«Երեւան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Ծանօթագրութիւններ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (3) using AWB
Տող 63. Տող 63.
[[Ստորոգութիւն:Հայկական մայրաքաղաքներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայկական մայրաքաղաքներ]]
[[Ստորոգութիւն:Ասիոյ մայրաքաղաքներ]]
[[Ստորոգութիւն:Ասիոյ մայրաքաղաքներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայաստան]]

11:46, 21 Փետրուար 2020-ի տարբերակ

Բնակավայր
Երեւան
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Հայաստան[1]
Ներքին բաժանում Աջափնեակ վարչական շրջան, Արաբկիր վարչական շրջան?, Աւան վարչական շրջան, Դաւթէն վարչական շրջան, Էրեբունի վարչական շրջան?, Կեդրոն, Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջան?, Նոր Նորք վարչական շրջան?, Նորք-Մարաշ վարչական շրջան?, Նուբարաշեն վարչական շրջան?, Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջան եւ Շէնգաւիթ վարչական շրջան
Հրաչյա Սարգսյան?
Օրէնսդրական մարմին Երեւանի քաղաքապետարան
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ782[2]
Առաջին յիշատակում 782 BCE
Տարածութիւն 227±1 քմ²
ԲԾՄ 1000±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 1 052 754 մարդ (2022)
Կը գտնուի ափին Հրազդան գետ[3]
Ժամային գօտի UTC+4։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 10
Փոստային ցուցանիշ 0001–0099
Պարգեւներ Լենինի շքանշան?
Անուանուած է Էրեբունի?
Հիմնադիր Արգիշտի Ա․
Պաշտօնական կայքէջ yerevan.am

Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք։ Կը գտնուի Արարատեան դաշտին մէջ՝ Հրազդան գետի ափին՝ իր մէջ պարփակելով գետը։ Մշտական բնակչութեան քանակով, որ 2014 թուականի Յունուար մէկի դրութեամբ կը կազմէ աւելի քան 1 միլիոն 68 հազար մարդ, Հայաստանի ամենամեծ քաղաքն է[4]։ 1918 թուականէն սկսեալ Երեւանը Հայաստանի մայրաքաղաքն է եւ Հայաստանի պատմութեան՝ 12-րդ մայրաքաղաքը[5]։

Երեւանը հիմնադրած է Վանի թագաւորութեան արքայ՝ Արգիշտի Ա.-ը մ.թ.ա. 8-րդ դարուն[6][7]։ Քաղաքի տեղանուան ծագման հետ կապուած կան շատ վարկածներ, մասնաւորապէս, ըստ ժողովրդական աւանդութեան, Երեւանը կը կապուի Նոյեան անուան հետ, իբրեւ Նոյը այդպէս կոչած է առաջին ջրհեղեղէն ետք երեւացող ցամաքը[8]։ Միջնադարուն քաղաքը մտած էր Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Կոտայք գաւառի սահմաններուն մէջ։ 2018 թուականին, երբ կը լրանայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը, Երեւանը կը դառնայ 2800 տարեկան։

Բնակչութիւն

Տարի Բնակչութիւն
1914 29 006 մարդ [3]
1926 64 163 մարդ [3]
1932 102 325 մարդ [3]
Տարի Բնակչութիւն
1989 1 100 372 մարդ
2001 1 088 389 մարդ
2011 1 054 698 մարդ [9]
Տարի Բնակչութիւն
2016 1 074 000 մարդ [10]
2017 1 075 800 մարդ [11]
2020 1 084 000 մարդ
Տարի Բնակչութիւն
2022 1 092 800 մարդ [12]
2022 1 052 754 մարդ

Պատմութիւն

Էրեբունի ամրոցի որմնանկարներ
Խալդի աստուածի պատկեր, Էրեբունի ամրոց, վերակառուցում
Էրեբունի ամրոցի հիմնադրման մասին արձանագրութեան սեպագիրի պատճէն
Թեյշեբաինի բերդը. վերականգնված տեսք

