«Ամանորեան Եւ Սուրբ Ծննդեան Աւանդութիւններ Ու Սովորութիւններ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: է: → է։ (145)
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: լ։Ա → լ։ Ա (5) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 20. Տող 20.


== Հայկական Նոր Տարին ==
== Հայկական Նոր Տարին ==
Նախաքրիստոնէական շրջանին, Նոր Տարին հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած էր «[[Նաւասարդ]]», որ կազմուած է Նաւա (=Նոր) եւ Սարիթա (=Տարի) բառերով եւ կը տօնուէր 1-6 Օգոստոսին, որպէս հունձքի, բերքի հասունութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն։ Արեւմուտքի մէջ, Յունուար1-ը որպէս, նոր տարուան առաջին օրը ընդունելութիւն գտած է Ժդ. դարու վերջաւորութեան, իսկ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի մէջ հաւանաբար ընդհանրացած է 1650-ական թուականներուն։ Այդ թուականներուն հայերը հետեւելով Հռոմէացիներու Նոր Տարին Յիսուսի ծննդեան տօնի հետ կապելուն, սկսած են Ամանորը [[1 Յունուար|Յունուար 1]]-ին տօնել։Աւելի ուշ՝ Հայաստանի մէջ ընդհանրացած է Ամանորի նոր անունը եւ կոչուած՝ ”Կաղանդ” որ կը նշանակէ “կանչել= կոչել” ամսուան մուտքը։ Կը տօնուէր մեծ հանդիսութեամբ, որուն կը մասնակցէին թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդ. այդ առթիով կը կատարուէին խրախճանքներ, [[Գուսան (արեւմտահայերէն)|գուսան]]ական թատերախաղեր, չաստուածներուն կը մատուցէին զոհեր, եւայլն։
Նախաքրիստոնէական շրջանին, Նոր Տարին հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած էր «[[Նաւասարդ]]», որ կազմուած է Նաւա (=Նոր) եւ Սարիթա (=Տարի) բառերով եւ կը տօնուէր 1-6 Օգոստոսին, որպէս հունձքի, բերքի հասունութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն։ Արեւմուտքի մէջ, Յունուար1-ը որպէս, նոր տարուան առաջին օրը ընդունելութիւն գտած է Ժդ. դարու վերջաւորութեան, իսկ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի մէջ հաւանաբար ընդհանրացած է 1650-ական թուականներուն։ Այդ թուականներուն հայերը հետեւելով Հռոմէացիներու Նոր Տարին Յիսուսի ծննդեան տօնի հետ կապելուն, սկսած են Ամանորը [[1 Յունուար|Յունուար 1]]-ին տօնել։ Աւելի ուշ՝ Հայաստանի մէջ ընդհանրացած է Ամանորի նոր անունը եւ կոչուած՝ ”Կաղանդ” որ կը նշանակէ “կանչել= կոչել” ամսուան մուտքը։ Կը տօնուէր մեծ հանդիսութեամբ, որուն կը մասնակցէին թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդ. այդ առթիով կը կատարուէին խրախճանքներ, [[Գուսան (արեւմտահայերէն)|գուսան]]ական թատերախաղեր, չաստուածներուն կը մատուցէին զոհեր, եւայլն։


Համայն աշխարհի հասարկութեան մէջ, Տօնածառը եւ Ձմեռ Պապը կամ Կաղանդ Պապան
Համայն աշխարհի հասարկութեան մէջ, Տօնածառը եւ Ձմեռ Պապը կամ Կաղանդ Պապան
Տող 26. Տող 26.
դարձած են Նոր Տարուան խորհրդանիշներ։ Հայ ժողովուրդի համար Սօսին (Akkavak), Բարտին (Kavak), Եղեւինը(Çam) արդէն վաղուց եղած էին «[[Կենաց Ծառ (արեւմտահայերէն)|Կենաց Ծառ]]եր», որոնք հայ կեանքի մէջ բնութեան պաշտամունքը, բարօրութիւնը եւ առատութիւնը կը խորհրդանշեն։
դարձած են Նոր Տարուան խորհրդանիշներ։ Հայ ժողովուրդի համար Սօսին (Akkavak), Բարտին (Kavak), Եղեւինը(Çam) արդէն վաղուց եղած էին «[[Կենաց Ծառ (արեւմտահայերէն)|Կենաց Ծառ]]եր», որոնք հայ կեանքի մէջ բնութեան պաշտամունքը, բարօրութիւնը եւ առատութիւնը կը խորհրդանշեն։


Հայերը հեթանոսական շրջանէն ի վեր կը զարդարէին տօնածառը [[Խնձորենի (արեւմտահայերէն)|խնձոր]]ով, նուռով, [[Կաղնի (արեւմտահայերէն)|կաղին]]ով եւ գունաւոր լաթերով ու կը կատարէին իրենց ուխտը եւ սրտի ցանկութիւնը , բարօրութեան, առողջութեան եւ խաղաղութեան խնդրանքով։
Հայերը հեթանոսական շրջանէն ի վեր կը զարդարէին տօնածառը [[Խնձորենի (արեւմտահայերէն)|խնձոր]]ով, նուռով, [[Կաղնի (արեւմտահայերէն)|կաղին]]ով եւ գունաւոր լաթերով ու կը կատարէին իրենց ուխտը եւ սրտի ցանկութիւնը, բարօրութեան, առողջութեան եւ խաղաղութեան խնդրանքով։


Հին ժամանակներէն ի վեր , հայ կեանքի մէջ սովորութիւն էր նաեւ [[31 Դեկտեմբեր]]ի գիշեր երիտասարդները տունէ - տուն երգելով ու [[Պար (արեւմտահայերէն)|պար]]ելով պտըտիլ ու Նոր Տարուան նուէրներ խնդրել։
Հին ժամանակներէն ի վեր, հայ կեանքի մէջ սովորութիւն էր նաեւ [[31 Դեկտեմբեր]]ի գիշեր երիտասարդները տունէ - տուն երգելով ու [[Պար (արեւմտահայերէն)|պար]]ելով պտըտիլ ու Նոր Տարուան նուէրներ խնդրել։


=== Թէ Ուրկէ՞ Սկիզբ Առած Է Կաղանդին Տօնածառ Զարդարելու Սովորութիւնը Հայոց Մօտ ===
=== Թէ Ուրկէ՞ Սկիզբ Առած Է Կաղանդին Տօնածառ Զարդարելու Սովորութիւնը Հայոց Մօտ ===
Տող 42. Տող 42.


== Ամանորեան Ճաշատեսակներ ==
== Ամանորեան Ճաշատեսակներ ==
Հայու Ամանորը ցնծութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ կը տօնուէր։ Հայ ընտանիքի բոլոր անդամները բոլորուած կ’ըլլային ճաշասեղանի մը շուրջ, որ զարդարուած կ'ըլլար եօթը տեսակի ուտելիքներով, առհասարակ չորցուած պտուղներով , չամիչ, թուզ, կաղին, նուռ, [[Պիստակ|պիստակ]], [[Արմաւ|արմաւ]], փշոտ, սիսեռածաղ, [[Ցորեն (արեւմտահայերէն)|ցորեն]] նաեւ որպէս ճաշ՝ [[Հերիսա|հարիսա]], լիցք, ապուր, թոփիկ, անուշապուր, նաւասարդի կորկոռ (ձաւարի եղինձի տեսակ մը), խմորեղէն, քաթա, բոկեղ, Պանրածաղ (պէօրէկ) եւ այլ տեսակի ուտեստեղէններով։ Ճաշասեղանը կը լուսաւորուէր նաեւ մոմերով։ Սեղանի գլուխը բազմած կ’ըլլար տան մամիկը, որ գինիի կամ օղիի գաւաթը ձեռքին՝ բաժակը կը բարձրացնէր օրհնաբեր ձայնով բարի մաղթանքներ կատարելու։
Հայու Ամանորը ցնծութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ կը տօնուէր։ Հայ ընտանիքի բոլոր անդամները բոլորուած կ’ըլլային ճաշասեղանի մը շուրջ, որ զարդարուած կ'ըլլար եօթը տեսակի ուտելիքներով, առհասարակ չորցուած պտուղներով, չամիչ, թուզ, կաղին, նուռ, [[Պիստակ|պիստակ]], [[Արմաւ|արմաւ]], փշոտ, սիսեռածաղ, [[Ցորեն (արեւմտահայերէն)|ցորեն]] նաեւ որպէս ճաշ՝ [[Հերիսա|հարիսա]], լիցք, ապուր, թոփիկ, անուշապուր, նաւասարդի կորկոռ (ձաւարի եղինձի տեսակ մը), խմորեղէն, քաթա, բոկեղ, Պանրածաղ (պէօրէկ) եւ այլ տեսակի ուտեստեղէններով։ Ճաշասեղանը կը լուսաւորուէր նաեւ մոմերով։ Սեղանի գլուխը բազմած կ’ըլլար տան մամիկը, որ գինիի կամ օղիի գաւաթը ձեռքին՝ բաժակը կը բարձրացնէր օրհնաբեր ձայնով բարի մաղթանքներ կատարելու։


Հայ ժողովուրդը ունէր նաեւ Նոր Տարուան իւրայատուկ սովորութիւններ, ինչպէս՝ [[31 Դեկտեմբեր]]ին, իւրաքանչիւր հայ տան մէջ կը թխուէր մեծ քանակութեամբ «Նոր Տարուան Հաց»ը, Նոր Տարին «Նոր Հաց» ով սկսելու մտադրութեամբ, հայ տան մէջ կը պատրաստուէր նաեւ հայոց նշանաւոր «Տարի Հաց»ը (Չէօրէկի նման տափակ հաց մը), որու երեսը կը զարդարուէր չամիչով, ընկոյզով եւ խաչով կամ զանազան պատմական ու աւանդական նկարներով, ինչպէս նաեւ՝ տարուան թուականով: «Տարի Հաց»ին մէջ դրամ կը դրուէր. դրամը որու որ վիճակուէր, անիկա ընտանիքին բախտաւորը կը նկատուէր եւ անկէ կ’ակնկալուէր տան բարօրութիւնը:
Հայ ժողովուրդը ունէր նաեւ Նոր Տարուան իւրայատուկ սովորութիւններ, ինչպէս՝ [[31 Դեկտեմբեր]]ին, իւրաքանչիւր հայ տան մէջ կը թխուէր մեծ քանակութեամբ «Նոր Տարուան Հաց»ը, Նոր Տարին «Նոր Հաց» ով սկսելու մտադրութեամբ, հայ տան մէջ կը պատրաստուէր նաեւ հայոց նշանաւոր «Տարի Հաց»ը (Չէօրէկի նման տափակ հաց մը), որու երեսը կը զարդարուէր չամիչով, ընկոյզով եւ խաչով կամ զանազան պատմական ու աւանդական նկարներով, ինչպէս նաեւ՝ տարուան թուականով: «Տարի Հաց»ին մէջ դրամ կը դրուէր. դրամը որու որ վիճակուէր, անիկա ընտանիքին բախտաւորը կը նկատուէր եւ անկէ կ’ակնկալուէր տան բարօրութիւնը:
Տող 78. Տող 78.


=== Խարբերդի մէջ ===
=== Խարբերդի մէջ ===
[[Խարբերդ|Խարբերդի]] մէջ,Նոր Տարուան երեկոյեան, ճաշասեղանը շատ հարուստ պէտք է ըլլար պահքի յատուկ կերակուրներով, [[Պտուղ (արեւմտահայերէն)|պտուղ]]ներով, օղիով ու [[Գինի (արեւմտահայերէն)|գինի]]ով, մանաւանդ քաղցրեղէններով, ինչպէս՝ գաթա, բոկեղ, անուշապուր։
[[Խարբերդ|Խարբերդի]] մէջ, Նոր Տարուան երեկոյեան, ճաշասեղանը շատ հարուստ պէտք է ըլլար պահքի յատուկ կերակուրներով, [[Պտուղ (արեւմտահայերէն)|պտուղ]]ներով, օղիով ու [[Գինի (արեւմտահայերէն)|գինի]]ով, մանաւանդ քաղցրեղէններով, ինչպէս՝ գաթա, բոկեղ, անուշապուր։


[[31 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 31]]-ը նուէրներ բաշխելու օրն էր։ Բարեկամներ ու ազգականներ ընծաներ կը փոխանակէին, հարսներ իրենց ձեռքով հիւսուածքները (գդակ, քսակ, թաշկինակ, եւայլն), իսկ փեսաներն ալ պտուղներ ([[Տանձենի (արեւմտահայերէն)|տանձ]], [[Նուռ (արեւմտահայերէն)|նուռ]], [[Խնձոր (արեւմտահայերէն)|խնձոր]]), հայելի, պարսկական շալ, Ակնի լաջակ, ոսկեղէն զարդարանք, գուլպայ, կօշիկ եւ այլ բաներ կը նուիրէին մտերիմներու։ Պատանիներ «գօտեկախ» կ`ընէին. այսինքն՝ տուներու երդիքներէն վար կ`իջեցնէին չուաններ, որոնց ծայրը անցուած կ`ըլլար տոպրակ մը։ Տանտիկիններ անոնց մէջ կը լեցնէին շաքարեղէն, մրգեղէն, ձմերուկի կամ սեխի խարկուած կուտ, եւայլն։ «Գօտեկախ»ի այս սովորութեան կը հանդիպինք Դատեմ (Դատըմ) գիւղին մէջ: Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) մէջ նոյն բանը կը կատարուէր Ծննդեան գիշեր, իսկ Գոմք (Ենիքափը) գիւղին մէջ` Նոր Տարուան յաջորդող արշալոյսին։ Կաղանդի օրը հիւրը միշտ պայման էր որ յիշէր նաեւ կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը։ Իսկ փոքրիկները, Նոր տարուան առաջին առտուն երբ կ'արթննային, իրենց նուէրները` չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, [[Նշենի (արեւմտահայերէն)|նուշ]], պաստեղ, ռոճիկ, Կաղանդ պապային կողմէ լեցուած կը գտնէին տան պատին ցիցերէն կախուած իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներուն գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ։ [[Խարբերդ (արեւմտահայերէն)|Խարբերդ]] քաղաքին մէջ, Նոր Տարուան նախորդած այդ իրիկունը, տան պատանիները պատրաստութիւններ կը տեսնէին նաեւ իրենց հայրը «կախելու»:
[[31 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 31]]-ը նուէրներ բաշխելու օրն էր։ Բարեկամներ ու ազգականներ ընծաներ կը փոխանակէին, հարսներ իրենց ձեռքով հիւսուածքները (գդակ, քսակ, թաշկինակ, եւայլն), իսկ փեսաներն ալ պտուղներ ([[Տանձենի (արեւմտահայերէն)|տանձ]], [[Նուռ (արեւմտահայերէն)|նուռ]], [[Խնձոր (արեւմտահայերէն)|խնձոր]]), հայելի, պարսկական շալ, Ակնի լաջակ, ոսկեղէն զարդարանք, գուլպայ, կօշիկ եւ այլ բաներ կը նուիրէին մտերիմներու։ Պատանիներ «գօտեկախ» կ`ընէին. այսինքն՝ տուներու երդիքներէն վար կ`իջեցնէին չուաններ, որոնց ծայրը անցուած կ`ըլլար տոպրակ մը։ Տանտիկիններ անոնց մէջ կը լեցնէին շաքարեղէն, մրգեղէն, ձմերուկի կամ սեխի խարկուած կուտ, եւայլն։ «Գօտեկախ»ի այս սովորութեան կը հանդիպինք Դատեմ (Դատըմ) գիւղին մէջ: Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) մէջ նոյն բանը կը կատարուէր Ծննդեան գիշեր, իսկ Գոմք (Ենիքափը) գիւղին մէջ` Նոր Տարուան յաջորդող արշալոյսին։ Կաղանդի օրը հիւրը միշտ պայման էր որ յիշէր նաեւ կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը։ Իսկ փոքրիկները, Նոր տարուան առաջին առտուն երբ կ'արթննային, իրենց նուէրները` չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, [[Նշենի (արեւմտահայերէն)|նուշ]], պաստեղ, ռոճիկ, Կաղանդ պապային կողմէ լեցուած կը գտնէին տան պատին ցիցերէն կախուած իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներուն գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ։ [[Խարբերդ (արեւմտահայերէն)|Խարբերդ]] քաղաքին մէջ, Նոր Տարուան նախորդած այդ իրիկունը, տան պատանիները պատրաստութիւններ կը տեսնէին նաեւ իրենց հայրը «կախելու»:

15:52, 11 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Տօնածառ

Նոր Տարին Դարերու Ընթացքին

Ամանորը ամէնէն հին տօներէն մէկն է։ Բոլոր ազգերու կողմէ կը նկատուի նաեւ ուրախութեան ու տօնախմբութեան կարեւոր օր։ Շատ հին ժամանակներուն զանազան ազգեր, Ամանորը տարբեր ժամանակներու կը տօնէին եւ ունէին իրարմէ տարբեր աւանդութիւններ: Յունուար 1-ը, իբրեւ Ամանորի առաջին օր, շատ ուշ ընդհանրացած է։

