«Եէնիճէ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Եէնիճէ''', գիւղաքղ. (Նահիյէ) զուտ հայաբնակ կը գտնուէր Թուրքիոյ կուսակալանիստ քաղաք՝ Պրուսայ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

20:20, 15 Դեկտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Եէնիճէ, գիւղաքղ. (Նահիյէ) զուտ հայաբնակ կը գտնուէր Թուրքիոյ կուսակալանիստ քաղաք՝ Պրուսայէն դէպի հարաւ հինգ ժամ հառաւորութեամբ. Ողիմպոս լերան արեւելակողման ստորոսը եւ ենթակայ Իյնէկէօլ գաւառակին:

Եէնիճէն կը բաղկանար 1550 Հայ Լուսաւորչական եւ 40 Հայ Բողոքական տուներէ, ընդամէնը 10.050 բնակչութեամբ: Ունէր Ս. Յակոբ անուն քարուկիր եկեղեցի մը, մեծցուած եւ վերանորոգուած 1807 թուին: Քահանայից թիւը կ’ըլլար 4-6: Հայ Բողոքական ուէին ժողովարան մը, որուն վարի յարկը վարժարան էր: Հին Յաչմաւուրքի մը լուռնցքին վրայ արձանագրուածէն հասկցուած էր որ Եէնիճէի հայութիւնը Կարնոյ կողմերէն գաղթած էր հոս, 1460ական թուականներուն, ըլլալով նաեւ ամբողջութեամբ հայախօս՝ նկատուած էր որ լեզուի տեբակէտով աւելի մօտ էր Կարնոյ՝ քան ուրիշ վայրերու հայ բարբառին:

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը բարձրանար ընդարձակ եւ երկյարկանի վարժարանը, որ կառուցուած ըլլալով Պրուսայի Տ. Բարթողիմէոս Զամչեանի առաջնորդութեան օրով 1881ին կը յորջորջուէր անոր անուամբ «Բարթուղիմեան վարժարան», շրջափակէն դուրս՝ կար նաեւ մանկապարտէզի շէնքը՝ շինուած 1895ին: Երկսեռ աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը հասնէր (1915ին) 750. Իսկ ուսուցչաց թիւը 8ի: Եկեղեցապատկան կալուածներու շարքին աչքառու էր Ազգային բաղնիքը, կառուցուած «արգեամք ժողովրդեան»: Եէնիճէի հայութիւնը հողատէր եւ կալուածատէր էր, կը զբաղէր երկրագործութեամբ եւ մեծ չափով չերամաբուժութեամբ: Եէնիճէն մեր օրերուն տուած է երկու աչքառու եկեղեցականներ Արտաւազդ Ծ. վրդ. Գալէնտէրեան, Ստեփան վրդ. Գալփագեան: Ասոնցմէ զատ Տոք. Ռուբէն Օհանեան, Լուտեր Պայտարեան եւ այլք:

Եէնիճէի մէջ մետաքսի մանարան գործարանի առաջին հիմնաիկուն եղած է Գառնիկ Պէնտէլեան,40 ճախարակներով (մանճըլըգ) 1889ին, ատկէ մինչեւ 1900 թուականը՝ 40-80 ճախարակնոց խոշոր գործարաններ կանգնած են Ասատուր Սէթտէրեան, Յակոբ Օհանեան, որուն մէկ փեսան Արսէն Թօփճեան՝ այժմ գործարանատէր ի Խասքօվօ (Պուլկարիա), մհտ. Պետրոս Պուրնազեան եւ մհտ. Գէորգ Թէրզեան:

Եէնիճէի ամբողջ հայութիւնը, բացի 40 տուն բողոքականներէն՝ 6 Օգոգտոս 1915ին տարագրուած է եւ զինադադրէն վերադարձող վերապրոզներու թիւն է ընդ ամէնը 1250 անձ, որոնց կէսը ներկայիս (1938) Պուլկարիա՝ իսկ մնացեալ կէսը ապաստանած են Յունաստան եւ Ֆրանսա:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 660: