«Արցախի Հանրապետութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

(Տարբերութիւն չկայ)

06:10, 13 Դեկտեմբեր 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երկիր (արեւմտահայերէն)

Լեռնային Ղարաբաղի ( կամ Արցախի) Հանրապետութիւն[1], փաստացի անկախ, սակայն միջազգայինօրէն չճանչցուած պետութիւն Անդրկովկասի մէջ[2]։ ։ Արեւմուտքէն սահմանակից է Հայաստանի Հանրապետութեան, հարաւէն՝ Իրանին, իսկ արեւելքէն եւ հիւսիսէն՝ Ազրպէյճանին։ Մայրաքաղաքն է Ստեփանակերտը ։ Պատմամշակութային կեդրոն է Շուշի քաղաքը։

Պատմականօրէն կը կազմէ Մեծ Հայքի Արցախ նահանգը։ Հայ մեծանուն պատմաբան Լէոն Արցախը համեմատած է «հսկայական միջնաբերդի» հետ, առանց որուն «անհնար է երեւակայել Հայաստանի սրտի, այն է՝ Արարատեան երկրի պաշտպանութիւնը»[3]։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հայկական երկրորդ պետութիւնն է։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անկախութեան հռչակագիրը ընդունած է 2 Սեպտեմբեր 1991 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանի ընթացքին՝ ժողովրդական պատգամաւորներու կողմէն[4]։ Հռչակագիրի առաջին կէտը ունի հետեւեալ ձեւակերպումը.

Ընդունել ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի եւ սահմանակից Շահումեանի շրջանի սահմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) հռչակման մասին հռչակագիրը։


Անուանում

Ճշգրիտ ստուգաբանութիւնը յայտնի չէ, առաջին յիշատակութիւնները Վանի թագաւորութեան (ուրարտական) շրջանէն են։ Ըստ ժողովրդական ստուգաբանութեան՝ «Արցախ» անուանումը կը նշանակէ Առանի ծառաստան[5]։ Աւանդութեան համաձայն, Առանը հայոց Վաղարշակ արքայի կողմէն նշանակուած Մեծ Հայքի հիւսիս արեւելեան նահանգներու նախարարն էր՝ Սիսակեան տոհմէն[6] ։ Առանը, որ աւանդօրէն կը համարուի Առանշահիկներու, եւ անոնցմէ ճիւղաւորուած Արցախի միջնադարեան իշխաններու ու մելիքներու նախահայրը, կը պատկանէր Հայկ նահապետի զարմին, ուստի եւ միջնադարեան պատմիչները Արցախի իշխաններուն կը կոչեն «Հայկազեանք»[7]։

«Ղարաբաղ» տեղանունը հստակ ստուգաբանութիւն չունի։ Ըստ մէկ ստուգաբանութեան՝ կը թարգմանուի որպէս՝ «Սեւ այգի»[8]։ ։ Ըստ երկորրդ ստուգաբանութեան՝ «բաղ» արմատով բազմաթիւ տեղանուններ գոյութիւն ունէին Սիւնիքի, Արցախի, Գանձակի եւ այլ շրջաններու մէջ։ Եւ «Ղարաբաղը» «Բաղաբերդ» տեղանուան պարզ ու սովորական թարգմանութիւնն է։ «Ղարաբաղի» առաջին՝ «ղարա» մասը հայերէն «բերդ» բառի թարգմանութիւնն է՝ լ-ր հնչիւնափոխութեամբ։ Ինչպէս օրինակ, Կալա-կարա՝ Կալա, Կալաքենդ (Բերդաշէն), իսկ պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ՝ Կարաքենդ։ Տեղանուան երկրորդ՝ «բաղ» մասը օտար նուաճողներու կողմէն չէ թարւմանուած։ Այսպիսով՝ Ղարաբաղը Բաղաբերդ տեղանուան քմահաճ թարգմանութիւնն է[9]։

Պատմութիւն

Հին շրջան

Վանի թագաւորութեան ժամանակաշրջանին

Մ.թ.ա. 3-1-ին հազարամյակներն սկսած հանդէս եկան առաջին պետական կազմաւորումները, որոնց շարքին մէջ կ՛առանձնանար Վանի կամ Արարատի թագաւորութիւնը(Ուրարտու)[10]։ Ուրարտական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին (Ք.ա. 9-6դդ.) Արցախը յայտնի էր Ուրտեխե-Ուրտեխինի անուամբ։ Արցախի՝ որպէս Հայաստանի մաս, յիշատակումներ կան Ստրաբոնի, Դիոն Կասիոսի, Պլինիոս Աւագի, Պլուտարքոսի եւ այլ հին հեղինակներու աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Արգիշտի Ա-ի՝ Կոտայքի մէջ յայտնաբերուած ժայռափոր արձանագրութեան մէջ, ուր խօսուած է Զառ քաղաքի մասին։ Ըստ պատմաբան Վ. Բալաեանի այն կը համընկէ Արցախի միջնադարեան Ծար մելիքանիստ աւանի եւ ներկայիս Քարվաճառի Զառ գիւղի հետ։

Երուանդունիներու օրով

Ք.ա. 4-րդ դարուն արդէն Երուանդունիներու թագաւորութեան օրով նոյնպէս վկայութիւններ կան, որ հայկական պետութեան կազմի մէջ կը մտնէին Արցախը եւ Ուտիքը[11]։ Այդ մասին կը փաստեն յոյն պատմագիր եւ աշխարհագիր Ստրաբոնի վկայութիւնները, ուր ան Արցախը կը ներկայացնէ, որպէս Մեծ Հայքի կազմին մէջ գտնուող նահանգ՝ Օրխիստինա - Արցախ։

Արշակունեաց հարստութեան օրով

66 թուականին Արշակունեաց հարստութեան շրջանին Արցախը նոյնպէս կը գտնուէր հայկական միասնական պետութեան կազմին մէջ[12]։ Այդ մասին կը վկայէ հռոմէական կայսր՝Ներոնի ժամանակներէն Հռոմի մէջ պահպանուած պատի վրայ փորագրուած աշխարհի մարմարէ քարտէսը, ուր Արցախը Արշակունեաց Հայաստանի առաջատար նահանգներէն մէկն է։

Հայաստանի առաջին բաժանումէն ետք

Մեծ Հայքի թագաւորութեան բաժանումէն ետք (387 թուական) Արցախը կը կազմէ Արեւելահայկական թագաւորութեան մաս, որ ալ շուտով կ՛ինայ Սասանեան Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ[13]։ Սակայն նոյնիսկ օտար լուծի տակ գտնուելով՝ Արցախը կը շարունակէ պայքարիլ եւ պահպանել իր հայկականութիւնը։ Այդ մասին կը փաստեն Կորիւնի վկայութիւնները, որոնց համաձայն Մ. Մաշտոցը լուսաւորական գործունէութիւն կը ծաւալէր Արցախի մէջ, որ այդ ժամանակ կը կոչուէր Փոքր Սիւնիք։ Եւ, ըստ աւանդութեան, նոյն նահանգի Հաբանդ գաւառի Ամարաս գիւղաքաղաքին մէջ Մեսրոպ Մաշտոցը բացաւ իր առաջին դպրոցներէն մէկը։ 451 թ. օգտուելով Պարսկաստանի մէջ սկիզբ առած քաղաքական անկայունութիւններէն՝ Կուրի աջափնեայ Արցախ եւ Ուտիք նահանգներու Առանշահիկ հայ իշխանական տոհմը իրէն կը յայտարարէ թագաւորութիւն։ Հենց Առանշահիկներն ալ կամզակերպեցին Արցախի հայութեան հակապարսկական ընդվզումները, որոնք կը գլխաւորէր Վաչէ Առանշահիկ թագաւորը՝ Վարդան Մամիկոնեանի համախոհներէն մէկը։ Զօրավարի մահէն ետք Արցախ աշխարհը պարսկական հետագայ ասպատակութիւններէն պաշտպանելու եւ ազատագրական պայքարներու միջոցով անկախութիւն հաստատելու նպատակով Վաչէ Առանշահիկը կեղծ ուրացութեան ուղին բռնեց եւ նոյնիսկ ամուսնացաւ Պարսկաստանի թագաւոր՝ Հազկերտ Բ-ի քրոջ աղջկայ հետ։ Սակայն 457 թ. Հազկերտ Բ-ի մահէն ետք, օգտուելով Պարսկաստանի մէջ սկսած գահակալական կռիւներէն Վաչէ կը վերադառնայ քրիստոնէական-լուսաւորչական կրօնին եւ ապստամբութիւն բարձրացնէ պարսիկներու դէմ։ Վաչէէն ետք շուրջ 30 տարուայ անիշխանութենէն ետք Հայոց Արեւելեան աշխարհի մէջ թագաւոր կը դառնայ անոր եղբօր որդի Վաչագանը։ Այդ ժամանակ բուն Մեծ Հայքի եւ կեդրոնական նահանգներուն մէջ հայկական պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ Վաչագան Բարեպաշտի թագաւորութիւնը հայահաւաք կեդրոնի դեր կը կատարէր։ Անոր կառավարման տարիները աչք կը մտնեն սահմանադրական եւ կրօնական բարեփոխումներով, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի վերելքով։ Եւ այսպէս մինչեւ 6-րդ դարու կէսերը Արցախ աշխարհի մէջ տեւական խաղաղութիւն եւ ինքնավարութիւն էր կը տիրէր։ Սակայն ամէն ինչ փոխուեցաւ 7-րդ դարու սկզբին, երբ Հայոց երկիր ներխուժեցին արաբները։

Միջնադար

Արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին

652 թ. Թէոդորոս Ռշտունին Ասորիքի եւ Վերին Միջագետքի կառավարիչ Մուավիայի հետ պայմանագիր ստորագրեց, որուն միջոցով Հայաստանը պահպանեց իր ներքին ինքնավարութիւնը[14]։ Սակայն Սեբէոսի վկայութեամբ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանը Սիւնիքէն եւ Արցախէն զատ կը դիտարկուէր։ Իրավիճակը փոխուեցաւ Թէոդորոս Ռշտունիի մահէն ետք, երբ գահակալուեցաւ անոր փեսան՝ Համազասպ Մամիկոնեանը։ Ան յաջողեցաւ իր իշխանութեան տակ դնել Մեծ Հայքի գրեթէ բոլոր գաւառները՝ որոնցմէ է Արցախը։ Այդ տարիներուն տեղի ունեցած հակաարաբական ընդվզումները վերջնականապէս ունեցան իրենց արդիւնքը եւ 885 թ. արբական խալիֆայութիւնը ճանաչցաւ Աշոտ Ա Բագրատունիի Մեծ Հայքի նահանգի թագաւորութիւնը։ Այսպիսով, Հայաստանը վերականգնեց իր անկախութիւնը եւ Արցախ աշխարհը նորէպ յայտնուեաւ համահայկական պետութեան կազմին մէջ։

Սելճուք-թուրքերու արշաւանքներու ժամանակ

Ամէն ինչ փոխուեցաւ 11-րդ դարուն՝ սելճուք-թուրքերու արշաւանքներու ժամանակ[15]: Տուղրիլ բեկի (1025-1063 թթ.) կառավարման տարիներուն սելճուք-թուրքերը աւերեցին Հայաստանի կեդրոնական, արեւմտեան եւ հարաւային շրջանները, սակայն Արցախը դեռ կը շարունակէ անվնաս մնալ։ 1064 թ. սելճուք-թուրքերու մեծաքանակ զօրքերը՝Ալփասլանի գլխաւորութեամբ սրի ու գերութեան մատնեցին Արցախը։ 12-րդ դ. սկիզբներէն, սելճուք-թուրքերու կայսրութեան քայքայմանը զուգընթաց կը հզորանար վրացական թագաւորութիւնը։ Հայ ժողովուրդը, մնալով սելճուք-թուրքերու գերիշխանութեան տակ՝ չէր համակերպէր այդ կացութեան հետ։

Զաքարեաններու օրով

Հայերուն անհրաժեշտ էր Վրաստանի օգնութեամբ թոթափել սելճուք-թուրքերու լուծը։ Եւ հայ-վրացական ռազմա-քաղաքական համագործակցութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցան վրաց արքունիքի մէջ ծառայող հայ իշխանները, հատկապէս՝ Զաքարեաններու տոհմի ներկայացուցիչները[16]։ 12-րդ դ. 90-ական թթ. նոր թափ ստացաւ Հայաստանի ազատագրման եւ հայկական պետականութեան վերածնունդի ապահովման գործը։ Հայ-վրացական միացեալ ուժերու կողմէն կ՛ազատագրուէին հայկական տարածքները, որոնց մէջ էր նաեւ Արցախը։ Սակայն Զաքարեանները չյաջողեցան միաձույլ կեդրոնաձիգ պետութիւն ստեղծել։ Այդ իսկ պատճառով հայոց միասնութիւնը պահելու համար Զաքարեան իշխանները խնամիական կապեր ստեղծեցին գաւառային հզօր իշխանական տոհմերու հետ։ Այս ժամանակաշրջանին Արցախի մէջ գտուող երեք իշխանութիւնները՝ Ներքին Խաչեն, Հաթերք եւ Վերին Խաչեն, տարբեր յարաբերութիւններ ունէին Զաքարեաններու հետ։ Վերին Խաչենը (Ծարա), որ ազատագրուած էր Զաքարեաններու օգնութեամբ կ՛ընդունէր վերջիններուս գերագահութիւնը։ Միջին Խաչենի կամ Հաթերքի իշխանութեան տիրոյթները ժամանակի ընթացքին բաժանուեցին Վերին Խաչենի եւ Ներքին Խաչենի միջեւ։ Վերջինիս իշխանական տան ներկայացուցիչները Արցախի միւս իշխանութիւններու համեմատ առաւել մեծ ինքնուրոյնութիւն ունէին։ Ներքին Խաչենը տնտեսական եւ մշակութային աննախադէպ վերելք ապրեցաւ Հասան-Ջալալի օրով։ Նման զարգացվածութեան շնորհիւ երկրամասը նաեւ քաղաքական անկախութիւն ստացաւ, որ կ՛ընդունէին նոյնիսկ վրաց թագաւորները։

Արցախը Զաքարեան իշխանապետութեան կազմին մէջ, 13-րդ դար

7-րդ դարէն մինչեւ 9-րդ դարասկիզբ Արցախ կը գտնուէր Արաբական խալիֆայութեան տիրապետութեան տակ՝ Արմինիա կուսակալութեան կազմին մէջ։ Այդ շրջանին բազմաէթնիկ ըլլալով (Արցախի մէջ՝ հայեր, այլ գաւառներու մէջ՝ աղուանական եւ իրանական ցեղեր ) Աղուանէն թագաւորութեան մասը գտնուած է իշխող Միհրանեան տոհմի տիրապետութեան ներքեւ։

Մոնկոլական արշաւանքներու ժամանակ

1221 թ. Կոտման (Թոուզ) գետի մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին մէջ հայ-վրացական միացեալ ուժերը պարտութիւն կրեցին, որմէ ետք մոնկոլները սկսան ասպատակել Հայաստանն ու Վրաստանը։ Երկրորդ արշաւանքի ժամանակ գրաւեցին նաեւ Արցախը[17]։ Եւ չնայած այն իրողութեան, որ իշխանութիւնները կորսնցուցած էին իրենց ինքնավարութիւնը ժողովուրդը կը շարունակէր համառ դիմադրութիւն ցուցաբերել։ Իրավիճակը աւելի բարդացաւ, երբ մոնկոլները՝ Ղազան խանի օրով պաշտօնապէս ընդունեցին մահմետականութիւնը։ Ազգային եւ սոցիալական ճնշումներուն գումարուեցան կրօնական հալածանքները։ 1386 թ. Լենկ-Թեմուրը, գրաւելով Թաւրիզը, կ՛անցնի Արաքսը եւ կը մտնէ Սիւնիք, իսկ այնուհետեւ անոր զօրքերը կը ներխուժեն Արցախ՝ կը գրաւեն Վերին Խաչենը։ Իրավիճակը փոխուեցաւ Լենկ-Թեմուրի մահէն ետք, երբ անոր հսկայածաւալ պետութիւնը սկսաւ քայքայուիլ։ 15-րդ դ.կարա-Կոյունլի տիրակալներու իշխանութեան տակ հայերը համեմատաբար լաւ վիճակին մէջ հայտնուեցան։ Կարա-Կոյունլուները գիտակցելով իրենց տիրապետութեան տակ ինկած երկրներու քայքայուած տնտեսութեան վերականգնման եւ պետական գանձարանը լեցնելու կարեւորութիւնը համեմատաբար մեղմ քաղաքականութիւն կը վարէին հայ իշխաններու նկատմամբ։ Անոնք պետական բարձր պաշտօններու կը նշանակէին հայ նախարարական անուանի տուներու որոշ ներկայացուցիչներու եւ շատերուն կը դարձնեն իրենց նախկին տիրոյթներու տնօրեններ ու լիիրաւ իշխաններ։ Նոյն իրավիճակը կը տիրէր նաեւ ակ-Կոյունլիի տիրապետութեան շրջանին։ Այս ժամանակաշրջանին կը վերականգնուին Ներքին Խաչենի եւ Վերին Խաչենի իշխանական տուներու ներկայացուցիչներու իրաւունքները։ 14-15-րդ դդ. հայ նախարարական տուներու զգալի մասը կորսնցուց իր ինքնավարութիւնը՝ զայն զիջելով Հայաստանին տեր դարձած քոչվոր ցեղերու աւագանուն։ Չնայած անոր՝ Արցախի լեռնային գաւառներուն մէջ Առանշահիկներու իշխանական տուներու առանձին ճիւղեր կարողացան դիմակայել եկվորներու ճնշումներուն եւ պահպանել երկրամասի պետական հիմնարկներու կենսունակութիւնը։ Այդ մասին կը վկայէ կարա-Կոյունլիի Ջեւանշահի հրովարտակը, որով կը ճանչցուի լեռնային Արցախի տէր մելիքներու իշխանութիւնը։

Թուրք-պարսկական պատերազմներու ժամանակ

16-17-րդ դդ. Հայաստանը դարձաւ թուրք-պարսկական պատերազմներու թատերաբեմ։ 1555 թ. պատերազմող կողմերը Ամասիոյ մէջ հաշտութիւն կնքեցին[18]։ Անդրկովկասը անցաւ Պարսկաստանի գերիշխանութեան տակ։ 16-րդ դարուն պարսկահպատակ տարածքներուն մէջ ստեղծուեցան ռազմա-վարչական երեք միաւորներ՝ Շիրւանի, Չուխուր Սադի (Երեւան եւ Նախիջեւան) եւ Ղարաբաղի բեկլարբեկութիւնները։ 1580 թ. թուրք զօրավար Մուստաֆա Լալա-փաշայի զօրքերը ներխուժեցին Ղարաբաղ, այնուհետեւ աւերեցին Երեւանը ու հասան Գեղարքունիք։ Հայոց հողի վրայ թուրք-պարսկական բախումները շարունակուեցան մինչեւ 1639 թ. եւ աւարտվեցին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կնքուած հաշտութեան պայմանագրով։ Պարսկաստանին անցան Հայաստանի արեւելեան նահանգները՝ Գուգարքը, Շիրակը, Արարատեան դաշտը, Սիւնիքն ու Արցախը եւ Վասպուրականի արեւելեան հատուածը։ Այդ ժամանակահատուածին մէջ, գտնուելով պարսկական տիրապետութեան տակ, Արցախի մելիքությունները ունէին ներքին ինքնավարութիւն եւ անոր հետ իսկ կ՛ըստեղծէին ինքնատիպ մշակոյթ մը։ Երկրամասին մէջ խաղաղութիւն պահպանելու համար, Արցախի մելիքները, լեռնային անմատչելի ծերպերուն մէջ տասնեակ ամրոցներ կառուցեցին։ Եւ անոր հետ իսկ կը շարունակէին պահպանել հայկական պետականութիւնը։

Սղնախներու ձեւաւորումը

18-րդ դ. սկզբներուն օգտուելով Պարսկաստանի ներքին երկպառակտութիւններէն ու աֆղաններու հետ պատերազմներէն Արցախի մելիքները աւելի մեծ ինքնուրոյնութիւն ձեռք բերին։ Անոնք հրաժարեցան Պարսկաստանին հարկեր վճարելէն, եւ այս մէկը նպաստեց Արցախի հայ բնակչութեան տնտեսական վիճակի բարելաւմանը։ Այդ շրջանին պարբերաբար կրկնուող աւերիչ արշաւանքներուն դիմակայելու նպատակով՝ Արցախի մելիքները միաւորուեցան եւ ստեղծեցին զինուորական միասնութիւն, որ պատմութեան յայտնի է Սղնախներ անունով[19]։ Յայտնի են Գիւլիստանի, Ջրաբերդի, Ավետարանոցի, Շուշիի, Բադարա գիւղի մօտակայքին, Հերհեր ու Ծովատեղ գիւղերու թիկունքին, Տող եւ Տումի գիւղերու սղնախները։ Այդ ժամանակահատուածին մէջ ինքնավարութեան տեղական մարմինները իրենց ուժերը կը համախմբէին Լեռնահայաստանի մէջ պարսկական իշխանութիւնը վերացնելու համար։ 1723 թ. Արցախի սղնախականները ստիպուած էին դիմակայելու թուրքերուն, որոնք համառօրէն կը փորձէին հասնիլ Կասպից ծովու ափերը։ Հայերը յաջողեցան պարտութեան մատնել թուրքերուն եւ վերջիններս նահանջեցին։ Ամէն ինչ փոխուեցաւ 1726 թ.՝ Կ.Պոլսոյ մէջ կնքուած ռուս-թրքական պայմանագրէն ետք Թուրքիոյ ճամբով կ՛անցնէին այսրկովկասեան տիրոյթները ներառեալ՝ Թիֆլիս, Գանձակ, Նախիջեւան քաղաքները, Ղարաբաղի ու Ղափանի մարզերը[20]։

Մելիքութիւններ

Հայկական սղնախները մարտեր կը մղէին թուրքերու դէմ եւ վերջիվերջոյ անոնց հիմքի վրայ ծնաւ վարչաքաղաքական նոր միաւոր՝ Խամսայի մելիքութիւնները, որոնք յետագայ տասնամեակներուն դարձան հայ ազգային ազատագրական պայքարի նոր հանգրուաններ։ Նադիր շահը յաղթանակ տարաւ թուրքերուն դէմ։ Օսմանեան կառավարութիւնը ի վիճակի չըլլալով ստիպուած, շարունակեց պատերազմը եւ 1736 թուականին Էրզրումի մէջ հաշտութեան պայմանագիր կնգեց պարսիկներուն հետ։ Որուն մէջ թուրքերը պարսիկներուն յանձնեցին Արեւելեան Հայաստանը (Երեւանը, Ղարաբաղը, Նախիջեւանը) Վրաստանի մէկ մասը, Գանձակը, Շամախին եւ Ատրպատականը։ Նադիր շահի օրով եւ անոր հովանաւորութեամբ 1735 թ. հինգ (Խամսայի) հայկական մելիքութիւնները (Գիւլիստան, Ջրաբերդ, Խաչեն, Վարանդա, Դիզակ) միաւորուեցան մէկ ռազմաքաղաքական եւ վարչական միաւորի մէջ եւ իրենց ծաղկման եւ հզօրութեան գագաթին հասան 18-րդ դ. աւարտին[21]։ Այսպիսով ձեւաւորուեցաւ հինգ մելիքութիւններէ կազմուած նահանգը, որուն կեդրոնը Տող աւանն էր։ Այս կազմաւորումը Դիզակի Մելիք-Եգանի գլխաւորութեամբ ճանչցուեցաւ որպէս հայկական ինքնավար երկիր մը, որուն սահմանները կը ձգուէին Գանձակի մատոյցներէն մինչեւ Արաքս գետը։ Մելիք-Եգանը Նադիրէն խանական տիտղոս ստանալով, մինչեւ 1744 թ գլխաւորեց Խամսայի մելիքութիւնները։ Իրավիճակը փոխուեցաւ Նադիր շահի սպանութենէն ետք, երբ Պարսից երկրին մէջ առաջացած անիշխանութեան հետեւանքով պատմութեան թատերաբեմ կը բարձրանայ Փանահ խանը, որուն նպատակն էր գրաւել լեռնային Արցախը։ Խամսայի մելիքները չհանդուրժեցին Փանահի նման քաղաքականութիւնը եւ անոր հետ մղեցին Արցախի լեռնային հատուածներէն։ Այդ ժամանակաշրջանին մելիքներու միջեւ առաջացած գժտութիւններուն հետեւանքով՝ Փանահ խանը հնարաւորութիւն կ՛ըստանայ տիրանալու Արցախին։ Վարանդայի մելիք՝ Շահնազարը Փանահին նուիրաբերեց Շոշի բերդը եւ այդ քայլը աւելի սրեց Արցախի ներքաղաքական կեանքը։ Շուտով Փանահ զայն հռչակեց խան, եւ Պարսից շահի միջոցով հայ մելիքներուն ստիպեց ընդունիլ իր գերիշխանութիւնը։ Այդպիսով Խամսայի մելիքութիւնը թուլցաւ եւ սկսաւ կործանիլ։ 18-րդ դ. վերջերուն Իրանի մէջ գահին տիրելու համար նորէն պայքար կ՛ըսկսի եւ 1794 թ. Աղա Մուհամմադ խանը իրեն շահ կը հռչակէ։ Վերջինիս անհանգստացնում էին ռուսական կողմնորոշում ունեցող Արցախի մելիքները։ Ան մելիքներուն խոստացաւ հաստատել իրենց իշխանութիւններուն մէջ, եթէ անոնց օգնեն տապալել Իպրահիմ խանին։ Սակայն Արցախի մելիքները վճռականութեամբ մերժեցին Պարսից շահի պահանջը, որուն պատճառով 1795 թ. շահը պաշարեց Շուշիի ամրոցը, սակայն յաջողութեան չհասաւ։ Յետագային Աղա Մուհամմատ խանը նորէն կը յարձակի Շուշիի վրայ՝ այս անգամ արդէն յաջողութեան հասնելով։ Ան կը հաստատուի Շուշի, սակայն որոշ ժամանակ ետք դաւադրաբար կ՛ըսպաննուի։

Ռուսական նուաճում

Ռուս-պարսկական պատերազմներու ժամանակ

Աղայ Մուհամմատ շահի սպանութենէն ետք, իշխանութեան գլուխ կ՛անցնի Ֆաթալի շահը, որ կը փորձէ ամրապնդել Պարսկաստանի գերիշխանութիւնը Այսրկովկասի մէջ։ Այդ ժամանակաշրջանին ռուս-պարսկական խորացող հակասութիւնները կը վերածուին երկարատեւ պատերազմի (1804-18013 թթ)[22]։ 1804-1813 թթ. ռուս-պարսկական պատերազմի աւարտին՝ 12 Հոկտեմբեր 1813 թուականին Գիւլիստանի հաշտութեան պայմանագրով Արցախը կ՛անցնի Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ Այդ պայմանագիրը կը վկայէ, որ Արցախը առանձին ազգային-պետական միաւորի կարգավիճակով է անցած է Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ 1828 թուականին, Թուրքմենչայի պայմանագրով վերջ կը դրուի ռուս-պարսկական պատերազմին։ Հայաստան, մէկընդմիշտ կ՛ազատագրուի պարսկական լուծէն։ Սակայն հայերու վիճակը ռուսական լուծի տակ աւելի վատթարացաւ։

Ռուսական կայսրութեան տարիներուն

1840-1917 թուականներուն շարք մը վարչատարածքային բաժանումներ կատարուեցան Ցարական Ռուսաստանի կողմէն, որոնց իբրեւ արդիւնք Ղարաբաղը մէկի կը վերածուի Կասպիական մարզի, մէկ՝ Շամախի նահանգի, մէկ՝ Ելիզաւետպոլի նահանգի կազմին մէջ[23]։ ։ Փետրուարեան բուրժուա-ժողովրդապետութեան յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք Ժամանակաւոր կառավարութիւնը 9 մարտ 1917 թուականին ստեղծեց Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէ (Օզակոմ), որուն կարգադրութեամբ ստեղծուեցան գաւառային, քաղաքային եւ գիւղական գործադիր կոմիտէ։ Իբրեւ արդիւնք, Անդրկովկասի մէջ ստեղծուեցան երեք ազգային պետութիւններ՝ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հանրապետութիւնները։ Իսկ արցախահայերը իրենց ներքին կեանքը վարելու համար ստեղծեցին Ղարաբաղի Ազգային գրասենեակ[24]։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը, որուն 95%-ը հայեր էին, գումարեցին իրենց առաջին համագումարը, որ Լեռնային Ղարաբաղը հռչակեց անկախ վարչաքաղաքական միաւոր, ընտրեց Ազգային խորհուրդ եւ կառավարութիւն։ 1918-1920 թթ. Լեռնային Ղարաբաղը ունէր պետականութեան բոլոր ատրիբուտները՝ ներառեալ բանակն ու օրինական իշխանութիւնները[25]։ ։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի խաղաղ նախաձեռնութիւններուն ի պատասխան, Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը դիմեց ռազմական գործողութիւններու։ Մայիս 1918 թուականէն մինչեւ ապրիլ 1920 թուականը Ազրպէյճանի եւ անոր սատարող Թուրքիոյ զինուած ստորաբաժանումները հայ բնակչութեան հանդէպ իրագործեցին բռնութիւններ եւ ջարդեր։ Սակայն, անոր հետ հնարաւոր չեղաւ պարտադրել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին՝ ընդունելու Ազրպէյճանի իշխանութիւնը։ Օգոստոս 1919 թուականին Ղարաբաղը եւ Ազրպէյճանը՝ ռազմական բախումը կանխելու նպատակով կնքեցին նախնական պայմանագիր, որուն հետ համաձայնեցան երկրամասի կարգավիճակի խնդիրը քննարկել՝ Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին մէջ։

Խորհրդային ժամանակաշրջանին

Անդրկովկասի մէջ, խորհրդային կարգերու հաստատումը ուղեկցուեցաւքաղաքական նոր կարգերու ստեղծմամբ։ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վիճելի տարածք է, որ ճանչցուած է նաեւ Խորհրդային Ռուսաստանի կողմէն։ Օգոստոս 1920 թուականին Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կնքուած համաձայնագրով, ռուսական զօրքերը ժամանակաւորապէս տեղակայուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք, 30 Նոյեմբեր 1920 թուականին Ազրպէյճանի կոմկուսի Կենտկոմի քաղբիւրոյի եւ կազմբիւրոյի համատեղ նիստին մէջ ընդունուեցաւ որոշում մը, ըստ որուն Ազրպէյճանի բանւորագիւղացիական կառավարութեան կողմէն կը յայտարարուի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած սահմանային վիճերը վերջացած կը համարեն[26]։ Որուն իբրեւ արդիւնք, Լեռնային Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը կը համարուին Հայաստանի սոցիալիստական հանրապետութեան մաս։ Այդ որոշումը վաւերացուեցաւ 1 Դեկտեմբեր 1920 թուականին Պաքուի խորհուրդի ընդլայնուած նիստին մէջ ընդունուած հռչակագրով[27]։ Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ հաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ազրպէյճանի հայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ՝ Յունիս 1921 թուականին, Հայաստանը, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը հայտարարեց իր անբաժանելի մաս։

ԼՂ բռնակցումը ԱդրԽՍՀ-ին

4 Յուլիս 1921 թուականին Ռուսաստանի համայնավար կուսակցութեան Կովկասեան գրասենեակը, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս կը հրաւիրէ լիագումար նիստ, որուն ընթացքին կը հաստատուի Լեռնային Ղարաբաղը Հայկական ԽՍՀ մաս հանդիսանալու փաստը։ Սակայն, Մոսկուայի թելադրանքով եւ Ստալինի անմիջական միջամտութեամբ, 5 Յուլիս-ի լոյս գիշերը կը վերանայուի նախորդ օրուան որոշումը եւ կ՛ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային զրպէյճանի կազմին մէջ ընդգրկելու եւ այդ տարածքին մէջ ինքնավար մարզ կազմաւորելու վերաբերեալ որոշում՝ չպահպանելով նոյնիսկ ընթացակարգը։ Այս որոշումը, աննախադեպ իրավական արարք է միջազգային իրաւունքի պատմութեան մէջ, երբ երրորդ երկրի կուսակցական մարմինը (ՌԿ(բ) կ)՝ առանց որեւէ իրաւական հիմքի կամ իրաւասութեան, կ՛որոշէ մէկ այլ տարածքի, երկրի կարգավիճակը։ Ազրպէյճանական եւ Հայաստանի ԽՍՀ-ները դեկտեմբեր 1922-ին ընդգրկեցին ԽՍՀՄ-ի կազմաւորման գործընթացներուն մէջ, իսկ Ղարաբաղի տարածքի ընդամէնը մէկ հատուածի մէջ, 7 Յուլիս 1923 թուականին, Ազրպէյճանական ԽՍՀ Կեդրոնական գործադիր յեղափոխական կոմիտէի որոշմամբ կազմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը՝ Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմին մէջ, որուն հետ, ըստ էութեան, ոչ թէ լուծուեցաւ, այլ ժամանակաւորապէս սառեցուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։ Աւելին, ամէն ինչ աւերեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը ընդհանուր սահման չունենայ Հայաստանի հետ[28]։ Խորհրդային ամբողջ ժամանակահատուածին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը չհաշտուեցաւ այդ որոշման հետ եւ տասնեակ տարիներ պայքարեցաւ Մայր հայրենիքին վերամիաւորուելու համար։ Արցախը Ազրպէյճանին անմիջապէս բռնակցելէ ետք՝ սկիզբ առաւ ազգային-ազատագրական պայքարը։ 1920-ական թթ. Արցախի մէջ հակաազրպէյճանական շարժումը ղեկավարելու նպատակով ստեղծուեցաւ «Ղարաբաղը՝ Հայաստանին» միութիւնը[29]։ 1927 թուականի նոյեմբերի սկզբներուն միութիւնը հազարաւոր թռուցիկներ ցրած է՝ Ղարաբաղը Հայաստանին նշանաբանով։ ։ 1962 թ. Ստեփանակերտի մէջ 300 աշխատաւորներ բողոք-նամակ գրեցին ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան, կուսակցութեան Կենտկոմ եւ Մինիստրներու խորհուրդ։ Նամակին մէջ ներկայացուեցաւ մարզի գաղութային վիճակը եւ առաջարկուեցաւ ԼՂԻՄ-ը վերամիաւորել ՀԽՍՀ-ին։ 1962 թ. շարք մը մտաւորականներ նմանօրինակ նամակով դիմեցին ԽՄԿԿ Կենտկոմին։ Այսպիսի դիմումները կը կրէին պարբերական բնոյթ եւ կը հղուէին թէ ԼՂԻՄ-էն, թէ ՀԽՍՀ-էն։ Միայն Լեռնային Ղարաբաղէն Կենտկոմին հասած դիմումներու տակ ստորագրած էին 45 հազար աշխատաւորներ։ Փաստօրէն, չնայած ԼՂ-ը ապօրինաբար բռնակցուած էր ԱդրԽՍՀ-ին, զայն երբեք չէր կորսնցնէր անկախանալու եւ Մայր Հայաստանին միաւորուելու ձգտումը։

1988 թ.- Շարժման սկիզբ

1985 թ. ԽՄԿԿ ապրիլեան պլենիումի կողմէն գորբոչովեան «գլաստնոստի» հռչակումէն ետք արցախահայութիւնը հնարաւորութիւն ունեցաւ ԼՂԻՄ-ը ՀԽՍՀ-ի հետ վերամիաւորուելու համար։ 1987-1988 թթ ԼՂԻՄ-ի հայութիւնը աշխոյժ ստորագրահաւաք սկսաւ՝ ԼՂԻՄ-ը Հայկական ԽՍՀ-ի հետ վերամիաւորուելու հանրագիր, որուն տակ ստորագրուեցաւ աւելի քան 80 հազ. մարդ[30]։ 20 Փետրուար 1988 թուականին ԼՂԻՄ-ի Ժողովրդական պատգամաւորներու մարզխորհրդի նստաշրջանը որոշում տուաւ դիմել ԱդրԽՍՀ՝ ԼՂԻՄ-ն ԱդրԽՍՀ-ի կազմէն դուրս բերելու եւ Հայաստանի կազմի մէջ ընդգրկելու խնդրանքով[31]։ Խնդրին խաղաղ լուծում տալու փոխարէն 21 Փետրուարին ԽՄԿԿ Կենտկոմի գրասենեակը որոշում տուաւ, ըստ որուն Ղարաբաղեան շարժումը որակուեցաւ «ծայրահեղական» եւ «նացիոնալիստական», որ կը հակասէ ԱդրԽՍՀ եւ ՀԽՍՀ աշխատաւորներու շահերուն։ Տեսնելով, որ խնդիրը վերէն լուծում չըստանար, ժողովուրդը ինքը սկսաւ իր պայքարը, որուն յաջորդեցին ազրպէյճանական սադրիչ գործողութիւնները, որոնց վերջարդիւնքը դարձաւ 27-29 Փետրուար 1988 թուականին տեղի ունեցած Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերը։ Երթալով, իրավիճակը աւելի կը բարդանար եւ անորոշ կը դառնար թէ՛ ազրպէյճանահայերուն եւ թէ՛ արցախահայութեան ճակատագիրը։ 16 Օգոստոս 1989 թուականին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի լիազօր ներկայացուցիչներու համագումար, որ ընտրեց Ազգային Խորհուրդ։ Համագումարի որոշմամբ մինչեւ ժողովրդական դեպուտատներու մարզխորհուրդի ու կուսակցութեան մարզկոմի գործունէութեան վերականգնումը՝ երկրամասի բարձրագոյն գործադիր իշխանութեան լիազօրութիւնները կը յանձնուին Ազգային Խորհուրդին։ Բացի անոնցմէ համագումարի ժամանակ ընդունուեցաւ հռչակագիր մը, ըստ որուն, Ինքնավար Մարզի գործերուն ԱդրԽՍՀ-ի միջամտութիւնը պիտի գնահատուէր որպէս ագրեսիայի արարք եւ ստանար համարժէք պատասխան։28 նոյեմբեր 1989 թուականին ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի ընդունած որոշման համաձայն Լեռնային Ղարաբաղը նորէն կը բռնակցուի Ազրպէյճանին[32]։ Դէպքերու զարգացման նման ընթացքը բերին անոր, որ 1 Դեկտեմբեր 1989-ին ՀԽՍՀ ԳԽ եւ ԼՂ Ազգային Խորհուրդը կ՛ընդունեն համատեղ որոշում ԼՂ-ի եւ Հայկական ԽՍՀ-ի վերամիաւորման մասին[33]։