Հին Եգիպտացիներու մօտ Նոր Տարին կը սկսէր Յուլիս 19-20- ին, Հռոմէացիներու մօտ՝ Մարտ 1-ին, Բիւզանդացիներուն՝ Սեպտեմբեր 1- ին, իսկ հայերը՝ տարբեր ժամանակներու ընթացքին կը տօնէին։

Կաղանդ Եւ Ամանոր Բառերու Ծագումը

Թէ Ինչպէ՞ս Եւ Ուրկէ՞ Եկած է «Կաղանդ» Բառը

«Զի՞նչ է Կաղանդ եւ Կաղանդիքա»: Կաղանդ ամսամուտ է, իսկ Կաղանդիքա «նախասկզբնակ օր տարւոյն» գրած է Անանիա Շիրակացին` իր «Տիեզերագիտութիւնը եւ տոմար» գիրքին մէջ:

«Կաղանդ» բառը ծագած է լատիներէն «calendae» բառէն, որ հայերէնով ստացած է Նոր Տարուան առաջին օրուան նշանակութիւնը։ Արդարեւ, Նոր Տարի հասկացողութիւնը կ'արտայայտուի նաեւ Կաղանդ բառով, այդ առիթով իրար շնորհաւորելու սովորութիւնը` կաղընդել, նուէրը` կաղըդնչէք, իսկ երգերը` կաղանդոս բառերով։

«Ամանոր» բառն ալ ունի իր տարբեր անուանումները` ամանորաբեր, տարեմուտ, տարեգլուխ, տարին գլուխ, տարենոր, նոր տարի, նորաբեր, նաւասարդ եւ ծաղկըմուտ։

Հայկական Նոր Տարին

Նախաքրիստոնէական շրջանին, Նոր Տարին հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած էր «Նաւասարդ», որ կազմուած է Նաւա (=Նոր) եւ Սարիթա (=Տարի) բառերով եւ կը տօնուէր 1-6 Օգոստոսին, որպէս հունձքի, բերքի հասունութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն։ Արեւմուտքի մէջ, Յունուար1-ը որպէս, նոր տարուան առաջին օրը ընդունելութիւն գտած է Ժդ. դարու վերջաւորութեան, իսկ Հայաստանի մէջ հաւանաբար ընդհանրացած է 1650-ական թուականներուն։ Այդ թուականներուն հայերը հետեւելով Հռոմէացիներու Նոր Տարին Յիսուսի ծննդեան տօնի հետ կապելուն, սկսած են Ամանորը Յունուար 1-ին տօնել։ Աւելի ուշ՝ Հայաստանի մէջ ընդհանրացած է Ամանորի նոր անունը եւ կոչուած՝ ”Կաղանդ” որ կը նշանակէ “կանչել= կոչել” ամսուան մուտքը։ Կը տօնուէր մեծ հանդիսութեամբ, որուն կը մասնակցէին թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդ. այդ առթիով կը կատարուէին խրախճանքներ, գուսանական թատերախաղեր, չաստուածներուն կը մատուցէին զոհեր, եւայլն։

Համայն աշխարհի հասարկութեան մէջ, Տօնածառը եւ Ձմեռ Պապը կամ Կաղանդ Պապան

Առաջին Կաղանդ Պապան

դարձած են Նոր Տարուան խորհրդանիշներ։ Հայ ժողովուրդի համար Սօսին (Akkavak), Բարտին (Kavak), Եղեւինը(Çam) արդէն վաղուց եղած էին «Կենաց Ծառեր», որոնք հայ կեանքի մէջ բնութեան պաշտամունքը, բարօրութիւնը եւ առատութիւնը կը խորհրդանշեն։

Հայերը հեթանոսական շրջանէն ի վեր կը զարդարէին տօնածառը խնձորով, նուռով, կաղինով եւ գունաւոր լաթերով ու կը կատարէին իրենց ուխտը եւ սրտի ցանկութիւնը, բարօրութեան, առողջութեան եւ խաղաղութեան խնդրանքով։

Հին ժամանակներէն ի վեր, հայ կեանքի մէջ սովորութիւն էր նաեւ 31 Դեկտեմբերի գիշեր երիտասարդները տունէ - տուն երգելով ու պարելով պտըտիլ ու Նոր Տարուան նուէրներ խնդրել։

Թէ Ուրկէ՞ Սկիզբ Առած Է Կաղանդին Տօնածառ Զարդարելու Սովորութիւնը Հայոց Մօտ

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, առաջնորդուելով Նաւասարդեան տօնի սովորութիւններէն, որուն վերապրուկները մինչեւ այսօր դեռ կան հայկական մեր ընտանիքներու կենցաղին մէջ, «Կաղանդ» բառի ծագումնաբանութիւնը կապուած է “կախանդ” բառի հետ, որ կախել – կախելու գործընթացէն յառաջացած է։ Այսօր յաճախ կը հանդիպինք տօնածառի զարդերու, որոնք տարբեր պտուղներու տեսքով են։ Հայկական տօնածառի զարդերը հանդիսացած են մարաններէն բերուած տանձ, խնձոր, նուռ, ինչպէս նաեւ չիրերու կապոցներ ու շարաններ, որոնք կախած են տօնական սեղանի մօտ դրուած ծառի մերկ ճիւղէն։

Երկրորդ կախելու արարողութիւնը աւելի հին արմատներ ունի, երբ դեռ օճախ կը վառէին եւ տան երդիքի վրայ ծխատար անցք կար։ Ամանորի գիշերը պատանիները կը պտըտէին տունէ տուն և իրենց գուլպան ամրացնելով գօտիի ծայրին կամ պարանին, երդիքէն կ’իջեցնէին տուն, որպէսզի տանտիկինը լեցնելով գուլպան, իրենց կաղընդէր խմորեղէնով կամ չիրերով ու պտուղներով։ Որոշ շրջաններու մէջ, կաղանդ բառին հոմանիշ է “գօտեկախ” բառը, որ աւելի հաւաստի կը դարձնէ այդ սովորութեան գոյութիւնը։

Կաղանդչէքի Սովորութիւնը

Չիրերով եւ պտուղներով, ինչպէս նաեւ խանծուած արմտիքներով (նախկին՝ աղանձը, այժմ՝ պիստակեղէնը) կաղանդչէքի եւ սեղանը զարդարելու աւանդութիւնը եկած է նախահեթանոսական շրջանէն, երբ աստուածներուն հաճոյանալու համար անոնց կը նուիրէին վերոյիշեալ ուտելիքները, աղերսելու անոնց բարեացակամութիւնը՝ ընթացիկ տարուան բերքը ապահովելու, պաշտպանելու բնութեան արհաւիրքներէն եւ առատութիւն պարգեւելու համար։ Նոյնպիսի միտում ունի նաեւ Կաղանդին պահքային լիցքերու (տոլմաներու) պատրաստումը չիրերով եւ եօթը տարբեր արմտիքներով, որոնք կը խորհրդանշեն բնութեան եօթը ուժերը։ Ասիկա անուղղակիօրէն գոյատեւման պայքար էր. նախորդ տարուան վերջին մնացուկներով դարձեալ հիւրասիրելու աստուածներուն։ Եւ վերջապէս, արմտիքներու կիրառութիւնը կը կապուի մեռնող եւ յառնող աստուածութիւններու հետ, հողի մէջ մեռնող հատիկէն՝ ծիլ եւ բերք։ Հին դարերուն Ամանորը կը տօնուէր երկրագործական տարեշրջանի սկզբին, այսինքն՝ գարնան, Մարտին եւ կ’աւարտէր աշնան՝ Նաւասարդով, որպէս բերքի եւ գոհաբանութեան տօն։

Հայ երիտասարդները Կաղանդի գիշեր տոպրակ մը իրենց ձեռքին՝ տունէ - տուն երգելով ու պարելով դռները կը զարնէին ու կը խնդրէին իրենց Կաղանդի նուէրը։ Կաղանդի գիշեր, փոքրիկներուն եւ հարսնցուներուն կը բաժնուէին բարի մաղթանքներով տարբեր տեսակի նուէրներ, իսկ մեծերը զիրար շնորհաւորելով իրարու կը մաղթէին առողջութիւն, բարօրութիւն եւ երջանկութիւն։

Ամանորեան Ճաշատեսակներ

Հայու Ամանորը ցնծութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ կը տօնուէր։ Հայ ընտանիքի բոլոր անդամները բոլորուած կ’ըլլային ճաշասեղանի մը շուրջ, որ զարդարուած կ'ըլլար եօթը տեսակի ուտելիքներով, առհասարակ չորցուած պտուղներով, չամիչ, թուզ, կաղին, նուռ, պիստակ, արմաւ, փշոտ, սիսեռածաղ, ցորեն նաեւ որպէս ճաշ՝ հարիսա, լիցք, ապուր, թոփիկ, անուշապուր, նաւասարդի կորկոռ (ձաւարի եղինձի տեսակ մը), խմորեղէն, քաթա, բոկեղ, Պանրածաղ (պէօրէկ) եւ այլ տեսակի ուտեստեղէններով։ Ճաշասեղանը կը լուսաւորուէր նաեւ մոմերով։ Սեղանի գլուխը բազմած կ’ըլլար տան մամիկը, որ գինիի կամ օղիի գաւաթը ձեռքին՝ բաժակը կը բարձրացնէր օրհնաբեր ձայնով բարի մաղթանքներ կատարելու։

Հայ ժողովուրդը ունէր նաեւ Նոր Տարուան իւրայատուկ սովորութիւններ, ինչպէս՝ 31 Դեկտեմբերին, իւրաքանչիւր հայ տան մէջ կը թխուէր մեծ քանակութեամբ «Նոր Տարուան Հաց»ը, Նոր Տարին «Նոր Հաց» ով սկսելու մտադրութեամբ, հայ տան մէջ կը պատրաստուէր նաեւ հայոց նշանաւոր «Տարի Հաց»ը (Չէօրէկի նման տափակ հաց մը), որու երեսը կը զարդարուէր չամիչով, ընկոյզով եւ խաչով կամ զանազան պատմական ու աւանդական նկարներով, ինչպէս նաեւ՝ տարուան թուականով: «Տարի Հաց»ին մէջ դրամ կը դրուէր. դրամը որու որ վիճակուէր, անիկա ընտանիքին բախտաւորը կը նկատուէր եւ անկէ կ’ակնկալուէր տան բարօրութիւնը:

Նախշուած հայկական հաց եւ մրգեղէն

Տարեհացը կը պատրաստուէր ընկոյզով եւ չիրերով, վրան կը ցանէին քունջիթ (սըմսըմ) կամ այլ սերմեր, դարձեալ նոյն աղերսով եւ բացատրութեամբ: Տարեհացի վրայ յաճախ կը նկարէին երկնային մարմինները՝ ծիածանը, արեւը, լուսինն ու աստղերը եւ համաստեղութիւնները: Սա փաստ մըն էր, որ տարեհացի սովորութիւնն ալ հին էր եւ նախաքրիստոնէական:

Կաղանդի հացերու երկրորդ տեսակը մարդակերպ քաթաներն են։

Մարդակերպ Քաթաներ

(ի դէպ, քաթա բառը անցնելով ֆրանսերէնին դարձած է «gateau», հետագային ձեւափոխուելով դարձած՝ անգլերէն cake-ը), «ասիլ», «վասիլ» կամ «բասիլ» անուններով։ Այս քաթաներն ալ գուշակութեան համար են նախատեսուած։ Հիմա ալ, յատկապէս եւրոպական ամսագրերու մէջ կը հանդիպինք խմորեղէններով զարդարուած տօնածառերու. այս երեւոյթն ալ կապուած է հնագոյն ժողովուրդներու աւանդութիւններու հետ։

Իսկ երրորդ տեսակի հացերը՝ «կլկալ« կամ «սամսա» կը կոչուէր եւ կը պատրաստուէր երկրագործական գործիքներու տեսքով, կամ հիւսք՝ Անահիտի ծամերու տեսքով, կամ կլոր՝ հորի բերանի տեսքով, վրան ցանուած հորի պարունակութեան համեմատ՝ ցորեն, գարի, քունջիթ, կանեփ, եւ այլն…, որպէսզի արմտիքներու հորերը առատ ըլլան։ Այսօր եւս տանտիկինները խմորեղէնները կը պատրաստեն նմանատիպ ձեւերով, վրան քունջիթ ցանելով։

Հետագային երբ Ամանորը դարձաւ քրիստոնէական նոր տարին եւ կապուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան հետ (Դեկտեմբեր 25հեթանոսական դիցարանին մէջ Միհրին նուիրուած տօն եղած է), եկեղեցին ժողովրդական տօնախմբութիւնները սանձելու եւ ժուժկալ դարձնելու համար Ամանորի շրջանը պահք սահմանեց, որ կը լուծարուի Յունուար 6 –ին, Սուրբ Ծննդեան օրը։ Ուրեմն հայկական Ամանորի սեղանի ճաշերը պահքային էին. մարդիկ գաղտնաբար պահպանելով հին աւանդութիւնները, կը պատրաստէին արմտիքներով եւ չիրերով ուտելիքներ, որու արմատները դարձեալ կ’երկարին մինչեւ նախահեթանոսական պաշտամունքի բնորոշ տարրերուն, այնպէս՝ ինչպէս Անահիտ դիցուհիի կերպարը կը յամենայ հիւսկերու խորհրդանիշով կամ կին-աղամաններու տեսքով։

Կաղանդի օրերուն մինչեւ այսօր ալ կ’եփուի աւանդական անուշապուրը, որ դարձեալ տօնածիսական ճաշ է, եւ որ իրարու նուէր կը տանէին տուն այցելելու ժամանակ. իսկ տուն եկողներուն, տան աւագ անդամը՝ նահապետը կը նուիրէր կարմիր խնձոր՝ մէջը դրամ խրած կամ մարդակերպ գաթաներ։

Սովորութիւններ, Հաւատալիքներ Եւ Նախապաշարումներ՝ Հայկական Տարբեր Շրջաններու Մէջ

Ամանորի նախօրէին սովորութիւն եղած է թոնրատան սեւցած առաստաղին ու պատերուն վրայ ալիւրով նկարել երկնային լուսատուները. հիմա ալ տօնածառի խաղալիքներ կան այդ պատկերներով ու խորհրդանիշերով։

Անդրադառնալով տօնի կարմիր գոյնի գործածութեանը, ընդգծենք այն փաստը, որ գիւղացիները կը կաղանդէին նաեւ տան անասունները, անոնց կոտոշներէն անցնելով տօնածիսական հացեր կամ կախելով կարմիր երիզներ, ինչպէս նաեւ տարեհացէն բաժին կը հանէին տան բոլոր անասուններուն, ընդհուպ մինչեւ հաւերուն եւ երդիքի ծիտիկներուն։ Կանայք ուխտի երթալով սրբազան ծառերու ճիւղերէն կը կապէին կարմիր ժապաւէններ կամ թելեր, որպէսզի ամբողջ տարին ուրախ եւ յաջողակ ըլլայ, կարմիր-ուրախ-բախտաւոր օրերը շատ ըլլան։

Գիւղերու մէջ կար այն հաւատալիքը, որ կաղանդի գիշեր ժամը 12-ին, գետերու ջուրերը մէկ ակնթարթ կանգ կ’առնէին եւ ով որ այնտեղ գտնուէր եւ բան մը խնդրէր Աստուծմէ՝ կը կատարուէր, կամ եթէ խմէր այդ ջուրէն՝ կը հարստանար։ Կանայք աղբիւրի ջուրին մէջ ցորենի հատիկներ կը լեցնէին՝ առատութիւն հայցելով, իսկ ոմանք ալ մարդակերպ վատը խորհրդանշող գաթաները կը նետէին գետին մէջ, որպէսզի գետը իր հետ տանէր նախորդ տարուան վատն ու դժբախտութիւնը։ Այս բոլոր արարողութիւնները ջուրի պաշտամունքային ծէսերէն մնացած վերապրուկներ են, որոնք այսօր եւս կ’արտայայտուին Սուրբ Ծննդեան եւ Մկրտութեան (Ջրօրհնէքի) արարողակարգի ընթացքին, երբ եկեղեցականները օրհնելով ջուրը, կը բաժնեն հաւատացեալներուն, որոնք իրենց հերթին տուն կը տանին։

Սովորութիւն եղած էր նաեւ տօնի նախօրէին մաքրել եւ լուալ տունն ու շրջակայքը, լոգնալ եւ նոր հագուստներ հագնիլ, ներել եւ հաշտուիլ բոլոր խռովածներու հետ, որպէսզի մաքուր սրտով դիմաւորէին Ամանորը. իրարու շնորհաւորել, իրարու նուէրներով ուրախացնել, ճոխ սեղաններ պատրաստել եւ հիւրեր ընդունիլ. լիարժէք ուրախանալ, որպէսզի ամբողջ տարին ուրախ անցնէր։

Ճիշդ կէս գիշերին, աղբիւրներէն վազող ջուրերը մէկ ժամ ոսկի կը հոսէին։ Ուստի, ով որ կրնար ճիշդ ժամուն աղբիւրէն ջուր առնել, այդ ջուրը ոսկիի կը փոխուէր։ Աղբիւր կը վազէին աղջիկ թէ տղայ, դոյլը կը լեցնէին եւ կը դառնային տուն, առանց մէկու մը հետ խօսելու։

Ոմանք աղբիւր կ'երթային մկրատով։ Ամանին մէջ լեցուած ատեն ջուրը մկրատով կը կտրէին։

Աղջիկներ հաւկիթ մը կը լուային եւ թոնիրին բերանը կը դնէին, ամանի մը մէջ եղած ածուխի եւ հինայի մէջտեղ։ Երբ հաւկիթը ածուխէն սեւցած կը գտնէին, կը տխրէին որ իրենց բախտն ալ սեւ պիտի ըլլար։ Եթէ հաւկիթը հինայէն կարմրէր, կ'ուրախանային. բախտը իրենց ժպտած կ'ըլլար։

Աղջիկներ աւելով թոնիրը երեք անգամ կ'աւլէին. աւելը իրենց բարձին տակ կը դնէին։ Առտու եթէ աւելէն ճղիկ մը կոտրուած չըլլար՝ իրենք զիրենք բախտաւոր կը զգային։

Իւրաքանչիւրը առարկայ մը կը դնէր սեղանին վրայ եւ կ'երթար քնանալու։ Յաջորդ առտու կանուխ կ'երթար ստուգելու առարկաները։ Եթէ մէկուն առարկան տեղէն շարժած ըլլար, կը նշանակէր թէ ինքն էր բախտաւորը, եթէ աղջիկ էր առարկային տէրը, բախտը շուտով պիտի բացուէր։

Խարբերդի մէջ

Խարբերդի մէջ, Նոր Տարուան երեկոյեան, ճաշասեղանը շատ հարուստ պէտք է ըլլար պահքի յատուկ կերակուրներով, պտուղներով, օղիով ու գինիով, մանաւանդ քաղցրեղէններով, ինչպէս՝ գաթա, բոկեղ, անուշապուր։

Դեկտեմբեր 31-ը նուէրներ բաշխելու օրն էր։ Բարեկամներ ու ազգականներ ընծաներ կը փոխանակէին, հարսներ իրենց ձեռքով հիւսուածքները (գդակ, քսակ, թաշկինակ, եւայլն), իսկ փեսաներն ալ պտուղներ (տանձ, նուռ, խնձոր), հայելի, պարսկական շալ, Ակնի լաջակ, ոսկեղէն զարդարանք, գուլպայ, կօշիկ եւ այլ բաներ կը նուիրէին մտերիմներու։ Պատանիներ «գօտեկախ» կ`ընէին. այսինքն՝ տուներու երդիքներէն վար կ`իջեցնէին չուաններ, որոնց ծայրը անցուած կ`ըլլար տոպրակ մը։ Տանտիկիններ անոնց մէջ կը լեցնէին շաքարեղէն, մրգեղէն, ձմերուկի կամ սեխի խարկուած կուտ, եւայլն։ «Գօտեկախ»ի այս սովորութեան կը հանդիպինք Դատեմ (Դատըմ) գիւղին մէջ: Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) մէջ նոյն բանը կը կատարուէր Ծննդեան գիշեր, իսկ Գոմք (Ենիքափը) գիւղին մէջ` Նոր Տարուան յաջորդող արշալոյսին։ Կաղանդի օրը հիւրը միշտ պայման էր որ յիշէր նաեւ կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը։ Իսկ փոքրիկները, Նոր տարուան առաջին առտուն երբ կ'արթննային, իրենց նուէրները` չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, նուշ, պաստեղ, ռոճիկ, Կաղանդ պապային կողմէ լեցուած կը գտնէին տան պատին ցիցերէն կախուած իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներուն գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ։ Խարբերդ քաղաքին մէջ, Նոր Տարուան նախորդած այդ իրիկունը, տան պատանիները պատրաստութիւններ կը տեսնէին նաեւ իրենց հայրը «կախելու»:

Այսպէս, երբ իրիկունը հայրը տուն կը վերադառնար, պատանի զաւակները վրան կը յարձակէին, մէջքին հաստ չուան մը կ`անցնէին ու առաստաղէն կախել կը փորձէին։ Հօր «չարչարանք»ը վերջ կը գտնէր միայն այն ատեն երբ ան կը համաձայնէր իրեն հետ բերած քաղցրեղէն նուէրները բաժնել տնեցիներուն:

Չափահասներուն համար տօնական խրախճանքը ծայր կ`առնէր Նոր Տարուան երեկոյեան, իսկ կէս գիշերին, գիւղերուն մէջ (օրինակ՝ Բազմաշէն, Դատեմ, Բարջանճ) սովորութիւն էր աղբիւր երթալ եւ Նոր տարուան ջուրը կուժերու մէջ լեցուած` բերել տուն։ Այսպէս, ամբողջ գիւղի երկսեռ երիտասարդութիւնը երգելով կ`ուղղուէին դէպի գիւղի աղբիւրները։ Ոմանք նոյնիսկ այդ ցուրտ օդին աղբիւրներու աւազաններուն մէջ լոգանք կ`առնէին, որովհետեւ ըստ տեղական աւանդութեան, այդ օրը ջուրերը կախարդիչ յատկութիւն կ`ունենային եւ անհատը կրնար բժշկել ֆիզիքական զանազան ցաւերէ։ Ասիկա նաեւ կը համարուէր աղբիւրներու ոգիներէն Նոր Տարուան համար բարի մաղթանքներ խնդրելու արարողութիւն մը։

Այսպէս, գիւղացիներ, յատկապէս աղջիկները, այդ օրը աղբիւրի ակին ու գուռին վրայ, ինչպէս նաեւ ասոնց բոլորտիքը կը ցանէին ցորենի, գարիի, սիսեռի հատիկներ, նոր ծննդաբերած կովու կամ ոչխարի առաջին կաթով պատրաստուած պանիր (տեղական բարբառով` խեր), բամպակի կուտ, ոլոռն եւ պայտ (նալ):

Նոր Տարուան այդ իրիկունը սովորութիւն է նաեւ որ գիւղացիներ իրենց հետ աղբիւր բերէին բկեղներ (բլիթ), որոնք օղակաձեւ շինուած հացեր են։ Նախ կը թաթխէին զանոնք աղբիւրին ջուրին մէջ, ապա տուն կը դառնային ու բկեղները կը կերցնէին ախոռի ու գոմի անասուններուն` անոնց բեղմնաւորութիւն շնորհելու յոյսով։

Գիւղերուն մէջ սովորութիւն էր նաեւ որ նորապսակ հարսները իրենց ամուսնութեան յաջորդած առաջին Նոր Տարիէն ետք միայն արտօնութիւն կ`ունենային այցելելու իրենց ծնողներուն տուները։ Այնպէս որ անոնք եւս իրենց կարմիր կուժերը շալկած կ`երթային նոյն այդ գիշերը դէպի աղբիւր եւ այնտեղէն ջուր առնելով կը տանէին իրենց ծնողներուն։ Այդ յատուկ օրուան համար նոր հարսները կը հագուէին իրենց լաւագոյն հագուստները։ Խրախճանքը կը կրկնուէր նաեւ Նոր Տարուան առաւօտուն։ Սեղաններուն վրայ կը դրուէին բազմազան անուշեղէններ, ինչպէս նաեւ առատ գինի։ Մեծ ու պզտիկ փոխադարձ այցելութիւններու կ`երթային` շնորհաւորելով Նոր Տարին։ Իսկ Հապուսի (Իքիզտեմիր) եւ Բազմաշմէն գիւղերուն մէջ Կաղանդի յաջորդած օրը զանազան ուրախութիւններու շարքին տեղի կ`ունենար նաեւ գոմէշներու մարտ, ձիարշաւ եւ ըմբշամարտ։

Ս. Ծննդեան Ընդունուած Սովորութիւններ

Ծննդեան օրը կը կատարուէր ջուրին մէջ մխրճուած խաչը դուրս հանելու աւանդական արարողութիւնը։ Ճրագալոյցին յաջորդող օրը` Յունուար 6-ին, առտու կանուխ կը ղօղանջէր եկեղեցւոյ զանգակը ու ժողովուրդը դարձեալ կը փութար այնտեղ` տօնելու համար Քրիստոսի Ծնունդը։ Այդ օրը կը կատարուէր խաչը ջուրէն հանելու աւանդական արարողութիւնը։ Ասոր համար դարձեալ կ`ընտրուէր ամէնէն մեծ նուիրատուութիւն ընողը։ Խաչը դրուած կ`ըլլար ջուրով լեցուած մեծ կաթսայի մը մէջ։ Քահանան կը ձայնէր. «Ո՞վ պիտի ըլլայ Ս. Խաչին կնքահայրը»: Եւ աճուրդը ծայր կ`առնէր։ Մէկը կ`առաջարկէ տասը ղուրուշ, ուրիշ մը մէկ օխա (1 օխա = 1,28 քկ.) մանած, մէկ ուրիշ մը մէկ օխա մոմ կամ մէկ լիթր ձէթ։ Ի վերջոյ Տէր Հայրը իր ընտրութիւնը կը կատարէր, ընտրեալ կնքահօր եկեղեցական շապիկ կը հագցնէին եւ կնքահայրը ջուրէն դուրս կը հանէր խաչը։

