«Կապար» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{ԱՀ}} using AWB
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Կապար}} using AWB
Տող 1. Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Կապար}}
'''Կապար'''<ref>http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&dt=HY_HY&query=%D5%AF%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D6%80</ref> քիմիական տարր մըն է, որուն նշանն է <big>'''Pb'''</big> ({{Լեզու la|Plumbum}}-էն), կարգահամարը 82 է, հիւլէական զանգուածը՝ 207.2: Դիւրահալ, արծաթափայլ մետաղ է։
'''Կապար'''<ref>http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&dt=HY_HY&query=%D5%AF%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D6%80</ref> քիմիական տարր մըն է, որուն նշանն է <big>'''Pb'''</big> ({{Լեզու la|Plumbum}}-էն), կարգահամարը 82 է, հիւլէական զանգուածը՝ 207.2: Դիւրահալ, արծաթափայլ մետաղ է։
== Պատմութիւն ==
== Պատմութիւն ==

13:03, 24 Յունիս 2019-ի տարբերակ

Կապար[1] քիմիական տարր մըն է, որուն նշանն է Pb (Կաղապար:Լեզու la-էն), կարգահամարը 82 է, հիւլէական զանգուածը՝ 207.2: Դիւրահալ, արծաթափայլ մետաղ է։

Պատմութիւն

Կապարը յայտնի եղած է Միջագետքի, Եգիպտոսի եւ աշխարհի հնագոյն այլ երկիրներու ժողովուրդներուն, 6-7 հազար տարի մ. թ. ա.: Կապարէն կը պատրաստէին արձաններ, կենցաղային իրեր, իսկ հռոմեացիները՝ նաեւ ջրատար խողովակներ։

Ալքիմիագէտերը կապարը անուանած են Սաթուրն եւ գրած են այդ մոլորակի նշանով։ Կապարի միացութիւնները՝ «կապարի մոխիրը»- (PbO), կապարի ճերմակը [2PbCO3.Pb(OH)2] օգտագործած են Հին Յունաստանին մէջ եւ Հռոմին մէջ՝ որպէս դեղորայքի եւ ներկերու բաղադրամաս։ Հրազէնի յայտնաբերումէն յետոյ կապարէն պատրաստած են գնդակ։

Հռոմէացի բանաստեղծ Վիթրուվիւսը գրած է առողջութեանը կապարի վնասակարութեան մասին եւ ժամանակէն գրողները կը ենթադրեն, որ կապարային թունաւորումը մեծ դեր խաղցած է Հռովմի կայսրութեան կործանման ժամանակ: Այն, որ Յուլիոս Կեսարը ունեցած է ընդամենը մեկ ժառանգ այնպէս, ինչպէս որ կ'ենթադրուէր անոր անպտղութիւնը, կը վերագրուէ կապարային թուանւորմանը: Այլ հետազոտողներ կը քննադատէն ատանկ ենթադրութիւնները նշելով զորօրինակ, որ ոչ բոլոր որովայնային ցաւերը կ'յառաջանան կապարային թունաւորումէն:

Կապարի թունաւոր յատկութիւնը նշած են տակաւին մ. թ. 1ին դարուն՝ յոյն բժիշկ Տիոսկորիտեսը եւ Պլինիոս Աւագը: Մեծամորի պեղումներու ժամանակ (1965-1966) Ք. ա. 3րդ հազարամեակի շերտին մէջ յայտնաբերուած ինը համաձուլուածքներէն չորսը կը պարունակեն կապար՝ պղինձ-կապար, պղինձ-կապար-անագ, պղինձ-կապար-զինկ, պղինձ-կապար-անագ-զինկ։

Բնութենական Յատկութիւններ

Կապարի հանքաքար
Կապարը կ'աղոտցնէ կապոյտ բոցը:

Կապարը կապտա-գորշ, ծանր մետաղ է, ճկուունակ է եւ փափուկ (կը կտրուէ դանակով, կը քերծուէ եղունգով)։ Հալման ջերմաստիճանը 327,4 °C[2] է, եռմանը՝ 1725 °C[2], խտութիւնը՝ 11340 քկ/մ3։ Հիւլէի արտաքին ելեկտրոնային թաղանթի կառուցուածքը 6s26p2 է, միացութիւններուն մէջ՝ երկարժէք կամ քառարժէք։

Կապարի առանձնայատկութիւններն են մեծ խտութիւնը, փափկութիւնը, կռելիութիւնը եւ առաձգականութիւնը։ Միւս մետաղներու համեմատ ունէ թոյլ ելեկտրահաղորդականութիւն, քորոզիադիմացկուն է եւ ունէ օրկանական նիւթերու հետ փոխազդեցութեան մեջ մտնելու ընդունակութիւն։

Այլ մետաղներու չնչին քանակութիւնները նշանակալիորէն կը փոխեն կապարի յատկութիւնները՝ պղինձի, ծարիրի փոքր քանակութեան աւելացումը կը մեծցնէ համաձուլուածքի ամրութիւնը եւ կը բարելաւէէ քորոզիայի հանդէպ դիմադրողականութիւնը։ Քանի մը այլ մետաղներ նոյնպէս կը բարելաւեն միայն կարծրութիւնը, ինչպէս, զորօրինակ, քատմիւմը, անագը կամ թեղղուրը։

Անանկ մետաղներ, ինչպիսին են քաղիոնը կամ կաղկիոնը, նույնպէս ունեն ատանկ յատկութիւն, սակայն, անոնք կը թուլցնեն քիմիական կայունութիւնը։ Միւս կողմէն, կապարի պարունակութիւնը զգալիորէն կը վատացնէ նիւթերի որակը, զորօրինակ՝ կապարի փոքր քանակութիւնը կը նուազեցնէ պողպատի առաձգականութիւնը։

Քիմիական Յատկութիւններ

Կը գտնուէ պարբերական համակարգի 4րդ խումբի գլխաւոր ենթախումբին մէջ։ Կը պարունակէ պրոտոններու իւրայատուկ շարք։ Կրնայ հանդէս գալ պարզ նիւթի մը ձեւով (CAS-համարը։ 7439-92-1), զիջող, համեմատաբար ցածր հալման ջերմաստիճանով, արծաթագոյն, ճերմակ մետաղ է։ Տակաւին յայտնի է հնագույն ժամանակներէն[3]։

Ազդեցությունը մարդու առողջության վրա

Կապարե աղիւսներ, որոնք կը պաշտպանեն ռատիոաշխոյժ ճառագայթումէն

Կապարն, ըստ կենդանի օրկանիզմներուն վրայ ունեցած ազդեցութեան, կը պատկանէ խիստ վտանգաւոր նիւթերու թիւին, այսինքն՝ կապարի անվտանգ չափաքանակ գոյութիւն չունէ։ Ան մարդու օրկանիզմ կը թափանցէ կերակրափողի, շնչուղիներու, մաշկի միջոցաւ եւ աստիճանաբար կը կուտակուէ օրկանիզմին մէջ։ Մարդու առողջութեան համար կապարի վտանգաւորութիւնը կ'որոշուի վերջինիս թունայնութեամբ եւ օրկանիզմին մէջ կուտակուելու յատկութեամբ։ Կապարի առաւել բարձր խտութիւններ կը յայտնաբերուեն թիթեղեայ պահածոյատուփերուն մէջ, թարմ եւ սառեցուած ձկնեղէնի, ցորենի թեփի, ժելաթինի, խեցեմորթներու մէջ եւ այլն։ Կապարը թունաւոր է եւ վտանգաւորանորով, որ, անցնելով օրկանիզմ, չքայքայուեր, այլ՝ կը կուտակուէ։ Ան կրնայ ժամանակ առ ժամանակ թափանցել արեան մէջ եւ յառաջ բերել կապարային հիւանդութիւններ։

Կաղապար:Սեղմ Պարբերական Աղիւսակ

Ծանօթագրութիւններ

  1. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&dt=HY_HY&query=%D5%AF%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D6%80
  2. 2,0 2,1 Lide, 2004, էջ 12-220
  3. «Pb — свинец»։ РХТУ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-08-24-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ օգոստոսի 20–ին