«Երեւան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 4. Տող 4.


Երեւանը հիմնադրուած է Վանի թագաւորութեան արքայ՝ Արգիշտի Ա.-ը Ք.Ա. 8-րդ դարուն։ Քաղաքի տեղանուան ծագման հետ կապուած կան շատ վարկածներ, մասնաւորապէս, ըստ ժողովրդական աւանդութեան, Երեւանը կը կապուի Նոյեան անուան հետ, իբրեւ Նոյը այդպէս կոչած է առաջին ջրհեղեղէն յետոյ երեւացող ցամաքը։ Միջնադարուն քաղաքը մտած էր Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի մէջ՝ Կոտայք գաւառի սահմաններուն մէջ։ 2018 թուականին, երբ կը լրանայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը, Երեւանը կը դառնայ 2800 տարեկան։
Երեւանը հիմնադրուած է Վանի թագաւորութեան արքայ՝ Արգիշտի Ա.-ը Ք.Ա. 8-րդ դարուն։ Քաղաքի տեղանուան ծագման հետ կապուած կան շատ վարկածներ, մասնաւորապէս, ըստ ժողովրդական աւանդութեան, Երեւանը կը կապուի Նոյեան անուան հետ, իբրեւ Նոյը այդպէս կոչած է առաջին ջրհեղեղէն յետոյ երեւացող ցամաքը։ Միջնադարուն քաղաքը մտած էր Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի մէջ՝ Կոտայք գաւառի սահմաններուն մէջ։ 2018 թուականին, երբ կը լրանայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը, Երեւանը կը դառնայ 2800 տարեկան։
=== Պատմութիւն ===
[[Պատկեր:Urartian Fresco02.jpg|մինի|[[Էրեբունի ամրոց]]ի որմնանկարներ]]
[[Պատկեր:Erevan - La forteresse d'Erébouni 04.JPG|մինի|[[Խալդի]] աստուածի պատկեր, Էրեբունի ամրոց, վերակառուցում]]
[[Պատկեր:Urartian Tablet03.jpg|մինի|Էրեբունի ամրոցի հիմնադրման մասին արձանագրութեան սեպագիրի պատճէն]]
[[Պատկեր:Teishebaini Reconstruction 01.jpg|մինի|[[Թեյշեբաինի|Թեյշեբաինիի բերդ]]ը. վերականգնված տեսք]]
Երեւանը աշխարհի ամենահին քաղաքներէն է: Հնագիտական պեղումներով պարզուած է, որ մարդը այստեղ բնակած է տասնեակ հազարաւոր տարիներ առաջ: Քաղաքի տարածքին մէջ տարբեր ժամանակաշրջաններուն յառաջացած եւ զանազան պատճառներով կործանած են բազմաթիւ բնակավայրեր: Ժամանակագրական առումով` քաղաքի տարածքին ամենահին բնակավայրը Երեւանեան կամ [[Հրազդանեան քարայր]]ն է ([[Երեւանեան լիճ]]ին մօտ` [[Հրազդան գետ (արեւմտահայերէն)|Հրազդան գետ ]]ի ձախ ափին), որուն հնագոյն, ստորին շերտը (4-5 մշակութային շերտ) կը թուագրուի մուսդերեան շրջանով (10-3,5 հազարամեակ առաջ): Որպէս հին բնակավայր յայտնի է նաեւ [[Շէնգաւիթ]]ը. այստեղ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են 5-6 հազար տարի առաջ:

Հայ [[Մատենագիր (արեւմտահայերէն)|մատենագիր]]ները Երեւանի անուան ծագումը երկար ժամանակ կապած են [[Նոյեան տապան]]ի աստուածաշնչական [[Աւանդութիւն|աւանդութեան]] հետ. իբր, երբ Նոյի տապանը կանգ առաւ [[Արարատ (արեւմտահայերէն)|Արարատ]]ի գագաթին, Նոյը, [[Ջրհեղեղ (արեւմտահայերէն)|ջրհեղեղ]]էն յետոյ տեսնելով առաջին ցամաքը, որ ապագայ Երեւանի կառուցման վայրն էր, գոչած է` երեւա՜ց (այստեղէն ալ` «Երեւան» անուանումը):

Առաւել տարածուած է այն տեսակէտը, որ «Երեւան» անունը կապուած է [[Էրեբունի (արեւմտահայերէն)|Էրեբունի]] բերդաքաղաքի անուան հետ: Սակայն կան նաեւ այլ տեսակէտներ. անոնցմէ մէկուն համաձայն` հիմնադրուած նոր բնակավայրի անուանակոչման համար [[Արգիշտի Ա.]]-ը կամ օգտագործած է տարածքին մէջ եղած ու իրեն յայտնի հնագոյն այլ բնակավայրի անուն, կամ կոչած է «երի» կամ «[[Արի (արեւմտահայերէն)|արի]]» ցեղի (երկրի) անունով: [[Հայկական լեռնաշխարհ (արեւմտահայերէն)|Հայկական լեռնաշխարհ]]էն ու շրջակայ տարածքներէն հեռացած [[Հնդեւրոպացիներ|հնդեւրոպացիներ]]ու նախնիները` [[Արիական ցեղ (արեւմտահայերէն)|արիական ցեղ]]երը, կը յիշեն իրենց` արի ցեղին պատկանելու փաստը եւ գրաւոր աղբիւրներու մէջ կը նշեն այդ մասին (հնդկական [[վետա]]ներ, իրանական «[[Աւեստա]]», պարսիկներու շահ [[Դարեհ Ա.]] Աքեմենեանի [[Պեհիսթուն]]ի արձանագրութիւն): Երեւանը կոչուած է նաեւ Այրիւան, Էրիւան, Րեւան եւ այլ անուններով:

Երեւանը կը յիշատակուի 3-րդ դարու սոտտիական-մանիքէական գրաւոր արձանագրութեան մէջ, ուր կը նշուի, որ քրիստոնէական համայնքի կողքին [[Մանի]]ի (պարսիկ նկարիչ, մանիքէութեան հիմնադիրը) աշակերտներէն մէկը Երեւանի մէջ հիմնած է մանիքէական համայնք:

Վանի թագաւորութեան անկումէն յետոյ Երեւանի շուրջ 1000-ամեայ պատմութեան մասին հայ մատենագրական աղբիւրները կը լռեն: Երեւանը կրկին կը յիշատակուի 7-րդ դարուն` «[[Գիրք թղթոց (արեւմտահայերէն)|Գիրք թղթոց]]»ի մէջ: Պատմիչ [[Սեբէոս]]ը կը վկայէ, որ [[արաբական արշաւանքներ]]ուն ժամանակ Երեւանը վաճառաշահ ու այգեշատ քաղաք էր:


[[Կատեգորիա:Հայաստանի քաղաքներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայաստանի քաղաքներ (արւմտ․)]]

11:26, 4 Մայիս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք։ Կը Գտնուի Արարատեան դաշտին մէջ՝ Հրազդան գետի ափին՝ իր մէջ պարփակելով գետը։ Մշտական բնակչութեան քանակով, որ 2014 թուականի Յունուար մէկի դրութեամբ կը կազմէ աւելի քան 1 միլիոն 68 հազար մարդ, Հայաստանի խոշորագոյն քաղաքն է։ 1918 թուականէն սկսեալ Երեւանը Հայաստանի մայրաքաղաքն է եւ 12-րդ մայրաքաղաքն է՝ Հայաստանի պատմութեան ընթացքին։

Երեւանը հիմնադրուած է Վանի թագաւորութեան արքայ՝ Արգիշտի Ա.-ը Ք.Ա. 8-րդ դարուն։ Քաղաքի տեղանուան ծագման հետ կապուած կան շատ վարկածներ, մասնաւորապէս, ըստ ժողովրդական աւանդութեան, Երեւանը կը կապուի Նոյեան անուան հետ, իբրեւ Նոյը այդպէս կոչած է առաջին ջրհեղեղէն յետոյ երեւացող ցամաքը։ Միջնադարուն քաղաքը մտած էր Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի մէջ՝ Կոտայք գաւառի սահմաններուն մէջ։ 2018 թուականին, երբ կը լրանայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը, Երեւանը կը դառնայ 2800 տարեկան։

Պատմութիւն

Էրեբունի ամրոցի որմնանկարներ
Խալդի աստուածի պատկեր, Էրեբունի ամրոց, վերակառուցում
Էրեբունի ամրոցի հիմնադրման մասին արձանագրութեան սեպագիրի պատճէն
Թեյշեբաինիի բերդը. վերականգնված տեսք

Երեւանը աշխարհի ամենահին քաղաքներէն է: Հնագիտական պեղումներով պարզուած է, որ մարդը այստեղ բնակած է տասնեակ հազարաւոր տարիներ առաջ: Քաղաքի տարածքին մէջ տարբեր ժամանակաշրջաններուն յառաջացած եւ զանազան պատճառներով կործանած են բազմաթիւ բնակավայրեր: Ժամանակագրական առումով` քաղաքի տարածքին ամենահին բնակավայրը Երեւանեան կամ Հրազդանեան քարայրն է (Երեւանեան լիճին մօտ` Հրազդան գետ ի ձախ ափին), որուն հնագոյն, ստորին շերտը (4-5 մշակութային շերտ) կը թուագրուի մուսդերեան շրջանով (10-3,5 հազարամեակ առաջ): Որպէս հին բնակավայր յայտնի է նաեւ Շէնգաւիթը. այստեղ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են 5-6 հազար տարի առաջ:

Հայ մատենագիրները Երեւանի անուան ծագումը երկար ժամանակ կապած են Նոյեան տապանի աստուածաշնչական աւանդութեան հետ. իբր, երբ Նոյի տապանը կանգ առաւ Արարատի գագաթին, Նոյը, ջրհեղեղէն յետոյ տեսնելով առաջին ցամաքը, որ ապագայ Երեւանի կառուցման վայրն էր, գոչած է` երեւա՜ց (այստեղէն ալ` «Երեւան» անուանումը):

Առաւել տարածուած է այն տեսակէտը, որ «Երեւան» անունը կապուած է Էրեբունի բերդաքաղաքի անուան հետ: Սակայն կան նաեւ այլ տեսակէտներ. անոնցմէ մէկուն համաձայն` հիմնադրուած նոր բնակավայրի անուանակոչման համար Արգիշտի Ա.-ը կամ օգտագործած է տարածքին մէջ եղած ու իրեն յայտնի հնագոյն այլ բնակավայրի անուն, կամ կոչած է «երի» կամ «արի» ցեղի (երկրի) անունով: Հայկական լեռնաշխարհէն ու շրջակայ տարածքներէն հեռացած հնդեւրոպացիներու նախնիները` արիական ցեղերը, կը յիշեն իրենց` արի ցեղին պատկանելու փաստը եւ գրաւոր աղբիւրներու մէջ կը նշեն այդ մասին (հնդկական վետաներ, իրանական «Աւեստա», պարսիկներու շահ Դարեհ Ա. Աքեմենեանի Պեհիսթունի արձանագրութիւն): Երեւանը կոչուած է նաեւ Այրիւան, Էրիւան, Րեւան եւ այլ անուններով:

Երեւանը կը յիշատակուի 3-րդ դարու սոտտիական-մանիքէական գրաւոր արձանագրութեան մէջ, ուր կը նշուի, որ քրիստոնէական համայնքի կողքին Մանիի (պարսիկ նկարիչ, մանիքէութեան հիմնադիրը) աշակերտներէն մէկը Երեւանի մէջ հիմնած է մանիքէական համայնք:

Վանի թագաւորութեան անկումէն յետոյ Երեւանի շուրջ 1000-ամեայ պատմութեան մասին հայ մատենագրական աղբիւրները կը լռեն: Երեւանը կրկին կը յիշատակուի 7-րդ դարուն` «Գիրք թղթոց»ի մէջ: Պատմիչ Սեբէոսը կը վկայէ, որ արաբական արշաւանքներուն ժամանակ Երեւանը վաճառաշահ ու այգեշատ քաղաք էր:

Կատեգորիա:Հայաստանի քաղաքներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայկական մայրաքաղաքներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Ասիոյ մայրաքաղաքներ