«Թրքերէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
Տող 646. Տող 646.
|գիւղ, ուրկէ ան կ'ուզէր գիւղապետ ընտրուիլ
|գիւղ, ուրկէ ան կ'ուզէր գիւղապետ ընտրուիլ
|-
|-
|Մնացած հոլովները
|Մնացեալ հոլովները
|որուն
|որուն
|yazdığım mektup
|yazdığım mektup

14:22, 14 Յունիս 2021-ի տարբերակ

Թրքերէն (ինքնանուանումը՝ Türkçe (թիւրքչէ) կամ Türk dili (թիւրք տիլի), Պալքանեան թերակղզիէն մինչեւ Կասպից ծով ինկող տարածաշրջանին մէջ օգտագործուող ալթայական լեզուներէն մէկն է: Թրքերէնը մայրենի լեզուն է Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի (յատկապէս՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թրակիայի մէջ) մէջ բնակող 10-15 միլիոն անձի եւ Հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ (յատկապէս՝ Թուրքիոյ) 60-65 միլիոն բնակիչներուն համար։ Թուրքիայէն դուրս թուրքախօս ոչ մեծ խումբեր կան Գերմանիոյ, Պուլկարիոյ, Հիւսիսային Մակետոնիոյ Հանրապետութեան, Հիւսիսային Կիպրոսի, Յունաստանի, Կովկասի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մնացեալ տարածքներուն մէջ։ Կիպրոսը նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան առաջարկած էր թրքերէնը ընդգրկել միութեան պաշտօնական լեզուներու ցանկին մէջ մէջ, հակառակ որ, Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամ չէ։ Օղուզական խումբի միւս լեզուները իրենց կարգին տարածուած են նշուած տարածաշրջանի արեւելեան ու հարաւային մասերուն մէջ՝ Կովկասի, Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Կասպից ծովու հարաւ արեւելեան հատուածին մէջ:

Թրքերէնը կը պատկանի ալթայական լեզուաընտանիքի արեւմտախունական ճիւղի օղուզական խումբին։ Մերօրեայ գրական թրքերէնը ունի համեմատաբար նոր պատմութիւն. ձեւաւորուած է օսմաներէնի հիման վրայ՝ 19-րդ դարի սկիզբը: Նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ մասնաւորապէս այսօրուան Թուրքիոյ մէջ տարածուած թրքերէնը ամբողջ աշխարհի 5-րդ ամէնէն շատ խօսուող լեզուն է:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի իրականացուցած բարեփոխումներուն շնորհիւ, 1928-ին թրքերէնը արաբատառ այբուբենի փոխարէն կը սկսի կիրարկել լատինատառը։

Թրքերէնը կցական լեզու է[1]. հարուստ է բազմաթիւ վերջածանցներով, որոնց շնորհիւ որեւէ հիմքէ կարելի է գրեթէ անվերջ քանակութեամբ նոր բառեր ստանալ[2]: Թուրքիոյ թրքերէնին բնորոշ վերջածանցները մասամբ ընդհանուր են նաեւ միւս թրքական լեզուներուն համար[3]: Նախադասութեան կառոյցին հիմնական կաղապարը այս լեզուին մէջ «ենթակայ-խնդիր-ստորոգեալ» հերթագայութիւնը ունի:

«Պոլսական բարբառը» (Ստամպուլեան բարբառը) կը նկատուի թրքերէն գրական լեզուի աղբիւրը. գրական թրքերէնը ձեւաւորուած է այս բարբառին հիման վրայ: Անատոլուի բարբառներուն եւ որոշ թրքական լեզուներուն մէջ առկայ են "բաց է" (/ǝ/), "խռպոտ հ" / խ (/ḫ/) եւ "առաջնաքմային ն" (/ŋ/) հնչիւնները, սակայն պոլսական բարբառին եւ հետեւաբար, նաեւ գրական թրքերէնին մէջ անոնք կը բացակային: Նմանապէս Թուրքիոյ թրքերէնին մէջ կը բացակային /q/ և /w/ հնչիւնները, որոնք առկայ են այլ թրքական լեզուներու եւ բարբառներու մէջ:

Դասակարգում

Թրքերէնը լեզուներու համաշխարհային դասակարգման մէջ ընդգրկուած է ուրալ-ալթայական լեզուաընտանիքի ալթայական ճիւղին մէջ: Ուրալ-ալթայական լեզուաընտանիքի լեզուներուն վերաբերեալ կատարուած խորքային ուսումնասիրութիւնները աւելի եւս կ'ապացուցեն, որ այս երկու լեզուախումբերը մէկ լեզուաընտանիքի մէջ միաւորելու համար բաւարար հիմքեր չկան[4]: Այդ պատճառով ալ, երբեմն թրքերէնը կը դասակարգուի պարզապէս իբրեւ ալթայական լեզու։

Ինչպէս անուանի թրքագէտ Ռեշիթ Ռահմեթի Արաթը «Թրքերէնի բարբառներու դասակարգումը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ՝ թրքական լեզուներու, ներառեալ Թուրքիոյ թրքերէնի դասակարգման վերաբերեալ մինչեւ օրս տարբեր գիտական տեսակէտներ դուրս եկած են: Հիմնուելով աւելի վաղ առաջարկուած դասակարգման փորձերուն հիման վրայ, Արաթ կ'առաջարկէ սեփական դասակարգումը, ըստ որուն Թուրքիոյ թրքերէնը կը պատկանի թրքերէնի բարբառախումբերու VI լեռնային խումբին (հարաւային)[5]: Թրքական լեզուաընտանիքը կը ներառէ արեւելեան Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Սիպիրի մէջ խօսուող շուրջ 30 կենդանի լեզու [6]: Թրքալեզու մարդոց շուրջ 40 առ հարիւրը կը խօսի Թուրքիոյ թրքերէնը [7]: Թրքախօսներուն 40 %-ին համար թրքերէնը մայրենի լեզու է։ Թրքերէնը կը գրաւէ 9-րդ դիրքը այն 10 լեզուներու ցանկին վրայ, որոնք ըստ British Council-ի կողմէ կատարուած հետազօտութեան մը արդիւնքներուն՝ ապագային գերիշխողական կարգավիճակ կ'ունենան [8]:

Պաշտօնական կարգավիճակ

Թուրքիոյ թրքերէնը Թուրքիոյ, ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան, Կիպրոսի Հանրապետութեան, Իրաքի, Հիւսիսային Մակետոնիոյ Հանրապետութիւն, Քոսովոյի, Ռումանիոյ որոշակի շրջանակներուն մէջ պաշտօնական կարգավիճակ ունի: Պաշտօնական կարգավիճակը այս լեզուին շնորհուած է համապատասխանաբար այն տարածաշրջաններուն մէջ, ուր մեծամասնութիւն կը կազմեն թրքախօս քաղաքացիները. այդ տարածաշրջանը արեւելքէն դէպի արեւմուտք կ'ընդգրկէ Պալքաններէն մինչեւ Միջին Ասիա ինկած բազմաթիւ երկիրներ:

1982-ին ընդունուած Թուրքիյ Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համաձայն, թրքերէնը Թուրքիոյ պետական լեզուն է: Այս դրութիւնը տեղ գտած է սահմանադրութեան առաջին մասի «Ընդհանուր դրութիւններ» բաժինի 3-րդ յօդուածին մէջ: Նոյն բաժինի 4-րդ յօդուածին համաձայն, վերոնշեալ դրութիւնը երբեւէ ենթակայ չէ փոփոխութեան. երկրի պետական լեզուն փոխելու վերաբերեալ առաջարկ ընելը անգամ արգիլուած է [9]:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, երկիրը եւ ժողովուրդը անբաժանելի ամբողջութիւն են: Լեզուն թրքերէնն է.- ԹՀ Սահմանադրութիւն


Թրքերէնը պաշտօնական կարգավիճակ ունի նաեւ Իրաքի Քիրքուք նահանգին մէջ [10]: Ինչպէս նաեւ, Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ թրքերէնը յունարէնին հետ միասին սահմանադրօրէն ճանչցուած է իբրեւ պաշտօնական լեզու, սակայն այս դրութիւնը գործնականին մէջ կեանքի կոչելու հետ կապուած լուրջ խնդիրներ կան [11]: Մակեդոնիոյ արեւմուտքը գտնուող որոշակի բնակավայրերու մէջ նոյնպէս թրքերէնը ունի պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ [12][13][14][15][16]: Թրքերէնին պաշտօնական կարգավիճակ շնորհուած է նաեւ Քոսովոյի Փրիզրեն, Մամուշա, Կիլան, Միտրովիցա, Փրիշտինա եւ Վուշտրին քաղաքներուն մէջ [17][18]: Փրիզրենի մէջ թրքերէնի պաշտօնական կարգավիճակը պաշտպանուած է նաեւ Քոսովոյի Հանրապետութեան՝ «Լեզուներու օգտագործման վերաբերեալ» օրէնքի ծիրէն ներս [19]: Իսկ Ռումանիոյ մէջ այս լեզուն պետութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ փոքրամասնութեան լեզու [20]:

Թրքերէնը իբրեւ ոչ պաշտօնական լեզու

Մեծ թիւով թրքախօսներ կ'ապրին նաեւ Եւրոպայի եւ Ասիոյ երկիրներու կամ քաղաքներու մէջ, ուր թրքերէնը որեւէ պաշտօնական կարգավիճակ չունի: Օրինակ, Պուլկարիոյ բնակչութեան 10 առ հարիւրին մայրենի լեզուն թրքերէնն է: Պուլկարիոյ պետական պատկերասփիւռի կայաններէն կը հեռարձակուին նաեւ թրքերէն յայտագիրներ [21]: Քըրճալիի քաղաքապետարանը 2 լեզուով ալ ծառայութիւններ կը մատուցումէ[21]։ Լուտոկորիէի եւ Արեւելեան Ռումելիոյ դպրոցներուն մէջ ծագումով թուրքերը հնարաւորութիւն ունին ուսումնասիրել թրքերէնը իբրեւ մայրենի լեզու: Յունաստանի Քսանթի եւ Քոմոթինի (Կիւմիւրճինա) քաղաքներուն մէջ եւս թրքերէնը կը դասաւանդուի իբրեւ փոքրամասնութիւններու մայրենի լեզու, միաժամանակ կ'օգտագործուի կրօնական գործերու մէջ: Ռոտոսի (Հռոտոս) մէջ կայ 2500-3000 հոգիէ բաղկացող թրքական համայնք մը, որ դուրս մնացած է Լոզանի պայմանագիրէն, որուն հետեւանքով այդ համայնքը զրկուած է այն իրաւունքներէն, որոնք ունին Յունաստանի մայրցամաքային հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ բնակող թուրքերը [22]:

Վարչական կառոյցներ. թրքերէնի կիրարկում

Թրքերէնը Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին վարչական լեզուն է: 12 Յուլիս 1932-ին Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի հրահանգով կը ստեղծուի Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը (Türk Dil Kurumu)՝ «Թրքերէնի վերահսկման միութիւն» անունով: Միութեան բոլոր հիմնադիրները պատգամաւորներ էին եւ ժամանակի թրքական իրականութեան մէջ բաւական ծանօթ անուններ. Սամիհ Ռիֆաթ, Ռուշէն Էշրեֆ, Ճելալ Սահիր Էրոզան, Եաքուպ Քատրի Քարաօսմանօղլու: Ընկերութեան առաջին նախագահը Սամիհ Ռիֆաթն էր: «Թրքերէնի վերահսկման ընկերութիւնը» իր գործունէութեան նպատակը ձեւակերպած էր հետեւալ ձեւով. «Բարձրացնել թրքերէնի հրաշագեղութիւնն ու հարստութիւնը, աշխարհի միւս լեզուներուն կողքին արժանի բարձրութեան հասցնել զայն»: Աթաթուրքի կենդանութեան օրերուն, 1932, 1934 և 1936 թուականներուն կազմակերպուած 3 համաժողովներուն ընթացքին կ'ընտրուի ընկերութեան ղեկավար կազմը, կը նախանշուի կազմակերպութեան լեզուական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ, կը ներկայացուի եւ կը քննարկուին գիտական զեկոյցներ: 26 Սեպտեմբերէն մինչեւ 5 Հոկտեմբեր երկարած 1932-ի Տոլմապահչէ պալատին մէջ տեղի ունեցած թրքերէնի առաջին համաժողովի աւարտին կ'որոշուի, որ լեզուաբանական ընկերութիւնը իր աշխատանքները պիտի կազմակերպէ վեց հիմնական ուղղութիւններով՝ բառարանագիտութիւն-եզրագիտութիւն, քերականութիւն-շարահիւսութիւն, ժողովածուներու կազմում, լեզուա-բանասիրութիւն, ստուգաբանութիւն, հրատարակչութիւն: Յաջորդ համաժողովներուն ժամանակ այդ ուղղութիւններէն մաս մը կը մասնատուի նոր ճիւղերուն, մաս մը կրկին կը միաւորուի, սակայն հիմնական գաղափարախօսութիւնը չի փոխուիր: 1934-ի գիտաժողովին ժամանակ Միութեան վերանուանման որոշում մը կը կայանայ. կը կոչուի «Թրքերէնի հետազօտութեան ընկերութիւն»: Իսկ 1936-ի տեղի ունեցած համաժողովին կազմակերպութիւնը կը վերանուանուի «Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւն» [23]:

Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը կը կատարէր զանազան լեզուագիտական հետազօտութիւններ՝ կը սահմանէր թրքերէնի ուղղագրական ու կետադրական կանոնները: Ներկայիս այս կազմակերպութիւնը ակադեմական մակարդակի բազմազան աշխատանքներ կը տանի ոչ միայն Թուրքիոյ թրքերէնի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մակարդակով թրքերէնի եւ թրքագիտութեան վերաբերեալ:

Թրքական լեզուաբանական ընկերութեան առաջին լուրջ կառուցուածքային փոփոխութիւնը կը կատարուի 1951-ին կազմակերպուած արտակարգ գիտաժողովին. փոփոխութեան կ'ենթարկուի այն օրէնքը, որով Աթաթուրքի կենդանութեան օրերուն սահմանուած էր, որ Լեզուաբանական ընկերութեան նախագահը պէտք է ըլլայ ազգային կրթութեան նախարարը: Այսպիսով, թրքական պետութեան եւ կազմակերպութեան միջեւ կառուցուածքային կապը կը խզուի: Երկրորդ կարեւորագոյն կառուցուածքային փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ 1982-1983-ին: 1982-ին ընդունուած եւ մինչեւ օրս գործող սահմանադրութեամբ «Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը» եւ «Թրքական պատմագիտական ընկերութիւնը» կը միաւորուին մէկ ընդհանուր կառոյցի տակ՝ «Աթաթուրքի անուան մշակութային, լեզուաբանական եւ պատմագիտական ընկերութիւն» կազմին մէջ: Այսպիսով, պետութեան հետ եղած կապը կը վերահաստատուի աւելի ամուր հիմքով՝ օրէնքի ուժով [23]:

Պատմութիւն

Հին թրքերէն արձանագրութիւն՝ հին թրքերէն տառերով (8-րդ դար, Քիզիլ, Ռուսիա)

Գիտութեան ծանօթ թրքերէն հնագոյն գրաւոր աղբիւրները օրհոնեան գրաւոր յուշարձաններն են, որոնք յայտնաբերուած են ժամանակակից Մոնկոլիոյ տարածքին մէջ։ Յուշարձանները կը կանգնին Թրքական երկրորդ կագանատի ժամանակաշրջանի արքայազն Քուլ Թիկինի եւ իր եղբօր՝ կայսր Պիլկէ Խականի պատւոյն համար։ 1889-1893 թուականներուն ընթացքին Օրհոն գետի դաշտավայրի ընդարձակ տարածքին մէջ ռուս հնագէտներու կողմէ այս յուշարձաններու եւ քարէ սալիկներու յայտնաբերուելէն եւ պեղումներէ ետք կը հաստատուի, որ յուշարձաններու արձանագրութիւններու լեզուն հին թրքերէնն է՝ գրուած հին թրքական այբուբենով, որ ծանօթ է իբրեւ «թրքական ռուներ» կամ «ռունիֆորմ»՝ շնորհիւ անոր, որ արտաքին նմանութիւններ ունի գերմանական ռունական այբուբենի հետ։ Այդ յուշարձանները կը վերագրուին Ք.ա. 8-րդ դարուն [24][25]:

Վաղ միջնադարեան (6-11-րդ դարեր) թրքական նուաճումներուն ժամանակ, թրքախօս զանգուածները կը տարածուին Կեդրոնական Ասիոյ մէջ՝ ընդգրկելով հսկայական աշխարհագրական տարածաշրջան, որ կ'երկարէր Սիպիրէն մինչեւ Եւրոպա եւ Միջերկրական ծով։ Սելճուկները 11-րդ դարուն Փոքր Ասիա բերին իրենց լեզուն՝ օղուզերէնը, որ ներկայիս թրքերէնի անմիջական նախկին լեզուն է։ 11-րդ դարուն թրքական լեզուներ ուսումնասիրող Մահմուտ Քաշկարին (Քաշկարացի), որ Գարախանեան պետութենէն էր, գրած է թրքական լեզուներու առաջին համապարփակ բառարանը եւ կազմած է թրքախօս բնակչութեան աշխարհագրական տեղաբաշխման քարտէսը՝ զանոնք զետեղելով «Թրքական լեզուներու տիւան» (օսմաներէն՝ Divânü Lügati't-Türk) աշխատանքին մէջ։

Ներկայիս Թուրքիոյ թրքերէնը բոլորած է զարգացման 4 փուլ[26]

  1. Հին անատոլական թրքերէն. 13-15-րդ դարեր
  2. Դասական օսմաներէն. 16-19-րդ դարեր
  3. Նոր օսմաներէն. 19-20-րդ դարեր
  4. Հանրապետական շրջանի թրքերէն. 20-րդ դարուն սկիզբէն մինչեւ այսօր

Ալթայական լեզուախումբ

Լեզուաբանական գրականութեան մէջ սովորաբար իբրեւ լեզուաընտանիք կամ լեզուախումբ յիշատակուող ալթայական լեզուները տարբեր դասակարգումներու համաձայն կը ներառեն 3 (թրքական, մոնկոլական, տունկուս-մանճուրական) կամ 5 ճիւղ՝ ներառեալ նաեւ քորիէրէնն ու ճափոներէնը [27]: Այս տեսութեան համաձայն, թրքական, մոնկոլական, տունկուս-մանճուրական լեզուները, քորիէրէնն ու ճափոներէնը ազգակից են եւ ունին ընդհանուր ծագում. մէկ ընդհանուր մայր լեզուէ յառաջացած են: Այդ ընդհանուր մայր լեզուն ենթադրեալ լեզու է եւ, բնականաբար, որեւէ անուանում չունի: Ալթայական լեզուաընտանիքի տեսութեան կողմնակիցները այդ երեւակայական լեզուին կու տան «ալթայերէն» անունը [28]: Տեսականօրէն ենթադրուող այդ ալթայերէնի հետագայ ճիւղաւորումներէն զարգացած է այսօրուան թրքերէնը:

Օսմանեան թրքերէն

950-ին իսլամութիւնը կ'ընդունին Քարախանեան պետութիւնը եւ սելճուք թուրքերը, որոնք կը նկատուին օսմանցիներու արմատները եւ մշակութային նախնիները։ Այս պետութիւններու վարչական լեզուն բազմաթիւ բառեր փոխ առած է արաբերէնէն եւ պարսկերէնէն։ Օսմանեան ժամանակաշրջանի Թրքական գրականութիւնը՝ մասնաւորապէս Տիւանի գրականութիւնը, մեծապէս կը կրեն պարսկերէնի ազդեցութիւն՝ ներառեալ բանաստեղծական չափերը եւ մեծաքանակ փոխառութիւնները։ Օսմանեան կայսրութեան (1299-1922) գրական եւ պաշտօնական լեզուն՝ օսմաներէնը, որ կը ներկայացնէ թրքերէնի, արաբերէնի եւ պարսկերէնի խառնուրդ, զգալիօրէն կը տարբերի այսօրուան թրքերէնէն։ Առօրեայ խօսակցական թրքերէնով, որ յայտնի իբրեւ «կոպիտ թրքերէն» (kaba Türkçe), կը խօսուի հիմնականին ցած կրթական մակարդակի տէր մարդոց եւ գիւղաբնակներուն կողմէ։ Անոնց խօսակցական լեզուն կը ներառէ մայրենի լեզուի բառապաշարի մեծ մասը եւ հիմք կը ծառայէ ժամանակակից թրքերէնին[29]։

