«Վահան Գույումճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Գույումճեան Վահան''', ծնած Ակն 1880ին, նախնական կրթութիւնը ստացած տեղւոյն Ներսէսեան դպրո...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

18:36, 13 Սեպտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Գույումճեան Վահան, ծնած Ակն 1880ին, նախնական կրթութիւնը ստացած տեղւոյն Ներսէսեան դպրոցը: 1893ին կ’ընդունուի Կարնոյ Սանասարեանը. 1900ին շրջանաւարտ ելլելէ վերջ՝ 3 տարի կը պաշտօնավարէ հոն: Նոյն խնամակալութեան կողմէ կ’որոշուի Եւրոպա ուղարկել զինք՝ ուսումը կատարելագործելու, բայց Համիտեան խստութեան հետեւանօք ծրագիրը ջուրը կ’իյնայ: Գույումճեան իր իտէալէն ոգեւորեալ՝ գաղտագողի խոյս կու տայ սահմանագլխէն. յանդուգն քա՛յլ որ քիչ մնաց իր կեանքն արժէր. Քիւրտերէ հետապնդուելով՝ կը բանտուի Հասանգալէ, ուրկէ Կարին: Երկամսետոյ տաժանագին բանտարկութենէ մը վերջ կ’աքսորուի Ակն որուն առաջն. փոխանորդ Գէորգ վրդ. Արսլանեանի բարեխօսութեամբ ազատ կը թողուի եւ տարի կը վարէ տեղւոյն ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը: 1906-1908ին ալ Արաբկիր՝նոյն պաշտօնով: Հուրրիէթէն յետոյ կը հրաւիրուի Սանասարեան. ուր կը մնայ 3 տարի: 1911ին հրաժարարելով կը մեկնի ծննդավայր՝ ուր տարի մը տնօրէն կ’ըլլայ նորահաստատ Նարեկեան վարժարանի: 1912ի ամրան Պոլիս հասնելուն՝ կ’ընտրուի հայերէնի ուսուցիչ Ատափազարի Կեդրոնականին եւ հոն կը մնայ մինչեւ 1915ի տեղահանութիւնը, ձերբակալեալ մտաւորականներու խումբին խառնուելով՝ հազիւ շունչ կ’առնէ Գոնիա՝ ուր պահ մը ծուարած կ’ապրի. հոնկէ փախչելով Պէլէմէտիք՝ երկաթուղ. շինութեանց գործին մէջ կը ծառայէ բուանթէօրի պաշտօնով, գերմ. զին. Իշխանութեանց մօտ, շնորհիւ իր գերմանագիտութեան: Զինադագարի վաղորդայնին կը դառնայ Պոլիս. տարի մը Պանտրմայի վարժարանին տնօրէն, ապա Պէշիկթաշի որբանոցին, ուր ուրեմն ուսումնապետ Գուլէլիի: Մաքրիքէօյի Տատեան վարժարանի տնօրէնն էր, երբ Պոլսոյ քաղաքական հորիզոնը մթագնեցաւ եւ շատ մը մտաւորականներու հետ ինք եւս հեռացաւ Պոլսոյ ջուրերէն, իյնալով Քորֆու՝ իբր ուսուցիչ Րիլիֆի որսանոցին: Այս հաստատութեան ամերիկացի վարիչներուն կամակոր գործունէութեան արձագանգը կ’ըլլար «Ճակատամարտ»ի մէջ Վահէ ծածկանունով պաշտօնակից մը. Գույումճեան իբր այն ամբաստանուելով՝ վտարուեցաւ առանց բերան տալու իր «ընկեր»ը. զոհողութի՛ւն որ իրենց արժեց ամիսներու անգործութիւն՝ օտար հորիզոնի տակ, մինչեւ պաշտօնի կոչուիլը Սիրա: Այժմ կը գտնուի Ֆրանսա:

Որչափ ատեն որ առիթը ներկայացաւ իրեն՝ ծննդավայրը եւ շրջակայ գիւղերը մնալու, հետամուտ եղաւ պրպտելու Ակնայ հարուստ գաւարաբարբառթ, մանաւանդ այդ շրջանի «անգիր դպրութիւն»ը, պատրաստելով Ակնայ Անտունիներուն եւ ուրիշ երգերուն լիակատար հաոաքածոն,— Ճանիկեանի եւ այլոց գործերէն անհունապէս հոխ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 535: