«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (-{{reflist}} +{{ծանցանկ}})
Տող 120. Տող 120.


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{reflist}}
{{ծանցանկ}}


{{անաւարտ}}
{{անաւարտ}}

03:55, 27 Ապրիլ 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երկիր (արեւմտահայերէն) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (ԱՄՆ) (անգլերէն՝ United States of America), դաշնային սահմանադրական հանրապետութիւն, բաղկացած 50 նահանգներէն եւ դաշնային Քոլումպիա մարզէն։ Երկիրը մեծամասամբ տեղակայուած է Հիւսիսային Ամերիկայի կեդրոնական մասին մէջ՝ 48 նահանգներ եւ Ուաշինկթընի մայրաքաղաքային մարզը։ Հիւսիսէն այն սահմանակից է Քանատային, հարաւէն Մեքսիքային։ ԱՄՆ-ի 2 նահանգները ցամաքային սահման չունին ԱՄՆ-ի հիմնական տարածքին հետ։ Ատոնք են՝ Ալասքան` Հիւսիսային Ամերիկայի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ, եւ Հաուայեան կղզիները` Խաղաղ ովկիանոսին մէջ։

ԱՄՆ-ի բնակչութէան թիւը կը կազմէ 320 միլիոն, այդ ցուցանիշով աշխարհի 3-րդ պետութիւնն է։ Տարածքի մեծութեամբ աշխարհի 4-րդ պետութիւնն է՝ քիչ մը կը զիջէ Չինաստանին: Լայնամաշտաբ ներգաղթի պատճառաւ, այն աշխարհի ամենաբազմազգ պետութիւններէն մէկն է։[1]

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ստեղուեցաւ, երբ բրիտանական 13 նահանգները միաւորուեցան եւ 1776 թուականի յուլիսի 4-ին հռչակեցին իրենց անկախութիւնը։ ԱՄՆ-ն կը համարուի աշխարհի առաջին միջուկային տէրութիւնը եւ ունի ամենահզօր տնտեսութիւնը։ ԱՄՆ-ը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ է։

Պատմութիւն

Վաղ Շրջան

Եվրոպացիներու առաջին հանդիպումը ամերիկացիներ հետ 1764 թ

Մինչեւ եւրոպացիներու կողմէն գաղութացուիլը ԱՄՆ-ի ներկայ տարածքի հիմնական բնակչութիւնը հնդկացիներն ու էսկիմոսներն էին, որ կ՛ապրէին նախնադարեան համայնական կարգերով։ Այդ ժողովուրդներու պատմութիւնը մինչեւ եւրոպացիներու հետ անոնց հանդիպիլը (XVIդ.) զարգացած է ինքնուրոյն, միւս մայրցամաքներու ժողովուրդներէն գրեթէ անկախ։ XVI դ. ԱՄՆ-ի տարածքին մէջ կը բնակէր մօտ 1 միլիոն հնդկացի։ Գաղութացման ընթացքին հնդկացիները մասամբ կ՛ոչնչացուէին, մասամբ ալ կը քշուէին դէպի Արեւմուտք։ Մինչեւ XVIII դ. 60-ական թթ. Անգլիան զաւթեց գրեթէ ամբողջ Հիւսիսային Ամերիկան։ XVII դ. սկզբին հիմնուեցան առաջին անգլիական գաղութները։ Ատոնք հիւսիսէն սահմանակից էին Ֆրանսական Քանատա տիրոյթին, որը XVIIIդ. 60-ական թթ. անցաւ Անգլիային, իսկ հարաւէն՝ Իսպանական Ֆլորիտային։ Ներկայիս ԱՄՆ-ի տարածքին մէջ անգլիացիները առաջին բնակատեղին (Վիրճինիայի մէջ) հիմնած են 1607-ին։ Յետագային հիմնուած են Մերի լենտը, Հիւսիսային եւ Հարաւային Քարոլինաները, Զօրճիան։ Այստեղ առաջ եկաւ խոշոր փլանթացիոն տնտեսութիւն՝ ծխախոտի, բրինձի եւ ինտիկոյի մշակութեամբ։ 1619-ին Ափրիկէէն Վիրճինիա բերուեցաւ նեկր ստրուկներու առաջին խումբը։ Նեկրերու ստրկութիւնը առաջին անգամ պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ 1656-ին, իսկ Անգլիոյ մէջ 1661-ին ընդունուած օրէնքը կը նախատեսէր ստրուկներու կանոնաւոր մատակարարում հիւսիսամերիկեան գաղութներուն։ XVII դ. 2-րդ կէսէն հարաւային գաղութներու փլանթատորները սկսան լայնօրէն կիրառել նեկր ստրուկներու աշխատանքը։

Անգլիոյ Գաղութ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները XVIII դարի սկզբին

1620-ին հիմք դրուեցաւ Նոր Անգլիոյ գաղութներուն վրայ։ Անկախութէան պատերազմի նախօրէակին հոս արդէն կար 4 գաղութ՝ Մասսաչուսէթս, Ռոտ Այլընտ, Նիւ Հեմփշիր եւ Քոնեքթիքութ։ Հիւսիսին մէջ կը գերակշռէին միջին եւ մանր ֆերմերական տնտեսութիւնները։ Այստեղ աւելի արագ, քան միւս գաղութներուն մէջ, զարգացան արհեստները եւ արդիւնաբերութիւնը։ Չորս այլ գաղութներ՝ Փենսիլւանիա, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրսի եւ Տելաւեր, հիմնուեցան Մերձատլանտեան շրջաններու կեդրոնական մասին մէջ։ Անգլիական գաղութները զգալի յաջողութեան հասան տնտեսական առաջընթացի ասպարէզին մէջ։ Սկսաւ ձեւաւորուիլ ամերիկեան ազգային շուկան։ Միաժամանակ կը ստեղծուէր նոր մշակոյթ եւ գաղափարախօսութիւն, տեղի կ՛ունենար ազգային ինքնագիտակցութեան վերելք։ Այս նոր, հիւսիսամերիկեան պուրժուական ազգի ձեւաւորման ընթացքն էր։ Շատ շուտով ամերիկեան պուրժուազին դարձաւ անգլիական պուրժուազիոյ մրցակիցը՝ նաւաշինութեան, առեւտուրի, իսկ ապա նաեւ մանուֆաքթուրայի բնագաւառին մէջ։ Այդ իսկ պատճառով Անգլիան ամէն կերպ կ՛արգեւակէր գաղութներու տնտեսական զարգացումը։ Անգլիոյ այդ քաղաքականութիւնը կը շօշափէր գաղութներու բոլոր դասակարգերուն շահերը եւ իրենց մօտ առաջ բերաւ մեթրոփոլիայէն անջատուիլու ձգտում, որ XVIII դ. 60-ական թթ. վերաճեց զինուած պայքարի՝ անկախութեան համար։ Վ. Ի. Լենինի բնորոշմամբ այդ յեղափոխական ազատագրական պատերազմ էր անգլիացիներու դէմ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

ԱՄՆ-ի Տարածքային Աճը

1776յուլիսի 4-ին ընդունուած Անկախութեան յայտարարութիւնը կը հռչակէր ԱՄՆ-ի ստեղծումը։ 1783-ի Վերսալեան հաշտութեան պայմանագիրով Անգլիան ճանչցաւ ԱՄՆ-ի անկախութիւնը։ Յաղթանակը ձեռք բերուեցաւ ժողովուրդի եռանդուն ջանքերով, սակայն իշխանութեան գլուխ անցան պուրժուազին եւ փլանթատորները։ Հարաւին մէջ պահպանուեցաւ ստրկատիրութիւնը։ 1787-ին ընդունուեցաւ ԱՄՆ-ի ասհմանադրութիւնը (գործողութեան մէջ գրուեցաւ 1789-ին)։ ԱՄՆ-ի առաջին նախագահ ընտրուեցաւ Ճորճ Ուաշինկթընը։ XIX դ. սկիզբներէն ԱՄՆ սկսաւ ընդարձակել իր տարածքը։ 1803-ին Ճեֆըրսընի կառավարութիւնը Ֆրանսայէն գնեց Լուիզիանան, իսկ 1819-ին ԱՄՆ Իսպանիային ստիպեց զիջել Ֆլորիտան։ 1823-ին հռչակուեցաւ «մոնրոյի տոքթրինանէ։ Մեքսիքայի դէմ 1846-1848-ին մղած զաւթողական պատերազմի հետեւանքով ԱՄՆ նուաճեց Մեքսիքայի տարածքի գրեթէ կէսը։ 1867-ին ԱՄՆ Ռուսաստանէն գնեց Ալասկան (7,2 միլիոն տոլարով): XIX դ. 1-ին կէսին ԱՄՆ-ի մէջ մեծ թափ ստացաւ նեկրերու ազատագրութեան համար շարժումը։ Տեղի ունեցան նեկր ստրուկներու ապստամբութիւններ` 1800-ին Գաբրիէլի, 1831-ին՝ Ն. Թէոներու եւ 1855-1859-ին՝ Ճ. Պրաունի ղեկավարութեամբ։ Քափիթալիստական Հիւսիսի եւ ստրկատիրական Հարաւի միջեւ սրուած հակասութիւնները մարեցին քաղաքացիական պատերազմի, որուն համար առիթ ծառայեց ստրկութեան հակառակորդ Ա. Լինքըլնի ԱՄՆ-ի նախագահ ընտրուիլը։ Քաղաքացիական պատերազմը, յատկապէս երկրորդ փուլին մէջ, պուրժուա-դեմոկրատական յեղափոխութեան բնոյթ ունէր։ Հիւսիսի յաղթանակով վերացուեցաւ ստրկատիրութիւնը, հեռանկարներ բացուեցան քափիթալիզմի անարգել զարգացման համար։ Չնայած ատոր, նեկրերու ազատագրման գործը մինչեւ վերջ չհասցուեցաւ։ Ստրկութեան վերացումը բարենպաստ պայմաններ ստեղծեց բանուորական շարժման զարգացման համար։ 1867-ին ԱՄՆ-ի մէջ ծագեցան 1 Ինթերնացիոնալի բաժանմունքներ, 1869-ին ստեղծուեցաւ Աշխատանքի ասպետներու միաբանութիւնը, 1881-ին՝ Աշխատանքի ամերիկեան ֆետերացիան։ 1900-1901-ին կազմաւորուեցաւ ԱՄՆ-ի սոցիալիստական կուսակցութիւնը։ Սակայն այդ կազմակերպութիւններուն մէջ գերակշռող ազդեցութիւն ունէին օփորթունիստական տարրերը։

Տարածքներու Ընդլայնում

XIX դ. վերջին ամերիկեան քափիթալիզմը թեւակոխեց իմփերիալիզմի փուլը։ 1898-ի իսպանաամերիկեան պատերազմի ժամանակ ԱՍՆ գրաւեց Ֆիլիփինները, Փուերթօ Րիքոն եւ Կուամը, Քուպան փաստօրէն վերածուեցաւ ԱՄՆ-ի գաղութի։ 1899-ին ԱՍՆ Չինաստանի մէջ հռչակեց «բաց դռներու» քաղաքականութիւն։ 1903-ին ամերիկեան իմփերիալիստները յեղաշրջում կազմակերպեցին Փանամայի մէջ՝ այն անջատելով Քոլումպիայէն։ Նոյն թուականին ԱՍՆ իր իսկ ստեղծած Փանամայի Հանրապետութեանը պարտադրեց ստրկացուցիչ պայմանագիր, յաւերժ օգտագործման համար այդ երկրի տարածքին մէջ ձեռք բերեց 16․1 կմ լայնութեամբ գօտի մը՝ ջրանցք կառուցելու նպավակով։ Ան միաժամանակ իրաւունք ստացաւ հոդ ամրութիւններ շինել, զօրք պահել, իրականացնել իր իշխանութիւնը։ 1899-1902-ին եւ 1906-1909-ին ԱՍՆ զբաղեցրեց Քուպան, 1912-1933-ին (ոչ մեծ ընդհատումներով)` Նիքարակուան, 1915-1934-ին`՛ Հայիթին, 1916-1924-ին՝ Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը։ 1914-ին եւ 1916-1917-ին ԱՍՆ ինթերուենցիայ կազմակերպեց Մեքսիքայի, 1917-1922-ին՝ Քուպայի դէմ։

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմ

ամն-ի տարածքներու նուաճման դինամիկան

ԱՄՆ-ի ռազմատնտեսական կարողականի աճին համար կարեւոր խթան հանդիսացաւ առաջին համաշխարհային իմփերիալիստական պատերազմը։ Պատերազմի սկիզբին ան յայտարարեց, որ չէզոքութիւն պիտի պահպանէ, սակայն ամերիկեան մոնոփոլիաները ստանձնեցին պատերազմող երկրիներուն, գլխաւորապէս Անտանտի պետութիւններուն սննդամթերք, ռազմամթերք եւ փոխառութիւններ տրամադրելու գործը։ Պատերազմի շնորհիւ 1913-1914-ի տնտեսական անկումը տեղի տուաւ վերելքի, եւ ամերիկեան մոնոփոլիաները վիթխարի շահոյթներ կորզեցին զէնքի ու զինամթերքի վաճառքէն։ Չէզոքութեան տարիները ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը օգտագործեց պատերազմին նախապատրաստուելու համար։ Յետին փլան մղուեցան Սիացեալ Նահանգներու եւ Անտանտի պետութիւններու տարաձայնութիւնները, եւ սուր բնոյթ ստացան հակասութիւնները Գերմանիոյ հետ։ Գերմանիան կը սպառնար յաղթանակի դէպքին հաստատել գրեթէ անբաժան տիրապետութիւն համաշխարհային շուկային մէջ։ Միաժամանակ Անտանտի պարտութեան դէպքին ԱՄՆ կը կորսնցնէր անոր տրամադրած զգալի վարկերն ու փոխառութիւնները։ Բացի այդ, չէզոքութիւնը ամերիկեան իմփերիալիզմին կը զրկէր աշխարհի վերաբաժանմանը մասնակցելու իրաւունքէն։ 1917ապրիլի 6-ին ԱՄՆ հրաժարուեցաւ չէզոքութիւնէն եւ պատերազմ յայտարարեց Գերմանիային, որու հետ յարաբերութիւնները յատկապէս սրուաշ էին գերմանացիներու մղած ստորջրեայ պատերազմի հետեւանքով։ Պատերազմէն յետոյ, ըլլալով յաղթող պետութիւններու թիւին մէջ, ԱՄՆ ամենագործունեայ մասնակցութիւն ունեցաւ հաշտութեան պայմանագրերու Վերսաչ-Ուաշինկթընեան սիսթեմի ստեղծմանը, որ կոչուած էր հաստատելու ուժերու նոր հաւասարակշռութեան քափիթալիստական աշխարհին մէջ։ 1918-ի յունուարին նախագահ Ուուտրօ Ուիլսոնը հանդէս եկաւ «14 կէտերով»` յետպատերազմեան կարգաւորման ամերիկեան ծրագրով։

Հետպատերազմեան Շրջան

ԱՄՆ նախագահ Վուդրո Վիլսոնը

Իմպերիալիստական միւս տէրութիւններու հետ ԱՄՆ փորձեց Փարիզի հաշտութեան քոնֆերանսը օգտագործել Խորհրդային Ռուսաստանի դէմ ինթերուենցիան ընդլայնելու եւ պլոքատ կազմակերպելու նպատակով։ Ուիլսոնը հասաւ այն բանին, որ Վերսալի հաշտութեան պայմանագրին մէջ մտցուեցաւ Ազգերի լիկայի կանոնադրութիւնը։ Սակայն ամերիկեան քոնկրէսը չվաւերացրեց այդ պայմանագիրը։ Չնայած ատոր, Միացեալ Նահանգները շարունակեցին ամենաաքթիւ միջամտութիւնը միւս աշխարհամասերու գործերուն` ատոր համար օգտագործելով իրենց ֆինանսատնտեսական հզօրութեանը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով հարստացած ԱՄՆ պարտապանէն վերածուեցաւ պարտատիրոջ, որուն Եւրոպայի երկիրները պարտք էին աւելի քան 10 մլրդ. տոլար։ ԱՄՆ-ի մէջ կուտակուած էր ոսկու համաշխարհային պաշարի աւելի քան կէսը։ «Ամերիկեան միլիարդատէրերը գրեթէ բոլորէն հարուստ էին եւ կը գտնուէին ամենաապահով աշխարհագրական դիրքին մէջ։ Անոնց ամենէն աւելի հարստացան։ Անոնք իրենց հարկատուներ դարձրեցին բոլոր, նոյնիսկ ամենահարուստ երկիրները։ Անոնք կողոպտեցին հարիւր միլիարդաւոր տոլարներ։ Եւ ամէն մէկ տոլարի վրայ կ՛երեւին կեղտի հետքեր` Անգլիոյ եւ անոր «դաշնակիցներու, Գերմանիոյ եւ նրա վասալներու միջեւ կնքուած կեղտոտ գաղտնի պայմանագրերի, կողոպտուած աւարը բաժանելու պայմանագրերի, բանուորներուն ճնշելու եւ սոցիալիստ-ինթերնացիոնալիստներուն հալածելու ասպարէզին մէջ միմեանց «օգնելու» պայմանագրերու»: Յետպատերազմեան շրջանին մէջ բուռն վերելք ապրեց բանուորական շարժումը։ Այդ վերելքի պայմաններուն մէջ 1919սեպտեմբերին ստեղծուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոմունիստական կուսակցութիւնը։ ԱՄՆ մասնակցեց Խորհրդային Ռուսաստանի դէմ կազմակերպուած ռազմական ինթերուենցիային Հիւսիսին մէջ (1918-1919) եւ Հեռաւոր Արեւելքին մէջ (1918-1920)։ Միաժամանակ ամերիկեան բանուորները ստեղծեցին «Խորհրդային Ռուսաստանի բարեկամներու լիկա եւ «Ձեռքերդ հեռու Ռուսաստանէն» քոմիթէներ, որոնց անխոնջ պայքարը, բողոքները եւ պահանջները ստիպեցին ԱՄՆ-ի կառավարութեանը 1920-ին իր զօրքերը յետ կանչել Ռուսաստանէն։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ սրուեցան հակասութիւնները ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ճափոնիոյ միջեւ։ Գերմանիային ԽՍՀՄ-ի դէմ ուղղելու նպատակով ամերիկեան մոնոփոլիաները օժանդակեցին Գերմանիոյ ռազմա-արդիւնաբերական կարողութեան վերածնմանը։ Տնտեսական ճգնաժամը ԱՄՆ-ի մէջ արտայայտուեցաւ բացառիկ ուժով մը։ Ճգնաժամի աւերիչ հետեւանքներու դէմ պայքարելու Հաւերու կառավարութեան փորձերն անցան ապարդիւն։ Նորընտիր նախագահը՝ Ֆ. Ռուզվէլթ, շարք մը բարեփոխումներով փորձեց յաղթահարել տնտեսական ճգնաժամին հետեւանքները եւ պետական քափիտալիզմի ուժեղացման ճանապարհով ամրապնդել քափիթալիստական կարգերը։ Ռուզվէլթի օրօք 1933նոյեմբերի 16-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի միջեւ։

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ

Ամերիկացի զինուորները Օմահա Ափի գրաւման ժամանակ

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին նախորդած շրջանին մէջ ԱՍՆ կը վարէր «չմիջամտելու քաղաքականութիւն, որ կը նշանակէր թողտուութիւն ֆաշիսթական նախայարձակներուն։ 1935օգոստոսի 8-ին քոնկրէսն ընդունեց «չէզոքութեան մասին օրէնքըէ, որ փաստօրէն նպաստեց Սպանիոյ Հանրւսպետութեան դէմ գերմանա-իտալական ինտերուենցիային (1936-1939): ԱՍՆ իր դիրքով նպաստեց նաեւ 1938-ի Միւնխենեան համաձայնութեանը։ ԱՄՆ-ի, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը հող նախապատրաստեց 2-րդ համաշխարհային պատերազմի սանձազերծման համար։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր ձեւականօրէն մնալով չէզոք` ԱՄՆ կը պաշտպանէր Անգլիային եւ Ֆրանսային ընդդէմ Գերմանիոյ: 1939նոյեմբերին քոնկրէսը վերանայեց չէզոքութեան մասին օրէնքը, որ փաստացի կը նշանակէր Անգլիա եւ Ֆրանսա զէնք արտահանելու թոյլտուութիւն։ 1941-ի մարտին ընդունուեց Լենդլիզի մասին օրէնքը։ Միաժամանակ ԱՄՆ ձգտում էր օգտագործել Անգլիոյ դժուարին կացութիւնը, նոր շարք մը տիրոյթներու եւ ազդեցութեան ոլորտներու մէջ իր վերահսկողութիւնը հաստատելու նպատակով։ Այսպէս, 1940-ին ստորագրուած համաձայնութեամբ (1941մարտի 27-ին վերջնականապէս ձեւակերպուեցաւ որպէս պայմանագիր) 50 հին էսքատրային ականակիրներու դիմաց ԱՄՆ Անգլիայէն վարձակալական հիմունքներով Աթլանթեան ովկիանոսի շարք մը կարեւոր ռազմավարական կէտերուն մէջ 99 տարուայ ժամկէտով տարածքներ ստացաւ ռազմական պազաներ կառուցելու համար։ ԽՍՀՄ-ի վրայ հիթլերեան Գերմանիոյ յարձակումէն յետոյ՝ 1941յունիսի 24-ին, Ֆ. Ռուզուելթի կառավարութիւնը յայտարարեց Խորհրդային Միութեանը աջակցելու պատրաստակամութեան մասին։ Նոյն թուականի օգոստոսի 14-ին ստորագրուեցաւ Աթլանթեան խարթիան՝ ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ կառավարութիւններու յայտագիրը պատերազմի նպատակներու մասին, իսկ սեպտեմբերի 29-էն հոկտեմբերի 1-ը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ԽՍՀՄ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ ներկայացուցիչներու խորհրդակցութիւնը, ուր որոշումներ ընդունուեցին ԽՍՀՄ-ին զէնքի, սարքաւորման ու պարէնի մատակարարումը ընդլայնելու եւ ԽՍՀՄ կողմէն ԱՄՆ-ին ու Անգլիային հումք տրամադրելու վերաբերեալ։ Ստեղծուեցաւ հակահիթլերեան քոալիցիայ ԽՍՀՄ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ գլխաւորութեամբ։ Պատերազմի սկիզբէն սրուեցան ամերիկա-գերմանական եւ ամերիկա-ճափոնական յարաբերութիւնները։ 1941-ի դեկտեմբերի 7-ին Ճափոնիան յարձակուեցաւ ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ Խաղաղովկիանոսեան տիրոյթներու եւ պազաներու վրայ։ ԱՄՆ-ի նաւատորմը ծանր կորուստնէր կրեց յատկապէս Փիրլ Հարպորի մէջ։ 1941դեկտեմբերի 11-ին Գերմանիան եւ Իտալիան պատերազմ յայտարարեցին ԱՄՆ-ին։ 1942յունիսին ՍՍՀՄ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուեց՝ 1942-ին Եւրոպայում երկրորդ ճակատ բացելու մասին։ Սակայն ԱՄՆ եւ Անգլիան ձգձգեցին երկրորդ ճակատի բացումը մինչեւ 1944-ը, երբ պարզ դարձաւ, որ ԽՍՀՄ ի վիճակի է սեփական ուժերով ջախջախել հիթլերեան Գերմանիան եւ եւրոպական երկիրներն ազատագրել ֆաշիսթական լուծէն։ Պատերազմի ժամանակ ԱՄՆ մասնակցեց երեք մեծ տէրութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու քոնֆերանսներուն Թեհրանի, Եալթայի, իսկ Գերմանիոյ կապիտուլեացիայից յետոյ՝ Պոտստամի մէջ, որտեղ ընդունուեցան պատերազմի եւ յետպատերազմեան կարգաւորման հարցերու հետ կապուած համաձայնեցուած որոշումներ։ 1945-ին ամերիկեան ինքնաթիռները առաջին աթոմային ռումբերը նետեցին Ճափոնիայի Հիրոսիմա (օգոստոսի 6-ին) եւ Նակասաքի (օգոստոսի 9-ին) քաղաքներու վրայ։ Տասնեակ հազարաւոր զոհեր պատճառած այդ գործողութիւնը թելադրուած չէր ռազմական անհրաժեշտութեամբ եւ կը հետապնդէր քաղաքական նպատակներ։ Ճափոնիան քափիթուլեացիան ստորագրեց 1945սեպտեմբերի 2-ին, այն բանէն յետոյ, երբ ԽՍՀՄ զինուած ուժերը ջախջախեցին անոր հիմնական ցամաքային բանակը։

Աշխարհագրական դիրք

ԱՄՆ ֆիզիքական քարտէս

ԱՄՆ-ի գրեթէ ողջ տարածքը կը գտնուի Հյուսիսային Ամերիկայում, բաղկացած է երեք մասէ՝ ԱՄՆ-ի բուն տարածքէն, Ալասքա նահանգէն և Հաուայեան կղզիներէն (Խաղաղ ովկիանոսին մէջ)։ ԱՄՆ-ը գաղութատէր պետութիւն է։ Անոր տիրապետութիւններն են Փուերթօ Րիքոն և Վիրճինեան կղզիները՝ Քարիպեան ծովին մէջ, Արեւելեան Սամոան, Կուամը եւ շարք մը փոքր կղզիներ՝ Խաղաղ ովկիանոսին մէջ։ Ատոնց մէջ տեղաբաշխուած են ԱՄՆ-ի ռազմաօդային եւ ռազմածովային յենակէտեր։ ԱՄՆ-ի արեւելեան ափերը կ՛ողողեն Աթլանթեան, իսկ արևեւմտյանը՝ Խաղաղ, Ալասքայի հիւսիսը՝ Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսներու ջուրերը։

Ռելիեֆ

ԱՍՆ կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի բարեխառն ու մերձարեւադարձային, իսկ հիւսիս-արեւմուտքը՝ արքթիքական, մերձարքթիքական գօտիներու մէջ։ Անոր ափերը կ՛ողողեն Աթլանթեան, Խաղաղ եւ Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսներու, Պերինկի ծովի ու Մեքսիքական ծոցի ջուրերը։ Արեւմտեան ափերու երկարութեամբ կ՛անցնի Քալիֆորնիական սառը հոսանքը, հարաւ-արեւելքի ափերով՝ Կոլֆսթրիմ տաք հոսանքը, հիւսիս-արեւելքին մէջ՝ Լապրատորեան սառը հոսանքը։ Կը սառչին (ոչ ամէն տարի) միան հիւսիս-արեւելեան ծոցերը։ Աթլանթեան եւ Մեքսիքական ափերը ցածրադիր են՝ շրջապատուած մայրցամաքային ծանծաղուտի լայն շերտով։ Աթլանթեան ափի հիւսիս-արեւելքին մէջ շատ են մանր ծոցերը (Մասսաչուսէթս) ու մերձափնեայ կղզիները (Լոնկ Այլընտ, Մարթաս Վինեարտ, Նանթաքիթ եւ այլն)։ Գետաբերանները ձագարաձեւ են (Հուտսոն)։ Հիւսիսային լայնութեան 35°-էն հարաւ Խաղաղովկիանոսեան ափերը լեռնոտ են, ուղղագիծ, կղզիներէ զուրկ։ Մայրցամաքային ծանծաղուտի շերտը նեղ է։ Տարածքի արեւելեան եւ ներքին շրջաններու ռելիեֆի մօտ կէսը հարթավայրային է, արեւմտեան մասը եւ Ալասքան՝ լեռնային։ Արեւելքին մէջ Ապալաչեան լեռներն են (մինչեւ 2036 մ), իսկ անոնցմէ արեւմուտք՝ Լաուրենթինեան սարահարթը։ Լաուրենթինեան սարահարթը ունի 300-400 մ բարձրութեամբ ալիքաձեւ մակերեւոյթ եւ չորրորդական ժամանակաշրջանի սառցադաշտերու հետքեր։ Ներքին մասերը կ՛ընդգրկեն Կեդրոնական ու Մեծ հարթավայրերը եւ Մերձմեքսիքական դաշտավայրը։ Կեդրոնական հարթավայրերը 200-500 մ բարձրութեամբ սառցադաշտային կուտակումներով բլուրապատ հարթութիւններ են, հարաւին մէջ կտրտուած ձորակներով եւ հովիտներով։ Մեծ հարթավայրերը կը գտնուին արեւմտեան երկայնութեան 98°-էն արեւմուտք, Քորտիլիերաներու նախալեռնային սարահարթին մէջ, 500-1600 մ բարձրութեան վրայ։ Մակերեւոյթն այնքան խիստ կտրտուած է գետահովիտներով ու ձորակներով, որ առանձին շրջաններ պիտանի չեն գիւղատնտեսութեան համար։ Մերձմեքսիքական տափարակ դաշտավայրն ունի մինչեւ 150 մ բարձրութիւն, ափամերձ մասերուն մէջ ճահճակալուած է, եզրաւորուած մակընթացութիւններու եզրաբազուկի գօտիով։ Մերձմեքսիքական դաշտավայրի եւ Կեդրոնական հարթավայրերու սահմանագլուխին կը բարձրանսն Օզարքի սարաւանդը (մինչեւ 600 մ) եւ Օուչիթա մանրաբլուրները (մինչեւ 800 մ)։ Ապալաչեան լեռներու եւ Աթլանթեան ովկիանոսի միջեւ տարածուած է Մերձաթլանթեան նեղ ու տափարակ դաշտավայրը։ Երկրաբանական կառուցուածքի տեսակէտէն երկրի ներքին եւ հիւսիսային շրջանները (ամբողջ տարածքի կէսէն աւելին) կազմուած են Հիւսիսամերիկեան փլաթֆորմէն, արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան շրջանները՝ փալէոզոյեան ապարներէն, Մեքսիքական ծոցի ափերը փալէոզօ-չորրորդական հասակի եւ նստուածքային հզօր շերտերէն, արեւմտեան շրջանները՝ Կորդիլիերեան կէոսինքլինալի տարբեր հասակի ապարներէն։

Քլիմայ

Քլիմայի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունին ովկիանոսները։ Ալասքայի մէջ քլիման արքթիքական եւ մերձարքթիքական է, հիւսիսային լայնութեան 40°-էն հիւսիս՝ բարեխառն, մերձարեւադարձային, Ֆլորիտայի հարաւին մէջ՝ արեւադարձային։ Ձմրանը Ալասքայի մեծ մասի վրայ կը տարածուի արքտիքական օդը եւ կ՛առաջացնէ պարզ ու սառնամանիքային եղանակ, Ալասքայի հարաւային ափերուն եւ արեւմտեան խաղաղովկիանոսեան ափին օդը կը յառաջացնէ տաք եւ խոնաւ քլիմայ։ Պարբերաբար թափանցող արքթիքական սառը եւ Մեքսիքական ծոցի տաք օդային հոսանքները կեդրոնական եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ եղանակը կը դարձնեն անկայուն։ Յունուարի մէջ ջերմաստիճանը կը տատանուի -18 °C-էն (կեդրոնական հարթավայրերի հիւսիսում) մինչեւ 12 °C (երկրի հարաւին մէջ), Ֆլորիտայի հարաւային մասին մէջ՝ 20 °C: Առաւել ցածր ջերմաստիճաններ կ՛ըլլան Մոնթանա նահանգի արեւելքին մէջ (-50 °C) եւ Ցուկոնի սարահարթին մէջ (-64 °C)։ Ամրանը Ալասքայի վրայ կը գերիշխէ խաղաղովկիանոսեան օդը՝ ափերուն առաջացնելով զով ու մառախլապատ, կեդրոնական մասին մէջ՝ պարզ ու չոր եղանակ։ ԱՄՆ-ի արեւմտեան մերձափնեայ մասին մէջ, յատկապէս հարաւ-արեւմուտքին մէջ, եղանակը զով է ու չորային։ Տեղումները համեմատաբար շատ են լեռներու ծովահայեաց լանջերուն։ Կեդրոնական եւ արեւելեան շրջանները կը գտնուին Մեքսիքական ծոցի տաք ու խոնաւ օդի, Քորտիլերաներու ներքին սարաւանդները՝ ցամաքային օդի ազդեցութեան տակ։ Յուլիսի միջին ջերմաստիճանը կը տատանուի արեւմտուտքէն-արեւելք 14 °C-էն մինչեւ 26 °C: Մեծ հարթավայրերու եւ ներքին սարաւանդներու հարաւի մէջ միջին ջերմաստիճանը 32 °C է, Մահուան հովտին մէջ՝ 56․7 °C: Տարեկան տեղումները արեւելեան եւ հիւսիս-արեւմտեան ծովափնեայ շերտին մէջ 1000-2000 մմ է, կեդրոնական հարթավայրերուն մէջ՝ 600-900 մմ, Մեծ հարթավայրին մէջ՝ 400-600 մմ, ներքին սարահարթերուն ու սարաւանդներուն մէջ՝ 400 մմ եւ պակաս, Մոխաւէ անապատին մէջ՝ 100 մմ-էն պակաս։

Կենդանական Աշխարհ

Կենդանական աշխարհի վրայ խիստ ազդած է մարդուն գործունէութիւնը. տափաստաններու եւ անապատներու կենդանիներու շատ տեսակներ ոչնչացած են։ Կը հանդիպին՝ եղանաեղջիւրներ, անթիլոփներ, կոյար, փրերիներու աղուէսներ, ամերիկեան փորսուղ, մարգագետնային շուն, շառաչող օձ, թունաւոր մողէզ եւ այլն։ Անտառային գօտիին բնորոշ են՝ քանատական եղջերուն, որմգդեղը, գորշ արջը, կզաքիսը, լուսանը, կարմիր սկիւռը, վիրճինեան եղջերուն, մոխրագոյն աղուէսը, վայրի հնդուհաւը, քարոլինեան թութակը։ Քորտիլիերեան անտառներուն մէջ պահպանուած են ձիւնային այծը, հաստեղջիւր ոչխարը, մոխրագոյն հսկայ արջը, լեռնային ոչխարը եւ այլն։

Ծանօթագրութիւններ

  1. Adams, J. Q., and Pearlie Strother-Adams (2001). Dealing with Diversity. Chicago: Kendall/Hunt. ISBN 0-7872-8145-X.