«Մասնակից:Werldwayd» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Հետ է շրջվում 171514 խմբագրումը, որի հեղինակն է՝ 46.48.152.38 (քննարկում) մասնակիցը
Պիտակ: Յետարկել
Տող 7. Տող 7.


'''werldwayd [at] yahoo.com'''
'''werldwayd [at] yahoo.com'''
1


=Լուռեր=
=Լուռեր=

17:00, 24 Մարտ 2020-ի տարբերակ

Werldwayd Ուիքիփետիայի խմբագիր է։ Այս խմբագիրը արեւմտահայերէն կը խօսի իբր մայրենի լեզու։ Աշխատակցած է հայ Վիքիպեդիային 5 Փետրուար 2010-էն ի վեր: Հիմնած է Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի Incubator-ը Յունուար 2018-ին եւ որ իբր հիմ ծառայեց Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծման 1 Ապրիլ 2019-ին։

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի մէջ նաեւ յաճախ կ՜աւելցնեմ նոր լուռեր "Ամսուան Իրադարձութիւնները" մասին մէջ։

Կապ

Կապ պահելու համար այս խմբագրի (werldwayd-ի) հետ

werldwayd [at] yahoo.com

Լուռեր

Իմ շարադրած լուռերս Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի մէջ հոս՝

Մասնակից:Werldwayd/News


Վերջին աւելցուցած լուռս՝
  • Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար կղզիի թանգարանին մէջ պահուող սուրերէն մէկը յայտարարուեցաւ աշխարհի ամենահին թուրերէն: Հազուագիւտ սուրը մինչեւ հիմա թիւրիմացաբար կը համարուէր միջնադարեան ժամանակներէն եկած, բալց յետագայ վերլուծումներէն ետք կը նկատուի ունենալու մօտ 5000 տարուայ ծագում: Թուրը՝ պատրաստուած արսէնային պրոնզով կրնայ ըլլար մարտական գործողութիւններու գործածուող առարկայ: Այս տեսակի թուր յայտնաբերուած ըլլալու է Արեւելեան Անատոլիոյ շրջանին մէջ՝ Եփրատի եւ Սեւ Ծովի հարաւային ափերու միջեւ: Վենետիկ բերուած է 19-րդ դարի երկրորդ կէսին Տրապիզոնէն Օսմանեան կայրութեան օրերուն։
  • 27 Փետրուար 2020-ին Մոսկուայի մէջ մահացաւ Ռօլան (Մարտիրոսեան) Մարտիրոսովը՝ Սուխոյ խորհրդային օդանաւերու գլխաւոր մշակող եւ շինարարներէն եւ ՍՈՒ-34 ճակատային կործանիչ ռմբակոծիչի ստեղծման յեղինակը։ Ծնուած էր 1935-ին Արցախի Չարդախլու գիւղին մէջ: Աշխատած էր օդանաւերու նախագծերու բաժնին մէջ Պաւել Օսիպովիչ Սուխոյի անմիջական ղեկավարութեան տակ եւ հսկայական ներդրում ունեցած Խորհրդային Միութեան պատերազմական օդուժին։
  • Իրանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն երկու հայազգի թեկնածուներ ընտրուած են։ Առաջինը Ռոբերտ Բեգլարեանն է որ անցնող Խորհրդարանին մէջ անդամ էր եւ վերընտրուեցաւ, իսկ երկրորդը նորընտիր ներկայացուցիչ Արա Շահվերդեանն է։ Երկուքն ալ առաջադրուած էին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ։

Ստեղծած էջեր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի մէջ

Արուեստ

ԵրաԺիշտներ

Երգեր

Խումբեր

Աշխարհագրութիւն

Այլ կիրառումներ

Լեզու

Կրօնք

Մամուլ

Ստորոգութիւններ

  • Ստորոգութիւն:Հայկական երգեր
  • Ստորոգութիւն:Հայկական երաժշտութիւն

Քաղաքականութիւն

Մեծ աշխատանք Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի էջերուն մէջ