէ աւելի քան 1 միլիոն 68 հազար մարդ, Հայաստանի խոշորագոյն քաղաքն է[1] 1918 թուականէն սկսեալ Երեւանը Հայաստանի մայրաքաղաքն է եւ 12-րդ մայրաքաղաքն է՝ Հայաստանի պատմութեան ընթացքին[2]։

Երեւանը հիմնադրուած է Վանի թագաւորութեան արքայ՝ Արգիշտի Ա.-ը Ք.Ա. 8-րդ դարուն[3][4]։։ Քաղաքի տեղանուան ծագման հետ կապուած կան շատ վարկածներ, մասնաւորապէս, ըստ ժողովրդական աւանդութեան, Երեւանը կը կապուի Նոյեան անուան հետ, իբրեւ Նոյը այդպէս կոչած է առաջին ջրհեղեղէն յետոյ երեւացող ցամաքը[5]։ Միջնադարուն քաղաքը մտած էր Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի մէջ՝ Կոտայք գաւառի սահմաններուն մէջ։ 2018 թուականին, երբ կը լրանայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը, Երեւանը կը դառնայ 2800 տարեկան։

Պատմութիւն

Էրեբունի ամրոցի որմնանկարներ
Խալդի աստուածի պատկեր, Էրեբունի ամրոց, վերակառուցում
Էրեբունի ամրոցի հիմնադրման մասին արձանագրութեան սեպագիրի պատճէն
Թեյշեբաինիի բերդը. վերականգնված տեսք

Երեւանը աշխարհի ամենահին քաղաքներէն է։ Հնագիտական պեղումներով պարզուած է, որ մարդը այստեղ բնակած է տասնեակ հազարաւոր տարիներ առաջ։ Քաղաքի տարածքին մէջ տարբեր ժամանակաշրջաններուն յառաջացած եւ զանազան պատճառներով կործանած են բազմաթիւ բնակավայրեր։ Ժամանակագրական առումով` քաղաքի տարածքին ամենահին բնակավայրը Երեւանեան կամ Հրազդանեան քարայրն է (Երեւանեան լիճին մօտ` Հրազդան գետի ձախ ափին), որուն հնագոյն, ստորին շերտը (4-5 մշակութային շերտ) կը թուագրուի մուսդերեան շրջանով (10-3,5 հազարամեակ առաջ): Որպէս հին բնակավայր յայտնի է նաեւ Շէնգաւիթը. այստեղ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են 5-6 հազար տարի առաջ[6]:

Հայ մատենագիրները Երեւանի անուան ծագումը երկար ժամանակ կապած են Նոյեան տապանի աստուածաշնչական աւանդութեան հետ. իբր, երբ Նոյի տապանը կանգ առաւ Արարատի գագաթին, Նոյը, ջրհեղեղէն յետոյ տեսնելով առաջին ցամաքը, որ ապագայ Երեւանի կառուցման վայրն էր, գոչած է` երեւա՜ց (այստեղէն ալ` «Երեւան» անուանումը):

Առաւել տարածուած է այն տեսակէտը, որ «Երեւան» անունը կապուած է Էրեբունի բերդաքաղաքի անուան հետ։ Սակայն կան նաեւ այլ տեսակէտներ. անոնցմէ մէկուն համաձայն` հիմնադրուած նոր բնակավայրի անուանակոչման համար Արգիշտի Ա.-ը կամ օգտագործած է տարածքին մէջ եղած ու իրեն յայտնի հնագոյն այլ բնակավայրի անուն, կամ կոչած է «երի» կամ «արի» ցեղի (երկրի) անունով։ Հայկական լեռնաշխարհէն ու շրջակայ տարածքներէն հեռացած հնդեւրոպացիներու նախնիները` արիական ցեղերը, կը յիշեն իրենց` արի ցեղին պատկանելու փաստը եւ գրաւոր աղբիւրներու մէջ կը նշեն այդ մասին (հնդկական վետաներ, իրանական «Աւեստա», պարսիկներու շահ Դարեհ Ա. Աքեմենեանի Պեհիսթունի արձանագրութիւն): Երեւանը կոչուած է նաեւ Այրիւան, Էրիւան, Րեւան եւ այլ անուններով[7]:

Երեւանը կը յիշատակուի 3-րդ դարու սոտտիական-մանիքէական գրաւոր արձանագրութեան մէջ, ուր կը նշուի, որ քրիստոնէական համայնքի կողքին Մանիի (պարսիկ նկարիչ, մանիքէութեան հիմնադիրը) աշակերտներէն մէկը Երեւանի մէջ հիմնած է մանիքէական համայնք[6]:

Վանի թագաւորութեան անկումէն յետոյ Երեւանի շուրջ 1000-ամեայ պատմութեան մասին հայ մատենագրական աղբիւրները կը լռեն։ Երեւանը կրկին կը յիշատակուի 7-րդ դարուն` «Գիրք թղթոց»ի մէջ։ Պատմիչ Սեբէոսը կը վկայէ, որ արաբական արշաւանքներուն ժամանակ Երեւանը վաճառաշահ ու այգեշատ քաղաք էր։

Հիմնադրութիւն

Վանի թագաւորութեան քաղաք Էրեբունին, հիմնադրուած է Ք.Ա. 782 թուականին։ Ըստ, Վանի մէջ գտնուած սեպագիր տարեգրութեան՝ Վանի թագաւորութեան արքայ Արգիշտի Ա․-ն իր ղեկավարման 5-րդ տարին կառուցեց Էրեբունի քաղաքը։ 1950 թուականին Արին Բերդ բլուրին վրայ գտած սալաքարի մը վրայ գրուած գրութիւնը կ՛արտօնէ նոյնականացնել Էրեբունի եւ Երեւան քաղաքները։ Սալաքարի վրայ գրուած է.

Խալդի աստուծոյ զօրութեամբ Արգիշտին՝ Մենուայի որդին, այս անառիկ ամրոցը կառուցեց եւ անուանեց Էրեբունի՝ ի հզօրութիւն Բիայնիլի երկրի եւ ի սարսափ թշնամի երկիրներու։ Հողը ամայի էր, ձեռնարկեցի այստեղ հզօր գործեր...
- [8]


Արգիշտին այստեղ կը բնակեցնէ 6600 հայ զինուորներ իրենց ընտանիքներով։ Մէկ դար անց Ռուսա Բ. արքան Հրազդան գետի ափին՝ Երեւանի հարաւային մասին մէջ, կը հիմնադրէ նոր բերդաքաղաք մը, որ Վանի թագաւորութեան Թէյշեբա աստուծոյ անունով կոչուեցաւ Թէյշեբաինի։ Այն նշանաւոր ռազմական կեդրոն էր տերութեան հիւսիսային հատուածին մէջ, ունէր միջնաբերդ, քաղաքային թաղամասեր։ Բերդէն հարաւ տնկուած էին խաղողի այգիներ։ Թէյշեբաինին սկիւթներու կողմէն Վանի թագաւորութեան կործանման տարիներուն՝ Ք.Ա. 585-ին։

Աքեմենեան Շրջան

աջէն

Աքեմենեաններու (հին պարսկ.՝ Հախամանիշթիյա) կամ Արեաց Տիրութիւնը (Ք.Ա. 553 - 330) Հին Աշխարհի աշխարհակալ պետութիւններէն էր։ Անոր տարածքը կ՝ընդգրկէր երեք աշխարհամասերէն՝ Ասիոյ, մասամբ՝ Եւրոպայի եւ Ափրիկէի շարք մը երկիրներ։ Արեւելքէն անոր սահմաններուն մեջ կը մտնէին՝ արեւմտեան Հնդկաստանը՝ Ինտոս գետի հովիտը եւ Միջին Ասիան՝ հասնելով Հիմալայեան լեռներ, արեւմուտքէն՝ Փոքր Ասիան եւ Եգիպտոսը՝ սահմանակցելով Միջերկրական ծովուն, հիւսիսէն՝ Ղրիմը եւ Կովկասեան լեռները՝ ներառելով Սեւ ծովը, հարաւէն՝ Իրանական բարձրավանդակը եւ Միջագետքի դաշտավայրը՝ հասնելով Արաբական թերակղզին եւ Հնդկական ովկիանոսին։ Տիրութիւնը հիմնադրած էր պարսից զօրավար Կիւրոս Մեծը Ք.Ա. 553 թուականին, որ ապստամբած էր Մարաստանի թագաւոր Աժտդահակի դէմ եւ անոր սպանած։ Անոր մահէն ետք գահին կը բազմին իր ժառանգները՝ Աքեմենից եւ իրեն ազգակից Արշամից ու Արի-Արամից ծագած գահատոհմը։

Այս պետութեան մէջ Հայաստանը կը մտնէր որպէս 13-րդ սատրապութիւն։ Յետագային այն կը բաժնուի երկու՝ հիւսիսային եւ հարաւային հատուածներու, համապատասխանաբար Էրեբունի եւ Վան կենդրոններով։ Այսպէսով՝ Էրեբունին կրկին կը դառնայ վարչաքաղաքական կեդրոն։ Բերդին մէջ գտնուած են միլեթական մետաղադրամներ՝ կտրուած Ք.Ա. 478 թուականին, զոր կը վկայէ այստեղ կատարուած միջազգային առեւտուրի մասին։ Հաւանաբար այդ ժամանակ ալ հայերէն Էրեբունին սկսան արտասանել Էրեւունի[9]։ Ալեքսանտր Մակեդոնացիի արշաւանքներէն ետք Հայաստանը կը վերականգնէ իր անկախութիւնը, եւ պետութեան կեդրոնը վերջնականապէս կը տեղափոխուի Արարատեան դաշտ։

Հայոց Թագաւորութեան Շրջան

Աւանի տաճարի աւերակները, 5-րդ դար

Ք.Ա. 330 թուականին կը վերականգնուի հայոց անկախ պետականութիւնը։ Դեռ 6-րդ դարուն հիմնուած Երուանդունիներու թագաւորական տոհմը (Ք.Ա. 580 - 201) վերստին կը նստի հայոց գահին։ Անոնց փոխարինելու կու գան Արտաշէսեաններու հարստութիւնը՝ տոհմը (Ք.Ա. 190 - 1)։ Հայ թագաւորները կը հրաժարին պարսկական նախկին վարչական կեդրոններէն՝ Վան եւ Էրեբունի։ Հայոց պետութեան կեդրոնը կը տեղափոխուի Արարատեան դաշտ։ Էրեբունիէն ոչ հեռու կը կառուցուին մայրաքաղաքներ՝ Արմաւիրը, Երուանդաշատը, Արտաշատը, իսկ Արշակունիներու հարստութեան (66 - 428) ժամանակ՝ Վաղարշապատն ու Դուինը։ Էրեբունին վերջնականապէս կը զրկուի վարչաքաղաքական կեդրոնի կարգավիճակէն։

Հայոց թագաւորութեան շրջանին Երեւանի մասին յիշատակութիւն եղած է 3-րդ դարու Մանիքէական (Manichean) բնագիրին մէջ, որմէ պարզ կը դառնայ, որ Մանի մարգարէի աշակերտներէն մէկը քրիստոնէական համայնքի հարեւանութեամբ հիմնադրած է մանիքէական համայնք։ Ըստ արձանագրութեան՝ Երեւանը կը կառավարէր ոմն՝ միապետ։ 5-րդ դարուն կառուցուած է երեւանեան ամենահին եկեղեցիներէն մէկը՝ Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, որ քանդուած է 1931 թուականին[9]։

Արաբական Շրջան

Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, 5-րդ դար

7-րդ դարուն Արաբական թերակղզիին մէջ կը ստեղծուի Արաբական խալիֆայութիւնը։ Այն կը հիմնուի արաբներու ընդունած նոր կրօնի՝ իսլամի շնորհիւ, եւ շատ արագ կը դառնայ աշխարհի՝ մինչեւ այդ եղած պետութիւններէն ամենախոշորն ու զարգացածը։ 658 թուականին արաբները կը գրաւեն Երեւանը[10]։ Իսկ 850 թուականին Հայոց իշխան, ապագայ թագաւոր Աշոտ Բագրատունին կ՝ազատագրէ Երեւանը Դուինի ամիրայի զօրքերէն եւ կը միացնէ իր կալուածներուն։ Այդ ժամանակ ալ կը կառուցուի Երեւանի նոր բերդը՝ Հրազդան գետի ափին։ Երեւանը կը սկսի զարգանալ որպէս հայկական միջնադարեան քաղաք։

Թրքական Ցեղերու Շրջան

Երեւանի բերդ

11-րդ դարուն Մերձաւոր Արեւելք կը թափանցեն թրքական զանազան ցեղեր՝ սելճուքները, մոնկոլները, թաթարները, աւելի ուշ՝ թուրքմենները եւ օղուզները։ Զաքարեան իշխանները Վրաց թագաւորութեան շնորհիւ ժամանակաւորապէս կ'ազատագրեն Արեւելեան Հայաստանը, բայց թրքական ցեղերը անջնջելի հետք կը ձգեն իրենց ետին. Հայաստանի խոշոր քաղաքները կ'ամայանան կամ կը կործանուին։

Թուրքմենական գարա-գոյունլու ցեղերը միաւորուած էին Ամիր-Սաատի իշխանութեան տակ։ Անոնք իրենց ցեղապետի անունով ետքը կոչուեցան սաատլուներ։ 14-րդ դարու վերջերուն անոնք հիմնեցին Երեւանի կուսակալութիւնը, որ Ամիր-Սաատի անունով հայերը կոչեցին Սաատի փոս կամ Սահաթափոս, իսկ օտարները՝ Չուխուր-Սաատ կամ Չուղուր-Սաատ[11][12]։ Այս անունը գործածական եղած է պարսկական ու թրքական մատենագրութեան մէջ՝ թարգմանուելով որպէս «Երջանիկ հովիտ»։ Գարա-գոյունլուներուն փոխարինելու եկան ագ-գոյունլու ցեղերը։ Բառացի անոնց անունները կը թարգմանուէին որպէս «սեւ եւ սպիտակ ոչխար»։

Ծանօթագրութիւններ

  1. Երևան քաղաքի ցուցանիշները ըստ ԱՎԾ-ի ամփոփման:
  2. Հայաստանի մայրաքաղաքները, Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան
  3. Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան. Էրեբունի քաղաքատեղի:
  4. Երևանը և նրա անվան պատմությունը
  5. Արմէն Պետրոսեան Հնագիտութեան, ազգագրութեան հիմնարկ (2006)։ «ԵՐԵՎԱՆ» գիտական հոդվածների ժողովածու (հայերեն)։ Երեւան 
  6. 6,0 6,1 Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named ՀՀ
  7. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան
  8. Էրեբունու պեղումները
  9. 9,0 9,1 Երևանի մասին իրանական հանրագիտարանում
  10. «Yerevan» ArmeniaNow.com, 2007, p. 7. Consulté le 21 mars 2008
  11. Հ. Գ. Ժամկոչյան և ուրիշներ «Հայ ժողովրդի պատմությունը սկզբից մինչև XVIII դարի վերջը»
  12. Վ. Ա. Պարսամյան «Հայ ժողովրդի պատմություն» (IX-XIX դդ.), հատոր 2-րդ

Ծանօթագրութիւններ

Կատեգորիա:Հայաստանի քաղաքներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայկական մայրաքաղաքներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Ասիոյ մայրաքաղաքներ