«Բնափիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1. Տող 1.
'''Բնափիլիսոփայութիւն''', [[բնութիւն|բնութեան]] երեւոյթները եւ օրինաչափութիւնները մտահայեցողաբար մեկնաբանող ուսմունք, որ յենելով [[բնագիտութիւն|բնագիտութեան]] նուաճումներու եւ [[հասկացութիւն]]ներու վրայ, կը ձգտէր տալ բնութեան ընդհանուր բնական պատկերը:
'''Բնափիլիսոփայութիւն''', [[բնութիւն|բնութեան]] երեւոյթները եւ օրինաչափութիւնները մտահայեցողաբար մեկնաբանող ուսմունք, որ յենելով [[բնագիտութիւն|բնագիտութեան]] նուաճումներու եւ [[հասկացութիւն]]ներու վրայ, կը ձգտէր տալ բնութեան ընդհանուր բնական պատկերը:

[[Պատկեր:Planisphæri cœleste.jpg|thumb|right|330px|Երկնային քարտես մը 17րդ դարէն, Հոլլանտացի քարտիսագիր '''Ֆրիտրիխ Տը Ուիթ'''ի կողմէ:]]



== Պատմութիւնը ==
== Պատմութիւնը ==

22:52, 8 Յուլիս 2016-ի տարբերակ

Բնափիլիսոփայութիւն, բնութեան երեւոյթները եւ օրինաչափութիւնները մտահայեցողաբար մեկնաբանող ուսմունք, որ յենելով բնագիտութեան նուաճումներու եւ հասկացութիւններու վրայ, կը ձգտէր տալ բնութեան ընդհանուր բնական պատկերը:

Երկնային քարտես մը 17րդ դարէն, Հոլլանտացի քարտիսագիր Ֆրիտրիխ Տը Ուիթի կողմէ:


Պատմութիւնը

Պատմականօրէն այն փիլիսոփայութեան հնագոյն ձեւն է: Հին եւ միջնադարեան փիլիսոփայութեան մէջ կը նոյնանէր բնագիտութեան եւ առհասարակ բնագիտութեան հետ: Բնափիլիսոփայութիւնը առաջադրած է շարք մը արժէքաւոր գաղափարներ եւ գիտական կռահումներ: Առաւել կարեւոր էին Անաքսագորասի, էմփետոգլըսի, Տեմոքրիթի եւ էփիգուրի բնափիլիսոփայական ուսմունքները: Միջնադարեան կրթական եւ կրօնական գաղափարներու տիրապետութեան պայմաններուն մէջ բնափիլիսոփայութիւնը գրեթէ վերացաւ փիլիսոփայութեան բնագաւառէն: Այն նոր զարգացում ապրեցաւ Վերածննդութեան շրջանին՝ առաջադրելով շարք մը յառաջադիմական ուսմունքներ (նիւթակենսականութիւն, համայնաստուածութիւն): XVII — XVIII դարերուն, կապուած բնագիտութեան զարգացման հետ, բնափիլիսոփայութիւնը իր նշանակութիւնը կորսնցուց: Այն նոր վերելք ապրեցաւ Գերմանիոյ դասական փիլիսոփայութեան եւ յատկապէս Շելինկի ուսմունքին մէջ: Շելինքը քաղափարական հիմքերու վրայ ձեւակերպեց բնութեան միասնութեան գաղափարը` ձգտելով բնագիտութեան նուաճումներու իմաստաւորման միջոցով կառուցել բնութեան համապարփակ համակարգ մը: Չնայած բնափիլիսոփայուփիւնը միշտ յենած է բնագիտութեան նուաճումներուն վրայ, այն անկարող եղած է տալու բնութեան բուն բացատրութիւնը, մնացած է հայեցողական, որքանով երեւոյթներու տակաւին իրեն անյայտ իրական կապերը կը փոխարինէր գաղափարական կապերով, եւ պակսող փաստերը կը փոխարինէր հնարքներով, լրացնելով իրական բացերը միայն երեւակայութեամբ: Այս դէպքին ան արտայայտեց շատ հանճարեղ միտքեր եւ կռահեց յետագայ շատ յայտնագործութիւններ, սակայն քիչ անհեթեթութիւններ ալ չասուեցին: Այն ժամանակ այլ կերպ չէր ալ կարող ըլլալ: Իսկ այժմ, երբ մեզի համար բաւական է բնութեան ուսումնասիրութեան արդիւնքներու վրայ նայիլ, այսինքն` անոնց սեփական կապակցութեան տեսակէտէն, որպէսզի կազմենք մեր ժամանակի համար բաւարար «բնութեան ձեւ» այժմ հասալ է բնափիլիսոփայութեան վերջը: Անոր յարութիւն տալու ամէն փորձ ոչ միայն աւելորդ կ'ըլլար, այլ կ'ըլլար քայլ մը դէպի ետէւ (Էնկըլզ Ֆրիտրիխը, Լիւտուիկ Ֆոյերպախը եւ գերմանական դասական փիլիսոփայութեան վախճանը 1972 ):

Ըստ Հայ Փիլիսոփայութեան

Հայ փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ իր բնափիլիսոփայութեան ուսմունքով եւ առանձին ուշագրաւ գաղափարներով աչքի ինկած է Անանիա Շիրակացին, որ ըլլալով բնագիտական ուղղութեան հիմնադիրը հայ միջնադարեան փիլիսոփայութեան մէջ, վերակենդանացուցած է հին գիտութեան առաջաւոր աւանդոյթները: Ուշագրաւ էին նաեւ Յովհաննէս Սարկաւագի (Իմաստասէր) եւ Յովհաննէս Երզնկացու բնափիլիսոփայուփեան հայեացքները: Շարք առաջաւոր գաղափարներով, յատկապէս տարրաբանութեան եւ մարդակազմութեան հարցերուն մէջ, հանդիսացան իբրեւ Տաթեւի Փիլիսոփայութեան Դպրոցի ներկայացուցիչները (Յովհան Որոտնեցի, Գրիգոր Տաթեւացի, Մաթէոս Զուղայեցի):

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։