«Սէթ Արսէնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 6. Տող 6.
== Աղբիւրներ ==
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 302:
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 302:
{{DEFAULTSORT:Արսէնեան, Սէթ}}

09:07, 27 Սեպտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Արսէնեան Սէթ, Տոքթ. Փիլիսոփայութեան, այս տիտղոսը ստացաւ Գոլորմպիայի համալսարանէն, այդ առթիւ պատրաստեց գիտական հիմունքներու վրայ հաստատուած եւ փորձարկութիւններով ճոխացած մանկավարժական կարեւոր ուսումնասիրութւն մը՝ զոր գրքի ձեւով ի լոյսը ընծայեց Գոլոմպիա Համալսարանի Ուսուցչաց Գոլէճի Հրատարակչական մարմիտը՝ 1937ին: Տոքթ. Արսէնեան ծնած է Վան, շուրջ 1900ին եւ տեղւոյն Նորաշէնի ծխական դպրոցի մէջ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Յետոյ յաճախած է Երամեան վարժարանը մինչեւ 1915: Այդ տարին Կովկաս գաղթելէ յետոյ աշակերտած է Էջմիածնայ Գէորգեան Ճեմարանին մինչեւ 1916 Փետրուար, որ է անոր փակման թուականը: Անկէ փոխադրուած է Երեւան թեմական վարժարանը՝ զոր աւարտած է 1918ին: Հայաստանէն Պոլիս անցնելով երեք տարի աշակերտած է Ռոպէրթ Գոլէճի, ուրկէ Պսակաւոր Արուեստից (B. A.) տիտղոսով շրջանաւարտ եղած է 1926ին: Այս շրջանին ստացած է Ուաշպըրն ուսանողական պարգեւը, որ իւրաքանչիւր տարի կը տրուի բարձրագոյն նիշը առնող աշակերտի: 1926-1930 Րոպէրթ Գոլէճի մէջ պաշտօնավարած է թէ՝ որպէս ուսուցիչ եւ թէ՝ որպէս արձանագրութեանց օժանդակ պաշտօնեայ: 1930ին գացած է Նիւ Եորք եւ յաճախած Գոլոմպիա համալսարանը, ուրկէ 1932ին ստացած է Մագիստրոս Արուեստից (M. A.) տիտղոսը եւ վերջերս ալ Փիլիսոփայութեան Տոքթորայի տիտղոսը (Ph. D.): Վերջին մէկ քանի տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ Թիչըրդ Գոլէճի մէջ, սրպէս մասնաւոր օգնական Մանկավարժական Դպրոցի քարտուղարին: Անդամ է Kappa Delta Pi-ի եւ Ամերիկեան Հոգեբանական Ընկերութեան: Անդամ է Ամերիկահայ Գիտական Միութեան՝ որուն նախագահութիւնը վարած է երկիցս: Աշխատացած է Կովկասի եւ Պոլսոյ շատ մը թերթերուն. Ինչպէս եւ Հայաստանի Կոչնակի: Պատրաստած է երկու ուսումնասիրութիւններ՝ որոնք շուտով լոյս կը տեսնեն Բրիտանական եւ Ամերիկեան Հոգեբանական կրկնակ հրատարակութեանց մէջ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 302: