«Ստեփան Բաբելեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 5. Տող 5.
== Աղբիւրներ ==
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ, էջ 341:
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ, էջ 341:
{{DEFAULTSORT:Բաբելեան, Ստեփան}}

08:27, 27 Սեպտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Բաբելեան Ստեփան, երգահան դաշնակահար, շրջանաւարտ Պէրպէրեան վարժարանէն, Պոլսահայ երաժշտական շարժումին առաջնակարգ մշակներէն. 1906էն ի վեր դաշնակի անխոնջ ուսուցիչ, որ իր արուեստագէտի խառնուածքին կը միացնէ հոգեբան մանկավարժի թանկագին յատկութիւններ: Կարելի է ըսել թէ իւրաքանչիւր աշակերտի համար մասնաւոր մէթոտ մը ունի, մէթոտ մը՝ որ պիտի համապատասխանէր տղուն ֆիզիքական եւ մտաւոր ուժերուն: Այսօրուան դաշնակի մեր լաւագոյն ուսուցիչներուն կարեւոր մէկ մասը կամ օժտուած դաշնակարուհիները, Առաքելեան, Տիկին Բաբելեան, Ա. Գավաֆեան (Պոլիս), Տիկին Զապէլ Ընքապապեան (Բարիզ), կարգ մը երգչուհիներ եւս իրմէ ստացած են երգի եւ երաժշտութեան ճաշակը: Ինքը եղած է հրապարակային ռէսիթալներու առաջին հիմնադիրը Պոլսոյ մէջ (1912ին): Դաշնակի առաջին դասերը առած է իր քրոջմէն Օր. Նազիկ Աբէլեանէն. Անկէ վերջ ինքնաշխատութեամբ յառաջանալով, անսպառ ջանքերով ու նուիրումով ստեղծած է սերունդ մը, որ իր կարգին այսօր ուսուցանելու ասպարէզը ընդգրկած է: Իբրեւ երաժշտական քննադատ Ս. Բաբելեան համբաւ կը վայելէ, թափանցելու եւ յստակօրէն վերլուծելու իր կարողութիւններուն միացնելով ճաշակաւոր եւ նուրբ գրողի ճշմարիտ ձիրքեր, կշռոյթաւոր ոճ, իւմէօռ, պայծառ դատողութիւն եւ յստակ վճիռներ: Ստեփան Բաբելեան ունի նաեւ իտէալին հասած վիպակ մը, որ Հանրագիտակ թերթին մէջ իբրեւ թերթօն հրատարակուելէ ետք 1900ին առանձին ալ լոյս տեսած է:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ, էջ 341: