«Թրքերէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 32. Տող 32.


Թրքական լեզուաբանական ընկերութեան առաջին լուրջ կառուցուածքային փոփոխութիւնը կը կատարուի 1951-ին կազմակերպուած արտակարգ գիտաժողովին. փոփոխութեան կ'ենթարկուի այն օրէնքը, որով Աթաթուրքի կենդանութեան օրերուն սահմանուած էր, որ Լեզուաբանական ընկերութեան նախագահը պէտք է ըլլայ ազգային կրթութեան նախարարը: Այսպիսով, թրքական պետութեան եւ կազմակերպութեան միջեւ կառուցուածքային կապը կը խզուի: Երկրորդ կարեւորագոյն կառուցուածքային փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ 1982-1983-ին: 1982-ին ընդունուած եւ մինչեւ օրս գործող սահմանադրութեամբ «Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը» եւ «Թրքական պատմագիտական ընկերութիւնը» կը միաւորուին մէկ ընդհանուր կառոյցի տակ՝ «Աթաթուրքի անուան մշակութային, լեզուաբանական եւ պատմագիտական ընկերութեան» կազմին մէջ: Այսպիսով, պետութեան հետ եղած կապը կը վերահաստատուի աւելի ամուր հիմքով՝ օրէնքի ուժով <ref name=TDK_Tarihce/>:
Թրքական լեզուաբանական ընկերութեան առաջին լուրջ կառուցուածքային փոփոխութիւնը կը կատարուի 1951-ին կազմակերպուած արտակարգ գիտաժողովին. փոփոխութեան կ'ենթարկուի այն օրէնքը, որով Աթաթուրքի կենդանութեան օրերուն սահմանուած էր, որ Լեզուաբանական ընկերութեան նախագահը պէտք է ըլլայ ազգային կրթութեան նախարարը: Այսպիսով, թրքական պետութեան եւ կազմակերպութեան միջեւ կառուցուածքային կապը կը խզուի: Երկրորդ կարեւորագոյն կառուցուածքային փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ 1982-1983-ին: 1982-ին ընդունուած եւ մինչեւ օրս գործող սահմանադրութեամբ «Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը» եւ «Թրքական պատմագիտական ընկերութիւնը» կը միաւորուին մէկ ընդհանուր կառոյցի տակ՝ «Աթաթուրքի անուան մշակութային, լեզուաբանական եւ պատմագիտական ընկերութեան» կազմին մէջ: Այսպիսով, պետութեան հետ եղած կապը կը վերահաստատուի աւելի ամուր հիմքով՝ օրէնքի ուժով <ref name=TDK_Tarihce/>:

== Պատմութիւն ==
[[File:Kyzyl orkhon inscription.jpg|thumb|right|upright|Հին թրքերէն արձանագրութիւն՝ հին թրքերէն տառերով (8-րդ դար, Քիզիլ, Ռուսիա)]]
Գիտութեան ծանօթ թրքերէն հնագոյն գրաւոր աղբիւրները օրհոնեան գրաւոր յուշարձաններն են, որոնք յայտնաբերուած են ժամանակակից [[Մոնկոլիա|Մոնկոլիոյ]] տարածքին մէջ։ Յուշարձանները կը կանգնին Թրքական երկրորդ կագանատի ժամանակաշրջանի արքայազն [[Քուլ Թիկին]]ի եւ իր եղբօր՝ կայսր [[Պիլկէ Խական]]ի պատւոյն համար։ 1889-1893 թուականներուն ընթացքին [[Օրհոն գետ]]ի դաշտավայրի ընդարձակ տարածքին մէջ ռուս հնագէտներու կողմէ այս յուշարձաններու եւ քարէ սալիկներու յայտնաբերուելէն եւ պեղումներէ ետք կը հաստատուի, որ յուշարձաններու արձանագրութիւններու լեզուն հին թրքերէնն է՝ գրուած հին թրքական այբուբենով, որ ծանօթ է իբրեւ «թրքական [[ռուներ]]» կամ «ռունիֆորմ»՝ շնորհիւ անոր, որ արտաքին նմանութիւններ ունի գերմանական [[Ռուներ|ռունական այբուբեն]]ի հետ։ Այդ յուշարձանները կը վերագրուին Ք.ա. 8-րդ դարուն <ref name="Ergin">Prof. Dr. Muharrem Ergin, Orhun Abideleri, Boğaziçi Yayınları, İstanbul, 2002, s. XVI-XXII ISBN 975-451-017-4</ref><ref><nowiki>{{| soyadı1 = Konur | ad1 = Erdem | başlık = GEÇMIŞTEN GÜNÜMÜZE "İYİ" KELIMESI | url = </nowiki>http://www.edebi.net/index.php/edebi-eserler/makaleler/3572-erdem-konur-gecmisten-gunumuze-iyi-kelimesi | website = http://www.edebi.net/index.php/edebi-eserler/makaleler/3572-erdem-konur-gecmisten-gunumuze-iyi-kelimesi | yayıncı = http://www.edebi.net/ | ref = http://www.edebi.net/ | arşivurl = http://web.archive.org/web/20151222113502/http://www.edebi.net/index.php/edebi-eserler/makaleler/3572-erdem-konur-gecmisten-gunumuze-iyi-kelimesi<nowiki> | arşivtarihi = 22 Aralık 2015}}</nowiki></ref>:

Վաղ միջնադարեան (6-11-րդ դարեր) թրքական նուաճումներուն ժամանակ, թրքախօս զանգուածները կը տարածուին [[Կեդրոնական Ասիա|Կեդրոնական Ասիոյ]] մէջ՝ ընդգրկելով հսկայական աշխարհագրական տարածաշրջան, որ կ'երկարէր [[Սիպիր]]էն մինչեւ [[Եւրոպա]] եւ [[Միջերկրական ծով]]։ [[Սելճուկներ]]ը 11-րդ դարուն [[Փոքր Ասիա]] բերին իրենց լեզուն՝ օղուզերէնը, որ ներկայիս թրքերէնի անմիջական նախկին լեզուն է։ 11-րդ դարուն թրքական լեզուներ ուսումնասիրող [[Մահմուտ Քաշկարի|Մահմուտ Քաշկարին (Քաշկարացի)]], որ Գարախանեան պետութենէն էր, գրած է թրքական լեզուներու առաջին համապարփակ բառարանը եւ կազմած է թրքախօս բնակչութեան աշխարհագրական տեղաբաշխման քարտէսը՝ զանոնք զետեղելով «Թրքական լեզուներու տիւան» ([[օսմաներէն]]՝ Divânü Lügati't-Türk) աշխատանքին մէջ։

Ներկայիս Թուրքիոյ թրքերէնը անցած է զարգացման 4 փուլ<ref>Cem,DİLÇİN,"[http://turkolojimakaleleri.page.tl/T-Ue-RK%26%23304%3BYE-T-Ue-RK%C7ES%26%23304%3BN%26%23304%3BN-S-Oe-Z-VARLI%26%23286%3BI-VE-TAR%26%23304%3BHSEL-S-Oe-ZL-Ue-%26%23286%3B-Ue-.htm TÜRKİYE TÜRKÇESİNİN SÖZ VARLIĞI VE TARİHSEL SÖZLÜĞÜ]{{Չաշխատող արտաքին հղում|bot=InternetArchiveBot }}",[http://turkolojimakaleleri.page.tl Türkoloji Makaleleri] {{Webarchive|url=https://web.archive.org/web/20160331061903/http://turkolojimakaleleri.page.tl/ |date=2016-03-31 }}</ref>․

# Հին անատոլական թրքերէն. 13-15-րդ դարեր
# Դասական օսմաներէն. 16-19-րդ դարեր
# Նոր օսմաներէն. 19-20-րդ դարեր
# Հանրապետական շրջանի թրքերէն. 20-րդ դարուն սկիզբէն մինչեւ այսօր

== Ալթայեական լեզուախումբ ==
Լեզուաբանական գրականութեան մէջ սովորաբար իբրեւ լեզուաընտանիք կամ լեզուախումբ յիշատակուող ալթայեական լեզուները տարբեր դասակարգումներու համաձայն կը ներառեն 3 ([[Թրքական լեզուախումբ|թրքական]], [[Մոնկոլական լեզուներ|մոնկոլական]], [[Տունկուս-մանճուրական լեզուներ|տունկուս-մանճուրական]]) կամ 5 ճիւղ՝ ներառեալ նաեւ [[քորիէրէն]]ն ու [[ճափոներէն]]ը <ref>[http://turkoloji.cu.edu.tr/ESKI%20TURK%20DILI/tuna_01.pdf Osman Nedim Tuna, Altay Dilleri Teorisi, Türk Dünyası Araştırmaları Vakfı, İstanbul 1983, s.1.] (''İlk varyant'')</ref>: Այս տեսութեան համաձայն, թրքական, մոնկոլական, տունկուս-մանճուրական լեզուները, քորիէրէնն ու ճափոներէնը ազգակից են եւ ունին ընդհանուր ծագում. մէկ ընդհանուր մայր լեզուէ յառաջացած են: Այդ ընդհանուր մայր լեզուն ենթադրեալ լեզու է եւ, բնականաբար, որեւէ անուանում չունի: Ալթայեական լեզուաընտանիքի տեսութեան կողմնակիցները այդ երեւակայական լեզուին կու տան «[[ալթայերէն]]» անունը <ref name="TDT17">Ahmet Bican Ercilasun, Başlangıçtan Günümüze Türk Dili Tarihi, Akçağ Yayınları, Ankara 2010, s. 17. ISBN 978-975-338-589-3</ref>: Տեսականօրէն ենթադրուող այդ ալթայերէնի հետագայ ճիւղավորումներէն զարգացած է այսօրուան թրքերէնը:


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

18:07, 25 Յունուար 2021-ի տարբերակ

Թրքերէն (ինքնանուանումը՝ Türkçe (թիւրքչէ) կամ Türk dili (թիւրք տիլի), Պալքանեան թերակղզիէն մինչեւ Կասպից ծով ինկած տարածաշրջանին մէջ խօսուող ալթայեական լեզուներէն մէկն է: Թրքերէնը մայրենի լեզուն է Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի (յատկապէս՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թրակիայի մէջ) մէջ բնակող 10-15 միլիոն անձի եւ Հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ (յատկապէս՝ Թուրքիոյ) 60-65 միլիոն բնակիչներուն համար։ Թուրքիայէն դուրս թուրքախօս ոչ մեծ խումբեր կան Գերմանիոյ, Պուլկարիոյ, Մակեդոնիոյ, Հիւսիսային Կիպրոսի, Յունաստանի, Կովկասի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մնացեալ տարածքներուն մէջ։ Կիպրոսը նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան առաջարկած էր թրքերէնը ընդգրկել միութեան պաշտօնական լեզուներու ցանկին մէջ մէջ, հակառակ որ, Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամ չէ։ Օղուզական խումբի միւս լեզուները իրենց կարգին տարածուած են նշուած տարածաշրջանի արեւելեան ու հարաւային մասերուն մէջ՝ Կովկասի, Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Կասպից ծովու հարաւ արեւելեան հատուածին մէջ:

Թրքերէնը կը պատկանի ալթայեական լեզուաընտանիքի արեւմտախունական ճիւղի օղուզական խումբին։ Մերօրեայ գրական թրքերէնը ունի համեմատաբար նոր պատմութիւն. ձեւաւորուած է օսմաներէնի հիման վրայ՝ 19-րդ դարի սկիզբը: Նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ մասնաւորապէս այսօրուան Թուրքիոյ մէջ տարածուած թրքերէնը ամբողջ աշխարհի 5-րդ ամէնէն շատ խօսուող լեզուն է:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի իրականացուցած բարեփոխումներուն շնորհիւ, 1928-ին թրքերէնը արաբատառ այբուբենի փոխարէն կը սկսի կիրարկել լատինատառը։

Թրքերէնը կցական լեզու է[1]. հարուստ է բազմաթիւ վերջածանցներով, որոնց շնորհիւ որեւէ հիմքէ կարելի է գրեթէ անվերջ քանակութեամբ նոր բառեր ստանալ[2]: Թուրքիոյ թրքերէնին բնորոշ վերջածանցները մասամբ ընդհանուր են նաեւ միւս թրքական լեզուներուն համար[3]: Նախադասութեան կառոյցին հիմնական կաղապարը այս լեզուին մէջ «ենթակայ-խնդիր-ստորոգեալ» հերթագայութիւնը ունի:

«Պոլսական բարբառը» (Ստամպուլեան բարբառը) կը նկատուի թրքերէն գրական լեզուի աղբիւրը. գրական թրքերէնը ձեւաւորուած է այս բարբառին հիման վրայ: Անատոլուի բարբառներուն եւ որոշ թրքական լեզուներուն մէջ առկայ են "բաց է" (/ǝ/), "խռպոտ հ" / խ (/ḫ/) եւ "առաջնաքմային ն" (/ŋ/) հնչիւնները, սակայն պոլսական բարբառին եւ հետեւաբար, նաեւ գրական թրքերէնին մէջ անոնք կը բացակային: Նմանապէս Թուրքիոյ թրքերէնին մէջ կը բացակային /q/ և /w/ հնչիւնները, որոնք առկայ են այլ թրքական լեզուներու եւ բարբառներու մէջ:

Դասակարգում

Թրքերէնը լեզուներու համաշխարհային դասակարգման մէջ ընդգրկուած է ուրալ-ալթայեական լեզուաընտանիքի ալթայեական ճիւղին մէջ: Ուրալ-ալթայեական լեզուաընտանիքի լեզուներու վերաբերեալ կատարուած խորքային ուսումնասիրութիւնները աւելի եւս կ'ապացուցեն, որ այս երկու լեզուախումբերը մէկ լեզուաընտանիքի մէջ միաւորելու համար բաւարար հիմքեր չկան[4]: Այդ պատճառով ալ, երբեմն թրքերէնը կը դասակարգուի պարզապէս իբրեւ ալթայեական լեզու։

Ինչպէս անուանի թրքագէտ Ռեշիթ Ռահմեթի Արաթը «Թրքերէնի բարբառներու դասակարգումը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ՝ թրքական լեզուներու, ներառեալ Թուրքիոյ թրքերէնի դասակարգման վերաբերեալ մինչեւ օրս տարբեր գիտական տեսակէտներ դուրս եկած են: Հիմնուելով աւելի վաղ առաջարկուած դասակարգման փորձերուն հիման վրայ, Արաթ կ'առաջարկէ սեփական դասակարգումը, ըստ որուն Թուրքիոյ թրքերէնը կը պատկանի թրքերէնի բարբառախումբերու VI լեռնային խումբին (հարաւային)[5]: Թրքական լեզուաընտանիքը կը ներառէ արեւելեան Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Սիպիրի մէջ խօսուող շուրջ 30 կենդանի լեզու [6]: Թրքալեզու մարդոց շուրջ 40 առ հարիւրը կը խօսի Թուրքիոյ թրքերէնը [7]: Թրքախօսներուն 40 %-ին համար թրքերէնը մայրենի լեզու է։ Թրքերէնը կը գրաւէ 9-րդ դիրքը այն 10 լեզուներու ցանկին վրայ, որոնք ըստ British Council-ի կողմէ կատարուած հետազօտութեան մը արդիւնքներուն՝ ապագային գերիշխողական կարգավիճակ կ'ունենան [8]:

Պաշտօնական կարգավիճակ

Թուրքիոյ թրքերէնը Թուրքիոյ, ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան, Կիպրոսի Հանրապետութեան, Իրաքի, Մակեդոնիոյ, Քոսովոյի, Ռումանիոյ որոշակի շրջանակներուն մէջ պաշտօնական կարգավիճակ ունի: Պաշտօնական կարգավիճակը այս լեզուին շնորհուած է համապատասխանաբար այն տարածաշրջաններուն մէջ, ուր մեծամասնութիւն կը կազմեն թրքախօս քաղաքացիները. այդ տարածաշրջանը արեւելքէն դէպի արեւմուտք կ'ընդգրկէ Պալքաններէն մինչեւ Միջին Ասիա ինկած բազմաթիւ երկիրներ:

1982-ին ընդունուած Թուրքիյ Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համաձայն, թրքերէնը Թուրքիոյ պետական լեզուն է: Այս դրութիւնը տեղ գտած է սահմանադրութեան առաջին մասի «Ընդհանուր դրութիւններ» բաժինի 3-րդ յօդուածին մէջ: Նոյն բաժինի 4-րդ յօդուածին համաձայն, վերոնշեալ դրութիւնը երբեւէ ենթակայ չէ փոփոխութեան. երկրի պետական լեզուն փոխելու վերաբերեալ առաջարկ ընելը անգամ արգիլուած է [9]:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, երկիրը եւ ժողովուրդը անբաժանելի ամբողջութիւն են: Լեզուն թրքերէնն է.- ԹՀ Սահմանադրութիւն


Թրքերէնը պաշտօնական կարգավիճակ ունի նաեւ Իրաքի Քիրքուք նահանգին մէջ [10]: Ինչպէս նաեւ, Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ թրքերէնը յունարէնին հետ միասին սահմանադրօրէն ճանչցուած է իբրեւ պաշտօնական լեզու, սակայն այս դրութիւնը գործնականին մէջ կեանքի կոչելու հետ կապուած լուրջ խնդիրներ կան [11]: Մակեդոնիոյ արեւմուտքը գտնուող որոշակի բնակավայրերու մէջ նոյնպէս թրքերէնը ունի պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ [12][13][14][15][16]: Թրքերէնին պաշտօնական կարգավիճակ շնորհուած է նաեւ Քոսովոյի Փրիզրեն, Մամուշա, Կիլան, Միտրովիցա, Փրիշտինա եւ Վուշտրին քաղաքներուն մէջ [17][18]: Փրիզրենի մէջ թրքերէնի պաշտօնական կարգավիճակը պաշտպանուած է նաեւ Քոսովոյի Հանրապետութեան՝ «Լեզուներու օգտագործման վերաբերեալ» օրէնքի ծիրէն ներս [19]: Իսկ Ռումանիոյ մէջ այս լեզուն պետութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ փոքրամասնութեան լեզու [20]:

Թրքերէնը իբրեւ ոչ պաշտօնական լեզու

Մեծ թիւով թրքախօսներ կ'ապրին նաեւ Եւրոպայի եւ Ասիոյ երկիրներու կամ քաղաքներու մէջ, ուր թրքերէնին որեւէ պաշտօնական կարգավիճակ չունի: Օրինակ, Պուլկարիոյ բնակչութեան 10 առ հարիւրին մայրենի լեզուն թրքերէնն է: Պուլկարիոյ պետական պատկերասփիւռի կայաններէն կը հեռարձակուին նաեւ թրքերէն յայտագիրներ [21]: Քըրճալիի քաղաքապետարանը 2 լեզուով ալ ծառայութիւններ կը մատուցումէ[21]։ Լուտոկորիէի եւ Արեւելեան Ռումելիոյ դպրոցներուն մէջ ծագումով թուրքերը հնարաւորութիւն ունին ուսումնասիրել թրքերէնը իբրեւ մայրենի լեզու: Յունաստանի Քսանթի եւ Քոմոթինի (Կիւմիւրճինա) քաղաքներուն մէջ եւս թրքերէնը կը դասաւանդուի իբրեւ փոքրամասնութիւններու մայրենի լեզու, միաժամանակ կ'օգտագործուի կրօնական գործերու մէջ: Հռոտոսի մէջ կայ 2500-3000 հոգիէ բաղկացող թրքական համայնք մը, որ դուրս մնացած է Լոզանի պայմանագիրէն, որուն հետեւանքով այդ համայնքը զրկուած է այն իրաւունքներէն, որոնք ունին Յունաստանի մայրցամաքային մասին մէջ բնակող թուրքերը [22]:

Վարչական կառոյցներ. թրքերէնի կիրարկում

Թրքերէնը Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդի վարչական լեզուն է: 12 Յուլիս 1932-ին Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի հրահանգով կը ստեղծուի Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը (Türk Dil Kurumu)՝ «Թրքերէնի վերահսկման միութիւն» անունով: Միութեան բոլոր հիմնադիրները պատգամաւորներ էին եւ ժամանակի թրքական իրականութեան մէջ բաւական ծանօթ անուններ. Սամիհ Ռիֆաթ, Ռուշէն Էշրեֆ, Ճելալ Սահիր Էրոզան, Եաքուպ Քատրի Քարաօսմանօղլու: Ընկերութեան առաջին նախագահը Սամիհ Ռիֆաթն էր: «Թրքերէնի վերահսկման ընկերութիւնը» իր գործունէութեան նպատակը ձեւակերպած էր հետեւալ ձեւով. «Բարձրացնել թրքերէնի հրաշագեղութիւնն ու հարստութիւնը, աշխարհի միւս լեզուներուն կողքին արժանի բարձրութեան հասցնել զայն»: Աթաթուրքի կենդանութեան օրերուն, 1932, 1934 և 1936 թուականներուն կազմակերպուած 3 համաժողովներուն ընթացքին կ'ընտրուի ընկերութեան ղեկավար կազմը, կը նախանշուի կազմակերպութեան լեզուական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ, կը ներկայացուի եւ կը քննարկուին գիտական զեկոյցներ: 26 Սեպտեմբերէն 5 Հոկտեմբեր երկարած 1932-ի Տոլմապահչէ պալատին մէջ տեղի ունեցած թրքերէնի առաջին համաժողովի աւարտին կ'որոշուի, որ լեզուաբանական ընկերութիւնը իր աշխատանքները պիտի կազմակերպէ վեց հիմնական ուղղութիւներով՝ բառարանագիտութիւն-եզրագիտութիւն, քերականութիւն-շարահիւսութիւն, ժողովածուներու կազմում, լեզուա-բանասիրութիւն, ստուգաբանութիւն, հրատարակչութիւն: Յաջորդ համաժողովներուն ժամանակ այդ ուղղութիւններէն մաս մը կը մասնատուի նոր ճիւղերուն, մաս մը կրկին միաւորուի, սակայն հիմնական գաղափարախօսութիւնը չի փոխուիր: 1934-ի գիտաժողովի ժամանակ Միութեան վերանուանման որոշում մը կը կայանայ. կը կոչուի «Թրքերէնի հետազօտութեան ընկերութիւն»: Իսկ 1936-ի տեղի ունեցած համաժողովին կազմակերպութիւնը կը վերանուանուի «Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւն» [23]:

Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը կը կատարէր զանազան լեզուագիտական հետազօտութիւններ՝ կը սահմանէր թրքերէնի ուղղագրական ու կետադրական կանոնները: Ներկայիս այս կազմակերպութիւնը ակադեմական մակարդակի բազմազան աշխատանքներ կը տանի ոչ միայն Թուրքիոյ թրքերէնի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մակարդակով թրքերէնի եւ թրքագիտութեան վերաբերեալ:

Թրքական լեզուաբանական ընկերութեան առաջին լուրջ կառուցուածքային փոփոխութիւնը կը կատարուի 1951-ին կազմակերպուած արտակարգ գիտաժողովին. փոփոխութեան կ'ենթարկուի այն օրէնքը, որով Աթաթուրքի կենդանութեան օրերուն սահմանուած էր, որ Լեզուաբանական ընկերութեան նախագահը պէտք է ըլլայ ազգային կրթութեան նախարարը: Այսպիսով, թրքական պետութեան եւ կազմակերպութեան միջեւ կառուցուածքային կապը կը խզուի: Երկրորդ կարեւորագոյն կառուցուածքային փոփոխութիւնը տեղի կ'ունենայ 1982-1983-ին: 1982-ին ընդունուած եւ մինչեւ օրս գործող սահմանադրութեամբ «Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը» եւ «Թրքական պատմագիտական ընկերութիւնը» կը միաւորուին մէկ ընդհանուր կառոյցի տակ՝ «Աթաթուրքի անուան մշակութային, լեզուաբանական եւ պատմագիտական ընկերութեան» կազմին մէջ: Այսպիսով, պետութեան հետ եղած կապը կը վերահաստատուի աւելի ամուր հիմքով՝ օրէնքի ուժով [23]:

Պատմութիւն

Հին թրքերէն արձանագրութիւն՝ հին թրքերէն տառերով (8-րդ դար, Քիզիլ, Ռուսիա)

Գիտութեան ծանօթ թրքերէն հնագոյն գրաւոր աղբիւրները օրհոնեան գրաւոր յուշարձաններն են, որոնք յայտնաբերուած են ժամանակակից Մոնկոլիոյ տարածքին մէջ։ Յուշարձանները կը կանգնին Թրքական երկրորդ կագանատի ժամանակաշրջանի արքայազն Քուլ Թիկինի եւ իր եղբօր՝ կայսր Պիլկէ Խականի պատւոյն համար։ 1889-1893 թուականներուն ընթացքին Օրհոն գետի դաշտավայրի ընդարձակ տարածքին մէջ ռուս հնագէտներու կողմէ այս յուշարձաններու եւ քարէ սալիկներու յայտնաբերուելէն եւ պեղումներէ ետք կը հաստատուի, որ յուշարձաններու արձանագրութիւններու լեզուն հին թրքերէնն է՝ գրուած հին թրքական այբուբենով, որ ծանօթ է իբրեւ «թրքական ռուներ» կամ «ռունիֆորմ»՝ շնորհիւ անոր, որ արտաքին նմանութիւններ ունի գերմանական ռունական այբուբենի հետ։ Այդ յուշարձանները կը վերագրուին Ք.ա. 8-րդ դարուն [24][25]:

Վաղ միջնադարեան (6-11-րդ դարեր) թրքական նուաճումներուն ժամանակ, թրքախօս զանգուածները կը տարածուին Կեդրոնական Ասիոյ մէջ՝ ընդգրկելով հսկայական աշխարհագրական տարածաշրջան, որ կ'երկարէր Սիպիրէն մինչեւ Եւրոպա եւ Միջերկրական ծով։ Սելճուկները 11-րդ դարուն Փոքր Ասիա բերին իրենց լեզուն՝ օղուզերէնը, որ ներկայիս թրքերէնի անմիջական նախկին լեզուն է։ 11-րդ դարուն թրքական լեզուներ ուսումնասիրող Մահմուտ Քաշկարին (Քաշկարացի), որ Գարախանեան պետութենէն էր, գրած է թրքական լեզուներու առաջին համապարփակ բառարանը եւ կազմած է թրքախօս բնակչութեան աշխարհագրական տեղաբաշխման քարտէսը՝ զանոնք զետեղելով «Թրքական լեզուներու տիւան» (օսմաներէն՝ Divânü Lügati't-Türk) աշխատանքին մէջ։

Ներկայիս Թուրքիոյ թրքերէնը անցած է զարգացման 4 փուլ[26]

  1. Հին անատոլական թրքերէն. 13-15-րդ դարեր
  2. Դասական օսմաներէն. 16-19-րդ դարեր
  3. Նոր օսմաներէն. 19-20-րդ դարեր
  4. Հանրապետական շրջանի թրքերէն. 20-րդ դարուն սկիզբէն մինչեւ այսօր

Ալթայեական լեզուախումբ

Լեզուաբանական գրականութեան մէջ սովորաբար իբրեւ լեզուաընտանիք կամ լեզուախումբ յիշատակուող ալթայեական լեզուները տարբեր դասակարգումներու համաձայն կը ներառեն 3 (թրքական, մոնկոլական, տունկուս-մանճուրական) կամ 5 ճիւղ՝ ներառեալ նաեւ քորիէրէնն ու ճափոներէնը [27]: Այս տեսութեան համաձայն, թրքական, մոնկոլական, տունկուս-մանճուրական լեզուները, քորիէրէնն ու ճափոներէնը ազգակից են եւ ունին ընդհանուր ծագում. մէկ ընդհանուր մայր լեզուէ յառաջացած են: Այդ ընդհանուր մայր լեզուն ենթադրեալ լեզու է եւ, բնականաբար, որեւէ անուանում չունի: Ալթայեական լեզուաընտանիքի տեսութեան կողմնակիցները այդ երեւակայական լեզուին կու տան «ալթայերէն» անունը [28]: Տեսականօրէն ենթադրուող այդ ալթայերէնի հետագայ ճիւղավորումներէն զարգացած է այսօրուան թրքերէնը:

Ծանօթագրութիւններ

  1. Prof. Dr. Doğan Aksan, Türkiye Türkçesinin Dünü, Bugünü, Yarını, Bilgi, s. 68.
  2. Nalan Büyükkantarcıoğlu, “Türkçe Sözcük Biçimlenmesinde Düzlemler ve Türetmeler”, Hacettepe Üniversitesi Edebiyat Fakültesi Dergisi, Cilt: 17, Sayı: 1, s. 81-94.
  3. Sevan Nişanyan, Sözlerin Soyağacı, EK I: Türkçe Yapım Ekleri
  4. Zeynep Korkmaz, Türkiye Türkçesi Grameri (Şekil Bilgisi), Türk Dil Kurumu Yayınları, Ankara 2007, s. LXVII. ISBN 975-16-1643-3
  5. R. Rahmeti Arat, “Türk Şivelerinin Tasnifi”, Türkiyat Mecmuası, Cilt X, İstanbul 1953, s. 69-149.
  6. Raymond G. Jr. Gordon, Ethnologue: Languages of the World, Fifteenth edition. Language Family Trees - Altaic Ethnologue.com Կաղապար:En
  7. Kenneth Katzner, Languages of the World, Third Edition, Routledge, An imprint of Taylor & Francis Books Ltd., 2002, p. 18. ISBN 978-0-415-25004-7 Կաղապար:En
  8. {{| url = http://www.hurriyet.com.tr/dunya/29539783.asp | başlık = Geleceğin 10 dili sıralamasında Türkçe 9'uncu | tarih = 13 Temmuz 2015 | yayıncı = Hürriyet | erişimtarihi = 17 Temmuz 2015 | arşivurl = http://web.archive.org/web/20150822151644/http://www.hurriyet.com.tr:80/dunya/29539783.asp | arşivtarihi = 22 Ağustos 2015}}
  9. T.C. Anayasası, Birinci Kısım, Genel Esaslar, Madde 3, Devletin Resmî Dili
  10. “Kerkük’te Türkçe artık resmî dil!” Haber5 (22.12.2008)
  11. Kıbrıs Cumhuriyeti Anayasası Kıbrıs Cumhuriyeti Cumhurbaşkanlığı Կաղապար:En
  12. “Makedonya Gostivar’da Türkçe resmî dil” Milliyet (12.06.2005)
  13. “KEİPA heyetinin Makedonya ziyareti…” Haber3 (09.09.2012)
  14. Directory of Municipalities in the Republic of Macedonia: Municipality of Plasnica Makedonya Uluslararası İş Birliği Merkezi Կաղապար:En
  15. Directory of Municipalities in the Republic of Macedonia: Municipality of Mavrovo and Rostushe Makedonya Uluslararası İş Birliği Merkezi Կաղապար:En
  16. Directory of Municipalities in the Republic of Macedonia: Municipality of Vraneshtica Makedonya Uluslararası İş Birliği Merkezi Կաղապար:En
  17. Implementation of the Law on the Use of Languages by Kosovo Municipalities AGİT
  18. Gilan şehrinde Türkçe resmî dil oldu İHA
  19. Yasa No. 02/L-37: Dillerin Kullanımı İçin Yasa Kosova Cumhuriyeti Resmî Gazetesi
  20. Romania: “The provisions of the Charter shall apply to the following minority languages used on the territory of Romania” Avrupa Konseyi Կաղապար:En
  21. 21,0 21,1 Kırcaali Belediyesi resmî internet sitesi
  22. Hasan Kaili, Vassilios Spyropoulos, Marianthi Georgalidou, Aytaç Çeltek, Causative constuctions in the Turkish variety of the bilingual Muslim community of Rhodes: A preliminary research, 14th ICTL (Antalya, 6-8 August 2008), s. 1. Կաղապար:En
  23. 23,0 23,1 Tarihçe Türk Dil Kurumu resmî internet sitesi
  24. Prof. Dr. Muharrem Ergin, Orhun Abideleri, Boğaziçi Yayınları, İstanbul, 2002, s. XVI-XXII ISBN 975-451-017-4
  25. {{| soyadı1 = Konur | ad1 = Erdem | başlık = GEÇMIŞTEN GÜNÜMÜZE "İYİ" KELIMESI | url = http://www.edebi.net/index.php/edebi-eserler/makaleler/3572-erdem-konur-gecmisten-gunumuze-iyi-kelimesi | website = http://www.edebi.net/index.php/edebi-eserler/makaleler/3572-erdem-konur-gecmisten-gunumuze-iyi-kelimesi | yayıncı = http://www.edebi.net/ | ref = http://www.edebi.net/ | arşivurl = http://web.archive.org/web/20151222113502/http://www.edebi.net/index.php/edebi-eserler/makaleler/3572-erdem-konur-gecmisten-gunumuze-iyi-kelimesi | arşivtarihi = 22 Aralık 2015}}
  26. Cem,DİLÇİN,"TÜRKİYE TÜRKÇESİNİN SÖZ VARLIĞI VE TARİHSEL SÖZLÜĞÜԿաղապար:Չաշխատող արտաքին հղում",Türkoloji Makaleleri Archived 2016-03-31 at the Wayback Machine.
  27. Osman Nedim Tuna, Altay Dilleri Teorisi, Türk Dünyası Araştırmaları Vakfı, İstanbul 1983, s.1. (İlk varyant)
  28. Ahmet Bican Ercilasun, Başlangıçtan Günümüze Türk Dili Tarihi, Akçağ Yayınları, Ankara 2010, s. 17. ISBN 978-975-338-589-3