«ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ Նուագախումբ եւ Երգչախումբ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
(Տարբերութիւն չկայ)

18:12, 1 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երաժիշտ (արեւմտահայերէն) Գոհար Սիմֆոնիկ նուագախումբ եւ երգչախումբ, լիբանահայ Յարութ Խաչատրեանի կողմէն հիմնադրուած նուագախումբ եւ երգչախումբ: Յարութի եղբայրները՝ Շահէ եւ Նառ Խաչատրեանները նոյնպէս աջակցած են «Գոհար»-ին՝ Հիմնադրման օրէն 2014 թուականը համոյթը ղեկավարած է Կիպրացի Սեպուհ Աբգարեան, որ միաժամանակ գեղարուեստական ղեկավարն էր ու խմբավարը[1]: Սկիզբը համոյթը հանդիսացած է միայն նուագախումբով, իսկ այնուհետեւ ընդարձակուած է ու լրացուած է նաեւ երգչախումբով: Ներկայիս կազմուած է մօտաւորապէս 150 երաժիշտներէ, 12-15 երգիչ-մեներգիչներէ, մօտաւորապէս 15 պարուհիներէ: Նուագախումբը «Գոհար» կոչուած է եղբայրներուն մօրը անունով[1]:

ԳՈՀԱՐ-ին ճամբան Ա.Բ.Գ.-ն է: ԳՈՀԱՐ-ի սատարը Հայ Ուսուցիչին է: ԳՈՀԱՐ-ի ծածանած դրօշակը Կիլիկիոյ Թագաւորութեան դրօշակն է:


Պատմութիւն

1996 թուականին Գոհար Խաչատրեան (Խաչատուրեան) այցելած է Հայաստանի այն շրջանները որոնք տուժած են 1988 թուականին երկրաշարժէն եւ որոնք դեռ կը գտնուէին ոչ նպաստաւոր նիւթական եւ հոգեւոր վիճակի մէջ: Տեսնելով այդ պայմանները, ան որոշած է աշխատանքի պայմանները ստեղծել մարդկանց համար: 1997 թուականին անոր զաւակները՝ Յարութ, Շահէ եւ Նառ Խաչատրեանները Կիւմրիի Կեդրոնը կառուցած են եւ 1999 թուականի աւարտին հասած են համալիրի կառուցումը, որտէղ բնակցութիւնը կը հաստատուին երկրաշարժէն ետք անօթեւան մնացածները:

1999 թուականին իր աշխատանք կ'սկսի նաեւ «Գոհար» երաժշտանոցը, որտէղ կ'աշխատէին մօտաւորապէս 20 ուսուցիչներ եւ անվճառ մօտաւորապէս 100 ուսանողներու կը սորվեցնէին: Երաժշտական գործիքները սորվելու տարիներուն ուսանողներուն կը տրուէին անվճառ:

Համերգաշրջան

«Գոհար»-ի հանդիսատեսը, ովքեր կը ծածանին Կիլիկիոյ թագավորության դրօշակը Ազատութեան հրապարակը, Երեւան, 2011թ

2000 թուականին կը հիմնադրուի Գոհար սիմֆոնիկ նուագախումբն ու երգչախումբը: Համերգներով համոյթը հանդէս կու գայ ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ սփիւռքահայ օջախները եւս: Ընդ որին, համերգներէն ստացուած հասոյթի մեծ մասը կը ծախսուի բարեգործական նպատակներով:

Համոյթի անդրանիկ միջազգային ելոյթը տեղի կ'ունենայ 2002 թուականին Նիկոսիա: Այս նոյն թուականին ելոյթը կ'ունենան նաեւ Պէյրութի եւ Երեւան: 2005 թուականին ելոյթ կ'ունենան Իսթամպուլ, 2006 թուականին՝ Մոսկուա:

2003 թուականին կը հրատարակեն իրենց առաջին DVD ձայնավառակը: Այս եւ շատ այլ ապագայ ելոյթներու հասոյթները կը ծախսուէին բարեգործական նպատակներով, կամ ալ տեղը կ'ունէնային անվճառ, կամ ալ ձայնասկավառակները կը բաժնէին սփիւժքահայ գաղթօջախներու կրթական հաստատութիւններու:

2007 թուականին «Գոհար» կը մեկնի ԱՄՆ, որտէղ ելոյթ կ'ունենան 6 անգամ եւ Գանատա՝ 2 անգամ: 2008 թուականին կարձակեն երկրորդ այնասկավառակը՝ Իսթամպուլի եւ Մոսկուայի ելոյթներու հիման վրայ[2]:

2009 թուականին Գոհարը ելոյթներ կ'ունենայ Իսթամպուլի եւ Հալէպի մէջ, 2012-ին Արժանթին եւ Ուրուկուէ[3]:

2009 թուականին Սերժ Սարգիսեանի հրամանագրով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 18-րդ տարեդարձին առիթով, մշակոյթի եւ արուեստի բնագավառում ներդրած նշանակալի աւանդի համար Լիբանանահայ բարերար Գոհար Խաչատուրեանը կը պարգեւէ Մովսէս Խորենացիի մետալով:

«Գոհար»-ը Լիբանանի համերգի ժամանակ, 2010 թ

«Գոհարի» ամենատպաւորիչ ելոյթներէն մէկը 2011 թուականին Մայիս 28-ին Երեւանի Օբերայի բակին մէջ կազմակերպուած մեծ ու լուսառատ համերգ էր հայ երգիչներու մասնակցութեամբ, նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին[4]: Համերգը անցաւ 3D լազերային խիստ տպաւորիչ շուռ-ներկայացմամբ, որ իր մեծածավալութեամբ եւ ճաշակով նոր խօսք էր հայ մշակութային իրականութեան մէջ: Համերգին ներկայ էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգիսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակո Սահակեան, վարչապէտ Տիգրան Սարգիսեան, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, քաղաքական բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաններ:

«Գոհարի» յաջողութեան գաղտնիքը երգերու մատուցման պարզութիւնն է, ժողովրդականութիւնը: Նոյնիսկ ամենադասական ու ծանր ստեղծագործութիւնը կը ներկայացուի շատ պարզ ու թեթեւ, որմէ չի տուժէր որակը, այդ իսկ պատճառով այն ընդունելի եւ հասկանալի կը դառնայ բոլոր կողմէն: Եթէ աւելցուի խմբավար Սեպուհ Աբգարեանի անմիջականութիւնն ու համերգի ժամանակ մերթ ընդ մերթ խմբավարական հարթակի ձգել ու հանդիսատեսի առջեւ պարելը, պարզ կը դառնայ «Գոհարի» յաջողութեան գաղտիքը: «Գոհարի» շատ ներկայացումներ զուգակցուած են հանդիսատեսի պարով:

Ծանոթագրութիւններ