«Շահան Ռ. Պէրպէրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 3. Տող 3.


== Կենսագրութիւն ==
== Կենսագրութիւն ==
Պէրպէրեան ծնած է [[Կոստանդնուպոլիս]], ներկայիս [[Թուրքիոյ]] մէջ։ Քանի մը տարի անց ան իր ծնողներուն՝ [[Ռեթէոս Պէրպէրեան|Ռեթէոս]]ի<ref>[[Ռեթէոս Պէրպէրեան]]</ref> եւ Զարուհիի, ինչպէս նաեւ իր մեծ եղբօր՝ Օննիկի հետ, փոխադրուած է [[Ժընեւ]], [[Զուիցերիա]], ազատելու համար [[Սուլթան Ապտուլ Համիտին|Սուլթան Ապտուլ Համիտի]] դաժանութիւններէ, [[1894]]-էն մինչեւ [[1896]]:
Պէրպէրեան ծնած է [[Կոստանդնուպոլիս]], ներկայիս [[Թուրքիոյ]] մէջ։ Քանի մը տարի անց ան իր ծնողներուն՝ [[Ռեթէոս Պէրպէրեան|Ռեթէոսի]] եւ Զարուհիի, ինչպէս նաեւ իր մեծ եղբօր՝ Օննիկի հետ, փոխադրուած է [[Ժընեւ]], [[Զուիցերիա]], ազատելու համար [[Սուլթան Ապտուլ Համիտին|Սուլթան Ապտուլ Համիտի]] դաժանութիւններէ, [[1894]]-էն մինչեւ [[1896]]:


Վերադառնալով Կոստանդնուպոլիս, ընդունուած է Պէրպէրեան դպրոց, որ հիմնած էր Քատըքեոյի մէջ<ref>Սահակ Վարդապետ ''Երաժիշտը''։ Հասկ, Antilias, 1956, pp 458-9.</ref>: Այդ ժամանակ ան սկսած է [[ջութակ]]ի անձնական դասեր առնել, բայց շուտով փոխած է միտքը, ատոր փոխարեն սկսելով [[դաշնամուր]] նուագել, բայց հոդ նոյնպէս չէ յաջողած։
Վերադառնալով Կոստանդնուպոլիս, ընդունուած է Պէրպէրեան դպրոց, որ հիմնած էր Քատըքեոյի մէջ<ref>Սահակ Վարդապետ ''Երաժիշտը''։ Հասկ, Antilias, 1956, pp 458-9.</ref>: Այդ ժամանակ ան սկսած է [[ջութակ]]ի անձնական դասեր առնել, բայց շուտով փոխած է միտքը, ատոր փոխարեն սկսելով [[դաշնամուր]] նուագել, բայց հոդ նոյնպէս չէ յաջողած։


[[1906]]-ին Պերպերեան աւարտած է դպրոցը, եւ 15 տարեկանէն սկսեալ աւանդած է գրականութիւն եւ գիտութիւն։ 1908-ին անցած է [[Փարիզ]] եւ յաճախած է Սորպոն եւ Քոլեճ Տո Ֆրանս համալսարանները ուսանելով փիլիսոփաիւթիւն եւ [[հոգեբանութիւն]] Հենրի Պերսկոնի եւ Ճորճս Թումասի հետ, ապա ընկերաբանութիւն՝ Էմիլ Տուրնhէյմի հետ։ Նոյն ժամանակ<ref>Գ. Վ. [Գարեգին Վարդապետ]։ ''Շահան Պէրպէրեան ([[1891-1956]]).'' Հասկ։ Antelias, 1956, pp 455-8.</ref> Պէրպէրեան շարունակած է իր սէրը նուագի հանդէպ, յաճախելով համերգներու եւ երաժշտութեան դասեր տալով։
[[1906]]-ին Պերպերեան աւարտած է դպրոցը, եւ 15 տարեկանէն սկսեալ աւանդած է գրականութիւն եւ գիտութիւն։ 1908-ին անցած է [[Փարիզ]] եւ յաճախած է Սորպոն եւ Քոլեճ Տո Ֆրանս համալսարանները ուսանելով փիլիսոփաիւթիւն եւ [[հոգեբանութիւն]] Հենրի Պերսկոնի եւ Ճորճս Թումասի հետ, ապա ընկերաբանութիւն՝ Էմիլ Տուրնhէյմի հետ։ Նոյն ժամանակ<ref>Գ. Վ. (Գարեգին Վարդապետ)։ ''Շահան Պէրպէրեան (1891-1956).'' Հասկ։ Antelias, 1956, pp 455-8.</ref> Պէրպէրեան շարունակած է իր սէրը նուագի հանդէպ, յաճախելով համերգներու եւ երաժշտութեան դասեր տալով։


[[1911]] թուականին Պէրպէրեան պարտաւոր էր վերադառնալու Կոստանդնուպոլիս, ստանձնելու համար Պէրպէրեան դպրոցի տնօրէնին պաշտօնը և չէ ըռցած շարունակել մասնագիտութիւնը։ Աւելի ուշ խորացած է հայկական մշակութային կեանքին եւ մթնոլորտին մէջ։ Այս ժամանակ ծանօթացած է [[Կոմիտաս]]ին եւ անոր հետ յաճախակի զրոյցներ ունեցած է արուեստի հարցերու շուրջ։
[[1911]] թուականին Պէրպէրեան պարտաւոր էր վերադառնալու Կոստանդնուպոլիս, ստանձնելու համար Պէրպէրեան դպրոցի տնօրէնին պաշտօնը և չէ ըռցած շարունակել մասնագիտութիւնը։ Աւելի ուշ խորացած է հայկական մշակութային կեանքին եւ մթնոլորտին մէջ։ Այս ժամանակ ծանօթացած է [[Կոմիտաս]]ին եւ անոր հետ յաճախակի զրոյցներ ունեցած է արուեստի հարցերու շուրջ։
Տող 67. Տող 67.
== Ծանօթագրութիուններ ==
== Ծանօթագրութիուններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{Ծնթ․ցանկ}}

== Գրականութիուն ==
== Գրականութիուն ==
* Տէր Խաչատուրեան, Ա։ Շահան Ռ. Պէրպէրեան (1891–1956)։ Beirut, 1969
* Տէր Խաչատուրեան, Ա։ Շահան Ռ. Պէրպէրեան (1891–1956)։ Beirut, 1969
{{Արտաքին յղումներ}}


{{DEFAULTSORT:Պէրպէրեան, Շահան}}
{{DEFAULTSORT:Պէրպէրեան, Շահան}}

10:41, 2 Ապրիլ 2020-ի տարբերակ

Շահան Ռ. Պէրպէրեան
Ծնած է Օգոստոս 1891[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 9 Հոկտեմբեր 1956(1956-10-09)[2] (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 14-րդ շրջան, Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[3]
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն երգահան, փիլիսոփայ, հոգեբան
Ծնողներ հայր՝ Ռեթէոս Պէրպէրեան
Երեխաներ Արտաւազդ Պէրպէրեան

Շահան Պէրպէրեան (Օգոստոս 1891[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 9 Հոկտեմբեր 1956(1956-10-09)[2], Փարիզի 14-րդ շրջան, Փարիզ), հայ փիլիսոփայ, երաժիշտ, մանկավարժ, հոգեբան, գեղագէտ եւ գրող։ Նկարիչ Արտաւազդ Պէրպէրեանի հայրը։

Կենսագրութիւն

Պէրպէրեան ծնած է Կոստանդնուպոլիս, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ։ Քանի մը տարի անց ան իր ծնողներուն՝ Ռեթէոսի եւ Զարուհիի, ինչպէս նաեւ իր մեծ եղբօր՝ Օննիկի հետ, փոխադրուած է Ժընեւ, Զուիցերիա, ազատելու համար Սուլթան Ապտուլ Համիտի դաժանութիւններէ, 1894-էն մինչեւ 1896:

Վերադառնալով Կոստանդնուպոլիս, ընդունուած է Պէրպէրեան դպրոց, որ հիմնած էր Քատըքեոյի մէջ[4]: Այդ ժամանակ ան սկսած է ջութակի անձնական դասեր առնել, բայց շուտով փոխած է միտքը, ատոր փոխարեն սկսելով դաշնամուր նուագել, բայց հոդ նոյնպէս չէ յաջողած։

1906-ին Պերպերեան աւարտած է դպրոցը, եւ 15 տարեկանէն սկսեալ աւանդած է գրականութիւն եւ գիտութիւն։ 1908-ին անցած է Փարիզ եւ յաճախած է Սորպոն եւ Քոլեճ Տո Ֆրանս համալսարանները ուսանելով փիլիսոփաիւթիւն եւ հոգեբանութիւն Հենրի Պերսկոնի եւ Ճորճս Թումասի հետ, ապա ընկերաբանութիւն՝ Էմիլ Տուրնhէյմի հետ։ Նոյն ժամանակ[5] Պէրպէրեան շարունակած է իր սէրը նուագի հանդէպ, յաճախելով համերգներու եւ երաժշտութեան դասեր տալով։

1911 թուականին Պէրպէրեան պարտաւոր էր վերադառնալու Կոստանդնուպոլիս, ստանձնելու համար Պէրպէրեան դպրոցի տնօրէնին պաշտօնը և չէ ըռցած շարունակել մասնագիտութիւնը։ Աւելի ուշ խորացած է հայկական մշակութային կեանքին եւ մթնոլորտին մէջ։ Այս ժամանակ ծանօթացած է Կոմիտասին եւ անոր հետ յաճախակի զրոյցներ ունեցած է արուեստի հարցերու շուրջ։

1918-ին Շահան Պէրպէրեան որոշած է տնօրինել Ուսուցիչներու Խնամակալ Յանձնաժողովը եւ մասնակցել Կեդրոնական Ուսման Խորհուրդին։ Ան յօդուածներ հրատարակած է թերերու մէջ։ 1922 թուականին Գեղամ Գաւաֆեանի, Վահան Թեքեանի[6], Յակոբ Օշականի[7] եւ Կոստան Զարեանի հետ խմբագրած է Բարձրավանք ամսաթերթը, որ կը բաղկանար արուեստի եւ գրականութեան բաժիններէ։

1921-ին ամուսնացած է Դելլի Սիրագեանի հետ և ունեցած է երկու մանչ զաւակ՝ Արտաւազդ (1923-2002) եւ Պարէտ։ Պարէտ մահացած է 20 տարեկանին ինքնաշարժի արկածով, իսկ Արտաւազդ անցած է Փարիզ եւ զբաղած է արուեստով։

Պէրպէրեանի ձեռագիրները կը գտնուին Երուսաղեմի գրադարանի մէջ։

Մահացած է Փարիզի մէջ, երբ կ'այցելէր իր զաւակը՝ Արտաւազդը, 9 Նոյեմբեր 1956-ին։

Հրատարակուած գործեր

  • Բարձրացում
  • Փափաք
  • Պոլիս
  • Քու յիշատակդ
  • Իւսկիւտար
  • Կ՚անձրեւէ տղաս
  • Գիշերերգ
  • Աստուածածնին ու խաչին
  • Հրաւէր լուսնի տակ
  • Դուն աղբիւրն ես
  • Գարուն բացուաւ
  • Հօյ Հելինէ
  • Արազին
  • Հովին երգը
  • Զարոյի երգը
  • Կարօտի երգ
  • Ես ունէի
  • Ամպի փէշով
  • Ձմեռն անցաւ
  • Լուսաւորչի կանթեղը
  • Հասուն արտ
  • Գիւղիս ճամբան
  • Գիշերն անուշ է
  • Սէրով, սէրով
  • Ահաւասիկ
  • Թող դէմքդ տժգունի
  • Հսկում
  • Երգ երջանկութեան
  • Անձրեւին հետ
  • Իրիկունն իջաւ
  • Ձեռագիր
  • Վարդանանց քայլերգ
  • Ովսաննա
  • Ալէլուիա
  • Այսօր տօն է
  • Ետեւէս եկուր
  • Մի՛ մերձենար յիս
  • Անառակը
  • Եկուր վիշտ
  • Օրերն անդարձ
  • Իղձ
  • Ջուրին վրայ

Ծանօթագրութիուններ

Գրականութիուն

  • Տէր Խաչատուրեան, Ա։ Շահան Ռ. Պէրպէրեան (1891–1956)։ Beirut, 1969