Եկեղեցական արարողութիւնը հազիւ աւարտած, աշակերտները իրենց վարժապետին ընկերակցութեամբ կ`այցելէին տուները` «Աւետիս» երգելու համար։ Վարժապետը այս ձեւով ամէն տունէ կը ստանար քանի մը ղուրուշ նուէր։ Նոյն «Աւետիս»ները շահութաբեր ձեռնարկներ էին նաեւ պատանիներուն համար: Այսպէս, երկար թելի մը կապուած պայուսակ մը իրենց ձեռքին, անոնք կ`ելլէին տուներու տանիքները ու երդիքներէն վար իջեցնելով ծրարը` կը սկսէին “Աւետիս երգել“: Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնէին հաւկիթով, իւղով, խաւուրմայով։ Փոքրիկները այս պաշարը տուն կը տանէին, կ`եփէին ու կ`ուտէին։

Ծննդեան այդ օրը նաեւ Տօնապետ անունը կրող տղամարդոց անուանատօնն է։ Այնպէս որ բոլոր Տօնապետներուն տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ`ըլլային ու տան մէջ կը կատարուէին հիւրընկալութիւն ու խրախճանք։

Ռումտիկինի մէջ

Ռումտիկինի մէջ, Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը գրեթէ միասին կը տօնէին։

Նոր Տարուան առաջին օրը տան տիկինը աղբիւր կ'երթար իրեն հետ տանելով բոկեղ հաց, ցորեն ու գարի։ Բոկեղ հացը աղբիւրին «գլուխը կ'անցընէր», իսկ ցորենը եւ գարին աղբիւրին գուռը կը ցանէր ու կ'ըսէր.

Ա՛ռ քեզի ցորեն,

Տո՛ւր ինծի հորէն,

Ա՛ռ քեզի գարին

Տո՛ւր ինծի բարին:


Տան տիկինը կը կաղընդէր նաեւ տան եզներն ու կովերը, մասնակից դարձնելու զանոնք Կաղանդի բարիքներուն։ Նոր Տարուան իրարու տուն կ'երթային ու կ'ըսէին.

Չինաւոր Նոր տար, սիրելեօք, բարեկամօք:


Բարկ գինին կը հոսէր ջուրի փոխարէն եւ իրարու կ'ըսէին.

Անո՜ւշ..., բերանդ կարմիր թուշ
Ծնունդին, ամէն ընտանիք կը պատրաստէր աղով Քաթա եւ բոկեղ հաց։

Քաթային խմորը ընտիր ալիւրով կը պատրաստուէր. զայն կը շաղէին հաւկիթով, իւղով ու կաթով: Խմորը գունդերու վերածելով, մէջը առատ աղով խորիս կը լեցնէին, երեսը կը նաշխէին, հաւկիթի դեղնուց կը քսէին ու կ'եփէին թոնիրին մէջ։

Իսկ բոկեղ հացը կը պատրաստուէր առանց խորիսի, կը պատրաստուէր շիրիկով (թահին): Խմորին վրայ չամիչ կը դնէին ու դարձեալ կ'եփէին թոնիրին մէջ։

Պատանիներ սրածայր կեռ ձողի մը ծայրը գունաւոր թաշկինակ մը կը կապէին ու խթման գիշեր տուներու բուխերիկներէն վար կը կախէին ու կ'ըսէին.-

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ աւետիս, կեր քաթաս կախէ:

Տան մեծ մայրը կամ տանտիկինը աւետման լուրը առնելով, կը փութար տղոց թաշկինակը լեցնելու քաթայով եւ մրգեղէններով։ Կէս գիշերին, եկեղեցւոյ զանգը կը ղօղանջէր ու ժողովուրդը եկեղեցի կը հրաւիրէր։ Տուն վերադարձին, այր մարդիկ կը նստէին «օտա»ն, տան երեխաները, հարսներն ու աղջիկները կու գային անոնց ձեռքերը համբուրելու եւ ստանալու իրենց նուէրները: Նոր հարսներուն ընդհանրապէս ոսկեղէն կը նուիրէին, անոնց կուրծքերէն կամ ճակատներէն կախելու համար:

Մարաշի Մէջ

Հայկական ու հայաբնակ բոլոր շրջաններուն նման, Մարաշի մէջ եւս բոլոր տօները կ’ուղեկցուէին ծիսական աւանդոյթներով, ինչպէս` Կաղանդի գիշերը “Աւետիս“ երգող խումբերու շրջայցերը եւ նուէրներ պահանջելը։

Մարաշցի հայոց տօնականիին առաւել ուշագրաւ բաժինը տօներուն նուիրուած բանահիւսական նիւթերն էին։ Ժողովրդական տօնախմբութիւնները կ’ուղեկցուէին տօներուն նուիրուած յատուկ երգերով, երգային մրցոյթներով, նուագածութիւններով, զուարճախօսութիւններով, որոնք տօնական հանդիսակարգին մաս կազմելով, լաւագոյնս կ’արտացոլէին ժողովրդական ստեղծագործութեան կենսուակ ջիղը մարաշահայոց մէջ։ Շրջանառուած են բազմաթիւ քառեակներ, որոնք այնքան պատկերաւոր կերպով կը ցոլացնեն մարաշցի հայուն սրտին բաղձանքներն ու հոգեկան կարօտները։ Այս երգ-քառեակները թէեւ թրքերէն, սակայն կը հնչէին հայ ժողովրդական տաղերու խորքով ու շունչով, բոլորին ալ շարայարողները Մարաշի հայ ժողովրդական աշուղները եղած են։ Ժամանակակիցներու վկայութեամբ բոլոր երգերը բերնուց կը սորվէին եւ կ’երգուէին ժողովուրդին կողմէ։

Բնականաբար տօնական հանդիսութիւններէն ու տօնախմբութիւններէն անբաժան էին մարաշցի հռչակաւոր աշուղներն ու նուագածուները։ Բնատուր ձիրքերով օժտուած քաղցրաձայն երգիչներ, նուագածուներ, զուարճախօսներ եւ աշուղական տաղեր արտասանողներ, կը շրջէին տեղէ - տեղ եւ կը ճոխացնէին ժողովրդային տօնախմբութիւնները։ Իսկ, կրօնասէր ու եկեղեցասէր մարաշցին, աւելի կարեւորութիւն կ’ընծայէր տօնին կրօնական նշանակութեան եւ եկեղեցական ծիսակարգին, սակայն ինչպէս միշտ եւ ամէն տեղ, կրօնական տօնը կը շարունակուէր ժողովրդական աւանդութիւններով ու սովորութիւններով։

Հայկական գրեթէ բոլոր շրջանակներու նման, Մարաշի հայը Նոր Տարուան սկիզբը` տարեմուտը կը տօնէր Յունուար 1-ին, ուր այս տօնը ժողովուրդին կողմէ գործածուող գաւառաբարբառով անուանուած էր Կաղընտէս, որ Կաղանդ (Նոր Տարի, Ամանոր) բառի բարբառային աղաւաղուած ձեւն է։

Կաղընտէսի տօնակատարութիւնը կը սկսէր նախորդ օրուընէ` Դեկտեմբեր 31-ի ընթրիքի սեղանին շուրջ։ Եկեղեցական կանոնացուած սովորութեամբ՝ Ծնունդի նախորդող շաբաթը պահք է եւ Նոր տարուան տօնն ալ այդ շաբթուան մէջ զուգադիպելով, մարաշցի հայեր խստօրէն կը հետեւէին պահքի յատուկ կերակուրներ ճաշակելու կանոնին, նոյնիսկ Նոր տարուան տօնին մսեղէն եւ կենդանական ծագում ունեցող մթերքներ չէին ուտեր։ Այդ շաբաթ խստօրէն արգիլուած էր նաեւ իրիկնամուտին եւ գիշերը որեւէ գործ աշխատիլ, այլապէս` «Քրիստոսը կը նեղուէր»:

Նոր Տարուան սեղանի զարդն էր ըռպէվ շորվոն (անուշապուր)` ծեծածով, սիսեռով եւ ռուպով պատրաստուած ապուրը: Մարաշցի տանտիկինը կը պատրաստէր ձէթով եւ չոր բանջարեղէններով ճաշեր ու աղանդերներ: Այս բոլորին կողքին յատուկ տեղ ունէին մառանի մէջ պահ դրուած չոր եւ թարմ մրգերն ու զանազան քաղցրեղէնները` շարոց, բանդակ, պաստեղ, գըրմա, սամսա եւայլն։

Մարաշի մէջ այս տօնին բնորոշ համահայկական սովորութիւններէն կարելի է համարել Նոր Տարուան գիշերը 10-12 տարեկան տղոց շրջայցերը եւ տօնը շնորհաւորելու աւանդոյթը։ Ընտանիքին անդամները հազիւ ընթրիքի սեղանին շուրջ բոլորած, կը սկսէին «Կաղընտէս» պտտող տղոց այցելութիւնները։ Պատանի տղաք իրենց տան մեծերէն «կաղընտուելէն», այսինքն` իրենց կաղանդի նուէրները ստանալէ ետք, տանիք կ’ելլէին եւ ուրախ - զուարթ ձայներ կ’արձակէին, կանչելով՝ «Կաղընտէ՜ս, պապուդ քէսէն եէս»:

Այսպէս տանիքէ - տանիք ցատկելով տուներու բուխերիկներէն պզտիկ տոպրակ մը կամ քսակ մը պարանով վար իջեցնելով Նոր Տարուան գալուստը կ’աւետէին «Աւետիս»ներ երգելով:

Ս. Ծննդեան Ընդունուած Սովորութիւններ

Ծննդեան տօնը կ’ուղեկցուէր եկեղեցական եւ ժողովրդական արարողութիւններու յատուկ ծիսակարգով, որ սերտ աղերսներ ունէր բուն Հայաստանի գաւառներուն մէջ տարածուած ծէսերուն եւ սովորութիւններուն հետ:

Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուէր նաեւ պզտիկ Զատիկ, որ Մարաշի բարբառով հանդէս կու գար համանման` Պտիկ Զատակ ձեւով։

Կաղընտէսի նման, Ծննդեան տօնակատարութիւնը եւս կը սկսէր նախորդ օրուընէ, քանի որ տօնին կը նախորդէր թաթախման երեկոն` խթման գիշերը եւս հայ ընտանիքները կը դիմաւորէին առատ սեղաններու շուրջ։ Ծննդեան նախապատրաստութիւնը կը սկսէր նախորդ օրուընէ նաեւ այն պատճառով, որ ծիսական ընդունուած կարգով կը լուծուէր Ծննդեան նախորդող պահքի շաբաթը` յատուկ հանդիսաւորութեամբ եւ համապատասխան արարողութիւններով։

Ծննդեան նախորդող օրը ընդունուած էր կենդանի զենել, յատկապէս հարուստ ընտանիքներ յատուկ այդ օրուան համար խնամուած ոչխար կամ ուլ կը մորթէին եւ անով կը պատրաստէին Ծննդեան տօնի մսեղէններով յագեցած կերակուրները։

Ծննդեան տօնի բուն ժողովրդական հանդիսակարգը կը կեդրոնանար խթման գիշերուան յատուկ ճաշատեսակներով եւ զանազան խորտիկներով բեռնաւորուած ընթրիքի սեղանին շուրջ։ Սովորաբար երեկոյեան ժամերգութենէն վերադառնալով Ծնունդին նախորդող մէկ շաբաթեայ պահքը կը բանային կէսօրին` մատաղի կամ պարզ մսաջուր խմելով։

Այդ երեկոյ տօնական սեղանը կը զարդարէին մսեղէնները` ոչխարի լիցքը, քիւֆթէի տեսակները` խաշուած կամ սաճի վրայ խորովուած, մէջէվ քիւֆտօ (միջուկով), կշկուռ, նաեւ հում քիւֆտօ, առատ իւղով պատրաստուած բրինձի կամ ծեծածի փիլաւները, վրան` միսի կտորներ, պիստակ եւ նուշ։ Սեղանի զարդերն էին չոր միրգերով, չամիչով եւ ռուպով պատրաստուած խոշապը եւ զանազան անուշեղէնները։

Ընդունուած սովորութեան համաձայն Ծննդեան տօնին տան փոքրերը իրենց գոց սորված քանի մը համար «Աւետիս»ները երգելով նուէրներ կը ստանային իրենց մեծերէն: Տօնի առիթով բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ, գդակ, կօշիկ կը հագուէին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր անոնց, սովորոյթ մը որ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը եւ Ծննդեան տօն կամ Զատիկ ըսելով կը հասկնանք նաեւ մանուկներու տօն:

Սուրբ Ծննդեան տօնը կը շարունակուէր առաւօտեան Սուրբ Պատարագին մասնակցութեամբ, փառաբանութեան երգերով եւ սաղմոսերգութեամբ:

Ժամանակակից հեղինակներ կը մատնանշեն Մարաշի մէջ Կիրակի կամ տօն օրերուն եկեղեցական արարողութեանց ժողովուրդի խուռներամ ներկայութիւնը, նաեւ մարաշցիներու խոր յարգանքն ու ակնածանքը եկեղեցական կանոնացուած տօներուն եւ ծիսական արարողութիւններուն հանդէպ:

Ծնունդի եւ Զատիկի պէս տօներուն, դպրոցները գոց կ’ըլլային եւ ժողովուրդը մեծ ու պզտիկ, այրեր, կիներ, հարուստ, աղքատ կը լեցուէին եկեղեցիները:
- Գր. Գալուստեան


Վանի Մէջ

Նոր Տարուան առաջին օրը, Վանեցիները կը զգուշանային անհաճոյ վարմունքէն եւ ձախորդ գործերէն, հաւատալով, որ տարին ինչպէս կը սկսէր, նոյն ձեւով ալ կը վերջանար։

Իրենց յատուկ խմորեղէններէն էին բօկեղ, կլոճ, որոնք կը տրուէին աղքատներուն, կերակուրներուն հետ, իսկ Յունուար 1-ին, երիտասարդները տօնին հացը կը տանէին աղբիւր, կը թրջէին եւ կը պահէին մինչեւ տարեվերջ, հացակարօտ չմնալու մտադրութեամբ։

Կարնոյ Մէջ

Կարնոյ մէջ, կէս գիշերին ընտանիքի անդամները կը հաւաքուէին։ Տան մեծ հայրը, ծալլապատիկ, հանդիսաւոր դիրքով, ծխամորճը ձեռքը, կը նստէր սէտիրին վրայ։ Ընտանիքին անդամները կարգով կը համբուրէին ծերունիին ձեռքը, իսկ ինք կը համբուրէր անոնց աչքերը ու մինտերին տակէն արծաթ մանր դրամներ կը հանէր եւ անոնց ափը կը դնէր հազարաւոր օրհնութիւններով։

Տարի հացը, որուն մէջ կը զետեղուէր դրամ, սեղանին մէջտեղը կը դրուէր. ընտանիքին ամենամեծ անդամը, ընտանիքին թիւին համեմատ (ներկայ թէ բացակայ) կը բաժնէր նկանակը, բախտաւորը կ'ըլլար ան, որուն շերտին մէջէն կ'ելլէր դրամը։

Զէյթունի Մէջ

Զէյթունցի ընտանիքը` նահապետական էր. մէկ յարկի տակ կ’ապրէին ընտանիքի բոլոր տղաները իրենց ծնողներու, կանանց եւ զաւակներուն հետ։

Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը շատ յաճախ ձիւն ու ցուրտ, ընտանիքի բոլոր անդամները բուխերիկի շուրջ հաւաքուած ուրախութիւն կ’ընէին. կանայք պատրաստած կ’ըլլային օրուան յատուկ ուտելիքները` ոսպնաթան, տաքապուր, հափուսա, փոշեջուր. մառաններէն կը բերէին չամիչ, ընկոյզ, սուճուխ, պաստեղ, լեպլեպու, նարինջ, նուռ, սերկեւիլ, եւայլն, եւ կը շարէին սուֆրիին (ցածլիկ սեղան) վրայ։ Շատ յաճախ տան մեծ հայրիկը կամ մեծ մայրիկը հեքիաթ կը պատմէր։ Յանկարծ ծխնելոյզէն տոպրակ մը կը կախուէր. Զէյթունի մէջ, ինչպէս հայկական բոլոր շրջաններուն մէջ, Կաղանդի գիշերը 14-18 տարեկան պատանիները քանի մը հոգիէ բաղկացած խումբեր կը կազմէին եւ շրջելով տունէ - տուն, իրենց պարկը կը կախէին ծխնելոյզէն եւ տան անդամներէն կաղընտաս (կաղանդչէք, կաղանդի առիթով տրուած նուէր) կ’ուզէին։ Զէյթունի տուները շինուած ըլլալով աստիճանաձեւ, մէկուն տանիքը միւսին բակը կը հանդիսանար. հետեւաբար դիւրին էր կրակարանի անցքէն յարաբերիլ տանտէրերու հետ։ Տնեցիները կը լեցնէին պարկը սեղանի բարիքներով, երբեմն նաեւ չորս կամ ութ մէթէլիւքնիւց (1 մեթելիք = 0,25 ղուրուշ = 10 փարա) մը կը նուիրէին։ Իւրաքանչիւր հայ կը հաւատար, որ տան բարիքներէն կաղանդչէք տալով, իր տան բարիքները կ’աւելնային։ Ուրախութիւնն ու կերուխումը կը շարունակուէր մինչեւ կէս գիշեր։

Առտու տան բոլոր անդամները կը շտապէին եկեղեցի տարուան առաջին պատարագին ներկայ գտնուելու։ Վերադարձին կը սկսէին իրար շնորհաւորել. մեծահասակները տունը նստած կը սպասէին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք հերթաբար կը մօտենային եւ կը շնորհաւորէին զանոնք։ Կը շնորհաւորէին եւ կ’օրհնէին նաեւ տան անասունները եւ թռչունները։ Ապա այցելելով դրացիներուն կը շարունակէին շնորհաւորանքները։

Սովորութիւն կար այս առիթով յատուկ այցելել եւ շնորհաւորել քահանան։ Իւրաքանչիւր տան մեծ մայրիկը կամ մեծ հարսը աման մը ցորեն, կամ ձաւար, կամ իփմոն-ծեծմոն (եփած-ծեծած) սիսեռ, կամ ձէթով օռուզ ապուր (բրնձապուր), կամ տապկուած հացիկներ, երբեմն ալ հալվօ (հալվա, հրուշակ) վերցնելով կ’երթար երէցի տունը, ուր հիւրասէր երէցկինը իւրաքանչիւր նոր հիւրը կը դիմաւորէր եւ կը հիւրասիրէր զայն իր պատրաստած ոսպնաթանով եւ տաքապուրով։ Մինչ մանուկները հաւաքուելով իրարու հետ կը խաղային եւ կը զուարճանային։ Դեկտեմբեր 29-էն մինչեւ Յունուար 5-ը պահքի շրջան է։ Յունուարի 5-ին տան բոլոր անդամները պարտաճանաչօրէն կը յաճախէին եկեղեցի մասնակցելու պատարագին եւ Յիսուս Մանուկի Ջրօրհնէքին։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ’օրհնուէր խմելով այդ ջուրէն եւ վերադարձին ամէն ընտանիք իր հետ կը տանէր քիչ մը օրհնուած ջուր։

Պահքը կը լուծարէին ճաշակելով չոր նուիկի (վայրի բանջար) տապակայ. այն յիշողութեամբ, որ Յիսուս ծնած ըլլալով մսուրի մէջ, Աստուածածինը իրեն պարուրած էր այդ բանջարի տերեւներով։ Ապա երեքական գաւաթ կը խմէին իրենց տնական օղիէն եւ կը ճաշակէին մատաղի միսն ու արգանակը, բրինձ-ապուր, ձուածեղ, քամած մածուն, կարագ ու մեղր։

Զէյթունցիները կը հաւատային, թէ Կաղանդի օրը, լոյսի եւ խաւարի ոգիները կը գտնուէին դէմ¬յանդիման։ Սոյն հաւատալիքը կը ջանային փոխանցել իրենց զաւակներուն։ Ընդհանրապէս խօսակցութեան նիւթը կ'ըլլար Վարդանանց պատերազմը։ Եթէ օրը նպաստաւոր ըլլար, ճիրիտ կը խաղային եւ հրացանաձգութիւն կը կատարէին։

Ուրֆայի Մէջ

Ուրֆացիները անհրաժեշտ կը զգային իրենց տուներէն ներս հիւրեր ընդունիլ։ Բոլորը պէտք էր Կաղանդի գիշերը ուրախ անցնէին. վա՜յ անոր, որ այդ գիշեր տխուր ըլլար, որովհետեւ կը հաւատային որ ան կրնար ամբողջ տարի անյաջողութիւններու հանդիպիլ։ Ուրֆացիները միայն հարսնցուներուն կաղանդչէքներ կու տային (ոսկի, արծաթ, թաւիշ, զերտէ կամ հալվա)։

Քեսապի Մէջ

Քեսապի նշանաւոր ուտելիքներն էին բախլաւան, զանազան հացեր (ճիֆթ, ծոթրին, պանիր, բոկեղ), բոված սիսեռ, բոված ցորեն, բոված բովեկ (մանանկիչ)։ Ազգականներով կը հաւաքուէին, կէս գիշերին կը հնչէր եկեղեցւոյ կոչնակը, հրացանները կ՛որոտային, գիւղացիները դուռը կը բանային, հին տարուան չարիքները դուրս դնելու եւ Նոր Տարուան բարիքները ընդունելու համար։ Ապա կարգով կը շնորհաւորէին իրարու Նոր Տարին։ Տան աւագը նախ կը բարձրացնէր առաջին բաժակը, կ'օրհնէր սեղանը եւ կ'առաջարկէր նախ մեղր ուտել։

Մարդիկ Ե՞րբ Սկսած են Նոր Տարուան Մաղթանքներ Կատարել Իրարու

Նոր տարուան առիթով մաղթանքներ կատարելը շատ հին սովորութիւն մըն է։ Յստակ չէ, թէ ան ե՛րբ սկիզբ առած է, կամ ուրկէ՞ եկած է։ Բայց մարդկութեան պատմութեան ընթացքին մենք կը հանդիպինք անոր` տարբեր դարերու եւ տարբեր շրջաններու մէջ։

Գտնուած են պապիրոսի վրայ գրուած մաղթանքներ` Եգիպտոսի փարաւոններու օրերէն։ Չինաստանի մէջ երկար ժամանակ սովորութիւն էր բարձր դասակարգի ընտանիքներուն ղրկել բրինձի թուղթէ պատրաստուած այցելութեան քարտեր, որոնց վրայ գունաւոր մելաններով եւ գեղեցիկ ձեռագիրներովով գրուած կ'ըլլային ղրկող անձին անունը եւ պաշտօնը։

Որքան հասցէատէրը բարձր դասակարգի պատկանող անձ մը ըլլար, այնքան քարտը մեծ կ՛ըլլար։ Եւրոպայի մէջ Ժե. դարուն հարուստները նոյնիսկ իրենց քարտերը երբեմն գունազարդարել կու տային։

1843-ին, Լոնտոնի մէջ սըր Հենրի Քոլը Ճոն Քալքոթ Հարսլի գծագրիչէն կը խնդրէ իրեն համար ստեղծել քարտ մը, որ կը ներկայացնէ Ս. Ծննդեան ճաշի սեղանին շուրջ հաւաքուած ընտանիք մը եւ կը բովանդակէ «Մերի Քրիսմըս էնտ հէփփի նիւ եիր» մաղթանքը։

Այս գաղափարը շատ շուտ կը տարածուի, յատկապէս` տպագրական կարգ մը աժան միջոցներու շնորհիւ։ Ապա, 1840-ին անգլիական դրոշմաթուղթին յայտնաբերումը անոր բաշխումը անոր մեծ յաջողութեամբ կը պսակէ։

Նոր Տարուան Քարտ (1950 -ին)

1930-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հաստատուի «Սիզընզ կրիթինկզ»-ը (եղանակի մաղթանքներ), որուն նորոյթը կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք։ Միակ պարտաւորութիւն` զայն գրել Դեկտեմբեր 1-ի եւ Յունուար 31-ի միջեւ, պահարանին վրայի դրոշմաթուղթին վրայ կնքուած թուականը իբրեւ փաստ…

Վանի Մաղթանք

Անուշ մեղր ուտենք, որ տարին անուշ զրուցենք, անուշ լսենք, անուշ վարուինք։
Շնորհաւոր տօն ու տարին, նոր կաղանդն եւ իւր բարին. ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին։


Կիլիկիա

Ալելուիա, ալելուիա, հինը գնաց նորը կու գայ, հինը ուրախ ճանապարհէ՛ք, նորի համար պատրաստեցէ՛ք, ինչ որ կամիք, խնդրեցէ՛ք, թէ՛ կեանք, թէ՛ խելք, թէ՛ մալ, ամէնքին մուրազն ալ կու տայ, միամիտ եղէ՛ք։
Աղաներ ու խաթուններ, ձեզ շնորհաւոր Նոր Տարի, ապրի՛ք շատ ու շատ տարի։


Աղբիւրներ

  • Organization of Istanbul Armenians in los angelos (Տօքթ. Ատամ Սարգիս)
  • Լ.Օ.Խ.-ի գրքոյկ՝ Հայկական Սովորութիւններ եւ Աւանդութիւններ
  • «Յիշատակարան Ռումտիկինի», Հայկազուն Յ. Եափուճեան, Պէյրութ,1967,
  • Ազդակ օրաթերթ
  • Horizon weekly

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից Կատեգորիա:Հայկական տօներ