«Վաչէ Տաղլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
Տող 4. Տող 4.

== Կենսագրութիւն ==
== Կենսագրութիւն ==
Վաչէ Տաղլեան ծնած է հայաշունչ ընտանիքի մը մէջ: Հայրը կ'ըլլայ իր առաջին դաստիարակը, ազգին սէրը եւ Հայ Դատի պայքարելու ոգին արթնցնելով Վաչէի մէջ: Ան կը յաճախէ թաղի ազգային վարժարանը, ուր աւելի եւս կը թրծուի ազգային նկարագիրը անոր մէջ:
Վաչէ Տաղլեան ծնած է հայաշունչ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը կ'ըլլայ իր առաջին դաստիարակը, ազգին սէրը եւ Հայ Դատի պայքարելու ոգին արթնցնելով Վաչէի մէջ։ Ան կը յաճախէ թաղի ազգային վարժարանը, ուր աւելի եւս կը թրծուի ազգային նկարագիրը անոր մէջ:

Նախակրթութիւնը աւարտելէ ետք, կը մտնէ արհեստի ասպարէզը եւ կը դառնայ ինքնաշարժ նորոգող: Տակաւին պատանի, արդէն իսկ ծայր կ'առնէ [[Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմ|Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ]]ը: Պատերազմի ընթացքին, Վաչէն իր կարգին կ'ուզէ տէր կանգնիլ հայկական թաղերու պաշտպանութեան գործին, սակայն սկիզբը կը մերժուի, տարիքը փոքր ըլլալուն համար։ Կարճ ժամանակ անց, ան կը մասնակցի պահակութեան գործին:

09:11, 13 Մարտ 2020-ի տարբերակ

Վաչէ Տաղլեան
Ծնած է 8 Հոկտեմբեր 1964(1964-10-08)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 27 Յուլիս 1983(1983-07-27) (18 տարեկանին)
Մահուան վայր Լիզպոն, Փորթուկալ

Վաչէ Տաղլեան (8 Հոկտեմբեր 1964(1964-10-08), Պէյրութ, Լիբանան - 27 Յուլիս 1983(1983-07-27), Լիզպոն, Փորթուկալ), Լիզպոնի գործողութիւնը իրականացող հինգ երիտասարդներէն մէկը:

Կենսագրութիւն

Վաչէ Տաղլեան ծնած է հայաշունչ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը կ'ըլլայ իր առաջին դաստիարակը, ազգին սէրը եւ Հայ Դատի պայքարելու ոգին արթնցնելով Վաչէի մէջ։ Ան կը յաճախէ թաղի ազգային վարժարանը, ուր աւելի եւս կը թրծուի ազգային նկարագիրը անոր մէջ:

Նախակրթութիւնը աւարտելէ ետք, կը մտնէ արհեստի ասպարէզը եւ կը դառնայ ինքնաշարժ նորոգող: Տակաւին պատանի, արդէն իսկ ծայր կ'առնէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Պատերազմի ընթացքին, Վաչէն իր կարգին կ'ուզէ տէր կանգնիլ հայկական թաղերու պաշտպանութեան գործին, սակայն սկիզբը կը մերժուի, տարիքը փոքր ըլլալուն համար։ Կարճ ժամանակ անց, ան կը մասնակցի պահակութեան գործին:

Հայութեան ծառայելու իր բաղձանքը, որ պատանի տարիքին կը դրսեւորուէր պահակութեան ճամբով, գոհացում չի տար անոր եւ գաղափարական կազմաւորման ճամբով կ'ուզէ անցնիլ ուղղակի գործօն պայքարի: Ոչ ոք կը մտածէր Վաչէին խօսքերուն մասին եւ ոչ ոք կ'անդրադառնար անոր ըսածներուն լրջութեան: Ան ըսած է. «Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ, զոհը պիտի չըլլամ ճակատագրի խաղերուն: Ես Հայ Դատի զինուոր եմ. Կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ:»

Բոլոր ընկերներն ալ Վաչէին մէջ կը տեսնէին զուարթ, կատակասէր, խանդավառութիւն ստեղծող տղան, որ միշտ հաճելի մթնոլորտ կը ստեղծէր իր շուրջ:

Արձակուրդի երթալու պատրուակով, ան տունէն կը մեկնի 18 Յուլիսին, ըսելով թէ 15 օր կ'ուզէ Յունաստան անցընել[1]: Վաչէ Տաղլեան կը մասնակցի Լիզպոնի գործողութեան[2] ու կը զոհուի յանուն Հայ Դատի միջազգայնացման աշխատանքին համար իր ընկերներուն հետ, 27 Յուլիս 1983 թուականին:

Ծանօթագրութիւններ