«Արամ Հայկազ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 52. Տող 52.
== Արտաքին յղումներ ==
== Արտաքին յղումներ ==
* [http://www.aztagdaily.com/archives/56504 Մեծարելով Արամ Հայկազն Ու Անոր Գրականութիւնը` Գրագէտ Յակոբ Պալեան Արծարծեց Հայութեան Եւ Հայ Գրականութեան Ցաւերը:]
* [http://www.aztagdaily.com/archives/56504 Մեծարելով Արամ Հայկազն Ու Անոր Գրականութիւնը` Գրագէտ Յակոբ Պալեան Արծարծեց Հայութեան Եւ Հայ Գրականութեան Ցաւերը:]
{{Օրուա յօդուած նախագծի մասնակից}}

[[Կատեգորիա:1900 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1900 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1986 մահեր (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1986 մահեր (արւմտ․)]]

14:25, 9 Մարտ 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Արամ Հայկազ (Չեքեմեան) (22 Մարտ 1900, Շապին Գարահիսար - 10 Մարտ 1986, Նիւ Եորք), ամերիկահայ արձակագիր։

Կենսագրութիւն

Բուն անունով Արամ Չեքեմեան։ Ծնած է Շապին Գարահիսար։ Մայրը՝Իւղաբեր [1]ու քոյրերը 1915-ին օսմանցի թուրքերու կողմէ հայերու դէմ հալածանքին զոհերէն դարձան, բռնի կերպով իրենց տունէն քալեցին սուրիական անապատին մէջ: Սովահար եւ ընչազուրկ` անոնք հասան գիւղ մը, ուր այլ հայերու հանդիպեցան, որոնք իսլամութիւնը ընդունելէ ետք կ՛աշխատէին թուրքերու տուներուն մէջ: Ընդառաջելով իր մօր խնդրանքներուն` փոքրիկն Հայկազ եւս հաւատափոխ դարձաւ: Յաջորդող չորս տարիներուն ան ապրեցաւ քրտական ցեղախումբերուն մօտ` արածելով ոչխարները, հաւաքելով բերքը, կերակրելով հաւերը: Քիւրտ ընտանիքներուն անմիջական հարեւանութեամբ ապրելով` ան սորվեցաւ անոնց սովորութիւնները, գաղտնիքները եւ խորամանկութեամբ` խոցելի կէտերը: Չորս տարի ետք ան յաջողեցաւ դուրս գալ Փոքր Ասիայէն:1919-ին կը փախչի Պոլիս, իսկ մէկ տարի ետք վերջնականապէս կը հաստատուի Նիւ Եորք։

Գրական վաստակ

21 տարեկանին ան Ամերիկա գաղթեց եւ սկսաւ գրելու եւ հրապարակելու իր յուշերը ջարդերուն մասին, որոնց զոհերէն եղան իր հայրն ու եղբայրները, եւ իր փորձառութիւնները գրի առաւ կարճ պատմութիւններու մէջ, որոնք լոյս տեսան «Տի Արմինիըն Ռիվիու»[2]-ի մէջ: Ան անոնցմէ մէկ քանին ներառեց յուշագրութեան մը մէջ, որ հրատարակուեցաւ հայերէնով` 1972-ին, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» վերնագիրով: Այժմ այս գիրքը իր աղջկան` Այրիս Չեքեմեանի կողմէ ամփոփուած ու խմբագրուած է եւ թարգմանուած` անգլերէնի։

Գրած է պատմուածքներ, նորավէպեր եւ վիպակներ։ Զուարթախոհութեան զգացումը (հիւմըր), որ տիրապետող է իր պատմուածքներուն մէջ, նոր եւ թարմ շունչ մըն էր սփիւքահայ գրականութեան մէջ։

Գրական իր հունձքը ամփոփուած է, հրատարակութեան կարգով, հետեւեալ հատորներուն մէջ՝ «Ցեղին Ձայնը» (1949), «Ցեղին Ձայնը՝» Բ. հատոր (1954), «Չորս աշխարհ» (1962), «Պանդոկ» (1967), «Կարօտ» (1971), «Չորս տարի քիւրտիստանի լեռներուն մէջ (1973) եւ «Երջանկութիւն (1978)։ Առանձնապէս հրատարակած է ծննդավայրին՝ Շապին Գարահիսարի ինքնապաշտպանութեան պատմութիւնը, «Շապին Գարահիսարել իր հերոսամարտը», 1957ին։ Իր գործերէն հատընտիրներու ժողովածու մը հրատարակուած է Պէյրութի մէջ (Լիբանան), «Ապրէք երեխէք» անունին տակ, 1973-ին։

Մասնակցած է 1915-ի ինքնապաշպանիւթեան կռիւներուն ու յետագային նկարագրած՝ «Շապին Գարահիսար Եւ Իր Հերոսամարտը» գործին մէջ (1957

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

  • Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 1977, էջ 204-206:

Արտաքին յղումներ

Կատեգորիա:1900 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1986 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:22 Մարտի ծնածներ Կատեգորիա:10 Մարտի մահացածներ Կատեգորիա:Շապին Գարահիսար ծնածներ Կատեգորիա:Նոր-Եորք մահացածներ