«Արաբական թերակղզի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աշխարհագրական պայմաններ: clean up, replaced: ]]<nowiki/>ի → ]]ի using AWB
Տող 10. Տող 10.
=== Աշխարհագրական պայմաններ ===
=== Աշխարհագրական պայմաններ ===
[[Պատկեր:Two-point-equidistant-asia.jpg|մինի|Արբանեակային նկար, Արաբական թերակղզին՝ հարաւ արեւմուտքէն դիտուած]]
[[Պատկեր:Two-point-equidistant-asia.jpg|մինի|Արբանեակային նկար, Արաբական թերակղզին՝ հարաւ արեւմուտքէն դիտուած]]
Արաբական թերակղզին վաղուց անջատուած է [[Ափրիկէ]]<nowiki/>ի ցամաքամասէն եւ միացած՝ Եւրասիոյ։ Ափրիկէի եւ թերակղզիին միջեւ առաջացած ճեղքը լեցուած է [[Հնդկական օվկիանոս|Հնդկաց ովկիանոս]]ին ջուրերով, որմէ առաջացած է [[Կարմիր ծով]]ը։ Հիւսիսը՝ Ասիական ցամաքամասին միացման տեղը, [[Հայկական լեռնաշխարհ]]էն հոսող [[Եփրատ]] եւ [[Տիգրիս]] գետերը գետաբերուկներով ձեւաւորած են [[Միջագետք|Միջագետքի դաշտավայրը]]։ Արաբական թերակղզին մեծագոյնն է աշխարհի վրայ իր տարածքով եւ գրեթէ աւելի քան կրկնակին՝ դրացի [[Հինտուստան|Հնդկաց]] թերակղզիին (շուրջ 1,8 միլիոն քառ.քմ)<ref name="Большаков">Большаков О.Г. История Халифата 570-633 гг.., Москва 2000</ref>։
Արաբական թերակղզին վաղուց անջատուած է [[Ափրիկէ]]ի ցամաքամասէն եւ միացած՝ Եւրասիոյ։ Ափրիկէի եւ թերակղզիին միջեւ առաջացած ճեղքը լեցուած է [[Հնդկական օվկիանոս|Հնդկաց ովկիանոս]]ին ջուրերով, որմէ առաջացած է [[Կարմիր ծով]]ը։ Հիւսիսը՝ Ասիական ցամաքամասին միացման տեղը, [[Հայկական լեռնաշխարհ]]էն հոսող [[Եփրատ]] եւ [[Տիգրիս]] գետերը գետաբերուկներով ձեւաւորած են [[Միջագետք|Միջագետքի դաշտավայրը]]։ Արաբական թերակղզին մեծագոյնն է աշխարհի վրայ իր տարածքով եւ գրեթէ աւելի քան կրկնակին՝ դրացի [[Հինտուստան|Հնդկաց]] թերակղզիին (շուրջ 1,8 միլիոն քառ.քմ)<ref name="Большаков">Большаков О.Г. История Халифата 570-633 гг.., Москва 2000</ref>։


=== Ռելիեֆ ===
=== Ռելիեֆ ===

03:32, 14 Մայիս 2020-ի տարբերակ

Արաբական թերակղզին
Արաբական թերակղզին

Արաբական թերակղզի (արաբերէն՝ شبه الجزيرة العربية‎, Շըպհ ալ Ժազիրա ալ-Արապիյյա) կամ Արաբիա, կը գտնուի Ասիոյ Հարաւ արեւմուտքը: Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի հատման կէտը կը համարուի։ Ունի 3, 237. 500 մ2 տարածութիւն: Բնակչութեան թիւը կը հասնի 77 միլիոնի[1]։

Արեւմուտքէն զայն կը շրջապատէ Կարմիր ծովը, հիւսիս-արեւելքէն` Պարսից ծոցը, իսկ հարաւ-արեւելքէն՝ Հնդկական ովկիանոսը:

Արաբական թերակղզին կարեւոր տեղ կը գրաւէ համաշխարհային պատմութեան մէջ։ Թերակղզիին դերը աւելի ազդեցիկ կը դառնայ յատկապէս Ժթ. դարու ընթացքին, երբ կը յայտնաբերուին «սեւ ոսկիի»՝ նաւթի եւ «կապոյտ վառելանիւթի»՝ բնական կազի հսկայական պաշարներ։ Արաբական թերակղզիին եւ Պարսից ծոցի աւազանին մէջ տեղադրուած է նաւթի համաշխարհային պաշարին 2/3-ը, իսկ բնական կազի պաշարին գրեթէ կէսը։ Հոն կան նաեւ մետաղներու օգտակար հանածոներու հանքավայրեր։

Թերակղզիին վրայ կը գտնուին Սէուտական Արաբիան, Եմէնը, Օմանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քաթարը, Պահրէյնը եւ Քուէյթը։ 1981-ին, բացի Եմէնէն, թերակղզիին պետութիւնները կը հիմնեն Պարսից ծոցի տնտեսական համագործակցութեան խորհուրդը (արաբերէն՝ مجلس التعاون لدول الخليج العربي)։ Թերակղզիին հիւսիսը կը գտնուին Յորդանանն ու Իրաքը։

Աշխարհագրական պայմաններ

Արբանեակային նկար, Արաբական թերակղզին՝ հարաւ արեւմուտքէն դիտուած

Արաբական թերակղզին վաղուց անջատուած է Ափրիկէի ցամաքամասէն եւ միացած՝ Եւրասիոյ։ Ափրիկէի եւ թերակղզիին միջեւ առաջացած ճեղքը լեցուած է Հնդկաց ովկիանոսին ջուրերով, որմէ առաջացած է Կարմիր ծովը։ Հիւսիսը՝ Ասիական ցամաքամասին միացման տեղը, Հայկական լեռնաշխարհէն հոսող Եփրատ եւ Տիգրիս գետերը գետաբերուկներով ձեւաւորած են Միջագետքի դաշտավայրը։ Արաբական թերակղզին մեծագոյնն է աշխարհի վրայ իր տարածքով եւ գրեթէ աւելի քան կրկնակին՝ դրացի Հնդկաց թերակղզիին (շուրջ 1,8 միլիոն քառ.քմ)[2]։

Ռելիեֆ

Արաբական թերակղզին հիւսիսէն Առաջաւոր Ասիոյ երեք բարձրաւանդակներուն (Իրանական բարձրաւանդակ, Հայկական լեռնաշխարհ, Փոքր Ասիոյ կամ Անատոլիոյ սարաւանդ) միացած է Միջագետքի դաշտավայրին (արաբերէն՝ ما بين النهرين) եւ Սուրիական անապատին (արաբերէն՝ بادية الشام) միջոցով։ Հիւսիսը աւազոտ անապատներն են։ Մնացեալ մասերը կ'ողողեն Հնդկաց ովկիանոսին ջուրերը։ Արեւելքը Պարսից ծոցն է (արաբերէն՝ الخليج العربي), որ Օմանի ծոցին կը միանայ Օրմուզի նեղուցով (արաբերէն՝ مضيق هرمز)։ Հարաւը կը գտնուին Ատընի ծոցն (արաբերէն՝ خليج عدن) ու Արաբական ծովը (արաբերէն՝ بحر العرب)։ Արեւմուտքը Ափրիկէի ցամաքամասէն անջատուած է Կարմիր ծովով (արաբերէն՝ بحر الأحمر)։ Վերջինս Ատընի ծոցին միացած է Պապ էլ-Մանտըպի նեղուցով (արաբերէն՝ باب المندب), որ թերակղզիին հարաւ արեւմտեան բեւեռն է[2]։ Արտաքին աշխարհէն մեկուսացուած ըլլալով արաբները զայն կոչած են «Արաբներու կղզի»։

Մայրամուտ Ռուպ ալ-Խալի անապատին մէջ

Արաբական թերակղզին, որ կը կոչուի նաեւ Արաբական ենթացամաք, ծովու մակերեւոյթէն 760 մ. միջին բարձրութիւն ունի։ Անոր հարաւ-արեւմուտքը կը գտնուին հնագոյն լեռները, որոնք կ'իջնեն դէպի առափնեայ դաշտավայրային շերտը։ Թերակղզիին արեւմտեան ափին զուգահեռ Հիժազի լեռնաշղթան է (արաբերէն՝ الحجاز)։ Անոր եւ Կարմիր ծովուն միջեւ ինկած նեղ տարածքը յայտնի է որպէս Թիհամայի հարթավայր (արաբերէն՝ التهامة)։ Արեւելեան հատուածի Թուէյք լեռնաշղթան 1200մ.(արաբերէն՝ الطويق),Պարսից եւ Օմանի ծոցերու ափին կը կիսէ թերակղզին[3][4]։ Հիժազը հիւսիսային լայնութեան 20-րդ զուգահեռականէն հարաւ կը վերածուի լեռնային Ասիր շրջանին, իսկ հարաւը՝ Եմէնն է։ Հոս կը գտնուի ամենաբարձր գագաթը՝ ալ-Նապի Շուէյպ (3666 մ)։ Այդ լեռնաշղթաներուն միջեւ ինկած է Նաժտի ընդարձակ սարահարթը։ Հոս կը գտնուին երեք անապատներ՝ Նաֆուտը (արաբերէն՝ نفود), Ալ Տահնան (արաբերէն՝ الدحنة) եւ մեծագոյնը՝ Ռըպը ալ-Խալին (արաբերէն ربع الخالي)[5]։

Թաուիք Լեռնաշղթան

1256-ին Հիժազի լեռներէն քանի մը գործող հրաբուխներէն մէկը ժայթքած է Մատինա քաղաքին մօտ [2]։ Տարածաշրջանը հարուստ է չորցած գետահուներով՝ ուատիներով, որոնք կը փաստեն, որ ժամանակին հոն ջուրեր կը հոսէին։ Նաժտիի կեդրոնը կ'երկարի մեծագոյն ուատին՝ ալ-Ռուման (500 քմ)։ Այդ ուատիները անձրեւներու ատեն կը լեցուէին ջուրերով։ Անոնց ակունքներուն մէջ դիւրութեամբ կարելի է ջրհորներ գտնել[3][4]։ Թերակղզիին հարաւ-արեւմուտքը գտնուող լեռներուն մէջ բաւականաչափ տեղումներ կ'ըլլան (տարեկան մինչեւ 1000 մ.մ.)։ Սակայն թերակղզիին հսկայական մէկ հատուածը տեղումներ գրեթէ չի ստանար (10-100 մ.մ.), որովհետեւ պարբերական տեղումները գետնին չեն հասնիր ։ Ամէնէն առատ տեղումներով շրջանը Եմէնն է, որ կը զբաղեցնէ շուրջ 200. 000 քմ2 տարածութիւն։ Այստեղ աւելի քան 4000 տարի առաջ սկսած էր ձեւաւորուիլ հնագոյն քաղաքակրթութիւնը[6]։

Բուսական եւ կենդանական աշխարհ

Ովասիս՝ Օմանի մէջ

Հազարամեակներ շարունակ՝ շուրջ 10.000 տարի առաջ, Արաբական թերակղզին պատուած էր արեւադարձային մշտադալար անտառներով, իսկ Հիժազի լեռներէն հոսած են բազմաթիւ գետեր։ Այդ մէկը կը վկայեն այսօրուան չորցած գետահուները, ստորգետնեայ ջուրերուն մեծ քանակութիւնը եւ նաւթի ու բնական կազի հսկայական պաշարները։ Այսօր այդ անտառներէն մնացած են ովասիսներ, որոնք կը գտնուին թերակղզիին ստորգետնեայ ջուրեր ունեցող վայրերուն մէջ։ Արեւադարձային անտառները մնացած են յատկապէս Եմէնի եւ Օմանի մէջ։ Տարածքը գլխաւորաբար պատուած է տափաստաններով, կիսանապատներով եւ աւազոտ անապատներով։ Ովասիսներուն մէջ հանդիպող հիմնական ծառատեսակը փիւնիկեան արմաւենին է եւ այլ լայնատերեւ բոյսեր։ Անապատային շրջաններուն մէջ խոնաւութեան խիստ սակաւ պայմաններու մէջ բոյսերուն տերեւները վերածուած են փուշերու, ինչպէս՝ ուղտափուշ, օշինտր եւ այլն։

Ովասիսներուն մէջ հանդիպող միասապատ եւ երկսապատ ուղտերը ընտելացած են մարդու կողմէ։ Ի դէպ, միասապատ ուղտերուն գերշահագործման եւ զանգուածային ոչնչացման արդիւնքով անիկա յայտնուած է Կարմիր գիրքին մէջ։ Կան նաեւ անապատային տարբեր գիշատիչ անասուններ, յատկապէս բորենիներ եւ շնագայլեր. նախապէս հոն եղած են նաեւ առիւծներ։ Անապատներուն մէջ շատ են սարդերը, օձերը, մողէսները։ Հարաւի խոնաւ շրջաններուն մէջ մնացած են արեւադարձային անտառները: Եմէնի մէջ կարելի է հանդիպիլ նաեւ՝ կապիկներու։ Արաբական թերակղզին շրջապատող Հնդկաց ովկիանոսի ջրային տարածքներուն մէջ կան զանազան տեսակի բոյսեր եւ կենդանիներ։ Յատկապէս յայտնի են Կարմիր ծովու քորալները եւ Պարսից ծոցի փափկամարմինները։ Այդ շրջանի արաբները մասնագիտացած էին մարգարիտի որսի, ձկնորսութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ։

Տահնա կամ Փոքր Նեֆուտ անապատը

Հարաւային լեռնային շրջանները, ինչպէս նաեւ՝ ալ-Ասիրը, հին ժամանակներէ ի վեր յայտնի էին որպէս երկրագործական եւ անասնապահական կեդրոններ։ Այս քաղաքները յարատեւ տնտեսական կապի մէջ էին եգիպտական եւ սուրիական քաղաքներու հետ։ Հնդկաց ովկիանոսէն եկող ծովային առեւտրականները խարիսխ կը դնէին Եմէնի Քանա նաւահանգիստին մէջ։ Դէպի Երուսաղէմ գլխաւոր ճամբան կ'անցնէր Հիժազով, որուն կեդրոնը ձեւաւորուած էին մեծ քաղաքներ Եասրիպը (արաբերէն՝ يثريب), Մաքքան (արաբերէն՝ مكة) եւ ալ-Թաիֆը (արաբերէն՝ الطائف)[3]։ Հին Եմէնի քաղաքներուն մէջ մարդիկ կը զբաղէին մետաղամշակութեամբ, կաշեգործութեամբ, կաւագործութեամբ եւ այլ արհեստներով։ Անապատային պայմաններուն լաւ կը յարմարէին ուղտերը, այծերը եւ ոչխարները։ Տարածուած էին ցորենի եւ գարիի մշակումը։ Եմէնը յայտնի էր այգեգործութեամբ:Տարածուած էր նաեւ Նռան, թուզի, արմաւի քանի մը տեսակներու, խաղողի եւ այլ այգիներու մշակումը ։ Եմէնը եւ Եթովպիան կը համարուին սուրճի հայրենիքը[6]։

Պատմութիւն

Հին պատմութիւն

Մատային Սալըհ. լքուած բնակավայր Արաբական թերակղզիին մէջ

Արաբական թերակղզին սեմական ժողովուրդներու հայրենիքն է[3]։ Ք.ա. 4-3-րդ հազարամեակներէն ի վեր ժողովուրդներուն մեծ մասը տեղափոխուած է «Բարեբեր Մահիկի» տարածաշրջանը՝ Միջագետք եւ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափը։ Անոնց մէկ մասը հաստատուած է Հապէշական բարձրաւանդակին մէջ՝ Եթովպիա։ Սեմական ժողովուրդները հիմնած են տարբեր պետութիւններ, ինչպէս՝ Սումարը (արաբերէն՝ سومر, Սումար), Աքքատը, Բաբելոնեան (Պիլատ Պապըլ), Փիւնիկէն(արաբերէն՝ فينيقيا, Ֆինիքիա), Ասորեստանը (արաբերէն՝ آشور, Աշշուր), Ասորիքի (արաբերէն՝ سوريا, Սուրիա) եւ Միջագետքի (արաբերէն՝ بلاد الرافدين‎, Պիլատ ալ-Ռաֆիտէյն) հռչակաւոր քաղաք-պետութիւնները[7]։Սեմական քաղաքակրթութիւնը ստեղծած էր հարուստ մշակոյթ մը եւ հսկայական ներդրում կատարած մարդկութեան պատմութեան զարգացման համար։

  • Աքքատը մարդկութեան յայտնի առաջին կայսրութիւնն էր, որուն իշխանութեան կ'ենթարկուէին Բարեբեր Մահիկի եւ Հայկական լեռնաշխարհի հարաւային շրջաններու երկիրները։
  • Բաբելոնը մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն քաղաքն էր, որ կարգ մը աղբիւրներու համաձայն ունեցած է 200.000 բնակիչ:
  • Փիւնիկէի Օկարիթ քաղաքին մէջ Ք.ա. 2-րդ հազարամեակին կերտուած է աշխարհի առաջին այբուբենը։ Արամէացիներու լեզուն եւ այբուբենը դարեր շարունակ՝ մինչեւ հելլենիզմի դարաշրջանը, տիրապետող եղած են տարածաշրջանին մէջ։ Չինաստանը եւ Հնդկաստանը Միջերկրական ծովուն կապող առեւտրական ճամբաներու կեդրոնը գտնուելով՝ անոնք զբաղած են առեւտուրով եւ մշակութային փոխառութեամբ։
  • Ժամանակակից Սուրիոյ եւ Յորդանանի տարածքներուն մէջ գտնուած են Նապաթեայի (արաբերէն՝ مملكة الأنباط, Մամլաքաթ ալ-Անպաթ) եւ Փալմիրայի (արաբերէն՝ تدمر, Թատմոր)՝ հելլենիստական ոճով կառուցուած քաղաքները: Այսօր չնչին բեկորներ մնացած են այդ պետութիւններէն, ժողովուրդներուն մեծ մասը ձուլուած է։ Սակայն արաբ ժողովուրդը մնացած է պատմական նախահայրենիքին մէջ եւ դարձած է աշխարհի ամենայայտնի ժողովուրդներէն մէկը[4]։

Նախաիսլամական նստակեաց քաղաքակրթութիւններ

Արաբական թերակղզին դարեր շարունակ բնակուած է տասնեակ ազգերով, ցեղերով եւ ցեղային միութիւններով։ Սակայն գերիշխողները եղած եւ մնացած են արաբները, որոնք իրենց մէջ ձուլած են մեծ թիւով ցեղային խումբեր։ Արաբական ցեղերը յայտնի էին երկու մեծ խումբերով՝ հիւսիսային, որուն հիմնադիրը Ատնանն էր[8], եւ հարաւային, որուն հիմնադիրն էր Քահթանը։ Յայտնի էին (արաբերէն՝ بنو أسد, պանու ասատ)՝ առիւծի որդիներ, (արաբերէն՝ بنو نسر, պանու նասր)՝ արծիւի որդիներ, (արաբերէն՝ تغليب, Թաղլիպ), (արաբերէն՝ القريش, ալ-Քուրէյշ) եւ այլ ցեղերը: Արաբները կը բնակէին հիմնականօրէն ծովափնեայ շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անապատներով եւ տափաստաններով կղզեակներուն՝ ովասիսներուն մէջ։ Յատկապէս մեծ էր բնակչութեան թիւը հարաւային Արաբիոյ մէջ ՝ Եմէն։

Ժիպլա, Եմէնի քաղաքներէն

Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Արաբիոյ բնակչութիւնը եւս կը զբաղէր նստակեաց հողագործութեամբ։ Նպաստաւոր էին ոչ միայն Եամամայի եւ Եմէնի ոռոգուած տարածքները, այլեւ Նաժտի սարահարթի, Պահրէյնի դաշտավայրի եւ Հիժազի լեռնային ովասիսները[8]։ Նստակեաց ցեղերը ստեղծած էին քաղաք-պետութիւններ՝ շաապաներ (արաբերէն՝ الشعبة, ալ-շա'նա)։ Անոնք իրենց ազդեցութիւնը կը տարածէին նաեւ շրջակայ գիւղերուն վրայ՝ նպաստելով անոնց զարգացման[4][5]։ 6-րդ դարուն շաապաներու, ինչպէս նաեւ Եմէնի մէջ ձեւաւորուած թագաւորութիւններուն թուլացումը եւ անկումը բացասական անդրադարձ կ'ունենայ ընկերական, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին վրայ։ Պատճառը Մերձաւոր Արեւելքին մէջ եւ Հռոմէական կայսրութեան մէջ տիրող փոփոխութիւններն էին, որոնք կը յանգին հին՝ նախնադարեան եւ ռազմագիտական կարգերուն վերջնական վերացման եւ նոր հասարակարգի ստեղծման։ Արեւելքի ժողովուրդները կը թեւակոխեն աւատատիրութեան դարաշրջանը, որ կը տեւէ 1,2-1,5 հազարամեակ։ Նախաիսլամական շրջանին՝ 6-7-րդ դարերուն թերակղզիին բնակչութեան 4-4,5 միլիոնը նստակեացներ էին, իսկ 2,5-3 միլիոնը կը զբաղէր քոչուոր կամ կիսաքոչուոր անասնապահութեամբ[3] հողագործութիւնը պատուազրկութիւն նկատելով[2]։

Նախաիսլամական շրջանի ցեղային համակարգը ունէր շուրջ երկու հազարամեայ պատմութիւն[2]։ Արաբական ցեղերը ունէին հիմնական անդամներ, որոնք իրարու հետ կապուած էին արիւնակցական կապերով, եւ երկրորդական անդամներ, որոնք պատերազմի ընթացքին յաղթած ցեղերուն ստրկացուած անդամներն էին կամ թոյլ տոհմերու հնազանդ անդամները։ Պէտուինները կը զբաղէին քոչուոր անասնապահութեամբ եւ մասամբ յարձակումներով։

Արաբական թերակղզիին հիմնական փոխադրամիջոցը, կենդանական սնունդը, հագուստ ապահովողը եւ հարստութեան չափանիշը, հարիւրաւոր տարիներ եղած է եւ կը մնայ ուղտը։ Ան կրնայ առանց ջուրի եւ կերակուրի ճամբորդել 4-5 օր, օրական 120-130 քմ[5]։ Ուղտի միսն ու կաթը դարեր շարունակ քոչուոր պէտուիններուն հիմնական սնունդն էր։ Ուղտի կաշիէն եւ բուրդէն մարդիկ պատրաստած են հագուստներ։ Պէտուինի առօրեայ սնունդը կը լրանար արմաւենիի պտուղով։ Վերջինիս կորիզէն հաց կը պատրաստէին[4]։

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

  1. Ասիական քաղաքների բնակչություն
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Большаков О.Г. История Халифата 570-633 гг.., Москва 2000
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Беляев Е. А, Арабы, ислам и арабский халифат в ранее средневековье, Москва 1966
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 Hitti Ph., History of the Arabs, 10th editionPalgrave McMillan 2002
  5. 5,0 5,1 5,2 Նիկոլայ Հովհաննիսյան, Արաբական երկրների պատմություն, Երեւան 2003
  6. 6,0 6,1 Пиотровский М.Б., Южная Аравия в раннее средневековье, Москва 1985
  7. Robert G.Hoyland, Arabia and the Arabs, New York, 2001
  8. 8,0 8,1 Негря Л. В. Общественный строй Северной и Центральной Аравии в 5-7 вв