«Աշոտ Բ․ Երկաթ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: ը: → ը։ (27)
Չ →‎Եօթնամեայ Կռիւներ: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: յ։Ա → յ։ Ա (3) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 11. Տող 11.

== Եօթնամեայ Կռիւներ ==
== Եօթնամեայ Կռիւներ ==
Աշոտ Երկաթի այս առաջին յաղթանակներուն ատեն Եուսուֆ փախաւ եւ ազատեցաւ։ Քանի մը տարի ետք, կրկին յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ։Այս կռիւները տեւեցին ամբողջ եօթը տարի։ Եուսուֆ չկրցաւ յաղթել Աշոտի եւ իր պարտութեան վրէժը լուծեց անզէն եւ անպաշտման ժողովուրդէն։Կոտրեց հազարաւոր շինականներ, աշխատաւոր մշակներ։
Աշոտ Երկաթի այս առաջին յաղթանակներուն ատեն Եուսուֆ փախաւ եւ ազատեցաւ։ Քանի մը տարի ետք, կրկին յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ։ Այս կռիւները տեւեցին ամբողջ եօթը տարի։ Եուսուֆ չկրցաւ յաղթել Աշոտի եւ իր պարտութեան վրէժը լուծեց անզէն եւ անպաշտման ժողովուրդէն։ Կոտրեց հազարաւոր շինականներ, աշխատաւոր մշակներ։

Եօթնամեայ այս կռիւներուն պատճարով, երկիրը աղքատացաւ, սկսաւ սովը։
Եօթնամեայ այս կռիւներուն պատճարով, երկիրը աղքատացաւ, սկսաւ սովը։
Տող 17. Տող 17.
Աշոտ յաղթեց նաեւ ահաւոր սովին.երկիրը թշնամիներէն մաքրելէ ետք իր ժողվուրդին հետ աշխատեցաւ, օգնեց երկրագործին եւ այս ձեւով վերսկսաւ խաղաղ աշխատանքը։ Այս ահաւոր սովին լուրը հասաւ նաեւ Կոստանդնու Պոլիս. Բիւզանդիոնի Կոստանդին կայսրը, որ հայ էր ծագումով, երբ հայոց կաթողիկոսին նամակը ստացաւ, օգնեց սովահարներուն։ Հայաստանի ներքին կեանքը կը խանգարուի,- Պարտուած Եուսուֆ կրկին նենգութեան դիմեց, խանգարեց [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանի]] ներքին կեանքը։

Աշոտ Բ.ի հօրրեղբօր որդին՝ Աշոտ, իբրեւ պատանդ, կը մնար Եուսուֆի քով։ Նէնգամիտ ոստիկանը թագաւոր ձեռնադրեց Աշոտը եւ ղրկեց Հայաստան՝ այս միջոցով լուծելու համար իր պարտութեան վրէժը։ Աշոտ կարգ մը հայ եւ օտար զինուորներու գլուխն անցած՝ յարձակեցաւ իր ազգականին վրայ։Այս կռիւները տեւեցին երկու տարի, բայց ի վերջոյ Աշոտները հաշտուեցան իրարու հետ։ Եուսուֆ կրկին հանգիստ չմնաց. օգտուելով Աբասեան հարստութեան տկարացումէն՝ ապստամբեցաւ ամիրայապետին դէմ։ Բագրատունի թագաւորը յարձակեցաւ ապստամբին վրայ եւ ձերբակալեց զայն։ Ամիրայապետը ուրախացաւ եւ Բ.ը կոչեց Շահնշահ։
Աշոտ Բ.ի հօրրեղբօր որդին՝ Աշոտ, իբրեւ պատանդ, կը մնար Եուսուֆի քով։ Նէնգամիտ ոստիկանը թագաւոր ձեռնադրեց Աշոտը եւ ղրկեց Հայաստան՝ այս միջոցով լուծելու համար իր պարտութեան վրէժը։ Աշոտ կարգ մը հայ եւ օտար զինուորներու գլուխն անցած՝ յարձակեցաւ իր ազգականին վրայ։ Այս կռիւները տեւեցին երկու տարի, բայց ի վերջոյ Աշոտները հաշտուեցան իրարու հետ։ Եուսուֆ կրկին հանգիստ չմնաց. օգտուելով Աբասեան հարստութեան տկարացումէն՝ ապստամբեցաւ ամիրայապետին դէմ։ Բագրատունի թագաւորը յարձակեցաւ ապստամբին վրայ եւ ձերբակալեց զայն։ Ամիրայապետը ուրախացաւ եւ Բ.ը կոչեց Շահնշահ։
== Սեւանի Նաւամարտը ==
== Սեւանի Նաւամարտը ==

18:13, 11 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Աշոտ Բ. (անյայտ – 929), Հայոց թագաւոր 914–էն։ Սմբատ Ա.ի որդին էր, որ եղաւ Բագրատունի Թագաւորներու ամէնէն նշանաւորներէն մէկը։

Աշոտ Բ., երբ լսեց իր հօրը եղերական մահը, խումբ մը քաջերով յարձակեցաւ թշնամիներուն վրայ, վերագրաւեց բոլոր բերդերն ու քաղաքները, ջախջախեց Եուսուֆի բանակը, ցիր ու ցան ըրաւ, ձերբակալեց ոճրագործ հրամանատարները, մորթազերծ ըրաւ եւ անոնց մորթերը տիկերու վերածելով՝ կախեց բերդերու աշտարակներէն։

Այս յաղթանակէն սարսափեցան թշնամիները, իրենց բերդերուն մէջ քաշուած նախարարները հաւաքուեցան Աշոտի շուրջ, Գագիկ Արծրունի իշխանը լսեց Աշոտի քաջութիւնը, մօտեցաւ անոր եւ ետք վերջ դարձաւ Բագրատունի թագաւորին աջակիցը։

Աշոտ Բ. իր փառաւոր յաղթանակներուն եւ զօրաւոր կամքին համար կոչուեցաւ Երկաթ։ Աշոտ Բ Երկաթ Աշոտ Բ. Սմբատ Ա.ի որդին էր, որ եղաւ Բագրատունի Թագաւորներու ամէնէն նշանաւորներէն մէկը։

Եօթնամեայ Կռիւներ

Աշոտ Երկաթի այս առաջին յաղթանակներուն ատեն Եուսուֆ փախաւ եւ ազատեցաւ։ Քանի մը տարի ետք, կրկին յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ։ Այս կռիւները տեւեցին ամբողջ եօթը տարի։ Եուսուֆ չկրցաւ յաղթել Աշոտի եւ իր պարտութեան վրէժը լուծեց անզէն եւ անպաշտման ժողովուրդէն։ Կոտրեց հազարաւոր շինականներ, աշխատաւոր մշակներ։

Եօթնամեայ այս կռիւներուն պատճարով, երկիրը աղքատացաւ, սկսաւ սովը։

Աշոտ յաղթեց նաեւ ահաւոր սովին.երկիրը թշնամիներէն մաքրելէ ետք իր ժողվուրդին հետ աշխատեցաւ, օգնեց երկրագործին եւ այս ձեւով վերսկսաւ խաղաղ աշխատանքը։ Այս ահաւոր սովին լուրը հասաւ նաեւ Կոստանդնու Պոլիս. Բիւզանդիոնի Կոստանդին կայսրը, որ հայ էր ծագումով, երբ հայոց կաթողիկոսին նամակը ստացաւ, օգնեց սովահարներուն։ Հայաստանի ներքին կեանքը կը խանգարուի,- Պարտուած Եուսուֆ կրկին նենգութեան դիմեց, խանգարեց Հայաստանի ներքին կեանքը։

Աշոտ Բ.ի հօրրեղբօր որդին՝ Աշոտ, իբրեւ պատանդ, կը մնար Եուսուֆի քով։ Նէնգամիտ ոստիկանը թագաւոր ձեռնադրեց Աշոտը եւ ղրկեց Հայաստան՝ այս միջոցով լուծելու համար իր պարտութեան վրէժը։ Աշոտ կարգ մը հայ եւ օտար զինուորներու գլուխն անցած՝ յարձակեցաւ իր ազգականին վրայ։ Այս կռիւները տեւեցին երկու տարի, բայց ի վերջոյ Աշոտները հաշտուեցան իրարու հետ։ Եուսուֆ կրկին հանգիստ չմնաց. օգտուելով Աբասեան հարստութեան տկարացումէն՝ ապստամբեցաւ ամիրայապետին դէմ։ Բագրատունի թագաւորը յարձակեցաւ ապստամբին վրայ եւ ձերբակալեց զայն։ Ամիրայապետը ուրախացաւ եւ Բ.ը կոչեց Շահնշահ։

Սեւանի Նաւամարտը

Աշոտ Երկաթ երկար կռիւներէ յոգնած, իր հարիւր հետեւորդներով գնաց Սեւան կղզին, հանգստանալու համար։ Եուսուֆի յաջորդը՝ Պեշիր, առիթը յարմար նկատելով, գաղտնաբար պաշարեց Սեւանը։ Արիասիրտ Աշոտ անմիջապէս նաւակներ պատրաստեց, իւրաքանչիւր նաւակի մէջ եօթնական զինուոր դնելով՝ յարձակեցաւ Պեշիրի վրայ։ Պեշիրի բանակը այս անսպասելի յարձակումին առջեւ խուճապահար փախաւ, բայց Գէորգ Մարզպետունի իշխանը հալածեց զանոնք մինչեւ հեռաւոր սահմանները։ Այս յաղթանակէն ետք, Պեշիր այլեւս չհամարձակեցաւ մօտենալ Հայաստանի։ Խիզախութեան եւ կորովի համար Աշոտ Բ․ ստացած է «Երկաթ» մականունը։ 928 թուականին Աշոտ Երկաթ Ատրպատականի ամիրային հետ դիմակայած են եւ հետ շպրտած բիւզանդական զօրքերը[1]։ Աշոտ Երկաթ իր վերջին օրերուն նուիրուեցաւ շինարարութեան, մեռաւ խաղաղութեան մէջ, 929-ին։

Ծանօթագրութիւններ

  1. Հայ ժողովրդի պատմություն,հատոր III, Երևան, 1979, էջ 153

Աղբիւրներ

Կատեգորիա:929 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայոց արքաներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Բագրատունիներ (արւմտ․)