«Գերմանիոյ Խորհրդային Պատերազմ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 68. Տող 68.
Ծրագիրի իրականացման համար գերմանական հրամանատարութիւնը 190 բաժին կազմեց։ Ռազմական բոլոր ուժերը տեղաբաշխուեցան ռազմագիտական երեք ուղղութիւններով։ «Հիւսիս» բանակախումբը (29 բաժին) պիտի գրաւէր [[Մերձպալթիք]] բաժինները եւ [[Պալթիք ծով]]ու նաւահանգիստները, «Կեդրոն» բանակախումբը (50 բաժին) պիտի գրաւէր [[Պելառուս]]ը եւ յարձակումը զարգացնէր Մոսկուայի վրայ, «Հարաւ» բանակախումբի (57 բաժին եւ 13 կիսաբաժին) խնդիրը այն էր, որ [[Ուքրանիա|Ուքրանիոյ]] աջ կողմը պիտի գրաւէր, ապա պիտի անցնէր [[Տնիբեր]] եւ յարձակումը դէպի արեւելք զարգացնէր։ Գերմանական ցամաքային զօրքերու պահեստին մէջ կար 24 բաժին։
Ծրագիրի իրականացման համար գերմանական հրամանատարութիւնը 190 բաժին կազմեց։ Ռազմական բոլոր ուժերը տեղաբաշխուեցան ռազմագիտական երեք ուղղութիւններով։ «Հիւսիս» բանակախումբը (29 բաժին) պիտի գրաւէր [[Մերձպալթիք]] բաժինները եւ [[Պալթիք ծով]]ու նաւահանգիստները, «Կեդրոն» բանակախումբը (50 բաժին) պիտի գրաւէր [[Պելառուս]]ը եւ յարձակումը զարգացնէր Մոսկուայի վրայ, «Հարաւ» բանակախումբի (57 բաժին եւ 13 կիսաբաժին) խնդիրը այն էր, որ [[Ուքրանիա|Ուքրանիոյ]] աջ կողմը պիտի գրաւէր, ապա պիտի անցնէր [[Տնիբեր]] եւ յարձակումը դէպի արեւելք զարգացնէր։ Գերմանական ցամաքային զօրքերու պահեստին մէջ կար 24 բաժին։


<!-- Խորհրդային կառավարութիւնը եւ համայնավար կուսակցութիւնը, գերմանական հիթլերական յարձակումը կանխատեսելով, խաղաղ շինարարութեան տարիներուն անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկեցին երկիրի պաշտպանունակութեան ամրապնդման համար, կարեւոր միջոցառումներ իրագործուեցան պաշտպանական արդիւնաբերութեան ստեղծման համար, զինուած ուժերու գիտարուեստական վերազինուածութեան, զինուորական հարուածի պատրաստումը ընդլայնելու ուղղութեամբ։
<!-- Խորհրդային կառավարութիւնը եւ համայնավար կուսակցութիւնը, գերմանական հիթլերական յարձակումը կանխատեսելով, խաղաղ շինարարութեան տարիներուն անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկեցին երկիրի պաշտպանունակութեան ամրապնդման համար, կարեւոր միջոցառումներ իրագործուեցան պաշտպանական արդիւնաբերութեան ստեղծման համար, զինուած ուժերու գիտարուեստական վերազինուածութեան, զինուորական հարուածի պատրաստումը ընդլայնելու ուղղութեամբ։ --> Յունիս 1941-ին խորհրդային զինուած ուժերը 5․373 հազար մարդ կը կազմէին, ցամաքային զօրքերուն մէջ կար 303 [[բաժին]] (որուն քառորդը կազմաւորման կամ վերակազմաւորման վիճակի մէջ կը գտնուէր)։ Ռազմածովային նաւատորմին մէջ կար 3 գծանաւ, 7 հածանաւ, 54 հսկողութեան ականակիր, 212 [[Սուզանաւ|սուզանաւ]]։ Բանակի հրամկազմը օժտուած էր բարձր բարոյաքաղաքական եւ մարտական ունակութեամբ։ Պատերազմի սկզբը բանակին մէջ 563,5 հազար մարդ կար։ Արեւմտեան սահմանային ռազմական շրջանակին մէջ 170 բաժին եւ 2 կիսաբաժին կը գտնուէր, ընդամենը 2․680 հազար մարդ։ Որոշ ուղղութիւններու մէջ, թշնամին խորհրդային զօրքերուն կը գերազանցէր 3-4 անգամով։ Սակայն երկրի պաշտպանութեան ամրապնդման համար կատարուած նիւթական գիտարուեստական եւ կազմակերպական բոլոր միջոցառումները չէին յաջողած մինչեւ պատերազմի սկիզբը։ Առանձին դեր ունեցաւ նաեւ թշնամիի յարձակման նկատմամբ նախատեսուած սխալ ժամկէտերը: Արեւմտեան սահմանի զօրքերը յարձակման սկիզբը մարտական պատրաստութեան մէջ չէին։ Ծայրահեղ քէշ պայմաններու մէջ, խորհրդային զօրքերը պատերազմի մէջ մտան փորձուած եւ ուժեղ թշնամիի դէմ։

--> Յունիս 1941-ին խորհրդային զինուած ուժերը 5․373 հազար մարդ կը կազմէին, ցամաքային զօրքերուն մէջ կար 303 [[բաժին]] (որուն քառորդը կազմաւորման կամ վերակազմաւորման վիճակի մէջ կը գտնուէր)։ Ռազմածովային նաւատորմին մէջ կար 3 գծանաւ, 7 հածանաւ, 54 հսկողութեան ականակիր, 212 [[Սուզանաւ|սուզանաւ]]։ Բանակի հրամկազմը օժտուած էր բարձր բարոյաքաղաքական եւ մարտական ունակութեամբ։ Պատերազմի սկզբը բանակին մէջ 563,5 հազար մարդ կար։ Արեւմտեան սահմանային ռազմական շրջանակին մէջ 170 բաժին եւ 2 կիսաբաժին կը գտնուէր, ընդամենը 2․680 հազար մարդ։ Որոշ ուղղութիւններու մէջ, թշնամին խորհրդային զօրքերուն կը գերազանցէր 3-4 անգամով։ Սակայն երկրի պաշտպանութեան ամրապնդման համար կատարուած նիւթական գիտարուեստական եւ կազմակերպական բոլոր միջոցառումները չէին յաջողած մինչեւ պատերազմի սկիզբը։ Առանձին դեր ունեցաւ նաեւ թշնամիի յարձակման նկատմամբ նախատեսուած սխալ ժամկէտերը: Արեւմտեան սահմանի զօրքերը յարձակման սկիզբը մարտական պատրաստութեան մէջ չէին։ Ծայրահեղ քէշ պայմաններու մէջ, խորհրդային զօրքերը պատերազմի մէջ մտան փորձուած եւ ուժեղ թշնամիի դէմ։


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

12:42, 18 Հոկտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Ճակատամարտ (արեւմտահայերէն) Գերմանիոյ խորհրդային պատերազմ, ԽՍՀՄ-ի մէջ յայտնի էր եւ ժամանակակից Ռուսաստանի մէջ յայտնի է որպէս Հայրենական մեծ պատերազմ (ռուս.՝ Великая Отечественная война), 1941-1945-ններուն Խորհրդային Միութեան կողմէն Հիթլերական Գերմանիոյ եւ անոր դաշնակիցներու (Իտալիա, Հունգարիա, Ռումանիա, Ֆինլանտա, 1945-էն նաեւ Ճափոն) դէմ մղուած պատերազմը, որ կազմած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մէկ մասը։ Այս եզրը նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ կ՛օգտագործուի։ Գերմանիոյ մէջ Արեւելեան ճակատ (die Ostfront), Արեւելեան արշաւանք (der Ostfeldzug), Ռուսական արշաւանք (der Rußlandfeldzug) եւ Գերմանիոյ խորհրդային պատերազմ տարբերակները կ՛օգտագործուին։

Պատերազմի հիմնական պատճառը Գերմանիոյ կողմէն Եւրոպայի մէջ ազգային-ընկերվարութեան տարածումը եղած է[1][2]:

Անուանում

«Հայրենական մեծ պատերազմ» անուանումը սկսած է գործածուիլ ԽՍՀՄ-ի մէջ Ստալինի ժողովուրդին ուղղուած ռատիօ-ի ուղերձի միջոցով՝ 3 Յուլիս 1941 -ին։[3] Ուղերձին մէջ «մեծ» եւ «հայրենական» բառերը առանձին կը գործածուէին։

1914-1915-ններուն «Մեծ Հայրենական պատերազմ» անուանումը երբեմնկը կիրառուէր Առաջին համաշխարհային պատերազմին վերաբերող ոչ պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ։ Առաջին անգամ այս բառակապակցութիւնը կիրառուեցաւ ԽՍՀՄ-ի Գերմանիոյ հետ պատերազմի առիթով «Պրավդա» թերթի 23 Յուլիս 1941-ի եւ 24-ի յօդուածներուն մէջ եւ սկզբէն նշմարուած էր ոչ թէ որպէս կոչում, այլ որպէս թերթային քլիշէ, այլ բառակապակցութիւններու հետ միասին, ինչպէս օրինակ «սրբազան ժողովրդական պատերազմ», «յաղթական հայրենական պատերազմ» եւ այլն։[4][5] «Հայրենական պատերազմ» կոչումը ամրագրուեցաւ 20 Մայիս 1942-ին, ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան Հրամանագիրով սահմանուած Հայրենական պատերազմի զինուորական ուխտով։ Անուանումը հետխորհրդային պետութիւններուն մէջ կը պահպանուի(ուքր.՝ Велика Вітчизняна війна, պելառուս․՝ Вялікая Айчынная вайна, աբխ.՝ Аџьынџьтәылатәи Еибашьра եւ այլն)։ ԽՍՀՄ կազմին մէջ չգտնուող երկիրներուն մէջ, ուր ռուսերէնը հիմնական շփման լեզու չի հանդիսանար, «Հայրենական մեծ պատերազմ» անուանումը գործնականին մէջ չի կիրառուիր։ Այն երկրներուն մէջ, ուր հիմնական լեզուն անգլերէն է, կոչումը կը փոխարինուի Eastern Front (World War II)-ով ((Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի) արեւելեան ճակատ), գերմանական պատմագիտութեան մէջ՝ Deutsch-Sowjetischer Krieg, Russlandfeldzug, Ostfeldzug (գերմանիոյ խորհրդային պատերազմ, ռուսական արշաւ, արեւելեան արշաւ)։

Վերջին ժամանակներու ընթացքին, ռուսական զանգուածային մշակոյթին մէջ գերմանիոյ խորհրդային պատերազմը յիշատակելու համար պարբերաբար «Մեծ պատերազմ» բառակապակցութիւնը կը գործածուի,[6][7] որ պատմականօրէն ամբողջական ճիշդ չէ. 1910-ականներու վերջերուն, այդ կոչումը կը գործածուէր Առաջին համաշխարհային պատերազմին համար։ Անուանումներու համար կան նաեւ այլ տարբերակներ. օրինակ՝ խորհրդա-հոթլերական պատերազմ (1941-1945)։[8] Թուրքմենիստանի մէջ արգիլուած է պատերազմը «Մեծ Հայրենական» անուանել. «1941-1945-ններու պատերազմ» անուանումը կը գործածուի։[9]

Հիմնականին մէջ այս պատերազմը «Հայրենական մեծ պատերազմ» է միայն Ռուսաստանի եւ ռուս ժողովուրդի համար: Միւս բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն համար այս պատերազմը պարզապէս «1941-1945-ի խորհրդա-գերմանական պատերազմ» կը հանդիսանայ:

Պատերազմի Նշանակութիւնը

Խորհրդա-գերմանական պատերազմի ճակատամարտները համաշխարհային ռազմական պատմութեան մէջ մղուած ամենամեծ ճակատամարտներէն են:[10]

Անոնք կը բնութագրուին աննախադէպ կատաղութեամբ, ամբողջական ոչնչացումներով, զանգուածային բռնագաղթերով, մարտական վիթխարի կորուստներով, զանգուածային սովամահութիւններով, մարդկային մեծ զանգուածներու ահաւոր տառապանքներով, հիւանդութիւններով, կոտորածներով ու ցեղասպանութիւններով:

Գրեթէ բոլոր համակեդրոնացման ճամբարները Արեւելաեւրոպական ռազմաբեմին եւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ կը գտնուէին, այստեղ տեղի ունեցած են Հոլոքոստի գործողութիւններէն շատերը, այստեղ գտնուած են նաեւ հիթլերականներու կողմէն գրաւուած եւրոպական տարածքներու հրէական թաղերէն շատերը:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին մահացած մօտաւորապէս 70 միլիոն մարդկային կորուստներէն աւելի քան 30 միլիոնը Արևելաեվրոպական ռազմաբեմին կը վերագրուի,[11], որոնցմէ շատերը՝ քաղաքացիական բնակչութենէն մաս մը, զոհուած են խորհրդա-գերմանական ռազմաբեմին վրայ ընթացող մարտական գործողութիւններու հետեւանքով:

Արեւելեան ռազմաբեմը վճռական հանդիսացած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի Եւրոպական մասի ելքը վճռելէ ետք, եւ ի վերջոյ հիթլերական Գերմանիոյ պարտութեան գլխաւոր պատճառը եղած է:[12][13][14]

Պատերազմի Մասնակիցներու Ուժեր

Գերմանական զօրքերը ԽՍՀՄ տարածքը կը ներխուժեն

Գերմանական կայսերականութիւնը երկար ժամանակի ընթացքին կը պատրաստուէր ԽՍՀՄ-ի վրայ յարձակիլ․ այդ նախապատրաստութիւնը աւելի զօրացաւ ֆաշականութեան ժամանակ, երբ իշխանութեան գլուխը անցաւ։ Ֆաշականական Գերմանիան հսկայական ռազմա-տնտեսական կարողութիւն ստեղծեց․ 1934-40-ններուն ռազմական արտադրութիւնը աւելացաւ 22 անգամ, զինուած ուժերը՝ 35 անգամ՝ 105 հազարէն մինչեւ 3․755 հազար մարդ։ 1941-ի կիսուն Գերմանիոյ զինուած ուժերու ընդհանուր թիւը շուրջ 7,3 միլիոն մարդ էր (բացի այդ կար աւելի քան 1,2 միլիոն ազատ-վարձու), ցամաքային զօրքերը 214 բաժին եւ 7 առանձին կիսաբաժին կը կազմէին։ Գործող բանակին մէջ կար 5639 հրասայլ եւ յարձակող հրանօթ, աւելի քան 6500 ինքնաթիռ, 61 հազարէն աւելի հրանօթ եւ շաղախ։ Ռազմածովային ուժերուն մէջ կար 5 գծանաւ, 4 ծանր եւ 4 թեթեւ հածանաւ, 43 ականակիր եւ 161 սուզանաւ։ ԽՍՀՄ-ի դէմ պատերազմի ծրագիրը կը նախատեսուէր հանկարծակի, հզօր արագաշարժ խմբաւորումներով ճեղքել ու ոչնչացնել արեւմուտքի մէջ կեդրոնացած խորհրդային բանակի գլխաւոր ուժերը եւ սրընթաց խորանալ երկիրը, 9-17 շաբաթուան ընթացքին ոչնչացնել խորհրդային բանակի հիմնական մասը։

Ծրագիրի իրականացման համար գերմանական հրամանատարութիւնը 190 բաժին կազմեց։ Ռազմական բոլոր ուժերը տեղաբաշխուեցան ռազմագիտական երեք ուղղութիւններով։ «Հիւսիս» բանակախումբը (29 բաժին) պիտի գրաւէր Մերձպալթիք բաժինները եւ Պալթիք ծովու նաւահանգիստները, «Կեդրոն» բանակախումբը (50 բաժին) պիտի գրաւէր Պելառուսը եւ յարձակումը զարգացնէր Մոսկուայի վրայ, «Հարաւ» բանակախումբի (57 բաժին եւ 13 կիսաբաժին) խնդիրը այն էր, որ Ուքրանիոյ աջ կողմը պիտի գրաւէր, ապա պիտի անցնէր Տնիբեր եւ յարձակումը դէպի արեւելք զարգացնէր։ Գերմանական ցամաքային զօրքերու պահեստին մէջ կար 24 բաժին։

Յունիս 1941-ին խորհրդային զինուած ուժերը 5․373 հազար մարդ կը կազմէին, ցամաքային զօրքերուն մէջ կար 303 բաժին (որուն քառորդը կազմաւորման կամ վերակազմաւորման վիճակի մէջ կը գտնուէր)։ Ռազմածովային նաւատորմին մէջ կար 3 գծանաւ, 7 հածանաւ, 54 հսկողութեան ականակիր, 212 սուզանաւ։ Բանակի հրամկազմը օժտուած էր բարձր բարոյաքաղաքական եւ մարտական ունակութեամբ։ Պատերազմի սկզբը բանակին մէջ 563,5 հազար մարդ կար։ Արեւմտեան սահմանային ռազմական շրջանակին մէջ  170 բաժին եւ 2 կիսաբաժին կը գտնուէր, ընդամենը 2․680 հազար մարդ։ Որոշ ուղղութիւններու մէջ, թշնամին խորհրդային զօրքերուն կը գերազանցէր 3-4 անգամով։ Սակայն երկրի պաշտպանութեան ամրապնդման համար կատարուած նիւթական գիտարուեստական եւ կազմակերպական բոլոր միջոցառումները չէին յաջողած մինչեւ պատերազմի սկիզբը։ Առանձին դեր ունեցաւ նաեւ թշնամիի յարձակման նկատմամբ նախատեսուած սխալ ժամկէտերը: Արեւմտեան սահմանի զօրքերը յարձակման սկիզբը մարտական պատրաստութեան մէջ չէին։ Ծայրահեղ քէշ պայմաններու մէջ, խորհրդային զօրքերը պատերազմի մէջ մտան փորձուած եւ ուժեղ թշնամիի դէմ։

Ծանօթագրութիւններ

  1. История Второй мировой войны 1939-1945 (в 12 томах) / редколл., гл. ред. А. А. Гречко. — М.: Воениздат, 1982. — Т. 12. — С. 33-34. — 495 с.
  2. Макс Хейстингс Вторая мировая война: Ад на земле = All Hell. Let Loose The World At War 1939–1945. — М.: Альпина нон-фикшн, 2015. — P. 433. — 698 p. — ISBN 978-5-91671-352-7
  3. И. В. Сталин, Выступление по радио 3 июля 1941 года.
  4. Душенко К. Словарь современных цитат
  5. Газетные публикации 24 июня 1941 года
  6. Победители. Солдаты Великой войны
  7. «Великая война». Цикл документальных фильмов
  8. Двухтомник «История России XX век: 1939-2007» / под ред. А. Б. Зубова. - М.: Астрель И90 АСТ, 2009. С. 37
  9. В Туркмении запретили называть войну 1941-1945 годов Великой Отечественной
  10. «World War II: The Eastern Front»։ The Atlantic։ September 18, 2011։ արտագրուած է՝ November 26, 2014 
  11. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named 30m
  12. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.: "That conflict, which ended sixty years before this book’s completion, was a decisive component — arguably the single most decisive component — of the Second World War. It was on the eastern front, between 1941 and 1945, that the greater part of the land and associated air forces of Nazi Germany and its allies were ultimately destroyed by the Soviet Union in what, from 1944, its people — and those of the fifteen successor states — called, and still call, the Great Patriotic War"
  13. W. Churchill: "Red Army decided the fate of German militarism". Source: Correspondence of the Council of Ministers of the USSR with the U.S. Presidents and Prime Ministers of Great Britain during the Great Patriotic War of 1941–1945., V. 2. M., 1976, pp. 204
  14. Norman Davies: "Since 75%–80% of all German losses were inflicted on the eastern front it follows that the efforts of the Western allies accounted for only 20%–25%". Source: Sunday Times, 05/11/2006.
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Կատեգորիա:Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ Կատեգորիա:Գերմանիոյ խորհրդային պատերազմ