1 Դեկտեմբեր 1989 թուականի որոշումը

1 Դեկտեմբեր 1989 թուականին ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը եւ ԼՂ Ազգային խորհուրդը իրենց համատեղ նիստին մէջ միաձայն ընդունեցին ՀԽՍՀ եւ ԼՂԻՄ վերամիաւորման մասին որոշում[34]։ Միացումը, որուն կարգախօսի տակ բարձրացած էր Ղարաբաղեան շարժումը՝ կայացաւ։ ՀԽՍՀ եւ ԼՂԻՄ վերամիաւորման մասին ընդունուած «Համատեղ որոշումը» օրինական է եւ ընդունելի, միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքներու տեսնակիւնէն։ Յայտնի է, որ միջազգային իրաւունքի՝ «ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման» սկզբունքը ՄԱԿ-ը հռչակած է որպէս պետութիւններու ու ազգերու յարաբերութիւններու կարգաւորման համապարտադիր սկզբունք։ Միացման այս արարքը միջազգային իրաւունքի տեսակետէն որեւէ առարկութիւն չի հարցներ, մանաւանդ, որ խօսքը ոչ թէ ինքնորոշման առաջնային արարքի, այլ արդէն ինքնորոշման սուբյեկտ հանդիսացող պետական երկու կազմաւորումներու մասին է։ Որեւէ արգելք չկար նաեւ ԽՍՀՄ օրէնքին մէջ, ուր նախընթաց տարիներուն հանրապետութիւններու ու ազգային պետական կազմաւորումներու սահմաններու փոփոխութեան գրեթէ երկու տասնեակ դէպք արձանագրուած էր ( Կարելոֆիննական միութենական հանրապետութիւնն, օրինակ, վերակազմաւորուած է ինքնավար հանրապետութեան, իսկ Ռուսաստանի Դաշնութեան Ղազախստանի ինքնավար հանրապետութեան Կեդրոնէն տրուած է միութենական հանրապետութեան կարգավիճակ)։ ԽՍՀՄ-ի՝ որպէս միասնական պետութեան մէջ տարբեր ազգային կազմաւորումներու սահմաններու փոփոխութիւնները երբեք չէին կապած սահմաններու անխախտելիութեան ու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու հետ։ Անոնք դիտուած են, որպէս միութենական դաշնային պետութեան ներքին գործը նաեւ իրաւական այն հիմքով, որ նման վերակազմաւորումներն ու վերաենթարկումները չէին կապուէր ԽՍՀՄ-ի՝ որպէս միասնական պետութեան սահմաններու փոփոխութեան կամ անոր տարածքային ամբողջականութեան խախտման հետ։ «Տարածքային ամբողջականութեան» սկզբունքը, որ մինչ այդ լրջօրէն չէր կիրառկուած հանրապետութիւններու ու ինքնավար կազմաւորումներու նկատմամբ, ձեռք բերաւ սկզբունքային նշանակութիւն հենց ԼՂ դեպքին մէջ, երբ յայտնի էր, որ ան բռնութեամբ մտցուած է ԱդրԽՍՀ կազմ եւ երբ ակնյայտ էր, որ ԱդրԽՍՀ-ի մէջ կ՛իրագործուի հանրապետութեան հայ ազգաբնակչութեան ցեղասպանութիւն։ Բայց եթէ միութենական հանրապետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան նոյնիսկ տրուած էր նման սկզբունքային բնոյթ, ապա սահմանադրական արգելք չէր առաջանար, քանի որ խօսքը ինքնորոշման իրաւունքի սուբյեկտ հանդիսացող եւ ԽՍՀՄ ազգային-պետական կառուցուածքի երկու կազմաւորումներու մասին է։ ԼՂԻՄ-ի վերամիաւորումը ՀԽՍՀ հետ չէր հակասեր ԽՍՀՄ Սահմանադրութեան 78 յօթուածին, որ կ՛արգիլէր փոփոխութեան ենթարկել միութենական հանրապետութեան սահմանները, առանց անոր համաձայնութեան։ ԼՂԻՄ-ը ՀԽՍՀ ենթադասութեան տալը չէր նշանակեր, թէ կը խախտի ԱդրԽՍՀ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Հենց անոր հաշիւով ալ 1988 թ. փետրուարին ժողպատգամաւորներու մարզային խորհուրդը բարձրացած է ՀԽՍՀ հետ միայն մարզի վերամիաւորման հարցը, չնայած, որ բոլորը գիտէին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հսկայական տարածքները, որոնք գրասենեակի որոշմամբ պետք է ըլլային ԼՂԻՄ կազմին մէջ, կամայականօրէն դուրս նետուած էին անոր սահմաններէն։ ԼՂԻՄ եւ ՀԽՍՀ բարձրագոյն իշխանութիւններու կողմէն վերամիաւորման մասին «Համատեղ որոշմանը» հետեւեցան ԱդրԽՍՀ պատժիչ գործողութիւնները։ 1991 թ. ապրիլէն մինչեւ յուլիս ինկած ժամակահատուածին ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան (ՕՄՕՆ) զինուած խումբերը՝ խորհրդային բանակի զօրքերու հետ մեկտեղ իրականացուցին «Օղակ» օպերացիան՝ Արցախի հայաթափման եւ անոր տարածքին տեր դառնալու համար ձեռնարկուած ծայրահեղ գործողութիւն[35]:

2 Սեպտեմբեր 1991

2 Սեպտեմբեր 1991 թուականին, ԼՂԻՄ-ի եւ դեռեւս չհայաթափուած հարակէն Շահումեանի շրջանի բոլոր մակարդակներու խորհուրդներու ժողովրդական պատգամաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած նստաշրջանը ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին» հռչակագիրը։ Իսկ արդէն 10 Դեկտեմբեր 1991 թուականին, ԼՂ-ի բնակչութիւնը հանրաքուէով ամրագրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը։ Այսպիսով, նախկին Ազրպէյճանական ԽՍՀ տարածքին մէջ ձեւաւորուեցան երկու իրավահաւասար պետական կազմաւորումներ՝ ԼՂՀ եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն։ Ստեղծուած իրավիճակը անսպասելի էր Ազրպէյճանի համար եւ 3 շաբաթ ետք սկսաւ Պաքուի պատասխան գործողութիւնը։

Արցախեան ազատամարտ

25 Սեպտեմբեր 1991 թուականէն սկսեալ, Շուշիէն առաջին անգամ «Ալազան» տիպի հրթիռներով ռմբակոծուեցաւ Ստեփանակերտը՝ սկսաւ Արցախեան ազատամարտը[36]։ Պատերազմի հորձանուտուին մէջ հայերը միացեալ ուժերով ստեղծեցին հայոց ազգային բանակ, որ կը կամէր մօտ 20-25 հազար։ Ազրպէյճանի բանակը 75-80 հազար։ Սակայն հայերը կրցան ետ մղել հակառակորդի գրոհը եւ ազատագրել Արցախը։ Ազրպէյճանական բանակի նշանառուած հարուածներուն զոհ կ՛երթան հազարէ աւելի հայ խաղաղ բնակիչներ։ Հայկական կողմը կորսնցուց Արծուաշէնի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Շահումեանի շրջանների մէկ մասը։ Հայկական ուժերու վճռական գործողութիւններուն հակառակորդը՛ կարողութիւնը չունենալով դիմադրել եւ վախնալով աւելի ծանր կորուստներ կրելու գաղափարէն զինադադար կը խնդրէ, որ կը կնքուի 12 Մայիս 1994 թուականին։ Արդիւնքը այն կ՛ըլլայ, որ Հայերը կ՛ունենան 5856 զոհ[37](ինչպէս նաեւ՝ 1264 զոհ՝ խաղաղ բնակչութեան շրջանին, եւ 596 անյայտ կորսուած՝ որոնց մէչ էին խաղաղ բնակիչներ), իսկ ազրպէյճանցիները՝ 11557[38][39] /30հզ. զոհ[40]։ 9 Ապրիլ 1994 թուականէն սկսաւ արցախեան գոյամարտին մէջ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի յաղթարշաւը։ Այդ պայմաններուն մէջ Ազրպէյճան, այլ ելք չունէր, քան զինադադարի պայմանագիր կնքել։ Այդպիսով 12 Մայիս 1994 թուականին Ազրպէյճանը, Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը կնքեցին հրադադարի համաձայնագիր, որ՝ չնայած խախտումներուն, ուժի մէջ է այսօր[41]։

Աշխարագրութիւն

Արցախի Հանրապետութիւնը կը գտնուի Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելքի մէջ։ Հիմնականին ունի լեռնային մակերեւոյթ։ Նշանաւոր է հարուստ եւ գեղեցիկ բնութեամբ։ Համեմատաբար ցածրադիր ու հարթավայրային են հարաւն ու արեւելքը. Արաքս գետի երկայնքով կը տարածուին Արցախի դաշտավայրերը։

