«Գրիգոր Չիլինկիրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աղբիւր: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (8) using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: վախճանի → մահուան using AWB
Տող 8. Տող 8.
| ծննդավայր = [[Իզմիր]]
| ծննդավայր = [[Իզմիր]]
| վախճանած է = [[2 Փետրուար]] [[1923]]
| վախճանած է = [[2 Փետրուար]] [[1923]]
| վախճանի վայրը = [[Իզմիր]]
| մահուան վայրը = [[Իզմիր]]
| քաղաքացիութիւն =
| քաղաքացիութիւն =
| հպատակութիւն =
| հպատակութիւն =

09:24, 15 Նոյեմբեր 2019-ի տարբերակ


Ծնած է 1839
Ծննդավայր Իզմիր
Մահացած է 2 Փետրուար 1923
Մահուան վայր Իզմիր, Թուրքիա
Ուսումնավայր Մեսրոպեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, խմբագիր, թարգմանիչ եւ հասարակական գործիչ

Գրիգոր Չիլինկիրեան (1839, Իզմիր - 2 Փետրուար 1923, Իզմիր), հայ հրապարակախօս, խմբագիր, թարգմանիչ, հասարակական եւ գրական գործիչ:

Կենսագրութիւն

Ծնած է Իզմիր (Զմիւռնիա): Զաւակն էր դարբին արհեստաւորի մը Եդովպիացի Հաճի Յովակիմին։

Գրիգոր նախ կը յաճախէ տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, սակայն հազիւ թէ քիչ մը հմտացած հայերէնի եւ տաճկերէնի, կիսաւարտ կը թողու վարժարանը՝ ստիպմամբ իր ծնողքին։ Այն միջոցին ժամացոյցի վաճառական Յովհաննէս աղա Սիմոնեան մտերիմը ըլլալով Ազգային վարժարանի տեսուչ Անդրէաս Փափազեանին, կը խնդրէ անկէ՝ գրագիր բանիբուն եւ գործունեայ պատանի մը։ Ուստի, այս կերպով հազիւ 13–14 տարեկան Գրիգոր Չիլինկիրեան, իր ինքնաշխատութեամբ կը ներկայանայ իբրեւեւ դիւցազուն։

Մէկ կողմէն՝ կատարելով իր պաշտօնը, միւս կողմէն՝ յառաջ կը տանի իր մտաւոր կրթութիւնը եւ վարժարանին մէջ կիսկատար ձգած ուսումները ինքն իրեն՝ ո՛չ միայն կը կատարելագործէ, այլ ե՛ւ յունարէն, իտալերէն, ֆրանսերէն լեզուներն ալ կը սորվի՝ շնորհիւ իր մտաւոր բացառիկ յիշողութեան եւ կարողութեան։ Իր այս պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ 1860 թուականը (եօթը տարուայ շրջան մը)։

1961-ին կը ծանօթանայ Արմենակ Հայկունիին, զոր Իզմիր եկած էր։ Անոնք կ՛որոշեն հրատարակել հանդէս մը եւ 1 Յուլիս 1861-ին լոիս կը տեսնէ «Ծաղիկ»ը։

Երբ խաւարեալներու ու լուսաւորեալներու պայքարնը նաեւ արձագանգ կը գտնէ Իզամիրի (Զմիւռնիա) մէջ, Չիլինկիրեանի եւ իր համախոհ մի քանի երիտասարդներու նոր գաղափարը հաճելի չեն թուիր իր բաթրօնին, որով Չիլինկիրեան կը ստիպուի հրաժարիլ անկաշկանդ կերպով մղելու համար գաղափարի պայքարը։

Աղբիւր