Լեզուական բարեփոխումներ եւ ժամանակակից թրքերէն

Թրքական ժամանակակից պետութեան հիմնադրութենէն եւ գրային բարեփոխումէն ետք՝ 1932-ն, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի գլխաւորութեամբ կը հիմնուի Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը, որուն նպատակն էր հետազօտութեան ենթարկել թրքերէնը։ Նոր հիմնուած կազմակերպութեան խնդիրներէն էր նախաձեռնել լեզուական բարեփոխում՝ փոխարինելով արաբական եւ պարսկական փոխառութիւնները թրքերէն համարժէքներով[30]։ Մամուլին մէջ փոխառեալ բառերու կիրարկումը արգիլելով՝ Ընկերութիւնը կը յաջողի լեզուէն դուրս մղել քանի մը հարիւր օտար բառ։ Բառերուն մեծ մասը, որ ԹԼԸ-ի կողմէ կը ներառուին լեզուին մէջ, նոր կազմուած էին թրքական արմատներով եւ յատուկ ընտրուած էին, որպէսզի վերակենդանացնէին հին թրքերէն բառերը, որոնք դարերէ ի վեր չէին կիրարկուած[31]։

Լեզուական այսպիսի արագ փոփոխութեամբ, տարիքով աւելի մեծերու եւ երիտասարդներու բառապաշարը կը սկսի չհամապատասխանել եւ իրարմէ տարբերիլ։ Մինչեւ 1940-ականները ծնած սերունդը աւելի կը հակէր արաբա-պարսկական ծագում ունեցող բառերը կիրարկելու, մինչդեռ երիտասարդ սերունդը կը նախընտրէր նոր արտայայտութիւնները։ Հետաքրքրականը այն է, որ 1927-ին խորհրդարանին մէջ իր յայտնի երկար ելոյթին (Ճառ, Nutuk) ժամանակ Աթաթուրքի օգտագործած օսմաներէնի ոճական ձեւերը, չնայած որ ժամանակակից թրքերէն «թարգմանուած էին» շուրջ 3 անգամ՝ 1963, 1986 եւ 1995-ին, խորթ են ներկայ սերունդի ընթերցողներուն համար[32]։

Անցեալ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը շարունակական աշխատանք կը տանի թրքերէն այնպիսի բառեր մշակելու, որոնք պիտի արտայայտէին նոր գաղափարներ ու արհեստագիտական եզրեր։ Անոնք հիմնականօրէն կը փոխառուէին անգլերէնէն։ Այդ բառերուն մեծ մասը, յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութեան վերաբերեալ եզրերը, համընդհանուր կիրարկութիւն կը գտնեն։ Այնուամենայնիւ, ԹԼԸ-ն երբեմն կը քննադատէ արհեստական եւ յօրինուած բառերու ստեղծումը։ Որոշ փոփոխութիւններ, որ եղած էին աւելի կանուխ, օրինակ bölem-ի փոխարինումը fırka -ով (կուսակցութիւն), չարժանացան համընդհանուր հաւանութեան (fırka-ն կը փոխարինուի ֆրանսերէնէ փոխառեալ parti-ով)։ Որոշ բառեր ալ կը վերադարձուին հին թրքերէնէն եւ կը ստանան յատուկ իմաստներ։ Օրինակ, betik -ը (սկզբնական իմաստը՝ գիրք) այժմ կը կիրարկուի «ձեռագիր» (ձեռագրային լեզու) համակարգչային գիտութեան մարզին մէջ[33]։ Բառերուն մեծ մասը, որոնք գործածութեան մէջ դրուած են ԹԼԸ-ի կողմէ, ունին նաեւ իրենց հին համարժէքները։ Ասիկա սովորաբար կը պատահի այն ժամանակ, երբ փոխառեալ բառը կը փոխէ իր իմաստը։ Օրինակ, dert բառը, որ կը ծագի պարսկերէն dard (درد, «ցաւ») բառէն, թրքերէնի մէջ կը նշանակէ «հոգ, մտածում», մինչդեռ բուն թրքական ağrı բառը կ'օգտագործուի «ֆիզիքական ցաւը» արտայայտելու համար։ Երբեմն փոխառութիւնը իր նշանակութեամբ քիչ մը կը տարբերի բուն թրքական բառէն, ինչպէս գերմանական եւ ռոմանական բառերը անգլերէնի մէջ։ Ժամանակակից թրքերէն բառերու եւ հին փոխառութիւններու օրինակները ստորեւ․

Օսմաներէն Ժամանակակից թրքերէն Հայերէն թարգմանութիւն Մեկնաբանութիւններ
müselles üçgen եռանկիւն Կազմուած է üç թիւէն

եւ gen վերջածանցէն

tayyare uçak օդանաւ Կը ծագի uçmak ՝ «թռչիլ» բայէն,

սկիզբը առաջարկուած է բառը օգտագործել «օդակայան» իմաստով

nispet oran 1․յարաբերութիւն, 2․համաչափ

3․ենթադրութիւն, վարկած

Մինչեւ օրս հին բառը եւս կը կիրարկուի նորին հետ միասին։ Ժամանակակից բառին արմատը հին թրքական -or «կտրել» բայն է։
şimal kuzey հիւսիս Կը ծագի հին թրքերէն kuz («մութ եւ ցուրտ տարածք», «ստուեր» ) գոյականէն։ Բառը ետ վերադարձուած է միջին թրքական կիրարկութենէն[34]։
teşrinievvel ekim Հոկտեմբեր ekim գոյականը կը նշանակէ «տնկում, աճեցում», բառը ցոյց կու տայ աշնան հացահատիկի սերմերը ցանելու գործընթացը, որ լայնօրէն տարածուած է Թուրքիոյ մէջ։

Թրքերէնի բարբառներ

Ժամանակակից թրքերէնի հիմքը Պոլսոյ խօսակցական լեզուն է[35]։ «Պոլսոյ թրքերէնը» ("İstanbul Türkçesi") գրաւոր եւ խօսակցական թրքերէնի այն օրինակն է, որ կ'առաջարկէին Զիա Գէոքալփը, Օմեր Սէյֆետտինը եւ այլք[36]։ Շարք մը բարբառներ գոյութիւն ունին 1930-ականներէն սկսած թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ կրթական համակարգի կողմէ բարբառներու կարգաւորման (որոշակի բարբառներու՝ իրարու հետ ձուլման, միախառնման գործընթաց, որ յաճախ կ'ուղեկցուի լեզուի պարզացումով) շնորհիւ[37]։ Գիտական շրջանակներու մէջ թուրք ուսումնասիրողները թրքական բարբառները կ'ընդունին իբրեւ բերանացի խօսք (ağız) կամ ճիւղ (şive)՝ առաջնորդուելով անորոշ լեզուական բառբառներով։ Թրքական բարբառները ուսումնասիրելու ծրագիրներ կ'իրականացուին քանի մը համալսարաններու մէջ։ Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը նոյնպէս նուիրուած է այս գործին։ Աշխատանքները տակաւին ընթացքի մէջ են եւ կը նախատեսուի կազմել ու հրատարակել թրքական բարբառներու համապարփակ աթլաս[38][39]։

Ռումելիերէնը (Rumelice), որ կը խօսին Ռումելիայէն (Թուրքիոյ եւրոպական հատուած) ներգաղթածները կը ներառոէ Լուտոկորիվի, Տինլերի, Ատաքալէի առանձին բարբառներ, որոնց մէջ նկատելի է պալքանեան լեզուական միջավայրի ազդեցութիւնը։ Kıbrıs Türkçesi-ն Կիպրոսի թրքերէնն է, որ կը խօսին Կիպրոսի թուրքերը։ Էտիրնէի բարբառը կը կրէ Edirne անունը։ Ege-ով կը խօսին Էգէական ծովուն տարածաշրջանի բնակիչները։ Այս բարբառը կը տարածուի ընդհուպ մինչեւ Անթալիա։ Քոչուոր եուրեուքները, որոնք կը բնակին Միջերկրական ծովուն թրքական ափին վրայ, նոյնպէս ունին իրենց ուրոյն բարբառը[40] Անոնք պէտք չէ շփոթել Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Հանրապետութիւն, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ եւրոպական շրջաններուն մէջ բնակող եուրեուքներու հետ, որոնք կը խօսին պալքանեան կակաուզերէն։ Հարաւ-արեւելեան շրջաններէն մինչեւ Մերսինի արեւելեան շրջաններ կը խօսին Güneydoğu բարբառը։ Doğu բարբառը, որ կը խօսուի Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ, ունի բարբառներու շղթայ։ Մեսխեթցի թուրքերը, որոնք կ'ապրին Ղազախիստանի, Ազրպէյճանի, Ռուսաստանի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ որոշ շրջաններու մէջ, կը խօսին Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններու Doğu բարբառը, որ կը ծագի Կարսի, Արտահանի եւ Արդուինի շրջաններէն եւ նմանութիւններ ունի ազրպէյճաներէնի[41]։ Թուրքիոյ կեդրոնական շրջաններու բարբառը կը կոչուի Orta Anadolu։ Karadeniz-ը Սեւ ծովեան արեւելեան տարածաշրջանի բարբառն է, որ կը կոչուի նաեւ Տրապիզոնի բարբառ։ Այս բարբառին մէջ յստակօրէն կ'երեւի յունարէնի հնչիւնական համակարգի եւ շարահիւսութեան հիմնարար ազդեցութիւնը[42]։ Անիկա ծանօթ է նաեւ լազական բարբառ (չշփոթե՛լ լազերէնի հետ) անունով։ Քաստամոնուն Քասթամոնուի եւ յարակից տարածքներու բարբառն է։ Քարամանեան թրքերէն կը խօսին Յունաստանի մէջ, ուր անիկա կը կոչուի քարամանլիտիքա։ Վերջինս քարամաններու գրական լեզուն է[43]։

Թրքերէնի հնչիւնական համակարգ

Բաղաձայններ

Թրքերէնի բաղաձայն հնչիւններ
Շրթնային Ատամնային Վերատամնային Յետվերատամնային Քիմքային Ետնալեզուային Կոկորդային
Ռնգային m n
Պայթական p b t d (c) (ɟ) k g
Կիսաշփական t͡ʃ d͡ʒ
Շփական f v s z ʃ ʒ h
Առաջնալեզուային v (ɫ) l j
Միաշեշտ r

Աղբիւրներէն մէկուն համաձայն, ինչպէս հայերէնի, նոյնպէս թրքերէնի բաղաձայնները կը սահմանուին իբրեւ եռաշարք ուժեղ-թոյլ հնչիւններ (շնչեղ, ռնգային, ձայնեղ)[44]։ Հնչոյթը, որ սովորաբար կը նշուի իբրեւ yumuşak g (փափուկ կ) թրքերէնի ուղղագրութեան մէջ կը գրուի ⟨ğ⟩։ Անիկա կլոր ձայնաւորներուն միջեւ կը ներկայանայ իբրեւ ձայնային յաջորդականութիւն կամ աւելի թոյլ երկշրթնային առաջնալեզուային հնչիւն, իսկ ոչ կլոր առաջնային ձայնաւորներուն միջեւ՝ թոյլ քիմքային առաջնալեզուային հնչիւն եւ որեւէ այլ տեղ ձայնային յաջորդականութիւն։ Ğ-ն երբեք չի յայտնուիր բառի կամ վանկի սկիզբը. միշտ կը յաջորդէ ձայնաւորին։ Երբ բառին վերջաւորութեան է կամ կը նախորդէ այլ բաղաձայնի մը, կ'երկարէ բաղաձայնը[45]։

Բուն թրքական բառերուն մէջ [c], [ɟ] եւ [l] հնչիւնները լրացուցիչ դասակարգման մէջ կը գտնուին [k], [ɡ] եւ [ɫ] հնչիւններուն հետ․ մէյ մը կը յայտնուին առաջնային ձայնաւորներու կողքին, մէյ մըն ալ՝ յետնային ձայնաւորներու։ Սովորաբար այս հնչոյթներու դասաւորումը անկանխատեսելի է, յատկապես փոխառեալ բառերու եւ յատուկ անուններու պարագային։ Որոշ բառերու մէջ [c], [ɟ] եւ [l] հնչիւնները հանդէս կու գան յետնային ձայնաւորներու հետ[46]։

Բաղաձայններու առնմանութիւն

Թրքերէնի ուղղագրութիւնը ունի բաղաձայններու առնմանութիւն, երբ բաղաձայնները կը դառնան ձայնեղ աղմկային։ Ինչպէս օրինակ՝ b, d, c, ɡ ձայնաւորները կը դառնան համապատասխանաբար p, t, ç, k, երբ բառին վերջաւորութեան են կամ բաղաձայնէն առաջ, բայց կը պահպանեն ձայնեղութիւնը ձայնաւորէն առաջ։ Փոխառեալ բառերուն մէջ /k/-ի ձայնեղ համարժէքը /g/-ն է, իսկ թրքական ծագումով բառերուն՝ /ğ/-ն[47][48]։

Ձայնաւորներու առնմանութիւնը գոյականներուն մէջ
Հիմնական
բաղաձայն
Փոխուած
տարբերակ
Հիմնական
ձեւոյթ
Բառարանային տարբերակ Տրական /
հոլով
Նշանակութիւն
b p *kitab kitap kitaba գիրք (փոխառութիւն)
c ç *uc uca ծայր, եզր
d t *bud but buda ազդր
g k *reng renk renge գոյն (փոխառութիւն)
ğ k *ekmeğ ekmek ekmeğe հաց

Ասիկա կը նմանի ռուսերէնին եւ գերմաներէնին, բայց թրքերէնի պարագային արտասանութիւնը սովորաբար կը ստիպէ համապատասխանեցնել հնչիւնները։ Մինչդեռ կարգ մը պարագաներու, ինչպես ad /at/ («անուն») գոյականի պարագային (տրականը՝ada) հոլովելու ժամանակ հիմնական ձեւը պահպանուի (կամ at /at/ «ձի», տրականը՝ata)։ Բացառութիւն են նաեւ od «կրակ» եւ ot «խոտ», sac «թիթեղ» եւ saç «մազ» բառերը։ Շատ փոխառեալ բառեր, ինչպէս kitap-ը կ'արտասանուին ինչպէս որ կը գրուին, բայց շատ բառեր, ինչպէս, hac («հաջ»), şad («ուրախ»), yad(«օտար, օտարական») կը պահպանեն իրենց հիմնական ձեւը։

Բուն թրքական գոյականները, որ կազմուած են 2 կամ աւելի վանկէ եւ կը վերջանան /k/ հնչիւնով, գրեթէ բոլորը ձեւափոխուած տարբերակներուն մէջ հիմնական բառին վերջաւորութեան կ'ունենան /ğ/։ Իսկ բայերու եւ միավանկ գոյականներու պարագային հիմնական /k/-ն կը պահպանուի[49]։

Ձայնաւորներ

Թրքերէնի ձայնաւորներն են՝ ⟨a⟩, ⟨e⟩, ⟨ı⟩, ⟨i⟩, ⟨o⟩, ⟨ö⟩, ⟨u⟩, ⟨ü⟩[50]։ Թրքերէնի ձայնաւորներու համակարգը կրնայ համարուիլ եռաչափ, ուր ձայնաւորները կը բնութագրուին ըստ իրենց արտայայտուած ձեւին եւ տեղին՝ առջնային եւ յետնային, կլոր եւ ոչ կլոր, ինչպէս նաեւ ձայնի բարձրութեամբ։ Ձայնաւորները կը դասակարգուին հետեւեալ կերպով՝ [±յետնային], [±կլոր] եւ [±բարձր][50][51]։ Երկբարբառներ կան միայն փոխառեալ բառերու մէջ կրնան դասակարգուիլ իբրեւ իջնող երկբարբառներ, որ սովորաբար կ'ուսումնասիրուին իբրեւ /j/ -ին կամ ձայնաւորին յաջորդող[52]։

Ձայնաւորներու ներդաշնակութիւն

Թրքերէնի ձայնաւորներու ներդաշնակութիւն Առաջնային ձայնաւորներ Յետնային ձայնաւորներ
Ոչ կլոր Կլոր Ոչ կլոր Կլոր
Ձայնաւոր e /e/ i /i/ ü /y/ ö /ø/ a /a/ ı /ɯ/ u /u/ o /o/
Երկաստիճան (Յետնային) e a
Քառաստիճան (Յետնային + Կլոր) i ü ı u

Թրքերէնը կցական լեզու է, ուր վերջածանցներու շարքը կը կցուի բառի արմատին։ Ձայնաւորներու ներդաշնակութիւնը հնչիւնաբանական գործընթացք մըն է, որ կ'ապահովէ հնչիւնների հարթ հոսք՝ պահանջելով նուազագոյն բերանի շարժումներ։ Ձայնաւորներու ներդաշնակութիւնը կարելի է դիտարկել իբրեւ ձուլման գործընթացք, երբ յաջորդ ձայնաւորները կը վերցնեն նախորդ ձայնաւորի առանձնայատկութիւնները[53]։ Թրքերէնի ձայնաւորները կարելի է դիտարկել նաեւ երկու համադրական համակարգերու մէջ՝ a-առանց կէտերու (a, ı, o, u), ուր յետնային ձայնաւորները բերանի յետնային մասով կ'արտասանուին, եւ e-կէտերով (e, i, ö, ü)՝ բերանի առաջնային մասով արտասանուող։ Ձայնաւորներու արտասանութեան տեղը եւ ձեւը կ'որոշեն, թէ որ տեսակի ձայնաւորի ներդաշնակութեան պիտի ենթարկուի բառը[54]։
Քերականական ածանցները ունին «քամելէոնի ազդեցութիւն»[55] եւ կ'ենթարկուին ձայնաւորներու ներդաշնակութեան հետեւալ ձեւերուն․

  • Երկաստիճան (-e/-a)[56]․ օրինակ, ներգոյական հոլովի ածանցը առաջնային ձայնաւորներէն ետք -de -ն է, իսկ յետնայիններէն ետք՝ -da -ն։ Այսպիսի օրինակի համար յարմար է-de² կրճատ նշագրումը։
  • Քառաստիճան (-i/-ı/-ü/-u)․ սեռական հոլովի ածանցը, օրինակ, -in կամ-ın է ոչ կլոր ձայնաւորներէն ետք (համապատասխանաբար առաջնային եւ յետնային), եւ -ün կամ-un է համապատասխան կլոր ձայնաւորներէն ետք. Այս օրինակին համար կ'օգտագործուի -in4 կրճատ նշագրումը։

Գործնականին մէջ երկկողմ տարբերակը (յայտնի է նաեւ e տիպի ձնկ (ձայնաւորներու ներդաշնակութեան կանոն) նշանակէ, որ եթէ միջավայրը, ուր ձայնաւորը ձեւաւորուած է բառի արմատին մէջ, բերանի առաջնային մասն է, ածանցը պէտք է լինի e-ով, իսկ եթէ յետնային է՝ ապա a-ով։ Քառաստիճան օրինակին մէջ (յայտնի է իբրեւ i տիպի ձնկ) կը հաւասարակշռէ կլորները այնպէս, ինչպէս յետնայինի ու առաջնայինի պարագային։ Հետեւեալ օրինակները, որ հիմնուած են dir4 մասնիկի վրայ, կը ներկայացնեն i տիպի ձնկ-ն[53] The following examples, based on the copula -dir4 ("[it] is"), illustrate the principles of i-type vowel harmony in practice: Türkiye'dir ("it is Turkey"),[57] kapıdır ("it is the door"), but gündür ("it is the day"), paltodur ("it is the coat").[58]։

'

Ձայնաւորներու ներդաշնակութեան կանոնին մէջ կան նաեւ որոշակի բացառութիւններ․

  1. Որոշ բուն թրքական արմատ ունեցող բառեր, ինչպէս օրինակ anne (մայր), elma (խնձոր) եւ kardeş (եղբայր)։ Այս օրինակներուն մէջ վերջածանցները ներդաշնակութեան կ'ենթարկուին վերջին ձայնաւորին հետ։
  2. Բաղադրեալ բառերը, ինչպէս օրինակ, bu-gün (այսօր) եւ baş-kent (մայրաքաղաք)։ Այս օրինակներուն մէջ ձայնաւորները ներդաշնակութիւն չեն պահանջեր բաղկացուցիչ բառերուն միջեւ։
  3. Փոխառեալ բառերը սովորաբար չեն ենթարկուիր ձնկ-ին, հակառակ անոր, որ կարգ մը օրինակներու մէջ ածանցները ներդաշնակութեան կ'ենթարկուին առաջնային ձայնաւորին հետ, նոյնիսկ այն բառերուն մէջ, որոնց վերջին վանկին մէջ չկայ առաջնային ձայնաւոր։ Սովորաբար վերոնշեալը տեղի կ'ունենայ այն պարագային, երբ բառերը կ'աւարտին յետվերատամնային [l]-ով։ Օրինակ, halsiz < hal + -siz (անտարբեր), meçhuldür< meçhul + -dir (անհայտ է)։ Փոխառեալ ածանցները չեն ենթարկուիր ձնկ-ին․ -izm (ateizm «աթէիզմ»), -en (փոխառուած է ֆրանսերէնէն, ածականի գերադրական աստիճանն է,« ամենա․․․»), anti- (antidemokratik «հակաժողովրդավարական»)։
  4. Շարք մը բուն թրքական վերջածանցներ նոյնպէս անփոփոխ են, ինչպէս կարելիութեան -abil մասնիկը կամ -ken մասնիկը, ինչպէս նաեւ ներկայ ժամանակի -yor վերջածանցը։ Կան նաեւ որոշ ճիւղաւորուած վերջածանցներ, որոնք եւս չեն ենթարկուիր ձնկ-ին՝ -gen-ը üçgen-ին մէջ (եռանկիւնի) կամ altıgen-ի մէջ (վեցանկիւն)։

Գիւղական որոշ բարբառներու մէջ կը բացակային նշեալ բացառութիւնները․

  • բուն թրքական բաղադրութիւն, որ չ'ենթարկուիր ձնկ-ին՝Orta+köy («կեդրոնական գիւղ»․ տեղանուն է)
  • փոխառութիւնները եւս կը խախտեն ձայնաւորներու ներդաշնակութիւնը՝ viyadük (<ֆրանսերէն viaduc-էն «ուղեկամուրջ»)
  • ստացական վերջածանց -i 4 ներդաշնակութեան կ'ենթարկուի վերջին ձայնաւորին հետ (եւ փափկացնէ k-ն բաղաձայններու առնմանութեամբ)՝ viyadüğü։

Ձայնաւորներու ներդաշնակութեան կանոնները կրնան փոխուիլ ըստ տարածաշրջանային բարբառի։ Թրքերէնի տրապիզոնեան բարբառին մէջ, որ տարածուած Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանին մէջ, կ'ենթարկուի հին անատոլիական թրքերէնի կրճատուած ձայնաւորներու ներդաշնակութեան, որ 2 ձայնաւորներու (ü եւ ı) կորուստին պատճառով լրացուցիչ բարդացած է, հակառակ որ կը բացակայի նաեւ յետվերատամնային ներդաշնակութիւնը։ Օրինակ, elün կը նշանակէ «քու ձեռքդ»։ Մինչ երկրորդ դէմքի եզակի պատկանելիութեան վերջածանցը կը փոխուի առաջնային եւ յետնային ձայնաւորներու միջեւ, կը դառնայ -ün կամ -un, ինչպէս elün կամ kitabun։ Տրապիզոնի բարբառին մէջ ü ձայնաւորի պակասութեան պատճառով 2 պարագաներուն ալ կ'օգտագործուի -un տարբերակը՝ elun, kitabun[59]։

Բառի շեշտադրութիւնը թրքերէնի մէջ

Բառերուն մեծ մասին մէջ շեշտը կ'իյնայ վերջին վանկին վրայ։ Կան քանի մը բացառութիւններ, որոնց մէջ կը մտնեն որոշակի փոխառութիւններ, մասնաւորապէս, իտալերէն եւ յունարէն փոխառութիւնները, որոնք ձայնարկութիւններ են, որոշ հարցական բառեր, մակբայներ (բայց ոչ ածականներ, որոնք կը կատարեն նաեւ մակբայի գործառոյթ) եւ շարք մը յատուկ անուններ։ Փոխառութիւններուն մէջ հիմնականին կը շեշտուի նախավերջին վանկը՝ [ɫoˈkanta] lokanta- ճաշարան կամ [isˈcele] iskele -նաւահանգիստ։ Յատուկ անուններուն մէջ եւս սովորաբար կը շեշտուի նախավերջին վանկը՝ [isˈtanbuɫ] İstanbul, սակայն երբեմն կը շեշտուի վերջաւորութենէն երրորդ վանկը, եթէ բառը կը վերջանայ կրետացի չափով՝ [ˈaŋkaɾa] Ankara։

Ի յաւելումն, որոշ վերջածանցներու պարագային, ինչպէս -le «հետ» եւ բայի ժխտական ածանցը -me-/-ma-, շեշտը կ'իյնայ անոնց նախորդող վանկին վրայ՝ kitáp-la «գիրքով», dé-me-mek «չասել»[60]։

Որոշ պարագաներու մէջ (օրինակ, բարդ բառերու երկրորդ մասին մէջ կամ, երբ բային կը նախորդէ անորոշ խնդիր) բառին շեշտը կը ճնշուի եւ չի լսուիր։

Շարահիւսութիւն

Նախադասութիւններու խումբեր

Թրքերէնի մէջ կան նախադասութիւններու երկու խումբեր՝ բայական եւ անուանական։ Վարը նշուած բայական նախադասութեան օրինակին մէջ ստորոգեալը սահմանական բայ է, մինչդեռ անուանական նախադասութեան մէջ պէտք է ունենայ կամ ոչ բացայայտ բայ, կամ կապող բայ՝ ol կամ -y- («ըլլալ» բայի տարբերակներն են)[61]։

Նախադասութեան տեսակներ Թրքերէն Հայերէն
Ենթակայ Ստորոգեալ
Բայական Necla okula gitti Նեճլան դպրոց գնաց։
Անուանական (առանց բայի) Necla oğretmen Նեճլան ուսուցիչ է։
Կապող բայով Necla ev-de-y-miş (գծիկները կ'ուրուագծեն վերջածանցները) Նեճլան հաւանաբար տունն է։
Ժխտում

Նախադասութեան երկու տիպերը ունին ժխտման տարբեր ձեւեր։ Անուանական նախադասութեան ժխտումը կը կատարուի değil բառի յաւելումով։ Օրինակ, վերի նախադասութեան ժխտականը կ'ըլլայ «Necla oğretmen değil» (Նեճլան ուսուցիչ չէ)։ Բայական նախադասութիւնը կը պահանջէ բային ժխտական վերջածանցի՝ -me-ի յաւելում (կը դրուի բայի արմատէն ետք եւ ժամանակ ցոյց տուող ածանցէն առաջ)։ Necla okula gitmedi (Նեճլան դպրոց չի գնաց)[62]։

Հարցական նախադասութիւն

Բայական նախադասութիւններուն մէջ -mi հարցական ձեւը առանց որեւէ այլ մասնիկի կը դրուի նախադասութեան վերջաւորութեան, ինչպէս՝ Necla okula gitti mi? (Նեճլան գնա՞ց դպրոց)։ Անուանական նախադասութիւններուն մէջ -mi-ն կը դրուի ստորոգեալէն ետք, բայց նախքան անձնական վերջածանցը․ Necla, siz oğretmen misiniz? (Նեճլա՛, դուք ուսուցի՞չ էք)։

Բառի կարգ

Պարզ թրքերէն նախադասութեան մէջ բառի կարգը, ինչպէս քորիերէնի եւ լատիներէնի մէջ, հիմնականին մէջ հետեւեալ կերպ ձեւով է՝ ենթակայ-խնդիր-բայ։ Թրքերէնը ունի իրադարձութեան կամ դէպքի ընդգծման համակարգ եւ շարք մը քերականական ձեւեր կը մատնանշուին ձեւաբանական նշումներու օգտագործման միջոցով։ ԵԽԲ կառուցուածքը կրնայ խախտուիլ եւ ասիկա կրնայ նկատուիլ լեզուի «գործնական բառային կարգ»՝ երբ քերականական տեսանկիւնէն կարելի չէ վստահիլ բառային կարգին[63]։ Ընդհանրապէս, բառային կարգը կրնայ փոխուիլ որոշակի պատճառներով։

Անմիջապէս մակբայական

Քննարկենք հետեւեալ նախադասութիւնը․

Բառի կարգ Բառի շեշտադրում
Ենթակայ-խնդիր-բայ Ahmet

Ահմեթ

yumurta-yı

(հաւկիթը) (հայցական հոլով)

yedi

կերաւ

Չընդգծուած՝ Ահմեթը հաւկիթը կերաւ
Ենթակայ-բայ-խնդիր Ahmet yedi yumurta-yı Ընդգծուած է ենթական՝ Ահմեթ (Ահմեթն է, որ կերաւ է հավկիթը)
Խնդիր-բայ-ենթակայ Yumurta-yı yedi Ահմեթ Ընդգծուած է խնդիրը՝ հաւկիթ (Ահմեթին կերածը հաւկիթ է)
Ստորոգեալէն ետք

Ստորոգեալէն ետք գտնուիլը կը մատնանշէ կարեւոր տեղեկութիւն ըլլալը փաստը․ տեղեկութիւն մը, որ յայտնի է թէ՛ խօսողին, թէ՛ լսողին, կամ տեղեկութիւն մը, որ արդէն իսկ առկայ է բնագիրին մէջ։

Նախադասութեան տեսակ Բառի կարգ
Անուանական Ենթակայ-ստորոգեալ Bu ev güzelmiş (Գեղեցիկ էր այս տունը) Չընդգծուած
Ստորոգեալ-ենթակայ Güzelmiş bu ev (Այս տունը գեղեցիկ էր ) Հասկանալի է, որ նախադասութիւնը տան մասին է
Բայական Ենթակայ-խնդիր-բայ Bana da bir kahve getir (Ինծի ալ սուրճ բեր) Չընդգծուած
Bana da getir bir kahve (Սուրճ ինծի ալ բեր) Հասկանալի է, որ խօսողը սուրճ կ'ուզէ

Թրքերէնի քերականութիւն

Թրքերէնը կցական լեզու է, յաճախ կ'օգտագործէ ածանցներ, յատկապէս վերջածանցներ կամ վերջաւորութիւններ[64]։ Բառ մը կրնայ ունենալ շարք մը ածանցներ, ինչ որ կրնայ օգտագործուիլ նաեւ նոր բառեր կազմելու, ինչպէս օրինակ որեւէ անուն խօսքի մասէն բայ կամ ալ բայի արմատէն անուն կազմելու համար։ Ոորշ ածանցներ բառին մէջ ունին քերականական գործառոյթ[65]։ Միակ բուն թրքական նախամասնիկները բաղաձայնոյթը զօրացնող վանկերն են, որ կը կիրարկուին ածականներու եւ մակբայներու հետ՝ sımsıcak «շատ տաք, եռացող»< sıcak, masmavi -կաս-կապույտ< mavi[66]։

Շատ ածանցներու կիրարկութիւնը երկար բառեր առաջ կը բերէ, օրինակ, Çekoslovakyalılaştıramadıklarımızdanmışsınızcasına «Հաւանաբար դուք անոնցմէ էք, որոնցմէ մենք ձեզի չկրցանք չեխոսլովաք դարձնել»։ Երկար բառերը յաճախ կը կիրարկուին թրքերէնի մէջ, ինչպիսին է նաեւ թրքական թերթերու յօդուածներէն մէկուն հետեւեալ վերնագիրը Bayramlaşamadıklarımız «Անոնք, որոնց չկրցանք շնորհաւորել տօնական օրերու առիթով»[67]։

Գոյականներ

Թրքերէնի մէջ չկայ որոշիչ յօդ, առարկայի որոշակիութիւնը կ'արտայայտուի հայցական հոլովի կիրարկումով։ Թրքերէնի գոյականները կը հոլովուին վերջաւորութիւններ ստանալով։ Թրքերէնի մէջ գոյականը ունի 6 հոլով, որոնց բոլոր վերջածանցները կ'ենթարկուին ձայնաւորներու ներդաշնակութեան կանոնին[68]։ Յոգնակիակերտ մասնիկը՝ -ler ²-ը կը յաջորդէ անմիջապէս բառի արմատին։ Անկէ ետք նորէն կը դրուին միւս ածանցները՝ köylerin «գիւղերու»։

Հոլով Վերջաւորութիւն Օրինակներ Նշանակութիւն
köy «գիւղ» ağaç «ծառ»
Ուղղական Ø (չկայ) köy ağaç գիւղ/ծառ
Սեռական -in 4 köyün ağacın գիւղի/ծառի
Տրական -e ² köye ağaca գիւղին/ծառին
Հայցական -i 4 köyü ağacı գիւղը/ծառը
Բացառական -den ² köyden ağaçtan գիւղէն/ծառէն
Ներգոյական -de ² köyde ağaçta գիւղին մէջ/ծառին մէջ, ծառին վրայ

Բառը կը դրուի հայցական հոլովով այն պարագային, երբ յայտնի է առարկան որուն մասին խօսքը կ'ըլլայ․ համեմատենք հետեւեալ նախադասութիւնները․ (bir) ağaç gördük «ծառ մը տեսանք» եւ ağacı gördük «ծառը տեսանք»։ Յոգնակիակերտ -ler ² մասնիկը չի կիրարկուիր, երբ բառը դասակարգ կամ ինչ հանգամանք ցոյց կու տայ։ Օրինակ, ağaç gördük-ը հաւասարապէս կրնայ նշանակել թէ՛ «ծառ տեսանք», թէ՛ «ծառեր տեսանք»։ ağaç բառի թեքումները ցոյց կու տան թրքերէնի հնչիւնական համակարգի կարեւոր յատկութիւնները՝ բաղաձայններու առնմանութիւնը վերջածանցներուն մէջ (ağaçtan, ağaçta) եւ վերջին բաղաձայններու հնչեղացումը ձայնաւորներէն ետք (ağacın, ağaca, ağacı)։

Աւելցնենք, որ գոյականները կը ստանան նաեւ անձնական վերջածանցներ, օրինակ, -imiz 4 («մեր»)։ Այս մասնիկններու կցումով աւարտին կրնան կազմուիլ նախադասութիւններ։ Ժխտական mi 4 մասնիկը անմիջապէս կը յաջորդէ բառին հարցական նախադասութեան մէջ՝ köye mi? («Գյո՞ւղ (ես գնում)»), ağaç mı? («Ծա՞ռ է»)։

Թրքերէն Հայերէն
ev տուն
evler տուներ
evin տունդ
eviniz ձեր տունը
evim տունս
evimde տանս մէջ
evlerinizin ձեր տուներուն
evlerinizden ձեր տուներէն
evlerinizdendi ձեր տուներէն էր
evlerinizdenmiş ձեր տուներէն եղած է
Evinizdeyim. Ձեր տունն եմ
Evinizdeymişim. Ձեր տունն էի
Evinizde miyim? Ձեր տունն ե՞մ

Անձնական դերանուններ

Թրքերէնի անձնական դերանուններն են՝ ben (ես), sen (դուն), o (ան), biz (մենք), siz (դուք), onlar (անոնք)։ Անոնք կը հոլովուին որոշակի բացառութիւններով․ benim (իմ), bizim (մեր), bana (ինծի), sana (քեզի)։ Երրորդ դէմքի դերանուն o-ն հոլովուելու ժամանակ կը դառնայ on եւ նոր միայն կը ստանայ հոլովական վերջածանցներ։

Կապակցման եղանակներ (tamlama)

Երկու գոյականներ կամ գոյականներու խումբը կրնան կապուիլ հետեւեալ եղանակներով․

  • որոշեալ (ստացական) կապակցութիւն (belirtili tamlama), օրինակ, Türkiye'nin sesi (Թուրքիոյ ձայնը), ձայն, որ կը պատկանի Թուրքիոյ։ Այս կապակցութեան ձեւին մէջ սեռական հոլովի -in4 մասնիկը կը կցուի առաջին անունին, իսկ երկրորդ անունը կը ստանայ երրորդ դէմքի -(s) i 4 վերջածանցը։
  • անորոշ (որակող) կապակցութիւն (belirtisiz tamlama), օրինակ, Türkiye Cumhuriyeti (Թուրքիոյ Հանրապետութիւն)[69]։ Հոս առաջին գոյականը չունի որեւէ վերջաւորութիւն, իսկ երկրորդը ստացած է երրորդ դէմքի -(s)i4 վերջածանցը։

Ներքոբերյալ աղյուսակը ցուցադրում է վերոնշյալ սկզբունքները[70]։

Կապակցուած անուններ եւ անուններու խումբեր
Որոշեալ (ստացական) Անորոշ

(որակող)

Կցուած ձեւ Նշանակութիւն
kimsenin yanıtı ոչ մէկուն պատասխանը
"kimse" yanıtı «ոչ ոք» պատասխանը
Atatürk'ün evi Աթաթուրքի տունը
Atatürk Bulvarı Աթաթուրքի անուան զբօսայգի (ոչ թէ կը պատկանի Աթաթուրքին, այլ կոչուած է անոր յիշատակին համար)
Orhan'ın adı Օրհանի անունը
"Orhan" adı Օրհան անունը
r sessizi բաղաձայն r
r sessizinin söylenişi բաղաձայն r-ի արտասանութիւնը
Türk [Dil Kurumu] Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւն
[Türk Dili] Dergisi Թրքերէնի ամսագիր
Ford [aile arabası] Ֆորտ (Ford) ընտանեկան ինքնաշարժ
Ford'un [aile arabası] (Պրն) Ֆորտի ընտանեկան ինքնաշարժը
Ford ailesi՚nin arabası Ֆորտ ընտանիքի ինքնաշարժը [71]
Ankara [Kız Lisesi][72] Անքարայի օրիորդաց դպրոց
[yıl sonu] sınavları տարեվերջեան քննութիւններ
Bulgaristan'ın [İstanbul Başkonsolosluğu] Պոլսոյ մէջ Պուլկարիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւն (կը գտնուի Պոլսոյ մէջ, բայց կը պատկանի Պուլկարիոյ)
[ [İstanbul Üniversitesi] [Edebiyat Fakültesi] ] [ [Türk Edebiyatı] Profesörü] Պոլսոյ համալսարանի Գրականութեան բաժանմունքի թրքական գրականութեան դասախօս
ne oldum delisi «Ի՞նչ դարձեր եմ»[73] -Խենթ։

Վերջին օրինակը ցոյց կու տայ, որ որակող նախադասութիւնը կրնայ ըլլալ աւարտուն։

Գոյականներու կապակցութեան ձեւ մը եւս գոյութիւն ունի՝ անվերջածանց կապակցութիւն (takısız tamlama)։ Այս կապակցութեան մէջ առաջին գոյականը հանդէս կու գայ իբրեւ ածական․ Demir kapı (երկաթեայ դուռ), elma yanak (խնձոր թշներ, նկատի ունի կարմիր թշներ), kömür göz (սեւ աչքեր)։

Ածականներ

Թրքերէնի մէջ ածականները չեն հոլովուիր։ Սակայն շարք մը ածականներ, որ կրնան կիրարկուիլ իբրեւ գոյական, կը հոլովուին գոյականի նման։ Օրինակ, güzel («գեղեցիկ») → güzeller («գեղեցիկ մարդիկ, սիրուններ»)։ var (գոյութիւն ունեցող, կայ) and yok (գոյութիւն չունեցող, չկայ) ածականները կը կիրարկուին «կայ» եւ «չկայ», «ունի» եւ «չունի» իմաստներով՝ süt yok-կաթ չկայ, imparatorun elbisesi yok- Կայսրը հագուստ չունի, kedimin ayakkabıları yoktu -կատուս կօշիկներ չունէր։

Բայ

Թրքերէնի բայերը ունին դէմքեր։ Անոնք կրնան կազմել ժխտական, կարելիութեան եւ անկարելիութեան ձեւեր։ Բայերը ունին ժամանակներ (ներկայ, անցեալ, ապառնի եւ ընդարձակ), եղանակներ (պայմանական, հրամայական, հարկադրական, ըղձական, ենթադրական)։ Ժխտականը կը կազմուի -me²- մասնիկի միջոցով, որ անմիջապէս արմատին կը կցուի։

Թրքերէն Անգլերէն
gel- (գալ) եկո՛ւր
gelebil- (գալ) կարենալ գալ
gelme- (չգալ) մի՛ գար
geleme- չկարենալ գալ
gelememiş չկարենալ գալ
gelebilecek պիտի կարենայ գալ
gelmeyebilir կարելի չգայ
gelebilirsen եթէ կարենաս գալ
gelinir (կրաւորական) Եթէ մէկը գայ, այլ մարդիկ ալ կու գան
gelebilmeliydin պիտի կարենայիր գալ
gelebilseydin եթէ կարենայիր գալ
gelmeliydin պիտի գայիր

Թրքերէնի գրեթէ բոլոր բայերը խոնարհուին նոյն ձեւով։ Ամէնէն նշանաւոր բացառութիւնը անկանոն եւ անկատար բայ i-ն է, որ կրնայ օգտագործուիլ բաղադրեալ կառոյցներու մէջ․ Gelememişti = Gelememiş idi = Gelememiş + i- + -di։

Բայի ժամանակ

Թրքերէնի մէջ կայ բայի 9 պարզ եւ 20 բաղադրեալ ժամանակ։ 9 պարզ ժամանակներն են.- անցեալ կատարեալ (di'li geçmiş), անցեալ անկատար (miş'li geçmiş), ներկայ շարունակական, ընդարձակ ներկայ, ապառնի, ըղձական, ենթադրական, պայմանական եւ հրամայական[74]։ Բաղադրեալ ձեւերը կը միաւորուին 3 խումբերու մէջ, որոնք են պատմական (hikaye), ենթադրական (rivayet), պայմանական (koşul)[75]։

Հայերէն Հիմնական ժամանակ Պատմական (hikaye) Ենթադրական (rivayet) Պայմանական (koşul)
դուն գացիր gittin gittiydin gittiysen
դուն գացեր ես gitmişsin gitmiştin gitmişmişsin gitmişsen
դուն կ'երթաս gidiyorsun gidiyordun gidiyormuşsun gidiyorsan
կ'երթաս gidersin giderdin gidermişsin gidersen
պիտի երթաս gideceksin gidecektin gidecekmişsin gideceksen
եթէ երթաս gitsen gitseydin gitseymişsin
կարելի երթաս gidesin gideydin gideymişsin
պէտք է երթաս gitmelisin gitmeliydin gitmeliymişin
գնա՛ (հրամայական) git

Կան նաեւ կապակցուած բայեր, որոնք կը կազմուին բայարմատին այնպիսի վերջածանցներու կցումով ինչպիսիք են bil կամ ver-ը։ Bil-ը (կարենաթ, ի վիճակի ըլլալ) կարելիութեան վերջածանցն է։ Ver-ը արագութեան ցուցիչն է, kal-ը՝ անժամկետութեան, yaz-ը՝ բանի մը մօտ ըլլալու (գրեթէ)[76]։ Այսպէս, եթէ gittin կը նշանակէ «դուն գացիր», ապա gidebildin կը նշանակէ «կրցար երթալ», իսկ gidiverdin կը նշանակէ «արագ գացիր»։ Փաստօրէն, կապակցուած բայերը կը կազմուին այնպէս ինչպէս պարզ բայերը։

Դերբայներ (ածականական դերբայներ)

Թրքերէնի բայերը ունին յատկորոշիչ ձեւեր, ներառեալ ներկայ ժամանակի բայերը[77]։ Անոնք կը նմանին անգլերէնի դերբայներուն։ Կ'ունենան -en2, -ecek2, miş4,-er2 կամ ir4 վերջածանցները։ Անոնք կրնան կատարել ինչպէս ածականի, այնպէս ալ գոյականի գործառոյթներ, օրինակ, oynamayan çocuklar- երեխաներ, որոնք չեն խաղար, oynamayanlar-չխաղացողներ, okur yazar -կրթուած, okur yazarlar- կրթուածներ։

-en2 -ով կազմուող դերբայը չի համաձայնիր թըւով։ -ecek2 -ով դրված բառերը ցոյց կու տան ապառնի ժամանակ, իսկ -dik4 -ով դրուածները՝ ներկայ եւ անցեալ[78]։ Վերջին 2 ածանցները կը ստանան անձնական վերջածանցներ, օրինակ, yediğim - կերածս, yediğin-կերածդ եւ այսպէս շարունակաբար[79]։

Հայերէն համարժէք Օրինակ Թարգմանութիւն
Յարաբերական դերանունի հոլով Դերանուն Բառացի Խօսակցական
Ուղղական որ şimdi konuşan adam "հիմա խօսող մարդը" մարդը, որ հիմա կը խօսի
Սեռական որուն babası şimdi konuşan adam "հայրը հիմա խօսող մարդը" մարդը, որուն հետ հայրը հիմա կը խօսի
որուն babasını dün gördüğüm adam հօրը երէկ տեսածս մարդը մարդը, որուն հետ հայրս երէկ տեսայ
որուն resimlerine baktığımız ressam "իր նկարներուն մեր նայած նկարիչը" նկարիչը, որուն նկարները նայած ենք
որմէ muhtarı seçildiği köy "գիւղապետը ընտրուած գիւղ" գիւղ, որմէ ան գիւղապետ ընտրուած է
ուրկէ muhtarı seçilmek istediği köy գիւղ, ուրկէ ան կ'ուզէր գիւղապետ ընտրուիլ
Մնացեալ հոլովները որուն yazdığım mektup "իմ գրած նամակս" նամակը, որ ես գրած եմ
ուրկէ çıktığımız kapı "մեր դուրս եկած դուռը" դուռը, ուրկէ մենք դուրս եկանք
որով geldikleri vapur "անոնց եկած շոգենաւը" շոգենաւը, որով անոնք եկած էին
որ + լրացուցիչ դրոյթներ yaklaştığını anladığı hapishane günleri "մօտենալը հասկցած բանտային օրեր" բանտային օրեր, որոնց մօտենալը կը հասկանար[80][81]։

Ծանօթագրութիւններ

  1. Prof. Dr. Doğan Aksan, Türkiye Türkçesinin Dünü, Bugünü, Yarını, Bilgi, s. 68.
  2. Nalan Büyükkantarcıoğlu, “Türkçe Sözcük Biçimlenmesinde Düzlemler ve Türetmeler”, Hacettepe Üniversitesi Edebiyat Fakültesi Dergisi, Cilt: 17, Sayı: 1, s. 81-94.
  3. Sevan Nişanyan, Sözlerin Soyağacı, EK I: Türkçe Yapım Ekleri
  4. Zeynep Korkmaz, Türkiye Türkçesi Grameri (Şekil Bilgisi), Türk Dil Kurumu Yayınları, Ankara 2007, s. LXVII. ISBN 975-16-1643-3
  5. R. Rahmeti Arat, “Türk Şivelerinin Tasnifi”, Türkiyat Mecmuası, Cilt X, İstanbul 1953, s. 69-149.
  6. Raymond G. Jr. Gordon, Ethnologue: Languages of the World, Fifteenth edition. Language Family Trees - Altaic Ethnologue.com Կաղապար:En
  7. Kenneth Katzner, Languages of the World, Third Edition, Routledge, An imprint of Taylor & Francis Books Ltd., 2002, p. 18. ISBN 978-0-415-25004-7 Կաղապար:En
  8. {{| url = http://www.hurriyet.com.tr/dunya/29539783.asp | başlık = Geleceğin 10 dili sıralamasında Türkçe 9'uncu | tarih = 13 Temmuz 2015 | yayıncı = Hürriyet | erişimtarihi = 17 Temmuz 2015 | arşivurl = http://web.archive.org/web/20150822151644/http://www.hurriyet.com.tr:80/dunya/29539783.asp | arşivtarihi = 22 Ağustos 2015}}
  9. T.C. Anayasası, Birinci Kısım, Genel Esaslar, Madde 3, Devletin Resmî Dili
  10. “Kerkük’te Türkçe artık resmî dil!” Haber5 (22.12.2008)
  11. Kıbrıs Cumhuriyeti Anayasası Kıbrıs Cumhuriyeti Cumhurbaşkanlığı Կաղապար:En
  12. “Makedonya Gostivar’da Türkçe resmî dil” Milliyet (12.06.2005)
  13. “KEİPA heyetinin Makedonya ziyareti…” Haber3 (09.09.2012)
  14. Directory of Municipalities in the Republic of Macedonia: Municipality of Plasnica Makedonya Uluslararası İş Birliği Merkezi Կաղապար:En
  15. Directory of Municipalities in the Republic of Macedonia: Municipality of Mavrovo and Rostushe Makedonya Uluslararası İş Birliği Merkezi Կաղապար:En
  16. Directory of Municipalities in the Republic of Macedonia: Municipality of Vraneshtica Makedonya Uluslararası İş Birliği Merkezi Կաղապար:En
  17. Implementation of the Law on the Use of Languages by Kosovo Municipalities AGİT
  18. Gilan şehrinde Türkçe resmî dil oldu İHA
  19. Yasa No. 02/L-37: Dillerin Kullanımı İçin Yasa Kosova Cumhuriyeti Resmî Gazetesi
  20. Romania: “The provisions of the Charter shall apply to the following minority languages used on the territory of Romania” Avrupa Konseyi Կաղապար:En
  21. 21,0 21,1 Kırcaali Belediyesi resmî internet sitesi
  22. Hasan Kaili, Vassilios Spyropoulos, Marianthi Georgalidou, Aytaç Çeltek, Causative constuctions in the Turkish variety of the bilingual Muslim community of Rhodes: A preliminary research, 14th ICTL (Antalya, 6-8 August 2008), s. 1. Կաղապար:En
  23. 23,0 23,1 Tarihçe Türk Dil Kurumu resmî internet sitesi
  24. Prof. Dr. Muharrem Ergin, Orhun Abideleri, Boğaziçi Yayınları, İstanbul, 2002, s. XVI-XXII ISBN 975-451-017-4
  25. {{| soyadı1 = Konur | ad1 = Erdem | başlık = GEÇMIŞTEN GÜNÜMÜZE "İYİ" KELIMESI | url = http://www.edebi.net/index.php/edebi-eserler/makaleler/3572-erdem-konur-gecmisten-gunumuze-iyi-kelimesi | website = http://www.edebi.net/index.php/edebi-eserler/makaleler/3572-erdem-konur-gecmisten-gunumuze-iyi-kelimesi | yayıncı = http://www.edebi.net/ | ref = http://www.edebi.net/ | arşivurl = http://web.archive.org/web/20151222113502/http://www.edebi.net/index.php/edebi-eserler/makaleler/3572-erdem-konur-gecmisten-gunumuze-iyi-kelimesi | arşivtarihi = 22 Aralık 2015}}
  26. Cem,DİLÇİN,"TÜRKİYE TÜRKÇESİNİN SÖZ VARLIĞI VE TARİHSEL SÖZLÜĞÜԿաղապար:Չաշխատող արտաքին հղում",Türkoloji Makaleleri Archived 2016-03-31 at the Wayback Machine.
  27. Osman Nedim Tuna, Altay Dilleri Teorisi, Türk Dünyası Araştırmaları Vakfı, İstanbul 1983, s.1. (İlk varyant)
  28. Ahmet Bican Ercilasun, Başlangıçtan Günümüze Türk Dili Tarihi, Akçağ Yayınları, Ankara 2010, s. 17. ISBN 978-975-338-589-3
  29. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  30. See Lewis (2002) for a thorough treatment of the Turkish language reform.
  31. Turkish Language Association։ «Türk Dil Kurumu – Tarihçe (History of the Turkish Language Association)» (Turkish)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ մարտի 16, 2007-ին։ արտագրուած է՝ 2007-03-18 
  32. See Lewis (2002): 2–3 for the first two translations. For the third see Bedi Yazıcı։ «Nutuk: Özgün metin ve çeviri (Atatürk's Speech: original text and translation)» (Turkish)։ արտագրուած է՝ 2007-09-28 
  33. «Öz Türkçeleştirme Çalışmaları»։ Çok Bilgi։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-07-14-ին։ արտագրուած է՝ մայիսի 29, 2014 
  34. Mütercim Asım (1799)։ Burhân-ı Katı Tercemesi (Turkish)։ İstanbul 
  35. Campbell George (1995)։ «Turkish»։ Concise compendium of the world's languages։ London: Routledge։ էջ 547 
  36. «En iyi İstanbul Türkçesini kim konuşur?»։ Milliyet։ արտագրուած է՝ 2017-12-30 
  37. Johanson, Lars (2001) (PDF), Discoveries on the Turkic linguistic map, Swedish Research Institute in Istanbul, արխիվացված օրիգինալից 2007-02-05-ին, https://web.archive.org/web/20070205070509/http://www.srii.org/Map.pdf, վերցված է 2007-03-18 
  38. Özsoy
  39. Akalın Şükrü Halûk (January 2003)։ «Türk Dil Kurumu'nun 2002 yılı çalışmaları (Turkish Language Association progress report for 2002)» (PDF)։ Türk Dili (Turkish) 85 (613)։ ISSN 1301-465X։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ հունիսի 27, 2007-ին։ արտագրուած է՝ 2007-03-18 
  40. Shashi Shyam Singh (1992)։ Encyclopaedia of Humanities and Social Sciences։ Anmol Publications։ էջ 47։ արտագրուած է՝ 2008-03-26 
  41. Aydıngün, Ayşegül; Harding, Çiğdem Balım; Hoover, Matthew; Kuznetsov, Igor; Swerdlow, Steve (2006), Meskhetian Turks: An Introduction to their History, Culture, and Resettelment Experiences, Center for Applied Linguistics, արխիվացված օրիգինալից 2007-07-14-ին, https://web.archive.org/web/20070714205907/http://www.cal.org/co/pdffiles/mturks.pdf 
  42. Brendemoen B. (1996)։ «Conference on Turkish in Contact, Netherlands Institute for Advanced Study (NIAS) in the Humanities and Social Sciences, Wassenaar, 5–6 February 1996» 
  43. Balta Evangelia (Fall 2017)։ «TRANSLATING BOOKS FROM GREEK INTO TURKISH FOR THE KARAMANLI ORTHODOX CHRISTIANS OF ANATOLIA (1718-1856).»։ International Journal of Turkish Studies։ 23(1-2): 20 – via Ebsco 
  44. Petrova Olga, Plapp Rosemary, Ringen Catherine, Szentgyörgyi Szilárd (2006)։ «Voice and aspiration: Evidence from Russian, Hungarian, German, Swedish, and Turkish»։ The Linguistic Review (անգլերեն) 23 (1): 1–35։ ISSN 0167-6318։ doi:10.1515/tlr.2006.001 
  45. Handbook of the IPA, p. 155
  46. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  47. «Sesler ve ses uyumları "Sounds and Vovel karmony"» (Turkish)։ Turkish Language Association։ արտագրուած է՝ 2013-01-13 
  48. «Turkish Consonant Mutation»։ turkishbasics.com (անգլերեն) 
  49. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  50. 50,0 50,1 The vowel represented by Կաղապար:Angle bracket is also commonly transcribed as Կաղապար:Angle bracket in linguistic literature.
  51. Goksel Asli, Kerslake Celia (2005)։ Turkish: A Comprehensive Grammar։ Routledge։ էջեր 24–25։ ISBN 0-415-11494-2 
  52. Khalilzadeh Amir (Winter 2010)։ «Vowel Harmony in Turkish»։ Karadeniz Araştırmaları: Balkan, Kafkas, Doğu Avrupa ve Anadolu İncelemeleri Dergisi։ 6(24): 141–150 – via Central and Eastern European Online Library 
  53. 53,0 53,1 Underhill Robert (1976)։ Turkish Grammar։ Cambridge, Massachusetts: The MIT Press։ էջ 25։ ISBN 0-262-21006-1 
  54. Note that this table is essentially the same as the IPA vowel chart shown above: both table and chart indicate the physical location and quality of each vowel. However, the second table includes additional information on how Turkish harmonies vowels sounds across syllables based on the physical location and quality of the initial syllable.
  55. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found.
  56. For the terms twofold and fourfold, as well as the superscript notation, see Lewis (1953):21–22. In his more recent works Lewis prefers to omit the superscripts, on the grounds that "there is no need for this once the principle has been grasped" (Lewis [2001]:18).
  57. ։ Türkiye'dir («Թուրքիան է»), kapıdır («դուռ է»), բայց gündür («օր է»), paltodur («վերարկու է»)
  58. Husby Olaf։ «Diagnostic use of nonword repetition for detection of language impairment among Turkish speaking minority children in Norway»։ Working Papers Department of Language and Communication Studies NTNV (անգլերեն)։ 3/2006: 139–149 – via Academia.edu 
  59. Boeschoten Hendrik, Johanson Lars, Milani Vildan (2006)։ Turkic Languages in Contact։ Otto Harrassowitz Verlag։ ISBN 978-3-447-05212-2 
  60. Levi Susannah V. (2005)։ «Acoustic correlates of lexical accent in Turkish»։ Journal of the International Phonetic Association (անգլերեն) 35 (1): 76։ doi:10.1017/S0025100305001921 
  61. Goksel Asli, Kerslake Celia (2005)։ Turkish: A Comprehensive Grammar։ Routledge։ ISBN 0-415-11494-2 
  62. Underhill Robert (1976)։ Turkish Grammar։ Cambridge, Massachusetts: The MIT Press։ ISBN 0-262-21006-1 
  63. Thompson Sandra (April 1978)։ «Modern English from a Typological Point of View: Some Implications of the Function of Word Order»։ Linguistische Berlichte։ 1978(54): 19–35 – via ProQuest 
  64. This section draws heavily on Lewis (2001) and, to a lesser extent, Lewis (1953). Only the most important references are specifically flagged with footnotes.
  65. see Lewis (2001) Ch XIV.
  66. "The prefix, which is accented, is modelled on the first syllable of the simple adjective or adverb but with the substitution of m, p, r, or s for the last consonant of that syllable." Lewis (2001):55. The prefix retains the first vowel of the base form and thus exhibits a form of reverse vowel harmony.
  67. This "splendid word" appeared at the time of Bayram, the festival marking the end of the month of fasting. Lewis (2001):287.
  68. Because it is also used for the indefinite accusative, Lewis uses the term "absolute case" in preference to "nominative". Lewis (2001):28.
  69. Lewis points out that "an indefinite izafet group can be turned into intelligible (though not necessarily normal) English by the use of a hyphen". Lewis (2001): 42.
  70. The examples are taken from Lewis (2001): 41–47.
  71. For other possible permutations of this vehicle, see Lewis (2001):46.
  72. "It is most important to note that the third-person suffix is not repeated though theoretically one might have expected Ankara [Kız Lisesi]si." Lewis (2001): 45 footnote.
  73. Note the similarity with the French phrase un m'as-tu-vu "a have-you-seen-me?", i.e., a vain and pretentious person.
  74. Yüksel Göknel:Turkish Grammar
  75. «Turkish Studies Vol 7/3» (PDF) (Turkish)։ արտագրուած է՝ 2013-03-29 
  76. «Dersimiz Edebiyat Online course» (Turkish)։ Dersimizedebiyat.com։ արտագրուած է՝ 2013-03-29 
  77. The conventional translation of the film title Dünyayı Kurtaran Adam, The Man Who Saved the World, uses the past tense. Semantically, his saving the world takes place though in the (narrative) present.
  78. See Lewis (2001):163–165, 260–262 for an exhaustive treatment.
  79. For the terms personal and relative participle see Lewis (1958):98 and Lewis (2001):163 respectively. Most of the examples are taken from Lewis (2001).
  80. This more complex example from Orhan Pamuk's Kar (Snow) contains a nested structure: [which he knew [were approaching]]. Maureen Freely's more succinct and idiomatic translation is the days in prison he knew lay ahead. Note that Pamuk uses the spelling hapisane.
  81. From the perspective of Turkish grammar yaklaştığını anladığı is exactly parallel to babasını gördüğüm ("whose father I saw"), and could therefore be paraphrased as "whose approaching he understood".