«Բնափիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 14. Տող 14.


{{ՀՍՀ}}
{{ՀՍՀ}}

[[Կատեգորիա:Փիլիսոփայութիւն]]

22:55, 8 Յուլիս 2016-ի տարբերակ

Բնափիլիսոփայութիւն, բնութեան երեւոյթները եւ օրինաչափութիւնները մտահայեցողաբար մեկնաբանող ուսմունք, որ յենելով բնագիտութեան նուաճումներու եւ հասկացութիւններու վրայ, կը ձգտէր տալ բնութեան ընդհանուր բնական պատկերը[1]:

Երկնային քարտես մը 17րդ դարէն, Հոլլանտացի քարտիսագիր Ֆրիտրիխ Տը Ուիթի կողմէ:


Պատմութիւնը

Պատմականօրէն այն փիլիսոփայութեան հնագոյն ձեւն է[2]: Հին եւ միջնադարեան փիլիսոփայութեան մէջ կը նոյնանէր բնագիտութեան եւ առհասարակ բնագիտութեան հետ: Բնափիլիսոփայութիւնը առաջադրած է շարք մը արժէքաւոր գաղափարներ եւ գիտական կռահումներ: Առաւել կարեւոր էին Անաքսագորասի, էմփետոգլըսի, Տեմոքրիթի եւ էփիգուրի բնափիլիսոփայական ուսմունքները: Միջնադարեան կրթական եւ կրօնական գաղափարներու տիրապետութեան պայմաններուն մէջ բնափիլիսոփայութիւնը գրեթէ վերացաւ փիլիսոփայութեան բնագաւառէն[3]: Այն նոր զարգացում ապրեցաւ Վերածննդութեան շրջանին՝ առաջադրելով շարք մը յառաջադիմական ուսմունքներ (նիւթակենսականութիւն, համայնաստուածութիւն)[4]: XVII — XVIII դարերուն, կապուած բնագիտութեան զարգացման հետ, բնափիլիսոփայութիւնը իր նշանակութիւնը կորսնցուց: Այն նոր վերելք ապրեցաւ Գերմանիոյ դասական փիլիսոփայութեան եւ յատկապէս Շելինկի ուսմունքին մէջ: Շելինքը քաղափարական հիմքերու վրայ ձեւակերպեց բնութեան միասնութեան գաղափարը` ձգտելով բնագիտութեան նուաճումներու իմաստաւորման միջոցով կառուցել բնութեան համապարփակ համակարգ մը[5]: Չնայած բնափիլիսոփայուփիւնը միշտ յենած է բնագիտութեան նուաճումներուն վրայ, այն անկարող եղած է տալու բնութեան բուն բացատրութիւնը, մնացած է հայեցողական, որքանով երեւոյթներու տակաւին իրեն անյայտ իրական կապերը կը փոխարինէր գաղափարական կապերով, եւ պակսող փաստերը կը փոխարինէր հնարքներով, լրացնելով իրական բացերը միայն երեւակայութեամբ: Այս դէպքին ան արտայայտեց շատ հանճարեղ միտքեր եւ կռահեց յետագայ շատ յայտնագործութիւններ, սակայն քիչ անհեթեթութիւններ ալ չասուեցին: Այն ժամանակ այլ կերպ չէր ալ կարող ըլլալ: Իսկ այժմ, երբ մեզի համար բաւական է բնութեան ուսումնասիրութեան արդիւնքներու վրայ նայիլ, այսինքն` անոնց սեփական կապակցութեան տեսակէտէն, որպէսզի կազմենք մեր ժամանակի համար բաւարար «բնութեան ձեւ» այժմ հասալ է բնափիլիսոփայութեան վերջը: Անոր յարութիւն տալու ամէն փորձ ոչ միայն աւելորդ կ'ըլլար, այլ կ'ըլլար քայլ մը դէպի ետէւ (Էնկըլզ Ֆրիտրիխը, Լիւտուիկ Ֆոյերպախը եւ գերմանական դասական փիլիսոփայութեան վախճանը 1972 ):

Ըստ Հայ Փիլիսոփայութեան

Հայ փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ իր բնափիլիսոփայութեան ուսմունքով եւ առանձին ուշագրաւ գաղափարներով աչքի ինկած է Անանիա Շիրակացին, որ ըլլալով բնագիտական ուղղութեան հիմնադիրը հայ միջնադարեան փիլիսոփայութեան մէջ, վերակենդանացուցած է հին գիտութեան առաջաւոր աւանդոյթները: Ուշագրաւ էին նաեւ Յովհաննէս Սարկաւագի (Իմաստասէր) եւ Յովհաննէս Երզնկացու բնափիլիսոփայուփեան հայեացքները: Շարք առաջաւոր գաղափարներով, յատկապէս տարրաբանութեան եւ մարդակազմութեան հարցերուն մէջ, հանդիսացան իբրեւ Տաթեւի Փիլիսոփայութեան Դպրոցի ներկայացուցիչները (Յովհան Որոտնեցի, Գրիգոր Տաթեւացի, Մաթէոս Զուղայեցի):

Ծանօթագրութիւններ

  1. Cahan David, խմբգր․ (2003)։ From Natural Philosophy to the Sciences: Writing the History of Nineteenth-Century Science։ Chicago: University of Chicago Press։ ISBN 0226089282 
  2. .The naturalist-theologian William Whewell was the one who coined the term "scientist." The Oxford English Dictionary dates the origin of the word to 1834.
  3. Martin Heidegger, The Principle of Reason, trans. Reginald Lilly, (Indiana University Press, 1991), 62-63.
  4. Michael J. Crowe, Mechanics from Aristotle to Einstein (Santa Fe, NM: Green Lion Press, 2007), 11.
  5. Hankinson R. J. (1997)։ Cause and Explanation in Ancient Greek Thought։ Oxford University Press։ էջ 125։ ISBN 978-0-19-924656-4 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Կատեգորիա:Փիլիսոփայութիւն