«Հայկական Տաւրոս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 6. Տող 6.
Հայկական Տաւրոսին մակերեւոյթը մասնատուած է [[Եփրատ գետ|Եփրատի]], [[Տիգրիս (գետ)|Տիգրիսի]] եւ իրենց վտակներուն հովիտներով։ Իրենցմէ քանի մը հատը միջանցիկ կիրճեր են, որոնցմով Հայկական Տաւրոսը կը բաժնուի 3 մասերու. Կիլիկիոյ եւ Եփրատի կիրճերուն միջեւ, միջին՝ մինչեւ [[Պիթլիս|Պիթլիսի]] կիրճը եւ արեւելեան՝ մինչեւ Բոհտանի կիրճը։

Հայկական Տաւրոսին արեւելեան մասին առանձին լեռնաճիւղերը կը տարածուին դէպի [[Վանայ լիճ]], հասնելով [[Վարագասար]]՝ կը տրոհուին առանձին լեռնազանգուածներու եւ կը ձուլուին Հայոց ձորի հովիտին բլուրային տարածքին։
Հայկական Տաւրոսին արեւելեան մասին առանձին լեռնաճիւղերը կը տարածուին դէպի [[Վանայ լիճ]], հասնելով [[Վարագայ լեռ]]՝ կը տրոհուին առանձին լեռնազանգուածներու եւ կը ձուլուին Հայոց ձորի հովիտին բլուրային տարածքին։

Հայկական Տաւրոսին բուռն ծալքաւորուած փալիոզոյեան (Paleozoic) եւ մեսոզոյեան (Mesozoic) կրաքարերու եւ թերթաքարերու դէպի հարաւ շրջուած թեփուկներով եւ վրաշարժային կառուցուածքով լեռնային համակարգ մըն է, բարդացած նոր կերտուած կամարաձեւ բարձրացումներով եւ բարձրակողմանի խզումներով։ Պիթլիսի շրջանին մէջ նստուածքային շերտերը ճեղքուած են եւ ներարկուած օձաքարային հզօր զանգուածներով։ Հիւսիսային լանջը ենթարկուած է հզօր խորքային բեկուածքի մը, որուն ուղղութեամբ կ'երկարի [[Խարբերդ|Խարբերդի]], [[Բալու (քաղաք)|Բալուի]], [[Մուշ|Մուշի]] եւ Վանայ լիճի իջուածքային գոգաւորութիւններու գօտին։ Յաճախակի են բարձրաքանդակային ձեւերը, բնորոշ կառային դաշտերով։ Կան ստորերկրեայ քարանձաւներ։

06:54, 15 Հոկտեմբեր 2021-ի տարբերակ

Հայկական Տաւրոս
Տեսակ Լեռնաշղթայ
Երկիր  Թուրքիա
Լեռնաշղթայ Տաւրոսեան Լեռներ
Երկարութիւն 650 քմ

Հայկական Տաւրոս (թրք.՝ Toros Dağları), լեռնային համակարգ Հայկական լեռնաշխարհին[1], ներկայիս Թուրքիոյ մէջ։ Կ'երկարի Կիլիկեան Դրունք կիրճէն մինչեւ Բոհտան գետը։ Երկայնքը՝ 650 քմ է, լայնքը՝ 35 -100 քմ, միջին բարձրութիւնը՝ 1800 - 2300 մ։ Իշխանասար, Սիմսար, Մարութա լեռ գագաթները ունին 3000մ բարձրութիւն։

Աշխարհագրութիւն

Հայկական Տաւրոսին մակերեւոյթը մասնատուած է Եփրատի, Տիգրիսի եւ իրենց վտակներուն հովիտներով։ Իրենցմէ քանի մը հատը միջանցիկ կիրճեր են, որոնցմով Հայկական Տաւրոսը կը բաժնուի 3 մասերու. Կիլիկիոյ եւ Եփրատի կիրճերուն միջեւ, միջին՝ մինչեւ Պիթլիսի կիրճը եւ արեւելեան՝ մինչեւ Բոհտանի կիրճը։

Հայկական Տաւրոսին արեւելեան մասին առանձին լեռնաճիւղերը կը տարածուին դէպի Վանայ լիճ, հասնելով Վարագայ լեռ՝ կը տրոհուին առանձին լեռնազանգուածներու եւ կը ձուլուին Հայոց ձորի հովիտին բլուրային տարածքին։

Հայկական Տաւրոսին բուռն ծալքաւորուած փալիոզոյեան (Paleozoic) եւ մեսոզոյեան (Mesozoic) կրաքարերու եւ թերթաքարերու դէպի հարաւ շրջուած թեփուկներով եւ վրաշարժային կառուցուածքով լեռնային համակարգ մըն է, բարդացած նոր կերտուած կամարաձեւ բարձրացումներով եւ բարձրակողմանի խզումներով։ Պիթլիսի շրջանին մէջ նստուածքային շերտերը ճեղքուած են եւ ներարկուած օձաքարային հզօր զանգուածներով։ Հիւսիսային լանջը ենթարկուած է հզօր խորքային բեկուածքի մը, որուն ուղղութեամբ կ'երկարի Խարբերդի, Բալուի, Մուշի եւ Վանայ լիճի իջուածքային գոգաւորութիւններու գօտին։ Յաճախակի են բարձրաքանդակային ձեւերը, բնորոշ կառային դաշտերով։ Կան ստորերկրեայ քարանձաւներ։

Արեւելեան Տիգրիսի մեծ թիւով վտակները կը սնանին հզօր աղբիւրներէ։ Օգտակար հանածոներէն կան նաւթ, պղինձ եւ բազմամետաղներ, քրոմիտ եւ ծծումբ. առատ են շինանիւթերը։ Լեռնահամակարգին գլխաւոր լանջերուն յառաջացած են կլիմայական որոշ առանձնայատկութիւններ։ Հիւսիսային լանջին կլիման ցամաքային է, ամառը՝ տաք, իսկ ձմեռը՝ ցուրտ։

Տարեկան տեղումները 300մմ-էն մինչեւ 1000մմ են։ Ստորոտներուն մոխրագոյն հողերուն վրայ տարածուած են կիսանապատային, միջին մասերուն շագանակագոյն հողերուն վրայ՝ չոր տափաստաններ, լեռնակատարներուն՝ ենթալպեան բարձրախոտ մարգագետիններ եւ քարացումներ։ Հարաւային լանջին կլիման բնորոշ է տաք ամառով եւ մեղմ ձմեռով, տեղումները 400-500 մմ-էն 1000-1500 մմ։ Միջին բարձրութիւններուն վրայ, գորշ անտառային եւ սրճագոյն հողերուն վրայ կ'աճին սոճի, լիբանանեան մայրի, կաղնի, մշտադալար մերձարեւադարձային անտառներ, որոնք դէպի ստորոտ տեղի կու տան կիսանապատային եւ անապատային խմբակցութիւններու։

Ծանօթագրութիւններ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։