Արցախի մակերեւոյթը կտրտուած է բազմաթիւ լեռնաշղթաներով։ Հիւսիսէն՝ Մռաւի, հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Արեւելեան Սեւանի լեռնաշղթաները, արեւմուտքէն՝ Սիւնիքի բարձրաւանդակը, կեդրոնական հատուածին մէջ՝ Արցախի լեռնաշղթան, որմէ դէպի արեւելք կը տարածուին շարք մը մանր լեռնաճիւղեր։ Արցախ կը գտնուի սեյսմիկ աշխոյժ գոտիի մէջ։

Բնութիւն

Արցախի տարածքի շուրջ 35 առ հարիւրը ծածկուած է անտառներով։ Հատկապէս բարձրադիր՝ 1.500-2.250 մ բարձրութեան վրայ գտնուող շրջանները։ Յաճախ կը հանդիպինք նաեւ հին թթաստաններու, որոնք կը վկայեն հին ժամանակներուն արցախցիներու գլխաւոր արհեստներէն մէկը՝ մետաքսագործութիւնը։ Ցածրադիր վայրերու սարալանջերը ծածկուած են թփուտներով եւ մարգագետիններով։ Դաշտավայրերու կլիման կիսաանապատային է։ Երբեմն կը հանդիպին նաեւ լերկ ժայռուտներ (հատկապէս Դիզակի մէջ)։ Արցախի կենդանական աշխարհին մէջ կը գտնենք գորշ արջեր, եղնիկներ, քարայծեր, լուսաններ եւ այլն։

Բնապատկեր Կարմիր շուկայ գիւղի մօտ Լեռնային բնատեսարան գ.Վաղուհաս Սարսանգի ջրամբար Մարտակերտի շրջանին մէջ Ջրվէժ Քարքառ գետի վրայ Քարքառ գետի կիրճ, Քարինտտակ գիւղի մօտ

Կլիմայ

Արցախի կլիման չափաւոր մերձարեւադարձային է։ Տարեկան միջին ջերմաստիճանը +11 °C է։ Ամենատաք եւ արեւոտ ամիսներուն՝ Յուլիսի եւ Օգոստոսի միջին ջերմաստիճանն է համապատասխանաբար՝ +22 °C եւ +21 °C։ Ձմեռային ամիսներուն միջին ջերմաստիճանը 1-ի եւ 0 °C-ի շուրջ կը դառնայ։ Բարձրադիր շրջաններուն մէջ ձմռան եղենակը յաճախ բաւական ցուրտ եւ ձիւնառատ է։ Ջերմաստիճանի նուազագոյնը՝ -23 °C։ Ամառային ամիսներուն ջերմաստիճանի առաւելագոյնը 32-37 °C եւ 40 °C է համապատասխանաբար բարձրադիր եւ ցածրադիր շրջաններուն մէջ։ Տարեկան տեղումներու քանակը բարձրադիր վայրերուն մէջ 560-840 մմ է, ցածրադիր վայրերուն մէջ՝ 410-480 մմ։ Գարնան, հատկապէս մայիս եւ յունիս ամիսներուն՝ առաւելագոյն տեղումներու ժամանակ, յաճախ հեղեղներ եւ կարկտահարութիւններ տեղի կ՛ունենան։ Բացի այդ՝ բարձրադիր վայրերուն մէջ, տարուան 100-էն 125 օրը մառախլապատ է։

Լեռնագագաթներ

Կարեւորագոյն գետեր

Վարչական բաժանում

Արցախի Հանրապետութեան ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 11.458 քմ² եւ վարչակա-տարածքայնօրէն բաժանուած է 8 շրջաններու[42]։ Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը նոյնպէս շրջանի կարգավիճակ ունի։ Շրջանները, իրենց հերթին բաժանուած են 242 համայնքներու։

Արցախի Հանրապետութեան վարչա-տարածքային բաժանման քարտէս։ Մութ գոյնով ծածկուած տարածքները գրաւուած են Ազրպէյճանի կողմէն։
Արցախի Հանրապետութեան վարչա-տարածքային բաժանման քարտէս։ Մութ գոյնով ծածկուած տարածքները գրաւուած են Ազրպէյճանի կողմէն։
Շրջան Բնակչութիւն (2006)[43] Տարածք (քմ2.)
Ստեփանակերտ 50, 400 25.66
Ասկերանի շրջան 17, 000 1221.92
Հադրութի շրջան 12, 400 1876.80
Մարտակերտի շրջան 18, 900 1795.10
Մարտունիի շրջան 23, 100 951.20
Շահումեանի շրջան 2, 800 1829.80
Շուշիի շրջան 4, 500 381.30
Քաշաթաղի շրջան 8, 600 3376.60

Շահումեանի շրջանը՝ այժմ Ազրպէյճանի ռազմական տիրապետութեան տակ է եւ հայ բնակչութիւնը դուրս մղուած է եւ կը կազմէ ազատագրուած Վայկունիքի գաւառը։ Այս ութ շրջաններուն մէջ կը մտնեն նաեւ ազատագրուած եոթը հայկական պատմական գաւառները՝ Ճրաքն, Կովսական, Քաշունիք (Աղաւնօ գետի հովիտ, Քաշաթաղի շրջան) Վայկունիք(Տրտու գետի վերին հովիտը), Ակն (Տիգրանակերտի դաշտակ, նախկին Աղդամի շրջան) եւ Մուխանք(Արցախի դաշտավայր)։

Բնակչութիւն

Արցախի Հանրապետութեան մշտական բնակիչներու ընդհանուր քանակը 1 Յունուար 2010 թուականի դրութեամբ կազմած է 141..400 մարդ։ Ազգաբնակչութեան մեծ մասը հայեր են։ Կան նաեւ ռուսներ, ուքրաինացիներ, վրացիներ եւ յոյներ։ Քաղաքաբնակներու թիւը 74.183 մարդ է կամ 52.5 %, գիւղական բնակչութիւնը՝ 67.217 մարդ է կամ 47.5 %։ Արցախի մէջ տղամարդոց թիւը կազմած է 68.048 մարդ կամ 48.1%, կիները՝ 73.352 կամ 51.9%։ Արցախի կեդրոն Վարարակնի բնակչութիւնը կը կազմէ 52..310 մարդ։[44]։

Բնակչութիւնը ըստ շրջաննեու Բնակչութեան քանակը[44]
Ստեփանակերտ 52.310
Ասկերան 17.732
Հադրութ 12.373
Մարտակերտ 19.636
Մարտունի 23.435
Քարուաճառ 3.000
Շուշի 5.126
Քաշաթաղ 7.788
Ընդհանուր՝ 141.400

Տնտեսութիւն

Բնական հումքի հնարաւորութիւններով պայմանաւորուած՝ Արցախ-Ղարաբաղի մէջ աւանդաբար գործած են շերամորդի բոժոժի նախնական մշակման, մետաքսագործութեան, գորգագործութեան, գինեգործութեան, մետաղաձուլութեան, օղեթորման (թութէն եւ խաղողէն) գործատներ, բրուտագործութեան կետեր, կղմինտրի, սայլերու, կառքերու պատրաստման, կոշիկի, կարի արհեստանոցներ, ձիթհաններ, ջրաղացներ եւ այլն։ ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի տարածքին մէջ ֆրանսացիները դեռեւս 19-րդ դարուն արդիւնահանած են բազմամետաղներու հանքանիւթ։ Շուշիի մէջ գործած է ջրէկ (30 կՎտ)։

Արցախ-Ղարաբաղի մէջ, բոժոժի վերամշակումը սկսած են 19-րդ դարու 60-ական թուականներուն։ Մինչեւ 1918 թուական, երկրամասին մէջ գործած են մետաքսաթելի 36 եւ թելի ոլորման 10 գործատներ։ Արտադրած մետաքսաթելը սպառած է Ռուսաստանի ու Ֆրանսայի մէջ, իսկ գորգերը՝ Պարսկաստանի եւ այլ շրջաններու մէջ։ 1879 թուականին Ֆիլադելֆիայի մէջ (ԱՍՆ) կազմակերպուած միջազգային տօնավաճառի մը, Ղարաբաղի մետաքսը արժանացած է արծաթէ, իսկ 1882 թուականի Մոսկուայի ցուցահանդէսին՝ ոսկէ մետալի։ 19-րդ դարու վերջին Ղարաբաղի մետաքսաթելէն գործածուած են Փարիզի Ելիսեան պալատի վարագոյրները։

Գիւղատնտեսութիւն

Գիւղատնտեսութեան կարեւոր ճիւղերն էին հացահատիկային տնտեսութիւնը, այգեգործութիւնը, պտղաբուծութիւնը, անասնապահութիւնը։ Մշակուած են նաեւ բրինձ, ձիթատուվուշ, գետնախնձոր եւ այլն։ 1805 թուականին Ղարաբաղը, ինքնակամ ընդունելով Ռուսաստանի տիրապետութիւնը (հաստատուած է 1813 թուականի Գիւլիստանի պայմանագրով) եւ գտնուելով Ռուսաստանի կայսրութեան վարչաքաղաքական ու սոցիալ-տնտեսական համակարգին մէջ, զարգացած է կայսրութեան ծայրամասային շրջաններուն բնորոշ հաստատութեան օրինաչափութիւններով։ Ռուսաստանի մէջ հոկտեմբերեան յեղաշրջումը (1917 թուական), անդրկովկասեան ազգերու անկախացումն ու ազգամիջեան հակամարտութիւններու սրումը նոր անկախացած երկրներու տնտեսութիւնը հասցուցած են քայքայման եզրին։ Մեծ չափով տուժած է նաեւ Արցախ-Ղարաբաղի տնտեսութիւնը։ Խորհրդայնացումէն ետք պահանջուած է քանի մը տասնամեակ, որպեսզի Ազրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավար մարզի կարգավիճակ ստացած ԼՂ-ն իր մաքրոտնտեսական ցուցանիշներով մօտենար 1915-1916 թուականներու մակարդակին։

