«Արաբերէնի Այբուբեն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ չտողադարձվող բացատը (։Դ Non-breaking space) փոխարինում եմ սովորականով։ oգտվելով ԱՎԲ
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 13. Տող 13.
Արաբական լեզուաբանական մշակոյթը ձեւաւաորուած է [[7-րդ դար]]ու վերջին եւ [[8-րդ դար]]ուն՝ կապուած [[Արաբական խալիֆայութիւն|Արաբական խալիֆայութեան]] յառաջացման ու զօրեղացման հետ։ Այդ ժամանակաշրջանին յատուկ ուշադրութիւն կը տրուէր [[Արաբական մշակոյթ|մշակոյթի]] ու գիտութեան զարգացման։ Արաբական բառագիտութիւնը, որ հիմք կը հանդիսանար արաբական քերականութեան զարգացման համար, նոյնպէս կը սկզբնաւորէ այս դարաշրջանին։

Լեզուաբանական դպրոցները կը կոչուէին այն քաղաքներու անուններով, ուր հիմնադրուած էին։ Առաջին կեդրոններէն էին [[Քուֆա (արեւմտահայերէն)|Քուֆա]]յի եւ [[Պասրա]]յի քերականական դպրոցները։ Հարաւային Միջագէտքի այդ երկու դպրոցներու միջեւ կային որոշ տարաձայնութիւններ, որոնցմէ մէկն էր արմատի խնդիրը։ Հաւանաբար, միջնադարեան քերականները արմատ կոչած են այն միաւորը, որմէ կը յառաջանան բառաձեւերը։ Այս տեսանկիւնէն արաբ լեզուաբաններու հայեացքները մօտ են հնդեւրոպական լեզուներու քերականութեամբ զբաղողներու գաղափարներուն, որքան ալ հնդեւրոպական ու սեմական լեզուներու մէջ արմատները չունին ընդհանուր ձեւակերպում։
Լեզուաբանական դպրոցները կը կոչուէին այն քաղաքներու անուններով, ուր հիմնադրուած էին։ Առաջին կեդրոններէն էին [[Քուֆա (արեւմտահայերէն)|Քուֆայի]] եւ [[Պասրա]]յի քերականական դպրոցները։ Հարաւային Միջագէտքի այդ երկու դպրոցներու միջեւ կային որոշ տարաձայնութիւններ, որոնցմէ մէկն էր արմատի խնդիրը։ Հաւանաբար, միջնադարեան քերականները արմատ կոչած են այն միաւորը, որմէ կը յառաջանան բառաձեւերը։ Այս տեսանկիւնէն արաբ լեզուաբաններու հայեացքները մօտ են հնդեւրոպական լեզուներու քերականութեամբ զբաղողներու գաղափարներուն, որքան ալ հնդեւրոպական ու սեմական լեզուներու մէջ արմատները չունին ընդհանուր ձեւակերպում։

Քուֆայի լեզուաբանական դպրոցի հիմնադիրը կը համարուի Ապու Ճաֆար Մուհամմատ ալ-Ռուասին, որ հեղինակած էր արաբերէնի քուֆիական քերականութեան առաջին քերականութիւնը։ Քուֆիացիները բառի արմատը կը համարէին վաղակատար դերբայի երրորդ դէմքի արական տարբերակը, որ զուրկ էր «աւելորդ» մասնիկներէ եւ ունէր երեք մասնիկ։ Պասրացիները արմատ կը համարէին մաստարը՝ ձեւոյթ, որ թարգմանաբար կը նշանակէ աղբիւր։

Արաբական քերականութեան հիմնադիրներէն մէկը կը համարուի Պասրայի լեզուաբանական դպրոցի ներկայացուցիչ [[ալ-Խալիլ իպն Ահմատ ալ-Ֆարահիտի]]ն, որ յայտնի է իր ութհատորեայ բառարանով՝ «Քիթապ ալ-Այն» ({{lang-ar|كتاب العين}})<ref>Ramzi Baalbaki, "Kitab al-ayn and Jamharat al-lugha". Taken from Early Medieval Arabic։ Studies on Al-Khalīl Ibn Ahmad, pg. 44. Ed. Karin C. Ryding. Washington, D.C.։ Georgetown University Press, 1998</ref>։

Տող 28. Տող 28.
Արաբական լեզուաբանութեան առաջին քերականները ոչ միայն [[արաբներ (արեւմտահայերէն)|արաբներ]] էին, այլեւ Արաբական խալիֆայութեան տեղաբնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ։ Հնչիւնաբանական միջոցներու աստիճակակարգը կը կազմավորէ ինքնուրոյն հնչիւնաբական միաւորներ։ Հնչոյթը այդ միաւորներէն միայն մէկն է<ref>Касевич В.Б. Фонологические проблемы общего и восточного языкознания, Москва, 1983</ref>։ Մէկ այլ կարեւոր միաւոր է վանկը։ Հնչոյթի ձեւակերպման ժամանակ կարեւորութիւն կը տրուի վանկի ու տառի տարբերութիւնը ցոյց տալուն։

«Հարֆ» եզրոյթը կազմուած է արաբերէնի ḥarafa ({{lang-ar|حرف}}) բայէն, որ կը նշանակէ փոխել, պտտցնըլ ինչ-որ բան։ Հարֆը կը թարգմանուի որպէս տառ, նշան կամ ամանակ։
«Հարֆ» եզրոյթը կազմուած է արաբերէնի ḥarafa ({{lang-ar|حرف}}) բայէն, որ կը նշանակէ փոխել, պտտցնըլ ինչ-որ բան։ Հարֆը կը թարգմանուի որպէս տառ, նշան կամ ամանակ։
Սեմական լեզուներուն մէջ չկան առանձին բաղաձայններ ու ձայնաւորներ։ Հետեւաբար, ձեւաբանական նուազագոյն միաւորը ոչ թէ վանկն է, այլ ամանակը<ref>Фролов Д.В., Классический арабский стих, М. 1991</ref>։ Հարֆը կ'օգտագործուի ինչպէս հնչոյթ, այնպէս ալ գրոյթ իմաստներով։ Հարֆը կարող է իր կազմին մէջ ունենալ 28 բաղաձայններէն ու երեք ձայնանիշերէն մէկը (ա,ու,ի)։ Բաղաձայն հնչիւնը անոր մէջ հաստատուն է, իսկ ձայնաւորը կրնայ փոխուիլ։ Գոյութիւն ունի նաեւ զրոյական ձայնաւոր հասկացութիւնը , որը ամանակը կը վերածէ տառի։ Այսինքն, հարֆը միշտ ունի ձայնաւոր՝ թեկուզ զրոյական։ Բաղաձայնը նոյնպէս կրնայ ըլլալ զրոյական . այդ պարագային ձայնաւորները աւելի ազատ են, սակայն հարֆի կառոյցը ատկէ փոփոխութեան չ'ենթարկուիր։

Գրական արաբերէնին մէջ հարֆին կը վերագրուին հետեւեալ յատկանիշները՝
Գրական արաբերէնին մէջ հարֆին կը վերագրուին հետեւեալ յատկանիշները՝
Տող 37. Տող 37.
* Արաբական հատուածի ցանկացած մաս, որ ունի լեզուաբանական գործառոյթ (բառ, ձեւոյթ)
* Արաբական հատուածի ցանկացած մաս, որ ունի լեզուաբանական գործառոյթ (բառ, ձեւոյթ)
* Լեզուաբանական միաւորներու որոշակի խումբ
* Լեզուաբանական միաւորներու որոշակի խումբ
* Խօսքի մաս, որ չի հանդիսանար անուն<ref group="Ն">Արաբական լեզուաբանութեան մէջ [[Գոյական անուն (արեւմտահայերէն)|գոյականները]], [[Ածական անուն (արեւմտահայերէն)|ածականները]], [[Թուական անուն|թուականները]], [[դերանուն (արեւմտահայերէն)|դերանուն]]ները եւ [[մակբայ (արեւմտահայերէն)|մակբայ]]երը կը կոչուին մէկ կերպ՝ «անուն» ({{lang-ar|اسم}})</ref> կամ [[բայ (արեւմտահայերէն)|բայ]] ({{lang-ar|فعل}}):
* Խօսքի մաս, որ չի հանդիսանար անուն<ref group="Ն">Արաբական լեզուաբանութեան մէջ [[Գոյական անուն (արեւմտահայերէն)|գոյականները]], [[Ածական անուն (արեւմտահայերէն)|ածականները]], [[Թուական անուն|թուականները]], [[դերանուն (արեւմտահայերէն)|դերանունները]] եւ [[մակբայ (արեւմտահայերէն)|մակբայերը]] կը կոչուին մէկ կերպ՝ «անուն» ({{lang-ar|اسم}})</ref> կամ [[բայ (արեւմտահայերէն)|բայ]] ({{lang-ar|فعل}}):

== Դասակարգում ==
== Դասակարգում ==
Տող 273. Տող 273.

== Ձայնաւորներ ==
== Ձայնաւորներ ==
Ձայնանիշները, գրաւոր հատուածին մէջ կ'արտայայտուին խիստ հազուադէպ՝ բառարաններուն, [[Ղուրան (արեւմտահայերէն)|Ղուրան]]ի, եւ այնպիսի հատուածներու մէջ, ուր խիստ կարեւոր է նիւթի բառացի թարգմանութիւնը։ Այդ տեսանկիւնէն ատոնք կը նմանին շարք մը լեզուներու, որոնցմէ՝ [[հայերէն]]ի շեշտին՝ գոյութիւն ունին, սակայն չեն գրուիր։ Ձայնանիշերը արաբերէնի մէջ յայտնի են որպէս «հարաքա» ({{lang-ar|حركة}}՝ շարժում) անունով, քանի որ կը շարժին բաղաձայնները։ Ատոնք են՝
Ձայնանիշները, գրաւոր հատուածին մէջ կ'արտայայտուին խիստ հազուադէպ՝ բառարաններուն, [[Ղուրան (արեւմտահայերէն)|Ղուրանի]], եւ այնպիսի հատուածներու մէջ, ուր խիստ կարեւոր է նիւթի բառացի թարգմանութիւնը։ Այդ տեսանկիւնէն ատոնք կը նմանին շարք մը լեզուներու, որոնցմէ՝ [[հայերէն]]ի շեշտին՝ գոյութիւն ունին, սակայն չեն գրուիր։ Ձայնանիշերը արաբերէնի մէջ յայտնի են որպէս «հարաքա» ({{lang-ar|حركة}}՝ շարժում) անունով, քանի որ կը շարժին բաղաձայնները։ Ատոնք են՝
[[Պատկեր:Դամմա,Ֆաթհա,Քասրա.png|200px|մինի|աջից|[[Արաբերէնի ձայնանիշեր]]. կապոյտով նշուած է տամման, կանաչով՝ ֆաթհան, շագանակագոյնով՝ քասրան]]
[[Պատկեր:Դամմա,Ֆաթհա,Քասրա.png|200px|մինի|աջից|[[Արաբերէնի ձայնանիշեր]]. կապոյտով նշուած է տամման, կանաչով՝ ֆաթհան, շագանակագոյնով՝ քասրան]]
* <span style="font-size: 20pt">َ</span> — «ֆաթհա», թեք գիծ, որ կը դրուի տառի վրա եւ կը հնչէ «ա»
* <span style="font-size: 20pt">َ</span> — «ֆաթհա», թեք գիծ, որ կը դրուի տառի վրա եւ կը հնչէ «ա»
Տող 290. Տող 290.
Գրական արաբերէնին մէջ այս ձայնաւորները չկան։
Գրական արաբերէնին մէջ այս ձայնաւորները չկան։

== Թուականներ ==
== Թուականներ ==
{| class="wikitable" style="float:right; text-align:center;"
{| class="wikitable" style="float:right; text-align:center;"
|-
|-
Տող 350. Տող 350.
[[Նախաիսլամական Արաբիա (արեւմտահայերէն)|Նախաիսլամական]] շրջանին յայտնաբերուած գրաւոր յուշարձանները հիմնականօրէն մակագրային են։ [[Արամէերէնի այբուբեն]]ի տառերը աւելի քիչ են, քան արաբերէնի, ուստի որոշ հատուածներու մէջ, ուր կը հանդիպին արաբերէնի մի քանի տառերը, հասկանալի կը դառնայ, որ հատուածը ոչ թէ արամէական է, այլ՝ արաբական։ Յայտնաբերուաած են պապիրոսային գրառումներ, որոնք կը վերագրուին նախաիսլամական ու վաղ իսլամական շրջանին։ Յայտնի են նաեւ այդ դարաշրջանին գրուած բանաստեղծութիւն-[[քասիտա]]ները, որոնք [[արաբական գրականութիւն|արաբական գրականութեան]] ամենավաղ նմուշներէն են։

Աւելի ուշ շրջանին արաբական հատուածներուն մէջ կ'աւելցուին [[Արաբերէնի ձայնանիշեր|ձայնանիշերը]] եւ [[համզա (արեւմտահայերէն)|համզա]]ն։ Ատոնք կը ներմուծուին [[Ղուրան (արեւմտահայերէն)|Ղուրան]]ի ստեղծման զուգընթաց, երբ անհրաժեշտ էր հատուածի ստոյգ գրառում։ Այդ համակարգը կը մշակուի Ապու Ասուատ ալ-Տուալիի շնորհիւ։ Կը գրառուի նաեւ [[թանուին]]ը եւ միւս ձայնանիշերը։ Հնչիւնական համակարգը կը կատարելագործուի [[ալ-Խալիլ իպն Ահմատ ալ-Ֆարահիտի]]ի կողմէ, որուն կը վերագրուի արաբական վանկաչափական տաղաչափութեանը վերաբերող «Քիթապ ալ-Արուտ» աշխատանքը։
Աւելի ուշ շրջանին արաբական հատուածներուն մէջ կ'աւելցուին [[Արաբերէնի ձայնանիշեր|ձայնանիշերը]] եւ [[համզա (արեւմտահայերէն)|համզան]]։ Ատոնք կը ներմուծուին [[Ղուրան (արեւմտահայերէն)|Ղուրանի]] ստեղծման զուգընթաց, երբ անհրաժեշտ էր հատուածի ստոյգ գրառում։ Այդ համակարգը կը մշակուի Ապու Ասուատ ալ-Տուալիի շնորհիւ։ Կը գրառուի նաեւ [[թանուին]]ը եւ միւս ձայնանիշերը։ Հնչիւնական համակարգը կը կատարելագործուի [[ալ-Խալիլ իպն Ահմատ ալ-Ֆարահիտի]]ի կողմէ, որուն կը վերագրուի արաբական վանկաչափական տաղաչափութեանը վերաբերող «Քիթապ ալ-Արուտ» աշխատանքը։

=== Ձեռագիր Եւ Գեղագրութիւն ===
=== Ձեռագիր Եւ Գեղագրութիւն ===
Տող 367. Տող 367.
Արաբական տպագրութիւնը աւանդաբար կը համարուի 19-րդ դարու սկիզբը։ Ատիկա կապուած էր [[Ֆրանսայի առաջին կայսրութիւն|Ֆրանսայի]] կայսր [[Նափոլէոն Պոնափարտ]]ի` [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]] արշաւելու հետ (1798)։ Ատով սկիզբ կը դրուի արեւելքի առաւել մասնագիտացած ուսումնասիրութեան, [[Արեւելագիտութիւն|արեւելագիտութեան]]` որպէս ազատական ինքնուրոյն ճիւղի զարգացման։ Եգիպտոսի մէջ, աւելի ուշ` [[Սուրիա|Սուրիոյ]] եւ [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանանի]] մէջ, կը սկսի արաբական մշակութային զարթօնքը` [[Նահտա]]ն ({{lang-ar|نهضة}}` վերածնունդ)։ [[Արաբական մշակոյթ]]ի բոլոր ճիւղերու, առաջին հերթին` գրականութեան յառաջընթացը տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի համալսարաններու բարձրագոյն կրթութիւն ստացած մտաւորականութեան շնորհիւ, որոնք կը վերադառնան այդ ժամանակ [[Օսմանեան կայսրութիւն|Օսմանեան]] տիրապետութեան տակ գտնուող [[Օսմանեան կայսրութեան արաբական նահանգներ|արաբական նահանգներ]] եւ կը զարգացնեն իրենց հայրենի երկիրները։

[[Պատկեր:Machine a ecrire arabe.png|մինի|ձախից|Արաբագիր տպագրական սարք]]
[[Պատկեր:Machine a ecrire arabe.png|մինի|ձախից|Արաբագիր տպագրական սարք]]
Արաբական տպագրութիւնը բուն հայրենիքէն դուրս սկսած էր շատ աւելի վաղ։ [[Եոհան Կութենպըրկ]]ի կողմէ տպագրական մեքենայի յայտնագործումէն (1450) որոշ ժամանակ ետք` 1514 թուականին, [[վենետիկ (արեւմտահայերէն)|վենետիկ]]ցի Կրեկորիօ տե Գրիգորին կը տպագրէ արաբերէն աղօթագիրք` արեւելեան քրիստոնեաներու համար։
Արաբական տպագրութիւնը բուն հայրենիքէն դուրս սկսած էր շատ աւելի վաղ։ [[Եոհան Կութենպըրկ]]ի կողմէ տպագրական մեքենայի յայտնագործումէն (1450) որոշ ժամանակ ետք` 1514 թուականին, [[վենետիկ (արեւմտահայերէն)|վենետիկցի]] Կրեկորիօ տե Գրիգորին կը տպագրէ արաբերէն աղօթագիրք` արեւելեան քրիստոնեաներու համար։

16-րդ դարու վերջին` 1580-86 թուականներուն, [[Տոսկանայի դքսութիւն|Տոսկանայի դուքս]] Ֆերտինանտ տե Մետիչիի պալատական գրագիրներէն Ռոպերթ Կրանիոնը [[Ֆլորանս]]ի մէջ կը ստեղծէ [[արաբերէն]] գեղեցիկ տառատեսակներ, ու կը հիմնէ «Մետիչի հրատարակչութիւնը»։ Լեռնային Լիբանանի մէջ բնակող քրիստոնեայ մարոնիները նոյնպէս կը զբաղէին տպագրութեամբ. անոնք կը կիրառէին արամէերէնի գիրը։

Լեռնալիբանանի մէջ ազգութեամբ յոյն Ապտալլահ Զախիրի կողմէ կը հիմնուի վանական տպագրատուն, ուր 1734 թուականին կը տպագրուի իր առաջին գիրքը։ Տպագրատունը գործէ մինչեւ 1899 թուականը։ 19-րդ դարուն տպագրատներ կը բացուին [[Քահիրէ]]ի, [[Ալեքսանտրիա|Ալեսքտանտրիոյ]], [[Պէյ­րութ]]ի, [[Պաղտատ]]ի, [[Դամասկոս (արեւմտահայերէն)|Դամասկոս]]ի, [[Հալէպ]]ի, [[Թունիզ]]ի մէջ։
Լեռնալիբանանի մէջ ազգութեամբ յոյն Ապտալլահ Զախիրի կողմէ կը հիմնուի վանական տպագրատուն, ուր 1734 թուականին կը տպագրուի իր առաջին գիրքը։ Տպագրատունը գործէ մինչեւ 1899 թուականը։ 19-րդ դարուն տպագրատներ կը բացուին [[Քահիրէ]]ի, [[Ալեքսանտրիա|Ալեսքտանտրիոյ]], [[Պէյ­րութ]]ի, [[Պաղտատ]]ի, [[Դամասկոս (արեւմտահայերէն)|Դամասկոսի]], [[Հալէպ]]ի, [[Թունիզ]]ի մէջ։

Աստիճանաբար կը սկսի զարգանալ [[արաբական մամուլ (արեւմտհայերէն)|արաբական մամուլ]]ը։
Աստիճանաբար կը սկսի զարգանալ [[արաբական մամուլ (արեւմտհայերէն)|արաբական մամուլը]]։

=== Արհեստագիտական ===
=== Արհեստագիտական ===
Տող 397. Տող 397.
}}
}}

== Նշումներ ==
== Նշումներ ==
{{Ծանցանկ|group=Ն}}
{{Ծանցանկ|group=Ն}}

Տող 406. Տող 406.
{{ծանցանկ|2}}
{{ծանցանկ|2}}

==Արտաքին յղումներ==
== Արտաքին յղումներ ==
{{Commons category|Arabic alphabet}}
{{Commons category|Arabic alphabet}}
* [http://alifbaa.co.uk/ Արաբերէնի ուսուցում բջջայինով]
* [http://alifbaa.co.uk/ Արաբերէնի ուսուցում բջջայինով]

19:01, 24 Ապրիլ 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Արաբական գիր Արաբերէնի այբուբեն արաբերէնի, ինչպէս նաեւ իսլամութեան դաւանող շարք մը այլ ժողովուրդներու լեզուներու, ինչպէս՝ պարսկերէնի, ուրտուի, աֆղաներէնի եւ որոշ թրքական լեզուներու գիր։ Կազմուած է 28 հարֆէն, կը գրուի աջէն ձախ։

Արաբերէնը, ինչպէս նաեւ եբրայերէնը, արամէերէնը, ամհարերէնն ու այլ լեզուներ, կը կազմեն սեմական լեզուաընտանիքը։ Այդ լեզուները ունին ընդհանուր նախալեզու՝ օժտուած կանոնակարգուած միասնական քերականական համակարգով։ Սեմական միւս լեզուներէն արաբերէնը կը տարբերի կայուն հնչիւնական համակարգով, յստակ քերականական կառուցուածքով ու հարուստ բառապաշարով, որ հանգեցուցած է բառաձեւերու զարգացման ու քերականութեան առանձին ճիւղի՝ բառարանագիտութեան զարգացման[1]։

Արաբերենի այբուբենը յառաջացած է նաբաթէական գիրէն, որ իր հերթին յառաջացած է արամէականէն, իսկ վերջինս ալ՝ փիւնիկեանէն։ Արաբական գիրը կը ներառէ արամէական բոլոր տառերը, եւ մի քանի լրացուցիչ տառեր՝ սատ, խա, զալ, տատ, զա եւ ղայն։

Արաբական Լեզուաբանութիւն

Արաբերէնի ուսուցումը կը կատարուի երկու հիմնական ուղիներով՝ արեւմտեան եւ արեւելեան։ Արեւմտեան (եւրոպական եւ ամերիկեան) լեզուաբանական դպրոցները, որոնք կարողացած են մշակել լեզուներու դասաւանդման ընդհանուր համակարգ։ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու դպրոցներուն մէջ կը գործածուի աւանդական լեզուաբանութիւնը, որուն հիմքերը դրուած էին վաղ միջնադարուն։

Արաբական գիր

Արաբական լեզուաբանական մշակոյթը ձեւաւաորուած է 7-րդ դարու վերջին եւ 8-րդ դարուն՝ կապուած Արաբական խալիֆայութեան յառաջացման ու զօրեղացման հետ։ Այդ ժամանակաշրջանին յատուկ ուշադրութիւն կը տրուէր մշակոյթի ու գիտութեան զարգացման։ Արաբական բառագիտութիւնը, որ հիմք կը հանդիսանար արաբական քերականութեան զարգացման համար, նոյնպէս կը սկզբնաւորէ այս դարաշրջանին։

Լեզուաբանական դպրոցները կը կոչուէին այն քաղաքներու անուններով, ուր հիմնադրուած էին։ Առաջին կեդրոններէն էին Քուֆայի եւ Պասրայի քերականական դպրոցները։ Հարաւային Միջագէտքի այդ երկու դպրոցներու միջեւ կային որոշ տարաձայնութիւններ, որոնցմէ մէկն էր արմատի խնդիրը։ Հաւանաբար, միջնադարեան քերականները արմատ կոչած են այն միաւորը, որմէ կը յառաջանան բառաձեւերը։ Այս տեսանկիւնէն արաբ լեզուաբաններու հայեացքները մօտ են հնդեւրոպական լեզուներու քերականութեամբ զբաղողներու գաղափարներուն, որքան ալ հնդեւրոպական ու սեմական լեզուներու մէջ արմատները չունին ընդհանուր ձեւակերպում։

Քուֆայի լեզուաբանական դպրոցի հիմնադիրը կը համարուի Ապու Ճաֆար Մուհամմատ ալ-Ռուասին, որ հեղինակած էր արաբերէնի քուֆիական քերականութեան առաջին քերականութիւնը։ Քուֆիացիները բառի արմատը կը համարէին վաղակատար դերբայի երրորդ դէմքի արական տարբերակը, որ զուրկ էր «աւելորդ» մասնիկներէ եւ ունէր երեք մասնիկ։ Պասրացիները արմատ կը համարէին մաստարը՝ ձեւոյթ, որ թարգմանաբար կը նշանակէ աղբիւր։

Արաբական քերականութեան հիմնադիրներէն մէկը կը համարուի Պասրայի լեզուաբանական դպրոցի ներկայացուցիչ ալ-Խալիլ իպն Ահմատ ալ-Ֆարահիտին, որ յայտնի է իր ութհատորեայ բառարանով՝ «Քիթապ ալ-Այն» (արաբերէն՝ كتاب العين‎)[2]։

Հարֆեր

Հարֆ եզրոյթի կիրառութեան առաջին անգամ կը հանդիպի ալ-Խալիլի աշխատանքին մէջ։ Կոնտեքստի համաձայն՝ ան օգտագործած է այդ եզրոյթը վանկաչափական նուազագոյն միաւոր իմաստով[3]։

Հարֆը կարելի է ձեւակերպել որպէս տառ, քանի որ ընդունուած է ըսել, որ արաբերէնի այբուբենը բաղկացած է 28 հարֆերէ։ Ալ-Խալիլին վերագրուող մէկ այլ աշխատանքի մէջ՝ «Քիթապ ալ-Արուտ» (արաբերէն՝ كتاب العروض‎), որ կը վերաբերի արաբական վանկաչափական տաղաչափութեան, հարֆը կը բնութագրուի որպէս բաղաձայն ու ձայնաւոր հնչոյթներու միութիւն[4]։ Որոշ հեղինակներ զայն կ'անուանեն ամանակ՝ յունական քերականական եզրութաբանութեան համաձայն[5], միւսները՝ տառ[6]։ Վերջիններս արաբական վանկաչափական համակարգը կը բացատրեն յունական վանկաչափական համակարգի եզրոյթներով՝ եամբով ու քորէյով։ Այսինքն՝ ամանակը վերածելով տառի, անոնք կը կիրառեն այն բառակազմութեան մեջ։ Այդպիսով ստացած են միավանկ, երկվանկ ու եռավանկ բառեր։ Մինչդեռ արեւելեան դպրոցի ներկայացուցիչները չեն խախտեր հարֆի միասնականութիւնը։

Արաբերէնի հարֆերը՝ բաղաձայն ու ձայնաւոր հնչոյթներու միացումներ

Ալ-Խալիլը օգտագործած է հարֆը նաեւ որպէս խօսքի մաս։ Բացատրելով այս կամ այն բառը, ան կը խմբավորէ ատոնք անուններու, բայերու ու հարֆերու («մասնիկներու»)։ Մասնիկի ոչ ստոյգ ձեւակերպումը կարող էր իր մէջ ներառել բառերու հսկայական քանակութիւն։

Արաբական լեզուաբանութեան առաջին քերականները ոչ միայն արաբներ էին, այլեւ Արաբական խալիֆայութեան տեղաբնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ։ Հնչիւնաբանական միջոցներու աստիճակակարգը կը կազմավորէ ինքնուրոյն հնչիւնաբական միաւորներ։ Հնչոյթը այդ միաւորներէն միայն մէկն է[7]։ Մէկ այլ կարեւոր միաւոր է վանկը։ Հնչոյթի ձեւակերպման ժամանակ կարեւորութիւն կը տրուի վանկի ու տառի տարբերութիւնը ցոյց տալուն։

«Հարֆ» եզրոյթը կազմուած է արաբերէնի ḥarafa (արաբերէն՝ حرف‎) բայէն, որ կը նշանակէ փոխել, պտտցնըլ ինչ-որ բան։ Հարֆը կը թարգմանուի որպէս տառ, նշան կամ ամանակ։

Սեմական լեզուներուն մէջ չկան առանձին բաղաձայններ ու ձայնաւորներ։ Հետեւաբար, ձեւաբանական նուազագոյն միաւորը ոչ թէ վանկն է, այլ ամանակը[8]։ Հարֆը կ'օգտագործուի ինչպէս հնչոյթ, այնպէս ալ գրոյթ իմաստներով։ Հարֆը կարող է իր կազմին մէջ ունենալ 28 բաղաձայններէն ու երեք ձայնանիշերէն մէկը (ա,ու,ի)։ Բաղաձայն հնչիւնը անոր մէջ հաստատուն է, իսկ ձայնաւորը կրնայ փոխուիլ։ Գոյութիւն ունի նաեւ զրոյական ձայնաւոր հասկացութիւնը , որը ամանակը կը վերածէ տառի։ Այսինքն, հարֆը միշտ ունի ձայնաւոր՝ թեկուզ զրոյական։ Բաղաձայնը նոյնպէս կրնայ ըլլալ զրոյական . այդ պարագային ձայնաւորները աւելի ազատ են, սակայն հարֆի կառոյցը ատկէ փոփոխութեան չ'ենթարկուիր։

Գրական արաբերէնին մէջ հարֆին կը վերագրուին հետեւեալ յատկանիշները՝

  • Վերջնական դիրքին վրայ գտնուող միաւոր, որ կ'ընդգծուի արաբերէն բառերի գծային հատուածատման ժամանակ
  • Վանկաչափական, ձեւաբանական ու բառակազմական համակարգերու միաւոր
  • Արաբական հատուածի ցանկացած մաս, որ ունի լեզուաբանական գործառոյթ (բառ, ձեւոյթ)
  • Լեզուաբանական միաւորներու որոշակի խումբ
  • Խօսքի մաս, որ չի հանդիսանար անուն[Ն 1] կամ բայ (արաբերէն՝ فعل‎):

Դասակարգում

Արաբերէնի հարֆերը՝ ըստ այբբենական հերթականութեան

Գոյութիւն ունի երկու հիմնական դասակարգում՝ «ապժատ» (թուաբանական) եւ «հիժա» (այբբենական)։

Ապժատ տարբերակը (արաբերէն՝ أَبْجَدِي‎), կը կիրառուի տառային նշումներու եւ թուագրման համար։ Անիկա առկայ է սեմալեզու բոլոր այբուբեններու, քանի որ ատոնք բոլորն ալ ունին մեկ նախահիմք՝ փիւնիկեան գիրը։ Հիժա տարբերակը (արաբերէն՝ هِجَائِي‎) կը կիրառուի բառարաններու մէջ, ցուցակագրման ժամանակ, տառադարձման եւ այլ աղիւսակներու մէջ։

Ապժատ

Ապժատի հերթականութիւնը հասարակ տառային դասաւորութիւն չէ, քանի որ անոր սկզբնական հիմքը արամէական «սամեխ» տառը եղած է (եբր.՝ ס‎)։ Դեռ ոչ մէկ արաբական տառ պատմականօրէն չի ծագիր այս տառէն։ Ատոր փոխարէն առաջ կը քաշուի «շին» տառը (եբր.՝ ש‎), որ կը վերածուի երկու առանձին արաբական տառերու՝ «շին» (ش) եւ «սին» ()։ Ատոնք գրաւած են սամեխի տեղը։ Եւս վեց տառեր, որոնք չեն հանդիպիր հիւսիսային սեմական լեզուներուն մէջ, կը դրուին ապժատի վերջը։

Սովորական Կաղապար:Transl հերթականութիւն
غ ظ ض ذ خ ث ت ش ر ق ص ف ع س ن م ل ك ي ط ح ز و ه د ج ب ا
Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl
28 27 26 25 24 23 22 21 20 19 18 17 16 15 14 13 12 11 10 09 08 07 06 05 04 03 02 01

Այս մէկը հիմնականօրէն կը յիշուի հետեւեալ տողով՝

Կաղապար:Transl.

Մէկ այլ տարբերակ է այս մէկը՝

Կաղապար:Transl
Մաղրեպի Կաղապար:Transl հերթականութիւն (հաւանական)[9]
ش غ ظ ذ خ ث ت س ر ق ض ف ع ص ن م ل ك ي ط ح ز و ه د ج ب ا
Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl
28 27 26 25 24 23 22 21 20 19 18 17 16 15 14 13 12 11 10 09 08 07 06 05 04 03 02 01

Այս հերթականութեան յիշման տարբերակը հետեւեալն է՝

Կաղապար:Transl

Հիժա

Երկիրներ, որոնք կը կիրառեն արաբերէնի այբուբենը՝      որպէս պաշտօնական գիր      որպէս երկրորդ պաշտօնական գիր

Ժամանականից բառարանները եւ գիրքերը կ'օգտագործեն Կաղապար:Transl հերթականութիւնը՝ այբբենական դասակարգման համար։ Արաբերէնէն բառացի թարգմանած՝ այբուբեն կը նշանակէ հիժա։ Այստեղ տառերը կը խմբավորուին ըստ իրենց ձեւի ու չափի՝ ատոնց վրայ գծիկներու ու կետիկներու առկայութեամբ։ Հիժայի հերթականութիւնը երբեք կիրառելի չէ թուականներու համար։

Սովորական Կաղապար:Transl հերթականութիւն
ي و ه ن م ل ك ق ف غ ع ظ ط ض ص ش س ز ر ذ د خ ح ج ث ت ب ا
Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl

Մէկ այլ տեսակ՝ Կաղապար:Transl հերթականութեամբ, կը կիրառուէր Մաղրեպի երկիրներուն մէջ մինչեւ 2014 թուականը, երբ կը փոխարինուի մաշրիքի հերթականութեամբ[9]

Մաղրեպի Կաղապար:Transl հերթականութիւն
ي و ه ش س ق ف غ ع ض ص ن م ل ك ظ ط ز ر ذ د خ ح ج ث ت ب ا
Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl Կաղապար:Transl

Բաղաձայններ

28 հարֆերէն յուրաքանչիւրը, բացի ալիֆէն, բաղաձայն է։ Հարֆէն առաջ ալիֆին (ا) միշտ կը նախորդէ ա ձայնանիշը (ֆաթհա)։ Ինչպէս նաեւ, անիկա չի կրեր որեւէ ձայնանիշ, կամ` աւելի ստոյգ` կը կրէ զրոյական ձայնանիշ (սուքուն)։ Ալիֆին յաջորդող հարֆը նոյնպէս կարող է սուքուն կրել, սակայն արաբերէնի մէջ երկու սուքուն իրար կողքի չեն հանդիպիր։ Կը տտացուի, որ ալիֆը չի համապատասխաներ հարֆի` որպէս այբբենական գրոյթի կանոններուն, եւ որոշ հեղինակներ անոր տառ չեն համարեր։ Ատոր փոխարէն հարֆ կը համարուի համզան (ء), որ կարող է ընդունել ցանկացած ձայնանիշ։ Ալիֆը իրականին մէջ ա ձայնորդի երկար տարբերակն է, այլ կերպ ասած՝ երկար «ա» ձայնաւոր։

Տառերու գրութիւնը կարող է փոխուիլ՝ կապուած բառին մէջ անոնց ունեցած դիրքէն։ Տառերը կը գրուին աջէն ձախ։ Բոլոր տառերը՝ բացի վեցէն (ալիֆ, տալ, զալ, ռա, զայն, ուաու) կը միանան յաջորդին։ Օրինակ՝ أرارات (Արարատ) անունը կը գրուի իրարմէ անջատ հարֆերով։ Որոշ հարֆեր իրար կը միանան իւրահատուկ կցագիր տարբերակներով, մասնաւորապէս՝ լամը եւ ալիֆը, լամը եւ միմը, քաֆը եւ լամը[10]։ Հարֆերը կարող են ունենալ չորս հնարաւոր դիրք՝ առջեւը, մէջտեղը, սկիզբը եւ առանձին

առջեւը մէջտեղը սկիզբը առանձին անուանում մեսրոպատառ օրինակում լատինական պարզ օրինակում
1 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 أَلِفԱլիֆ
2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 بَاءՊա բ /b/ b
3 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 تَاءԹա թ /t/ t
4 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 ثَاءՍա ս /θ/
5 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 جِيمԺիմ ջ/գ /d͡ʒ/ ~ /ʒ/ ~ /ɡ/ ǧ
6 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 حَاءՀա հ /ħ/
7 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 خَاءԽա խ /x/
8 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 دَالՏալ դ /d/ d
9 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 ذَالԶալ զ /ð/
10 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 رَاءՌա ռ /r/ r
11 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 زَايԶայն (զայ) զ /z/ z
12 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 سِينՍին ս /s/ s
13 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 شِينՇին շ /ʃ/ š
14 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 صَادՍատ ս /sˁ/
15 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 ضَادՏատ դ /dˁ/ ~ /ðˤ/
16 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 طَاءԹա տ /tˁ/
17 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 ظَاءԶա զ /zˁ/ ~ /ðˁ/
18 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 عَيْنԱյն /ʕ/ ʕ/ʿ
19 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 غَيْنՂայն ղ /ɣ/ ġ
20 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 فَاءՖա ֆ /f/ f
21 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 قَافԿղաֆ կ /q/ q
22 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 كَافՔաֆ ք /k/ k
23 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 لاَمԼամ լ /l/ l
24 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 مِيمՄիմ մ /m/ m
25 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 نُونՆուն ն /n/ n
26 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 هَاءՀա հ /h/ h
27 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 وَاوՈւաու ու /w/ w
28 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 Կաղապար:Ar2 يَاءՅա յ /j/ y

Յաւելեալ Նշաններ

  • Համզա (ء) - բաղաձայնի բացակայութիւն, երբ հարֆի բաղադրութեան մէջ առկայ են միայն ձայնաւորները։ Կը դրուի ըստ ուժեղութեան՝ ձայնանիշին հարող հարֆի վրայ՝ իր ձայնանիշի պարագային՝ յա հարֆի, ու ձայնանիշի պարագային՝ ուաու հարֆի, ա ձայնանիշի պարագային՝ ալիֆ հարֆի, սուքունի պարագային՝ տողի վրայ։ Երբ համզան կը դրուի ալիֆի վրայ, կարող է ունենալ գրութեան երկու տարբերակ՝ վերեւը (երբ ալիֆը կը կրէ ա կամ ու ձայնաւոր), եւ ներքեւը (երբ ալիֆը կը կրէ ի ձայնաւոր)
  • Թանուին ( ٌ ٍ ً )- անուն խօսքի մասի (գոյական, ածական, թուական, մակբայ) վերջաւորութիւն, որ կ'արտայայտէ հոլովառումը։ Արաբերէնի երեք հոլովներէ (ուղղական, սեռական, հայցական) իւրաքանչիւրը ունի առանձին թանուին՝ համապատասխանաբար երկու հատ «ու», երկու հատ «ի» կամ երկու հատ «ա»։
  • Մատտա (آ)- կը դրուի միայն ալիֆ հարֆի վրայ, երբ անիկա բառասկիզբը կը գտնուի եւ իրմէ կը ներկայացնէ համզայի ու սուքունի միակցութիւն
  • Թա մարպութա (ة) - կը դրուի միայն բառավերջին, ատոր կը նախորդէ միայն «ա» ձայնանիշը։ Ցոյց կու տայ իգական սեռ
  • Ալիֆ մաքսուրա (ى) - կը դրուի միայն բառավերջին՝ յատուկ քերականական պարագաներուն, ատոր կը նախորդէ միայն «ա» ձայնանիշը
  • Շատտա ( ّ ) - կարող է դրուիլ ցանկացած բաղաձայն հարֆի վրայ։ Իրմէ կը ներկայացնէ այդ հարֆի կրկնապատիկ հնչումը[11]

Ձայնաւորներ

Ձայնանիշները, գրաւոր հատուածին մէջ կ'արտայայտուին խիստ հազուադէպ՝ բառարաններուն, Ղուրանի, եւ այնպիսի հատուածներու մէջ, ուր խիստ կարեւոր է նիւթի բառացի թարգմանութիւնը։ Այդ տեսանկիւնէն ատոնք կը նմանին շարք մը լեզուներու, որոնցմէ՝ հայերէնի շեշտին՝ գոյութիւն ունին, սակայն չեն գրուիր։ Ձայնանիշերը արաբերէնի մէջ յայտնի են որպէս «հարաքա» (արաբերէն՝ حركة‎՝ շարժում) անունով, քանի որ կը շարժին բաղաձայնները։ Ատոնք են՝

Արաբերէնի ձայնանիշեր. կապոյտով նշուած է տամման, կանաչով՝ ֆաթհան, շագանակագոյնով՝ քասրան
  • َ — «ֆաթհա», թեք գիծ, որ կը դրուի տառի վրա եւ կը հնչէ «ա»
  • ِ — «քասրա», թեք գիծ, որ կը դրուի տառի տակ եւ կը հնչէ «ի»
  • ُ — «տամմա», ստորակետաձեւ նշան, որ կը դրուի տառի վրայ եւ կը հնչէ «ու»
  • ْ — «սուքուն», կլոր նշան, որ կը դրուի տառի վրայ եւ կ'արտայայտէ դադար

Արաբերէնի՝ վերոնշեալ 28 հարֆերէն երեքը՝ «ալիֆ»-ը, «ուաու»-ն եւ «եա»-ն կը համարուին նաեւ «երկար» ձայնաւորներ եւ կ'արտայայտեն համապատասխանաբար ա, ու եւ ի։ Ատիկա տեղի կ'ունենայ միայն այն ժամանակ, երբ անոնց կը նախորդեն համապատասխանաբար ա, ու եւ ի ձայնանիշերը, եւ երկար ձայնաւորները ձայնանիշ չունին։

Բացի այս երեքէն՝ արաբերէնի որոշ բարբառներու մէջ կրնան հանդիպիլ հետեւեալ ձայնաւորները՝

  • քմայնացուած ա՝ երբ բառին մէջ կայ ֆաթհա՝ կարճ «ա» ձայնաւոր, բայց ոչ՝ ալիֆ
  • է՝ երբ բառին մէջ կայ քասրա՝ կարճ «ի» ձայնաւոր, բայց ոչ՝ եա
  • օ՝ երբ բառին մէջ կայ տամմա՝ կարճ «ու» ձայնաւոր, բայց ոչ՝ ուաու
  • ը՝ երբ բառին մէջ կայ սուքուն՝ դադարային ձայնաւոր, բայց ոչ՝ համզա

Գրական արաբերէնին մէջ այս ձայնաւորները չկան։

Թուականներ

Արեւմտեան
(Մաղրեպ
Եւրոպա)
Կեդրոնական
(արաբական
երկիրներ)
Արեւելեան
(պարսկերէն, ուրտու)
0 ٠ ۰ Կաղապար:Ուրդու թվեր
1 ١ ۱ Կաղապար:Ուրդու թվեր
2 ٢ ۲ Կաղապար:Ուրդու թվեր
3 ٣ ۳ Կաղապար:Ուրդու թվեր
4 ٤ ۴ Կաղապար:Ուրդու թվեր
5 ٥ ۵ Կաղապար:Ուրդու թվեր
6 ٦ ۶ Կաղապար:Ուրդու թվեր
7 ٧ ۷ Կաղապար:Ուրդու թվեր
8 ٨ ۸ Կաղապար:Ուրդու թվեր
9 ٩ ۹ Կաղապար:Ուրդու թվեր

Ժամանակակից եւրոպական թիւերը, որոնք կիրառելի են հարիւրաւոր երկիրներու մէջ, ունին հնդկական ծագում, սակայն յայտնի են որպէս «արաբական թիւեր»։ Վաղ միջնադարուն՝ Արաբական խալիֆայութեան շնորհիւ տեղի ունեցած մշակութային ու գիտական յառաջընթացի, արեւելք կը ներմուծուին յունական, հնդկական ու պարսկական քաղաքակրթութիւններու լաւագոյն նմուշները։ Մինչ այդ Եւրոպայի մէջ (Հռոմէական կայսրութիւն) կը կիրառէին հռոմէական թիւերը, իսկ Հարաւային Ասիոյ մէջ՝ հնդկական թիւերը։ Հռոմէական թիւերը թուաբանութեան զարգացման համար կիրառելի չէին, եւ բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններ չէին ընդուներ այդ համակարգը։ Վաղմիջնադարեան Հայաստանի մէջ թիւերու փոխարէն կը գործածէին հայերէնի այբուբենի տառերը։ Արաբները կը ներմուծեն հնդկական թիւերը (1-9), ատոնց կ'աւելացնեն 0-ն եւ կը սկսին զանոնք կիրառել։ Աւելի ուշ, մասնաւորապէս՝ Խաչակրաց արշաւանքներու դարաշրջանին՝ թուային նոր համակարգը կը մտնէ Եւրոպա, ուստի այսօր մենք այդ թիւերը կ'անուանենք «արաբական թիւեր»։

Արաբական հատուսծին համապատասխան՝ գոյութիւն ունին թուականներու երկու տարատեսակներ, որոնք յայտնի են «արեւմտեան» եւ «արեւելեան» անուններով։ Առաջինը հիմնականօրէն կ'անուանեն նաեւ արաբական, քանի որ կիրառելի է գերազանցապէս գրեթէ բոլոր արաբական երկիրներուն մէջ, իսկ արեւելեան թիւերը՝ Իրանի եւ Փաքիստանի մէջ։

Երկար ժամանակ, Ֆրանսայի ու Սպանիոյ ազդեցութեան հետեւանքով, Հիւսիսային Ափրիկէի արաբական երկիրներուն մէջ կիրառելի էին եւրոպական թիւերը, սակայն այժմ կրկին անցած են արաբական թիւերուն։ Արեւելեան ու արեւմտեան թիւերու միջեւ տարբերութիւնները մեծ չեն։

Տառերը՝ Որպէս Թուականներ

Արաբական այբուբենի տառերը նոյնպէս ի սկզբանէ, մինչեւ հնդկական թիւերու ներմուծումը, կիրառական էին թուաբանութեան մէջ։ Ատոնք յայտնի էին որպէս «Ապժատիայի թիւեր»։ Այդ թիւերը կը դրուէին ապժատ՝ սեմական հերթականութեամբ։ Ատոնցմէ էին՝ ا Կաղապար:Transl ՝ 1, ب Կաղապար:Transl ՝ 2, ج Կաղապար:Transl ՝ 3, և այդպես մինչև ي Կաղապար:Transl ՝ 10, ك Կաղապար:Transl = 20, ل Կաղապար:Transl = 30, …, ر Կաղապար:Transl = 200, …, غ Կաղապար:Transl = 1000:

Պատմութիւն

Արաբական հատուածի զարգացումը (9-11-րդ դարեր)։
(1) 9-րդ դար` Օմայեան շրջան
(2) և (3) 9-10-րդ դարեր` Ապպասեան շրջան
(4) 11-րդ դար` ժամանակակից հատուած

Արաբերէնի այբուբենը ստեղծուած է նապաթէական գիրէն, որ կը կիրառուէր արամէերէնի նապաթէական բարբառը գրելու համար։ Արաբերէնի առաջին գրաւոր յուշարձանը կը վերագրուի 4-րդ դարուն։ Անիկա գտնուած է Յորդանանի Ակապա նաւահանգիստէն 50 քմ արեւելք գտնուող Ժաբալ Ռամ վայրին մէջ։ Առաջին արձանագրութիւնը, ուր թուագրումը յստակ յայտնաբերուած է, գտնուած է Սուրիոյ մէջ (Զեպետ, 512 թուական)։

Նախաիսլամական շրջանին յայտնաբերուած գրաւոր յուշարձանները հիմնականօրէն մակագրային են։ Արամէերէնի այբուբենի տառերը աւելի քիչ են, քան արաբերէնի, ուստի որոշ հատուածներու մէջ, ուր կը հանդիպին արաբերէնի մի քանի տառերը, հասկանալի կը դառնայ, որ հատուածը ոչ թէ արամէական է, այլ՝ արաբական։ Յայտնաբերուաած են պապիրոսային գրառումներ, որոնք կը վերագրուին նախաիսլամական ու վաղ իսլամական շրջանին։ Յայտնի են նաեւ այդ դարաշրջանին գրուած բանաստեղծութիւն-քասիտաները, որոնք արաբական գրականութեան ամենավաղ նմուշներէն են։

Աւելի ուշ շրջանին արաբական հատուածներուն մէջ կ'աւելցուին ձայնանիշերը եւ համզան։ Ատոնք կը ներմուծուին Ղուրանի ստեղծման զուգընթաց, երբ անհրաժեշտ էր հատուածի ստոյգ գրառում։ Այդ համակարգը կը մշակուի Ապու Ասուատ ալ-Տուալիի շնորհիւ։ Կը գրառուի նաեւ թանուինը եւ միւս ձայնանիշերը։ Հնչիւնական համակարգը կը կատարելագործուի ալ-Խալիլ իպն Ահմատ ալ-Ֆարահիտիի կողմէ, որուն կը վերագրուի արաբական վանկաչափական տաղաչափութեանը վերաբերող «Քիթապ ալ-Արուտ» աշխատանքը։

Ձեռագիր Եւ Գեղագրութիւն

Արաբերէնի ձեռագիր եւ տպագիր տարբերակները ունին որոշակի տարբերութիւններ։ Ատոնց արմատները նոյնպէս կու գան վաղ միջնադարէն։ Իսլամութեան մէջ մարդկանց նկարչութիւնը արգիլուած էր, իսկ գեղանկարչութիւնը տարածուած չէր։ Նախաիսլամական շրջանին, արաբական դիցաբանութիւնը եւս մեծապէս չէր խրախուսեր կերպարուեստի զարգացումը։ Ուստի այլ լեզուներէն արաբերէն թարգմանութիւններ ընելու հեղինակները գիրքերը մանրանկարներով զարդարելու փոխարէն կը զբաղէին գեղագրութեամբ։

Արաբական ձեռագիրի հիմնական տարատեսակներէն են`

  • քուֆայական (արաբերէն՝ الخط الكوفي‎)` կապուած հարաւային Միջագետքի Քուֆա քաղաքի հետ
  • նասխ (արաբերէն՝ الخط النسخ‎)` բառացի` պատճէն ձեռագիր
  • ռուկա (արաբերէն՝ رقعة‎)` բառացի` թերթիկ
  • սուլս (արաբերէն՝ الخط الثُلُث‎)` բառացի` մէկ երրորդ
  • մուհաքքաք (արաբերէն՝ الخط المُحَقَّق‎), հազուադէպ ոճ` ուշ միջնադարուն
  • տիուանի (արաբերէն՝ ديواني‎)` բառացի` իրաւական
  • նասթալիկ (նասխ եւ արաբերէն՝ تعليق‎‎)` բառացի` կախուած

Տպագրութիւն

Արաբական տպագրութիւնը աւանդաբար կը համարուի 19-րդ դարու սկիզբը։ Ատիկա կապուած էր Ֆրանսայի կայսր Նափոլէոն Պոնափարտի` Եգիպտոս արշաւելու հետ (1798)։ Ատով սկիզբ կը դրուի արեւելքի առաւել մասնագիտացած ուսումնասիրութեան, արեւելագիտութեան` որպէս ազատական ինքնուրոյն ճիւղի զարգացման։ Եգիպտոսի մէջ, աւելի ուշ` Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, կը սկսի արաբական մշակութային զարթօնքը` Նահտան (արաբերէն՝ نهضة‎` վերածնունդ)։ Արաբական մշակոյթի բոլոր ճիւղերու, առաջին հերթին` գրականութեան յառաջընթացը տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի համալսարաններու բարձրագոյն կրթութիւն ստացած մտաւորականութեան շնորհիւ, որոնք կը վերադառնան այդ ժամանակ Օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող արաբական նահանգներ եւ կը զարգացնեն իրենց հայրենի երկիրները։

Արաբագիր տպագրական սարք

Արաբական տպագրութիւնը բուն հայրենիքէն դուրս սկսած էր շատ աւելի վաղ։ Եոհան Կութենպըրկի կողմէ տպագրական մեքենայի յայտնագործումէն (1450) որոշ ժամանակ ետք` 1514 թուականին, վենետիկցի Կրեկորիօ տե Գրիգորին կը տպագրէ արաբերէն աղօթագիրք` արեւելեան քրիստոնեաներու համար։

16-րդ դարու վերջին` 1580-86 թուականներուն, Տոսկանայի դուքս Ֆերտինանտ տե Մետիչիի պալատական գրագիրներէն Ռոպերթ Կրանիոնը Ֆլորանսի մէջ կը ստեղծէ արաբերէն գեղեցիկ տառատեսակներ, ու կը հիմնէ «Մետիչի հրատարակչութիւնը»։ Լեռնային Լիբանանի մէջ բնակող քրիստոնեայ մարոնիները նոյնպէս կը զբաղէին տպագրութեամբ. անոնք կը կիրառէին արամէերէնի գիրը։

Լեռնալիբանանի մէջ ազգութեամբ յոյն Ապտալլահ Զախիրի կողմէ կը հիմնուի վանական տպագրատուն, ուր 1734 թուականին կը տպագրուի իր առաջին գիրքը։ Տպագրատունը գործէ մինչեւ 1899 թուականը։ 19-րդ դարուն տպագրատներ կը բացուին Քահիրէի, Ալեսքտանտրիոյ, Պէյ­րութի, Պաղտատի, Դամասկոսի, Հալէպի, Թունիզի մէջ։

Աստիճանաբար կը սկսի զարգանալ արաբական մամուլը։

Արհեստագիտական

Կապուած ստեղնաշարի տեսակէն` QWERTY կամ AZERTY, արաբական ստեղնաշարը կրնայ ըլլալ հետեւեալ երկու տարբերակով`

MAC ստեղնաշար
PC ստեղնաշար

Նշումներ

  1. Արաբական լեզուաբանութեան մէջ գոյականները, ածականները, թուականները, դերանունները եւ մակբայերը կը կոչուին մէկ կերպ՝ «անուն» (արաբերէն՝ اسم‎)

Տես Նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

  1. Юшманов, Н.М. Грамматика литературного арабского языка (под редакцией и с предисловием И.Ю. Крачковского), СПб. 1999
  2. Ramzi Baalbaki, "Kitab al-ayn and Jamharat al-lugha". Taken from Early Medieval Arabic։ Studies on Al-Khalīl Ibn Ahmad, pg. 44. Ed. Karin C. Ryding. Washington, D.C.։ Georgetown University Press, 1998
  3. Wolfdietrich Ficsher, Zur herkunft des Grammatishen terminus Harf, Jerusalem Studies of Arabic and islam, 1989
  4. Կարաբեկյան Ս.Բ., Արաբական տաղաչափությունը արաբական գիտելիքի համակարգում
  5. Габучан Г.М. К вопросу о структуре семитского слова (в связи с проблемой внутренней флексии) // «Семитские языки», вып.2, ч.2. М., Наука, 1965
  6. McCarthy, J. J. , Prince A.S., Foot and Word in Prosodic Morphology. The Arabic Broken Plural.”, Natural Language & Linguistic Theory 8(2),Amherst 1990
  7. Касевич В.Б. Фонологические проблемы общего и восточного языкознания, Москва, 1983
  8. Фролов Д.В., Классический арабский стих, М. 1991
  9. 9,0 9,1 Կաղապար:Ar icon Alyaseer.net ترتيب المداخل والبطاقات في القوائم والفهارس الموضوعية Ordering entries and cards in subject indexes Discussion thread (Accessed 2009-October–06)
  10. Rogers, Henry (2005)։ Writing Systems։ A Linguistic Approach։ Blackwell Publishing։ էջ 135 
  11. Гранде Б.М. Курс Арабской грамматики в сравнительно-историческом освещении, Москва, РАН 2001

Արտաքին յղումներ

Կաղապար:Commons category

Կատեգորիա:Արաբերէնի այբուբեն