«Արկաթիակերտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «մինի|200px|Հայկական աշխարհակալ տէրութիւն '''Արկաթիակերտ''' կամ '''Կա...»:
 
Տող 11. Տող 11.
Կարկաթիոկերտի մասին, իբր Ծոփաց թագաւորութեան արքայանիստ քաղաքի, առաջին վկայութիւնը կը պատկանի [[Սթրապոն]]ին։ Հայ պատմագիրները այս քաղաքի վերաբերեալ յիշատակութիւններ ամենեւին չունին եւ դժուար է ուրուագծեր անոր հետագայ շրջանի պատմութիւնը։ Սակայն, նկատի ունենալով Հայաստանի հելլենիստական միւս քաղաքներու՝ [[Արմավիր]]ի, [[Արտաշատ]]ի, [[Երուանդաշատ]]ի, [[Զարիշատ]]ի, [[Զարեհաւան]]ի եւ միւսներու պատմութեան ընթացքը, կարելի է չկասկածիլ, որ Կարկաթիոկերտը նոյնպես անոնց նման IV—V դարերուն կորսնցուցեր էր իր նախկին փառքը՝ առաջնութեան դափնին զիջելով նոր առաջացած ֆէոտալական կամ աւատական, ճորտատիրական քաղաքներուն։ Հնարաւոր է նաեւ, որ Կարկաթիոկերտը ատոնցմէ քանի մը հարիւր տարի առաջ կորսնցուցեր էր իր նշանակութիւնը, վերածուելով ֆէոտալական դղեակի։

== Աղբյուրներ ==
== Աղբիւրներ ==
* Թ.Խ. Յակոբեան (1987)։ Պատմական Հայաստանի քաղաքները։ Երեւան։ «Հայաստան», էջ 160-161
* Թ.Խ. Յակոբեան (1987)։ Պատմական Հայաստանի քաղաքները։ Երեւան։ «Հայաստան», էջ 160-161
{{Արտաքին յղումներ}}
{{Արտաքին յղումներ}}

00:42, 31 Հոկտեմբեր 2020-ի տարբերակ

Հայկական աշխարհակալ տէրութիւն

Արկաթիակերտ կամ Կարկաթիոկերտ, Ծոփքի թագաւորութիւն մայրաքաղաքը։ Աշխարհագրական դիրքը վերջնականապէս ճշդուած չէ։ Ոմանք այն կը նոյնացնեն հետագայի Անգղ բերդի հետ (Չորրորդ Հայքի Անգեղտուն գաւառի գլխաւոր բերդը), ոմանք Զինթա ամրոցի, ոմանք՝ Խարբերդի, ոմանք՝ Ամիտ–Տիարպեքիրի, իսկ ոմանք ալ Տիգրանակերտ–Մարտիրոսապոլսոյ հետ։ Ասոնցմէ ամենահաւանականն այն վարկածն է, ըստ որու Կարկաթիոկերտը կը գտնուէր Անգեղտուն գաւառի Անգղ բերդի տեղը կամ անոր շրջակայքը։ Իսկ վերջինիս աւերակներն ինկած են Արեւմտեան Տիգրիս գետի վերին հոսանքէն ոչ հեռու, Ծովք լիճէն մօտ 4 քմ հեռաւորութեամբ, ստորին Արածանիի ձախ կողմը։

Անուան ստուգաբանութիւնը

Հին Հայաստանի այս քաղաքը Սթրապոնի մոտ կոչուած է Կարթասիոկերտ, այլ հեղինակներ կը յիշատակեն նաեւ Արկաթիոկերտ անունով։ Կոչուեր է նաեւ Եփիփանիա կամ Եպիփանիա։

Պատմութիւն

Կարկաթիոկերտի հիմնադրման մասին գրաւոր յիշատակութիւններ չկան։ Սակայն անուղղակի աղբիւրներէն յայտնի դարձեր է, որ այն գոյություն ունեցեր է հնագոյն ժամանակներէն՝ Ք.Ա. VIII—VII դարերէն, եւ մեծ վերելք ապրեր է հելլենիզմի դարաշրջանին, յատկապես՝ Ք.Ա. II—I դդ,: Ծոփաց թագաւորութեան ամենահին մայրաքաղաքն էր եւ կը գտնուէր հարաւային առևտրական մեծ ճանապարհի վրայ, որ բանուկ էր դեռ Ք.Ա. VII—VI դարերէն։ Հայաստանի հելլենիստական բազմամարդ ու ծաղկած քաղաքներէն էր։ Ք.Ա. III դարոպ վերջերը եւ II դարու սկիզբներուն դարձեր էր ներքին, արտաքին ու տարանցիկ առեւտրի եւ արհեստագործութեան խոշոր կեդրոն։ Հայ–ասորական պատերազմի ժամանակ, Ք.Ա. 165 թ. սելեւկեան Անտիոքոս 4–րդը, որ կը կրէր Եպիփանես մականունը, գրաւեր է Կարկաթիոկերտը եւ վերանուաներ իր մականունով՝ Եպիփանիա։

Կարկաթիոկերտի մասին, իբր Ծոփաց թագաւորութեան արքայանիստ քաղաքի, առաջին վկայութիւնը կը պատկանի Սթրապոնին։ Հայ պատմագիրները այս քաղաքի վերաբերեալ յիշատակութիւններ ամենեւին չունին եւ դժուար է ուրուագծեր անոր հետագայ շրջանի պատմութիւնը։ Սակայն, նկատի ունենալով Հայաստանի հելլենիստական միւս քաղաքներու՝ Արմավիրի, Արտաշատի, Երուանդաշատի, Զարիշատի, Զարեհաւանի եւ միւսներու պատմութեան ընթացքը, կարելի է չկասկածիլ, որ Կարկաթիոկերտը նոյնպես անոնց նման IV—V դարերուն կորսնցուցեր էր իր նախկին փառքը՝ առաջնութեան դափնին զիջելով նոր առաջացած ֆէոտալական կամ աւատական, ճորտատիրական քաղաքներուն։ Հնարաւոր է նաեւ, որ Կարկաթիոկերտը ատոնցմէ քանի մը հարիւր տարի առաջ կորսնցուցեր էր իր նշանակութիւնը, վերածուելով ֆէոտալական դղեակի։

Աղբիւրներ

  • Թ.Խ. Յակոբեան (1987)։ Պատմական Հայաստանի քաղաքները։ Երեւան։ «Հայաստան», էջ 160-161

Կաղապար:Պատմական Հայաստանի քաղաքները