«Արաբերէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
#ձայնային_ֆայլեր, փոխարինվեց: → (2) oգտվելով ԱՎԲ
No edit summary
Տող 32. Տող 32.
|քարտեզի_նկարագիրը2 =
|քարտեզի_նկարագիրը2 =
}}
}}
'''Արաբերէն''' ({{Լեզու ar|العَرَبِيَّة}}, {{աուդիո|Al arabic.ogg|ʻարապիյեահ}} կամ {{Լեզու ar|عَرَبِيّ|}} {{աուդիո|Arabi.ogg|ʻարապի}}) սեմական լեզու մըն է, որ հնագոյն ժամանակներէն տարածուած էր Արաբական թերակղզիի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ, իսկ ներկայիս «լեզուական կամուրջ» ({{Լեզու la|lingua franca}}) մը կը հանդիսանայ Արաբական աշխարհին համար:<ref>{{Cite news|url=https://www.academia.edu/18470301/Al-Jallad._The_earliest_stages_of_Arabic_and_its_linguistic_classification_Routledge_Handbook_of_Arabic_Linguistics_forthcoming_|title=Al-Jallad. The earliest stages of Arabic and its linguistic classification (Routledge Handbook of Arabic Linguistics, forthcoming)|access-date=2016-10-27}}</ref> Անիկա իր անունն ստացած է [[Արաբներ (արեւմտահայերէն)|արաբներ]] անունով ժողովուրդէն, որ կ'ապրէր Միջագետքէն մինչեւ լիբանանեան լեռները եւ Սինայի թերակղզին:<br>
'''Արաբերէն''' ({{Լեզու ar|العَرَبِيَّة}}, {{աուդիո|Al arabic.ogg|ʻարապիյեահ}} կամ {{Լեզու ar|عَرَبِيّ|}} {{աուդիո|Arabi.ogg|ʻարապի}}) սեմական լեզու մըն է, որ հնագոյն ժամանակներէն տարածուած էր Արաբական թերակղզիի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ, իսկ ներկայիս «լեզուական կամուրջ» ({{Լեզու la|lingua franca}}) մը կը հանդիսանայ Արաբական աշխարհին համար<ref>{{Cite news|url=https://www.academia.edu/18470301/Al-Jallad._The_earliest_stages_of_Arabic_and_its_linguistic_classification_Routledge_Handbook_of_Arabic_Linguistics_forthcoming_|title=Al-Jallad. The earliest stages of Arabic and its linguistic classification (Routledge Handbook of Arabic Linguistics, forthcoming)|access-date=2016-10-27}}</ref>: Անիկա իր անունն ստացած է [[Արաբներ (արեւմտահայերէն)|արաբներ]] անունով ժողովուրդէն, որ կ'ապրէր Միջագետքէն մինչեւ լիբանանեան լեռները եւ Սինայի թերակղզին:<br>
Արաբերէնը [[Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութիւն|Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան]] վեց պաշտօնական լեզուներէն մեկն է, եւ Արաբական Երկիրներուն Լիկայի լեզուն:
Արաբերէնը [[Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութիւն|Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան]] վեց պաշտօնական լեզուներէն մեկն է, եւ Արաբական Երկիրներուն Լիկայի լեզուն:
== Նշանակութիւնը ==
== Նշանակութիւնը ==

17:19, 12 Նոյեմբեր 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Լեզու արւմտ. Արաբերէն (Կաղապար:Լեզու ar, Լսել ʻարապիյեահ կամ Կաղապար:Լեզու ar Լսել ʻարապի) սեմական լեզու մըն է, որ հնագոյն ժամանակներէն տարածուած էր Արաբական թերակղզիի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ, իսկ ներկայիս «լեզուական կամուրջ» (Կաղապար:Լեզու la) մը կը հանդիսանայ Արաբական աշխարհին համար[1]: Անիկա իր անունն ստացած է արաբներ անունով ժողովուրդէն, որ կ'ապրէր Միջագետքէն մինչեւ լիբանանեան լեռները եւ Սինայի թերակղզին:
Արաբերէնը Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան վեց պաշտօնական լեզուներէն մեկն է, եւ Արաբական Երկիրներուն Լիկայի լեզուն:

Նշանակութիւնը

Ներկայիս գրական լեզուն կ'ուսուցանուէ դպրոցներէն եւ համալսարաններէն ներս եւ տարբեր աստիճաններով կը գործածուէ աշխատավայրերուն, կառավարութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն մէջ: Անիկա պաշտօնական լեզու կը հանդիսանայ 26 երկիրներուն համար եւ իսլամի արարողական լեզուն է:
Միջին դարուն գրական արաբերէնը մշակութային լեզու մըն եղած է Եւրոպային մէջ, յատկապէս գիտութեան, թուաբանագիտութեան եւ իմաստասիրութեան մէջ: Որպէս հետեւանք, շատ եւրոպական լեզուներ նաեւ անկէ շատ բառեր փոխառած են: Արաբական ազդեցութիւնը, նամանաւանդ, բառապաշարին մէջ, կ'երեւի եւրոպական լեզուներուն, առաւելապէս, սպաներէնին վրայ, պակաս չափով՝ փորթուկալերէնին, վալենսերէնին եւ քաթալաներէնին վրայ: Սիկիլիաներէնը կը պարունակէ շուրջ 500 արաբերէն բառեր: Պալքանեան լեզուները, ներառեալ յունարէնը, պուլկարերէնը նմանապէս փոխառած ունեն բազմաթիւ արաբերէն բառեր, որոնք այդ լեզուներուն օսմանեան թրքերէնի միջոցաւ անցած են:

Խօսողներուն Թիւը

Խոշորագոյն արաբախօս երկիրները, անոնց բնակչութիւնը եւ կարդալ-գրել իմացողներու տոկոսային մասը՝

Գիրերը

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած Արաբերէնին մէջ կը կիրառուեն արաբական գիրերը:

Բառակազմութիւն

Արաբերէնին մէջ սովորական է բառերուն կազմաւորումը հիմնական արմատներէն: Բառամատները սովորաբար, կ'ունենան երեք բաղաձայններ, որոնցով կը ձեւաւորուեն զանազան բառերը: Զորօրինակ, «Ես գրած եմ» բառը կը կազմուէ համատեղելով ք-թ-պ բաղաձայններէն կազմուած «գրել» բառը ա-ա-թու կաղապարով՝

  • քաթապթու՝ Ես գրած եմ
  • քաաթապթու՝ Ես գրագրութիւն կ'ընեմ (մեկին հետ)
  • աքթապթու՝ Ես թելադրած եմ
  • իքթաթապթու՝ Ես ստորագրած եմ
  • թաքաաթապնաա՝ Մենք կը գրագրուենք միմեանց հետ
  • աքթուպու՝ Ես կը գրեմ
  • ուքաթթիպու՝ Բան մը գրած եմ
  • ուքթիպու՝ Կը թելադրեմ
  • աքթաթիպու՝ Կը ստորագրեմ
  • քոթիպա՝ Անիկա գրուած է
  • ուքթիպա՝ Անիկա թելադրուած է
  • մաքթուպ՝ Գրուած
  • մուքթապ՝ Թելադրուած
  • քիթաապ՝ գիրք
  • քոթուպ՝ գրքեր
  • քաաթիպ՝ գրագէտ
  • քութթաապ՝ գրագէտներ
  • մաքթապ՝ գրասենեակ
  • մաքթապահ՝ գրադարան
  • եւ այլն

Սովորական Արտայայտութիւններ

Արտայայտութիւն Հայագիր ձեւը Թարգմանութիւն
العربية ալ-արապիյեահ արաբերէն
مرحباً մարհապա: բարեւ
أهلاً وسهلاً ահլան-ուասահլա բարին եկաք
السلام عليكم աս-սալաամու 'ալայքում խաղաղութիւն (ըլլայ) ձեզի քով
كيف حالك؟ քայֆա հաալուք ինչպէս ե՞ք
مع السلامة մա'ա աս-սալաամահ ցտեսութիւն
من فضلك մին ֆատլիք խնդրեմ
شكراً շուքրաա շնորհակալ եմ
لا أعرف լաա աʻրիֆ չեմ գիտեր

Ծանօթագրութիւններ

Կաղապար:Միաւորուած Ազգերու Պաշտօնական Լեզուներ