«Բառ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Նոր էջ «'''Բառ''', կը կոչուի հնչիւններու այն խումբը կամ հնչիւնը, որ իմաստ մը կ'արտայ...»:
 
(Տարբերութիւն չկայ)

10:02, 9 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

Բառ, կը կոչուի հնչիւններու այն խումբը կամ հնչիւնը, որ իմաստ մը կ'արտայայտէ:

Օրինակ` աղ, ջուր, գիրք, քաղցր:

Ասոնք երկու, երեք, չորս եւ հինգ հնչիւններէ բաղկացած կապակցութիւններ են, իմաստ ունին, ուստի եւ բառեր են: Կան նաեւ մէկ հնչիւնէ բաղկացած բառեր.

Oրինակ` Յակոբիկը ուշիմ ու խելոք աշակերտ է:

Այստեղ ու, է հնչիւնները բառեր էն:

Հնչիւններու պատահական ամէն մէկ խումբ բառ չէ. օրինակ` աթոռ բառ է, քանի որ իմաստ ունի. բայց թոառ, ոթոա բառեր չեն, որովհետեւ իմաստ չունին: Առանց բառի կարելի չէ խոսիլ կամ խոսակցիլ, մտքեր հաղորդել իրարու:

Հարուստ կը համարուի այն լեզուն, որ բազմապիսի իմաստներ արտայայտող շատ բառեր ունի:

Հայերէն բառային կազմը

Լեզուի մէջ գործածուող բոլոր բառերը միասին բառային կազմ կամ բառապաշար կը կոչուի: Հայերէնի բառային կազմը հարուստ է: Հազարամեակներու ընթացքին` ան հարստացած է բազմաթիւ ու բազմապիսի բառերով, որոնք կ'արտայայտեն մարդոց, անոնց կեանքին եւ բնական աշխարհի հետ կապուած զանազան գաղափարներ. օրինակ`

  • Աշխատանքի ու տնտեսութեան վերաբերեալ բառեր` արտ, ակոս, սերմ, ցորեն, գործիք, գործել, վարել, բահ, մուրճ, գութան, սալ, մանգաղ, գործարան եւ այլն:
  • Մարդու մարմնի մասեր արտայայտող բառեր` աչք, ոտք, բազուկ, ճկոյթ, սրունք, կուրծք, գլուխ, սիրտ, անութ, ուս եւ այլն:
  • Ընտանիքի եւ մարդու կենցաղի վերաբերեալ բառեր` տուն, ընտանիք, բնակիչ, մայր, հայր, որդի, պապ, տալ, հարս, կեսուր, կեսրայր, հագուստ, զարդ, արդուկել, սենեակ, բազմոց, գաւիթ, բակ, տնտեսութիւն եւ այլն:

Հայերէնն ունի մօտ 150 000 բառ:

Մարդկային կեանքի մէջ ամէն մէկ գիւտ, նոր գործիք, իր, երեւոյթ ու գաղափար անմիջապէս անուն կը ստանան: Այդ անունը, իբրեւ նոր բառ, կը մտնէ լեզուի բառապաշարին մէջ. օրինակ` մենք ունինք տիեզերք եւ նաւ բառերը, որոնցմէ վերջերս կազմւեցաւ տիեզերանաւ նոր բառը: Նման նորակերտ բառեր են` տիեզերագնաց, տիեզերանաւորդ, հրթիրակիր, սաւառնակ, սաւառնորդ, ինքնամուղ, հեռուստացոյց, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, նրասայլ, ձայնապնակ, եւ այլն, որոնք գոյութիւն չունէին ասկէ քանի մը տարի, կամ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ:

Աղբյուրներ

  • Հայոց լեզուի դասագիրք, Ս. Գ. Աբրահամեան, Բ. Յ. Վերդեան, Վ. Ա. Քոսեան, 1965, Երեւան