«Գութեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Գութեր''', Քութի կամ Գութի, երբեմն բազմահայ քաղաք Լեհաստանի, եւ ներկայիս փոքրիկ ք...»:
 
No edit summary
Տող 3. Տող 3.

Հայերը ունէին մեծ եւ փառաւոր եկեղեցի մը, հիմնուած [[1756]]ին Լեհաց Օգոգտոս Գ. թագաւորի ժամանակ եւ կոմսուհի Պոտոկիի նուիրատուութեամբ [[1797]]ին Լեմպերկի հայ արքեպիսկոպոս Յակոբ Թումանովիչի ձեռքով օծուած է՝ Ս. Աստուածածին Անարատ յղութեան անուամբ: Եկեղեցւոյն մէկ կողմը քարաշէն վանատուն մը կայ՝ մեծ պարտէզով շրջապատեալ: Հայերը ունին դպրոց մը, ուր տղայք հայերէն հասարակ ընթերցումն կ’ուսանին: Հին եկեղեցին [[1870]]ին այրեցաւ, բայց [[1875]]ին նորէն շինուեցաւ: Քաղաքս ունի նաեւ հայկական մատուռ մը գերեքմանատան մէջ, զոր կանդնած է իւր ծախքով Հռիփսիմէ Ռոմաշկան, ուրիշ մատուռ մ’ալ կայ Պանելով գղ.ի մէջ՝ Աննա Պօղոսովիչի արդեամբ կառուցուած:

== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 530:

10:27, 13 Սեպտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Գութեր, Քութի կամ Գութի, երբեմն բազմահայ քաղաք Լեհաստանի, եւ ներկայիս փոքրիկ քաղաք Կալիցիոյ արեւելեան անկիւնը: Մօտէն կ’անցնի Ջէրէմուշ գետը, որ Լեհաստանը Պուքովինայէն կը բաժնէ: Տեղւոյ դիրքը անկիւնաձեւ լինելուն՝ Լեհաց լեզուով կոչուած է Գութի՝ այսինքն անկիւն: Այս երկիրը նախ անտառավայր էր. յետոյ Ռումանիայէն 20 տուն Հայեր եկան հոս, Օգոստոս Բ. Լեհաց թագաւորի հրաւիրելով, որ եւ յատուկ արտօնութեանց պարգեւագիր տուաւ իրենց 18 Յուլիս 1715ին : Այնուհետեւ սկսան Հայերը կառուցանել քաղաքս, եւ առաջին հիմնարկողն եղաւ Շատպէյ անուն հայ վաճառականը, որ եկաւ Մոլտավիայէն: Հ. Մինաս Բժշկեանի քաղաքս այցելած միջոցին, քաղաքս ունէր 3000 բնակիչ. զանազան ազգերէ: Իսկ այժմ (1902)ին ունի մօտ 7000 բնակիչ: Տեղւոյս Հայք Կաթողիկէութիւնը ընդունած են եւ այժմ կը հաշուին 1200 հոգի: Ի հնումն խիստ անուանի էին հայ վաճառականները, որոնցմէ ոմանք գիւղերը կը բնակէին եւ շատերը խաղախորդ էին, որովհետեւ ընտիր է այս կողմանց կաշին: Լեհաց տէրութեան միջոց Հայք շատ արտօնութիւններ ունէին, առանձին դատարան եւ դատաւորներ: Քաղաքիս մէջ Հրեաները սկսան բազմանալ, Հայոց ձեռքէն մասամբ մը վաճառականութիւնը գնաց եւ սկսան աղքատանալ: Հայերը գրեթէ առհասարակ վաճառականներ են եւ միանգամայն ձեռագէտք. ինչպէս կ’ըսէ վերջին գրող մը, կը ջանան միջին տեղի մը գրաւել ի մէջ առտնին եւ մեծավաճառ գործոց, եւ միանգամայն ըլլալ միջնորդք, վաճառողք եւ իրենց սեփական ճարտարագործութեանց փոխադրողներ: Արդի ժամանակները նպաստաւոր չեն Հայոց, եւ զարմանալու չէ՝ որ Գութիի գործերն խեղճ կերպարանք մ’առին՝ մանաւանդ 1887էն ի վեր, յորում ռումանական սահմանաց փակուելովն՝ արջառոց վաճառականութիւնն եւս Հայոց ձեռքէն ելաւ, որոնք հառաչանօք կը խօսին անցեալ դարու ճարպեղէն մոմերու հին լաւ ժամանակաց վրայ: Տեղւոյս Հրեպները երբեմն կը խօսէին հայերէն:

Հայերը ունէին մեծ եւ փառաւոր եկեղեցի մը, հիմնուած 1756ին Լեհաց Օգոգտոս Գ. թագաւորի ժամանակ եւ կոմսուհի Պոտոկիի նուիրատուութեամբ 1797ին Լեմպերկի հայ արքեպիսկոպոս Յակոբ Թումանովիչի ձեռքով օծուած է՝ Ս. Աստուածածին Անարատ յղութեան անուամբ: Եկեղեցւոյն մէկ կողմը քարաշէն վանատուն մը կայ՝ մեծ պարտէզով շրջապատեալ: Հայերը ունին դպրոց մը, ուր տղայք հայերէն հասարակ ընթերցումն կ’ուսանին: Հին եկեղեցին 1870ին այրեցաւ, բայց 1875ին նորէն շինուեցաւ: Քաղաքս ունի նաեւ հայկական մատուռ մը գերեքմանատան մէջ, զոր կանդնած է իւր ծախքով Հռիփսիմէ Ռոմաշկան, ուրիշ մատուռ մ’ալ կայ Պանելով գղ.ի մէջ՝ Աննա Պօղոսովիչի արդեամբ կառուցուած:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 530: