«Էլպիս Կեսարացեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
No edit summary
Տող 1. Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ
{{Տեղեկաքարտ Անձ
|պատհեր = Elbis Gesaratsian.jpg
|պատկեր = Elbis Gesaratsian.jpg
}}
}}



11:20, 25 Մարտ 2020-ի տարբերակ

Էլպիս Կեսարացեան
Ծնած է 1830
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս
Մահացած է 1913
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, Խմբագիր

Էլպիս Կեսարացեան (1830, Կոստանդնուպոլիս - 1913) Թուրքիոյ առաջին կին լրագրողը կը համարուի: 1862-1863 թուականներուն կը հրատարակէ առաջին հայերէն կնոջական պարբերականը՝ «Կիթառ»-ը: Սեռերու անհաւասարութեան պատճառները վերլուծող ու հաւաքականութեան զարգացման համար կիներու ազատութեան անհրաժեշտութիւնը մատնանշող առաջին կին գրողն է:

Կենսագրութիւն

Ան կրթութիւնը ստացած է Օրթագիւղի եւ Պեշիկթաշի հայկական դպրոցներուն մէջ։ 1872-ին թուականին որպէս ուսուչուհի աշխատած է Մաքրուհեաց վարժարանին մէջ։ Աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին։

1861 թուականին հիմնած է «Կիթառ» պարբերականը, ուր իր յօդուածները ստորագրած է Էլպիս Կեսարացեան Ե. Կ. Տ. Հայուհի։ Փաստօրէն կը հանդիսանայ հայ առաջին կին խմբագիրը։ Հայ առաջին կնոջական թերթը՝ «Կիթառ», խմբագրութեամբ Օր. Էլպիս Կեսարացեանի, լոյս կը տեսնէ ընդամէնը 7 ամիս եւ կը դադրի՝ նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։ Ամսագրին առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 1 Օգոստոս 1862-ին, Պոլիս․ նշանաբանն է՝ «Մեր հրաւէրը հայ կիներուն»։

«Կիթառ»-ի առաջին իսկ ամսագիրին մէջ Էլպիս Կեսարացեանը կնոջ իրաւունքներու վերաբերեալ 4 յօդուած կը հրապարակէ. «Ուղերձ երիտասարդ կանանց», «Ծառայութիւն հասարակութեանը», «Հայրենասիրութեան ոգի» եւ «Իրաւունքներ ունենալը յանդգնութիւն չէ»։ Էլպիս Կեսարացեանի անձնական կեանքի մասին գրեթէ ոչինչ յայտնի է։

Էլպիս Կեսարացեան այնուհետեւ մօտ 15 տարի հեռացած է գրական հրապարակէն։ 1879 թուականին լոյս ընծայած է «Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս» գրքոյկը, ուր զետեղուած են անոր խրատական, մանկավարժական յօդուածները։

Ան մահացած է 1911 թւականին, Աղեքսանտրիա, 80 տարեկանին:

Անոր խօսքերէն՝

Կանայք նման են սոխակներուն, որոնք փոխանակ ինքնուրոյն երգեն, թոյլ կու տան ագռաւ-տղամարդոց հպարտութենէն փքուիլ[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

Տե՛ս նաեւ