«Թրքերէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Թրքերէն''' (ինքնանուանումը՝ '''Türkçe''' (թիւրքչէ) կամ '''Türk dili''' (թիւրք տիլի), Պալքաեան թերակղզի|Պալքա...»:
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
(Տարբերութիւն չկայ)

19:13, 4 Յունուար 2021-ի տարբերակ

Թրքերէն (ինքնանուանումը՝ Türkçe (թիւրքչէ) կամ Türk dili (թիւրք տիլի), Պալքանեան թերակղզիէն մինչեւ Կասպից ծով ինկած տարածաշրջանին մէջ խօսուող ալթայեական լեզուներէն մէկն է: Թրքերէնը մայրենի լեզուն է Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի (յատկապէս՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թրակիայի մէջ) մէջ բնակող 10-15 միլիոն անձի եւ Հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ (յատկապէս՝ Թուրքիոյ) 60-65 միլիոն բնակիչներուն համար։ Թուրքիայէն դուրս թուրքախօս ոչ մեծ խումբեր կան Գերմանիոյ, Պուլկարիոյ, Մակեդոնիոյ, Հիւսիսային Կիպրոսի, Յունաստանի, Կովկասի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մնացեալ տարածքներուն մէջ։ Կիպրոսը նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան առաջարկած էր թրքերէնը ընդգրկել միութեան պաշտօնական լեզուներու ցանկին մէջ մէջ, հակառակ որ, Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամ չէ։ Օղուզական խումբի միւս լեզուները իրենց կարգին տարածուած են նշուած տարածաշրջանի արեւելեան ու հարաւային մասերուն մէջ՝ Կովկասի, Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Կասպից ծովու հարաւ արեւելեան հատուածին մէջ:

Թրքերէնը կը պատկանի ալթայեական լեզուաընտանիքի արեւմտախունական ճիւղի օղուզական խումբին։ Մերօրեայ գրական թրքերէնը ունի համեմատաբար նոր պատմութիւն. ձեւաւորուած է օսմաներէնի հիման վրայ՝ 19-րդ դարի սկիզբը: Նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ մասնաւորապէս այսօրուան Թուրքիոյ մէջ տարածուած թրքերէնը ամբողջ աշխարհի 5-րդ ամէնէն շատ խօսուող լեզուն է:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի իրականացուցած բարեփոխումներուն շնորհիւ, 1928-ին թրքերէնը արաբատառ այբուբենի փոխարէն կը սկսի կիրարկել լատինատառը։

Թրքերէնը կցական լեզու է[1]. հարուստ է բազմաթիւ վերջածանցներով, որոնց շնորհիւ որեւէ հիմքէ կարելի է գրեթէ անվերջ քանակութեամբ նոր բառեր ստանալ[2]: Թուրքիոյ թրքերէնին բնորոշ վերջածանցները մասամբ ընդհանուր են նաեւ միւս թրքական լեզուներուն համար[3]: Նախադասութեան կառոյցին հիմնական կաղապարը այս լեզուին մէջ «ենթակայ-խնդիր-ստորոգեալ» հերթագայութիւնը ունի:

«Պոլսական բարբառը» (Ստամպուլեան բարբառը) կը նկատուի թրքերէն գրական լեզուի աղբիւրը. գրական թրքերէնը ձեւաւորուած է այս բարբառին հիման վրայ: Անատոլուի բարբառներուն եւ որոշ թրքական լեզուներուն մէջ առկայ են "բաց է" (/ǝ/), "խռպոտ հ" / խ (/ḫ/) եւ "առաջնաքմային ն" (/ŋ/) հնչիւնները, սակայն պոլսական բարբառին եւ հետեւաբար, նաեւ գրական թրքերէնին մէջ անոնք կը բացակային: Նմանապէս Թուրքիոյ թրքերէնին մէջ կը բացակային /q/ և /w/ հնչիւնները, որոնք առկայ են այլ թրքական լեզուներու եւ բարբառներու մէջ:

Դասակարգում

Թրքերէնը լեզուներու համաշխարհային դասակարգման մէջ ընդգրկուած է ուրալ-ալթայեական լեզուաընտանիքի ալթայեական ճիւղին մէջ: Ուրալ-ալթայեական լեզուաընտանիքի լեզուներու վերաբերեալ կատարուած խորքային ուսումնասիրութիւնները աւելի եւս կ'ապացուցեն, որ այս երկու լեզուախումբերը մէկ լեզուաընտանիքի մէջ միաւորելու համար բաւարար հիմքեր չկան[4]: Այդ պատճառով ալ, երբեմն թրքերէնը կը դասակարգուի պարզապէս իբրեւ ալթայեական լեզու։

Ինչպէս անուանի թրքագէտ Ռեշիթ Ռահմեթի Արաթը «Թրքերէնի բարբառներու դասակարգումը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ՝ թրքական լեզուներու, ներառեալ Թուրքիոյ թրքերէնի դասակարգման վերաբերեալ մինչեւ օրս տարբեր գիտական տեսակէտներ դուրս եկած են: Հիմնուելով աւելի վաղ առաջարկուած դասակարգման փորձերուն հիման վրայ, Արաթ կ'առաջարկէ սեփական դասակարգումը, ըստ որուն Թուրքիոյ թրքերէնը կը պատկանի թրքերէնի բարբառախումբերու VI լեռնային խումբին (հարաւային)[5]: Թրքական լեզուաընտանիքը կը ներառէ արեւելեան Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Սիպիրի մէջ խօսուող շուրջ 30 կենդանի լեզու [6]: Թրքալեզու մարդոց շուրջ 40 առ հարիւրը կը խօսի Թուրքիոյ թրքերէնը [7]: Թրքախօսներուն 40 %-ին համար թրքերէնը մայրենի լեզու է։ Թրքերէնը կը գրաւէ 9-րդ դիրքը այն 10 լեզուներու ցանկին վրայ, որոնք ըստ British Council-ի կողմէ կատարուած հետազօտութեան մը արդիւնքներուն՝ ապագային գերիշխողական կարգավիճակ կ'ունենան [8]:

Պաշտօնական կարգավիճակ

Թուրքիոյ թրքերէնը Թուրքիոյ, ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան, Կիպրոսի Հանրապետութեան, Իրաքի, Մակեդոնիոյ, Քոսովոյի, Ռումանիոյ որոշակի շրջանակներուն մէջ պաշտօնական կարգավիճակ ունի: Պաշտօնական կարգավիճակը այս լեզուին շնորհուած է համապատասխանաբար այն տարածաշրջաններուն մէջ, ուր մեծամասնութիւն կը կազմեն թրքախօս քաղաքացիները. այդ տարածաշրջանը արեւելքէն դէպի արեւմուտք կ'ընդգրկէ Պալքաններէն մինչեւ Միջին Ասիա ինկած բազմաթիւ երկիրներ:

1982-ին ընդունուած Թուրքիյ Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համաձայն, թրքերէնը Թուրքիոյ պետական լեզուն է: Այս դրութիւնը տեղ գտած է սահմանադրութեան առաջին մասի «Ընդհանուր դրութիւններ» բաժինի 3-րդ յօդուածին մէջ: Նոյն բաժինի 4-րդ յօդուածին համաձայն, վերոնշեալ դրութիւնը երբեւէ ենթակայ չէ փոփոխութեան. երկրի պետական լեզուն փոխելու վերաբերեալ առաջարկ ընելը անգամ արգիլուած է [9]:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, երկիրը եւ ժողովուրդը անբաժանելի ամբողջութիւն են: Լեզուն թրքերէնն է.- ԹՀ Սահմանադրութիւն


Թրքերէնը պաշտօնական կարգավիճակ ունի նաեւ Իրաքի Քիրքուք նահանգին մէջ [10]: Ինչպէս նաեւ, Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ թրքերէնը յունարէնին հետ միասին սահմանադրօրէն ճանչցուած է իբրեւ պաշտօնական լեզու, սակայն այս դրութիւնը գործնականին մէջ կեանքի կոչելու հետ կապուած լուրջ խնդիրներ կան [11]: Մակեդոնիոյ արեւմուտքը գտնուող որոշակի բնակավայրերու մէջ նոյնպէս թրքերէնը ունի պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ [12][13][14][15][16]: Թրքերէնին պաշտօնական կարգավիճակ շնորհուած է նաեւ Քոսովոյի Փրիզրեն, Մամուշա, Կիլան, Միտրովիցա, Փրիշտինա եւ Վուշտրին քաղաքներուն մէջ [17][18]: Փրիզրենի մէջ թրքերէնի պաշտօնական կարգավիճակը պաշտպանուած է նաեւ Քոսովոյի Հանրապետութեան՝ «Լեզուներու օգտագործման վերաբերեալ» օրէնքի ծիրէն ներս [19]: Իսկ Ռումանիոյ մէջ այս լեզուն պետութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ փոքրամասնութեան լեզու [20]:

  1. Prof. Dr. Doğan Aksan, Türkiye Türkçesinin Dünü, Bugünü, Yarını, Bilgi, s. 68.
  2. Nalan Büyükkantarcıoğlu, “Türkçe Sözcük Biçimlenmesinde Düzlemler ve Türetmeler”, Hacettepe Üniversitesi Edebiyat Fakültesi Dergisi, Cilt: 17, Sayı: 1, s. 81-94.
  3. Sevan Nişanyan, Sözlerin Soyağacı, EK I: Türkçe Yapım Ekleri
  4. Zeynep Korkmaz, Türkiye Türkçesi Grameri (Şekil Bilgisi), Türk Dil Kurumu Yayınları, Ankara 2007, s. LXVII. ISBN 975-16-1643-3
  5. R. Rahmeti Arat, “Türk Şivelerinin Tasnifi”, Türkiyat Mecmuası, Cilt X, İstanbul 1953, s. 69-149.
  6. Raymond G. Jr. Gordon, Ethnologue: Languages of the World, Fifteenth edition. Language Family Trees - Altaic Ethnologue.com Կաղապար:En
  7. Kenneth Katzner, Languages of the World, Third Edition, Routledge, An imprint of Taylor & Francis Books Ltd., 2002, p. 18. ISBN 978-0-415-25004-7 Կաղապար:En
  8. {{| url = http://www.hurriyet.com.tr/dunya/29539783.asp | başlık = Geleceğin 10 dili sıralamasında Türkçe 9'uncu | tarih = 13 Temmuz 2015 | yayıncı = Hürriyet | erişimtarihi = 17 Temmuz 2015 | arşivurl = http://web.archive.org/web/20150822151644/http://www.hurriyet.com.tr:80/dunya/29539783.asp | arşivtarihi = 22 Ağustos 2015}}
  9. T.C. Anayasası, Birinci Kısım, Genel Esaslar, Madde 3, Devletin Resmî Dili
  10. “Kerkük’te Türkçe artık resmî dil!” Haber5 (22.12.2008)
  11. Kıbrıs Cumhuriyeti Anayasası Kıbrıs Cumhuriyeti Cumhurbaşkanlığı Կաղապար:En
  12. “Makedonya Gostivar’da Türkçe resmî dil” Milliyet (12.06.2005)
  13. “KEİPA heyetinin Makedonya ziyareti…” Haber3 (09.09.2012)
  14. Directory of Municipalities in the Republic of Macedonia: Municipality of Plasnica Makedonya Uluslararası İş Birliği Merkezi Կաղապար:En
  15. Directory of Municipalities in the Republic of Macedonia: Municipality of Mavrovo and Rostushe Makedonya Uluslararası İş Birliği Merkezi Կաղապար:En
  16. Directory of Municipalities in the Republic of Macedonia: Municipality of Vraneshtica Makedonya Uluslararası İş Birliği Merkezi Կաղապար:En
  17. Implementation of the Law on the Use of Languages by Kosovo Municipalities AGİT
  18. Gilan şehrinde Türkçe resmî dil oldu İHA
  19. Yasa No. 02/L-37: Dillerin Kullanımı İçin Yasa Kosova Cumhuriyeti Resmî Gazetesi
  20. Romania: “The provisions of the Charter shall apply to the following minority languages used on the territory of Romania” Avrupa Konseyi Կաղապար:En