«Ճէյմս Պաղեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 57. Տող 57.


Այժմ Պաղեանը կը զբաղի ասնագիտական կենսաբժշկական աշխատանքներով եւ կը ղեկավարէ «բուսակերներու առողջութեան պահպանման» ազգային կեդրոնը։
Այժմ Պաղեանը կը զբաղի ասնագիտական կենսաբժշկական աշխատանքներով եւ կը ղեկավարէ «բուսակերներու առողջութեան պահպանման» ազգային կեդրոնը։

== Ծանօթագրութիւններ ==

11:00, 26 Ապրիլ 2016-ի տարբերակ


Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Ճէյմս Ֆիլիփ Պաղեան (անգլ.՝ James Philipp Bagian, ծնած է՝ 1952, 22 Փետրուար, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլուանիա նահանգ, ԱՄՆ), Ամերիկահայ երկրաչափ, մարզիկ, ուսանած է բժշկագիտութիւն, Հայազգին համար եղած է առաջին տիեզերագնացը։

Կենսագրութիւն

Ծագում

Ճէյմս Ֆիլիփ Պաղեանը ծնած է 1952 թուական, 22 փետրուարին՝ ԱՄՆՓենսիլուանիա նահանգի Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ։ Անոր նախնիներուն ազգանունը եղած է Կունտեպաղեան, բայց ԱՄՆ-ու ներգաղթային ծառայութեան աշխատակիցները կրճատածեն եւ իրենց ազգանունը դարձած է Պաղեան[1]։

Ճէյմս Պաղեանի հօր պապը՝ Նազարեթ Կունտեպաղեանը, Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1913 թուականին Արաբկիրէն։ Ան մէջ ամուսնացած է ԱՄՆՄալատիա նահանգին մէջ, աւելի շուտ՝ (1908-ին), գաղթած Սաթենիկի հետ։ Ճէյմս Պաղեանի հայրը՝ Ֆիլիփը, ինչպէս նաեւ անոր եղբայրներն ու քոյրերը հարիւր տոկոսով հայ են, ծնած ԱՄՆ-ուն մէջ։ Ճէյմսի մայրը Գերմանուհի է[1]։ Հայրը նոյնպէս օդաչու եղած է։

Կրթութիւն

Հաճախած է Ֆիլատելֆիայի կեդրոնական միջնակարգ դպրոցը։ 1969-73 թուականներուն սորված է «Drexel» համալսարանին մէջ՝ ստանալով երկրաչափի դիրքը։ Ապա ուսումը շարունակած է «Thomas Jefferson» համալսարանին մէջ եւ 1977 թուականին, ստացած է բժշկական գիտութիւններու բժիշկի կոչումը։

Աշխատանքային գործունէութիւն

1974-78 թուականներուն մասնակած է բազմաթիւ մրցոյթներու, իսկ 1982 թուականին ընդգրկած է ԱՄՆ տիեզերագնացներու խումբի կազմումը։

1973 թուականին որպէս երկրաչափ աշխատանքի անցած է Պրիսդոլ քաղաքի «3Մ» գործարանին մէջ։ 1976-78 թուականներուն ԱՄՆ ռազմածովային փորձարարական կեդոնի (Մերիլենտ նահանգ) երկրաչափը եղած է։ 1978 թուականին որպէս վիրաբոյժ եւ բժիշկ, աշխատած է Լէոնիտ Ճեքսոնի անուան կեդրոնին մէջ՝ միաժամանակ ուսանելով ԱՄՆ Ռազմական ուժերու թռիչքային վիրաբուժութեան եւ ԱՄՆ Ռազմական ուժերու տիեզերական բժշկութեան դպրոցներուն մէջ։

1986 թուականին ստացած է մասնագիտական երկրաչափի դիրքը, իսկ 1987 թուականին՝ տիեզերանաւի բժիշկի վկայագրեր դիրքը։ 1980 թուականին Յուլիսին որպէս տիեզերագնաց սկսած է աշխատիլ ՆԱՍԱ-ին մէջ (Ամերիկեան ազգային տիեզերական գործակալութիւն)։

Պաղեանը ունեցած է տիեզերական բժշկութեան տիտղոսը, եղած է ՆԱՍԱ-ի Օդաչու-վիրաբոյժներու միութեան, Ամեիկացի երկրաչափ միութեան, Ալֆա եւ օմեկա Տիեզերագնացներուն եւ այլ կազմակերպութիւններու անդամ։

Թռիչք տիեզերանաւով

1989 թուականին Մարտ 13-18-ին, որպէս բժշկակենսաբանական մասնագէտ, առաջին անգամ թռիչք կատարած է ամերիկեան տիեզերանաւով։

Ան մարդկային գործութիններու, շրջակայ միջավայրի եւ տիեզերանաւի բժշկութեան վերաբերեալ բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակն է։ Ճէյմսը 337 ժամ անցուցած է տիեզերքին մէջ։

Այժմ Պաղեանը կը զբաղի ասնագիտական կենսաբժշկական աշխատանքներով եւ կը ղեկավարէ «բուսակերներու առողջութեան պահպանման» ազգային կեդրոնը։

Ծանօթագրութիւններ

  1. 1,0 1,1 Ջեյմս Բաղյան. «Երջանիկ եմ, որ տիեզերք թռած առաջին հայն եմ» (Արծվի Բախչինյանի հարցազրույցը տիեզերագնացի հետ)