«Վիգէն Տիշչէքէնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

No edit summary
(Տարբերութիւն չկայ)

18:23, 23 Մարտ 2020-ի տարբերակ

Վիգէն Տիշչեքենեան
Ծնած է 25 Հոկտեմբեր 1968
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Կարողութիւն Երգիչ
Մասնագիտութիւն Քիմիագիտութեան Պսակաւոր Գիտութեանց (BS Chemistry) տիտղոս
Աշխատավայր Ուսուցիչ


Վիգէն Տիշչեքենեան

Վիգէն Տիշչեքենեան (Vicken Dishgekenian),(ծն՝.25 Հոկտեմբեր 1968 Պէյրութ, Լիբանան) Լիբանանահայ երգիչ, հայրենասիրական (յեղափոխական) երգերու կատարող։ Համազգայնական:

Կենսագրութիւն

Վիգէն Տիշչեքենեան արմատներով՝ Հայրը՝ Գրիգոր Պհեսնիլցի, իսկ մայրը՝ Արմենուհի Պերթիզլեան, Մարաշցի: 1986-ին աւարտած է Պէյրութի Նազարեան եւ Յովակիմեան AGBU Վարժարանները: Համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ (A.U.B.), արժանանալով Քիմիագիտութեան Պսակաւոր Գիտութեանց (BS Chemistry) տիտղոսին:

Աւելի քան 25 տարիէ ի վեր ուսուցչութեամբ կը զբաղի` Քիմիագիտութիւն դասաւանդելով բարձր դասարաններուն 3 վարժարաններու մէջ՝ արաբական CTI դպրոցը, հայկական Միացեալ Ազգային Վարժարան եւ Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան High school:

երաժշտական ճանապարհը

Համալսարանի օրերէն արդէն կ'ունենայ իր նուագախումբը եւ կը մասնակցին խրախճանքներու եւ այլ ուրախ առիթներու:

1996 թուականին կ'ունենայիմ առաջին անձնական երգ՝ ազգային երգ նուիրուած ընկեր Մհեր Չուլհաճեանի յիշատակին, որ նահատակուեցաւ Արցախի մէջ: Մհերին հետ բաւական մօտ էր, որովհետեւ ան դասաւանդութեամբ կը զբաղէր Չաթալպաշեան վարժարանին մէջ : Իր մահէն ետք, Վիգէն խորապէս ազդուած էր, եւ խնդրած էր օրիորդ Շահանդուխտէն, որ իր մօրաքոյրն է, Մհերի յիշատակին բանաստեղծութիւն մը գրէ եւ Շանթ Տիշչէքէնեանը՝ իր հօրեղբօրը տղան յօրինած է երաժշտութիւնը: Այս էր իր առաջին երգը, որ արձանագրած է Խաչիկ Մալխասեանի ձայնագրութեան տաղաւարին մէջ (studio) մէջ: Որմէ ետք կ'ունենայ բաւական երգեր՝ ազգային եւ հայրենասիրական, ինչպէս նաեւ ժողովրդական եւ Էսթրատային:

Ան տարիներ հետեւած է ձայնամարզութեան Լիբանանի երաժշտանոցի conservatoire ուսուցիչներու հետ: 1997-էն մինչեւ 2000 եղած է Համազգայինի Գուսան Երգչախումբի անդամ:

Իր երգերու մեծամասնութեան հեղինակն է: Աշխատած է ուրիշ հեղինակներու հետ ինչպէս օրինակ օրիորդ Շահանդուխտին, Պրն. Վաչէ Պօզոյեանին, Պրն. Սարգիս Քէլ Խաչերեանին հետ, իսկ երաժշտութեան համար կարգ մը երգեր ինք յօրինած է: Աշխատած է ուրիշ երաժիշտներու հետ ալ օրինակ՝ Շանթ Տիշչէքէնեանի, Զարեհ Քէշիշեանի, Սեդօ Պաղտասարեանի եւ Վահրամ Էմմիեանին հետ:

նախաձեռնած եւ հրապարակած ձայնասկաւառակները եւ տեսահոլովակները

վերջին 25 տարիներու ընթացքին հրապարակած է աւելի քան 10 CD եւ 12 տեսահոլովակներ: Երգերը` ազգային, սիրային, հայրենասիրական, էսթրատային, յեղափոխական: Վերջին տեսահոլովակը եղաւ 4 ամիս առաջ, հայրենիքի մէջ 8 լիբանանահայ երգիչներով: Երգին խորագիրը «Հայրենիք-սփիւռք», հեղինակն է Յասմիկ Բալայեան, դաշնաւորումը Տարօն Աւետիսեան: Այս երգին համար ունէինք 3 հովանաւորներ՝ Պրն. Յարութ Խաչատուրեան (ԳՈՀԱՐ), Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը եւ Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը: Լիբանանէն 8 երգիչներ գացինք հայրենիք Հայաստան մէկ շաբաթ, ուր կարողացանք արձանագրել երգը եւ պատրաստել սքանչելի տեսահոլովակ մը, որ կրնաք տեսնել You Tube –ի վրայ: 1986 թուականին աւարտած է Պէյրութի Յովակիմեան դպրոցը։ 1991 թուականին շարք մը հայկական եւ արաբական վարժարաններու քիմիագիտութիւն կը դասաւանդէր։

Դեռ մանուկ հասակին կապուած է յեղափոխական երգերու հետ։ Սեփական առաջին երգը կատարած է 1997 թուականին՝ երգ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին։ Ունի յեղափոխական երգերու 5 ձայնասկավառակ։ Լիբանանէն դուրս համերգներ տուած է Ֆրանսա, Եգիպտոս, Պրազիլ, Արժանթին, Ուրուկուէ, Քուէյթ, Յորդանան, Հոլանտա:


Աղբիւրներ

https://www.homenetmen.org/en/songs ԵՐԳԵՐ

Տե՛ս նաեւ