«Համակարգիչ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 17. Տող 17.


[[Կատեգորիա:Համակարգիչ]]
[[Կատեգորիա:Համակարգիչ]]
[[Ստորոգութիւն:Համակարգիչ]]
[[Ստորոգութիւն:Կենցաղային ելեկտրոնաբանութիւն]]

10:35, 9 Յունուար 2020-ի տարբերակ

ՆԱՄԱ-ի «Քոլամպիա» գերհամակարգիչը:
Առաջին Ելեկտրոնական թուային, վերածրագրաւորող «ENIAC» համակարգիչը:

Համակարգիչը մեքենայ մըն է, որ կը մշակէ տուեալները հրամաններու ցանկին համաձայն։

Համակարգիչները արտաքնապէս կը տարբերին իրարմէ։ Առաջին ելեկտրոնական համակարգիչները, որոնք ստեղծուած են IBM ընկերութեան կողմէն ԱՄՆ-ի 1941 թուականին. մեծ սենեակի մը տարածութիւն կը զբաղեցնէին, իսկ անոնց ելեկտրական ծախսը կը հասնէր հարիւրաւոր ժամանակակից համակարգիչներու ելեկտրական ծախսին[1]։

Այսօր համակարգիչները հիմնուած են միահաւաք շրջոյթներու վրայ եւ միլլիարտաւոր անգամներ արագ կը գործեն[2]։ Այժմ պարզ համակարգիչը կարելի է տեղաւորել նոյնիսկ ձեռքի ժամացոյցի մէջ եւ սնուցել ժամացուցային մարտկոցով։

Անձնական համակարգիչները ունին տարբեր ձեւեր, դարձած է «Ինֆորմացիոն Դարի» նշանը եւ սովորաբար մարդիկ «համակարգիչ» ըսելով զայն կը պատկերացնեն։ Սակայն իրական ամենատարածուած համակարգիչները ներդրուած համակարգիչներն են, որոնք կը կիրառուին ամենուրեք՝ ռազմական օդանաւերէն մինչեւ խաղալիքներու մէջ։

Համակարգիչներու ունակութիւնը պահպանելու եւ կատարելու ծրագրեր կոչուող հրամաններու ցանկերը կը դարձնեն անոնց չափազանց բազմանպատակ եւ կը տարբերին համակարգիչները հաշիւներով։

Ծանօթագրութիւններ

  1. 1946-ին, ENIAC-ը կը սպառէր մօտաւորապէս 174 կՎտ։ Ի համեմատութիւն՝ սովորական անձնական համակարգիչը այսօր կը ծախսէ 1700 անգամ աւելի քիչ ելեկտրականութիւն, որպէս միջին 100 Վտ քիչ մը աւելի։ Ժամանակակից համակարգիչների Էներգիայի սպառում Պենսիլվանիայի համալսարանի կայքում
  2. Առաջին համակարգիչները, որոնցմէ՝ Colossus-ը և ENIAC-ը վայրկեանի մը ընթացքին կը կատարէին 5-էն 100 գործողութիւն։ Ժամանակակից միկրոմշակիչները կրնան մէկ վայրկեանի ընթացքին կատարել միլլիարտաւոր գործողութիւններ և այդ գործողութիւններէն շատերը աւելի բարդ և աւելի օգտակար են, քան առաջին համակարգիչներու կատարասծ գործողութիւնները։

Կատեգորիա:Համակարգիչ