«Գերմանիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
ՉNo edit summary
Տող 302. Տող 302.
Գերմանիոյ արտահանութեան գրեթէ 9/10-ը լայն սպառման արդիւնաբերական ապրանքներն են՝ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ եւ մատուցուած ծառայութիւններ։
Գերմանիոյ արտահանութեան գրեթէ 9/10-ը լայն սպառման արդիւնաբերական ապրանքներն են՝ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ եւ մատուցուած ծառայութիւններ։
== Հետաքրքիր Փաստեր Գերմանիոյ Մասին ==
== Հետաքրքիր Փաստեր Գերմանիոյ Մասին ==
*Գերմանիան դեռ վաղ ժամանակներէն յայտնի է որպէս քաղաքներու երկիր։ Քաղաքներու մեծ թիւի մասին կը յիշատակուի դեռեւս Հռոմէական կայսրութեան ժամանակներէն։ Քաղաքներու մեծ մասը, չնայած ներկայիս բարձր զարգացածութեան, պահպանեած են հնամենի արտաքին տեսքը, գործառոյթները եւ արտադրուող ապրանքներու տեսականին։ Օրինակ, [[Ջոլինգեն]]ը՝ մետաղեայ իրերու արտադրութիւնը, [[Հոտա]]ն՝ քարտեզագրութիւնը, [[Հեյդելբերգ]]ը եւ [[Գյոթինգեն]]ը յայտնի են իրենց համալսարաններով, [[Վայմար]]ը՝ թանգարաններով՝ կապուած [[Գյոթե]]ի, [[Շիլլեր]]ի, [[Լիստ]]ի, [[Հենդել]]ի անուններու հետ, իսկ [[Հաննովեր]]ը, [[Քյոլն]]ը, [[Մայնի Ֆրանկֆուրտ]]ը, [[Լայպցիգ]]ը՝ որպէս միջազգային տօնավաճառներու կեդրոն։ [[Լայպցիգ]]ի տօնավաճառը կը գործէ արդէն 800 տարի։
*Գերմանիան դեռ վաղ ժամանակներէն յայտնի է որպէս քաղաքներու երկիր։ Քաղաքներու մեծ թիւի մասին կը յիշատակուի դեռեւս Հռոմէական կայսրութեան ժամանակներէն։ Քաղաքներու մեծ մասը, չնայած ներկայիս բարձր զարգացածութեան, պահպանեած են հնամենի արտաքին տեսքը, գործառոյթները եւ արտադրուող ապրանքներու տեսականին։ Օրինակ, [[Ջոլինգեն]]ը՝ մետաղեայ իրերու արտադրութիւնը, [[Հոտա]]ն՝ քարտեզագրութիւնը, [[Հայդելբերգ]]ը եւ [[Գյոթինգեն]]ը յայտնի են իրենց համալսարաններով, [[Վայմար]]ը՝ թանգարաններով՝ կապուած [[Գյոթե]]ի, [[Շիլլեր]]ի, [[Լիստ]]ի, [[Հենդել]]ի անուններու հետ, իսկ [[Հաննովեր]]ը, [[Քյոլն]]ը, [[Մայնի Ֆրանկֆուրտ]]ը, [[Լայպցիգ]]ը՝ որպէս միջազգային տօնավաճառներու կեդրոն։ [[Լայպցիգ]]ի տօնավաճառը կը գործէ արդէն 800 տարի։
*Գերմանիան գարեջուրի արտադրութեան հնագոյն երկրներէն է։ Գարեջուրի օգտագործմամբ գերմանացինները առաջինն են աշխարհին մէջ. մէկ շունչի հաշւով տարեկան կ'արտադրուի 160 լիթր [[գարեջուր]]։
*Գերմանիան գարեջուրի արտադրութեան հնագոյն երկրներէն է։ Գարեջուրի օգտագործմամբ գերմանացինները առաջինն են աշխարհին մէջ. մէկ շունչի հաշւով տարեկան կ'արտադրուի 160 լիթր [[գարեջուր]]։
*[[Հռենոս]]ի վրայ գտնուող [[Դոյսբուրկ]] քաղաքը աշխարհի ամենամեծ գետային նաւահանգիստն է, անոր տարեկան բեռնաշրջանառուրիւնը կը կազմէ 55 միլիոն [[տոննա]]։
*[[Հռենոս]]ի վրայ գտնուող [[Դոյսբուրկ]] քաղաքը աշխարհի ամենամեծ գետային նաւահանգիստն է, անոր տարեկան բեռնաշրջանառուրիւնը կը կազմէ 55 միլիոն [[տոննա]]։

20:50, 4 Յուլիս 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երկիր արւմտ.



Գերմանիա, պաշտօնապէս Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն (գերմաներէն՝ Bundesrepublik Deutschland)  Լսել պունտեսռեփուպլիք տօյչլանտ  պետութիւն Եւրոպա աշխարհամասին մէջ։ Կը գտնուի Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ, ընդհանուր սահմաններ ունի հիւսիսին մէջ՝ Դանիայի (68 քմ), արեւմուտքին մէջ՝ Նիտերլանտների (577 քմ), Բելգիայի (167 քմ) եւ Լիւքսեմբուրգի (138 քմ), հարաւ-արեւմուտքին մէջ՝ Ֆրանսայի (451 քմ), հարաւին մէջ՝ Շվեյցարիայի (334 քմ) եւ Աւստրիայի (784 կմ), արեւելքին մէջ՝ Լեհաստանի (456 քմ) եւ Չեխիայի (646 քմ) հետ։ Գերմանիոյ մեծ քաղաքներն են՝ Պերլինը, Համբուրգը, Միւնխէնը եւ Քյոլնը։ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան տարածքը աւելի է քան հարեւան Լեհաստանի տարածքէն, բայց բնակչութիւնը համարեայ 2 անգամ կը գերազանցէ անոր։ 2007 թուականի, Յուլիսի դրութեամբ 82,400,996 մարդ։ 2,1 միլիոն ԵՄ-ի /Եւրամիութիւն/ ներգաղթածներ են, 1,5 եւրոպական այն երկրներէն, որոնք չեն հանդիսանար ԵՄ անդամ, եւ 3 միլիոն թուրքեր[1][2][3][4]։ Գերմանիան ԵՄ-ի ամենախիտ բնակեցուած երկիրն է։

Պատմութիւն

Հնագոյն Շրջան

Մ․թ․ա․ I հազարամեակի վերջին Գերմանիոյ տարածքին մէջ, բնակող գեմանական ցեղերը բախեցան Հռոմէական պետութեան հետ։ IV դ․, ցեղերու տեղաշարժերու եւ խառնուելու հետեւանքով, առաջացան գերմանական ցեղային նոր կազմաւորումներ, որոնց մէկ մասը IV—VI դդ․, ժողովուրդներու մեծ գաղթի ժամանակ, զբաղեցուց Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան տարածքը։ Գերմանիոյ մէջ, բնակութիւն հաստատեցին ալեմանները, բաւարացիները, արեւելեան դրամները, սաքսերը, թիւրինգացիները, ֆրիզները։ VI—VIII դդ․ Գերմանիոյ տարածքը նուաճեցին դրամները։ Այդ նուաճումը կ'ուղեկցուէր քրիստոնէութեան տարածմամբ։ Կարոլինգներու կայսրութեան անկումէն ետք, Գերմանիա մտաւ Արեւելաֆրանկեան թագաւորութեան մէջ, եւ սկսաւ գերմանական մարզերու պետական առանձնացումը, որ աւարտեցաւ գերմանական վաղ ֆեոդալական պետութեան ձեւաւորումով։ Այն կ'ընդգրկէր Սաքսոնիա, Ֆրանկոնիա, Ալեմանիա (Շվաբիա), Բաւարիա ցեղային դքսութիւնները եւ այլ հողեր։ Գերմանիան համեմատաբար միասնական պետական ամբողջութիւն Էր։ Սաքսոնական դինաստիոյ (919—1024) թագաւորներու օրով, մեծ ազդեցութիւն ձեռք բերին դքսերը։ Արդեն Տայնրիխ I (919—936) յաճախ կ'ընդհարուէր անոնց հետ։ Դքսերու դէմ յաջող պայքար մղեց Օտտոեւ I (936—973


Սրբազան Հռոմէական Կայսրութիւն

Տունգար քոչուորներու եւ նորմաններու անընդմէջ յարձակումներուն վերջ տալէն ետք, գերմանական ֆեոդալները գրաւեցին պոլաբեան սլաւոններու հողերը։ 951-ին Օտտոն I իրեն ենթարկեց Հիւսիսային Իտալիան, 962-ին գրաւեց Հռոմը, եւ պապը անոր թագադրեց կայսր։ Ատորմով սկիզբ դրուեցաւ «Հռոմէական սրբազան կայսրութեանը>։ XI դ․ վերջին ֆեոդալական յարաբերութիւնները ընդգրկեցին ամբողջ Գերմանիան, զորացաւ քաղաքական ապակեդրոնացումը։ Օգտուելով անկէ, պապութիւնը պայքար սկսաւ գերմանական կայսրերու դէմ՝ քաղաքական տիրապետութեան համար, որ աւարտեցաւ 1122-ի Վորմսի փոխհամաձայնութեամբ։ Սակայն կայսրերու եւ պապերու հակամարտութիւնը չաւարտեցաւ։ Ֆրիդրիխ I Բարբարոսան (1152—1190) վերսկսաւ իտալական արշաւանքները, որոնք աւարտեցին հիւսիսիտալական քաղաքներու յաղ–թանակով (1176)։ Միեւնոյն ժամանակ գերմանական իշխանները խաչակրաց արշաւանքներու պատրուակով նուաճեցին պոլաբեան սլաւոններու, ինչպէս նաեւ Էլբայէն արեւելք ու Մերձբալթիկային մէջ ապրող ժողովուրդներու հողերը։ XIII դ․ սուսերակիրներու օրդենը նուաճեց լիւերի եւ էստերի, անաոնական օրդենը՝ պրուսներու հողերը։ Իտալական քաղաքականութիւնը, ապա էքսպանսիան Արեւելքին մէջ («Անոնք նախ Օստեն») նպաստեցին ֆեոդալներու հզորացման։ Երկիրը բաժնուեցաւ առանձին իշխանութիւններու։ Քաղաքները, միաւորուելով միութիւններու մէջ (Տանզա, քաղաքներու Շուաբեան եւ Տռենոսեան միու–թիւններ), իրենք կը ձգտէին ապահովել առեւտուրի անուտանգութիւնը։ Թագաւորական իշխանութիւնը պահպանած էր միայն շատ սահմանափակ, ձեւական իրաւունքներ։ Առաւելապէս հզորացած էին կուրֆիւրստները, որոնք կ'ընտրէին թագաւորին (կայսրին) եւ վճռում համապետական կարեւորագւյն հարցերը։ 1438-էն կայսերական գահը փաստօրէն ժառանգական դարձաւ (մինչեւ 1806) Տաբսբուրգներու համար, որոնք կը տիրէին նաեւ աւստրիական հողերուն, Նիտերլանտներուն (XV դ․ վերջէն), Չեխիային, Տունգարիոյ մէկ մասին (XVI դարէն), իսկ Գարլոս V-ի (1519—56) ժամանակ՝ նաեւ Սպանիոյ, Իտալիայի մէկ մասին եւ Սսպանիայի ամերիկեան գաղութներուն։ XV դ․ Գերմանիոյ տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ, տեղի ունեցան կարեւոր տեղաշարժեր, որոնք դրսեւորուեցան Ռեֆորմացիոյ մէջ։ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ դէմ 1517-ին բռնկուած շարժման գագաթնակէտը հանդիսացաւ գիւղացիական պատերազմը։ Այդ շարժումը, որ Ֆ․ էնգելսը բնութագրած է որպէս առաջին բուրժուական յեղափոխութիւնը Եւրոպայի մէջ, պառակտուեցաւ 3 ուղղութեամբ՝ իշխանական, չափաւորբիւրգերական եւ ժողովրդական ռեֆորմացիայի, որ հասարակութեան յեղափոխական վերակառուցման կոչ կ'ընէր։

Սրբազան Հռոմէական Կայսրութեան Անկումը

Չնայած հերոսական պայքարին, Գիւղացիական պատերազմը պարտութիւն կրեց։ Հաշտութենէն ետք, Գերմանիան բաժանուեցաւ 2 լագերու՝ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական իշխանութիւններու։ XVI—XVII դդ․ սկզբը, երկիրը տնտեսական անկում կ'ապրէր։ Կայսրութեան ներսը, 1618-ին բռնկուած պատերազմը, որ վերածուեցաւ համաեւրոպականի, ծանր հետեւանքներ ունեցաւ երկրի ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական զարգացման համար։ 1648-ի Վեստֆալեան հաշտութիւնը ամրապնդեց Գերմանիոյ տարանջատումը առանձին (մօտ 300) պետութիւն-իշխանութիւններու, որոնցմէ XVII—XVIII դդ․ զորացան 2 մեծ պետութիւններ՝ Աւստրիան եւ Պրուսիան։ XVIII դ․ կիսուն, Աւստրիան իր իշխանութիւնը տարածեց Բելգիոյ, Միլանի եւ Նեապոլիտանական թագաւորութեան վրայ, սակայն Պրուսիան, որ զօրացած էր Ֆրիդրիխ II-ի թագաւորութեան (1740—1786) շրջանին մէջ, սկսաւ մրցակցիլ անոր հետ եւ Աւստրիական ժառանգութեան համար (1741—48) ու Ցոթնամեայ (1756—63) պատերազմներուն ընթացքին, իրեն միացուց Սիլեզիան։ Աւստրիան եւ Պրուսիան մասնակցեցան յեղափոխական, ապա նապոլեոնեան Ֆրանսայի դէմ եւրոպական միապետներու պատերազմներուն։ 1806-ին Գերմանիոյ արեւմտեան մասին մէջ, Նապոլեոնի հովանաւորութեամբ, կազմուեցաւ Հռենոսեան միութիւնը։ Աւստրիական զորքերու շարք մը պարտութիւններէն ետք, 1806-ին, «Հռոմէական սրբազան կայսրութիւնը» վերացուեցաւ։ Պարտութիւն կրեցին նաեւ պրուսացիները։ Պրուսիան կորսնցուց իր հողերուն գրեթէ կէսը։ Անոր կառավարող շրջանները ստիպուած էին անցկացնել բուրժուական բնոյթի մասնակի բարեփոխումներ։

Փրուսիան 1871 թուականին

Պրուսիա

Ռուսիոյ մէջ, նապոլեոնեան բանակի ջախջախումէն ետք, 1813-ին Գերմանիոյ տարածքը ազատագրուեցաւ նուաճողներէն։ Վիեննայի կոնգրեսի որոշմամբ ստեղծուեցաւ Գերմանիոյ միութիւնը (39 պետութիւններէն), ուր ղեկավար դեր կը խաղար Ավստրիան։ XIX դ․ 30-ական թթ․ Գերմանիոյ մէջ, սկսաւ արտադրական յեղաշրջում։ 1834-ին ստեղծուեցաւ, Գերմանիոյ մաքսային միութիւնը, որ նպաստեց ազգային շուկայի ձեւաւորման, արդիւնաբերութեան ու առեւտուրի զարգացման։ 1844-ին տեղի ունեցաւ Սիլեզիայի ջուլհակներու ապստամբութիւնը։ 40-ական թթ․ Գերմանիոյ մէջ, ծնունդ առաւ պրոլետարիատի գիտական աշխարհայացքը՝ մարքսիզմը, որուն հիմնադիրներն էին գերմանացի ժողովուրդի մեծ զաւակներ՝ Գառլ Մարքսը եւ Ֆ․ էնգելսը։ 1848—49-ին տեղի ունեցաւ բուրժուադեմոկրատական յեղափոխութիւն, որուն գլխաւոր խնդիրներն էին ազգային հարցի լուծումը, ֆեոդալա միապեաական վարչակարգի վերացումը, ագրարային հարցի դեմոկրատական լուծումը։ Բուրժուազիայի դաւաճանական քաղաքականութեան հետեւանքով յեղափոխութիւնը պարտութիւն կրեց։ 1862-ին Պրուսիայի թագաւոր Վիլհելմ I կառավարութեան ղեկավար նշանակեց Գերմանիոյ Բիսմարկին, որ Պրուսիայի շուրջը Գերմանիոյ միաւորումը իրականացուց «երկաթով ու արիւնով»։ Այդ ուղղութեամբ առաջին քայլերը եղան դանիական պատերազմը (1864) եւ աւստրո-պրուսակաև պատերազմը (1866