Երեւանը աշխարհի ամենահին քաղաքներէն է։ Հնագիտական պեղումներով պարզուած է, որ մարդը այստեղ բնակած է տասնեակ հազարաւոր տարիներ առաջ։ Քաղաքի տարածքին մէջ տարբեր ժամանակաշրջաններուն յառաջացած եւ զանազան պատճառներով կործանած են բազմաթիւ բնակավայրեր։ Ժամանակագրական առումով՝ քաղաքի տարածքին ամենահին բնակավայրը Երեւանեան կամ Հրազդանեան քարայրն է (Երեւանեան լիճին մօտ՝ Հրազդան գետի ձախ ափին), որուն հնագոյն, ստորին շերտը (4-5 մշակութային շերտ) կը թուագրուի մուսդերեան շրջանով (10-3,5 հազարամեակ առաջ): Իբրեւ հին բնակավայր յայտնի է նաեւ Շէնգաւիթը. այստեղ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են 5-6 հազար տարի առաջ[13]:

Հայ մատենագիրները Երեւանի անուան ծագումը երկար ժամանակ կապած են Նոյեան տապանի աստուածաշնչական աւանդութեան հետ. իբր, երբ Նոյի տապանը կանգ առաւ Արարատի գագաթին, Նոյը, ջրհեղեղէն ետք տեսնելով առաջին ցամաքը, որ ապագայ Երեւանի կառուցման վայրն էր, գոչած է՝ երեւա՜ց (այստեղէն ալ՝ «Երեւան» անուանումը):

Առաւել տարածուած է այն տեսակէտը, որ «Երեւան» անունը կապուած է Էրեբունի բերդաքաղաքի անուան հետ։ Սակայն կան նաեւ այլ տեսակէտներ. անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ հիմնադրուած նոր բնակավայրի անուանակոչման համար Արգիշտի Ա.-ը կամ օգտագործած է տարածքին մէջ եղած ու իրեն յայտնի հնագոյն այլ բնակավայրի անուն, կամ կոչած է «երի» կամ «արի» ցեղի (երկրի) անունով։ Հայկական լեռնաշխարհէն ու շրջակայ տարածքներէն հեռացած հնդեւրոպացիներու նախնիները՝ արիական ցեղերը, կը յիշեն իրենց՝ արի ցեղին պատկանելու փաստը եւ գրաւոր աղբիւրներու մէջ կը նշեն այդ մասին (հնդկական վետաներ, իրանական «Աւեստա», պարսիկներու շահ Դարեհ Ա. Աքեմենեանի Պեհիսթունի արձանագրութիւն): Երեւանը կոչուած է նաեւ Այրիւան, Էրիւան, Րեւան եւ այլ անուններով[14]:

Երեւանը կը յիշատակուի 3-րդ դարու սոտտիական-մանիքէական գրաւոր արձանագրութեան մէջ, ուր կը նշուի, որ քրիստոնէական համայնքի կողքին Մանիի (պարսիկ նկարիչ, մանիքէութեան հիմնադիրը) աշակերտներէն մէկը Երեւանի մէջ հիմնած է մանիքէական համայնք[13]:

Վանի թագաւորութեան անկումէն ետք Երեւանի շուրջ 1000-ամեայ պատմութեան մասին հայ մատենագրական աղբիւրները կը լռեն։ Երեւանը կրկին կը յիշատակուի 7-րդ դարուն՝ «Գիրք թղթոց»ի մէջ։ Պատմիչ Սեբէոսը կը վկայէ, որ արաբական արշաւանքներուն ժամանակ Երեւանը վաճառաշահ ու այգեշատ քաղաք էր։

Հիմնադրութիւն

Վանի թագաւորութեան քաղաք Էրեբունին, հիմնադրուած է մ.թ.ա. 782 թուականին։ Ըստ, Վանի մէջ գտնուած սեպագիր տարեգրութեան՝ Վանի թագաւորութեան արքայ Արգիշտի Ա․-ն իր ղեկավարման 5-րդ տարին կառուցեց Էրեբունի քաղաքը։ 1950 թուականին Արին Բերդ բլուրին վրայ գտած սալաքարի մը վրայ գրուած գրութիւնը կ՛արտօնէ նոյնականացնել Էրեբունի եւ Երեւան քաղաքները։ Սալաքարի վրայ գրուած է.

Խալդի աստուծոյ զօրութեամբ Արգիշտին՝ Մենուայի որդին, այս անառիկ ամրոցը կառուցեց եւ անուանեց Էրեբունի՝ ի հզօրութիւն Բիայնիլի երկրի եւ ի սարսափ թշնամի երկիրներու։ Հողը ամայի էր, ձեռնարկեցի այստեղ հզօր գործեր...


Արգիշտին այստեղ կը բնակեցնէ 6600 հայ զինուորներ իրենց ընտանիքներով։ Մէկ դար անց Ռուսա Բ. արքան Հրազդան գետի ափին՝ Երեւանի հարաւային մասին մէջ, կը հիմնադրէ նոր բերդաքաղաք մը, որ Վանի թագաւորութեան Թէյշեբա աստուծոյ անունով կոչուեցաւ Թէյշեբաինի։ Այն նշանաւոր ռազմական կեդրոն էր տէրութեան հիւսիսային հատուածին մէջ, ունէր միջնաբերդ, քաղաքային թաղամասեր։ Բերդէն դէպի հարաւ ուղղութեամբ տնկուած էին խաղողի այգիներ։ Թէյշեբաինին սկիւթներու կողմէն Վանի թագաւորութեան կործանման տարիներուն՝ Ք.Ա. 585-ին։

Աքեմենեան Շրջան

աջէն

Աքեմենեաններու (հին պարսկ.՝ Հախամանիշթիյա) կամ Արեաց Տիրութիւնը (մ.թ.ա. 553 - 330) Հին Աշխարհի աշխարհակալ պետութիւններէն էր։ Անոր տարածքը կ՛ընդգրկէր երեք աշխարհամասերէն՝ Ասիոյ, մասամբ՝ Եւրոպայի եւ Ափրիկէի շարք մը երկիրներ։ Արեւելքէն անոր սահմաններուն մեջ կը մտնէին՝ արեւմտեան Հնդկաստանը՝ Ինտոս գետի հովիտը եւ Միջին Ասիան՝ հասնելով Հիմալայեան լեռներ, արեւմուտքէն՝ Փոքր Ասիան եւ Եգիպտոսը՝ սահմանակցելով Միջերկրական ծովուն, հիւսիսէն՝ Ղրիմը եւ Կովկասեան լեռները՝ ներառելով Սեւ ծովը, հարաւէն՝ Իրանական բարձրավանդակը եւ Միջագետքի դաշտավայրը՝ հասնելով Արաբական թերակղզին եւ Հնդկական ովկիանոսին։ Տիրութիւնը հիմնադրած էր պարսից զօրավար Կիւրոս Մեծը Ք.Ա. 553 թուականին, որ ապստամբած էր Մարաստանի թագաւոր Աժտդահակի դէմ եւ զայն սպանած։ Անոր մահէն ետք գահին կը բազմին իր ժառանգները՝ Աքեմենէն եւ իրեն ազգակից Արշամէն ու Արի-Արամէն ծագած գահատոհմը։

Այս պետութեան մէջ Հայաստանը կը մտնէր իբրեւ 13-րդ սատրապութիւն։ Յետագային այն կը բաժնուի երկու՝ հիւսիսային եւ հարաւային հատուածներու, համապատասխանաբար Էրեբունի եւ Վան կենդրոններով։ Այսպէսով՝ Էրեբունին կրկին կը դառնայ վարչաքաղաքական կեդրոն։ Բերդին մէջ գտնուած են միլեթական մետաղադրամներ՝ կտրուած Ք.Ա. 478 թուականին, զոր կը վկայէ այստեղ կատարուած միջազգային առեւտուրի մասին։ Հաւանաբար այդ ժամանակ ալ հայերէն Էրեբունին սկսան արտասանել Էրեւունի[16]։ Ալեքսանտր Մակեդոնացիի արշաւանքներէն ետք Հայաստանը կը վերականգնէ իր անկախութիւնը, եւ պետութեան կեդրոնը վերջնականապէս կը տեղափոխուի Արարատեան դաշտ։

Հայոց Թագաւորութեան Շրջան

Աւանի տաճարի աւերակները, 5-րդ դար

Մ.թ.ա. 330 թուականին կը վերականգնուի հայոց անկախ պետականութիւնը։ Դեռ 6-րդ դարուն հիմնուած Երուանդունիներու թագաւորական տոհմը (մ.թ.ա. 580 - 201) վերստին կը նստի հայոց գահին։ Անոնց փոխարինելու կու գան Արտաշէսեաններու հարստութիւնը (մ.թ.ա. 190 - 1)։ Հայ թագաւորները կը հրաժարին պարսկական նախկին վարչական կեդրոններէն՝ Վան եւ Էրեբունի։ Հայոց պետութեան կեդրոնը կը տեղափոխուի Արարատեան դաշտ։ Էրեբունիէն ոչ հեռու կը կառուցուին մայրաքաղաքներ՝ Արմաւիրը, Երուանդաշատը, Արտաշատը, իսկ Արշակունիներու հարստութեան (66 - 428) ժամանակ՝ Վաղարշապատն ու Դուինը։ Էրեբունին վերջնականապէս կը զրկուի վարչաքաղաքական կեդրոնի կարգավիճակէն։

Հայոց թագաւորութեան շրջանին Երեւանի մասին յիշատակութիւն եղած է 3-րդ դարու Մանիքէական (Manichean) բնագիրին մէջ, որմէ պարզ կը դառնայ, որ Մանի մարգարէի աշակերտներէն մէկը քրիստոնէական համայնքի հարեւանութեամբ հիմնադրած է մանիքէական համայնք։ Ըստ արձանագրութեան՝ Երեւանը կը կառավարէր ոմն՝ միապետ։ 5-րդ դարուն կառուցուած է երեւանեան ամենահին եկեղեցիներէն մէկը՝ Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, որ քանդուած է 1931 թուականին[16]։

Արաբական Շրջան

Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, 5-րդ դար

7-րդ դարուն Արաբական թերակղզիի ն մէջ կը ստեղծուի Արաբական խալիֆայութիւնը։ Այն կը հիմնուի արաբներու ընդունած նոր կրօնի՝ Իսլամի շնորհիւ, եւ շատ արագ կը դառնայ աշխարհի՝ մինչեւ այդ եղած պետութիւններէն ամենամեծն ու զարգացածը։ 658 թուականին արաբները կը գրաւեն Երեւանը[17]։ Իսկ 850 թուականին Հայոց իշխան, ապագայ թագաւոր Աշոտ Բագրատունին կ՛ազատագրէ Երեւանը Դուինի ամիրայի զօրքերէն եւ կը միացնէ իր կալուածներուն։ Այդ ժամանակ ալ կը կառուցուի Երեւանի նոր բերդը՝ Հրազդան գետի ափին։ Երեւանը կը սկսի զարգանալ որպէս հայկական միջնադարեան քաղաք։

Թրքական Ցեղերու Շրջան

Երեւանի բերդ

11-րդ դարուն Մերձաւոր Արեւելք կը թափանցեն թրքական զանազան ցեղեր՝ սելճուքները, մոնկոլները, թաթարները, աւելի ուշ՝ թուրքմենները եւ օղուզները։ Զաքարեան իշխանները Վրաց թագաւորութեան շնորհիւ ժամանակաւորապէս կ'ազատագրեն Արեւելեան Հայաստանը, բայց թրքական ցեղերը անջնջելի հետք կը ձգեն իրենց ետին. Հայաստանի խոշոր քաղաքները կ'ամայանան կամ կը կործանուին։

Թուրքմենական գարա-գոյունլու ցեղերը միաւորուած էին Ամիր-Սաատի իշխանութեան տակ։ Անոնք իրենց ցեղապետի անունով յետոյ կոչուեցան սաատլուներ։ 14-րդ դարու վերջերուն անոնք հիմնեցին Երեւանի կուսակալութիւնը, որ Ամիր-Սաատի անունով հայերը կոչեցին Սաատի փոս կամ Սահաթափոս, իսկ օտարները՝ Չուխուր-Սաատ կամ Չուղուր-Սաատ[18][19]։ Այս անունը գործածական եղած է պարսկական ու թրքական մատենագրութեան մէջ՝ թարգմանուելով որպէս «Երջանիկ հովիտ»։ Գարա-գոյունլուներուն փոխարինելու եկան ագ-գոյունլու ցեղերը։ Բառացի անոնց անունները կը թարգմանուէին որպէս «սեւ եւ սպիտակ ոչխար»։

Երեւանը՝ Վարչաքաղաքական Կեդրոն

Ժան Շարտեն, Երեւանը 1672 թուականին

Հայ ժողովուրդը՝ 15-րդ դարէն սկսեալ, Մեծ Հայքի տարածքին վրայ թագաւորութենէ զուրկ էր: 1375 թուականին կործանուած էր հայկական վերջին թագաւորութիւնը՝ Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւնը[20]: Անկում ապրած էին Բիւզանդական կայսրութիւնն ու Վրացական թագաւորութիւնը[21][22], ասպարեզէն հեռացած էին դարաւոր պատմութիւն ունեցող Բագրատունիները, Արծրունիերն ու Սիւնիները[21][22]: Վրաց Բագրատունիներու հովանաւորութեան տակ ստեղծուած Զաքարեաններու իշխանապետութեան օրերուն առաջացած իշխանական տուները՝ Օրբելեանները, Պահլաւունիները, Պռոշեանները եւս հետզհետէ անկում կ'ապրէին[21]: Հայկական լեռնաշխարհով մէկ ցրուած էին հայոց պետականութեան մնացորդները՝ մանրումիջին իշխանութիւնները[21], որոնք ի վիճակի չէին ղեկավարելու հայ ժողովուրդին ազատագրական պայքարը՝ սելճուքներու, մոնկոլներու եւ թուրքմեններու դէմ[21][23]: Դարուն թերեւս միակ նշանակալի իրադարձութիւնը 1441 թուականին Կիլիկիայէն կաթողիկոսական աթոռի տեղափոխումն էր՝ Վաղարշապատ, եւ եկեղեցին սկսաւ համախմբել հայ ժողովուրդը իր շուրջ[21]: 1440 թուականէն Երեւանը կը դառնայ Հայաստանի վարչաքաղաքական, առեւտրական եւ արհեստագործական կեդրոն[24]։

Ծանօթագրութիւններ

  1. archINFORM — 1994.
  2. https://www.yerevan.am/am/our-city/
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 Эривань // Большая советская энциклопедия / под ред. О. Ю. Шмидт — 1 — М.: Акционерное общество «Советская энциклопедия», 1920.
  4. Երեւան քաղաքի ցուցանիշները ըստ ԱՎԾ-ի ամփոփման:
  5. Հայաստանի մայրաքաղաքները, Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան
  6. Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան. Էրեբունի քաղաքատեղի:
  7. Երեւանը և նրա անվան պատմությունը
  8. Արմէն Պետրոսեան Հնագիտութեան, ազգագրութեան հիմնարկ (2006)։ «ԵՐԵՎԱՆ» գիտական հոդվածների ժողովածու (հայերէն)։ Երեւան 
  9. http://www.armstat.am/file/doc/99478218.pdf
  10. http://armstat.am/file/article/nasel_01.07.2016.pdf
  11. http://armstat.am/file/article/nasel_01.07.2017.pdf
  12. https://armstat.am/file/article/population_01_22.pdf
  13. 13,0 13,1 Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named ՀՀ
  14. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան
  15. Էրեբունու պեղումները
  16. 16,0 16,1 Երեւանի մասին իրանական հանրագիտարանում
  17. «Yerevan» ArmeniaNow.com, 2007, p. 7. Consulté le 21 mars 2008
  18. Հ. Գ. Ժամկոչյան և ուրիշներ «Հայ ժողովրդի պատմությունը սկզբից մինչև XVIII դարի վերջը»
  19. Վ. Ա. Պարսամյան «Հայ ժողովրդի պատմություն» (IX-XIX դդ.), հատոր 2-րդ
  20. Անդրկովկասը 11-15-րդ դարերում
  21. 21,0 21,1 21,2 21,3 21,4 21,5 Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named b
  22. 22,0 22,1 Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հատոր 3, էջ 547-564, 1976 թ
  23. Երեւան․ պատմական ակնարկ
  24. «Популярная художественная энциклопедия.» Под ред. Полевого В.М.; М.: Издательство "Советская энциклопедия", 1986.