Փոխադրութիւն

Գանձասար — «XIII դարու հայկական ճարտարապետութեան հանրագիտարանը» (Ա. Յակոբսոն)[45]։

Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը բաց է եւ երթեւեկութիւնը երկկողմանիօրէն ազատ է։ Հայաստանի Հանրապետութենէն՝Գորիս քաղաքէն A 312 մայրուղին անցնելով Բերձոր, ապա Շուշի քաղաքներով, կը միանայ մայրաքաղաք Ստեփանակերտին։ Կը նախատեսուի վերագործարկել Ստեփանակերտի օդանաւակաեանը, որուն հետ Արցախը օդային կապ կունենայ Երեւանի հետ։

զբօսաշրջիկութիւն

Հայաստանի եւ ԱՊՀ երկրներու քաղաքացիները կարողութիւնը ունի երկիր այցելել առանց անցագրի։ Այլ երկրներու քաղաքացիները պարտաւոր են անցագիր ունենալ, որ աւելի դիւրին կարելի է ստանալ հենց սահմանին, այլեւ Երեւանի մէջ, Վաշինկտոնի, Փարիզի, Մոսկուայի եւ այլ շրծաններու մէջ՝ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւններէն ներս։

Պետական կառուցուածք

Քաղաքականութիւն
Պատկեր:Ազատ Արցախ.JPG
  • Նախագահ – Բակո Սահակեան, 2007 թ.
  • Վարչապետ – Արայիկ Հարութիւնեան, 2007 թ.
  • Խորհրդարան – Ազգային Ժողով, 33 պատգամաւոր, 5 տարի ժամկետ
  • Արցախի Հանրապետութեան մէջ կը գործէ համընդհանուր ընտրութեան իրաւունք, 1991 թուականէն ի վեր
  • Ընտրելու տարիքը՝ 18 տարեկան

Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան միջազգային իրաւական կարգավիճակը

Արցախի փողոցը Ուոտերթաունի մէջ, Մասսաչուսեթս նահանգ, ԱՄՆ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանաչցած են մասամբ ճանաչուած պետութիւններ՝ Աբխազիոյ[46][47][48] եւ Հարաւային Ասիոյ հանրապետութիւնները, ինչպէս նաեւ չճանաչցուած Մերձդնեստրի Հանրապետութիւնը[46] հանրապետությունները, ինչպես նաև չճանաչված Մերձդնեստրի Հանրապետությունը[49]:

Աւստրալիոյ բնակչութեամբ ամենամեծ նահանգը՝ Նոր Հարաւային Ուելսը, նոյնպէս ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ կոչ ըրած է Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն պաշտօնապէս ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը[50][51][52]։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման կոչ (ԱՄՆ նախագահին եւ Գոնկրէսին) պարունակող ռեզոլուցիաներ ընդունած են ԱՄՆ քանի մը նահանգներու օրենսդրական մարմինները՝ Ռոդ-Այլենդ[53][54], Մասսաչուսեթս[55][56], Մեն[57][58], Լուիզիանա[59][60][61] եւ Գալիֆորնիա:[62][63][64], Հաուայ Նահանգը[65]՝ 2016 Մարտ 29ին։

ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման նախագիծ ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ

12 Նոյեմբեր 2014 թուականին ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ քուէարկութեան դրուդցաւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի ներկայացուցած «Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան ապահովման ռազմաքաղաքական հիմնադրոյթներու հայեցակետերու մասին» օրէնքի նախագիծը։ Օրինագծին կողմ քուէարկեցին 8 պատգամաւորներ՝ ՀՅԴ խմբակցութեան բոլոր 5 պատգամաւորները (Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան, Արմէն Բաբաեան, Միքայէլ Մանուկեան, Արծուիկ Մինասեան), «Ժառանգութենէն»՝ Զարուհի Փոստանջեանն ու Ռուբիկ Յակոբեանը, ՀԱԿ խմբակցութենէն՝ Նիկոլ Փաշինեանը։ ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Հրանդ Բագրատեանը ձեռնպահ քուեարկեց։ Բոլոր միւս պատգամաւորները քուէարկութեանը չեն մասնակցած, որուն իբրեւ արդիւնք նախագիծը չընդունուեցաւ։ Ըստ Նախագիծին՝ կը նախատեսուէր պաշտօնապէս ճանաչնալ ԼՂՀ անկախութիւնը եւ բացառել այլ պետութիւններու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէն զինուած ուժերու տեղակայումը ԼՂՀ (Արցախ)-ի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններու սահմաններուն, ինչպէս նաեւ երկու այլ դրոյթներ[66]։ Նախկինին մէջ եւս«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան կողմէն առաջարկուած են ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման նախագիծեր, որոնք նոյնպէս մերժուած են Ազգային ժողովի կողմէն։

Լեռնային Ղարաբաղի զինուած հակամարտութեան վերջին զարգացումներ

  • 12 Նոյեմբեր 2014 թուականին ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան մասի օդային տարածքին մէջ ժամը 13.45-ի սահմաններուն մէջ ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ազրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէն հրադադարի ռեժիմի խախտման արդիւնքին խոցուած է ԼՂՀ ՌՕՈւ ՄԻ-24 ուղղաթիռը։ Ուղղաթիռի խոցման արդիւնքին մէջ անձնակազմի բոլոր երեք անդամները զոհուած են[67][68]։
  • 13 Նոյեմբեր 2014 թուականին Ազրպէյճանը ԼՂՀ-ի (Արցախ) տարածքը ոչ թռիչքային գոտի հայտարարած է եւ այդ մասին տեղեկացուցած է Քաղաքացիական միջազգային կազմակերպութեան անդամներուն[69]։ Սակայն այդ հայտարարութենէն ժամեր ետք, ըստ «tert.am» կայքի տեսաձայնագրութեան, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի ուղղաթիռը վայրէջք կատարեց Ստեփանակերտի օդակայան մէջ[70]։

Մշակոյթ

Տօներ

Արցախի Հանրապետութեան պետական տօներ[71][72][Ն 1]։
Օր Անուանում
1 Յունուար, 6 Յունուար Ամանոր եւ Սուրբ ծնունդ[Ն 2]
20 Փետրուար Արցախի վերածնունդի օր[Ն 3]
21 Փետրուար Մայրենի լեզուի օր
23 Փետրուար Հայրենի պաշտպանի օր
8 Մարտ Կանանց միջազգային օր
7 Ապրիլ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօն
1 Մայիս Աշխատաւորներու համերաշխութեան միջազգային օր
9 Մայիս Յաղթանակի տօն[Ն 4]
28 Մայիս Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օր
1 Յունիս Երեխաներու պաշպանութեան միջազգային օր
1 Սեպտեմբեր Գիտելիքի եւ դպրութեան օր
10 Դեկտեմբեր Արցախի Հանրապետութեան օր[Ն 5]
Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը կը նշուի։ Թարգմանչաց տօն[Ն 6]
Արցախի Հանրապետութեան յիշատակի օրեր[71][72][Ն 1]։
Օր Անուանում
24 Ապրիլ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր
29 Յունիս Հայրենիքի համար նահատակուածներիու եւ անյայտ կորածներու յիշատակի օր
7 Դեկտեմբեր Եկրաշարժի զոհերու յիշատակի օր

Դրօշը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշը ստեղծուած է Հայաստանի դրօշին նմանութեամբ, աւելցուած է սպիտակ եռանկիւնաձեւ նախշանկար (հայկական գորգի նմանութեամբ), որ կը խորհրդանշէ Արցախի՝ մայր Հայաստանէն անարդարացիօրէն բաժանումը եւ անկախութեան հռչակմամբ վերամիաւորումը: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ անկախութեան համար հայ ժողովուրդին թափած արիւնը, կապոյտ գոյնը՝ Հայաստանի երկինքը, նարնջագոյնը՝ Ժողովուրդին ստեղծարար աշխատանքը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշը

Զինանշանը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութան զինանշանը հանրապետութեան պետական ինքնիշխանութեան, անոր տարածքին մէջ ապրող ժողովուրդներու պետական միասնութեան, կառուցուող ազատ, իրաւական պետութեան խորհրդանիշն է: Հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրաապետութիան գլխաւոր խորհուրդին կողմէ 17 Նոյեմբեր 1994 թուականի որոշմամբ: Զինանշանը կը ներկայացնէ թեւատարած արծիւ մը, որ կը կրէ Արտաշեսեաններու արքայատոհմին թագը, իսկ գլխուն վերը կը տարածուին արեւուն ճառագայթները: Կեդրոնը դրուած է Հանրապետութեան դրօշը (հորիզոնական դիրքով) եւ Ստեփանակերտի մօտ գտնուող «Մէնք ենք, մեր սարերը» («Տատիկ եւ Պապիկ») յուշարձանը՝Մեծ Քրիս լերան Ֆոնին: Ներքեւի մասը արծուի ճանկերու մէջ խաղողի վազեր են, թթենի պտուղներ, ցորենի հասկեր:Վերի կիսաշրջանաձեւ ժապաւէնին վրայ կատարուած է հայերէն մակագրութիւն՝«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Արցախ» Զինանշանին հէղինակն է Լավրտենտ Ղալայանը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Զինանշան