Գերմանական Կայսրութիւնը 1871-1918 թուականներիուն (Փրուսիան կապոյտ գոյնով է)

Գերմանական Կայսրութեան Միաւորում

Աւստրիոյ պարտութենէն ետք, Պրուսիան Մայն գետէն հիւսիս գտնուող պետութիւններէն իր գլխաւորութեամբ ստեղծեց հիւսիս-գերմանական միութիւնը (1867)։ Գերմանիոյ միաւորման վերջին փուլը հանդիսացաւ պատերազմը Ֆրանսայի դէմ։ 1871Յունուար 18-ին Վերսալում Գերմանիան հռչակուեցաւ կայսրութիւն՝ Վիլհելմ I-ի գլխաւորութեամբ։ Ֆրանսայէն Պրուսիային անցան Էլզասը եւ Արեւելեան Լոթարիեւգիան։ Պրուսիան ստացաւ 5 միլիար դրամ ռազմատուգանք։ Այս բոլորը նպաստեցին Գերմանիոյ արագ զարգացման։ XIX դ․ 70-ական թթ․ Գերմանիոյ բանւոր դասակարգը հասաւ զգալի յաջողութիւններու։ 1875-ին Գերմանիոյ, ընկերա-դեմոկրատական բանւորական կուսակցութեան եւ լասալեան Տամընդհանուր գերմանական բանւորական միութեան միաւորման հետեւանքով ստեղծեցաւ Գերմանիոյ ընկերային բանւորական կուսակցութիւնը։ Բանւորական շարժման դէմ պայքարը զորացնելու նպատակով ռայխստագը 1878-ին բացառիկ օրէնք ընդունեց ընկերականներու դէմ։ Սակայն կանգնեցնել ընկերա-դեմոկրատական կուսակցութեան ազդեցութեան աճը այլեւս կարելիչէր ։ 1890-ին օրէնքը վերացուեցաւ։ Բիսմարկի քաղաքականութիւնը ուղղուած էր յունկերա-բուրժուական միլիտարիստական պետութեան ամրապնդման։ 1879-ին Գերմանիան դաշինք կնքեց Աւստրո-Հունգարիոյ հետ ընդդէմ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ։ Երբ 1882-ին անոնց միացաւ Իտալիան, կազմուեցաւ Եռեակ միութիւնը, ի հակակշիռ որուն յետագային, կազմուեցաւ Անտանտը։ 80-ական թթ․ Գերմանիան իր պրոտեկտորատը հաստատեց Աֆրիկայի զգալի տարածքներու (Տոգո, Կամերուն, Արեւելեան Ափրիկէ եւ այլն) վրայ, 90-ական թթ․ զաւթեց խաղաղովկիանոսեան շարք մը կղզիներ։ XIX դ․ վերջին, XX դ․ սկզբը Գերմանիան թեւակոխեց իմպերիալիզմի փուլը։ Տնտեսապէս զարգացմամբ առաջ անցնելով Անգլիայէն, պայքար ծաւալեց աշխարհի վերաբաժանման համար։ Գերագնահատելով իր ռազմական հզորութիւնը եւ ենթադրելով, որ Մեծ Բրիտանիան չաջակցիր Ռուսիոյ, Գերմանիան սանձազերծեց առաջին համաշխարհային պատերազմը։

Գերմանական Կայսրութիւնը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի սկզբին

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմ

1914 Օգոստոս 1-ին Գերմանիան պատերազմ յայտարարեց Ռուսիոյ, Օգոստոս 3-ին՝ Ֆրանսային, Օգոստոս 4-ին՝ Անգլիան պատերազմ յայտարարեց Գերմանիոյ։ Պատերազմի սկզբէն Գերմանիոյ աջ ընկերա-դեմոկրատները սոցիալ-շովինիստական դիրք գրաւեցին, ըստ Էութեան անոնց հարեց նաեւ ցենտրիստական խմբաւորումը Քարլ Քաուզքիի գլխաւորութեամբ։ Միայն ձախ ընկերա-դեմոկրատները հաւատարիմ մնացին պրոլետարական ինտերնացիոնալիզմին։ 1915-ի գարնան, անոնք ստեղծեցին «Ինտերնացիոնալ» խումբը, որ 1916-ին վերանուանուեցաւ «Սպարտակ», իսկ աւելի ուշ վերածուեցաւ «Սպարտակ միութեան»։ 1918-ին Գերմանիոյ մէջ, ստեղծուեցաւ յեղափոխական իրադրութիւն։ Տեղափոխութեան սկիզբ ծառայեց գերմանական ծովայիններու ապստամբութիւնը Քիլի մէջ։ Շատ քաղաքներու մէջ, ստեղծուեցան սովետներ։ Նոյեմբեր 9-ին, ապստամբութիւն բռնկուեցաւ Պերլինի մէջ։ Միապետական կարգը վերացուեցաւ։ Սակայն իշխանութիւնը անցաւ աջ ընկերա-դեմոկրատներու ղեկավարներու եւ «Անկախ ընկերա-դեմոկրատական կուսակցութեան» ղեկավարներու ձեռքը, որոնք կապ հաստատեցին բանակի գերագոյն հրամանատարութեան հետ եւ կնքեցին յեղափոխութիւնը ճնշելու գաղտնի համաձայնագիր։ 1918Նոյեմբեր 11-ին Կոմպիենի մէջ, Գերմանիան զինադադար կնքեց Անտանտի հետ։ 1919Յունիս 28-ին Վերսալի մէջ, ստորագրուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր՝ յաղթող տերութիւններու թելադրած պայմաններով։

Գերմանական Կայսրութեան տարածքային կորուստները Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին

Հետպատերազմեան Շրջան

1918Դեկտեմբեր 30-էն մինչեւ 1919Յունուար 1Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ կոմունիստական կուսակցութեան (ԳԿԿ) հիմնադիր համագումարը։ 1919-ի Յունուարին, ընկերա-դեմոկրատական կառավարութիւնը դաժանօրէն ճնշեց Պերլինի բանւորներու ելոյթը, գազանաբար սպաննվուեցան Կ․ Լիբկնեխտը եւ Ռ․ Լիւքսեմպուրգը։ 1919Յուլիս 13-ի Վայմարեան սահմանադրութեամբ Գերմանիան դարձաւ բուրժուական պառլամենտական հանրապետութիւն։ Ձգտելով դուրս գալ միջազգային մեկուսացումէն, Գերմանիան 1922Ապրիլ 16-ին պայմանագիր կնքեց Սովետական Ռուսիոյ հետ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան երկու երկրներու միջեւ։ 1923Յունուարին սկսաւ, այսպէս կոչուած, Ռուրի ճգնաժամը։ Սորվեցան դասակարգային հակասութիւնները, Գերմանիան յեղափոխական վերելք ապրեցաւ։ Հոկտեմբերին Համբուրգի աշխատաւորները Է. Թելմանի գլխաւրութեամբ զինուած ապստամբութիւն բարձրացուցին։ 1923-ի Նոյեմբերին նացիոնալ-ընկերականներու խումբ մը Ադոլֆ Հիթլերի գլխաւորութեամբ, Միւնխենում պետական յեղաշրջման անյաջող փորձ կատարեց։ Գերմանիոյ մոնոպոլիստները ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մոնոպոլիաներու աջակցութեամբ, որոնք յոյս ունէին Գերմանիան օգտագործել, որպէս ԽՍՀՄ-ի դէմ, հարուածային ոյժ, սկսան վերականգնել անոր ռազմա արդիականութեան պոտենցիալը։

Ատոլֆ Հիթլեր

Ֆաշիստական Յեղաշրջում

1926-ին Գերմանիան ընդունուեցաւ Ազգերու լիգա։ Արդէն ծնունդ առած էր եւ կը զօրանար ֆաշիստական վտանգը։ Տեղափոխական պրոլետարիատի ուժերու համախմբումը տեղի կ'ունենար աւելի դանդաղ, քան հետադիմական ուժերու կեդրոնացումը։ Ատոր պատճառը ընկերա-դեմոկրատական աջ ղեկավարներու օպորտունիստական քաղաքականութիւնն Էր, որ կը պառակտէր բանւոր դասակարգի շարքերը։ Անոնք մերժեցին ԳԿԿ-ի առաջարկութիւնը՝ ստեղծելու միացեալ բանւորական ճակատ ֆաշիզմի եւ պատերազմի դէմ։ 1933-ի Յունուար 30-ին, նախագահ Տինդենբուրգը Տիտլերին նշանակեց ռայխսկանցլեր։ Գերմանիոյ մէջ, հաստատուեցաւ ֆաշիստական դիկտատուրա։ Տինդենբուրգի մահէն (1934) ետք, Հիթլերը իրեն յայտարարեց պետութեան ղեկավար։ 1933-ի Փետրուար 27-ին, ֆաշիստները հրդեհեցին Ռայխստագը՝ մեղադրանքը բարդելով կոմունիստներու վրայ։ Սկսան հակաֆաշիստներու մասսայական ձերբակալութիւնները։ 1933-ի Մարտ 3-ին, ձերբակալուեցաւ Է․ Թելմանը։ Մարտ 14-ին, պաշտօնապէս արգիլուեցաւ կոմկուսակցութիւնը, իսկ ապա եւ մնացած բոլոր կուսակցութիւնները եւ արհմիութիւնները։

Նախապատերազմեան Շրջան

Օգտագործելով ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ, տնտեսական օգնութիւնը, հիթլերեան Գերմանիոյ կեանքի կոչեց սպառազինման վիթխարի ծրագիր, սկսաւ նախապատրաստուիլ զաւթողական պատերազմի։ 1933-ին, Գերմանիան դուրս եկաւ Ազգերու լիգայէն։ 1935-ին, վերականգնուեցաւ ընդհանուր զինապարտութեան օրէնքը։ 1936—1939-ին Գերմանիոյ, Իտալիոյ հետ միասին, զինուած ինտերվենցիա կազմակերպեց Սպանիոյ մէջ։ 1936—37-ին ձեւաւորուեցաւ Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Ճաբոնի ագրեսիւ բլոկը։ 1938-ի մարտին ֆաշիստական Գերմանիան զաւթեց Աւստրիան, 1939-ին՝ Չեխոսլովակիան։ 1939-ի Օգոստոսին, Գերմանիան դիմեց ԽՍՀՄ-ին չհարձակման պայմանագիր կնքելու առաջարկութեամբ։ Սովետական Միութիւնը, ձգտելով կանխել հակասովետական միացեալ ճակատի ստեղծումը եւ նկատի ունենալով, որ կոլեկտիւ անվտանգութեան ձեւը ստեղծելու իր ջանքերը ձախողած էին Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէն, ստիպուած ընդունեց Գերմանիոյ առաջարկութիւնը։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքը Եւրոպայի մէջ (անիմացիա)։ Գերմանիոյ տարածքները ներկուած են կապոյտ գոյնով

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ

1939-ի Սեպտեմբեր 1-ին, Գերմանիան հարձակեցաւ Լեհաստանի վրայ՝ սկսելով պատերազմը Եւրոպայի մէջ։ Սեպտեմբեր 3-ին Անգլիան եւ Ֆրանսան պատերազմ յայտարարեցին Գերմանիոյ, սակայն աշխոյժ մարտական գործողութիւններ չձեռնարկեցին։ 1940-ի Մարտին, հիթլերականները գրաւեցին Բելգիան, Նիդերլանդները, Լիւքսեմբուրգը, իսկ ապրիլին ներխուժեցին Դանիա եւ Նորվեգիա։ Յունիսին հանձնուեցաւ Ֆրանսան։ 1940-ի Սեպտեմբերին, Պերլինի մէջ Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Ճաբոնի միջեւ կնքուեցաւ ռազմական դաշինք։ Գերմանիան անմիջապէս սկսաւ ԽՍՀՄ-ի վրայ յարձակելու նախապատրաստութիւնները։ 1941-ի Ապրիլին, Գերմանիան գրաւեց Հարաւսլավիան եւ Յունաստանի մեծ մասը։ 1941-ի Յունիս 22-ին, խախտելով սովետա-գերմանական չհարձակման պայմանագիրը․ Գերմանիան յարձակեցաւ ԽՍՀՄ-ի վրայ։ Ծանր պաշտպանողական մարտերու ընթացքին, սովետական զորքերը կանգնեցուցին գերմանական բանակը, իսկ Մոսկուայի մօտ անոր ջախջախումը վերջնականապէս խափանեց ԽՍՀՄ-ի դեմ «կայծակնային պատերազմի» հիթլերեան պլանը։ Կազմուեցաւ հակահիթլերյան կոալիցիա՝ ԽՍՀՄ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Մեծ Բրիտանիայի գլխաւորութեամբ, ուր վճռական դերը կը պատկանէր ՍՄՆ-ին։ Ստալինգրադի մօտ գերմանա-ֆաշիստական զորքերու ջախջախումով բեկում առաջացաւ ինչպէս Հայրենական մեծ պատերազմի, այնպէս ալ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մէջ։ 1943-ին սկսաւ քայքայուիլ ագրեսորներու դաշինքը՝ անոնցմէ դուրս եկաւ Իտալիան։ Լայն թափ ընդունեց դիմադրութեան շարժումը գրաւուած երկրներուն մէջ։ Զորացան հակաֆաշիստական անլեգալ կազմակերպութիւնները։ 1944-ի Յունիսին, երբ Գերմանիոյ ռազմական եւ քաղաքական պարտութիւնը ակնյայտ էր, դաշնակիցները բացին երկրորդ ճակատը։ 1945-ի Յունուար-Փետրուարին սովետական բանակը մտաւ․ Գերմանիա, Ապրիլ 30-ին յաղթանակի դրօշ կանգնեցուեցաւ Ռայխստագի վրայ։

Գերմանիոյ տարածքային բաժանոււմը Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտելէն ետք

Հետպատերազմեան Շրջան

Մայիս 8-ին, Պերլինի մէջ, ստորագրուեցաւ ֆաշիստական Գերմանիոյ անվերապահ կապիտուլյացիոյը ակտը։ Գերմանիան բաժանուեցաւ չորս օկուպացիոն գօտիներու՝ սովետական, անգլիական, ամերիկեան եւ ֆրանսիական, Պերլինը՝ համապատասխանաբար չորս հատուածի։ Գերմանիոյ մէջ, Գերագոյն իշխանութիւնը իրենց վրայ վերցուցին ԽՍՀՄ-ի, Անգլիոյ, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի կառավարութիւնները։ Պեռրինի կոնֆերանսի մէջ, ԽՍՀՄ, ԱՄՆ եւ Մեծ Բրիտանիան պարտաւորուեցան Գերմանիոյ արմատախիլ ընել միլիտարիզմն ու նացիզմը։ Որոշվուեցաւ հաստատել լեհ-գերմանական նոր սահման։ Ստեղծուեցաւ նոր, դեմոկրատական պետական ապարատ։ 1945—1946-ին վերացուեցաւ մեծ կալվածատիրական հողատիրութիւնը։ Հողը անցաւ աշխատաւոր գիւղացիի ձեռքը։ Հողի ընդերքը, առաւել մեծ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները, բանկերը դարձան ժողովուրդի սեփականութիւն։ 1946-ի Պպրիլին Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, կոմունիստական եւ ընկերա-դեմոկրատական կուսակցութիւնները միաւորուեցան Գերմանիոյ ընկերային միասնական կուսակցութեան (ԳՍՄԿ) մէջ։ Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ, դեմոկրատական վերափոխումներ չիրագործուեցան։ 1946-ի Դեկտեմբեր 2-ին Անգլիան եւ ԱՄՆ համաձայնագիր կնքեցին օկուպացիոն գօտիները միաւորելու մասին, ետքը անոնց միացաւ նաեւ տնտեսական օկուպացիոն գօտին։ 1948-ին ԱՄՆ, Անգլիան եւ Ֆրանսան արեւմտեան գօտիներուն մէջ, անցկացրին անջատ դրամական ռեֆորմ։ Գերմանիոյ պառակտման այս միջոցառումները աւարտեցան 1949-ի Սեպտեմբերին Արեւմտա-գերմանական պետութեան՝ Գերմանիոյ Ֆեդերատիւ Հանրապետութեան (ԳՖՏ) ստեղծումով։ Նախագահ ընտրուեցաւ Թ․ Յոյսը, կանցլեր դարձաւ քրիստոնեա-դեմոկրատական միութեան ղեկավար Կ․ Ադենաուերը։ Գերմանիոյ դեմոկրատական ոյժերու համախըմբման եւ վճռական գործողութիւններ ձեռնարկելու նպատակով կազմուեցաւ Դեմոկրատական Գերմանիոյ ազգային ճակատը (ԴԳԱ&)։ 1949-ի Հոկտեմբեր 7-ին ժողովրդական խորհուրդը, որ ընտրուած էր գերմանիոյ ժողովրդական կոնգրեսի կողմէն, հռչակեց Գերմանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան (ԳԴՀ) ստեղծումը։ Գործողութեան մէջ մտաւ նաեւ դեմոկրատական սահմանադրութիւնը։ ԳԴՀ-ի նախագահ ընտրուեցաւ Վ․ Պիկը, պրեմիեր֊մինիստր դարձաւ Գ․ Գրոտեւոլը։ Սովետական կառավարութիւնը ԳԴՀ-ի կառավարութեան հանձնեց սովետական զինուորական վարչութեան ֆունկցիաները։


Գերմանիոյ Ֆեդերատիւ Հանրապետութիւն

Երկու գերմանական պետութիւններէն մէկն է, որ 20-րդ դարուն երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք կը գտնուի ժամանակակէն Գերմանիոյ տարածքին մէջ։ Տարածուած ոչ պաշտօնական անուանումը՝ Արեւմտեան Գերմանիա էր։

Գոյութիւն ունեցած է 1949 թուականի Մայիս 23-էն մինչեւ 1990 թուականի Հոկտեմբեր 3-ը՝ երբ Գերմանիոյ Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը եւ Արեւմտեան Պերլինը մտան ԳՖՀ-ի կազմի մէջ։

Աշխարհագրութիւն

Վարչական Բաժանում

Երկրամաս Մայրաքաղաք Տարածք (քմ2) Բնակչութիւն [5]
Թիւրինկիա
Thüringen
Erfurt 16,172 2,170,500
Համպուրկ
Hamburg
Hamburg 755 1,734,300
Հեսսեն
Hessen
Wiesbaden 21,115 6,016,500
Հիւսիսային Հռենոս-Վեսթֆալիա
Nordrhein-Westfalen
Düsseldorf 34,043 17,554,300
Մեքլենպուրկ-Առաջաւոր Փոմերանիա
Mecklenburg-Vorpommern
Schwerin 23,174 1,600,300
Շլեզուիկ-Հոլշթայն
Schleswig-Holstein
Kiel 15,763 2,806,500
Պատեն-Վիւրթեմպերկ
Baden-Württemberg
Stuttgart 35,752 10,569,100
Պաւարիա
Bayern
Munich 70,549 12,519,600
Պերլին
Berlin
Berlin 892 3,375,200
Պրանտենպուրկ
Brandenburg
Potsdam 29,477 2,449,500
Պրեմեն
Bremen
Bremen 404 654,800
Ռայնլանդ-Փֆալց
Rheinland-Pfalz
Mainz 19,847 3,990,300
Սաարլանտ
Saarland
Saarbrücken 2,569 994,300
Սաքսոնիա
Sachsen
Dresden 18,416 4,050,200
Սաքսոնիա-Անհալթ
Sachsen-Anhalt
Magdeburg 20,445 2,259,400
Ստորին Սաքսոնիա
Niedersachsen
Hanover 47,618 7,779,000

Մեծ Քաղաքներ

Մեծ քաղաքներէն են Պերլինը, Համբուրգը, Միւնխէնը, Քյոլնը, Էսսենը, Մայնի Ֆրանկֆուրտը, Դրեզդենը։ Տասնեակ քաղաքային ագլոմերացիաներո մէջ աչքի կ'իյնայ Ռուրը։ Տասնեակ քաղաքային ագլոմերացիաներու միաձուլման արդիւնքով՝ գոյացած է Հռենոս-Ռուրի (կամ Գերմանական) մեգալոպոլիսը։

Օգտակար Հանածոներ

Օգտակար հանածոներէն կան քարածուխ, գորշ ածուխ, նաֆթ, գազ, քարաղ, կալիումական աղ, երկաթ եւ բազմամետաղներ։

Կլիմա

Կլիման բարեխառն է, արեւմուտքին մէջ եւ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ ծովային, հարաւ-արեւելքին մէջ անցումային ծովայինէն բարեխառն ցամաքայինի։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը մօտ 0 °C է, Յուլիսինը' 17°Շ-ից 19 °C։ Տարեկան տեղումները 600—800 մմ են, լեռներուն մէջ' 1000—1500 մմ Գետային ցանցը խիտ է, գետերը՝ ջրառատ։

Ներքին Ջուրեր

Մեծ գետերէն են' Հռենոսը, Էլբան (ստորին հոսանք), Դանուբի վերին հոսանքը, Վեգերը։ Շատ գետեր միացած են ջրանցքներով։ Ալպերու նախալեռներու մէջ, մեծ լիճերէն են Բոդենը, Ւփմը։

Հողեր

Կը գերակշռեն անտառային գորշ եւ հումուսակարբոնատային հողերը, հիւսիսին մէջ նաեւ՝ պոդզոլային եւ մարշային հողերը։ Տարածքի մօտ 28%-ը անտառածածկ է։ Կը գերակշռեն կաղնիի, հաճարենու, բոխու, եղեւնիի եւ սոճիի ծառատեւսակները։ Կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներէն պահպանուած են եղջերուն, այծյամը, քարայծը, եղնիկը, վարազը։ Շատ են թռչուններն ու կրծողները։

Բնակչութիւնը

Գերմանիան բնակչութեան թիւով Եւրոպայի ամենամեծ երկիրն է։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, ան կրեց մարդկային զգալի կորուստներ, սակայն բնակչութեան բնական աճը բացասական նշանով է։ Ստեղծուած ժողովրդագրական անբարենպաստ իրադրութիւնը կը յաղթահարուի միայն ներգաղթի հաշուին։ Գերմանիոյ բնակչութեան ազգային կազմը միատարր է, թէեւ երկրին մէջ կ'ապրին մօտ 7 միլիոն օտարերկրացիներ։ 90-ական թուականներէն, սկսած մեծացաւ նաեւ հայերու հոսքը Գերմանիա։ Այժմ այնտեղ ստեղծուած է ոչ մեծ հայկական համայնք։ Ընդունուած է գերմանացիներու ազգային բնաւորութեան գիծ համարած կարգապահութիւնը, ճշտապահութիւնը, հաշվենկատութիւնը, արտադրական բարձր կուլտուրան եւ օրինապահութիւնը։ Բնակչութիւնը Գերմանիոյ մէջ, անհաւասարաչափ տեղաբաշխվուած է։ Ճիշդ է, միջին խտութիւնը շատ բարձր է՝ 230 մարդ/քքմ, բայց կան շրջաններ, օրինակ, Հռենոս-Ռուրի մեգալոպոլիսում, ուր 1 քքմ վրայ կ'ապրի աւելի քան 1000 մարդ։ Բարձր է երկրի ուրբանիզացման մակարդակը՝ 90%-ից աւելի։

Քաղաքական Համակարգ

Պետական կառուցուածք

Ռէյխսթակի շէնքը
Դաշնային քանզլերի գերատեսչութիւնը
Բելուիւ պալատ, Գերմանիոյ նախագահի նստավայրը

Պերլինը Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մայրաքաղաքն է։ Չնայած բոլոր բանակցութիւններուն՝ մայրաքաղաքը Պոննէն Պերլին տեղափոխելուն, Պոննին Յաջողած է շարք մը կարեւոր գրասենեակներ պահած իր տարածքին մէջ, ինչպէս, օրինակ, Դաշնային վերահսկիչ պալատը։ Գերմանիան դեմոկրատական, ընկերա-իրաւական պետութիւն է։ Ան կազմուած է 16 դաշնային երկրներէն։ Պետութիւնը կը ղեկավարուի Գերմանիոյ հիմնական օրէնքով՝ Սահմանադրութեամբ։ Ղեկավարման ձեւով ԳԴՀ-ն խորհրդարանային երկիր է։ Պետութեան գլուխը դաշնային նախագահն է։

Արտաքին Յարաբերութիւններ

Հայ-գերմանական Յարաբերութիւններ

Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992 թ-ի Յունուարին, իսկ ՀՀ դեսպանութիւնը բացուած է 1994 թ-ին՝ Պերլինի մէջ։ 2001 թ-էն ԳԴՀ-ում ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպանն է Կարինէ Ղազինեանը։ 2006 թ-ի Սեպտեմբերէն ԳԴՀ-ում ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսն է Գիւնտեր Պիլարսկին (հիւպատոսական տարածքը՝ Բադէն-Վիւրտենբերգ երկրամաս), նստավայր՝ Կարլսռուէ։ Երեւանի մէջ ԳԴՀ դեսպանութիւնը բացուած է 1993 թ-ին։ 2007 թ-ի Օգոստոսի 16-էն ՀՀ-ի մէջ ԳԴՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպանն է տիկին Անդրեա Վիկտորինը։

1991 թ-էն մինչեւ 2008 թ-ի Յուլիսը՝ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութենէն Հայաստանի մէջ, կատարուած են 248,7 միլիոն ԱՄՆ դոլարի ուղղակի ներդրումներ։ Ատոնց հիմնական մասը զբաղուած է ծառայութիւններու եւ առեւտուրի ոլորտում, իսկ մօտ մէկ տասնեակը տարբեր արտադրութիւններ են իրականացման մէջ։ Գերմանացի գործարարները ներգրաւուած են նաեւ՝ խորհրդատուական, հիւրանոցային եւ տուրիստական բիզնեսներուն մէջ։

Տնտեսութիւն

2009 թ.-ին Գերմանիոյ համախառն ներքին արդիւնքը կազմած է $2.81 տրլն ( 2008 թ.՝ $2.955 տրլն, 2007 թ.՝ $2.917 տրլն), ՀՆԱ-ի իրական աճի տեմպը 2009 թ.-ի տարեվերջին՝ -4.9%։ Մեկ շնչին բաժին իյնկնող համախառն ներքին արդիւնքը՝ $34100 ( 6-րդը աշխարին մէջ )։ Գիւղատնեսութիւնը կու տայ համախառն ներքին արդիւնքի 0.9%-ը, արդիւնաբերութիւնը՝ 26.8%-ը։ Սպասարկման ոլորտին բաժին կ'իյնայ համախառն ներքին արդիւնքի 72.3%-ը (2009 թ.)։ Տնտեսութեան ճիւղային կառուցուածքին մէջ, աշխատուժի համամասնութիւնը հետեւեալն է.

Գիւղատնտեսութիւն

Գիւղատնտեսութիւնը կու տայ համախառն ներքին արդիւնքի 0.9%-ը։ Այս ճիւղին մէջ, զբաղուած է աշխատուժի 2.4%-ը։ Գիւղատնտեսական հողահանդակները կը գրաւեն երկրի տարածքի 35%-ը։

Գերմանիոյ մէջ հողի մեծ մասը կը պատկանի մեծ տնտեսութիւններուն, որոնց հողակտորի միջին մեծութիւնը 17 հա է։ Տնտեսութիւններու 54%-ն ունի մինչեւ 10 հա հող։ Փոքր տնտեսութիւններու մաս մը կ'աշխատի վնասով։

Պետութիւնը մէկ կողմէն օգնութիւն է ցոյց կու տայ վնասով աշխատող ֆերմերային տնտեսութիւններուն եւ, ընդհանրապէս, բոլորին, միւս կողմէն՝ կը խրախուսէ տնտեսութիւններու ընդարձակ գործընթացը։ Գերմանական ֆերմերային տնտեսութիւնները և գիւղական բնակչութիւն իրենց եկամուտի զգալի մասը կը ստանան ոչ գիւղատնտեսական զբաղմունքներէն՝ արհեստագործութենէն, զբոսաշրջութենէն, փոքր ձեռնարկատիրութենէն եւ այլն։

Գերմանիոյ գիւղատնտեսութիւնը 90%-ի չափով կ'ապահովուի բնակչութեան սննդամթերքի պահանջները։

Գիւղատնտեսութեան առաջատար ճիւղը կաթնամսատու անասնաբուծութիւնն է, որ կու տայ ճիւղի համախառն արդիւնքի 67%-ը։ Անասնաբուծութեան համար բազայ կը հանդիսանան ընդարձակ արոտավայրերը, որոնք կը գրաւեն երկրի տարածքի 30.5%-ը, մշակովի կերակրախոտերը, սնունդի արդիւնաբերութիւնը։

Գերմանիան աշխարհի մէջ չորրորդ տեղը կը գրաւէ կաթի (տարեկան 28 միլիոն տ), վեցերորդ տեղը՝ միսի (տարեկան 5.8 միլիոն տ) արտադրութեամբ։

Մեծ եղջերաւոր անասնաբուծութիւնը զարգացած է ամենուրեք, խոզաբուծութիւնը՝ աւելի շատ հիւսիսային շրջաններուն մէջ։

Բուսաբուծութեան տակ դրուած է 12 միլիոն հա հող, որ կը կազմէ գիւղատնտեսական հողահանդակներու 69.5%-ը։ Մշակովի հողերու 98.6%-ը վարելահողեր են։

Գերմանիան Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ տարեկանի, գարու, վարսակի, կարտոֆիլի, երկրորդ տեղը՝ Ֆրանսայէն ետք, ցորենի, շաքարի ճակնդեղի մշակումով։ Հացահատիկ և կարտոֆիլ կը մշակեն ամենուրեք, բայց առաւել շատ՝ հիւսիսային շրջաններուն մէջ։ Շաքարի ճակնդեղն աւելի մեծ տարածում ունի Հռենոս-Վեսֆալիայի մէջ, Բաւարիոյ մէջ, Մեկլենբուրգ-Առաջաւոր Պոմերանիոյ մէջ, խաղողը՝ Բադեն-Վյուրտեմբերգի մէջ, Էսսենի մէջ։

Գերմանիոյ մէջ կը մշակեն նաեւ գայլուկ, բանջարանոցային կուլտուրաներ, ծաղիկներ։

Գիւղատնտեսութեան բազայի վրայ զարգացած է սննդի արդիւնաբերութիւնը։ Կենդանական իւղի եւ բուսաիւղի արտադրութեամբ Գերմանիան աշխարհին մէջ կը գրաւէ երրորդ, Եւրոպայի մէջ՝ առաջին տեղը։ Յայտնի է գարեջուրի, շաքարաւազի, գինիներու, ձկան, պահածոներու արտադրութեամբ։

Արդիւնաբերութիւն

Արդիւնաբերութեան բնորոշ է գերինդուստրացումը, որուն առաջատար եւ միջազգային շուկային մէջ մրցադիմացկուն ճիւղերն են՝ ավտոմոբիլաշինութիւնը, ինքնաթիռաշինութիւնը, վագոնաշինութիւնը, էլեկտրատեխնիկան, օպտիկական եւ քիմիական արտադրութիւնը, դեղագործութիւնը, մետաղաձուլութիւնը։

Ընդ որուն, արդիւնաբերութեան մէջ, աստիճանաբար կը մեծնայ նոր՝ բարձր տեխնոլոգիաներով ճիւղերու դերը, համեմատաբար կը նուազի արդիւնահանող, թեթեւ, սնունդի ճիւղերու դերը։

Արդիւնաբերութեան աւանդական ճյիղը արդիւնահանումն է։ Կ'արդիւնահանեն քարածուխ, նաֆթ, երկաթաքար, գունավոր մետաղներ, կալիումական աղ։ Քարածուխի տարեկան հանոյթը կը կազմէ 51.2 միլիոն տ։ Ատորմով կը գրաւէ 10-րդ տեղը աշխարհին մէջ։ Քարածուխի հանոյթը աստիճանաբար կը նուազի՝ կապուած պահանջարկի նուազման հետ։ Քարածուխի 80%-ը կու տայ Ռուրի աւազանը, մնացածը՝ Սաարի եւ միւս աւազանները։ Գորշ ածուխի հանոյթը 193 միլիոն տ է. աշխարհին մէջ, կը գրաւէ առաջին տեղը։ Գորշ ածուխի հանոյթը նոյնպէս ունի նուազման միտում։ Շահագործուող հիմնական աուազաններն են Ստորին Հռենոսեանը, Էլբա եւ Զաալէ գետերու միջեւ իյնկած աւազանը։ Գորշ ածուխը կ'արդիւնահանուի բաց եղանակով։ Ան հիմնականին մէջ, կ'օգտագործուի էլեկտրակայաններուն մէջ:

Նաֆթի տարեկան հանոյթը մօտ 0.5 միլիոն տ է, ներմուծումը՝ 64 միլիոն տ։ Նաֆթի վերամշակման մեծ կեդրոններն են Համբուրգը, Քյոլնը, Ինգոլշտադը։ Նաֆթը կը ներմուծէ ՌԴ-էնև Պարսից ծոցի երկրներէն։

Բնական գազի արդյունահանումը տարեկան կազմում է 15.29 միլիարդ մ³ ( 34-րդը աշխարհում ), սպառումը՝ 96.26 միլիարդ մ³ ( 5-րդը աշխարհում), ներկրումը 94.57 միլիարդ մ³ ( 2-րդը աշխարհում), արտահանումը՝ 12.64 միլիարդ մ³ ( 16-րդը աշխարհում )։ ( 2009 թ.)

Էլեկտրաէներգիայի արտադրութիւնը կը հասնի 593.4 միլրա կվտ ժ ( 8-րդը), սպառումը՝ 547.3 միլիար կվտ ժ ( 7-րդը), արտահանման եւ ներկրման ցուցանիշներն են համապատասխանաբար 61.7 և 41.67 միլիար կվտ ժ (2009 թ.)։

Էլեկտրաէներգետիկայի արտադրութեան 61.8%-ը բաժին կ'իյնայ ջերմաէլեկտրակայաններուն, 4.2%-ը ջրաէլեկտրակայաններուն, 29.9%-ը ատոմային էլեկտրակայաններուն։ Մեծագոյն ջերմաէլեկտրակայանը Մանհայմն է։ Միջուկային վառելիքով կ'աշխատին Ալբտախի, Ֆիլիպսբուրգի եւ շարք մը այլ էլեկտրակայաններ։ Կը գործեն քաղաքային աղբի բազայի վրայ աշխատող ջերմաէլեկտրակայաններ։ Շուրջ 10 ոչ մեծ ջրաէլեկտրակայաններ կան Հռենոս, Զաալէ, Էլբա եւ միւս գետերու վրայ։

Սեւ մետաղաձուլութիւնը։ Պողպատաձուլութեւամբ Գերմանիան Արևմտեան Եւրոպայի մէջ կը գրաւէ առաջին տեղը, աշխարհին մէջ ՝ 6-րդ տեղը։ Տարեկան կ'արտադրէ 40.6 միլիոն տ պողպատ։ Առաջատարներու շարքի մէջ թուջի՝ 30.0 միլիոն տ, եւ գլանուածքի արտադրութեամբ։ Սեւ մետաղաձուլութիւնը զարգացած է հիմնականին մէջ, Հիւսիսային Հռենոս-Վեստֆալիա երկրին մէջ՝ Դորտմունդի, Դյուսբուրգ, Սաարի երկրին՝ Սաարբրյուկենի մէջ։ Սեւ մետաղաձուլութիւնը զարգացած է նաեւ Բրադենբուրգի, Բրեմենի, Համբուրկի մէջ։

Նօյշւանշթայն դղեակը Գրեմանիոյ ամենաճանաչուող կառոյցներէն մէկն է:

Գունաւոր մետաղաձուլութեան ձեռնարկութիւննրը հիմնականին մէջ, կ'աշխատին ներմուծովու հումքի բազայի վրայ։ Առաջատար ճիւղը ալիւմինաձուլութիւնն է։ Ալիւմինի արտադրութեամբ Գերմանիան երկրորդ տեղը կը գրաւէ տարածաշրջանին մէջ՝ Նորվեգիայէն ետք։ Ալիւմինաձուլութեան մեծ կեդրոններն են Էսսենը, Ֆյորդեն, Համբուրկը։ Տարեկան կ'արտադրէ 575 հազար տ ալիւմին։ Զարգացաած է նաեւ զտուած պղինձի՝ (տարեկան 616 հազար տ), կապարի եւ ցինկի ձուլումը։

Մեքենաշինութիւնը եւ մետաղաձուլութիւնը։ Այս ճիւղին մէջ զբաղուած է արդիւնաբերական աշխատողներու 50%-ը։ Մեքենաշինութեան մէջ տեղի կ'ունենան կառուցուածքային փոփոխութիւններ, որոնց հետեւանքով աստիճանաբար կը նուազի ընդհանուր մեքենաշինութեան, նավաշինութեան դերը, կը մեծնայ օդանաւերու, տիեզերական սարքերու, էլեկտրատեխնիկական սարքաւորումներու ավտոմոբիլաշինութեան, համակարգիչներու, ելեկտրական հաշուիչ մեքենաներու, ինքնակառավարուող սարքերու արտադրութեան դերը։

Մեքենաշինութեան հանրայայտ ճիւղը կը մնայ ավտոմոբիլաշինութիւնը եւ հաստոցաշինութիւնը։ Հաստոցներու արտադրութեամբ Գերմանիան աշխարհի մէջ կը գրաւէ երկրորդ տեղը, աւտոմոբիլներու արտադրութեամբ՝ երրորդ տեղը։ Աւտոմոբիլներու տարեկան արտադրութիւնը կը հասնի 4.7 մլն։ Աւտոմոբիլաշինական մեծագոյն ընկերութիւններ են «Ֆոլկսվագենը», «Մերսեդես Բենցը», «ԲՄՎ»-ն, «Աուդին», «Օպելը»։ Աւտոմոբիլաշինութեան մէջ մեծ է նաեւ՝ ամերիկեան «Ֆորդ» ընկերութեան դերը։

Պատկեր:Rothirsch - Cervus elaphus - Dortmund-zoo.png
Տորտմունտի կենդանաբանական այգիի եղջերուները

«Ֆոլկսվագեն» ընկերութիւնը երկրին մէջ մեծագոյնն է. հիմնուած է 1938 թ.։ Մասնագիտացած է մարդատար մեքենաներու եւ աւտոբուսներու արտադրութեան գիծով։ Մեծ կեդրոններն են Վոլֆսբուրգը, Հանովերը, որ իր դուստր ձեռնարկութիւնը ունի Պրազիլի , Մեքսիակայի , Աւստալիայի եւ այլ երկրներու մէջ։ «Մերսեդես Բենցի» գլխաւոր ձեռնարկութիւնները կը գտնուին Շտուտգարտի եւ Վերտի մէջ, «ԲՄՎ»-ինը՝ Միւնխէնի եւ Ռեգենսբուրգի մէջ, «Օպելինը»՝ Մայնի Ֆրանկֆուրտի եւ Այզենախի մէջ, «Աուդի»-նը՝ Հալբրոնի մէջ։ Օդանաւերու, տիեզերական սարքերու արտադրութեամբ յայտնի է Միւնէենը, Բրեմենը, Համբուրւը, նավաշինութեամբ՝ Համբուրկը, Քիլը, Ռոստոկը։ Ելեկտրատեխնիկական արդիւնաբերութեան առաջատար ընկերութիւններն են՝ «Սիմենսը» եւ «Բոշը»։ «Սիմենսը» հիմնադրուած է 1947 թ.ին, ան կ'արտադրէ արդիւնաբերական եւ կաեցաղային նշանակութեան էեեկտրատեխնիկական, ինչպէս նաեւ ռազմական ապրանքներ։

Ընկերութեան ձեռնարկութիւնները տեղաբաշուած են Նիւրնբերգի, Շտուտգարտի, Համբուրգի մէջ։ Ան իր դուստր ձեռնարկութիւնները ունի՝ Դանիայի, Բելգիայի, ԱՄՆ-ի եւ այլ երկրներու մէջ։

Ելեկտրատեխնիկական արդիւնաբերութեան առաջատարներէն է «Բոշ» ընկերութիւնը, որ հիմնադրոած է 1886 թ., մասնագիտացած է կենցաղային ելեկտրական տեխնիկայի արտադրութեան բնագաւառին մէջ։ Երկրին մէջ, առաջիններէն մեկն էր, որ սկսաւ իր դուստր ձեռնարկութիւնները ստեղծել արտասահմանեան երկրներուն՝ Ֆրանսայի, Իտալիոյ, ԱՄՆի, Արգենտինայի, Պրազիլի մէջ եւ այլն։

Գերմանիան քիմիական արդիւնաբերութեան առաջատարներէն մէկն է։ Տնտեսութեան այս ճիւղի առաջատար երեք մեծ ընկերութիւնները՝ «Բայերը», «ԲԱՍՖ», եւ «Հոեսհթը», հիմնադրուած են 1861-1863 թթ.։ Այս եւ քիմիական արդիւանաբերութեան մեծ մասը կ'արտադրեն բազմատեսակ ապրանքներ։

Քիմիական արդիւնաբերութիւնը ունի շատ լայն աշխարհագրութիւն։ Մեծ կեդրոններն են Համբուրկը, Մայնի Ֆրանկֆուրտը, Լիւդվիգհաֆենը, Քյոլնը, Վիլհելմսհաֆենը։

Գերմանական ընկերութիւններու ձեռնարկութիւններ կան Արեւմտեան Եւրոպայի, Լատինական Ամերիակայի քանի մը տասնեակ երկրներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Աւստրալիոյ, Բելգիայի, Դանիայի, ԱՄՆ-ի, Կանադայի, Թուրքիոյ մէջ եւ այլն։

Արդիւնաբերութեամբ զբաղուած է աշխատուժի 29.7%-ը։ [6]

Պերլին
Համբուրկ
Գերմանիոյ ֆութպոլի հաւաքականը աշխարհի ախոյեանն է

Երկրի հարաւին մէջ՝ լեռնային շրջաններուն մէջ կան նաեւ ՋՐԷԿ-ները։ Գերմանիան Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, ամենաշատ պողպատ արտադրող երկիրն է։ Այստեղ զարգացած է մեքենաշինութիւնը։ Գերմանիոյ բնորոշ է զգայուն գիւղատնտեսութիւնը։ Գերմանիան ունի զարգացած տրանսպորտային համակարգ։ Կ'արտահանէ՝ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ, արդիւնաբերական ապրանքներ։ Կը ներմուծէ՝ հումք, վառելիք, պարենամթերք։ Կայ ապացոյց, որ առաջին մարդ արարածը եկած է Գերմանիոյ տարածք, 700 հազար տարի առաջ։ Շուրջ 500 հազար տարի առաջ ստեղծուած են առաջին բնակավայրերը։ Առաջին գերմանացիներու մասին, կը յիշատակուի հին յոյներու եւ հռոմէացիներու աշխատանքներուն մէջ։

Փոխադրամիջոց

Գերմանիան ունի զարգացած փոխադրային համակարգ։ Երկրի տարածքը հագեցած է արագընթաց երկաթուղիներու, բարձրակարգ աւտոմոբիլային ճանապարհներու, գետային ուղիներու, խողովակաշարերու խիտ ցանցով։ Առաջակարգ դեր ունի ծովային փոխադրամիջոցը, որ հիմնականին մէջ կը սպասարկէ արտաքին առեւտուրին։ Մեծ նաւահանգիստներն են Համբուրկը, Վիլհելմսհաֆենը, Ռոստոկը։

Արտաքին Տնտեսական Կապեր

Գերմանիան տնտեսական կապերու մէջ է աշխարհի համարեայ բոլոր երկրներու հետ։ Արտաքին առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալով կի զիջի միայն ԱՄՆ-ին։ Արտաքին առեւտուրի մեծ մասը բաժին կ'իյնայ Եւրամիութեան երկրներուն, ԱՄՆ-ին եւ Կանադային։ ԱՊՀ երկրներէն առըւտրական կապերը մեծ են Ռուսիոյ հետ Գերմանիոյ արտահանութեան գրեթէ 9/10-ը լայն սպառման արդիւնաբերական ապրանքներն են՝ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ եւ մատուցուած ծառայութիւններ։

Հետաքրքիր Փաստեր Գերմանիոյ Մասին

  • Գերմանիան դեռ վաղ ժամանակներէն յայտնի է որպէս քաղաքներու երկիր։ Քաղաքներու մեծ թիւի մասին կը յիշատակուի դեռեւս Հռոմէական կայսրութեան ժամանակներէն։ Քաղաքներու մեծ մասը, չնայած ներկայիս բարձր զարգացածութեան, պահպանեած են հնամենի արտաքին տեսքը, գործառոյթները եւ արտադրուող ապրանքներու տեսականին։ Օրինակ, Ջոլինգենը՝ մետաղեայ իրերու արտադրութիւնը, Հոտան՝ քարտեզագրութիւնը, Հայդելբերգը եւ Գյոթինգենը յայտնի են իրենց համալսարաններով, Վայմարը՝ թանգարաններով՝ կապուած Գյոթեի, Շիլլերի, Լիստի, Հենդելի անուններու հետ, իսկ Հաննովերը, Քյոլնը, Մայնի Ֆրանկֆուրտը, Լայպցիգը՝ որպէս միջազգային տօնավաճառներու կեդրոն։ Լայպցիգի տօնավաճառը կը գործէ արդէն 800 տարի։
  • Գերմանիան գարեջուրի արտադրութեան հնագոյն երկրներէն է։ Գարեջուրի օգտագործմամբ գերմանացինները առաջինն են աշխարհին մէջ. մէկ շունչի հաշւով տարեկան կ'արտադրուի 160 լիթր գարեջուր։
  • Հռենոսի վրայ գտնուող Դոյսբուրկ քաղաքը աշխարհի ամենամեծ գետային նաւահանգիստն է, անոր տարեկան բեռնաշրջանառուրիւնը կը կազմէ 55 միլիոն տոննա։
  • Աշխարհի մէջ առաջին յաջողած գլոբուսներէն մէկը ստեղծած է գերմանացի Մարտի Բեհայմը 1942 թուականին, որ կը պահպանուի Նիւրնբերգ քաղաքի թանգարաններէն մէկուն մէջ։
  • Գերմանիան օծանելիքի հայրենիքն է։ Առաջին անգամ օդեկոլոնը արտադրուած է Քյոլնի մէջ եւ կոչուած է՝ Քյոլնի ջուր։

Պատկերասրահ

Արտաքին Յղումներ

Կառավարութիւն

Կաղապար:ՎՊԵԱ

Ծանօթագրութիւններ

  1. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found..
  2. European Recruitment Agency։ «Turkish delight at William Hague's statement»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2010-07-04 
  3. Radio Free Europe։ «Germany's Merkel On Delicate Visit To Turkey»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2010-07-04 
  4. Todays Zaman։ «What Germany hopes contradicts what it does»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2010-10-28 
  5. «Bevölkerungszahlen 2011 und 2012 nach Bundesländern» (German)։ Statistisches Bundesamt Deutschland։ August 2013։ արտագրուած է՝ 16 December 2013 
  6. Աւագեան Արամայիս, Արտասահմանեան երկրներու ընկերա-տնտեսական աշխարահագրութիւն, ՄԱՍ II Ասիա, Երեւան 2009