«Անոնք Կը Վաճառեն Նոյնիսկ Անձրեւը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ավելորդ ինֆո
Տող 53. Տող 53.


== Արձագանգներ ==
== Արձագանգներ ==
Ֆիլմթ ստացած է դրական արձագանգներ։ ''Rotten Tomatoes'' կայքին մէջ ֆիլմը ունեցած է 88 % վարկանիշ՝ 59 մեկնաբանութիւններով<ref>{{Citation|title=Even the Rain (Meme La Pluie)|url=http://www.rottentomatoes.com/m/even_the_rain/|language=|accessdate=}}</ref>։
Ֆիլմը ստացած է դրական արձագանգներ։ ''Rotten Tomatoes'' կայքին մէջ ֆիլմը ունեցած է 88 % վարկանիշ՝ 59 մեկնաբանութիւններով<ref>{{Citation|title=Even the Rain (Meme La Pluie)|url=http://www.rottentomatoes.com/m/even_the_rain/|language=|accessdate=}}</ref>։


Ռոժեր Էպերտը ֆիլմին տուած է 4 աստղէն երեքը՝ այդ մասին գրելով, որ ֆիլմը խիզախօրէն կը բարձրացնէ այն հարցերը, որոնք մտածել կու տան<ref>{{Cite web|url=http://www.rogerebert.com/reviews/even-the-rain-2011|title=Even the Rain Movie Review & Film Summary (2011) {{!}} Roger Ebert|last=Ebert|first=Roger|date=|website=www.rogerebert.com|publisher=|language=|accessdate=}}</ref>։
Ռոժեր Էպերտը ֆիլմին տուած է 4 աստղէն երեքը՝ այդ մասին գրելով, որ ֆիլմը խիզախօրէն կը բարձրացնէ այն հարցերը, որոնք մտածել կու տան<ref>{{Cite web|url=http://www.rogerebert.com/reviews/even-the-rain-2011|title=Even the Rain Movie Review & Film Summary (2011) {{!}} Roger Ebert|last=Ebert|first=Roger|date=|website=www.rogerebert.com|publisher=|language=|accessdate=}}</ref>։

02:48, 9 Սեպտեմբեր 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Անոնք Կը Վաճառեն Նոյնիսկ Անձրեւը También la lluvia
También la lluvia
Արտադրիչ Icíar Bollaín[1][2]
Գրագէտ Paul Laverty
Հիմնուած 2010 եւ 29 Դեկտեմբեր 2011[3]
Երաժշտութիւն Ալպերթօ Իկլեսիաս
Տեւողութիւն
104 վայրկեան
Երկիր Կաղապար:Դրօշաւորում/Սպանիա Ֆրանսա Ֆրանսա Մեքսիք

«Անոնք Կը Վաճառեն Նոյնիսկ Անձրեւը»' (սպ.՝ También la lluvia), 2010-ի ֆիլմ, ռեժիսոր՝ Իսիար Պոլեաին։ Ֆիլմը արժանացած է Արիէլ մրցանակի (որպէս լաւագոյն իպերօամերիկեան ֆիլմ) եւ 3 «Գոյա» մրցանակի։ 2011-ին այն ընտրուած է ներկայացնելու Օսկար լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմի համար[4]։

Թեմա

Մեքսիքացի բեմադրող Սեբաստիանը եւ գործադիր արտադրող Կոստան նկարահանող խումբի հետ միասին կը հասնին Կոչապամպա՝ Պոլիվիա, որպէսզի ֆիլմ նկարահանեն Կոլումբոսի` դէպի նոր աշխարհ առաջին ճանբորդութեան եւ տեղաբնիկներու հետ անոր հանդիպման մասին։

Քանի որ ֆինանսական նաշահաշիւը սահմանափակ էր, Կոստան կ՛որոշէ ֆիլմ նկարահանել Հարաւային Ամերիկայի աղքատ շրջանին՝ Պոլիվիայի մէջ։ Տեղացի բնակչութիւնը համաձայն էր նկարահանուիլ զանգուածային տեսարաններուն մէջ օրական երկու տոլարով եւ անոր համար ֆիզիկական աշխատանք կը կատարէր նկարահանման տեսարանները նախապատրաստելու համար։

Սեբաստիանը կ՛ընտրէ տեղաբնակներէն մէկուն՝ Դանիէլ անունով, Ատուէի՝ Տաինոյի առաջնորդի դերի համար, որ կը ղեկավարէր ապստամբութիւնը ընդդէմ եւրոպացիներուն։ Անոր աղջիկ Պելէնը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղար ֆիլմին մէջ։ Սեբաստիանը չէր գիտեր այն մասին, որ Դանիէլը ցոյցի դուրս կու գար ընդդէմ ջուրերու սեփականաշնորհման, որու համար տեղական կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած էր։

Նկարահանումները կը սկսին առանց միջադէպերու, չնայած դերակատար Անթօնի հարբեցողութեան, որ Կոլումբոսի դերակատարն էր։ Կոստան կը սկսի անհանգստանալ, երբ կը տեսնէ, որ Դանիէլը կը մասնակցի ցոյցերուն եւ կը խնդրէ անոր դադրեցնել այդ մինչեւ նկարահանման աւարտը։ Դանիէլը կը ձեւացնէ, թէ համաձայն է Կոստի հետ, բայց, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ մասնակցիլ ցոյցերուն եւ ոստիկանութեան հետ բախման արդիւնքով դէմքին վէրքեր կը յայտնուին։ Անորմէ ետք Կոստան կ՛առաջարկէ Դանիէլին քանի մը հազար տոլար, որպէսզի դադարեցնէ մասնակցիլը ցոյցերուն։ Դանիէլը կ՛ընդունի փողերը, բայց չի հրաժարիր ցոյցերուն մասնակցելէ եւ բանտ կ՛իյնայ։ Սեբաստիանը կը սկսի տարակուսիլ, թէ իրենց կը յաջողուի արդեօք ֆիլմը աւարտի հասցնել։ Բայց Կոստան կը համոզէ անոր շարունակել եւ կը կաշառէ ոստիկանութեան, որ Դանիէլին ազզատ արձակեն ֆիլմի առանցքային տեսարաններու նկարահանման ժամանակ։ Նկարահանումները աւարտելէ ետք ոստիկանութիւնը կը ժամանէ եւ կը փորձէ ձերբակալել Դանիէլին, զանգուածային տեսարանի ներկայացուցիչները կը շրջապատեն ոստիկանութեան եւ Դանիէլին կը յաջողուի փախչիլ ։

Ճիշդ այդ երեկոյեան նորութիւններով կը հաղորդեն, որ Կոչապամպի մէջ ոստիկանութեան հետ բախման ժամանակ բռնութիւն կը գործադրուի։ Այդ տեսնելով՝ դերասաններ Խուանը եւ Ալպերթօն կ՛որոշ՛են տուն երթալ, սակայն Սեբաստիանը կը համոզէ անոնց մնալ։

Յաջորդ առաւօտեան, մինչ խումբը կ՛ուղեւորուէր նկարահանումը շարունակելու, Կոստի մօտ կու գայ Դանիէլի կինը` Թերեզան, եւ կը խնդրէ օգնել իրեն որոնելու դուստերը` Պելենին, որ (ըստ լսածի) վիրաւորուած էր։ Չնայելով Սեբաստիանի բողոքին` Կոստան կը համաձայնի։ Թերեզայի հետ Կոստան կը գտնէ Պելենին եւ կը հասցնէ հիւանդանոց։ Այդ ժամանակ Սեբաստիանին խումբի հետ կը պահեն պահակակէտին մէջ։ Բացի Անթօնիէն, բոլորը կը լքեն Սեբաստիանին, որպէսզի տուն վերադառնան։

Ցուցարարները կը հասնին իրենց նպատակին, եւ բողոքը կ՛աւարտի։ Կոստան յոյս ունէր, որ նկարահանումը երբեւէ կ՛աւարտի, իսկ Դանիէլը աղջկայ փրկութեան համար Կոստային կու տայ պոլիվիական ջուրով սրուակ։

Դերեր

  • Լուիս Տոսար - Կոստա
  • Կարսիա Պերնալ - Սեբաստեան
  • Քարա Էլեխալտէ - Անթօն
  • Ռաուլ Արեւալօ - Խուան
  • Գարլոս Սանտոս - Ալպերթօ
  • Խուան Գարլոս Ատուրիվի ֊ Ատուրիջի Դանիէլ

Արձագանգներ

Ֆիլմը ստացած է դրական արձագանգներ։ Rotten Tomatoes կայքին մէջ ֆիլմը ունեցած է 88 % վարկանիշ՝ 59 մեկնաբանութիւններով[5]։

Ռոժեր Էպերտը ֆիլմին տուած է 4 աստղէն երեքը՝ այդ մասին գրելով, որ ֆիլմը խիզախօրէն կը բարձրացնէ այն հարցերը, որոնք մտածել կու տան[6]։

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