Գրականութիւն

Արտաքին յղումներ

Կաղապար:ՎիքիքաղվածքՊաշտօնական կայքեր

Լրատուական միջոցներ

Այլ

Տե՛ս նաեւ

Նշումներ

  1. 1,0 1,1 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետությունում կարող են նշվել միջազգային, ավանդական, եկեղեցական, մասնագիտական այլ տոներ ու հիշատակի օրեր։
  2. Նշվում են դեկտեմբերի 31-ից հունվարի 6-ը։ Ոչ աշխատանքային օրեր են։
  3. Փետրվարի 20, 1988 թ-ի այդ օրը սկսվել են Լեռնային Ղարաբաղի անկախացման ցույցերը։
  4. ԼՂՀ պաշտպանության բանակի և Շուշիի ազատագրման օր. մայիսի 9: Ոչ աշխատանքային օր են։
  5. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետության պետական անկախության մասին հանրաքվեի և Սահմանադրության օր՝ նշվում է դեկտեմբերի 10-ին, ոչ աշխատանքային օր։
  6. Նշվում է հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետության պետական անկախության մասին հանրաքվեի և սահմանադրության օր. դեկտեմբերի 10: Ոչ աշխատանքային օր է։

Ծանօթագրութիւններ

  1. Ըստ սահմանադրության Արցախի Հանրապետություն և Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետություն անվանումները նույնական են։ Արցախի Հանրապետության սահմանադրություն, 1.2
  2. Արցախի սահմանադրություն, 1.1
  3. Լեո, «Հայոց պատմություն», Երկերի ժողովածու, հատոր 2, Երևան - 1973, էջ 32-33։
  4. ԼՂՀ անկախության հռչակագիր
  5. Շահեն Մկրտչյան, «Արցախի գանձերը», Երևան 2000 - Տիգրան Մեծ հրտ., էջ 10։
  6. Ղևոնդ Ալիշան, «Արցախ», գրաբարից թարգմանեց Գ. Բ. Թորոսյան։ Երևանի Համալսարանի Հրատարակչություն – 1993, էջ 8։
  7. Մովսես Կաղանկատվացի, «Աղուանից աշխարհի պատմութիւն», 1.4, 1.18, 3.22։
  8. Robert H. Hewsen, Armenia: a Historical Atlas. University of Chicago Press, 2001, pp. 119–120.
  9. Լևոն Հարությունյան, Նշխարներ Արցախի բանահյուսության
  10. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 32
  11. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 34
  12. Մկրտչյան. Շ., «Արցախ», Երևան, 1991, էջ 26
  13. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 78
  14. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 85
  15. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 114
  16. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 118
  17. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 125-136
  18. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 144
  19. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 152
  20. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 157
  21. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 204
  22. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 200
  23. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 242-243
  24. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 296
  25. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 298
  26. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 307
  27. «Կոմունիստ», 2 դեկտեմբերի, 1920, Հոկտեմբերյան սոցիալիստական մեծ հեղափոխությունը և սովետական իշխանության հաղթանակը Հայաստանում, ժողովածու, Երևան, 1957, էջ 497-498
  28. mfa.am, http://www.mfa.am/hy/artsakh/#a3
  29. Ուլուբաբյան Բ., «Արցախի պատմությունը», Երևան, 1994
  30. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երևան, 2002, էջ 354
  31. ՀՀ ԱԺ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր. Կարգավորման ուղիներ, Խորհրդարանական լսումներ 29-30 մարտի, 2005 թ, «Անտարես», Երևան, 2006, էջ 279
  32. Մելքումյան Ս., «Լեռնային Ղարաբաղ», Երևան, 1990, էջ 38
  33. ՀՀ ԱԺ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր. Կարգավորման ուղիներ, Խորհրդարանական լսումներ 29-30 մարտի, 2005 թ, «Անտարես», Երևան, 2006, էջ 281
  34. Հայաստանի Հանրապետության Ազգային ժողով, «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգավորման ուղիներ», Երևան 2006, էջ 280
  35. Ալեքսանդր Մանասյան, Ալեն Ղևոնդյան «Լեռնային Ղարաբաղ. Ինչպես է դա եղել…», Երևան։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի և տեղեկատվության կենտրոն», ՊՈԱԿ, 2010, էջ 102
  36. Ալեքսանդր Մանասյան, Ալեն Ղևոնդյան «Լեռնային Ղարաբաղ. Ինչպես է դա եղել…», Երևան։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի և տեղեկատվության կենտրոն», ՊՈԱԿ, 2010, էջ 118
  37. Информационно-идеологические аспекты нагорно-карабахского конфликта
  38. публикация сайта Лента.ру
  39. публикация ИА "AПA"
  40. № 2 (232) февраль (1-15) 2014 г.
  41. Ալ. Մանասյան, Ալ. Ղևոնդյան «Լեռնային Ղարաբաղ. Ինչպես է դա եղել…», Երևան։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի և տեղեկատվության կենտրոն», ՊՈԱԿ, 2010, էջ 281
  42. Վիճակագրության Ազգային Ծառայություն, «Արցախի Հանրապետության վարչատարածքային բաժանումը ըստ շրջանների
  43. Արցախի Հանրապետության բնակչություն
  44. 44,0 44,1 http://www.president.nkr.am/am/nkr/statePower/
  45. А. Л. Якобсон, Из истории армянского средневекового зодчества: Гандзасарский монастырь, "Иследования по истории культуры народов Востока", Москва-Ленинград, 1960, с 144-158.
  46. 46,0 46,1 Աբխազիայի խորհրդարանի փոխխոսնակ Վյաչեսլավ Ցուգբա.«Աբխազիան, Հարավային Օսեթիան, ԼՂՀ-ն ու Մերձդնեստրիան վաղուց արդեն ճանաչել են միմյանց անկախությունը և շատ սերտ համագործակցում են միմյանց հետ»
  47. Արխիվացում
  48. ԼՂՀ Նախագահ Բակո Սահակյանը մասնակցել Աբխազիայի Նախագահի երդման հանդիսավոր արարողությանը
  49. Since the first days of its independent development, the Pridnestrovien Moldavian Republic has established, maintained and has been actively extending friendly interstate relations with the Republic of Abkhazia, the Republic of South Ossetia and the Republic of Nagorno-Karabakh.
  50. Նոր Հարավային Ուելսի պառլամենտի կողմից ընդունված ռեզոլուցիայի բնօրինակ տեքստը (անգլերեն)

    (b) recognises the right to self-determination of all peoples including those of the Republic of Nagorno-Karabakh,

    (f) calls on the Commonwealth Government to officially recognise the independence of the Republic of Nagorno-Karabakh and strengthen Australia’s relationship with the Nagorno-Karabakh and its citizens.

  51. Независимая газета: Ավստրալիական նահանգը ընդունել Ղարաբաղի անկախությունը (ռուսերեն)

    Верхняя палата парламента Нового Южного Уэльса одновременно с резолюцией о признании НКР и права на самоопределение карабахского народа приняла и обращение к властям Австралии официально признать независимость Карабаха со всеми вытекающими последствиями.

  52. ARFD. New South Wales Recognizes Mountainous Karabakh’s Independence. Sahakyan Expresses Gratitude.
  53. Ռոդ-Այլենդ նահանգի պառլամենտի կողմից ընդունված ռեզոլուցիայի բնօրինակ տեքստը (անգլերեն)
  54. Armenian Weekly. Rhode Island Legislature Supports Freedom of Artsakh
  55. Armenian Weekly. Massachusetts Legislature Supports Artsakh Independence
  56. Radio Free Europe. Massachusetts State Legislature Calls For Recognition Of Nagorno-Karabakh
  57. Մեն նահանգի պառլամենտի կողմից ընդունված ռեզոլուցիայի բնօրինակ տեքստը (անգլերեն)
  58. Armenian Weekly Maine Legislature Supports Artsakh Independence
  59. Լուիզինիա նահանգի պառլամենտի կողմից ընդունված ռեզոլուցիայի բնօրինակ տեքստը (անգլերեն)
  60. Armenian Weekly. Louisiana State Senate Recognizes Karabakh Independence (անգլերեն)
  61. 168 Ժամ Լուիզիանայի Սենատը Արցախի անկախությանն աջակցող բանաձև է ընդունել
  62. Կալիֆորնիա նահանգի պառլամենտի կողմից ընդունված ռեզոլուցիայի բնօրինակ տեքստը (անգլերեն)
  63. 168 Ժամ։ Կալիֆորնիայի սենատը ճանաչել է ԼՂՀ-ի անկախությունը
  64. Армянская служба Радио Свободная Европа - Радио Свобода: Парламент Калифорнии признал независимость Нагорного Карабаха 09.05.2014
    Сенат Калифорнии признал независимость Нагорного Карабаха 28.08.2014
  65. http://www.yerakouyn.com/?p=103687 ԱՄՆ Հաուայ Նահանգը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը
  66. ԱԺ֊ն չընդունեց ԼՂՀ֊ի անկախությունը ճանաչելու մասին օրինագիծը
  67. Վարժանքի ժամանակ ադրբեջանական կողմը խոցել է ԼՂՀ բանակի ուղղաթիռը
  68. Տեսանյութը ևս մեկ անգամ ապացուցում է, որ ԼՂՀ ՌՕՈւ ուղղաթիռները չեն խախտել սահմանը և չեն գրոհում. Ա. Հովհաննիսյան
  69. Ադրբեջանի ԱԳՆ-ն ԼՂՀ տարածքը ոչ թռիչքային գոտի է հայտարարել
  70. Նախագահի ուղղաթիռը վայրէջք է կատարում Ստեփանակերտի օդանավակայանում (տեսանյութ)
  71. 71,0 71,1 «Տոներեր և հիշատակի օրեր»: Հայկական Հանրագիտարան։ Վերցված՝ 16 Դեկտեմբերի 2014:
  72. 72,0 72,1 «ԼՂՀ տոներ և հիշատակի օրեր»: Արցախի նախագահի պաշտոնական կայք։ Վերցված՝ 16 Դեկտեմբերի 2014: